Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնանք նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ եւ անգամ մըն ալ չհանել

Ինչպէ՞ս կրնանք նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ եւ անգամ մըն ալ չհանել

«Նոր մարդ եղէք» (ԿՈՂ. 3։10, ՆԹ

ԵՐԳԵՐ. 43, 106

1, 2. ա) Ինչո՞ւ կարելի է որ նոր անձնաւորութիւնը ունենանք։ բ) Կողոսացիս 3։10-14–ին մէջ նոր անձնաւորութեան ո՞ր յատկութիւնները նշուած են։

«ՆՈՐ անձնաւորութիւնը» երկու անգամ նշուած է Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ (Եփ. 4։24, ՆԱ. Կող. 3։10, ՆԱ)։ Ասիկա անձնաւորութիւն մըն է, որ «Աստուծոյ կամքին համաձայն ստեղծուած է»։ Մենք կրնա՞նք այս նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ։ Այո՛, քանի որ Եհովան իր պատկերովը ստեղծեց մեզ, եւ այս պատճառով կրնանք իր գեղեցիկ յատկութիւնները ունենալ (Ծն. 1։26, 27. Եփ. 5։1

2 Որովհետեւ անկատարութիւն ժառանգած ենք, բոլորս ատեններ սխալ ցանկութիւններ կ’ունենանք։ Նաեւ կ’ազդուինք մեր միջավայրէն։ Բայց Եհովային կարեկցութեամբ եւ օգնութեամբ կրնա՛նք ըլլալ այնպիսի անձ մը, որ ինք կ’ուզէ որ ըլլանք։ Որպէսզի մեր փափաքը զօրանայ ասոր մէջ, նկատի պիտի առնենք նոր անձնաւորութեան կարգ մը յատկութիւնները (կարդա՛ Կողոսացիս 3։10-14)։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք այս յատկութիւնները ցուցնել ծառայութեան մէջ։

«ԴՈՒՔ ԱՄԷՆՔԴ ԱԼ ՄԷԿ ԷՔ»

3. Նոր անձնաւորութեան մէկ յատկութիւնը ի՞նչ է։

3 Պօղոս բացատրեց որ անաչառութիւնը նոր անձնաւորութեան կարեւոր մէկ մասն է։ Ան ըսաւ. «Յոյն ու Հրեայ, թլփատութիւն ու անթլփատութիւն, բարբարոս, Սկիւթացի, ծառայ կամ ազատ չկայ» *։ Ժողովքին մէջ, ո՛չ մէկը պէտք է կարծէ որ ուրիշներէն լաւ է՝ իր ցեղին, ազգութեան կամ ընկերային դիրքին պատճառով։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Քրիստոսին իսկական հետեւորդները ‘ամէնքն ալ մէկ են’ (Կող. 3։11. Գաղ. 3։28

4. ա) Եհովային ծառաները ինչպէ՞ս պէտք է վարուին ուրիշներուն հետ։ բ) Ի՞նչը վտանգի մէջ կը դնէ մեր միութիւնը։

4 Երբ նոր անձնաւորութիւնը կը հագնինք, բոլոր մարդիկը կը յարգենք եւ կը պատուենք, ինչ ալ ըլլայ անոնց ցեղը կամ ենթահողը (Հռով. 2։11)։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ասիկա շատ դժուար կրնայ ըլլալ։ Օրինակ, անցեալին՝ Հարաւային Ափրիկէին մէջ, կառավարութիւնը որոշած էր թէ ամէն մէկ ցեղ ո՛ր շրջանը պէտք է ապրի։ Եհովայի վկաներուն մեծամասնութիւնը տակաւին կ’ապրի այդ շրջաններուն մէջ։ Կառավարիչ մարմինը ուզեց եղբայրները քաջալերել, որ ‘լայն բանան իրենց սրտերը’։ Ասոր համար, հոկտեմբեր 2013–ին, Կառավարիչ մարմինը արտօնեց որ յատուկ կարգադրութիւն մը ըլլայ, որպէսզի տարբեր ցեղերէ եղող եղբայրները աւելի լաւ ճանչնան իրար (Բ. Կոր. 6։13)։ Ի՞նչ էր այդ կարգադրութիւնը։

5, 6. ա) Ի՞նչ կարգադրութիւններ եղան որպէսզի Հարաւային Ափրիկէի Վկաները աւելի միացած ըլլան (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

