Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կառքերու եւ թագի մը պաշտպանութեան տակ ես

Կառքերու եւ թագի մը պաշտպանութեան տակ ես

«Ասիկա պիտի ըլլայ՝ եթէ ուշադրութեամբ ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ընէք» (ԶԱՔ. 6։15

ԵՐԳԵՐ. 17, 136

1, 2. Երուսաղէմի հրեաներուն վիճակը ի՞նչ էր Զաքարիայի եօթներորդ տեսիլքին վերջաւորութեան։

ԵՐԲ Զաքարիային եօթներորդ տեսիլքը կը վերջանայ, իր մտքին մէջ շատ բաներ կ’անցնին կը դառնան։ Ան վստահաբար զօրացաւ Եհովային խոստումով, որ անպարկեշտ մարդիկը պիտի պատժէր։ Բայց վիճակները չէին փոխուած։ Շատեր տակաւին գէշ եւ անպարկեշտ բաներ կ’ընէին, եւ Երուսաղէմի տաճարին վերաշինութիւնը տակաւին չէր վերջացած։ Հրեաները ինչո՞ւ այսքան արագ վազ անցած էին այն գործէն, որ Եհովան տուած էր իրենց։ Անոնք Երուսաղէմ վերադարձած էին պարզապէս որպէսզի իրենց անձնական շահե՞րը յառաջ տանին։

2 Զաքարիան գիտէր որ Երուսաղէմ վերադարձող հրեաները հաւատք ունէին։ Անոնք այն անհատներն էին, «որոնց հոգին Աստուած արթնցուցեր էր», որպէսզի իրենց ետեւը ձգեն իրենց տուներն ու գործերը (Եզր. 1։2, 3, 5)։ Անոնք իրենց շատ լաւ գիտցած երկիրը ձգեցին, որպէսզի երթան երկիր մը, որ իրենց մեծամասնութեան ծանօթ չէր։ Եթէ Եհովայի տաճարին վերաշինութիւնը կարեւոր չըլլար իրենց աչքին, անոնք այս վտանգաւոր ճամբորդութիւնը չէին ըներ՝ շուրջ 1600 քմ. կտրելով խորտուբորտ ճամբաներէ։

3, 4. Վերադարձող հրեաներուն առջեւ ի՞նչ դժուարութիւններ ելան։

3 Երեւակայէ թէ Բաբելոնէն Երուսաղէմ ճամբորդութիւնը ինչպէ՛ս էր։ Մինչ հրեաները կը ճամբորդէին, լեցուն ժամանակ ունէին որ իրենց ապրելու նոր տեղին մասին խօսէին։ Տարիքով մեծերը իրենց պատմած էին, թէ Երուսաղէմը եւ տաճարը ժամանակին որքա՜ն գեղեցիկ էին (Եզր. 3։12)։ Եթէ անոնց հետ ըլլայիր ճամբորդութեան ընթացքին, ի՞նչ պիտի զգայիր հազիւ որ Երուսաղէմը աչքիդ զարնէր։ Կը նեղուէի՞ր երբ տեսնէիր քանդուած եւ խոտերով ծածկուած տուները։ Թերեւս Բաբելոնին հսկայ եւ զօրաւոր պարիսպներուն հետ բաղդատէիր Երուսաղէմին փլած պարիսպները, որոնց մէջ պարապութիւններ կը տեսնուէին, ուր անցեալին մեծ դուռեր եւ դիտանոցներ կային։ Բայց հրեաները յուսախաբ չեղան։ Անոնք արդէն տեսած էին որ Եհովան ինչպէ՛ս օգնած եւ պաշտպանած էր զիրենք այդ երկար ճամբորդութեան ընթացքին։ Անոնք հազիւ որ հասան, զոհասեղան մը շինեցին, ուր որ անցեալին տաճարը կը գտնուէր, եւ սկսան ամէն օր զոհեր մատուցանել (Եզր. 3։1, 2)։ Անոնք այնքան խանդավառ էին, որ կարծես թէ ո՛չ մէկ բան կրնար անոնց ձեռքերը–ոտքերը կապել։

