Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քու դատողութիւնդ օրհնեա՜լ ըլլայ»

«Քու դատողութիւնդ օրհնեա՜լ ըլլայ»

ԴԱՒԻԹ այս խօսքերով գովեց կին մը, որուն հանդիպեցաւ։ Անոր անունը Աբիգիա էր։ Դաւիթ ինչո՞ւ գովեց զայն, եւ մենք ի՞նչ կը սորվինք այս կինէն։

Դաւիթ այս կնոջ հանդիպեցաւ երբ Սաւուղ թագաւորէն կը փախչէր։ Աբիգիա ամուսնացած էր Նաբաղին հետ, որ հարուստ մարդ մըն էր եւ բազմաթիւ հովիւներ ու հօտեր ունէր Յուդայի հարաւը, որ լեռնային շրջան մըն էր։ Դաւիթ եւ իր մարդիկը «պարիսպ»ի պէս պաշտպանեցին Նաբաղին հովիւներն ու հօտերը։ Յետագային, Դաւիթ մարդ ղրկեց Նաբաղին եւ խնդրեց, որ ‘ձեռքէն եկածը տայ’ ուտելիքի կողմանէ (Ա. Թագ. 25։8, 15, 16)։ Ասիկա տրամաբանական խնդրանք մըն էր, քանի որ Դաւիթ եւ իր մարդիկը պաշտպանած էին Նաբաղին ունեցածը։

Բայց Նաբաղին անունը իր վրան էր, որ կը նշանակէր «Անզգամ» կամ «Անմիտ»։ Ան կոշտ եւ վիրաւորական կերպով պատասխանեց եւ Դաւիթին խնդրանքը մերժեց։ Ասոր համար, Դաւիթ մէկ կտոր պատրաստուեցաւ որ Նաբաղը պատժէ իր այս վիրաւորական եւ անտրամաբանական պատասխանին համար։ Նաբաղին անմտութիւնը սուղի պիտի պայթէր իրեն եւ իր ընտանիքին (Ա. Թագ. 25։2-13, 21, 22

Աբիգիան ըմբռնեց որ այս ծրագրին հետեւանքները շա՜տ գէշ կրնան ըլլալ, եւ քաջութեամբ միջամտեց։ Ան յարգանքով խօսեցաւ Դաւիթին հետ եւ զինք մղեց որ մտածէ Եհովային հետ իր ունեցած փոխյարաբերութեան վրայ։ Ան նաեւ մեծ քանակով ուտելիք բերաւ Դաւիթին, որ յաջորդ թագաւորը պիտի ըլլար, եւ անոր մարդոց։ Իսկ Դաւիթ անդրադարձաւ որ Եհովան այս կինը գործածած էր իրեն արգելք ըլլալու, որպէսզի չընէ բան մը՝ որուն պատճառով Եհովային առջեւ յանցաւոր ելլէ։ Դաւիթ Աբիգիային ըսաւ. «Քու խոհեմութիւնդ [«դատողութիւնդ», ԱԾ] օրհնեալ ըլլայ եւ դուն ալ օրհնեալ ըլլաս, որ այսօր ինծի արգիլեցիր որ արիւն թափեմ» (Ա. Թագ. 25։18, 19, 23-35

Շատ յստակ է թէ բնա՛ւ պիտի չուզենք որ Նաբաղին պէս չգնահատենք այն լաւ բաները որ մարդիկ կ’ընեն մեզի։ Ասկէ զատ, երբ նկատենք թէ խնդիր մը ծագելու վրայ է, լաւ կ’ըլլայ որ մեր կարելին ընենք որպէսզի հարցը շտկենք։ Կրնանք սաղմոսերգուին պէս Աստուծոյ ըսել. «Սորվեցո՛ւր ինծի դատողութեան ու գիտութեան բարիքները» (Սաղ. 119։66, ԱԾ

Երբ այսպէս վարուինք, ուրիշներ կրնան մեր իմաստութիւնն ու լաւ դատողութիւնը նկատել։ Նոյնիսկ եթէ չարտայայտուին, անոնք կրնան Դաւիթին պէս զգալ, որ ըսաւ. «Քու դատողութիւնդ օրհնեա՜լ ըլլայ»։