Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւոր գանձերը սրտանց արժեւորէ

Հոգեւոր գանձերը սրտանց արժեւորէ

«Ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ» (ՂՈՒԿ. 12։34

ԵՐԳԵՐ. 153, 104

1, 2. ա) Եհովան մեզի ի՞նչ երեք գանձեր տուած է։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ԵՀՈՎԱՆ տիեզերքին ամէնէն հարուստ Անձն է (Ա. Մն. 29։11, 12)։ Սակայն ան առատաձեռն է։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ ան մեզի տուած է հոգեւոր գանձեր, ինչպէս՝ 1) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, 2) մեր ծառայութիւնը եւ 3) իր Խօսքին մէջ եղող թանկագին ճշմարտութիւնները։ Բայց եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք ատոնց արժէքը մոռնալ եւ նոյնիսկ մէկ կողմ դնել զանոնք։ Ասոր համար, պէտք է լաւ գործածենք զանոնք եւ միշտ զօրացնենք ատոնց հանդէպ մեր սէրը, քանի որ, ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ՝ «ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ» (Ղուկ. 12։34

2 Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր սէրն ու գնահատութիւնը զօրաւոր պահել Թագաւորութեան, ծառայութեան եւ ճշմարտութեան հանդէպ։ Մինչ ասիկա կ’ընենք, մտածէ թէ դո՛ւն անձամբ ինչպէ՛ս կրնաս սէրդ խորացնել այս հոգեւոր գանձերուն հանդէպ։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՄԱՐԳԱՐԻՏԻ ՆՄԱՆ Է

3. Յիսուսի առակին վաճառականը ի՞նչ պատրաստ էր ընելու, որպէսզի այդ արժէքաւոր մարգարիտը ունենար (տե՛ս բացման նկարը)։

3 Կարդա՛ Մատթէոս 13։45, 46։ Յիսուս պատմեց առակ մը վաճառականի մը մասին, որ մարգարիտներ կը փնտռէր։ Անկասկած, ան տարիներու ընթացքին գնած ու ծախած էր հարիւրաւոր մարգարիտներ։ Բայց այժմ ան գտած էր այնքա՛ն հոյակապ մարգարիտ մը որ հազիւ որ զայն տեսաւ, աչքերը փայլելու սկսան եւ բերանը բաց մնաց։ Բայց զայն գնելու համար պէտք էր իր բոլոր ունեցածը ծախէր։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ այդ մարգարիտը որքա՜ն արժէքաւոր էր իրեն համար։

4. Եթէ Թագաւորութիւնը կը սիրենք այնքան որքան վաճառականը մարգարիտը սիրեց, ի՞նչ կ’ընենք։

4 Այս պատմութենէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը նմանի այդ թանկագին մարգարիտին։ Եթէ Թագաւորութիւնը կը սիրենք այնքան որքան այդ վաճառականը մարգարիտը սիրեց, պատրաստ կ’ըլլանք մեծ զոհողութիւններ ընելու, որպէսզի Թագաւորութեան հպատակը ըլլանք եւ այդպէս մնանք (կարդա՛ Մարկոս 10։28-30)։ Տեսնենք թէ երկու անձեր ինչպէ՛ս ասիկա ըրին։

5. Զաքէոս պատրաստ էր ի՞նչ ընելու Թագաւորութեան համար։

5 Զաքէոս մաքսապետ մըն էր, որ դրամ շորթելով հարստացած էր (Ղուկ. 19։1-9)։ Օր մը, երբ ան լսեց Թագաւորութեան մասին Յիսուսին քարոզածը, ըմբռնեց թէ իր լսածը շատ արժէքաւոր է եւ ուզեց լման փոխուիլ։ Ան ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր»։ Ան ամբողջ սրտով վերադարձուց իր շորթած դրամները եւ ագահութենէն վազ անցաւ։

