Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարտութիւնը չի բերեր ‘խաղաղութիւն, հապա՝ սուր’

Ճշմարտութիւնը չի բերեր ‘խաղաղութիւն, հապա՝ սուր’

«Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր» (ՄԱՏ. 10։34

ԵՐԳԵՐ. 125, 135

1, 2. ա) Հիմա ի՞նչ խաղաղութիւն կրնանք վայելել։ բ) Ինչո՞ւ չենք կրնար հիմա լման խաղաղութիւն ունենալ (տե՛ս բացման նկարը)։

ԲՈԼՈՐՍ կ’ուզենք խաղաղ կեանք մը վայելել եւ մտահոգութիւններ չունենալ։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք Եհովայէն որ իր «խաղաղութիւնը» կու տայ մեզի։ Այս խաղաղութիւնը այն ներքին հանդարտութիւնն է, որ մեզ կը պաշտպանէ նեղացուցիչ մտածումներէ եւ զգացումներէ (Փլպ. 4։6, 7)։ Նաեւ «խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ», քանի որ իրեն նուիրուած ենք։ Ասիկա կը նշանակէ որ իրեն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունինք (Հռով. 5։1

2 Բայց տակաւին չէ եկած այդ ժամանակը, երբ Աստուած լման խաղաղութիւն պիտի ընէ երկրի վրայ։ Այս վերջին օրերը կռիւներով լեցուն են եւ բազմաթիւ մարդիկ կռուազան դարձած են (Բ. Տիմ. 3։1-4)։ Նաեւ պէտք է պայքարինք Սատանային եւ իր սուտ ուսուցումներուն դէմ (Բ. Կոր. 10։4, 5)։ Բայց մեր խաղաղութիւնը ամէնէն շատ վտանգի տակ կ’ըլլայ, երբ Եհովան չպաշտող մեր ազգականները մեզի հակառակին։ Թերեւս անոնցմէ ոմանք մեր հաւատալիքներուն վրայ խնդան կամ ըսեն որ ընտանիքներ կը բաժնենք։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ ըսեն որ եթէ մեր հաւատքէն վազ չանցնինք, այլեւս ընտանիքին մէկ մասը պիտի չըլլանք։ Ի՞նչ աչքով պէտք է նայինք ընտանեկան հակառակութեան։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր խաղաղութիւնը պահել այսպիսի պարագայի մը մէջ։

Ի՞ՆՉ ԱՉՔՈՎ ՊԷՏՔ Է ՆԱՅԻՆՔ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱԿԱՌԱԿՈՒԹԵԱՆ

3, 4. ա) Յիսուսին սորվեցուցածները ի՞նչ ազդեցութիւն ունին։ բ) Ե՞րբ շատ դժուար կ’ըլլայ Յիսուսին հետեւիլ։

3 Յիսուս գիտէր թէ ամէն մարդ պիտի չընդունէր իր սորվեցուցածները, եւ թէ իր աշակերտները քաջութեան պէտք պիտի ունենային, քանի որ ոմանք պիտի հակառակէին իրենց։ Այս հակառակութիւնը կրնար ազդել անոնց ընտանիքներուն խաղաղութեան։ Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։ Վասն զի եկայ տղան իր հօրմէն զատելու ու աղջիկը՝ իր մօրմէն ու հարսը՝ կեսուրէն։ Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան» (Մատ. 10։34-36

4 Երբ Յիսուս ըսաւ՝ «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ», ան ըսել կ’ուզէր որ իրեն հետեւիլ ուզողները հետեւանքներ պիտի կրէին։ Իր պատգամը մարդիկը իրարմէ պիտի բաժնէր։ Անշուշտ, Յիսուսին նպատակն էր Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնել, եւ ոչ թէ ընտանիքները բաժնել (Յովհ. 18։37)։ Բայց Յիսուսին հետեւիլը միշտ դիւրին պիտի չըլլար, մանաւանդ երբ մտերիմ բարեկամներ կամ ընտանիքի անդամներ մերժէին ճշմարտութիւնը։

5. Յիսուսի հետեւորդներուն ի՞նչ պատահած է։

5 Յիսուս ըսաւ որ ընտանեկան հակառակութիւնը այն բաներէն է, որ իրեն հետեւիլ ուզողները պէտք է յօժար ըլլան տոկալու (Մատ. 10։38)։ Իր աշակերտները զինք հաճեցնելու համար տոկացած են, երբ իրենց ընտանիքները զիրենք ծաղր ըրած են կամ նոյնիսկ մերժած են։ Բայց անոնք իրենց կորսնցուցածէն աւելի բաներ շահած են (կարդա՛ Մարկոս 10։29, 30

