Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Զաքարիային տեսիլքները ինչպէ՞ս կ’ազդեն քեզի

Զաքարիային տեսիլքները ինչպէ՞ս կ’ազդեն քեզի

«Ինծի դարձէ՛ք ու ես ձեզի պիտի դառնամ» (ԶԱՔ. 1։3

ԵՐԳԵՐ. 120, 117

1-3. ա) Եհովայի ժողովուրդին վիճակը ի՞նչ էր երբ Զաքարիան սկսաւ մարգարէանալ։ բ) Եհովան ինչո՞ւ իր ժողովուրդէն խնդրեց որ ‘իրեն դառնան’։

ԹՌՉՈՂ տոմս մը, կողովի մէջ կին մը եւ արագիլի թեւեր ունեցող երկու կիներ օդին մէջ կը թռչին։ Ասոնք այն հետաքրքրական տեսիլքներէն են որ Զաքարիան տեսաւ (Զաք. 5։1, 7-9)։ Եհովան ինչո՞ւ այս տեսիլքները ցուցուց իր մարգարէին։ Այդ ժամանակ, իսրայէլացիներուն վիճակը ի՞նչ էր։ Եւ մեր օրերուն ինչպէ՞ս կրնանք այս տեսիլքներէն օգտուիլ։

2 Ք.Ա. 537–ն շատ ուրախ տարի մըն էր Եհովայի նուիրուած ժողովուրդին համար։ Անոնք Բաբելոնէն ազատ արձակուած էին՝ 70 տարի գերի ըլլալէ ետք։ Սկիզբը, անոնք շատ խանդավառ էին, որ Երուսաղէմի մէջ տաճարը վերաշինեն եւ հոն Եհովան պաշտեն։ Ք.Ա. 536–ին, տաճարին հիմը դրուեցաւ եւ ժողովուրդը «մեծ ցնծութեան ձայնով կ’աղաղակէր ու ձայներնին մինչեւ հեռու տեղեր կը լսուէր» (Եզր. 3։10-13)։ Բայց շատ չանցած, այս շինարարական գործին դէմ հակառակութիւն սկսաւ եւ երթալէն զօրացաւ։ Ժողովուրդը այնքա՛ն յուսախաբ եղաւ, որ տաճարին շինութիւնը կեցուցին եւ սկսան իրենց տուներուն եւ դաշտերուն հոգ տանիլ։ Տասնվեց տարի ետք, Եհովայի տաճարին շինութիւնը տակաւին չէր վերջացած։ Եհովային ժողովուրդը պէտք ունէր անդրադառնալու, թէ իրեն պէտք է վերադառնան եւ իրենց անձնական շահերը առաջին տեղը չդնեն։ Եհովան կ’ուզէր որ իր ժողովուրդը առաջուան պէս անվախօրէն եւ սրտանց պաշտէր զինք։

3 Ասոր համար՝ Ք.Ա. 520–ին, Եհովան Զաքարիա մարգարէն ղրկեց, որպէսզի ժողովուրդին յիշեցնէ որ Եհովան զանոնք ինչո՛ւ ազատ արձակած էր Բաբելոնէն։ Հետաքրքրական է որ Զաքարիային անունը կը նշանակէ՝ «Եհովան յիշած է»։ Ասիկա կրնար ժողովուրդին միտքը բերել որ Եհովան տակաւին կը յիշէ զիրենք, հակառակ որ անոնք մոռցած էին իր ըրած փրկութիւնը (կարդա՛ Զաքարիա 1։3, 4)։ Ան սիրալիրօրէն վստահեցուց որ իրենց պիտի օգնէր որ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատեն։ Բայց ան նաեւ զգուշացում տուաւ որ եթէ իրենց պաշտամունքը սրտանց չէ, պիտի չընդունի զայն։ Տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս Զաքարիային վեցերորդ եւ եօթներորդ տեսիլքներուն միջոցաւ գործի մղեց իսրայէլացիները։ Նաեւ տեսնենք թէ ի՛նչ դասեր կրնանք սորվիլ ատոնցմէ։

ԳՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻԺԸ

4. Զաքարիան ի՞նչ տեսաւ իր վեցերորդ տեսիլքին մէջ, եւ տոմսը ինչո՞ւ երկու կողմերուն վրայ գրութիւն ունէր (տե՛ս բացման առաջին նկարը)։

4 Զաքարիա 5–րդ գլուխը կը սկսի անսովոր տեսիլքով մը (կարդա՛ Զաքարիա 5։1, 2)։ Զաքարիան կը տեսնէ օդին մէջ թռչող տոմս մը՝ շուրջ 9 մեթր երկայնութեամբ եւ 4,5 մեթր լայնութեամբ։ Ատիկա բացուած էր եւ վրան դատաստանական լուրջ պատգամ մը գրուած էր (Զաք. 5։3)։ Անցեալին, ընդհանրապէս մագաղաթին մէկ երեսին վրայ կը գրէին, բայց այս պատգամը այնքա՛ն կարեւոր էր որ մագաղաթին երկու կողմերուն վրայ գրուած էր։

Ո՛չ մէկ տեսակի գողութիւն տեղ ունի Եհովայի ժողովուրդին մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 5-7)

5, 6. Եհովան ի՞նչ աչքով կը նայի որեւէ տեսակի գողութեան։

5 Կարդա՛ Զաքարիա 5։3, 4։ Ճիշդ է որ բոլոր մարդիկը պատասխանատու են Եհովային առջեւ, բայց իր ժողովուրդը՝ ա՛լ աւելի, քանի որ իր անունը կը կրեն։ Անոնք որոնք կը սիրեն Աստուած, գիտեն թէ որեւէ տեսակի գողութիւն անարգանք կը բերէ իր անուան (Առ. 30։8, 9)։ Ոմանք կը կարծեն որ գողնալը սխալ չէ, եթէ լաւ շարժառիթով կամ պատճառով ըլլայ։ Բայց որքան ալ լաւ երեւի պատճառը, գողութիւն ընողը իր ըրածով կը ցուցնէ, որ իրեն համար՝ նիւթական բաներու հանդէպ իր ագահ ցանկութիւնը աւելի կարեւոր է քան՝ Եհովան, Իր անունը եւ Իր օրէնքը։

6 Զաքարիա 5։3, 4–ին մէջ նկատեցի՞ր որ «անէծքը. . . գողին տունը. . . պիտի մտնէ ու անոր տանը մէջ պիտի մնայ եւ զանիկա. . . պիտի սպառէ»։ Ուրեմն Եհովան կրնայ իր ժողովուրդին մէջ պատահած որեւէ սխալ արարք մէջտեղ հանել եւ զայն դատել։ Նոյնիսկ եթէ գողութիւն ընողը իր ըրածը պահէ ոստիկաններէն, գործատէրերէն, երէցներէն կամ ծնողքէն, չի կրնար Եհովայէն պահել։ Աստուած կը վստահեցնէ որ գողութիւնը մէջտեղ պիտի ելլէ ինչ ալ ըլլայ անոր տեսակը (Եբ. 4։13)։ Իրապէս ուրախ կ’ըլլանք երբ կ’ընկերակցինք մարդոց, որոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ ‘ամէն բանի մէջ պարկեշտութեամբ վարուին’ (Եբ. 13։18, ԱԾ

7. Ինչպէ՞ս կրնանք թռչող տոմսին անէծքէն հեռու մնալ։

7 Եհովան չի սիրեր գողութիւնը, ի՛նչ ալ ըլլայ ատոր տեսակը։ Մեզի համար պատիւ է Եհովային բարոյական չափանիշները գիտնալ, անոնց հնազանդիլ եւ այնպէս մը ապրիլ որ ո՛չ մէկ ձեւով անարգանք բերենք իր անուան։ Այսպէս վարուելով՝ պիտի չստանանք այն դատավճիռը որ Եհովան կ’արձակէ իրեն չհնազանդողներուն դէմ։

