Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ գաղթական ծնողներ, ձեր զաւակներուն օգնեցէ՛ք

Ո՛վ գաղթական ծնողներ, ձեր զաւակներուն օգնեցէ՛ք

«Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն» (Գ. ՅՈՎՀ. 4

ԵՐԳԵՐ. 88, 41

1, 2. ա) Շատ մը գաղթական զաւակներ ի՞նչ խնդիր ունին։ բ) Այս յօդուածը ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնէ։

«ԵՐԲ պզտիկ էի՝ գաղթական ծնողքիս լեզուն կը խօսէի տունը եւ ժողովքին մէջ», կը պատմէ Ճոշուան։ «Բայց դպրոց երթալով սկսայ նախընտրել տեղական լեզուն։ Քանի մը տարի ետք, արդէն իսկ միայն այդ լեզուն կը խօսէի։ Ժողովները չէի հասկնար, եւ ծնողքիս մշակոյթը լման անծանօթ էր ինծի»։ Կան շատ մը մարդիկ, որոնք Ճոշուային պէս կը զգան։

2 Ներկայիս, աւելի քան 240,000,000 մարդիկ չեն ապրիր իրենց ծնած երկիրը։ Եթէ գաղթական ծնող մըն ես, ինչպէ՞ս կրնաս լաւագոյնդ ընել որ զաւակներդ հոգեւոր անձեր ըլլան եւ ‘ճշմարտութեան մէջ քալեն’ (Գ. Յովհ. 4)։ Իսկ ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան օգնել։

Ո՛Վ ԾՆՈՂՆԵՐ, ԼԱՒ ՕՐԻՆԱԿ ԵՂԷՔ

3, 4. ա) Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան լաւ օրինակ ըլլալ իրենց զաւակներուն։ բ) Ծնողները ի՞նչ պէտք չէ ակնկալեն զաւակներէն։

3 Ո՛վ ծնողներ, ձեր օրինակը շատ կարեւոր է, որպէսզի ձեր զաւակները անձնական փոխյարաբերութիւն ունենան Եհովային հետ եւ յաւիտեան ապրին։ Երբ ձեր զաւակները կը տեսնեն թէ ‘առաջ կը խնդրէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը’, կը սորվին Եհովային վստահիլ իրենց առօրեայ պէտքերուն համար (Մատ. 6։33, 34)։ Ուրեմն համեստօրէն ապրեցէք։ Նիւթական բաները զոհեցէք հոգեւոր շահերու համար։ Հակառակը մի՛ ընէք։ Ջանացէք պարտքի տակ չմտնել։ Ջանք թափեցէք որ «երկինքը գանձ» ունենաք, այսինքն՝ Եհովային հաճութիւնը, եւ ոչ թէ հարստութիւն կամ «մարդոց փառքը» (կարդա՛ Մարկոս 10։21, 22. Յովհ. 12։43

4 Բնա՛ւ այնքան զբաղած մի՛ ըլլաք, որ ձեր զաւակներուն ժամանակ չունենաք։ Անոնց զգալ տուէք որ իրենցմով հպարտ էք, երբ որոշեն Եհովան առաջին տեղը դնել, փոխանակ համբաւի կամ հարստութեան ետեւէ ըլլալու, իրենց շահին կամ ձեր շահին համար։ Մի՛ ունենաք այն սխալ գաղափարը, թէ զաւակները պէտք է հանգիստ կեանք մը ապահովեն իրենց ծնողքին։ Մտքերնիդ պահեցէք թէ «որդիները պարտաւոր չեն ծնողքներուն համար բան դիզել, հապա ծնողքները՝ որդիներուն համար» (Բ. Կոր. 12։14