5 Կարգադրութիւններ եղան որ որոշ շաբաթավերջերու ընթացքին՝ տարբեր լեզու կամ ցեղ ունեցող երկու ժողովքներ իրարու հետ ժամանակ անցընեն։ Երկու ժողովքներու եղբայրներն ու քոյրերը միասին ծառայութեան ելան, ժողովի գացին եւ իրարու տուները այցելեցին։ Հարիւրաւոր ժողովքներ մասնակցեցան այս կարգադրութեան, եւ մասնաճիւղը շատ լաւ տեղեկագրութիւններ ստացաւ նոյնիսկ Վկայ չեղողներէ։ Օրինակ, կրօնաւոր մը ըսաւ. «Ես Վկայ չեմ, բայց կ’ուզեմ ըսել որ ձեր քարոզչութիւնը շատ կազմակերպուած է, եւ ձեր մէջ եղող ցեղերուն միջեւ միութիւն կայ»։ Այս կարգադրութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց Վկաներուն։

6 Սկիզբը, քոզա խօսող քոյր մը՝ Նոմա, կը քաշուէր իր համեստ տունը հրաւիրելու անգլիախօս ժողովքէն ճերմակամորթ եղբայրներ։ Բայց երբ ան ծառայութեան ելաւ ճերմակամորթ Վկաներուն հետ եւ անոնց տան մէջ հիւրասիրուեցաւ, ըսաւ. «Անոնք մեզի պէս սովորակա՛ն մարդիկ են»։ Իսկ երբ անգլիախօս ժողովքին կարգը եկաւ որ ծառայութեան ելլէ քոզա լեզուն գործածող ժողովքին հետ, Նոման ճաշի հրաւիրեց անոնցմէ ոմանք։ Հիւրերուն մէջ կար ճերմակամորթ երէց մը։ Նոման ըսաւ. «Շատ տպաւորուեցայ երբ տեսայ որ ան փլասթիք սնտուկի մը վրայ նստաւ»։ Այս կարգադրութիւնը օգնեց որ բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր նոր բարեկամներ ունենան եւ ուզեն շարունակել ծանօթանալ տարբեր ենթահող ունեցող Վկաներուն։

ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՂՑՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱԳԷՔ

7. Ինչո՞ւ պէտք է միշտ կարեկցինք։

7 Այնքան ատեն որ Սատանայի աշխարհին մէջ կ’ապրինք, պիտի շարունակենք դժուարութիւններ ունենալ։ Թերեւս անգործ ենք, լուրջ հիւանդութիւն մը ունինք, կը հալածուինք, բնական աղէտ մը պատահած է, մեր ստացուածքը կորսնցուցած ենք ոճիրի պատճառով կամ ուրիշ դժուարութիւններ ունինք։ Որպէսզի կարենանք իրարու օգնել դժուարութիւններու մէջ, պէտք է անկեղծօրէն կարեկցինք իրարու։ Գութը եւ կարեկցութիւնը մեզ պիտի մղեն որ քաղցրութեամբ վարուինք (Եփ. 4։32)։ Նոր անձնաւորութեան այս յատկութիւնները մեզի պիտի օգնեն որ Աստուծոյ նմանինք եւ ուրիշները մխիթարենք (Բ. Կոր. 1։3, 4

8. Ի՞նչ լաւ բաներ կրնան պատահիլ երբ կարեկցինք եւ քաղցրութեամբ վարուինք ժողովքին բոլոր անդամներուն հետ. օրինակ մը տուր։

8 Ինչպէ՞ս կրնանք ա՛լ աւելի քաղցրութեամբ վարուիլ ժողովքին մէջ եղող օտարներուն եւ վիճակով լաւ չեղողներուն հետ։ Պէտք է անոնց ընկերակցինք եւ օգնենք որ տեսնեն թէ ժողովքին մէջ արժէք ունին (Ա. Կոր. 12։22, 25)։ Նկատի առ ինչ պատահեցաւ Տէնիքարլին, որ Ֆիլիփիններէն Ճափոն փոխադրուեցաւ։ Իր գործատեղը, միւս գործաւորներուն չափ լաւ չէին վարուեր իրեն հետ, քանի որ օտար էր։ Ետքը, ան գնաց Եհովայի վկաներուն մէկ ժողովին։ Տէնիքարլ կ’ըսէ. «Գրեթէ բոլոր ներկաները ճափոնցի էին, բայց անոնք ամբողջ սրտով բարեւ տուին ինծի, կարծես թէ շատոնց իրար գիտենք»։ Եղբայրները շարունակեցին քաղցրութեամբ վարուիլ, ինչ որ իրեն օգնեց որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։ Ան մկրտուեցաւ եւ հիմա երէց է։ Միւս երէցները կը սեպեն որ Տէնիքարլը եւ իր կինը՝ Ճենիֆըր, օրհնութիւն մըն են ժողովքին մէջ, եւ կ’ըսեն. «Անոնք որպէս ռահվիրաներ շատ պարզ կեանք մը ունին, եւ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնելով լաւ օրինակ կը ձգեն» (Ղուկ. 12։31

