Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գայիոս ինչպէ՞ս օգնեց իր եղբայրներուն

Գայիոս ինչպէ՞ս օգնեց իր եղբայրներուն

ԱՌԱՋԻՆ դարուն վերջերը, Գայիոս եւ ուրիշ քրիստոնեաներ դժուարութիւններու առջեւ էին։ Կարգ մը մարդիկ սուտ ուսուցումներ տարածելով կը փորձէին ժողովքները տկարացնել եւ բաժնել (Ա. Յովհ. 2։18, 19. Բ. Յովհ. 7)։ Դիոտրեփէս «չարախօսութիւն» կ’ընէր Յովհաննէս առաքեալին եւ ուրիշներու մասին։ Ան նաեւ չէր ուզեր հիւրասէր ըլլալ ճամբորդող քրիստոնեաներուն հանդէպ, եւ կը փորձէր ուրիշներն ալ համոզել որ իրեն պէս վարուին (Գ. Յովհ. 9, 10)։ Այս էր պարագան երբ Յովհաննէս նամակ գրեց Գայիոսին։ Առաքեալին նամակը, որ շուրջ Ք.Ե. 98–ին գրուեցաւ, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ կոչուած է «Յովհաննէսի Գ. ընդհանրական նամակը»։

Գայիոս միշտ հաւատարմօրէն ծառայեց Եհովային, հակառակ որ դժուարութիւններ ունեցաւ։ Անոր հաւատարմութիւնը ինչպէ՞ս յայտնի եղաւ։ Ինչո՞ւ ներկայիս կ’ուզենք Գայիոսին նմանիլ։ Յովհաննէսին նամակը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի ասոր մէջ։

ՍԻՐԵԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԻ ՄԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

Երրորդ Յովհաննէս նամակը գրողը ինքզինք կը կոչէ՝ «երէց», այսինքն՝ տարիքոտ մարդ։ Ասիկա բաւարար էր որ իր սիրելի հոգեւոր զաւակը՝ Գայիոս գիտնար, թէ ինք Յովհաննէս առաքեալն է։ Յովհաննէս Գայիոսին մասին սրտանց ըսաւ՝ ‘սիրելին, որ ես կը սիրեմ’։ Ետքը, Յովհաննէս մաղթեց որ Գայիոսին ֆիզիքական առողջութիւնը լաւ ըլլայ անոր հոգեւոր առողջութեան պէս։ Այս խօսքը որքա՜ն հաճելի էր Գայիոսին ականջին ու սրտին (Գ. Յովհ. 1, 2, 4

Կրնայ ըլլալ որ Գայիոս ժողովքի տեսուչ էր, բայց ասիկա ուղղակի չէ գրուած նամակին մէջ։ Յովհաննէս Գայիոսը գովեց, քանի որ եղբայրները կ’ընդունէր իր տան մէջ, հակառակ որ զանոնք չէր ճանչնար։ Յովհաննէսին համար, ասիկա կը փաստէր որ Գայիոս հաւատարիմ է, քանի որ Աստուծոյ ծառաները միշտ հիւրասէր եղած են (Ծն. 18։1-8. Ա. Տիմ. 3։2. Գ. Յովհ. 5

Քրիստոնեաները շատ անգամներ կը ճամբորդէին Յովհաննէսին գտնուած տեղէն դէպի ժողովքները։ Ասիկա յայտնի է Յովհաննէսին խօսքերէն, երբ իր նամակին մէջ գովեց Գայիոսը, քանի որ հիւրասիրութեամբ վարուած էր եղբայրներուն հետ։ Այնպէս կ’երեւի թէ այս եղբայրները Յովհաննէսին կը պատմէին անցուդարձը։ Թերեւս այս կերպով էր որ Յովհաննէս ժողովքներուն լուրերը կ’առնէր։

Ճամբորդող քրիստոնեաները վստահաբար պիտի ուզէին իրենց հաւատակիցներուն քով մնալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ պանդոկները լաւ անուն չունէին, լաւ հոգ չէին տաներ մարդոց եւ անբարոյութեան բոյն էին։ Իմաստուն ճամբորդները իրենց բարեկամներուն քով կը մնային եթէ կարելիութիւն կար, իսկ ճամբորդող քրիստոնեաները՝ ուրիշ քրիստոնեաներու քով։

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒԱՆԸ ՀԱՄԱՐ ՃԱՄԲԱՅ ԵԼԱՆ»