Ո՛Վ ԾՆՈՂՆԵՐ, ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅԷՆ ՑԱՏԿԵՑԷՔ

5. Ծնողները ինչո՞ւ Եհովային մասին պէտք է խօսին իրենց զաւակներուն։

5 Ինչպէս որ մարգարէացուած է, «ազգերուն բոլոր լեզուներէն» մարդիկ կու գան Եհովային կազմակերպութեան (Զաք. 8։23)։ Բայց եթէ զաւակներդ չեն հասկնար լեզուդ, քեզի համար դժուար կ’ըլլայ ճշմարտութիւնը սորվեցնել իրենց։ Զաւակներդ ամէնէն կարեւոր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններդ են, որ կեանքիդ մէջ պիտի ունենաս, եւ եթէ անոնք «ճանչնան» Եհովան՝ յաւիտեան պիտի ապրին (Յովհ. 17։3)։ Որպէսզի զաւակներդ Եհովային ուսուցումները սորվին, պէտք է ‘անոնց վրայ խօսիս’ ամէն անգամ որ առիթ ունենաս (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։6, 7

6. Զաւակներդ ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ քու լեզուդ սորվելով (տե՛ս բացման նկարը)։

6 Զաւակները շատ հաւանաբար տեղական լեզուն սորվին դպրոցին մէջ եւ ուրիշներէն։ Բայց անոնք ձե՛ր լեզուն կը սորվին, երբ միշտ անոնց հետ ձեր լեզուով խօսիք։ Երբ ձեր զաւակները ձեր լեզուն խօսին, իրենց համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ, որ իրենց սրտին մէջինը յայտնեն ձեզի։ Ասկէ զատ, երբ անոնք մէկէ աւելի լեզու գիտնան, իրենց մտածելու կարողութիւնը կը զօրանայ եւ կը սկսին ուրիշներուն կարծիքը աւելի հասկնալ։ Ասիկա նաեւ առիթ կրնայ բանալ որ իրենց ծառայութիւնը աւելցնեն։ Քարոլինա, որուն ծնողքը գաղթական են, կ’ըսէ. «Հաճոյք կ’առնեմ օտարախօս ժողովքի մը մէջ ըլլալէն։ Եւ շատ աղուոր բան մըն է ծառայել ուր որ աւելի պէտք կայ»։

7. Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ լեզուի դժուարութիւն մը ունիս ընտանիքիդ մէջ։

7 Բայց մինչ գաղթականներուն զաւակները կը սորվին տեղական մշակոյթն ու լեզուն, թերեւս անոնցմէ ոմանք այլեւս փափաք չունենան, կամ նոյնիսկ կարողութիւն չունենան, որ իրենց ծնողքին լեզուն խօսին։ Ո՛վ ծնողներ, եթէ ձեր զաւակները այս պարագան ունին, կրնա՞ք գոնէ քիչ մը տեղական լեզուն սորվիլ։ Եթէ կարենաք հասկնալ ձեր զաւակներուն խօսածը, ժամանցը եւ դպրոցական դասերը, եւ եթէ կարենաք ուղղակի խօսիլ իրենց ուսուցիչներուն հետ, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ զանոնք Եհովային ճամբուն մէջ մեծցնէք։ Ճիշդ է որ նոր լեզու սորվիլը կը պահանջէ ժամանակ, ջանք եւ խոնարհութիւն, բայց կ’արժէ սորվիլ։ Օրինակ, եթէ ձեր զաւակը խուլ դառնար, չէի՞ք փորձեր նշանային լեզու սորվիլ, որպէսզի կարենայիք խօսիլ իրեն հետ։ Լաւ, չէ՞ք համաձայնիր որ նոյնքան հետաքրքրուած պէտք է ըլլաք այն զաւակով, որ ուրիշ լեզուով մը կրնայ լաւագոյն կերպով հաղորդակցիլ *։

