Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յօժա՞ր ես համբերութեամբ սպասելու

Յօժա՞ր ես համբերութեամբ սպասելու

«Դո՛ւք ալ համբերութիւն ունեցէ՛ք» (ՅԱԿ. 5։8

ԵՐԳԵՐ. 78, 139

1, 2. ա) Թերեւս ի՞նչ պատճառներով հարցնենք «Մինչեւ ե՞րբ»։ բ) Անցեալի հաւատարիմ անհատներուն օրինակը ինչո՞ւ կրնայ քաջալերել մեզ։

«ՄԻՆՉԵՒ ե՞րբ»։ Եսայի եւ Ամբակում հաւատարիմ մարգարէները այս հարցումը հարցուցին (Եսա. 6։11. Ամբ. 1։2)։ Նմանապէս, երբ Դաւիթ թագաւոր 13–րդ սաղմոսը կը գրէր, չորս անգամ հարցուց՝ «Մինչեւ ե՞րբ» (Սաղ. 13։1, 2)։ Իսկ երբ Յիսուս Քրիստոս տեսաւ թէ իր շուրջի մարդիկը հաւատք չունին, նոյն հարցումը հարցուց (Մատ. 17։16)։ Ներկայիս, թերեւս մենք ալ ատեններ այս հարցումը հարցնենք։

2 Ի՞նչը կրնայ ձգել որ «Մինչեւ ե՞րբ» հարցնենք։ Թերեւս անարդար բան մը պատահած է մեզի։ Կամ կրնայ ըլլալ որ հիւանդ ենք կամ տարիքով կը մեծնանք։ Թերեւս սթրես կը զգանք, քանի որ կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Կամ թերեւս մեր շուրջիններուն սխալ մտածելակերպը մեր հոգեկանը կը յոգնեցնէ։ Ինչ ալ ըլլայ մեր պարագան, շատ քաջալերական է գիտնալ, թէ անցեալին՝ Եհովային հաւատարիմ ծառաները ազատօրէն այս հարցումը հարցուցին, եւ Եհովան չմեղադրեց զանոնք։

3. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, երբ դժուար պայմաններու մէջ ըլլանք։

3 Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ երբ այսպիսի դժուար պայմաններու մէջ ըլլանք։ Աստուած Յիսուսի խորթ եղբայրը՝ Յակոբոսը, մղեց որ ըսէ. «Համբերո՛ղ եղէք, ե՛ղբայրներ, մինչեւ Տէրոջը գալուստը» (Յակ. 5։7)։ Ուրեմն, բոլորս համբերող ըլլալու պէտք ունինք։ Տեսնենք թէ համբերող ըլլալ ի՛նչ կը նշանակէ, եւ ինչպէ՛ս կրնանք համբերութեամբ վարուիլ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՀԱՄԲԵՐՈՂ ԸԼԼԱԼ

4, 5. ա) Համբերող ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք համբերող ըլլալ։ բ) Յակոբոս ի՞նչ բացատրութիւն տուաւ համբերող ըլլալուն մասին (տե՛ս բացման նկարը)։

4 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ համբերութիւնը կամ երկայնմտութիւնը Աստուծոյ սուրբ հոգիէն կու գայ։ Առանց Աստուծոյ օգնութեան, անկատար մարդիկը չեն կրնար պէտք եղած չափով համբերող ըլլալ։ Համբերութիւնը Աստուծոյ կողմէ նուէր մըն է, եւ երբ համբերող ըլլանք՝ կը փաստենք թէ զինք կը սիրենք։ Նաեւ, համբերելով՝ կը ցուցնենք թէ ուրիշները կը սիրենք։ Երբ համբերող չըլլանք, ուրիշներուն եւ մեր միջեւ եղած սէրը կը տկարանայ (Ա. Կոր. 13։4. Գաղ. 5։22)։ Համբերող ըլլալը կապ ունի ուրիշ յատկութիւններու հետ։ Օրինակ՝ ատիկա կապ ունի տոկալուն հետ, այսինքն՝ դժուար պայմաններուն հետ գլուխ ելլել մինչ դրական կեցուածք մը ունինք (Կող. 1։11. Յակ. 1։3, 4)։ Համբերող ըլլալը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ Եհովային հաւատարիմ մնանք՝ ի՛նչ խնդիր ալ ունենանք։ Ատիկա նաեւ կ’օգնէ որ ուրիշներէն վրէժ չառնենք երբ մեզ նեղացնեն։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ պէտք է յօժար ըլլանք սպասելու։ Ասիկա յստակ է Յակոբոս 5։7, 8–ին մէջ (կարդա՛