6. Կին մը ի՞նչ փոփոխութիւններ ըրաւ, եւ ինչո՞ւ։

6 Տարիներ առաջ, միասեռական կին մը լսեց Թագաւորութեան պատգամը։ Ան միասեռականներուն իրաւունքները պաշտպանող կազմակերպութեան մը տնօրէնուհին էր։ Մինչ ան Սուրբ Գիրքը կը սերտէր, Աստուծոյ Թագաւորութեան մեծ արժէքը ըմբռնեց եւ տեսաւ որ պէտք է մեծ փոփոխութիւններ ընէ իր կեանքին մէջ (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Քանի որ ան Եհովան կը սիրէր, այդ կազմակերպութիւնը ձգեց եւ իր միասեռական ապրելակերպին վերջ դրաւ։ Ան 2009–ին մկրտուեցաւ եւ յաջորդ տարին կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ։ Յստակ է թէ Եհովային եւ Թագաւորութեան հանդէպ իր սէրը աւելի զօրաւոր էր քան՝ իր սխալ ցանկութիւնները (Մար. 12։29, 30

7. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր պահել։

7 Մեզմէ շատեր իրենց կեանքը արմատէն փոխած են, որպէսզի Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակը դառնան (Հռով. 12։2)։ Բայց պայքարը հոս չի վերջանար։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք որ ո՛չ մէկ բան տկարացնէ Թագաւորութեան հանդէպ մեր սէրը, մէջը ըլլալով՝ նիւթական բաներ ունենալու ցանկութիւնը եւ անբարոյ ցանկութիւնները (Առ. 4։23. Մատ. 5։27-29)։ Եհովան ուրիշ արժէքաւոր գանձ մը տուած է մեզի, որպէսզի զօրաւոր պահենք Թագաւորութեան հանդէպ մեր սէրը։

ՄԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵԱՆՔ ԿԸ ՓՐԿԷ

8. ա) Պօղոս առաքեալ մեր ծառայութիւնը ինչո՞ւ նմանցուց հողէ ամաններու մէջ եղող գանձի։ բ) Պօղոս ինչպէ՞ս ցուցուց թէ ծառայութիւնը կը սիրէր։

8 Յիսուս մեզի տուած է՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ սորվեցնելու նշանակումը (Մատ. 28։19, 20)։ Պօղոս առաքեալ նոր ուխտի ծառայութիւնը նմանցուց հողէ ամաններու մէջ եղող գանձի (Բ. Կոր. 4։7. Ա. Տիմ. 1։12)։ Քանի որ մենք անկատար ենք, կը նմանինք այդ հողէ ամաններուն։ Բայց մեր քարոզած պատգամը կը նմանի արժէքաւոր գանձի, քանի որ կրնայ յաւիտենական կեանք տալ մեզի եւ մեզի մտիկ ընողներուն։ Այս պատճառով, Պօղոս տարբեր մեթոտներ գործածեց ծառայութեան մէջ եւ ըսաւ. «Այս բոլորը կ’ընեմ՝ Աւետարանին սիրոյն, որպէսզի անոր տարածման մասնակցութիւնս բերած ըլլամ» (Ա. Կոր. 9։23, ՆԹ)։ Պօղոս շատ ջանք թափեց որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցնէ ուրիշներուն (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։14, 15. Բ. Տիմոթէոս 4։2)։ Ծառայութեան հանդէպ իր սէրը իրեն օգնեց որ շարունակէ քարոզել, հակառակ հալածանքին (Ա. Թես. 2։2)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսին պէս սիրել ծառայութիւնը։

9. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք ցուցնել թէ ծառայութիւնը կը սիրենք։

9 Պօղոս ցուցուց թէ ծառայութիւնը կը սիրէր, ամէն առիթ գործածելով որ քարոզէ։ Պօղոսին եւ առաջին քրիստոնեաներուն պէս կը քարոզենք անպաշտօն կերպով, հանրային կերպով եւ տունէ տուն (Գործք 5։42. 20։20)։ Մեր պարագաներուն ներած չափով կը փորձենք մեր ծառայութիւնը աւելցնել, ինչպէս՝ օժանդակ ռահվիրայ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալով, ուրիշ լեզու մը սորվելով, մեր երկրին մէջ ուրիշ տեղ մը փոխադրուելով կամ ուրիշ երկիր մը ճամբորդելով (Գործք 16։9, 10

