Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Փորձութիւններու ներքեւ տոկալը օրհնութիւններ կը բերէ

Փորձութիւններու ներքեւ տոկալը օրհնութիւններ կը բերէ

«ԴՈՒՆ շա՛տ անգութ հայր ես», յանդիմանեց Քը.Կէ.Պէ. սպան *։ «Դուն ձգած ես յղի կինդ եւ պզտիկ աղջիկդ։ Ո՞վ հաց պիտի հայթայթէ եւ հոգ տանի իրենց։ Հրաժարէ՛ քու գործունէութենէդ եւ տո՛ւնդ գնա»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ես չեմ ձգած ընտանիքս։ Դո՛ւք զիս ձերբակալեցիք։ Ինչո՞ւ համար»։ Սպան պատասխանեց. «Որեւէ ուրիշ ոճիր աւելի լաւ է, քան Եհովայի վկայ ըլլալը»։

Այդ խօսակցութիւնը տեղի ունեցաւ 1959–ին, Ռուսիոյ Իրքութսք քաղաքին բանտի մը մէջ։ Կ’ուզեմ պատմել թէ ինչու իմ կինս՝ Մարիան եւ ես պատրաստ էինք ‘արդարութեան համար չարչարուելու’ եւ ինչպէս հաւատարիմ մնալով օրհնուեցանք (Ա. Պետ. 3։13, 14

Ես ծնած եմ 1933–ին, Ուքրանիայի Զօլոթնիքի գիւղին մէջ։ 1937–ին մօրաքոյրս եւ իր ամուսինը, որոնք Վկաներ էին, Ֆրանսայէն այցելեցին մեզի եւ տուին Կառավարութիւն եւ Ազատագրութիւն գիրքերը, հրատարակուած՝ Դիտարանի ընկերութեան կողմէ։ Երբ հայրս կարդաց այդ գիրքերը, Աստուծոյ հանդէպ հաւատք արթնցաւ իր մէջ։ Ցաւօք սրտի, 1939–ին ան շատ հիւանդ եղաւ, բայց առաջ որ մեռնի մօրս ըսաւ. «Ասիկա ճշմարտութիւնն է։ Զայն պզտիկներուն սորվեցուր»։

ՍԻՊԵՐԻԱ՝ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԴԱՇՏ

1951–ի ապրիլին, իշխանութիւնները սկսան Վկաները Խորհրդային Միութեան արեւմտեան շրջանէն աքսորել Սիպերիա։ Ես, մայրս եւ պզտիկ եղբայրս՝ Կրիկորին, աքսորուեցանք Արեւմտեան Ուքրանիայէն։ Շոգեկառքով աւելի քան 6000 քմ. ճամբորդելէ ետք, հասանք Սիպերիայի Թուլուն քաղաքը։ Երկու շաբաթ ետք, մեծ եղբայրս՝ Պոկտանը, հասաւ մօտակայ Անկարսք քաղաքին ճամբարը։ Զինք 25 տարուան տաժանակիր աշխատանքի դատապարտած էին։

Ես, մայրս եւ Կրիկորին Թուլունի շուրջ եղող բնակավայրերուն մէջ կը քարոզէինք, բայց պէտք է հնարամիտ ըլլայինք։ Օրինակ, կը հարցնէինք՝ «Հոս ոեւէ մէկը կով կը ծախէ՞»։ Երբ կը գտնէինք մէկը որ կով կը ծախէր, անոր կ’ըսէինք թէ կովին կազմուածքը ի՜նչ հրաշալի է։ Ետքը կը սկսէինք Ստեղծիչին մասին խօսիլ։ Այդ ատեն, օրաթերթ մը գրեց Վկաներու մասին, թէ անոնք կովերու մասին կը հարցնեն, բայց մենք գիտէիք որ մեր փնտռածը ոչխարներ է։ Իրա՜ւ, ոչխարանման անհատներ գտանք։ Մեծ հաճոյք էր սերտել Սուրբ Գրութիւնները խոնարհ եւ հիւրընկալ մարդոց հետ այդ չնշանակուած թաղամասին մէջ։ Այսօր Թուլունի մէջ ժողովք մը կայ, որ աւելի քան 100 հրատարակիչ ունի։