5 Ինչո՞ւ պէտք է յօժար ըլլանք սպասելու Եհովային որ բան մը ընէ։ Յակոբոս աշակերտը մեր պարագան կը նմանցնէ հողագործին պարագային։ Թէեւ հողագործը ծանր կ’աշխատի որ ցանէ, բայց անոր ձեռքը չէ բոյսերուն աճումը, ոչ ալ օդին ինչպէ՛ս ըլլալը։ Ան չի կրնար ժամանակը արագացնել։ Ան պէտք է համբերութեամբ սպասէ «երկրին պատուական պտուղին»։ Նոյն կերպով, շատ բաներ կան որոնք մեր ձեռքը չեն, մինչ կը սպասենք որ Եհովային խոստումները կատարուին (Մար. 13։32, 33. Գործք 1։7)։ Պէտք է հողագործին պէս համբերութեամբ սպասենք։

6. Միքիա մարգարէէն ի՞նչ կը սորվինք։

6 Միքիա մարգարէն մեզի պէս դժուար պայմաններ ունէր։ Ան ապրեցաւ Աքազ չար թագաւորին օրերուն, երբ երկիրը լեցուն էր փտածութիւնով։ Ժողովուրդը չարութիւն ընելու մէջ վարպետ դարձած էր (կարդա՛ Միքիա 7։1-3)։ Միքիան անդրադարձաւ որ անձամբ չէր կրնար վիճակը փոխել։ Անոր ձեռքէն ի՞նչ կու գար։ Ան կ’ըսէ. «Բայց ես Տէրոջը պիտի սպասեմ, իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ [«համբերութեամբ պիտի սպասեմ», ՆԱ], իմ Աստուածս ինծի պիտի լսէ» (Միք. 7։7)։ Մենք ալ Միքիային պէս պէտք է ‘համբերութեամբ սպասենք’։

7. Ինչո՞ւ չի բաւեր որ պարզապէս սպասենք որ Եհովան իր խոստումները կատարէ։

7 Եթէ Միքիային պէս հաւատք ունենանք, յօժար պիտի ըլլանք Եհովային սպասելու։ Մեր պարագան չի նմանիր այն բանտարկեալին պարագային, որ կը սպասէ մահապատիժի ենթարկուելու օրուան։ Ան ստիպուած է սպասել, եւ այս սպասումը հաճելի չէ իրեն համար։ Մեր պարագան որքա՜ն տարբեր է։ Մենք յօժար ենք Եհովային սպասելու, քանի որ գիտենք թէ ճիշդ ժամանակին պիտի կատարէ իր խոստումը. յաւիտենական կեանք տալ մեզի։ Ասոր համար, մենք համբերութեամբ եւ ուրախութեամբ կը տոկանք (Կող. 1։11, 12)։ Եթէ սպասենք գանգատելով ու տրտնջալով որ Եհովան դանդաղ կը գործէ, ան մեզմով ուրախ պիտի չմնայ (Կող. 3։12

ՀԱՄԲԵՐՈՂ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԱՆՁԵՐ

8. Լաւ կ’ըլլայ որ ի՞նչ բաներ մտքերնիս պահենք, մինչ հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներուն օրինակին վրայ կը խոկանք։