4 Տաճարին շինութենէն զատ, հրեաները պէտք էր իրենց քաղաքներն ու տուները վերաշինէին, իրենց դաշտերը ցանէին եւ իրենց ընտանիքներուն հոգ տանէին (Եզր. 2։70)։ Իրենց առջեւ եղած գործը լեռ կ’երեւէր իրենց աչքին։ Շատ չանցած, իրենց թշնամիները սկսան իրենց հակառակիլ։ Թէեւ սկիզբը հրեաները հաստատ մնացին, բայց 15 տարուան հակառակութիւնը քիչ–քիչ թուլցուց իրենց ձեռքերը (Եզր. 4։1-4)։ Ուրիշ դժուարութիւն մը ելաւ Ք.Ա. 522–ին, երբ պարսիկներու թագաւորը հրամայեց որ Երուսաղէմի մէջ ամէն շինարարութիւն դադրի։ Այնպէս մը կ’երեւէր որ այդ քաղաքը բնա՛ւ պիտի չվերաշինուէր (Եզր. 4։21-24

5. Եհովան ինչպէ՞ս օգնեց իր ժողովուրդին։

5 Եհովան գիտէր որ իր ժողովուրդը զօրութեան եւ քաջութեան պէտք ունէր։ Ան Զաքարիային վերջին տեսիլք մը ցուցուց, որպէսզի իր ժողովուրդը վստահեցնէ որ կը սիրէ զիրենք եւ կ’արժեւորէ բոլոր այն բաները որ մինչեւ հիմա ըրած են։ Ան խոստացաւ որ զիրենք պիտի պաշտպանէ, եթէ նորէն սկսին այն գործը որ իրենց տուած էր։ Եհովան տաճարին վերաշինութեան համար ըսաւ. «Ասիկա պիտի ըլլայ՝ եթէ ուշադրութեամբ ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ընէք» (Զաք. 6։15

ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱԿ ՄԸ

6. ա) Զաքարիային ութերորդ տեսիլքը ինչպէ՞ս կը սկսի (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Ձիերը ինչո՞ւ իրարմէ տարբեր գոյներ ունին։

6 Թերեւս Զաքարիային ութերորդ ու վերջին տեսիլքը՝ իր տեսիլքներուն մէջ ամէնէն շատ հաւատք զօրացնող տեսիլքն է (կարդա՛ Զաքարիա 6։1-3)։ Երեւակայէ թէ Զաքարիան ի՛նչ տեսաւ. պղնձէ «երկու լեռներու մէջէն չորս կառք» կ’ելլեն։ Կառքերը քաշող ձիերը իրարմէ տարբեր գոյներ ունին, որպէսզի կառք քշողները իրարմէ զանազանուին։ Զաքարիան հարցուց. «Ասոնք ի՞նչ են» (Զաք. 6։4)։ Մենք ալ կ’ուզենք ասոր պատասխանը գիտնալ, քանի որ այս տեսիլքը ուղղակի կ’ազդէ մեզի։

Եհովան մինչեւ հիմա հրեշտակները կը գործածէ, որ իր ժողովուրդը պաշտպանէ եւ զօրացնէ

7, 8. ա) Երկու լեռները ի՞նչ կը ներկայացնեն։ բ) Լեռները ինչո՞ւ պղնձէ են։

7 Սուրբ Գիրքին մէջ, լեռները կրնան ներկայացնել թագաւորութիւններ կամ կառավարութիւններ։ Զաքարիային տեսած լեռները կը նմանին Դանիէլի մարգարէութեան մէջ նշուած երկու լեռներու։ Այդ լեռներէն մէկը կը ներկայացնէ Եհովային տիեզերական եւ յաւիտենական իշխանութիւնը, իսկ միւս լեռը՝ մեսիական Թագաւորութիւնը, որուն Թագաւորը Յիսուսն է (Դան. 2։35, 45)։ 1914–ի աշնան Յիսուս Թագաւոր ըլլալէն ի վեր, այս երկու լեռները ներկայ են եւ յատուկ դեր խաղցած են երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարելուն մէջ։

8 Լեռները ինչո՞ւ պղնձէ են։ Պղինձը ոսկիին պէս շատ արժէքաւոր մետաղ մըն է։ Եհովան իսրայէլացիներուն ըսաւ որ այս փայլուն մետաղը գործածեն խորանին շինութեան մէջ եւ յետագային՝ Երուսաղէմի տաճարին շինութեան մէջ (Ել. 27։1-3. Գ. Թագ. 7։13-16)։ Այս լեռներուն պղինձը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովային տիեզերական գերիշխանութիւնը եւ մեսիական Թագաւորութիւնը շատ բարձր որակ ունին։ Ատոնք ապահովութիւն ու օրհնութիւններ պիտի բերեն ամբողջ մարդկութեան։