9, 10. Օրինակներ տուր թէ ի՛նչ լաւ արդիւնքներու կը հասնինք երբ ծառայութեան մէջ կարեկցինք մարդոց։

9 Երբ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզենք, առիթ կ’ունենանք որ «բարիք ընենք ամենուն» (Գաղ. 6։10)։ Շատ մը Վկաներ կը կարեկցին գաղթականներուն եւ կը փորձեն անոնց լեզուն սորվիլ (Ա. Կոր. 9։23)։ Ասիկա շատ մը օրհնութիւններու դուռ բացած է։ Օրինակ, Աւստրալիոյ մէջ Թիֆընի անունով ռահվիրայ քոյր մը սուահիլի սորվեցաւ, որպէսզի սուահիլի լեզուն խօսող ժողովքին մէջ ծառայէ Պրիզպեն քաղաքին մէջ։ Թէեւ լեզուն սորվիլը դժուար էր, բայց Թիֆընին կը զգայ թէ իր կեանքը աւելի իմաստալից դարձած է։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ կ’ուզես խանդավառ ծառայութիւն մը ունենալ, ուրախ պիտի ըլլաս ծառայելով օտար լեզու գործածող ժողովքի մը մէջ։ Այս պարագային, կարծես թէ կը ճամբորդես առանց քաղաքդ ձգելու։ Նաեւ անձամբ կը համտեսես մեր համաշխարհային եղբայրութիւնը եւ ատոր հրաշալի միութիւնը»։

Ի՞նչը կը ձգէ որ Վկաները օգնեն գաղթականներուն (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10 Ճափոնի մէջ ընտանիք մը այսպիսի բան մը ըրաւ։ Աղջիկ զաւակը՝ Սաքիքոն կը պատմէ. «1990–ականներուն, շատ անգամներ պրազիլցի գաղթականներու կը հանդիպէինք ծառայութեան ընթացքին։ Երբ փորթուգալերէն Սուրբ Գիրքէն համարներ կը ցուցնէինք իրենց, ինչպէս՝ Յայտնութիւն 21։3, 4 կամ Սաղմոս 37։10, 11, 29, անոնք ուշի ուշով մտիկ կ’ընէին եւ ատեններ նոյնիսկ աչքերնին կը լեցուէր»։ Բայց այս ընտանիքը կարեկցեցաւ գաղթականներուն եւ ուզեց աւելի բան մը ընել։ «Երբ տեսանք թէ անոնք հոգեւորապէս որքա՛ն ծարաւ են, սկսանք ընտանեօք փորթուգալերէն սորվիլ», կ’ըսէ Սաքիքոն։ Ետքը, այս ընտանիքը օգնեց որ փորթուգալերէն լեզուն խօսող ժողովք մը հաստատուի։ Տարիներու ընթացքին, ընտանիքը բազմաթիւ գաղթականներու օգնած է որ Եհովային ծառայ դառնան։ Սաքիքոն կ’աւելցնէ. «Մեծ ջանք թափեցինք որ փորթուգալերէն սորվինք, բայց շատ աւելի օրհնութիւններ վայելեցինք։ Շատ շնորհակալ ենք Եհովայէն» (կարդա՛ Գործք 10։34, 35

«ՁԵՐ ՎՐԱՅ ՀԱԳԷ՛Ք. . . ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ»

11, 12. ա) Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ ճիշդ շարժառիթով հագնինք նոր անձնաւորութիւնը։ բ) Ի՞նչը պիտի օգնէ մեզի որ խոնարհ մնանք։