8. Ինչպէ՞ս կրնաս օգնել զաւակներուդ, եթէ տեղական լեզուն լաւ չես գիտեր։

8 Թերեւս կարգ մը գաղթական ծնողներու համար կարելի չըլլայ որ սահուն կերպով խօսին իրենց զաւակներուն նոր լեզուն։ Այս պատճառով, դժուար կ’ըլլայ որ ծնողները իրենց զաւակներուն օգնեն «սուրբ գրքերը» հասկնալու (Բ. Տիմ. 3։15)։ Եթէ այս պարագան ունիք, տակաւին կրնա՛ք ձեր զաւակներուն օգնել որ Եհովան ճանչնան եւ սիրեն։ Շէն անունով երէց մը կ’ըսէ. «Մեր մայրը, որ առանձին կը մեծցնէր մեզ, շատ քիչ կը հասկնար մեր խօսած լեզուն, եւ քոյրերս ու ես շատ լաւ չէինք խօսեր իր լեզուն։ Բայց երբ կը տեսնէինք թէ ան ինչպէ՛ս կը սերտէր, կ’աղօթէր եւ լաւագոյնը կ’ընէր որ ամէն շաբաթ ընտանեկան պաշտամունքը վարէր, կը հասկնայինք որ շատ կարեւոր է որ Եհովան ճանչնանք»։

9. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան օգնել այն զաւակներուն, որոնք թերեւս պէտք ունին երկու լեզուով սերտելու։

9 Թերեւս պէտք ըլլայ որ կարգ մը զաւակներ երկու լեզուով սորվին Եհովային մասին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք դպրոցին մէջ որոշ լեզու մը կը խօսին, իսկ տունին մէջ՝ ուրիշ լեզու մը։ Այս պատճառով, կարգ մը ծնողներ երկու լեզուներով ալ հրատարակութիւններ, ձայնագրութիւններ եւ տեսաերիզներ կը գործածեն։ Յստակ է որ գաղթական ծնողները աւելի ժամանակ ու կորով պէտք է տրամադրեն, որպէսզի իրենց զաւակները մօտենան Եհովային։

Ո՞Ր ԼԵԶՈՒՆ ԳՈՐԾԱԾՈՂ ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏԿԱՆԻՍ

10. ա) Ո՞վ պէտք է որոշէ թէ ո՛ր լեզուն գործածող ժողովքին պէտք է պատկանի ընտանիքը։ բ) Ան ի՞նչ պէտք է ընէ առաջ որ որոշում առնէ։

10 Երբ «պանդուխտները» կ’ապրին իրենց լեզուն խօսող Վկաներէն հեռու շրջան մը, պէտք է երթան տեղական լեզու գործածող ժողովքի մը (Սաղ. 146։9)։ Բայց եթէ իրենց մօտ կայ իրենց մայրենի լեզուն գործածող ժողովք մը, տան գլուխը պէտք է որոշէ թէ ո՛ր լեզուն գործածող ժողովքին պէտք է պատկանին՝ ընտանիքին լաւութեան համար։ Ան որոշելէ առաջ, լաւ մը պիտի մտածէ եւ աղօթէ ատոր մասին։ Ան իր կնոջ եւ զաւակներուն կարծիքն ալ պիտի առնէ (Ա. Կոր. 11։3)։ Լաւ, ան ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնէ։ Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները իրեն պիտի օգնեն այս որոշումը առնելու։

11, 12. ա) Լեզուն ինչպէ՞ս կ’որոշէ թէ զաւակը որքանո՛վ կ’օգտուի ժողովէն։ բ) Կարգ մը զաւակներ ինչո՞ւ չեն ուզեր իրենց ծնողքին լեզուն սորվիլ։

11 Ծնողները պէտք է նկատի առնեն թէ իրենց զաւակներուն իսկական պէտքը ի՛նչ է։ Անշուշտ, որպէսզի զաւակը ճշմարտութիւնը լաւ հասկնայ, չի բաւեր շաբաթը միայն քանի մը ժամ Սուրբ Գիրքին մասին սորվիլ ժողովներուն մէջ։ Բայց ասիկա նկատի առ. երբ զաւակները երթան իրենց լեզուն գործածող ժողովքի մը, թերեւս անոնք պարզապէս հոն գտնուելով ալ օգտուին, եւ իրենց ծնողքին ակնկալածէն աւելի սորվին։ Բայց թերեւս նոյնը չըլլայ պարագան, երբ զաւակները լման չհասկնան լեզուն (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 14։9, 11)։ Եւ պայման չէ որ զաւակի մը մայրենի լեզուն շարունակէ ըլլալ այն լեզուն՝ որ իր մտքին եւ սրտին կ’ազդէ։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը զաւակներ կրնան պատասխանել եւ ցուցադրութիւն ու բաժին տալ իրենց ծնողքին լեզուով, առանց բառերը իրենց սրտէն ելլելու։

