Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Գիտեմ թէ յարութիւն պիտի առնէ’

‘Գիտեմ թէ յարութիւն պիտի առնէ’

«Մեր բարեկամը քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ» (ՅՈՎՀ. 11։11

ԵՐԳԵՐ. 129, 154

1. Մարթան վստահ էր որ ի՞նչ պիտի պատահէր իր եղբօր (տե՛ս բացման նկարը)։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ մօտիկ բարեկամուհին եւ աշակերտուհին՝ Մարթան, սուգի մէջ էր։ Անոր եղբայրը՝ Ղազարոսը մահացած էր։ Բան մը կա՞ր որ կրնար զինք մխիթարել։ Այո՛, Յիսուս իրեն խոստացաւ. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ Անշուշտ, այս խօսքը չէր կրնար իր ամբողջ ցաւը տանիլ, բայց Մարթան վստահեցաւ Յիսուսի խոստումին, եւ ըսաւ. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ» (Յովհ. 11։20-24)։ Ան վստահ էր որ ապագային յարութիւն պիտի ըլլայ։ Բայց ետքը, Յիսուս հրաշք մը ընելով՝ Ղազարոսը կեանքի բերաւ նոյն օրը։

2. Ինչո՞ւ կ’ուզես Մարթային համոզումը ունենալ։

2 Պատճառ չկայ ակնկալելու որ Յիսուս կամ իր Հայրը հի՛մա յարութիւն պիտի տայ մեր սիրելիներուն։ Բայց դուն Մարթային չափ վստա՞հ ես, որ ապագային սիրելիներդ յարութիւն պիտի առնեն։ Թերեւս կորսնցուցած ես ամուսինդ, կինդ, մայրդ, հայրդ, մեծ հայրդ, մեծ մայրդ կամ նոյնիսկ թանկագին զաւակդ։ Անհամբեր կը սպասես որ իրեն փաթթուկ ընես, եւ հետը խօսիս ու խնդաս։ Ուրախ ենք որ Մարթային պէս պատճառ ունիս ըսելու՝ «Գիտեմ որ իմ սիրելիս յարութիւն պիտի առնէ յարութեան ժամանակը»։ Սակայն լաւ կ’ըլլայ որ ամէն քրիստոնեայ մտածէ, թէ ի՛նչ պատճառներ կան որ այս համոզումը ունենանք։

3, 4. Վերջերս Յիսուս ի՞նչ ըրած էր, եւ ատիկա ինչպէ՞ս Մարթան աւելի համոզած էր։

3 Մարթան, որ Երուսաղէմի մօտ կ’ապրէր, հաւանաբար չէր տեսած Յիսուսին յարութիւն տալը որբեւայրիի մը տղուն, Գալիլիոյ Նային քաղաքին մօտ։ Բայց հաւանական է որ ատոր մասին լսած էր։ Նոյնն էր պարագան երբ Յիսուս Յայրոսին աղջիկին յարութիւն տուաւ, թերեւս Կափառնայումին մէջ։ Աղջկան տան մէջ եղողները «գիտէին թէ մեռաւ»։ Հակառակ ասոր, Յիսուս անոր ձեռքը բռնելով ըսաւ. «Աղջի՛կ, ելիր»։ Աղջիկը շուտով ելաւ (Ղուկ. 7։11-17. 8։41, 42, 49-55)։ Թէ՛ Մարթան եւ թէ իր քոյրը՝ Մարիամ, գիտէին որ Յիսուս կրնայ հիւանդները բժշկել։ Ասոր համար, համոզուած էին որ եթէ Յիսուս հոն ըլլար, Ղազարոս չէր մեռներ։ Բայց հիմա որ Յիսուսին սիրելի բարեկամը մեռած էր, Մարթան ի՞նչ կ’ակնկալէր։ Նկատէ թէ Մարթան ըսաւ որ Ղազարոս կեանքի պիտի գայ ապագային՝ «վերջին օրը»։ Ան ինչո՞ւ այսքան վստահ էր։ Եւ ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ որ ապագային յարութիւն պիտի ըլլայ, որուն մէջ թերեւս սիրելիներդ ալ ըլլան։