8 Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ աւելի յօժար ըլլանք սպասելու։ Միտքերնիս բերենք հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ, որոնք անցեալին համբերութեամբ սպասեցին Եհովային որ իր խոստումները կատարէ (Հռով. 15։4)։ Մինչ անոնց օրինակին վրայ կը խոկանք, մտքերնիս պահենք որ անոնք որքա՛ն սպասեցին, ինչո՛ւ յօժար էին սպասելու եւ ի՛նչ օրհնութիւններ վայելեցին քանի որ համբերեցին։

Աբրահամ երկար տարիներ սպասեց որ իր թոռնիկները՝ Եսաւն ու Յակոբը, ծնին (տե՛ս պարբերութիւն 9, 10)

9, 10. Աբրահամ եւ Սառա որքա՞ն սպասեցին Եհովային։

9 Նկատի առ Աբրահամին ու Սառային օրինակը։ Անոնք այն անհատներէն են, որոնք «հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին»։ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ թէ Աբրահամ համբերելէ ետք, Եհովայէն խոստում ստացաւ որ զինք պիտի օրհնէր եւ իր սերունդը շատցնէր (Եբ. 6։12, 15)։ Աբրահամ ինչո՞ւ պէտք ունէր համբերելու։ Քանի որ ժամանակ պիտի առնէր որ այս խոստումը կատարուէր։ Ք.Ա. 1943–ի նիսան 14–ին, Աբրահամն ու Սառան եւ իրենց տան բոլոր անդամները կտրեցին Եփրատ գետը եւ Աւետեաց երկիրը մտան։ Բայց Աբրահամ տակաւին պէտք էր 25 տարի սպասէր, որ իր տղան Իսահակը ծնէր Ք.Ա. 1918–ին, եւ ետքը 60 տարի ալ սպասէր, որ իր թոռները՝ Եսաւն ու Յակոբը, ծնէին Ք.Ա. 1858–ին (Եբ. 11։9

10 Աբրահամ Աւետեաց երկրին որքա՞նը ժառանգեց։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Աստուած «[Աբրահամին] ժառանգութիւն չտուաւ, ոչ ալ ոտքի քայլ մը տեղ, բայց խոստացաւ որ ասիկա իրեն տայ իբրեւ կալուածք եւ իրմէ յետոյ իր սերունդին, երբ դեռ ինք որդի չունէր» (Գործք 7։5)։ Աբրահամ Եփրատ գետը կտրելէն 430 տարի ետքն էր որ իր սերունդը դարձաւ այն ազգը, որ այդ երկրին մէջ պիտի ապրէր (Ել. 12։40-42. Գաղ. 3։17

11. Աբրահամ ինչո՞ւ յօժար էր Եհովային սպասելու, եւ այս պատճառով ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի տեսնէ։

11 Աբրահամ յօժար էր սպասելու, քանի որ Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունէր (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։8-12)։ Աբրահամ ուրախութեամբ սպասեց, հակառակ որ խոստումին լման կատարումը չտեսաւ իր կեանքին ընթացքին։ Երեւակայէ թէ ան որքա՜ն պիտի ուրախանայ երբ դրախտային երկրի վրայ յարութիւն առնէ։ Ան պիտի զարմանայ երբ իր եւ իր ընտանիքին պատմութեան մասին կարդայ Սուրբ Գիրքին շատ մը մասերուն մէջ *։ Նաեւ երեւակայէ թէ ան որքա՜ն պիտի հրճուի, երբ առաջին անգամ ըլլալով հասկնայ, թէ ի՛նչ կարեւոր դեր խաղցած է Եհովային նպատակը կատարուելուն մէջ, այսինքն՝ խոստացեալ սերունդին գալուն մէջ։ Անկասկած, ան պիտի զգայ որ այդքան սպասելը կ’արժէր։