6. Ի՞նչ պէտք է յիշենք եթէ մեր ազգականները մեզի հակառակին։

6 Մենք կը շարունակենք մեր ազգականները սիրել, նոյնիսկ եթէ անոնք մեզի հակառակին։ Բայց պէտք է յիշենք որ Աստուծոյ եւ Յիսուսին հանդէպ մեր սէրը առաջ կու գայ (Մատ. 10։37)։ Նաեւ պէտք է ըմբռնենք որ Սատանան կրնայ մեր ընտանիքին հանդէպ մեր սէրը գործածել, որպէսզի մեզ մղէ որ Եհովային հաւատարիմ չըլլանք։ Նկատի առնենք կարգ մը դժուար պարագաներ եւ տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ատոնց դիմանալ։

ԵՀՈՎԱՆ ՉՊԱՇՏՈՂ ԿՈՂԱԿԻՑ ՄԸ

7. Եհովան չպաշտող կողակից ունեցողները ի՞նչ աչքով պէտք է նային հարցին։

7 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ամուսնացողները «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան» (Ա. Կոր. 7։28)։ Իսկ եթէ Եհովան չպաշտող կողակից մը ունիս, ամուսնութեանդ մէջ սովորականէն աւելի սթրես եւ մտահոգութիւն կրնաս ունենալ։ Բայց կարեւոր է որ Եհովային աչքով նայիս հարցին։ Ան կ’ըսէ որ չենք կրնար մեր կողակիցէն բաժնուիլ կամ ամուսնալուծուիլ պարզապէս քանի որ Եհովան չի պաշտեր (Ա. Կոր. 7։12-16)։ Եթէ ամուսինդ Եհովան չի պաշտեր եւ հոգեւոր բաներու մէջ առաջնորդութիւն չ’առներ, տակաւին պէտք է զինք յարգես որպէս ընտանիքիդ գլուխը։ Իսկ եթէ կինդ Եհովան չի պաշտեր, տակաւին պէտք է զինք սրտանց սիրես եւ քնքշութեամբ հոգաս (Եփ. 5։22, 23, 28, 29

8. Ի՞նչ հարցումներ կրնաս դուն քեզի հարցնել, եթէ կողակիցդ սահմաններ դնէ պաշտամունքիդ։

8 Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ կողակիցդ փորձէ սահմաններ դնել պաշտամունքիդ։ Օրինակ, քրոջ մը ամուսինը իրեն ըսաւ որ միայն որոշ օրեր ելլէ ծառայութեան։ Եթէ այսպիսի պարագայի մը մէջ ըլլաս, դուն քեզի հարցուր. ‘Կողակիցիս խնդրածը ի՞նչ է. այլեւս Եհովան չպաշտե՞լ։ Եթէ ոչ, կրնա՞մ կողակիցիս խնդրածը ընել’։ Բանաւոր եւ տրամաբանական ըլլալը քեզի կ’օգնէ, որ անտեղի խնդիրներ չունենաս ամուսնութեանդ մէջ (Փլպ. 4։5, ՆԱ

9. Եհովան չպաշտող կողակից ունեցողը ինչպէ՞ս կրնայ իր պզտիկներուն սորվեցնել զինք յարգել։

9 Պզտիկներդ մարզելը կրնայ շատ աւելի դժուար ըլլալ, եթէ կողակիցդ Եհովան չի պաշտեր։ Օրինակ, պէտք է պզտիկներուդ սորվեցնես, որ Սուրբ Գիրքին այս խրատին հնազանդին. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» (Եփ. 6։1-3)։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընես եթէ կողակիցդ Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն չի հետեւիր։ Կրնաս անձամբ կողակիցդ յարգելով լաւ օրինակ դառնալ պզտիկներուդ։ Կեդրոնացիր անոր լաւ յատկութիւններուն վրայ եւ գնահատական խօսքեր ըսէ իրեն։ Կողակիցիդ մասին գէշ բաներ մի՛ ըսեր պզտիկներուդ առջեւ, հապա բացատրէ որ ամէն անձ ինք պէտք է որոշէ Եհովային ծառայել կամ ոչ։ Եթէ պզտիկներդ յարգեն կողակիցդ, իրենց լաւ օրինակը կրնայ ձգել որ ան ուզէ ճշմարտութիւնը գիտնալ։