12 Ասկէ զատ, միայն լեզուն չէ որ զաւակին սրտին կ’ազդէ։ Օրինակ, սկիզբը նշուած Ճոշուային պարագան այս էր։ Անոր քոյրը Էսթըր կ’ըսէ. «Պզտիկներուն համար, իրենց ծնողքին լեզուն, մշակոյթը եւ կրօնքը՝ բոլորը իրարու կապուած են»։ Եթէ զաւակները չզգան որ իրենց ծնողքին մշակոյթը իրե՛նց մշակոյթն է, թերեւս չուզեն անոնց լեզուն ե՛ւ կրօնքը սորվիլ։ Լաւ, գաղթական ծնողները ի՞նչ կրնան ընել։

13, 14. ա) Գաղթական զոյգ մը ինչո՞ւ իր ընտանիքը փոխադրեց տեղական լեզուն գործածող ժողովքի մը։ բ) Ծնողքը ինչպէ՞ս հոգեւորապէս զօրաւոր մնաց։

13 Քրիստոնեայ ծնողներուն համար, իրենց զաւակներուն հոգեւոր պէտքերը աւելի կարեւոր են քան՝ իրենց նախընտրութիւնները (Ա. Կոր. 10։24)։ Ճոշուային եւ Էսթըրին հայրը՝ Սամուէլ կը պատմէ. «Կինս ու ես նայեցանք թէ մեր զաւակները ո՛ր լեզուով կը յառաջդիմեն ճշմարտութեան մէջ, եւ աղօթքով իմաստութիւն խնդրեցինք։ Ինչ որ նկատեցինք՝ անձնապէս մեզի յարմար չէր, բայց երբ տեսանք որ անոնք շատ չեն օգտուիր մեր լեզուով եղող ժողովներէն, որոշեցինք տեղական լեզուն գործածող ժողովքին երթալ։ Կանոնաւորաբար կ’երթայինք ժողովներուն եւ ծառայութեան։ Նաեւ տեղական բարեկամներ կը հրաւիրէինք, որ մեզի հետ ճաշեն կամ պտոյտի երթան։ Բոլոր այս բաները մեր զաւակներուն օգնեցին, որ եղբայրներուն ծանօթանան եւ Եհովան ճանչնան որպէս իրենց Հայրն ու Բարեկամը, եւ ոչ թէ միայն որպէս իրենց Աստուածը։ Մեզի համար ասիկա աւելի կարեւոր էր քան՝ մեր լեզո՛ւն շատ լաւ գիտնալը»։

14 Սամուէլ կ’աւելցնէ. «Կինս ու ես նաեւ գացինք մեր լեզուով եղող ժողովներու, որպէսզի հոգեւորապէս զօրաւոր մնանք։ Մեր կեանքը շատ խճողուած էր, եւ ուժասպառ կ’ըլլայինք։ Բայց Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ օրհնեց մեր ջանքերն ու զոհողութիւնները։ Հիմա մեր երեք զաւակներն ալ լիաժամ ծառայութեան մէջ են»։

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆ ԸՆԵԼ

15. Քրիսթինա անունով քոյր մը ինչո՞ւ զգաց որ աւելի լաւ է որ տեղական լեզուն գործածող ժողովքի մը փոխադրուի։