9. Քշողները որո՞նք են, եւ անոնց նշանակումը ի՞նչ է։

9 Իսկ կառքերը եւ զանոնք քշողները ի՞նչ կը ներկայացնեն։ Անոնք կը ներկայացնեն հրեշտակներ,– հաւանաբար իրարմէ տարբեր խումբի պատկանող հրեշտակներ (կարդա՛ Զաքարիա 6։5-8)։ Անոնք «Տէրոջը առջեւ կայնելէն կու գան» յատուկ նշանակումով մը։ Հրեշտակները կը ղրկուին մասնայատուկ տեղեր, որպէսզի Եհովային ժողովուրդը պաշտպանեն, մանաւանդ Բաբելոնէն՝ «հիւսիսի երկիրը»։ Եհովան այս տեսիլքով իր ժողովուրդին գիտցուց, որ անգամ մըն ալ գերի պիտի չըլլան Բաբելոնին։ Երեւակայէ թէ ասիկա Զաքարիային օրերուն որքա՜ն մխիթարած ըլլալու էր տաճարը շինողները։ Անոնք գիտցան որ իրենց թշնամիները չէին կրնար կեցնել զիրենք։

10. Կառքերուն եւ քշողներուն մասին Զաքարիային տեսիլքը ի՞նչ վստահութիւն կու տայ մեզի։

10 Եհովան մինչեւ հիմա հրեշտակները կը գործածէ, որ իր ժողովուրդը պաշտպանէ եւ զօրացնէ (Մաղ. 3։6. Եբ. 1։7, 14)։ Եհովայի ժողովուրդը 1919–ին Մեծ Բաբելոնի գերութենէն ազատագրուելէն ի վեր, ճշմարիտ պաշտամունքը աճած է, հակառակ որ իրենց թշնամիները զօրաւոր կերպով հակառակած են (Յայտ. 18։4)։ Բայց պէտք չունինք վախնալու որ Եհովայի կազմակերպութիւնը նորէն գերի դառնայ սուտ կրօնքին, քանի որ հրեշտակներուն պաշտպանութիւնը ունինք (Սաղ. 34։7)։ Ընդհակառակը, կրնանք վստահ ըլլալ որ ամբողջ աշխարհին մէջ Աստուծոյ ծառաները պիտի շարունակեն հոգեւորապէս բարգաւաճիլ։ Զաքարիային տեսիլքը մեզ կը վստահեցնէ, որ մենք երկու լեռներուն շուքին տակ ապահով ենք։

11. Ինչո՞ւ պէտք չէ վախնանք Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ գալիք յարձակումէն։

11 Մօտ օրէն, Սատանայի աշխարհին քաղաքական ուժերը պիտի միանան, որպէսզի փորձեն Աստուծոյ ժողովուրդը մէջտեղէն վերցնել (Եզեկ. 38։2, 10-12. Դան. 11։40, 44, 45. Յայտ. 19։19)։ Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ կը տեսնենք, որ այս ուժերը երկիրը կը ծածկեն ամպի պէս, եւ ձիերու վրայ հեծած՝ բարկութեամբ կը յարձակին մեր վրայ (Եզեկ. 38։15, 16) *։ Վախնալու պատճառ ունի՞նք։ Անշուշտ ո՛չ։ Մեզի հետ ունինք Եհովային բանակը։ Մեծ նեղութեան այդ հանգրուանին, Եհովային հրեշտակները պիտի պաշտպանեն իր ժողովուրդը եւ պիտի կործանեն բոլոր անոնք, որոնք իր գերիշխանութեան կը հակառակին (Բ. Թես. 1։7, 8)։ Ատիկա շա՜տ հիանալի օր մը պիտի ըլլայ։ Բայց ո՞վ կ’առաջնորդէ Եհովային երկնային բանակը։

ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ԹԱԳԱԴՐԷ ԻՐ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՆ

12, 13. ա) Եհովան ի՞նչ կը խնդրէ Զաքարիայէն։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Շառաւիղ անունով անձը կը ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոսը։

