Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնանք հին անձնաւորութիւնը հանել եւ անգամ մըն ալ չհագնիլ

Ինչպէ՞ս կրնանք հին անձնաւորութիւնը հանել եւ անգամ մըն ալ չհագնիլ

«Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք» (ԿՈՂ. 3։9

ԵՐԳԵՐ. 83, 129

1, 2. Եհովայի վկաներուն մասին ի՞նչ բան ուշադրութիւն գրաւած է։

ՇԱՏԵՐ նկատած են որ Եհովայի վկաները յատուկ են։ Օրինակ, Էնթան Կիլ հեղինակը գովեց Վկաներուն յատկութիւնները նացի Գերմանիոյ մէջ։ Ան գրեց. «Եհովայի վկաները նացիներուն խոր թշնամութեան առարկայ դարձան։ . . .1939–ին, արդէն իսկ 6000 Վկաներ կային [համակեդրոնացման ճամբարներուն] մէջ»։ Ան կ’աւելցնէ որ թէեւ Վկաները ծանր հալածանք կրեցին, բայց անոնք վստահելի էին, ճնշումի տակ հանդարտ էին, իրենց Աստուծոյ հաւատարիմ էին եւ միացած էին։

2 Վերջերս, Հարաւային Ափրիկէի մէջ ալ մարդիկ այսպիսի յատուկ յատկութիւններ տեսան Եհովայի վկաներուն մէջ։ Ժամանակին, այդ երկրին մէջ չէր արտօնուած, որ տարբեր մորթի գոյն ունեցող Վկաները մէկ տեղ ժողվուին։ Բայց կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2011–ին, Հարաւային Ափրիկէէն եւ դրացի երկիրներէն, տարբեր ցեղերէ եղող աւելի քան 78,000 Վկաներ հաւաքուեցան Ճօհանէսպըրկի ամէնէն մեծ սթատիումին մէջ, որպէսզի հոգեւոր յայտագիր մը վայելեն։ Սթատիումին տնօրէններէն մէկը ըսաւ. «Ասոնք այս սթատիումին մէջ իմ տեսած ամէնէն քաղաքավար մարդիկն են։ Բոլորը կոկիկ հագած են։ Եւ դուք շատ լաւ մաքրած էք սթատիումը։ Բայց ամէնէն կարեւորը, դուք բառին բուն իմաստով բազմացեղ էք»։

3. Մեր եղբայրութիւնը ինչո՞ւ յատուկ է։

3 Ուրեմն, նոյնիսկ Վկայ չեղողները կրնան յստակ կերպով տեսնել, որ մեր համաշխարհային եղբայրութիւնը յատուկ է (Ա. Պետ. 5։9)։ Ինչո՞ւ այսքա՛ն տարբեր ենք ուրիշ որեւէ կազմակերպութենէ։ Մենք շատ ջանք կը թափենք որ ‘հին մարդը մեր վրայէն հանենք’ եւ ‘նոր մարդը հագուինք’, Աստուծոյ Խօսքին եւ իր սուրբ հոգիին օգնութեամբ (Կող. 3։9, 10

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք, եւ ինչո՞ւ։

4 Հին անձնաւորութիւնը մեր վրայէն հանելը բան մըն է, եւ անգամ մըն ալ զայն չհագնիլը՝ ուրիշ բան մը։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հին անձնաւորութիւնը մեր վրայէն հանել, եւ ինչո՛ւ ասիկա շատ կարեւոր է։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ մէկը կրնա՛յ փոխուիլ, որքան ալ խորացած ըլլայ սխալ սովորութիւններու մէջ։ Ետքը, պիտի տեսնենք թէ անոնք որոնք երկար տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ են, ի՛նչ կրնան ընել որ հին անձնաւորութիւնը հանած մնան։ Այս յիշեցումները ինչո՞ւ կարեւոր են։ Ցաւօք սրտի, ոմանք որոնք ժամանակին կը ծառայէին Եհովային, ուշադիր չեն եղած եւ իրենց առաջուան սովորութիւններուն վերադարձած են։ Ուրեմն, ամէն մէկս պէտք է իր ականջին օղ ընէ այս զգուշացումը. «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ» (Ա. Կոր. 10։12