Երբոր կրնաս՝ պզտիկներուդ սորվեցուր Սուրբ Գիրքին մասին (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10. Եհովան պաշտող ծնողները ինչպէ՞ս կրնան ճշմարտութիւնը սորվեցնել իրենց պզտիկներուն։

10 Ատեններ, Եհովան չպաշտող կողակիցը կ’ուզէ, որ պզտիկները հեթանոսական տօներու մասնակցին կամ սուտ կրօնական ուսուցումներ սորվին։ Կարգ մը ամուսիններ իրենց կինը կ’արգիլեն, որ Սուրբ Գիրքին մասին սորվեցնէ պզտիկներուն։ Հակառակ ասոր, կինը իր ամէն կարելին կ’ընէ, որ ճշմարտութիւնը սորվեցնէ պզտիկներուն (Գործք 16։1. Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Օրինակ, Վկայ կնոջ մը ամուսինը թերեւս չուզէ որ իր կինը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարէ պզտիկներուն հետ, կամ ալ ժողովներու տանի զանոնք։ Կինը կը յարգէ իր ամուսինին որոշումը, բայց կրնայ իր հաւատալիքներուն մասին խօսիլ իր պզտիկներուն երբոր առիթ ունենայ։ Այսպիսով, անոնք կը սորվին Եհովային մասին եւ կը գիտնան թէ իր աչքին ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ (Գործք 4։19, 20)։ Ի վերջոյ, զաւակները իրենք պիտի որոշեն, թէ Եհովային պիտի ծառայեն կամ ոչ (Բ. Օր. 30։19, 20) *։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱՌԱԿ ԵՂՈՂ ԱԶԳԱԿԱՆՆԵՐ

11. Ի՞նչ պատճառով կրնան խնդիրներ ծագիլ Վկայ չեղող ազգականներու հետ։

11 Թերեւս երբ սկսանք Եհովայի վկաներուն հետ սերտել, մեր ընտանիքին բան մը չըսինք։ Բայց երբ մեր հաւատքը սկսաւ զօրանալ, տեսանք թէ պէտք է մեր հաւատալիքներուն մասին խօսինք անոնց (Մար. 8։38)։ Եթէ ճշմարտութեան պատճառով խնդիրներ ունեցած ես ընտանիքիդ հետ, նկատի առ թէ ի՛նչ բաներ կրնաս ընել, որպէսզի վէճերը թեթեւցնես եւ միեւնոյն ատեն Եհովային հաւատարիմ մնաս։

12. Մեր ազգականները թերեւս ինչո՞ւ մեզի հակառակին, եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոնց կարեկցիլ։

12 Վկայ չեղող ազգականներուդ կարեկցէ։ Մենք շատ ուրախ ենք որ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները գիտենք, բայց մեր ազգականները թերեւս համոզուած ըլլան որ մենք խաբուած ենք կամ տարօրինակ կրօնական խումբի մը կը պատկանինք։ Եւ քանի որ տօներ չենք տօներ անոնց հետ, անոնք թերեւս կարծեն որ այլեւս զիրենք չենք սիրեր։ Նոյնիսկ կրնայ ըլլալ որ անոնք կը վախնան որ մեր մեռնելէն ետք գէշ բան մը պատահի մեզի։ Պէտք է փորձենք անոնց աչքով նայիլ հարցերուն եւ անոնց ուշի ուշով մտիկ ընենք, որպէսզի գիտնանք թէ ճիշդ ի՛նչ բանի նկատմամբ մտահոգուած են (Առ. 20։5)։ Պօղոս առաքեալ ջանաց հասկնալ ամէն տեսակ մարդիկ, որպէսզի բարի լուրը տայ անոնց։ Եթէ մենք ալ փորձենք հասկնալ մեր ընտանիքի անդամները, ասիկա մեզի կ’օգնէ որ գիտնանք ինչպէ՛ս ճշմարտութիւնը սորվեցնել անոնց (Ա. Կոր. 9։19-23