4 Լաւ պատճառներ ունիս որ յարութեան համոզուած ըլլաս։ Մինչ ատոնցմէ ոմանք նկատի կ’առնենք, թերեւս Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնես կէտեր, որոնք ընդհանրապէս չես կապեր այն յոյսիդ հետ, որ սիրելիներդ յարութիւն պիտի առնեն։

ՅՈՅՍ ՏՈՒՈՂ ԴԷՊՔԵՐ

5. Մարթան ինչո՞ւ վստահ էր որ Ղազարոս յարութիւն պիտի առնէր։

5 Նկատէ թէ Մարթան չըսաւ՝ ‘Կը յուսամ որ յարութիւն պիտի առնէ’։ Ան ըսաւ. ‘Գիտեմ թէ յարութիւն պիտի առնէ’։ Մարթան վստահ էր, քանի որ նոյնիսկ Յիսուսին ծառայութենէն առաջ գիտէր, թէ անցեալին յարութիւններ եղած էին։ Ան պզտիկուց ատոնց մասին սորված էր տունը եւ ժողովարանը։ Հիմա նկատի պիտի առնենք Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած յարութիւններէն երեքը։

6. Մարթան վստահաբար ո՞ր հրաշքին մասին գիտէր։

6 Առաջին յարութիւնը տեղի ունեցաւ, երբ Աստուած զօրութիւն կու տար Եղիա մարգարէին, որպէսզի հրաշքներ ընէ։ Իսրայէլի հիւսիսը՝ Սարեփթա կոչուող փիւնիկական քաղաքին մէջ, աղքատ որբեւայրի մը հիւրասիրեց մարգարէն։ Ետքը, Եհովան հրաշք մը ըրաւ։ Ան չձգեց որ կնոջ ալիւրը եւ իւղը վերջանան, որպէսզի ինք եւ իր տղան կարենան ապրիլ (Գ. Թագ. 17։8-16)։ Բայց յետագային տղան հիւանդացաւ ու մեռաւ։ Եղիան կնոջ օգնութեան հասաւ։ Ան աղօթեց. «Աստուած իմ, կ’աղաչեմ այս տղուն հոգին իր մարմնին թող դառնայ»։ Այդպէս ալ պատահեցաւ։ Աստուած Եղիային աղօթքը լսեց եւ պզտիկը ողջնցաւ։ Ասիկա առաջին յարութիւնն էր, որ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուեցաւ (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 17։17-24)։ Մարթան վստահաբար գիտէր այս հիանալի պատմութիւնը։

7, 8. ա) Եղիսէն ինչպէ՞ս մխիթարեց սգացող մայր մը։ բ) Եղիսէին հրաշքը ի՞նչ կը փաստէ Եհովային մասին։

7 Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած երկրորդ յարութիւնը Եղիսէ մարգարէին կողմէ կատարուեցաւ։ Սունամ քաղաքին մէջ կ’ապրէր իսրայէլացի կին մը, որ զաւակ չունէր։ Որովհետեւ հիւրասիրութեամբ վարուեցաւ Եղիսէին հետ, Եհովան զինք եւ իր տարեց ամուսինը օրհնեց՝ տղայ զաւակ մը տալով։ Բայց քանի մը տարի ետք, տղան մեռաւ։ Երեւակայէ թէ մօրը սիրտը ինչպէ՛ս կտոր–կտոր եղաւ։ Իր ամուսինէն հրաման առնելով, Եղիսէին քով գնաց՝ շուրջ 30 քմ. կտրելով դէպի Կարմեղոս լեռ։ Մարգարէն իրենց առջեւէն ղրկեց իր ծառան Գէեզին, որպէսզի Սունամ երթալով տղուն յարութիւն տայ, բայց ան չկրցաւ։ Ետքը, սգացող մայրը Եղիսէին հետ հասաւ տուն (Դ. Թագ. 4։8-31

8 Եղիսէն տուն մտաւ եւ աղօթեց։ Տղան հրաշքով կեանքի եկաւ։ Երբ մայրը զինք տեսաւ, իր ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր (կարդա՛ Դ. Թագաւորաց 4։32-37)։ Ան թերեւս յիշեց ինչ որ Աննան աղօթքով ըսաւ, երբ Սամուէլը բերաւ խորանին մէջ ծառայելու. «Գերեզմանը իջեցնողն ու վեր հանողը Տէրն է» (Ա. Թագ. 2։6)։ Աստուած իրապէս տղան ‘վեր հանեց’ Սունամի մէջ, եւ այսպիսով փաստեց, որ կարողութիւն ունի յարութիւն տալու։