«ԱՄԷՆ ՕՐ» ԽՕՍՔԻԴ ՏԷՐԸ ԵԼ

8-10. ա) Երդումը ի՞նչ է։ բ) Սեդեկիան իր ո՞ր երդումը չյարգեց։

8 Ետքը, թռչող տոմսը զգուշացում մը կը յայտնէ անոնց՝ որոնք Աստուծոյ անունով «սուտ երդում» կ’ընեն (Զաք. 5։4)։ Երդումը խօսք մըն է որ կը վստահեցնէ թէ բան մը ճիշդ է, կամ լուրջ խոստում մըն է թէ անձը որոշ բան մը պիտի ընէ կամ պիտի չընէ։

9 Եհովային անունով երդում ընելը շատ լուրջ բան մըն է։ Ասիկա գիտենք Սեդեկիայի պարագայէն, որ Երուսաղէմի մէջ վերջին թագաւորն էր։ Ան Եհովային անունով երդում ըրաւ, որ Բաբելոնի թագաւորին պիտի հպատակէր։ Բայց ան իր երդումը չյարգեց։ Այս պատճառով, Եհովան զինք դատապարտեց, ըսելով. «Անշուշտ այն թագաւորին բնակած տեղը, որ զինք թագաւոր ըրեր էր, որուն երդումը անարգեր էր, անոր ուխտը աւրեր էր, ան Բաբելոնի մէջ պիտի մեռնի» (Եզեկ. 17։16

10 Սեդեկիան Եհովային անունով երդում ըրած էր, եւ ասոր համար պարտաւոր էր իր երդումը յարգել (Բ. Մն. 36։13)։ Բայց ան իր խոստումին տէրը չելլելով Եգիպտոսէն խնդրեց, որ իրեն օգնէ Բաբելոնին ձեռքէն ազատելու։ Բայց Եգիպտոս չկրցաւ իրեն օգնել (Եզեկ. 17։11-15, 17, 18

11, 12. ա) Ի՞նչ է ամէնէն կարեւոր խոստումը որ կրնանք մեր կեանքին մէջ ընել։ բ) Մեր նուիրումի ուխտը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեր ամէնօրեայ կեանքին։

11 Եհովան նաեւ կը լսէ մեր ըրած խոստումները ու լուրջի կ’առնէ զանոնք։ Եւ որպէսզի մեզմէ ուրախ մնայ, պէտք է մեր խոստումները կատարենք (Սաղ. 76։11)։ Ամէնէն կարեւոր խոստումը որ կ’ընենք՝ Եհովային նուիրուիլն է։ Նուիրումը խոստում մըն է, թէ Եհովային պիտի ծառայենք առանց որեւէ պայմանի։

12 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ըրած մեր խոստումը կատարել։ «Ամէն օր» փորձութիւններու առջեւ կու գանք, ըլլան մեծ կամ պզտիկ։ Անոնց հետ մեր ինչպէ՛ս գլուխ ելլելը կը ցուցնէ, թէ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը որքա՛ն զօրաւոր է (Սաղ. 61։8)։ Օրինակ, ի՞նչ կ’ընես եթէ գործին մէջ կամ դպրոցը մէկը սկսի քեզի հանդէպ մտերմութիւն ցուցնել։ Կը մերժե՞ս անոր յայտնած հետաքրքրութիւնը եւ կը ցուցնես որ կ’ուզես Եհովային հնազանդիլ (Առ. 23։26)։ Իսկ եթէ ընտանիքիդ մէջ միայն դուն կը պաշտես Եհովան, իրմէ կը խնդրե՞ս որ քեզի օգնէ որ շարունակես քրիստոնէավայել կերպով վարուիլ։ Օրական Եհովային կ’աղօթե՞ս, իրեն շնորհակալութիւն յայտնելով իր սիրոյն եւ առաջնորդութեան համար։ Իւրաքանչիւր օր ժամանակ կը տրամադրե՞ս որ Սուրբ Գիրքը կարդաս։ Երբ Եհովային նուիրուեցանք, ձեւով մը խոստացանք որ այս բաները պիտի ընենք։ Երբ Եհովային հնազանդինք եւ մեր լաւագոյնը իրեն տանք, կը ցուցնենք որ զինք կը սիրենք եւ իրեն կը պատկանինք։ Մեր պաշտամունքը ապրելակե՛րպ է։ Մեր խոստումը կատարելով մենք կ’օգտուինք, քանի որ Եհովան հոյակապ ապագայ մը կը խոստանայ իրեն հաւատարիմ եղողներուն (Բ. Օր. 10։12, 13

13. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Զաքարիայի վեցերորդ տեսիլքէն։

13 Զաքարիային վեցերորդ տեսիլքը մեզի կ’օգնէ հասկնալու, որ եթէ Եհովան կը սիրենք՝ չենք գողնար եւ մեր խոստումները կը կատարենք։ Նաեւ կը նկատենք որ Եհովան վազ չանցաւ իսրայէլացիներէն, հակառակ որ անոնք բազմաթիւ սխալներ ըրին։ Ան հասկցաւ թէ անոնք ինչ դժուար վիճակի մէջ էին, իրենց չորս կողմը թշնամիներ ըլլալով։ Եհովան իր խոստումներուն տէրը ելլելով օրինակ կը դառնայ մեզի։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզի պիտի օգնէ, որ մեր խոստումները պահենք։ Օրինակ, ան մեզի կ’օգնէ՝ մեզի տալով այն յոյսը, թէ մօտ ատենէն ամէն չարութիւն մէջտեղէն պիտի վերցնէ։ Այս յոյսը կը նշուի Զաքարիայի յաջորդ տեսիլքին մէջ։

ԵՀՈՎԱՆ ՉԱՐԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐՑՆԷ

14, 15. ա) Զաքարիան իր եօթներորդ տեսիլքին մէջ ի՞նչ կը տեսնէ (տե՛ս բացման երկրորդ նկարը)։ բ) Կողովին մէջի կինը ո՞վ է, եւ հրեշտակը ինչո՞ւ կը գոցէ կողովը։

14 Զաքարիան թռչող տոմսը տեսնելէ ետք, հրեշտակ մը իրեն կ’ըսէ. «Աչքերդ վերցո՛ւր ու տե՛ս»։ Ան կը տեսնէ կողով մը, որ «արդու» կը կոչուի (կարդա՛ Զաքարիա 5։5-8)։ Այս կողովը կապարեայ կլոր կափարիչ մը ունի։ Երբ կափարիչը կը վերցուի, Զաքարիան կը տեսնէ կողովին մէջ նստած կին մը։ Հրեշտակը կը բացատրէ, որ այդ կինը «չարութիւն»ն է։ Երեւակայէ Զաքարիային վախը, երբ կը տեսնէ թէ կինը կը փորձէ կողովէն դուրս ելլել։ Բայց հրեշտակը շուտով կողովին մէջ կը նետէ կինը եւ կապարեայ ծանր կափարիչը անոր վրայ կը գոցէ։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

15 Այս տեսիլքը կը վստահեցնէ մեզ որ Եհովան աչք պիտի չգոցէ իր ժողովուրդին մէջ գտնուող որեւէ չարութեան։ Եթէ ան չար բան մը տեսնէ, շուտով բան մը կ’ընէ որ զայն մէջտեղէն վերցնէ (Ա. Կոր. 5։13)։ Հրեշտակը անմիջապէս կափարիչը գոցելով՝ ասիկա ցոյց տուաւ։

Եհովան խոստացաւ իր պաշտամունքը մաքուր պահել (տե՛ս պարբերութիւն 16-18)