ԱՆԲԱՐՈՅ ՍԵՌԱՅԻՆ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ «ՍՊԱՆՆԵՑԷՔ»

5. ա) Օրինակ մը տուր թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ շուտով հանենք հին անձնաւորութիւնը (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Ըստ Կողոսացիս 3։5-9–ին, ի՞նչ սովորութիւններ կը պատկանին հին անձնաւորութեան։

5 Ի՞նչ կ’ընես եթէ հագուստդ աղտոտի եւ գէշ հոտ ունենայ։ Մէկ վայրկեան առաջ կը հանես զայն։ Նմանապէս, եթէ Եհովային ատած սովորութիւններէն ունինք, պէտք է շուտով փոխուինք։ Պէտք է Պօղոսին խրատին հետեւինք, որ ըսաւ. «Մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը»։ Հիմա նկատի առնենք Պօղոսին նշած մեղաւոր սովորութիւններէն երկուքը՝ պոռնկութիւնը եւ պղծութիւնը (կարդա՛ Կողոսացիս 3։5-9

6, 7. ա) Պօղոսին խօսքը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ թէ պէտք է շատ ջանք թափենք որ հին անձնաւորութիւնը հանենք։ բ) Սաքուրան ինչպիսի՞ կեանք մը կ’ապրէր, եւ ի՞նչը իրեն ոյժ տուաւ որ փոխուի։

6 Պոռնկութիւն։ «Պոռնկութիւն» թարգմանուած յունարէն բառին նշանակութիւնը կը պարփակէ՝ միասեռականութիւնը եւ սեռային յարաբերութիւնը երկու անհատներու միջեւ, որոնք իրարու հետ օրինապէս չեն ամուսնացած։ Պօղոս քրիստոնեաներուն ըսաւ որ սեռային անբարոյութեան նկատմամբ ‘իրենց անդամները սպաննեն’, այսինքն՝ իրենց ցանկութիւնները արմատէն հանեն։ Պօղոսին տուած նկարագրութիւնը կը ցուցնէ թէ պէտք է շատ ջանք թափենք, որ մէջտեղէն վերցնենք այսպիսի սխալ ցանկութիւններ։ Բայց այս պայքարին մէջ կրնա՛նք յաղթել։

7 Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Սաքուրային *, որ Ճափոնէն է։ Մինչ ան կը մեծնար, շատ անգամներ միայնակ ու տխուր կը զգար։ Ան 15 տարեկանէն սկսաւ սեռային յարաբերութիւններ ունենալ տարբեր անձերու հետ, որպէսզի միայնակ չզգայ։ Ան ամչնալով կը խոստովանի. «Այս պատճառով, երեք անգամ վիժում ըրի։ Սկիզբը՝ անբարոյ յարաբերութիւնները կը ձգէին որ ապահով զգամ եւ կարծեմ որ մարդիկ ինծի պէտք ունին եւ զիս կը սիրեն։ Բայց որքա՛ն աւելի սեռային յարաբերութիւն ունեցայ, այնքան աւելի անապահով զգացի»։ Սաքուրան շարունակեց այսպէս ապրիլ մինչեւ 23 տարեկան։ Ետքը, ան սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել Վկաներուն հետ։ Ան իր սորվածները սիրեց, եւ Եհովան իրեն օգնեց որ անբարոյ ապրելակերպը մէկդի ընէ եւ այլեւս յանցաւոր ու ամօթ չզգայ։ Սաքուրան հիմա կանոնաւոր ռահվիրայ է եւ այլեւս միայնակ չի զգար։ Ընդհակառակը, ան կ’ըսէ. «Իրապէս ուրախ եմ որ Եհովային սէրը մորթիս վրայ կը զգամ ամէն օր»։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԵՑՆԵԼ ՊԻՂԾ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

8. Ի՞նչ են կարգ մը բաներ, որոնց պատճառով կրնանք անմաքուր ըլլալ Աստուծոյ աչքին։

8 Պղծութիւն։ Սուրբ Գիրքին մէջ, «պղծութիւն» կամ անմաքրութիւն թարգմանուած բառը միայն սեռային մեղքերուն չ’ակնարկեր։ Ատիկա կրնայ ակնարկել ծխելուն կամ աղտոտ կատակներ պատմելուն (Բ. Կոր. 7։1. Եփ. 5։3, 4)։ Ատիկա նաեւ կ’ակնարկէ այն անմաքուր բաներուն, որ անհատ մը առանձին կ’ընէ, ինչպէս՝ սեռային գետնի վրայ գրգռիչ գիրքեր կարդալ կամ պոռնկագրութիւն դիտել, ինչ որ կրնայ գիջութեան առաջնորդել։ Գիջութիւնն ալ անմաքուր սովորութիւն մըն է (Կող. 3։5) *։

9. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ մէկը «անսանձ կիրք» զարգացնէ։

9 Անոնք որոնք սովորութիւն ունին պոռնկագրութիւն դիտելու, իրենց մէջ «անսանձ կիրք» կը զարգացնեն, որուն պատճառով կրնան սեռի մոլի դառնալ։ Մէջտեղ եկած է որ պոռնկագրութեան մոլի ըլլալը կը նմանի խմիչքի կամ թմրեցուցիչի մոլի ըլլալուն։ Ուրեմն, պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութիւնը վնասակար արդիւնքներ ունի, ինչպէս՝ շատ ամօթ զգալ, գործին մէջ արդիւնաբեր չըլլալ, տխուր ընտանեկան կեանք, ամուսնալուծում եւ անձնասպանութիւն։ Մարդ մը մէկ տարի պոռնկագրութիւն չդիտելէն ետք գրեց. «Այլեւս ինքնայարգանք ունիմ, ինչ որ առաջ չունէի»։

10. Ռիպէյրոն ինչպէ՞ս կրցաւ պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութիւնը ձգել։

10 Շատեր միշտ պայքարի մէջ են որ պոռնկագրութիւն չդիտեն։ Բայց անձ մը կրնա՛յ այս պայքարին մէջ յաղթել։ Նկատի առ Պրազիլէն եղող Ռիպէյրոյին օրինակը։ Երբ ան պատանի էր, իր տունը ձգեց եւ սկսաւ աշխատիլ գործարանի մը մէջ, որ թուղթ կը վերամշակէր։ Հոն, ան պոռնկագրական պարբերաթերթեր տեսաւ։ Ան կը պատմէ. «Կամաց–կամաց մոլի դարձայ։ Այնքա՛ն զօրաւոր մոլի եղայ որ հազիւ որ հետս ապրող կինը տունէն դուրս ելլէր, պոռնկագրական վիտէօներ կը դիտէի»։ Օր մը՝ գործին տեղը, Ռիպէյրոն նայեցաւ տրցակ մը գիրքերու որոնք պիտի վերամշակուէին, եւ աչքին զարկաւ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը վերնագրով գիրք մը։ Ան գիրքը վերցուց եւ սկսաւ կարդալ։ Իր կարդացածը զինք մղեց, որ Սուրբ Գիրքը սերտէ Եհովայի վկաներուն հետ։ Բայց իրեն հետ շատ ժամանակ առաւ որ պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութիւնը ձգէ։ Ի՞նչը օգնեց իրեն։ Ան կը բացատրէ. «Աղօթքին, Սուրբ Գիրք սերտելուն եւ խոկալուն միջոցաւ սկսայ աւելի գնահատել Աստուծոյ յատկութիւնները, մինչեւ որ Եհովային հանդէպ սէրս աւելի զօրաւոր եղաւ քան՝ պոռնկագրութիւն դիտելու ցանկութիւնս»։ Սուրբ Գիրքին եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ Ռիպէյրոն իր հին անձնաւորութիւնը հանեց, մկրտուեցաւ եւ հիմա երէց է։

11. Ի՞նչը պիտի օգնէ մէկու մը որ պոռնկագրութենէն հեռու մնայ։

11 Նկատէ թէ որպէսզի Ռիպէյրոն իր պայքարին մէջ յաղթէր, պարզապէս Սուրբ Գիրքը սերտելէն աւելին պէտք էր ընէր։ Ան պէտք էր ժամանակ տար որ Սուրբ Գիրքին պատգամը իր սրտին դպչէր։ Աղօթքով եւ խոկալով, Աստուծոյ հանդէպ անոր սէրը աւելի զօրաւոր եղաւ քան՝ պոռնկագրութիւն դիտելու իր ցանկութիւնը։ Որպէսզի պոռնկագրութենէն հեռու մնանք, մենք ալ պէտք է Եհովային հանդէպ զօրաւոր սէր ունենանք եւ գէշ բաները ատենք (կարդա՛ Սաղմոս 97։10