ՄԱՐԻԱՅԻ ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԸ ՓՈՐՁՈՒԻ

Կինս՝ Մարիան, ճշմարտութեան եկաւ Ուքրանիայի մէջ Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին։ Երբ ան 18 տարեկան էր, Քը.Կէ.Պէ. սպայ մը սկսաւ զինք նեղել եւ դրդել որ հետը անբարոյութիւն գործէ, բայց Մարիան հաստատօրէն մերժեց իր առաջարկները։ Օր մը ան տուն վերադարձաւ եւ տեսաւ որ սպան իր անկողինին վրայ երկնցած է, ուստի շուտով փախաւ։ Կատաղած՝ սպան սպառնաց Մարիան խուցի մէջ դնել Վկայ ըլլալուն համար. եւ իսկապէս, 1952–ին զինք 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտեցին։ Ան Յովսէփի պէս զգաց, որ բանտարկուեցաւ իր ուղղամտութիւնը պահելուն համար (Ծն. 39։12, 20)։ Մարիան դատարանէն բանտ տանող անձը իրեն ըսաւ. «Մի՛ վախնար։ Շատեր բանտ կը մտնեն, բայց բարձր արժանապատուութեամբ դուրս կ’ելլեն»։ Այս խօսքերը զօրացուցին զինք։

1952-1956 Մարիան ծառայեց Ռուսիոյ Կորքի (այժմու Նիժնի Նովկորոտ) քաղաքին մօտ եղող տաժանակրութեան ճամբարի մը մէջ։ Անոր պարտականութիւնն էր ծառերը արմատէն հանել, նոյնիսկ ցուրտ օդին։ Անոր առողջութիւնը տուժեց, բայց 1956–ին ազատ արձակուեցաւ եւ գնաց Թուլուն։

ԿՆՈՋՄԷՍ ԵՒ ՊԶՏԻԿՆԵՐԷՍ ՀԵՌՈՒ

Երբ Թուլունի մէջ եղբայր մը ինծի ըսաւ որ քոյր մը կու գայ, հեծիկովս գացի պասին կայանը՝ զինք դիմաւորելու եւ իր պայուսակները կրելու։ Երբ Մարիան տեսայ, անմիջապէս զինք հաւնեցայ։ Թէեւ ջանք պահանջուեցաւ որ իր սիրտը շահիմ, բայց կրցայ յաջողիլ. 1957–ին ամուսնացանք։ Մէկ տարի ետք, մեր աղջիկը՝ Իրինան ծնաւ։ Սակայն անոր հետ ըլլալու ուրախութիւնը կարճատեւ եղաւ, քանի որ 1959–ին ձերբակալուեցայ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ տպագրելուն համար։ Վեց ամիս անցուցի առանձնացած բանտարկութեան մէջ։ Որպէսզի կարենամ սրտիս խաղաղութիւնը պահպանել, միշտ կ’աղօթէի, Թագաւորութեան երգեր կ’երգէի, եւ կ’երեւակայէի թէ ինչպէս պիտի քարոզեմ եթէ նորէն ազատութեան մէջ ըլլամ։

1962–ին, մինչ տաժանակրութեան ճամբարի մէջ կ’ապրէի

Բանտին մէջ հարցաքննութեան մը ընթացքին քննիչը պոռաց. «Մօտ օրէն ձեզի վերջ պիտի դնենք, ինչպէս որ ոտքով կը ճզմենք մուկը»։ Ես ալ պատասխանեցի. «Յիսուս ըսաւ որ Թագաւորութեան բարի լուրը ՊԻՏԻ քարոզուի բոլոր ազգերուն մէջ, եւ ո՛չ մէկը կրնայ ասիկա կեցնել»։ Քննիչը թաքթիքը փոխելով փորձեց համոզել զիս որ հաւատքս ուրանամ, ինչպէս բացման մէջ նշեցի։ Երբ ո՛չ սպառնալիքը, ոչ ալ հրապոյրը յաջողեցան, զիս դատապարտեցին եօթը տարուան տաժանակիր աշխատանքի՝ Սարանսք քաղաքին մօտ եղող ճամբարի մէջ։ Ճամբարի ճանապարհին իմացայ որ մեր երկրորդ աղջիկը՝ Օլկան ծնաւ։ Թէեւ կինս եւ աղջիկներս ինձմէ հեռու էին, կը մխիթարուէի այն գաղափարով, որ Մարիան եւ ես հաւատարիմ մնացեր ենք Եհովային։