Յովհաննէս Գայիոսը քաջալերեց որ անգամ մը եւս հիւրասէր գտնուի։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Առաքեալը Գայիոսէն խնդրեց որ «աստուածահաճոյ կերպով [ճամբորդողները] ճամբայ դն[է]»։ Այս պարագային, «հիւրերը ճամբայ դնել» կը նշանակէ՝ անոնց ապահովել ի՛նչ որ պէտք պիտի ունենան իրենց յաջորդ ճամբորդութեան ընթացքին, մինչեւ որ հասնին իրենց որոշեալ տեղը։ Գայիոս արդէն իսկ այսպէս վարուած էր իր նախկին հիւրերուն հետ։ Ասիկա յստակ էր, քանի որ անոնք Յովհաննէսին պատմած էին անոր հաւատքին եւ սիրոյն մասին (Գ. Յովհ. 3, 6

Հիւրերը՝ կա՛մ միսիոնարներ էին, կա՛մ Յովհաննէսին պատուիրակները, կամ ալ ճամբորդող տեսուչներ։ Ամէն պարագայի, անոնք բարի լուրին համար կը ճամբորդէին։ Յովհաննէս ըսաւ. «Աստուծոյ անուանը համար ճամբայ ելան» (Գ. Յովհ. 7)։ Ուրեմն, այդ եղբայրները քրիստոնէական ժողովքին մէկ մասն էին եւ արժանի էին որ չորս աչքով նայուի իրենց, ճիշդ ինչպէս որ Յովհաննէս ըսաւ. «Մենք պարտաւոր ենք այնպիսիները ընդունիլ, որպէս զի ճշմարտութեանը գործակից ըլլանք» (Գ. Յովհ. 8

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

Յովհաննէս միայն շնորհակալութիւն յայտնելու համար չգրեց նամակը։ Ան ուզեց Գայիոսին օգնել որ գլուխ ելլէ լուրջ խնդիրի մը հետ։ Պատճառով մը, քրիստոնէական ժողովքին մէկ անդամը՝ Դիոտրեփէս չէր ուզեր հիւրասէր գտնուիլ ճամբորդող քրիստոնեաներուն հանդէպ։ Ան նոյնիսկ փորձեց ուրիշներուն արգելք ըլլալ որ հիւրասէր գտնուին (Գ. Յովհ. 9, 10

Անկասկած, հաւատարիմ քրիստոնեաները պիտի չուզէին Դիոտրեփէսին քով մնալ, նոյնիսկ եթէ ասիկա կարելի ըլլար։ Ինչո՞ւ։ Դիոտրեփէս կը սիրէր առաջին տեղը ունենալ ժողովքին մէջ, Յովհաննէսին ըսածները չէր յարգեր եւ գէշ խօսքեր կը տարածէր առաքեալին եւ ուրիշներու մասին։ Թէեւ չենք կրնար Դիոտրեփէսը սուտ ուսուցիչ կոչել, բայց ան առաքեալին հեղինակութեան դէմ կը կենար։ Ան հաւատարմութեամբ չէր վարուեր։ Ընդհակառակը, ան կ’ուզէր երեւելի ըլլալ եւ իր կեցուածքը քրիստոնէական չէր։ Դիոտրեփէսին օրինակը կը ցուցնէ թէ երբ ժողովքին մէջ մէկը փառք փնտռէ եւ հպարտ ըլլայ, կրնայ ժողովքը բաժնել։ Այս պատճառով, Յովհաննէս Գայիոսին ըսաւ. «Չարին նմանող մի՛ ըլլար» (Գ. Յովհ. 11)։ Նոյն խօսքը մեզի ալ կը կիրարկուի։

ԼԱՒՈՒԹԻՒՆ ԸՆԵԼՈՒ ՀՈՅԱԿԱՊ ՊԱՏՃԱՌ ՄԸ

Յովհաննէս կը նշէ թէ Դեմետրիոս անունով քրիստոնեան օրինակելի է, ճիշդ Դիոտրեփէսին հակառակը։ Ան գրեց. «Դեմետրիոսին համար ամէնքն ալ լաւ կը վկայեն. . . Մենք ալ կը վկայենք եւ դուք գիտէք թէ մեր վկայութիւնը ճշմարիտ է» (Գ. Յովհ. 12)։ Թերեւս Դեմետրիոս պէտք ունէր Գայիոսին հոգատարութեան, եւ կրնայ ըլլալ որ Երրորդ Յովհաննէս նամակը օգնեց որ Գայիոս տեղեկութիւններ առնէ Դեմետրիոսին մասին եւ գիտնայ իրմէ պահանջուածը։ Շատ հաւանաբար Դեմետրիոս էր որ նամակը հասցուց Գայիոսին։ Դեմետրիոս Յովհաննէսին պատուիրակն էր, կամ թերեւս ճամբորդող տեսուչ մը, եւ հաւանաբար Գայիոսին յաւելեալ բացատրութիւններ տուաւ Յովհաննէսին գրածին մասին։