10. Այրին ինչպէ՞ս օրհնուեցաւ երբ ծանր աշխատեցաւ որ բարի լուրը քարոզէ։

10 Միացեալ Նահանգներուն մէջ Այրին անունով ամուրի քոյր մը շատ կ’ուզէր ռուսերէն խօսող գաղթականներուն քարոզել։ 1993–ին, ան ռուսերէն գործածող խումբին միացաւ Նիւ Եորք Սիթիին մէջ։ Այդ խումբին մէջ միայն 20 հրատարակիչներ կային։ Այրին շուրջ 20 տարիէ ի վեր ծանր աշխատած է այդ խումբին մէջ։ Ան կը խոստովանի. «Տակաւին ռուսերէնս հոյակապ չէ»։ Բայց Եհովան օրհնած է իր եւ իրեն պէս ուրիշ հրատարակիչներու ջանքերը։ Ներկայիս, ռուսերէն լեզուն գործածող վեց ժողովքներ կան Նիւ Եորք Սիթիին մէջ։ Այրինին դասերէն 15–ը մկրտուած են։ Անոնցմէ ոմանք բեթէլական, ռահվիրայ կամ երէց են։ Ան կ’ըսէ. «Երբ մտածեմ որ ուրիշ ինչ նպատակներու ետեւէն կրնայի երթալ, չեմ կրնար երեւակայել որ ուրիշ բան մը կրնար ասկէ աւելի ուրախացնել զիս»։ Ան շատ կը գուրգուրայ իր ծառայութեան վրայ։

Ծառայութիւնդ գանձ կը նկատե՞ս, եւ ատոր համար իւրաքանչիւր շաբաթ ժամանակ կը տրամադրե՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 11, 12)

11. Ի՞նչ լաւ արդիւնքներ կ’ըլլան երբ շարունակենք քարոզել նոյնիսկ երբ հալածուինք։

11 Եթէ կը գուրգուրանք մեր ծառայութեան վրայ, Պօղոս առաքեալին պէս պիտի ըլլանք եւ պիտի շարունակենք քարոզել նոյնիսկ երբ հալածուինք (Գործք 14։18-21)։ Օրինակ, 1930–ականներէն մինչեւ 1940–ականներուն սկիզբը, Միացեալ Նահանգներուն մէջ մեր եղբայրները շատ ծանր հալածուեցան։ Բայց անոնք շարունակեցին քարոզել։ Երբ կառավարութիւնը փորձեց իրենց ըրածը կեցնել, մեր եղբայրները դատարանին դիմեցին եւ բազմաթիւ դատեր շահեցան։ 1943–ին, եղբայր Նաթան Հ. Նոր նշեց Միացեալ Նահանգներուն բարձրագոյն ատեանին մէջ մեր շահած դատերէն մէկը, եւ ըսաւ որ տարուած յաղթանակները հրատարակիչներուն պայքարին շնորհիւ են։ Եթէ անոնք չշարունակէին քարոզել, դատեր պիտի չներկայացուէին բարձրագոյն ատեանին։ Ան նաեւ ըսաւ որ այդ դատերուն շնորհիւ, աշխարհին տարածքին բազմաթիւ եղբայրներ այլեւս ազատութիւն ունին քարոզելու։ Ուրիշ երկիրներու մէջ ալ եղբայրները այսպիսի դատեր շահած են։ Իրապէս, ծառայութեան հանդէպ մեր սէրը կրնա՛յ յաղթել հալածանքին։

12. Ծառայութեանդ նկատմամբ ի՞նչ վճռած ես ընել։

12 Երբ ծառայութիւնը՝ Աստուծոյ կողմէ արժէքաւոր գանձ մը նկատենք, խելքերնիս միտքերնիս պիտի չըլլայ միայն ‘ժամ հաշուել’։ Փոխարէն, մեր ամէն կարելին պիտի ընենք որ լիովին ‘աւետարանին վկայ ըլլանք’ (Գործք 20։24. Բ. Տիմ. 4։5)։ Լաւ, ուրիշներուն ի՞նչ պիտի սորվեցնենք։ Նկատի առ Աստուծոյ կողմէ ուրիշ գանձ մը։

ՄԵՐ ՍՈՐՎԱԾ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

13, 14. Մատթէոս 13։52–ին մէջ Յիսուս ի՞նչ «գանձ»ի մասին խօսեցաւ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զայն լեցնել։