16. ա) Կողովին ի՞նչ կը պատահի (տե՛ս բացման երրորդ նկարը)։ բ) Թեւեր ունեցող կիները ո՞ւր կը տանին կողովը։

16 Ետքը, Զաքարիան կը տեսնէ երկու կիներ, որոնք արագիլի թեւերու պէս զօրաւոր թեւեր ունին (կարդա՛ Զաքարիա 5։9-11)։ Այս կիները որքա՜ն տարբեր են կողովին մէջի կնոջմէն։ Անոնք իրենց զօրաւոր թեւերով կը վերցնեն «չարութիւն» պարունակող կողովը եւ զայն կը տանին «Սենաար երկիրը», այսինքն՝ Բաբելոն։ Ինչո՞ւ։

17, 18. ա) Բաբելոնը ինչո՞ւ յարմար տեղն էր որ «չարութիւնը» հոն տարուէր։ բ) Ի՞նչ բան պէտք է ընենք։

17 Զաքարիային օրերուն ապրող իսրայէլացիները կրնային հասկնալ, որ ինչո՛ւ Բաբելոնը յարմար տեղն էր որ «չարութիւնը» հոն տարուէր։ Անոնք գիտէին որ ատիկա չար քաղաք մըն էր եւ լեցուն էր անբարոյութեամբ ու սուտ պաշտամունքով։ Զաքարիան եւ ուրիշ հրեաներ, որոնք Բաբելոնին մէջ ապրած էին, ամէն օր շատ ջանք թափած էին որ ատոր հեթանոս ազդեցութենէն չազդուէին։ Այս տեսիլքը որքա՜ն կը վստահեցնէր զիրենք, թէ Եհովան իր պաշտամունքը մաքուր պիտի պահէր։

18 Տեսիլքը նաեւ հրեաներուն յիշեցուց, որ իրենք ալ պատասխանատուութիւն ունին իրենց պաշտամունքը մաքուր պահելու։ Չարութիւնը տեղ չունի Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ եւ թոյլ պիտի չտրուի որ ներս սպրդի։ Ներկայիս, Եհովան մեզ բերած է իր մաքուր կազմակերպութեան մէջ, ուր կը զգանք իր սէրն ու պաշտպանութիւնը։ Ամէն մէկս պատասխանատուութիւն ունի որ զայն մաքուր պահէ։ Ո՛չ մէկ տեսակի չարութիւն տեղ ունի մեր հոգեւոր դրախտին մէջ։

ՄԱՔՈՒՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԱՏԻՒ ԿԸ ԲԵՐԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ

19. Զաքարիային հետաքրքրական տեսիլքները ի՞նչ նշանակութիւն ունին մեզի համար։

19 Զաքարիային վեցերորդ եւ եօթներորդ տեսիլքները լուրջ զգուշացում մըն են անոնց՝ որոնք չարութիւն կ’ընեն։ Եհովան պիտի չձգէ որ չարութիւնը շարունակուի։ Զինք պաշտողները պէտք է ատեն չարութիւնը։ Այս տեսիլքները նաեւ մեզ կը վստահեցնեն, որ եթէ ջանք թափենք որ մեր սիրալիր Հայրը հաճեցնենք, ան մեզ պիտի չանիծէ, հապա՝ պիտի պաշտպանէ ու օրհնէ։ Պարապի պիտի չերթան մեր թափած բոլոր ջանքերը, որ մաքուր մնանք չարութեամբ լեցուն այս աշխարհին մէջ։ Վստահ եղիր որ Եհովային օգնութեամբ կրնա՛նք յաջողիլ։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ մաքուր պաշտամունքը միշտ պիտի մնայ։ Ինչպէ՞ս գիտենք որ Եհովան իր կազմակերպութիւնը պիտի պաշտպանէ մինչ մեծ նեղութիւնը կը մօտենայ։ Յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի ասոնց մասին։