Գայիոս հիւրասէր էր։ Լաւ, Յովհաննէս ինչո՞ւ զինք քաջալերեց որ շարունակէ հիւրասէր ըլլալ։ Արդեօք Յովհաննէս պէ՞տք տեսաւ որ Գայիոսին քաջութիւնը աւելցնէ։ Կամ, առաքեալը մտահո՞գ էր որ Գայիոս թերեւս երկմտի, քանի որ Դիոտրեփէս կը փորձէր հիւրասէր քրիստոնեաները ժողովքէն դուրս նետել։ Ամէն պարագայի, Յովհաննէս Գայիոսին ըսաւ. «Ան որ բարիք կը գործէ, Աստուծմէ է» (Գ. Յովհ. 11)։ Ասիկա հոյակապ պատճառ մըն է որ մի՛շտ լաւութիւն ընենք։

Գայիոս Յովհաննէսին նամակէն քաջալերուեցա՞ւ որ շարունակէ հիւրասէր ըլլալ։ Ա՛յո։ Ասիկա յայտնի է այն բանէն թէ Երրորդ Յովհաննէս նամակը պահպանուեցաւ Սուրբ Գիրքին մէջ, որպէսզի կարենայ ուրիշները քաջալերել որ ‘բարիին նմանող ըլլան’։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ Գ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՆԱՄԱԿԷՆ

Մեր սիրելի եղբօր՝ Գայիոսին մասին ուրիշ բան մը չենք գիտեր։ Բայց իր մասին այս քիչ տեղեկութիւնները շատ դասեր կը սորվեցնեն մեզի։

Ինչպէ՞ս կրնանք ‘հիւրասիրութեան ետեւէ ըլլալ’

Առաջին, մեր մեծամասնութիւնը որոշ չափով ճշմարտութիւնը գիտցած է հաւատարիմ անհատներէ, որոնք պատրաստ էին ճամբորդելու որպէսզի ատոր մասին խօսին մեզի։ Անշուշտ, ժողովքին մէջ քիչեր են որ կը ճամբորդեն բարի լուրին համար։ Մենք ալ կրնանք Գայիոսին պէս ձեւով մը օգնել եւ քաջալերել ճամբորդողները, ինչպէս՝ շրջանային տեսուչը եւ իր կինը։ Կամ կրնանք գործնական կերպով օգնել անոնց, որոնք կը փոխադրուին իրենց երկրին մէջ ուրիշ շրջան մը, կամ նոյնիսկ ուրիշ երկիր մը, որպէսզի ծառայեն ուր որ Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի պէտք կայ։ Ուրեմն, թող որ ‘հիւրասիրութեան ետեւէ ըլլանք’ (Հռով. 12։13. Ա. Տիմ. 5։9, 10

Երկրորդ, պէտք չէ զարմանանք երբ ատեններ ժողովքին մէջ մէկը հեղինակութեան դէմ ելլէ։ Ոմանք Յովհաննէսին եւ Պօղոս առաքեալին հեղինակութեան դէմ ելան (Բ. Կոր. 10։7-12. 12։11-13)։ Լաւ, ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ այսպիսի դժուարութիւններու առջեւ ըլլանք ժողովքին մէջ։ Պօղոս այս խրատը տուաւ Տիմոթէոսին. «Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, սորվեցնող, ոխ չպահող. քաղցրութեամբ խրատէ հակառակ կեցողները»։ Եթէ ազնիւ ըլլանք նոյնիսկ երբ մէկը կը ջղայնացնէ մեզ, թերեւս կարգ մը քննադատողներ ժամանակի ընթացքին փոխեն իրենց կեցուածքը։ Իր կարգին, Եհովան թերեւս «ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար» (Բ. Տիմ. 2։24, 25

Երրորդ, սրտանց գովասանքի արժանի են այն եղբայրներն ու քոյրերը որոնք հաւատարմօրէն Եհովային կը ծառայեն, թէեւ հակառակութեան առջեւ են։ Յովհաննէս առաքեալ Գայիոսը քաջալերեց եւ իրեն վստահեցուց որ ճիշդը կ’ընէր։ Ներկայիս, երէցներն ալ պէտք է Յովհաննէսին պէս քաջալերեն իրենց եղբայրներն ու քոյրերը, որպէսզի անոնք «չթուլնան» (Եսա. 40։31. Ա. Թես. 5։11

Գայիոսին ուղղուած Յովհաննէսին նամակը միայն 219 բառ է յունարէն բնագիրին մէջ։ Ատիկա Սուրբ Գիրքին ամէնէն կարճ գիրքն է։ Հակառակ ասոր, ներկայիս ատիկա շատ արժէքաւոր է քրիստոնեաներուն համար։