12, 13. Յովսէփ ինչո՞ւ պէտք ունէր համբերութեան, եւ ան ի՞նչ դրական կեցուածք ունէր։

12 Նաեւ Աբրահամին թոռնիկին որդին Յովսէփը յօժար էր սպասելու։ Ան զոհ գնաց շատ գէշ անարդարութիւններու։ Նախ, երբ ան շուրջ 17 տարեկան էր, իր եղբայրները զինք որպէս գերի ծախեցին։ Ետքը, անոր մասին սուտ խօսուեցաւ, թէ փորձած էր իր տիրոջ կինը բռնաբարել, եւ այս պատճառով բանտ մտաւ (Ծն. 39։11-20. Սաղ. 105։17, 18)։ Այնպէս կ’երեւէր թէ Յովսէփ օրհնուելու տեղ կը պատժուէր, հակառակ որ Աստուծոյ հաւատարիմ էր։ Բայց 13 տարի ետք ամէն բան շատ արագ փոխուեցաւ։ Ան բանտէն ելաւ եւ Եգիպտոսին երկրորդ ամէնէն բարձր դիրքին նշանակուեցաւ (Ծն. 41։14, 37-43. Գործք 7։9, 10

13 Անարդարութիւնները ձգեցի՞ն որ Յովսէփ կեանքէն գանի։ Ան զգա՞ց որ Եհովան զինք երեսի վրայ ձգած էր։ Ո՛չ։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց որ համբերութեամբ սպասէ։ Եհովային հանդէպ իր հաւատքը։ Ան անդրադարձաւ որ հարցերը Եհովային ձեռքին մէջն էին։ Ասիկա յայտնի է իր խօսքերէն որ իր եղբայրներուն ըսաւ. «Մի՛ վախնաք, միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ եւ թէպէտ դուք ինծի դէմ չարութիւն խորհեցաք, բայց Աստուած զայն աղէկի դարձնել խորհեցաւ. այնպէս որ այս օրուան եղածին պէս» (Ծն. 50։19, 20)։ Ի վերջոյ, Յովսէփ ըմբռնեց որ սպասելը կ’արժէր։

14, 15. ա) Դաւիթին համբերութեան մասին ի՞նչ բան տպաւորիչ է։ բ) Ի՞նչը Դաւիթին օգնեց որ համբերութեամբ սպասէ։

14 Դաւիթ թագաւորն ալ շատ մը անարդարութիւններու զոհ գնաց։ Թէեւ Եհովան զինք պատանի տարիքէն օծած էր որ Իսրայէլին թագաւորը ըլլայ, բայց ան շուրջ 15 տարի սպասեց, որ իր տոհմի՛ն վրայ սկսի թագաւորել (Բ. Թագ. 2։3, 4)։ Դաւիթ այդ ժամանակին մէկ մասը անցուց Սաւուղ թագաւորէն փախչելով, քանի որ ան կ’ուզէր զինք մեռցնել *։ Այս պատճառով, ան փախստականի պէս ապրեցաւ՝ ատեններ օտար երկրի մը մէջ, եւ ատեններ անապատին քարայրներուն մէջ։ Ի վերջոյ, Սաւուղ պատերազմի մը մէջ մահացաւ, բայց Դաւիթ շուրջ եօթը տարի ալ սպասեց որ ամբողջ իսրայէլ ազգին վրայ թագաւոր ըլլայ (Բ. Թագ. 5։4, 5

15 Դաւիթ ինչո՞ւ յօժար էր համբերութեամբ սպասելու։ Ան մեզի պատասխանը կու տայ նոյն սաղմոսին մէջ, ուր չորս անգամ հարցուց՝ «Մինչեւ ե՞րբ»։ Ան կ’ըսէ. «Ես քու ողորմութեանդ յուսացի, իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ։ Պիտի երգեմ Տէրոջը, վասն զի ինծի բարերարութիւն ըրաւ» (Սաղ. 13։5, 6)։ Ան գիտէր թէ Եհովան զինք կը սիրէ եւ միշտ հաւատարմութեամբ պիտի վարուի իրեն հետ։ Ան մտածեց այն ժամանակներուն մասին, երբ Եհովան իրեն օգնած էր, եւ չորս աչքով սպասեց որ Եհովան զինք փրկէ։ Իրապէս, Դաւիթ գիտէր թէ սպասելը կ’արժէր։