13 Մեր երրորդ հոգեւոր գանձն է՝ մեր սորված բոլոր ճշմարտութիւնները։ Եհովան ճշմարտութեան Աստուած է (Բ. Թագ. 7։28. Սաղ. 31։5)։ Ան առատաձեռն Հայր մըն է եւ կ’ուզէ որ այս ճշմարտութիւնները մեզի փոխանցէ։ Մինչեւ հիմա բազմաթիւ ճշմարտութիւններ սորված ենք Աստուծոյ Խօսքէն, մեր հրատարակութիւններէն, համաժողովներէն եւ շաբաթական ժողովներէն։ Մինչ ա՛լ աւելի ճշմարտութիւններ կը հաւաքենք, ժամանակի ընթացքին կ’ունենանք «նոր ու հին» ճշմարտութիւններ պարունակող «գանձ մը», ինչպէս որ Յիսուս նկարագրեց (կարդա՛ Մատթէոս 13։52)։ Եթէ ճշմարտութիւնները փնտռենք ինչպէս որ պահուած թանկագին առարկաները կը փնտռենք, Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ նոր ճշմարտութիւններով լեցնենք մեր «գանձ»ը (կարդա՛ Առակաց 2։4-7)։ Ինչպէ՞ս։

14 Պէտք է Սուրբ Գիրքը եւ մեր հրատարակութիւնները կանոնաւորաբար սերտենք եւ բծախնդրութեամբ պրպտումներ ընենք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ «նոր» ճշմարտութիւններ գտնենք, այսինքն՝ ինչ որ ասկէ առաջ չէինք գիտեր (Յես. 1։8, 9. Սաղ. 1։2, 3Դիտարան–ին առաջին թիւը, որ յուլիս 1879–ին հրատարակուեցաւ, ճշմարտութիւնը նմանցուց ծաղիկի մը, որ գրեթէ խեղթուած է բազմաթիւ որոմներու մէջ, եւ ըսաւ. «Եթէ կ’ուզէք զայն գտնել, շատ արթուն պէտք է ըլլաք. . . Եթէ կ’ուզէք անոր տիրանալ, պէտք է ծռիք զայն քաղելու համար։ Միշտ քաղելու նայեցէք, շարունակեցէ՛ք աւելին փնտռել»։ Մէկ խօսքով, պէտք է սրտանց ջանանք աւելի ճշմարտութիւններ հաւաքել։

15. ա) Ինչո՞ւ կրնանք կարգ մը ճշմարտութիւններ «հին» սեպել։ բ) Ո՞ր ճշմարտութիւնները շատ կ’արժեւորես։

15 Երբ սկսանք Սուրբ Գիրքը սերտել, կարգ մը հոյակապ ճշմարտութիւններ սորվեցանք։ Կրնանք ատոնք «հին» սեպել, քանի որ սկիզբը ատոնք սորվեցանք։ Այս ճշմարտութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։ Սորվեցանք որ Եհովան մեր Ստեղծիչն է եւ նպատակ մը ունի մարդկութեան համար։ Սորվեցանք որ Աստուած սէրէ մղուած զոհեց իր Որդին, որպէսզի ազատուինք մեղքէն ու մահէն։ Նաեւ սորվեցանք որ իր Թագաւորութիւնը պիտի վերցնէ բոլոր չարչարանքները եւ պիտի կարենանք երկրի վրայ ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ ապրիլ յաւիտեան (Յովհ. 3։16. Յայտ. 4։10բ. 21։3, 4

16. Ի՞նչ պէտք է ընենք երբ որոշ ճշմարտութեան մը հասկացողութիւնը փոխուի։

16 Թերեւս ատեն–ատեն որոշ մարգարէութեան մը կամ համարի մը բացատրութիւնը փոխուի։ Այսպիսի պարագաներու, կարեւոր է որ ժամանակ տրամադրենք, որ տեղեկութիւնները բծախնդրութեամբ նկատի առնենք եւ ատոնց վրայ խոկանք (Գործք 17։11. Ա. Տիմ. 4։15)։ Չի բաւեր միայն մեծ փոփոխութիւնները լաւ հասկնանք, հապա նաեւ պէտք է հին եւ նոր հասկացողութեան միջեւ եղած պզտիկ տարբերութիւններն ալ լաւ հասկնանք։ Այսպիսով, վստահ կ’ըլլանք որ նոր ճշմարտութիւնը մեր գանձին մէկ մասը դառնայ։ Ինչո՞ւ կ’արժէ այս ջանքը թափել։