15 Երբ զաւակները մեծնան, թերեւս անդրադառնան որ Եհովային աւելի լաւ կրնան ծառայել ժողովքի մը մէջ, որ իրենց ամէնէն շատ հասկցած լեզուն կը գործածէ։ Այս պարագային, ծնողքը պէտք չէ զգայ որ այսպիսով իրենց զաւակը զիրենք կը մերժէ։ Քրիսթինան կը պատմէ. «Ծնողքիս լեզուին հիմնական բաները գիտէի, բայց ժողովին մէջ գործածուած լեզուն գլուխս կը դարձնէր։ Երբ 12 տարեկան էի, դպրոցական լեզուովս տեղի ունեցող համաժողովի մը գացի։ Առաջին անգամ ըլլալով զգացի թէ ինչ որ կը լսեմ ճշմարտութիւնն է։ Իսկ երբ սկսայ դպրոցական լեզուովս աղօթել, ասիկա ա՛լ աւելի ազդեց կեանքիս։ Այլեւս կրնայի սրտանց խօսիլ Եհովային հետ» (Գործք 2։11, 41)։ Երբ Քրիսթինան 18 տարեկան եղաւ, այս հարցին շուրջ իր ծնողքին հետ խօսեցաւ եւ որոշեց տեղական լեզուն գործածող ժողովքի մը փոխադրուիլ։ Ան կը պատմէ. «Երբ դպրոցական լեզուովս սորվեցայ Եհովային մասին, սկսայ գործնական քայլեր առնել»։ Շատ չանցած, Քրիսթինան կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ եւ ուրախութեամբ կը ծառայէ։

16. Նատիան ինչո՞ւ ուրախ է որ օտարախօս ժողովքին մէջ մնաց։

16 Ո՛վ պատանիներ, կը նախընտրէ՞ք տեղական լեզուն գործածող ժողովքի մը մէջ ըլլալ։ Եթէ ա՛յո, դուք ձեզի հարցուցէք թէ ինչո՛ւ։ Այդպիսի ժողովքի մը փոխադրուիլը ձեզ պիտի մօտեցնէ՞ Եհովային, թէ ոչ կ’ուզէք փոխադրուիլ որպէսզի ձեր ծնողքին աչքին տակ չըլլաք, կամ աւելի ջանք չթափէք (Յակ. 4։8)։ Նատիան, որ հիմա Բեթէլին մէջ կը ծառայէ, կ’ըսէ. «Երբ քոյրերս, եղբայրս ու ես պատանի եղանք, ուզեցինք փոխադրուիլ տեղական լեզուն գործածող ժողովքի մը»։ Բայց իր ծնողքը գիտէր թէ ասիկա լաւ ազդեցութիւն պիտի չունենար իրենց զաւակներուն հոգեւորութեան վրայ։ «Հիմա երախտապարտ ենք որ մեր ծնողքը շատ ջանք թափեցին, որ մեզի սորվեցնեն իրենց լեզուն, եւ ուզեցին որ մնանք օտարախօս ժողովքին մէջ։ Ասիկա համ տուաւ մեր կեանքին եւ աւելի առիթներ բացաւ, որ ուրիշներուն օգնենք Եհովան ճանչնալու»։

ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ

17. ա) Եհովան զաւակներ մեծցնելու պատասխանատուութիւնը որո՞ւն տուած է։ բ) Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան օգնութիւն ստանալ որ ճշմարտութիւնը սորվեցնեն իրենց զաւակներուն։

17 Եհովան զաւակները ճշմարտութեան մէջ մեծցնելու առանձնաշնորհումը տուած է ծնողներուն, եւ ոչ թէ մեծ հայրերուն, մեծ մայրերուն կամ ուրիշներուն (կարդա՛ Առակաց 1։8. 31։10, 27, 28Բայց այն ծնողները որոնք տեղական լեզուն չեն գիտեր, կրնայ ըլլալ որ օգնութեան պէտք ունենան։ Երբ ծնողները ուրիշէն օգնութիւն խնդրեն, իրենց հոգեւոր պատասխանատուութիւնը անտեսած չեն ըլլար, հապա՝ ասիկա կ’օգնէ որ իրենց զաւակները ‘մեծցնեն Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը’ (Եփ. 6։4)։ Օրինակ, ծնողները կրնան երէցներէն առաջարկներ խնդրել, թէ ինչպէ՛ս ընտանեկան պաշտամունքը վարեն, եւ օգնութիւն՝ իրենց զաւակներուն լաւ բարեկամներ գտնելու։