1965–ին, Մարիան եւ մեր աղջիկները՝ Օլկան եւ Իրինան

Տարին մէկ անգամ Մարիան շոգեկառքով կը ճամբորդէր Սարանսք որ ինծի այցելէ, հակառակ որ Թուլունէն Սարանսք երթալ–գալը 12 օր կ’առնէր։ Ամէն տարի ան ինծի կը բերէր զոյգ մը նոր մոյկ (մինչեւ ծունկը հասնող կօշիկ), կրունկին մէջ դրած ըլլալով Դիտարան–ի վերջին թիւերը։ Տարի մը, Մարիայի այցելութիւնը մասնայատուկ էր, քանի որ իրեն հետ բերաւ մեր երկու աղջիկները։ Երեւակայէ, որչա՜փ ազդուեցայ զիրենք տեսնելով եւ հետերնին ժամանակ անցընելով։

ՆՈՐ ՎԱՅՐԵՐ ԵՒ ՆՈՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1966–ին ազատ արձակուեցայ տաժանակրութեան ճամբարէն եւ չորսս փոխադրուեցանք Սեւ ծովին մօտ եղող Արմավիր քաղաքը։ Այնտեղ մեր որդիները Եարոսլաւ ու Փավէլ ծնան։

Շատ չանցած, Քը.Կէ.Պէ. սպաները սկսան մեր տունը խուզարկել՝ փնտռելով աստուածաշնչական հրատարակութիւններ։ Անոնք ամէն տեղ կը փնտռէին, նոյնիսկ՝ կովերուն յատկացուած կերակուրներուն մէջ։ Անգամ մը անոնք տաքութեան պատճառաւ քրտնեցան, եւ իրենց համազգեստները փոշիով ծածկուեցան։ Մարիան խղճաց անոնց վրայ, քանի որ անոնք պարզապէս հրամաններուն կը հնազանդէին։ Ան իրենց օշարակ հրամցուց եւ բերաւ հագուստի խոզանակ, ջուրով լեցուն դոյլ եւ անձեռոցներ։ Աւելի ուշ, երբ անոնց մեծաւորը եկաւ, իրեն պատմեցին թէ ի՜նչ ազնուութեամբ իրենց հետ վարուեցանք։ Երթալու ատեն, մեծաւորը ժպտուն դէմքով ‘Մնաք բարով’ ըսաւ։ Ուրախ էինք տեսնելով դրական արդիւնքը, երբ կը ջանանք ‘բարիով յաղթել չարին’ (Հռով. 12։21

Հակառակ խուզարկութիւններուն, մենք շարունակեցինք քարոզել Արմավիրի մէջ։ Նաեւ օգնեցինք որ մօտակայ Քուրկանինսք գիւղաքաղաքի հրատարակիչներու պզտիկ խումբը զօրանայ։ Շատ ուրախ եմ, որ այսօր Արմավիրի մէջ վեց ժողովք կայ, իսկ Քուրկանինսքի մէջ՝ չորս։

Տարիներու ընթացքին եղան անգամներ, երբ հոգեւորապէս տկարացանք։ Բայց շնորհակալ ենք Եհովայէն որ հաւատարիմ եղբայրներու միջոցաւ մեզ սրբագրեց եւ հոգեւորապէս զօրացուց (Սաղ. 130։3)։ Մեզի համար նաեւ լուրջ փորձութիւն էր ծառայել Քը.Կէ.Պէ. գործակալներու հետ, որոնք գաղտնօրէն ժողովքներէն ներս մտած էին։ Անոնք նախանձախնդիր կ’երեւէին եւ դաշտի ծառայութեան մէջ գործունեայ էին։ Ոմանք նոյնիսկ պատասխանատուութիւններ ստացան կազմակերպութեան մէջ։ Սակայն ժամանակի ընթացքին՝ անոնց իսկական ինքնութիւնը մէջտեղ հանեցինք։