17, 18. Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

17 Յիսուս սորվեցուց որ սուրբ հոգին կրնայ մեր սորվածները մեր միտքը բերել (Յովհ. 14։25, 26)։ Ասիկա ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի բարի լուրը քարոզելուն մէջ։ Նկատի առ Փիթըր անունով եղբօր մը փորձառութիւնը։ 1970–ին, ան 19 տարեկան էր եւ նոր սկսած էր Բրիտանիոյ Բեթէլին մէջ ծառայել։ Օր մը, ան դռնէ դուռ կը ծառայէր եւ հանդիպեցաւ միջին տարիքով մօրուքաւոր մարդու մը։ Փիթըր մարդուն հարցուց որ արդեօք կը փափաքէ՞ր Սուրբ Գիրքը հասկնալ։ Մարդը զարմացած ըսաւ, որ ասիկա հրեայ ռաբբիներու տուն է։ Փիթըրը փորձելու համար, ռաբբին հարցուց. «Լաւ, տղա՛ս. Դանիէլ գիրքը ո՞ր լեզուով գրուած է»։ Փիթըր պատասխանեց. «Ատոր մէկ մասը գրուած է արամերէնով»։ Փիթըր կը պատմէ. «Ռաբբին զարմացաւ որ պատասխանը գիտցայ։ Բայց ես ա՛լ աւելի զարմացայ։ Պատասխանը ինչպէ՞ս գիտցայ։ Երբ տուն երթալով ստուգեցի Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի վերջին ամիսներու թիւերը, յօդուած մը գտայ որ կը բացատրէր թէ Դանիէլ գիրքը նաեւ գրուած է արամերէնով» *։ Իրապէս, սուրբ հոգին կրնա՛յ մեր միտքը բերել տեղեկութիւններ, որ կարդացած ենք եւ մեր գանձին մէջ աւելցուցած ենք (Ղուկ. 12։11, 12. 21։13-15

18 Եթէ Եհովային սորվեցուցած ճշմարտութիւնները կը սիրենք եւ կը գնահատենք, պիտի շարունակենք զանոնք աւելցնել մեր գանձին մէջ։ Ասիկա որքա՛ն ընենք, այնքան պատրաստուած կ’ըլլանք ուրիշներուն սորվեցնելու։

ԳԱՆՁԵՐԴ ՊԱՇՏՊԱՆԷ

19. Ինչո՞ւ պէտք է պաշտպանենք մեր հոգեւոր գանձերը։

19 Այս յօդուածին մէջ տեսանք, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ արժեւորենք հոգեւոր գանձերը։ Բայց պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք որ չձգենք որ Սատանան եւ իր աշխարհը տկարացնեն այս գանձերուն հանդէպ մեր սէրը։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, շահաբեր գործը կամ ճոխ կեանքը կրնայ մեզ քաշել, կամ ալ թերեւս մեր մէջ ցանկութիւն արթննայ որ նիւթական բաները ցուցադրենք։ Յովհաննէս առաքեալ մեզի կը յիշեցնէ թէ այս աշխարհը կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Այս պատճառով, պէտք է ջանանք պաշտպանել հոգեւոր հարստութեան հանդէպ մեր ունեցած սէրն ու գնահատանքը։

20. Ի՞նչ վճռած ես ընել, որպէսզի հոգեւոր գանձերդ պաշտպանես։

20 Պատրաստ եղիր որ վազ անցնիս որեւէ բանէ, որ կրնայ Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ սէրդ տկարացնել։ Շարունակէ նախանձախնդրութեամբ քարոզել եւ բնաւ մի՛ կորսնցներ ծառայութեան հանդէպ սէրդ։ Ամէն ջանքդ ըրէ որ շարունակես աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ փնտռել։ Մինչ ասոնք կ’ընես, ‘գանձ մը պիտի պատրաստես երկինքը, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ եւ ո՛չ ցեցը կ’ապականէ։ Քանզի գանձդ ո՛ւր որ է, սիրտդ ալ հո՛ն պիտի ըլլայ’ (Ղուկ. 12։33, 34

^ պարբ. 17 Բնագրին մէջ, Դանիէլ 2։4բ–էն մինչեւ 7։28 արամերէնով գրուած է։