13. Ինչպէ՞ս պէտք է խօսինք Վկայ չեղող մեր ազգականներուն հետ։

13 Հեզութեամբ խօսէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. ‘Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով ըլլայ’ (Կող. 4։6)։ Կրնանք Եհովայէն սուրբ հոգին խնդրել, որպէսզի կարենանք հեզ եւ ազնիւ ըլլալ, երբ մեր ազգականներուն հետ կը խօսինք։ Պէտք չէ անոնց հետ վիճինք իրենց բոլոր սխալ հաւատալիքներուն մասին։ Եթէ անոնք ձեւով մը վիրաւորեն մեզ, կրնանք առաքեալներուն պէս վարուիլ։ Պօղոս գրեց. «Մարդիկ կը հայհոյե՞ն մեզի, մենք կ’օրհնենք։ Կը հալածե՞ն մեզ, կը համբերենք։ Կը վարկաբեկե՞ն մեզ, մենք ազնուութեամբ կը պատասխանենք» (Ա. Կոր. 4։12, 13, ՆԹ

14. Լաւ վարմունքին օգուտները ի՞նչ են։

14 Միշտ լաւ վարք ունեցիր։ Թէեւ հեզութեամբ խօսիլը մեզի կ’օգնէ, որ մեր ազգականներուն հետ խաղաղութիւն ունենանք, բայց մեր լաւ վարքը ա՛լ աւելի զօրաւոր ազդեցութիւն ունի (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։1, 2, 16)։ Ազգականներդ լաւ վարքիդ միջոցաւ թող տեսնեն, որ Եհովայի վկաները ուրախ ամուսնութիւններ ունին, իրենց պզտիկներուն լաւ հոգ կը տանին, Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին եւ իմաստալից կեանք մը ունին։ Նոյնիսկ եթէ մեր ազգականները բնաւ չընդունին ճշմարտութիւնը, կրնանք ուրախ ըլլալ գիտնալով, որ մեր լաւ վարքը Եհովան կը հաճեցնէ։

15. Ինչպէ՞ս կրնանք սկիզբէն ծրագրել, որպէսզի մեր ազգականներուն հետ վէճի չբռնուինք։

15 Սկիզբէն ծրագրէ։ Մտածէ թէ ո՛ր պարագաներուն կրնայ վէճ ծագիլ, եւ որոշէ թէ ի՛նչ պիտի ընես (Առ. 12։16, 23)։ Աւստրալիայէն քոյր մը կը պատմէ. «Կեսրայրս ճշմարտութեան շատ հակառակ էր։ Առաջ որ իրեն հեռաձայնէինք, ամուսինս ու ես աղօթքով Եհովայէն կը խնդրէինք, որ մեզի օգնէ ջղայնութեամբ չպատասխանելու երբ ան բարկութեամբ խօսի։ Կ’որոշէինք որ ի՛նչ նիւթերու մասին պիտի խօսինք, որպէսզի խօսակցութիւնը ընկերային մնայ։ Նաեւ կ’որոշէինք որ որքա՛ն ժամանակ պիտի խօսինք, որպէսզի առիթ չտանք երկար խօսակցութիւններու, որոնք ընդհանրապէս դուռ կը բանան տաք խօսակցութեան կրօնքի մասին»։

16. Ինչպէ՞ս կրնաս գլուխ ելլել յանցաւոր ըլլալու զգացումներուդ հետ։

16 Անշուշտ, պիտի ըլլան ժամանակներ երբ ազգականներուդ հետ անհամաձայն պիտի ըլլաս։ Ասիկա կրնայ քեզի յանցաւոր զգացնել, քանի որ ազգականներդ կը սիրես եւ միշտ փորձած ես զիրենք ուրախ պահել։ Եթէ այսպէս զգաս, ջանա՛ աւելի առաջ դնել Եհովային հանդէպ հաւատարմութիւնդ քան՝ ընտանիքիդ հանդէպ սէրդ։ Ասիկա կրնայ իրենց օգնել որ տեսնեն, թէ Սուրբ Գիրքին ըսածները գործադրելը մահու կենաց հարց է։ Ամէն պարագայի, չես կրնար ուրիշները ստիպել որ ճշմարտութիւնը ընդունին։ Բայց կրնաս ապրելակերպովդ ուրիշներուն ցուցնել, որ Եհովային ըսածներուն հետեւիլը ի՛նչ օգուտներ ունի։ Մեր սիրալիր Աստուածը անոնց առիթ կու տայ որ ընտրեն թէ իրեն պիտի ծառայեն կամ ոչ, ճիշդ ինչպէս որ մեզի ալ կու տայ այս առիթը (Եսա. 48։17, 18

ԵՐԲ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄԷԿ ԱՆԴԱՄԸ ՁԳԷ ԵՀՈՎԱՆ

17, 18. Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել եթէ ընտանիքիդ մէկ անդամը Եհովան ձգէ։