Եհովան մեզմէ չէ խնդրած բան մը որ ինք պատրաստ չէ ընելու

16, 17. Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս ինչպէ՞ս հոյակապ օրինակներ են յօժարութեամբ սպասելուն մէջ։

16 Եհովան մեզմէ չէ խնդրած բան մը որ ինք պատրաստ չէ ընելու։ Ան ոեւէ մէկէ աւելի յօժար է համբերելու (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։9)։ Օրինակ, Եհովան հազարաւոր տարիներէ ի վեր համբերութեամբ ‘կը սպասէ’ որ իր անունը սրբացուի, քանի որ Սատանան Եդեմի պարտէզին մէջ ըսաւ որ ինք անարդար է։ Երբ ասիկա տեղի ունենայ, հոյակապ օրհնութիւններ պիտի վայելեն անոնք, որոնք չորս աչքով «անոր կը սպասեն» (Եսա. 30։18

17 Յիսուս ալ յօժար է համբերելու։ Թէեւ ան երկրի վրայ հաւատարիմ մնաց մինչեւ մահ, եւ Ք.Ե. 33–ին՝ իր զոհին արժէքը ներկայացուց Եհովային, բայց մինչեւ 1914 սպասեց որ սկսի թագաւորել (Գործք 2։33-35. Եբ. 10։12, 13)։ Յիսուս տակաւին պէտք է սպասէ մինչեւ իր Հազարամեայ իշխանութեան վերջը, որ իր բոլոր թշնամիները կործանին (Ա. Կոր. 15։25)։ Ասիկա երկար ժամանակ մըն է, բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ սպասելը պիտի արժէ։

Ի՞ՆՉԸ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ՄԵԶԻ

18, 19. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ յօժար ըլլանք համբերութեամբ սպասելու։

18 Յստակ է թէ ամէն մէկս պէտք է համբերէ եւ յօժար ըլլայ սպասելու։ Բայց ի՞նչը պիտի օգնէ մեզի ասոր մէջ։ Աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ։ Յիշէ թէ համբերութիւնը կամ երկայնմտութիւնը սուրբ հոգիին պտուղին մէկ երեսակն է (Եփ. 3։16. 6։18. Ա. Թես. 5։17-19)։ Եհովային աղաչէ որ քեզի օգնէ համբերութեամբ տոկալու։

19 Նաեւ յիշէ որ ի՛նչը օգնեց Աբրահամին, Յովսէփին եւ Դաւիթին որ համբերութեամբ սպասեն, որ Եհովային խոստումները կատարուին։ Իրենց հաւատքն ու վստահութիւնը Եհովային հանդէպ։ Անոնք չկեդրոնացան իրենց անձին եւ իրենց հանգստութեան վրայ։ Երբ մտածենք թէ անոնք ի՛նչ օրհնութիւններ ստացան, մենք ալ պիտի քաջալերուինք համբերութեամբ սպասելու։

20. Ի՞նչ վճռած ենք ընել։

20 Թէեւ դժուարութիւններ կ’ունենանք, մտքերնիս դրած ենք որ համբերութեամբ սպասենք։ Ճիշդ է որ ատեններ կ’ըսենք՝ «Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր իմ» (Եսա. 6։11). բայց Եհովայի սուրբ հոգիին օգնութեամբ կրնանք Երեմիային պէս ըսել. «Եհովան իմ բաժինս է, այս պատճառով համբերութեամբ պիտի սպասեմ անոր» (Ող. 3։21, 24, ՆԱ

^ պարբ. 11 Ծննդոց գիրքին մէջ, շուրջ 15 գլուխներ կը խօսին Աբրահամին մասին։ Ասկէ զատ, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները Աբրահամին կ’ակնարկեն աւելի քան 70 անգամ։

^ պարբ. 14 Սաւուղին թագաւորելուն աւելի քան երկու տարի եղած էր, երբ Եհովան զինք մերժեց որպէս թագաւոր։ Բայց Եհովան թոյլ տուաւ որ Սաւուղ 38 տարի ալ շարունակէ թագաւորել մինչեւ իր մահը (Ա. Թագ. 13։1. Գործք 13։21