ՄԷԿԴԻ ԴԻՐ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ, ՎԻՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐԸ ԵՒ ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

12. Ի՞նչը օգնեց Սթիվընին որ այլեւս չջղայնանայ եւ վիրաւորական խօսքեր չըսէ։

12 Շուտ ջղայնացող անհատները ընդհանրապէս վիրաւորական խօսքերով կը պարպեն իրենց ջղայնութիւնը։ Յստակ է թէ այս վարմունքը չի ձգեր որ մէկու մը ընտանեկան կեանքը ուրախ ըլլայ։ Աւստրալիայէն եղող Սթիվըն անունով հայր մը կը պատմէ. «Առաջ, շատ կը հայհոյէի եւ պարապ բաներու պատճառով շուտ մը հագուստէս դուրս կ’ելլէի։ Կինս ու ես երեք անգամ բաժնուած էինք եւ ամուսնալուծուելու վրայ էինք»։ Ետքը, Վկաները սկսան Սուրբ Գիրքը սերտել այս զոյգին հետ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ երբ Սթիվըն սկսաւ իր սորվածները գործադրել։ Ան կ’ըսէ. «Մեր ընտանեկան կեանքը զարմանալի կերպով լաւացաւ։ Եհովային օգնութեամբ այլեւս շատ զօրաւոր խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն ունիմ, մինչ առաջ ռումբի պէս էի, եւ հազիւ որ քիչ մը նեղութիւն զգայի՝ շուտ մը կը պայթէի»։ Ներկայիս, Սթիվըն օգնական ծառայ է, իսկ իր կինը քանի մը տարիէ ի վեր կանոնաւոր ռահվիրայ է։ Սթիվընին ժողովքի երէցները ըսին. «Սթիվընը ծանր աշխատող եւ լուռ եղբայր մըն է, եւ խոնարհ ոգի ունի»։ Անոնք չեն յիշեր որ օր մը օրանց զինք ջղայնացած տեսած են։ Արդեօք Սթիվընը կը կարծէ՞ որ իր ուժով կրցաւ այս փոփոխութիւնը ընել։ Ան կ’ըսէ. «Այս օրհնութիւններէն ո՛չ մէկը պիտի վայելէի, եթէ չընդունէի որ Եհովան ինծի օգնէ անձնաւորութիւնս լման փոխելու»։

13. Բարկութիւնը ինչո՞ւ շատ վտանգաւոր է, եւ Սուրբ Գիրքը ի՞նչ զգուշացում կու տայ։

13 Սուրբ Գիրքը զգուշացում կու տայ մեզի, որ չբարկանանք, վիրաւորական խօսքեր չըսենք եւ չպոռանք–կանչենք (Եփ. 4։31)։ Ցաւօք սրտի, այս բաները շատ անգամներ կ’առաջնորդեն վայրագութեան։ Այս աշխարհին մէջ, վայրագութիւնը շատ մը մարդոց աչքին բնական բան մըն է, բայց ատիկա մեր Ստեղծիչը կ’անարգէ։ Մեր եղբայրներէն շատեր իրենց այս վնասակար սովորութիւնները փոխած են եւ նոր անձնաւորութիւնը հագած են (կարդա՛ Սաղմոս 37։8-11