1978–ին, Մարիան 45 տարեկան էր եւ նորէն յղի մնաց։ Որովհետեւ ան սրտի երկարատեւ հիւանդութիւն մը ունէր, բժիշկները վախցան իր կեանքին վրայ եւ փորձեցին համոզել որ պզտիկը վիժեցնէ։ Մարիան մերժեց։ Ասոր վրայ, կարգ մը բժիշկներ իրենց ձեռքը ներարկիչ մը առնելով՝ զինք հետապնդեցին ամբողջ հիւանդանոցին մէջ՝ փորձելով կանխահաս ծննդաբերութիւն պատճառել։ Չծնած մանուկը պաշտպանելու համար, Մարիան հիւանդանոցէն փախաւ։

Քը.Կէ.Պէ. հրամայեց որ ձգենք քաղաքը։ Փոխադրուեցանք Էսթոնիա, որ այն ատեն Խորհրդային Միութեան մէկ մասն էր։ Բնակեցանք Թալին քաղաքին մօտ եղող գիւղի մը մէջ։ Հակառակ բժիշկներուն գուշակութեան, Մարիան Թալինի մէջ առողջ որդի ծնաւ, որ կոչեցինք Վիթալի։

Յետագային, Էսթոնիայէն փոխադրուեցանք Ռուսիոյ հարաւը գտնուող Նեզլոպնայա։ Զգուշօրէն կը քարոզէինք մօտակայ հանգստավայրերը, ուր երկրի չորս անկիւններէն մարդիկ կ’այցելէին։ Անոնք կու գային առողջապահական նպատակներով, բայց ոմանք յաւիտենական կեանքի յոյսով վերադարձան։

ԵՀՈՎԱՆ ՍԻՐՈՂ ԶԱՒԱԿՆԵՐ ՄԵԾՑՆԵԼ

Ջանացինք մեր որդիներուն եւ աղջիկներուն մէջ Եհովայի հանդէպ սէր եւ իրեն ծառայելու փափաք զարգացնել։ Յաճախ մեր տունը եղբայրներ կը հրաւիրէինք, որոնք լաւ ազդեցութիւն ունէին մեր զաւակներուն վրայ։ Մեզի կանոնաւորաբար կ’այցելէր եղբայրս՝ Կրիկորին, որ 1970-1995 շրջագայող տեսուչ էր։ Ամբողջ ընտանիքը կը վայելէր իր այցելութիւնները, քանի որ ան զուարթ էր եւ մեզ կը զուարճացնէր։ Երբ հիւրեր կ’ունենայինք, յաճախ աստուածաշնչական խաղեր կը խաղայինք, եւ այսպէս մեր զաւակները սիրեցին Սուրբ Գիրքի պատմական արձանագրութիւնները։

Որդիներս եւ անոնց կիները

Ձախէն աջ, ետեւի շարքը՝ Եարոսլաւ, Փավէլ Կրտսեր, Վիթալի

Առջեւի շարքը՝ Ալեոնա, Ռայա, Սվեթլանա

1987–ին, մեր որդին՝ Եարոսլաւ փոխադրուեցաւ Լաթվիայի Ռիկա քաղաքը, ուր աւելի ազատօրէն կրցաւ քարոզել։ Բայց երբ մերժեց զինուորական ծառայութիւնը, զինք դատապարտեցին մէկուկէս տարուան բանտարկութեան. ան ինը բանտերու մէջ ժամանակ անցուց։ Իմ բանտարկութեանս փորձառութիւնները, որ պատմած էի իրեն, օգնեցին որ տոկայ։ Ետքը, ան սկսաւ ծառայել որպէս ռահվիրայ։ 1990–ին մեր 19 տարեկան որդին՝ Փավէլ ուզեց ծառայել որպէս ռահվիրայ Սախալին կղզիին մէջ, որ Ճափոնի հիւսիսը կը գտնուի։ Սկիզբը չուզեցինք որ երթայ։ Ամբողջ կղզիին վրայ կար միայն 20 հրատարակիչ, եւ մենք կը բնակէինք կղզիէն աւելի քան 9000 քմ. հեռու։ Բայց ի վերջոյ համաձայնեցանք, եւ ատիկա լաւ որոշում էր։ Այդտեղի մարդիկը ընդառաջեցին Թագաւորութեան պատգամին։ Քանի մը տարուան ընթացքին, ութ ժողովքներ հաստատուեցան։ Փավէլ Սախալինի մէջ ծառայեց մինչեւ 1995։ Մինչ այդ, մեր ամէնէն պզտիկ որդին՝ Վիթալին մեզի հետ էր։ Ան մանկութենէն կը սիրէր Աստուածաշունչ կարդալ։ Երբ 14 տարեկան էր, ռահվիրայութեան սկսաւ, եւ ես իրեն հետ երկու տարի ռահվիրայութիւն ըրի։ Հոյակա՜պ ժամանակ էր։ Իսկ երբ ան 19 տարեկան էր, մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուելով տունը ձգեց։