17 Երբ ընտանիքիդ մէկ անդամը վտարուի կամ ժողովքին հետ իր ընկերակցութիւնը խզէ, կը զգաս թէ սիրտիդ դանակ մտաւ։ Ինչպէ՞ս կրնաս այս ցաւին հետ գլուխ ելլել։

18 Եհովային ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնացի՛ր։ Հաւատքդ զօրացուր՝ կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը կարդալով, ժողովներուն նիւթերը պատրաստելով եւ ժողովի երթալով, ծառայութեան ելլելով եւ աղօթքով զօրութիւն խնդրելով որպէսզի դիմանաս (Յդ. 20, 21)։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել եթէ զգաս որ ընելու սիրոյն կ’ընես այս բաները եւ ոչ թէ սրտանց։ Մի՛ յանձնուիր։ Եհովային ծառայութեան վրայ կեդրոնանալը քեզի պիտի օգնէ որ ժամանակի ընթացքին զսպես մտածումներդ եւ զգացումներդ։ Ասիկա պատահեցաւ 73–րդ սաղմոսը գրողին։ Ան սխալ կարծիք կազմած էր եւ միտքը խանգարուած էր, բայց երբ Աստուած պաշտելու վայրը մտաւ՝ իր մտածելակերպը շտկեց (Սաղ. 73։16, 17)։ Հաւատարմօրէն Եհովային ծառայելը կրնայ քեզի ալ օգնել նոյն ձեւով։

19. Ինչպէ՞ս կրնաս յարգել այն կերպը, որով Եհովան կը կրթէ իր ժողովուրդը։

19 Եհովային կրթութիւնը յարգէ։ Եհովան գիտէ որ իր կրթութիւնը բոլորին օգտին համար է, մէջը ըլլալով վտարուած անհատը։ Թէեւ շատ կը նեղուինք երբ մեզի սիրելի եղող մէկը վտարուի, բայց ասիկա կրնայ իրեն օգնել որ ի վերջոյ Եհովային վերադառնայ (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։11)։ Մինչ այդ, պէտք է յարգենք Եհովային պատուէրը, որ չընկերակցինք վտարուողներուն հետ (Ա. Կոր. 5։11-13)։ Հակառակ որ ասիկա մեր սրտին ցաւ է, պէտք չէ կապ պահենք անոնց հետ, ըլլայ հեռաձայնով, կարճ հաղորդագրութիւններով, նամակներով, ե–նամակներով կամ ընկերային ցանցով։

20. Յոյսերնիս ի՞նչ բանէ պէտք չէ կտրենք։

20 Բնա՛ւ յոյսդ մի՛ կտրեր։ Սէրը «ամէն բանի կը յուսայ»։ Ասոր համար, կը շարունակենք յուսալ որ անոնք որոնք Եհովան ձգած են, վերադառնան իրեն (Ա. Կոր. 13։7)։ Եթէ նշաններ տեսնես թէ ընտանիքիդ վտարուող անդամը իր կեցուածքը կը փոխէ, կրնաս իրեն համար աղօթել որ Սուրբ Գիրքէն զօրութիւն առնէ եւ ընդունի Եհովային այս հրաւէրը. «Ինծի՛ դարձիր» (Եսա. 44։22

21. Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ ընտանիքդ քեզի կը հակառակի քանի որ Յիսուսին կը հետեւիս։

21 Յիսուս ըսաւ որ եթէ մարդ արարած մը իրմէ աւելի սիրենք, իրեն արժանի չենք։ Բայց ան վստահ էր որ իր աշակերտները քաջութիւն պիտի ունենային որ հաւատարիմ մնային իրեն, նոյնիսկ ընտանեկան հակառակութեան դիմաց։ Ուրեմն եթէ ընտանիքդ քեզի կը հակառակի քանի որ Յիսուսին կը հետեւիս, Եհովային վստահէ եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ հաւատարմօրէն դիմանալու (Եսա. 41։10, 13)։ Ուրախացիր գիտնալով որ Եհովան ու Յիսուսը ուրախ են քեզմով եւ թէ հաւատարմութիւնդ պիտի վարձատրեն։

^ պարբ. 10 Աւելի տեղեկութիւն առնելու համար թէ Եհովան չպաշտող կողակից ունեցողը ինչպէ՛ս կրնայ պզտիկները մարզել, տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն», Դիտարան–ի 15 օգոստոս 2002 թիւին մէջ (անգլերէն)։