9. Նկարագրէ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած երրորդ յարութիւնը։

9 Եղիսէին մահէն ետքն ալ հիանալի դէպք մը պատահեցաւ։ Ան որպէս մարգարէ աւելի քան 50 տարի ծառայեց եւ հիւանդանալով մեռաւ։ Ժամանակը անցաւ եւ անոր մարմինին միայն ոսկորները մնացին։ Օր մը, երբ կարգ մը իսրայէլացիներ մարդ մը կը թաղէին, յանկարծ տեսան որ թշնամիներ կու գան։ Անոնք շուտով դիակը Եղիսէին գերեզմանին մէջ նետեցին ու փախան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մարդը Եղիսէին ոսկորներուն դպածին պէս կենդանացաւ ու իր ոտքերուն վրայ կայնեցաւ» (Դ. Թագ. 13։14, 20, 21)։ Յարութեան մասին այս պատմութիւնները Մարթային փաստեցին, որ Աստուած անկասկած զօրութիւն ունի մահուան վրայ։ Անոնք նաեւ պէտք է քեզ համոզեն, որ Աստուծոյ զօրութիւնը անսահման է։

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ԴԷՊՔԵՐ

10. Ի՞նչ պատահեցաւ քրիստոնեայ քրոջ մը եւ Պետրոս ի՞նչ ըրաւ։

10 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ ալ կան յարութեան պատմութիւններ, որոնց մէջ դեր խաղցան Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները։ Արդէն իսկ խօսեցանք Յիսուսին կատարած յարութիւններուն մասին՝ Նայինի մօտ եւ Յայրոսին տան մէջ։ Ժամանակ մը ետք, Պետրոս առաքեալ յարութիւն տուաւ Այծեմնիկին, որ նաեւ Տաբիթա կը կոչուէր։ Պետրոս եկաւ այն սենեակը, ուր դիակը դրուած էր, եւ աղօթելէ ետք ըսաւ. «Տա՛բիթա, ելիր կայնէ»։ Ան վայրկեանական ողջնցաւ եւ Պետրոս «ողջ կայնեցուց զանիկա» միւսներուն առջեւ։ Այս դէպքը այնքան համոզիչ էր, որ Յոպպէի մէջ «շատեր Տէրոջը հաւատացին»։ Այս նոր աշակերտները կրնային բարի լուրը տալ Յիսուսին մասին եւ նաեւ ուրիշներուն ըսել, որ Եհովան կարողութիւն ունի մեռելները յարուցանելու (Գործք 9։36-42

11. Ղուկաս բժիշկը ի՞նչ պատմեց երիտասարդի մը մասին, եւ այդ դէպքը ինչպէ՞ս ազդեց ուրիշներու վրայ։

11 Ուրիշներ ալ իրենց աչքով տեսան այլ յարութիւն մը։ Անգամ մը, Պօղոս առաքեալ ժողով մը գումարած էր «վերի սենեակ»ի մը մէջ, Տրովադայի մէջ, ներկայ Թուրքիոյ հիւսիս–արեւմուտքը։ Պօղոս մինչեւ կէս գիշեր խօսեցաւ։ Եւտիքոս անունով երիտասարդ մը պատուհանին վրայ նստած մտիկ կ’ընէր։ Ան քունի անցնելով՝ երրորդ յարկէն վար ինկաւ։ Թերեւս Ղուկաս բժիշկը առաջին անձն էր, որ Եւտիքոսին քով հասաւ եւ զինք քննեց։ Ան տեսաւ թէ երիտասարդը ո՛չ թէ վիրաւորուած ու մարած էր, հապա մեռա՛ծ էր։ Պօղոս ալ վար իջաւ, գրկեց դիակը եւ բոլորը ապշեցնող բան մը ըսաւ. «Ասոր հոգին իր մէջն է»։ Այս հրաշքը շատ ազդեց հոն ներկայ եղողներուն վրայ։ Անոնք «մեծապէս մխիթարուեցան», գիտնալով որ երիտասարդը մեռած էր բայց յարութիւն առաւ (Գործք 20։7-12

ՎՍՏԱՀԵԼԻ ՅՈՅՍ ՄԸ

12, 13. Մեր նկատի առած յարութիւններուն հիման վրայ ի՞նչ հարցումներ կրնանք հարցնել։