Թէ՛ ծնողները եւ թէ զաւակները կ’օգտուին երբ ժողովքին հետ կ’ընկերակցին (տե՛ս պարբերութիւն 18, 19)

18, 19. ա) Հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՞ս կրնան օգնել պատանիներուն։ բ) Ծնողները ի՞նչ պէտք է շարունակեն ընել։

18 Օրինակ, ծնողները ատեն–ատեն կրնան ուրիշ ընտանիքներ հրաւիրել իրենց ընտանեկան պաշտամունքին։ Ասկէ զատ, շատ մը պատանիներ լաւ կ’ազդուին հոգեւոր անձերէ, երբ անոնց հետ ծառայութեան ելլեն եւ միասին ժամանակ անցընեն (Առ. 27։17)։ Սկիզբը նշուած Շէն կ’ըսէ. «Շատ լաւ կը յիշեմ այն եղբայրները, որոնք զիս իրենց թեւերուն տակ առին։ Երբ անոնք ինծի կ’օգնէին ժողովին մէջ բաժին տալու, միշտ ա՛լ աւելի բաներ կը սորվէի։ Եւ հաճոյք կ’առնէի երբ խումբով ժամանակ կ’անցընէինք»։

19 Անշուշտ, անոնք որոնք ուրիշին զաւակներուն կ’օգնեն, միշտ պէտք է զանոնք քաջալերեն որ իրենց ծնողքը յարգեն։ Անոնք դրական կերպով կը խօսին ծնողներուն մասին, եւ չեն փորձեր ծնողքին պատասխանատուութիւնը անոնց ձեռքէն առնել։ Նաեւ, օգնողները պէտք չէ ընեն բաներ, որ բարոյական գետնի վրայ մաքուր չեն երեւիր ուրիշներուն աչքին, ըլլա՛ն ժողովքի անդամներ կամ դրսեցիներ (Ա. Պետ. 2։12)։ Ծնողները միշտ պատասխանատուութիւն ունին որ ճշմարտութիւնը իրե՛նք սորվեցնեն իրենց զաւակներուն, նոյնիսկ եթէ ուրիշներէն օգնութիւն խնդրեն։ Անոնք պէտք է վերահսկեն եղբայրներուն եւ քոյրերուն տուած օգնութեան վրայ։

20. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ Եհովային ծառայ ըլլան։

20 Ո՛վ ծնողներ, աղօթքով օգնութիւն խնդրեցէք Եհովայէն, եւ ձեր լաւագոյնը ըրէք (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 15։7)։ Ձեզի համար աւելի կարեւոր թող ըլլայ Եհովային հետ ձեր զաւակին բարեկամութիւնը, քան՝ ձեր անձնական շահը։ Ամէն ինչ ըրէք որ Աստուծոյ Խօսքը ձեր զաւակին սրտին հասնի։ Յոյսերնիդ մի՛ կտրէք որ օրին մէկը ձեր զաւակը Եհովային ծառան պիտի դառնայ։ Երբ ձեր զաւակները հետեւին Աստուծոյ Խօսքին եւ ձեր օրինակին, պիտի զգաք ինչ որ Յովհաննէս առաքեալ զգաց իր հոգեւոր զաւակներուն հանդէպ. «Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն» (Գ. Յովհ. 4

^ պարբ. 7 Տես «Կրնա՛ս ուրիշ լեզու մը սորվիլ» յօդուածը, Զարթի՛ր–ի մարտ 2007 թիւին մէջ, էջ 10-12 (անգլերէն)։