11 Պէտք է Եհովան պատուելու համար հագնինք նոր անձնաւորութիւնը, եւ ոչ թէ մարդոցմէ փառք ստանալու համար։ Յիշէ թէ անցեալին նոյնիսկ կատարեալ հրեշտակ մը մեղք գործեց, քանի որ հպարտութեամբ լեցուեցաւ (համեմատէ՛ Եզեկիէլ 28։17)։ Որքա՜ն աւելի դժուար է մեզի համար որ չհպարտանանք, մենք որ անկատար ենք։ Բայց կարելի է որ խոնարհութիւն հագնինք։ Ինչպէ՞ս։

12 Որպէսզի խոնարհ մնանք, պէտք է ամէն օր ժամանակ տրամադրենք որ Աստուծոյ Խօսքը կարդանք եւ մեր կարդացածին վրայ խոկանք (Բ. Օր. 17։18-20)։ Մասնաւորաբար պէտք է խոկանք Յիսուսին սորվեցուցածներուն եւ անոր խոնարհութեան վրայ (Մատ. 20։28)։ Յիսուս այնքա՛ն խոնարհ էր որ իր առաքեալներուն ոտքերը լուաց (Յովհ. 13։12-17)։ Նաեւ պէտք է աղօթքով սուրբ հոգին խնդրենք, որպէսզի մեզի օգնէ որ ուրիշներէն աւելի բարձր զգալու հակումին դէմ պայքարինք (Գաղ. 6։3, 4. Փլպ. 2։3

13. Խոնարհութիւնը ի՞նչ օգուտներ ունի։

13 Կարդա՛ Առակաց 22։4։ Եհովան մեր բոլորէն կը պահանջէ որ խոնարհ ըլլանք։ Խոնարհութիւնը շատ օգուտներ ունի։ Երբ խոնարհ ըլլանք, ժողովքին մէջ աւելի խաղաղութիւն ու միութիւն պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ Եհովային «շնորհք»ը պիտի վայելենք։ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Ա. Պետ. 5։5

«ՀԱԳԷ՛Ք. . . ՀԵԶՈՒԹԻՒՆԸ, ԵՐԿԱՅՆՄՏՈՒԹԻՒՆԸ»

14. Հեզութեան ու երկայնմտութեան լաւագոյն օրինակը ո՞վ է։

14 Այս աշխարհին մէջ մարդիկ ընդհանրապէս տկարի տեղ կը դնեն հեզերն ու երկայնամիտները։ Բայց ասիկա բնա՛ւ ճիշդ չէ։ Այս գեղեցիկ յատկութիւնները կու գան Եհովայէն, որ տիեզերքին մէջ ամէնէն հզօր Անձն է։ Ան հեզութեան ու երկայնմտութեան լաւագոյն օրինակն է (Բ. Պետ. 3։9)։ Օրինակ, նկատէ թէ ան որքա՜ն երկայնամիտ գտնուեցաւ, երբ Աբրահամ եւ Ղովտ հարցումներ հարցուցին իրեն (Ծն. 18։22-33. 19։18-21)։ Նաեւ մտածէ թէ Եհովան ինչպէս աւելի քան 1500 տարի համբերեց անհնազանդ իսրայէլ ազգին (Եզեկ. 33։11

15. Յիսուս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ հեզութեան եւ երկայնմտութեան մէջ։

15 Յիսուս «հեզ» էր (Մատ. 11։29)։ Ան շատ երկայնամիտ գտնուեցաւ երբ իր հետեւորդները սխալներ ըրին։ Շատ անգամներ, կրօնաւորները անարդարօրէն քննադատեցին զինք։ Բայց ան մինչեւ մահ հեզ եւ երկայնամիտ մնաց։ Երբ ան վերջին ծայր ցաւ կը քաշէր տանջանքի ցիցին վրայ, իր Հօր աղօթեց որ զինք սպաննողներուն ներէ, քանի որ «չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն» (Ղուկ. 23։34)։ Յիսուս ցաւերու մէջ եւ սթրեսի տակ հեզ եւ երկայնամիտ գտնուելով, ի՜նչ մեծ օրինակ ձգեց (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։21-23

16. Ինչպէ՞ս կրնանք հեզութեամբ եւ երկայնմտութեամբ վարուիլ։

16 Պօղոս նշեց կերպ մը որ հեզութիւն եւ երկայնմտութիւն ցուցնենք, երբ ըսաւ. «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կող. 3։13, ՆԹ)։ Այս խրատը գործադրելը կը պահանջէ որ հեզ եւ երկայնամիտ ըլլանք։ Եթէ ներենք ուրիշներուն, ժողովքին մէջ միշտ միութիւն պիտի ըլլայ։