Նախապէս, 1952–ին Քը.Կէ.Պէ. սպայ մը Մարիային ըսած էր. «Հաւատքդ ուրացիր, թէ ոչ՝ տաս տարի պիտի բանտարկուիս։ Երբ դուրս ելլես, ծեր եւ միայնակ պիտի ըլլաս»։ Բայց կեանքը բոլորովին տարբեր ուղղութիւն առաւ։ Մենք տեսանք մեր հաւատարիմ Եհովա Աստուծոյ եւ մեր զաւակներուն սէրը, ինչպէս նաեւ՝ այն շատ անհատներու սէրը, որոնց օգնեցինք որ ճշմարտութեան գան։ Մարիան եւ ես ուրախութեամբ այցելեցինք այն վայրերը, ուր մեր զաւակները կը ծառայէին։ Տեսանք այն անհատներու երախտապարտութիւնը, որոնք մեր զաւակներուն միջոցաւ Եհովան ճանչցած էին։

ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԵՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

1991–ին, Եհովայի վկաներուն գործունէութիւնը օրինաւոր ճանաչում ստացաւ։ Այդ որոշումը լման նոր թափ տուաւ քարոզչութեան։ Մեր ժողովքը նոյնիսկ պաս գնեց որ կարենանք ամէն շաբաթ ճամբորդել մօտակայ գիւղերը եւ գիւղաքաղաքները։

Կնոջս հետ 2011–ին

Ես ուրախ եմ որ Եարոսլաւ եւ իր կինը՝ Ալեոնան, ինչպէս նաեւ Փավէլ եւ իր կինը՝ Ռայան, Բեթէլի մէջ կը ծառայեն, իսկ Վիթալին եւ իր կինը՝ Սվեթլանան, շրջանային գործին կը մասնակցին։ Մեր մեծ աղջիկը՝ Իրինան եւ իր ընտանիքը Գերմանիոյ մէջ կ’ապրին։ Անոր ամուսինը՝ Վլատիմիրը եւ երեք տղաները երէցներ են։ Մեր աղջիկը՝ Օլկան Էսթոնիայի մէջ կ’ապրի եւ կանոնաւորապէս ինծի կը հեռաձայնէ։ Ցաւօք սրտի, սիրելի կինս Մարիան 2014–ին մահացաւ։ Անհամբեր կը սպասեմ որ զինք նորէն տեսնեմ յարութեան ատեն։ Այժմ կը բնակիմ Պելկորոտ քաղաքին մէջ, եւ այստեղի եղբայրները մեծապէս կ’աջակցին ինծի։

Եհովային ծառայելու տարիներս ինծի սորվեցուցած են, որ ուղղամտութիւն պահելը ատեններ սուղի կը նայի, բայց այն ներքին խաղաղութիւնը, որ Եհովան կու տայ, անգին գանձ է։ Այն օրհնութիւնները որ ես եւ Մարիան հաստատուն մնալով ստացանք, աւելի մեծ էին քան՝ երբեւէ կրնայի երեւակայել։ 1991–ին Խորհրդային Միութեան անկումէն առաջ, միայն շուրջ 40,000 հրատարակիչներ կային։ Այսօր, անոր մաս կազմած երկիրներուն մէջ աւելի քան 400,000 հրատարակիչներ կան։ Այժմ 83 տարեկան եմ եւ կը շարունակեմ ծառայել որպէս երէց։ Միայն Եհովային զօրութեամբ կարողացած եմ տոկալ։ Այո, Եհովան առատօրէն օրհնած է զիս (Սաղ. 13։5, 6

^ պարբ. 4 Քը.Կէ.Պէ. Դաշնութեան անվտանգութեան կոմիտէին ռուսերէն համառօտագրութիւնն է։