12 Զաքարիան այդ ութ տեսիլքները առանձին տեսաւ։ Բայց ետքը, ան ուրիշներու աչքին առջեւ մարգարէական իմաստ ունեցող բան մը ըրաւ, որ պիտի քաջալերէր Աստուծոյ տաճարը շինողները (կարդա՛ Զաքարիա 6։9-12)։ Հեղդան, Տուբիան եւ Յեդայիան տակաւին նոր եկած էին Բաբելոնէն։ Եհովան Զաքարիային կ’ըսէ որ արծաթ եւ ոսկի հաւաքէ այս երեքէն, եւ ատոնցմով «շքեղ պսակ մը» շինէ (Զաք. 6։11, ՆԱ, ստորանիշ)։ Այս պսակը Զօրաբաբէլ կառավարիչի՞ն համար է, որ Յուդայի ցեղէն եւ Դաւիթի սերունդէն է։ Ո՛չ։ Եհովան Զաքարիային կ’ըսէ որ պսակը դնէ Յեսու քահանայապետին գլխուն։ Ասիկա վստահաբար զարմացուց դիտողները։

13 Յեսու քահանայապետը թագը ստանալով թագաւոր եղա՞ւ։ Ո՛չ։ Ան Դաւիթի սերունդէն չէր, եւ այս պատճառով որակեալ չէր թագաւոր ըլլալու։ Իր թագ ստանալը մարգարէական էր, եւ կը ցուցնէր որ ապագային՝ Շառաւիղ անունով մէկը թագաւոր եւ քահանայ պիտի ըլլար յաւիտեան։ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ թէ Յիսուս Քրիստոսն է Շառաւիղը (Եսա. 11։1

14. Յիսուս ի՞նչ գործ կ’ընէ որպէս Թագաւոր եւ Քահանայապետ։

14 Յիսուս թէ՛ Թագաւոր է եւ թէ Քահանայապետ։ Ան հրեշտակներու բանակը կ’առաջնորդէ եւ ծանր կ’աշխատի, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը որպէս խումբ ապահով ըլլայ այս վայրագ աշխարհին մէջ (Եր. 23։5, 6)։ Շատ մօտ ատենէն, Քրիստոս ազգերուն պիտի յաղթէ, մինչ թիկունք կը կանգնի Աստուծոյ գերիշխանութեան եւ կը պաշտպանէ Իր ժողովուրդը (Յայտ. 17։12-14. 19։11, 14, 15)։ Բայց ատկէ առաջ, Շառաւիղը, կամ Յիսուս, մեծ գործ ունի ընելիք։

ԱՆ ՏԱՃԱՐԸ ՊԻՏԻ ՇԻՆԷ

15, 16. ա) Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս վերահաստատուած եւ զտուած է, եւ որո՞ւ կողմէ։ բ) Քրիստոսին հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան երկրի վրայ վիճակը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։

15 Յիսուս Թագաւոր եւ Քահանայապետ ըլլալէ զատ, նշանակում ստացաւ որ «շինէ Տէրոջը տաճարը» (կարդա՛ Զաքարիա 6։13)։ Մեր օրերուն, Յիսուսի շինարարական գործը պարփակեց՝ 1919–ին Աստուծոյ ժողովուրդը ազատել Մեծ Բաբելոնէն, եւ քրիստոնէական ժողովքը վերահաստատել։ Ան նաեւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» նշանակեց, որպէսզի գործը առաջնորդէ հոգեւոր տաճարին երկրային մասին մէջ (Մատ. 24։45)։ Յիսուս նաեւ զտած է Աստուծոյ ժողովուրդը, որպէսզի մաքուր կերպով պաշտեն Աստուած (Մաղ. 3։1-3

16 Յիսուս եւ 144,000 թագաւորներն ու քահանաները հազար տարի պիտի իշխեն։ Այդ ժամանակամիջոցին, անոնք հաւատարիմ մարդիկը կատարելութեան պիտի հասցնեն։ Ատկէ ետք, միայն Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուները մնացած պիտի ըլլան երկրին վրայ։ Վերջապէս, ճշմարիտ պաշտամունքը ամբողջովին վերահաստատուած պիտի ըլլայ։

‘ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՆ’ ՄԱՍՆԱԿՑԷ

17. Եհովան ի՞նչ վստահութիւն կու տայ հրեաներուն, եւ ատիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ իրենց։