17. Հեզութիւնն ու երկայնմտութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր են։

17 Եհովան մեր ամէն մէկէն կը պահանջէ որ հեզ ու երկայնամիտ ըլլանք ուրիշներուն հանդէպ, որպէսզի կարենանք փրկուիլ (Մատ. 5։5. Յակ. 1։21)։ Այս յատկութիւնները կը ձգեն որ Եհովային փառք բերենք եւ ուրիշներուն օգնենք որ Սուրբ Գիրքին խրատներուն հետեւին (Գաղ. 6։1. Բ. Տիմ. 2։24, 25

«ՍԷՐԸ ՀԱԳԷՔ»

18. Ի՞նչ կապ կայ սիրոյ եւ անաչառութեան միջեւ։

18 Մինչեւ հիմա մեր նկատի առած յատկութիւնները մեծ կապ ունին սիրոյ հետ։ Օրինակ՝ Յակոբոս աշակերտը խրատ տուաւ եղբայրներուն, որ հարուստները աղքատներէն աւելի բարձր չսեպեն։ Ան բացատրեց թէ ասիկա Աստուծոյ այն պատուէրին դէմ է, որ «քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ Ետքը, ան աւելցուց. «Եթէ աչառութիւն կ’ընէք մե՛ղք կը գործէք» (Յակ. 2։8, 9)։ Անդին, սէրը մեզ կը մղէ որ զատողութիւն չդնենք մարդոց միջեւ, իրենց ուսումին, ցեղին կամ ընկերային դիրքին պատճառով։ Չենք կրնար պարզապէս ձեւացնել որ անաչառ ենք։ Այս յատկութիւնը պէտք է մեր անձնաւորութեան իսկական մէկ մասը ըլլայ։

19. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ սէր հագնինք։

19 Սէրը նաեւ «երկայնամիտ է, քաղցր է» եւ «չի հպարտանար» (Ա. Կոր. 13։4)։ Պէտք է իրապէս երկայնամիտ, քաղցր եւ խոնարհ ըլլանք որ կարենանք շարունակել բարի լուրը քարոզել ուրիշներուն (Մատ. 28։19)։ Այս յատկութիւնները մեզի կ’օգնեն որ մեր ջուրը քալէ ժողովքին բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ջուրին հետ։ Երբ այսպիսի սէր ցուցնենք, ժողովքներուն մէջ միութիւն պիտի ըլլայ, Եհովային փառք պիտի բերենք եւ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ։ Տեղին է որ Սուրբ Գիրքը նոր անձնաւորութեան նկարագրութիւնը այսպէս կը վերջացնէ. «Այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է» (Կող. 3։14

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷՔ ՆՈՐՈԳՈՒԻԼ

20. ա) Ի՞նչ պէտք է հարցնենք մենք մեզի, եւ ինչո՞ւ։ բ) Ո՞ր ժամանակին անհամբեր կը սպասենք։

20 Բոլորս պէտք է մենք մեզի հարցնենք. «Ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընեմ որ հին անձնաւորութիւնը հանեմ եւ անգամ մըն ալ չհագուիմ»։ Պէտք է Եհովային աղօթենք եւ իրեն աղաչենք որ մեզի օգնէ։ Պէտք է շատ ջանք թափենք, որ փոխենք մեր սխալ մտածումները կամ արարքները, որպէսզի կարենանք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ‘ժառանգել’ (Գաղ. 5։19-21)։ Նաեւ պէտք է հարցնենք. «Կը շարունակե՞մ մտածելակերպս փոխել, որպէսզի Եհովան ուրախացնեմ» (Եփ. 4։23, 24)։ Քանի որ անկատար ենք, պէտք է շարունակենք ջանք թափել որ նոր անձնաւորութիւնը հագնինք եւ անգամ մըն ալ չհանենք։ Երեւակայէ որ կեանքը որքա՜ն հիանալի պիտի ըլլայ, երբ բոլոր ապրողները կատարելապէս հագնին նոր անձնաւորութիւնը։

^ պարբ. 3 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, մարդիկ կը սեպէին որ սկիւթացիները յետամնաց ժողովուրդ մըն էին եւ ցած աչքով կը նայէին անոնց։