14. Կարելի՞ է որ վայրագ անձ մը հեզ դառնայ։

14 Նկատի առ Հանսին օրինակը, որ Աւստրիայի մէջ երէց է։ Անոր ժողովքին երէցներու մարմինին համակարգողը կ’ըսէ. «Ան այն ամէնէն հեզ եղբայրներէն է որ կ’ուզես ծանօթանալ»։ Բայց Հանսը առաջ հեզ չէր։ Երբ ան պատանի էր, սկսաւ չափազանց խմել եւ այսպիսով վայրագ դարձաւ։ Անգամ մը երբ ան շատ գինով ու բարկացած էր, իր ընկերուհին սպաննեց։ Ան 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ Սկիզբը, Հանսին վայրագ անձնաւորութիւնը չփոխուեցաւ բանտին մէջ։ Ետքը, իր մայրը երէցէ մը խնդրեց որ իր տղուն այցելէ, եւ Հանս սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել։ Ան կը բացատրէ. «Ինծի համար շատ դժուար էր որ հին անձնաւորութիւնս մէկդի ընեմ։ Քաջալերուեցայ Եսայի 55։7–էն, որ կ’ըսէ. ‘Թող ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ’, եւ Ա. Կորնթացիս 6։11–էն, որ մեղաւոր ճամբաները ձգած անձերուն մասին կ’ըսէ. ‘Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք’։ Երկար տարիներ, Եհովան սուրբ հոգիին միջոցաւ համբերութեամբ օգնեց ինծի որ նոր անձնաւորութիւնը հագուիմ»։ Տասնեօթը ու կէս տարի բանտարկուելէ ետք, Հանս ազատ արձակուեցաւ որպէս մկրտուած քրիստոնեայ։ Ան կ’ըսէ. «Շատ շնորհակալ եմ որ Եհովան մեծապէս ողորմեցաւ եւ ներեց ինծի»։

15. Ի՞նչը սովորական դարձած է, բայց Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ ատոր մասին։

15 Ստախօսութիւնն ալ հին անձնաւորութեան մաս կը կազմէ։ Օրինակ, շատեր սուտ կը խօսին, որպէսզի տուրք չվճարեն կամ իրենց սխալներուն պատասխանատուութիւնը չշալկեն։ Անդին, Եհովան ‘ճշմարտութեան Աստուած’ է (Սաղ. 31։5)։ Ասոր համար, ան կ’ուզէ որ բոլոր զինք պաշտողները ‘ճշմարտութիւնը խօսին’ եւ ‘չստեն’ (Եփ. 4։25. Կող. 3։9)։ Ուրեմն, պէտք է ճիշդը ըսենք, նոյնիսկ եթէ ասիկա դժուար է կամ նեղացուցիչ է (Առ. 6։16-19

ԱՆՈՆՔ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՅԱՂԹԵՑԻՆ

16. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ հին անձնաւորութիւնը հանենք։

16 Չենք կրնար մե՛ր ուժով հանել հին անձնաւորութիւնը։ Սաքուրան, Ռիպէյրոն, Սթիվընը եւ Հանսը պէտք էր որ շատ ջանք թափէին, որպէսզի իրենց սխալ սովորութիւնները մէկ կողմ դնէին։ Աստուծոյ Խօսքին եւ իր սուրբ հոգիին ուժը իրենց օգնեց որ յաղթեն (Ղուկ. 11։13. Եբ. 4։12)։ Այդ ուժէն օգտուելու համար, պէտք է ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդանք, ատոր վրայ խոկանք եւ միշտ աղօթքով իմաստութիւն եւ զօրութիւն խնդրենք, որպէսզի կարենանք մեր սորվածը գործադրել (Յես. 1։8. Սաղ. 119։97. Ա. Թես. 5։17)։ Նաեւ ժողովին նիւթերը պատրաստելով եւ ժողովի երթալով կ’օգտուինք Աստուծոյ Խօսքէն եւ սուրբ հոգիէն (Եբ. 10։24, 25)։ Ասկէ զատ, կ’ուզենք լաւ գործածել բոլոր այն միջոցները, որ Եհովային կազմակերպութիւնը կը գործածէ մեզի հոգեւոր սնունդ տալու, ինչպէս՝ մեր պարբերաթերթերը, JW Հեռատեսիլի կայանը, JW գրադարան–ը եւ jw.org կայքը (Ղուկ. 12։42

Ինչպէ՞ս կրնանք հին անձնաւորութիւնը հանել (տե՛ս պարբերութիւն 16)

17. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

17 Մինչեւ հիմա նկատի առինք հին անձնաւորութեան քանի մը գէշ սովորութիւնները, որ պէտք է հանենք եւ անգամ մըն ալ չհագնինք։ Բայց ասկէ աւելին պէտք է ընենք, որպէսզի Եհովան մեզմէ ուրախ մնայ։ Պէտք է նոր անձնաւորութիւնը հագնինք եւ անգամ մըն ալ չհանենք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք որ ասիկա ինչպէ՛ս կրնանք ընել։

^ պարբ. 7 Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։