17 Զաքարիային խօսքերը ինչպէ՞ս ազդեցին իր օրուան հրեաներուն։ Եհովան խոստացած էր որ իրենց պիտի օգնէր եւ պաշտպանէր, որպէսզի կարենային տաճարը ամբողջացնել։ Ասիկա յոյս տուաւ իրենց։ Բայց այսքան քիչ թիւով մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի կրնային վերջացնել այս մեծ գործը։ Զաքարիան անոնց կ’ըսէ բան մը, որ անոնց բոլոր վախերը եւ կասկածները կը հեռացնէ։ Աստուած կ’ըսէ որ շատեր «պիտի գան ու Տէրոջը տաճարը պիտի շինեն»՝ Հեղդային, Տուբիային եւ Յեդայիային պէս հաւատարիմ տղամարդոց կողքին (կարդա՛ Զաքարիա 6։15)։ Հրեաները շուտով գործի կ’անցնին եւ շինարարութիւնը կը շարունակեն, վստահ ըլլալով որ Եհովան իրենց պիտի օգնէ, հակառակ որ պարսիկներու թագաւորը արգիլած է գործը։ Այս արգելքը լեռի մը պէս էր իրենց աչքին, բայց շատ չանցած՝ Եհովան կը հանէ զայն։ Վերջապէս, Ք.Ա. 515–ին տաճարը կը վերջանայ (Եզր. 6։22. Զաք. 4։6, 7)։ Բայց Եհովային այդ խօսքերը շատ աւելի մեծ բաներ կը նկարագրեն, որոնք մեր օրերուն կը պատահին։

Եհովան բնա՛ւ պիտի չմոռնայ իրեն հանդէպ մեր ունեցած սէրը (տե՛ս պարբերութիւն 18, 19)

18. Զաքարիա 6։15–ը ինչպէ՞ս կը կատարուի մեր օրերուն։

18 Այսօր, միլիոնաւորներ կը պաշտեն Եհովան, եւ իր հոգեւոր մեծ տաճարին սրտանց թիկունք կը կանգնին իրենց «ստացուածքով», օրինակ՝ իրենց ժամանակը, կորովը եւ նիւթական բաները (Առ. 3։9)։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կ’արժեւորէ ամէն ինչ որ հաւատարմօրէն կ’ընենք։ Նկատէ թէ Զաքարիային շինած պսակը «յիշատակ» մնաց, որպէսզի ուրիշները յիշեն թէ Հեղդան, Տուբիան եւ Յեդայիան ի՛նչ նուիրեցին, որպէսզի այս պսակը շինուի (Զաք. 6։14)։ Նմանապէս, Եհովան բնա՛ւ պիտի չմոռնայ մեր ըրած գործը եւ ցուցուցած սէրը. ատոնք յաւիտեան իր յիշողութեան մէջ պիտի մնան (Եբ. 6։10

19. Զաքարիային տեսիլքները ինչպէ՞ս պէտք է ազդեն մեզի։

19 Եհովայի ժողովուրդը շատ մեծ գործ մը ըրած է այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Ասիկա կը փաստէ թէ Եհովան կ’օրհնէ իր ժողովուրդը, իսկ Յիսուս ալ կ’առաջնորդէ զանոնք։ Ուրախ ենք որ կը պատկանինք հաստատ, ապահով եւ յաւիտենական կազմակերպութեան մը, եւ գիտենք որ մաքուր պաշտամունքի նկատմամբ Եհովային նպատակը «պիտի ըլլայ»։ Ուրեմն, Եհովայի ժողովուրդին մէջ տեղդ արժեւորէ եւ ‘Տէր Աստուծոյդ ձայնը մտիկ ըրէ’։ Այսպիսով, մեր Թագաւորն ու Քահանայապետը եւ հրեշտակները պիտի պաշտպանեն քեզ։ Ամէն կարելիդ ըրէ որ թիկունք կանգնիս ճշմարիտ պաշտամունքին։ Կրնա՛ս վստահ ըլլալ, որ Եհովան քեզ ապահով պիտի պահէ մինչեւ նոր դրութիւն եւ յաւիտեան։

^ պարբ. 11 Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը՝ Դիտարան–ի 15 մայիս 2015 թիւին մէջ, էջ 29-30։