12 Մեր նկատի առած յարութիւնները պէտք է ձգեն, որ Մարթային պէս վստահ ըլլաս, թէ մեր Աստուածը, որ մեզի կեանք տուած է, կրնայ մեռած անձ մը կենդանացնել։ Հետաքրքրական է որ այդ յարութիւններէն ամէն մէկուն ատեն, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն մէկը կար, ինչպէս՝ Եղիան, Յիսուսը կամ Պետրոսը։ Եւ ատոնք պատահեցան այն ժամանակ, որ Եհովան հրաշքներ կ’ընէր։ Ի՞նչ կրնանք ըսել այն անհատներուն մասին, որոնք մահացան երբ Աստուած այսպիսի հրաշքներ չէր ըներ։ Հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները կրնայի՞ն ակնկալել, որ Աստուած ապագային յարութիւն պիտի տար մեռելներուն։ Անոնք կրնայի՞ն Մարթային պէս վստահ ըլլալ, որ ըսաւ. «Գիտեմ թէ [եղբայրս] յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։ Ան ինչո՞ւ կրնար ասոր համոզուած ըլլալ, իսկ դո՛ւն ինչո՞ւ կրնաս համոզուած ըլլալ։

13 Աստուծոյ Խօսքին մէջ շատ մը հատուածներ կը ցուցնեն, որ իր հաւատարիմ ծառաները գիտէին թէ ապագային յարութիւն պիտի ըլլայ։ Նկատի առնենք քանի մը հատը։

14. Աբրահամին պատմութիւնը ի՞նչ կը սորվեցնէ յարութեան մասին։

14 Մտածէ թէ Եհովան ինչ խնդրեց Աբրահամէն որ ընէ Իսահակին, որուն համար տարիներ սպասած էր որ ծնի։ Եհովան ըսաւ. «Հիմա քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու. . . զանիկա ողջակէզ ըրէ» (Ծն. 22։2)։ Երեւակայէ թէ Աբրահամ ի՛նչ զգաց երբ այս հրամանը լսեց։ Եհովան ըսած էր որ Աբրահամին սերունդով պիտի օրհնուէին բոլոր ազգերը (Ծն. 13։14-16. 18։18. Հռով. 4։17, 18)։ Նաեւ Եհովան ըսած էր որ սերունդը պիտի գար «Իսահակով» (Ծն. 21։12)։ Բայց ասիկա ինչպէ՞ս պիտի իրականանար, եթէ Աբրահամ զոհէր Իսահակը։ Աստուած Պօղոսը մղեց որ բացատրէ, թէ Աբրահամ կը հաւատար որ Աստուած կրնայ Իսահակին յարութիւն տալ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։17-19)։ Բայց Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ Աբրահամ կը կարծէր, որ Իսահակ շուտով յարութիւն պիտի առնէր, թերեւս՝ ժամեր, մէկ օր կամ մէկ շաբաթ ետք։ Աբրահամ չէր կրնար գիտնալ որ իր տղան ե՛րբ յարութիւն պիտի առնէր։ Բայց ան վստահ էր որ Եհովան յարութիւն պիտի տար Իսահակին։

15. Հաւատարիմ Յոբ ի՞նչ յոյս ունէր։

15 Հաւատարիմ Յոբն ալ կը հաւատար, որ ապագային յարութիւն պիտի ըլլար։ Ան գիտէր որ եթէ ծառ մը կտրուէր, կրնար նորէն աճիլ եւ նոր ծառի պէս ըլլալ։ Բայց մարդ արարածին պարագան նոյնը չէ (Յոբ 14։7-12. 19։25-27)։ Եթէ մարդը մեռնի, չի կրնար ինքզինք կենդանացնել (Բ. Թագ. 12։23. Սաղ. 89։48)։ Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր, որ Աստուած չի կրնար մէկու մը յարութիւն տալ։ Ընդհակառակը, Յոբ կը հաւատար որ Եհովան զինք պիտի յիշէր (կարդա՛ Յոբ 14։13-15)։ Յոբ չէր գիտեր թէ ասիկա ճիշդ երբ պիտի պատահէր ապագային, բայց վստահ էր որ մարդկային կեանքը Ստեղծողը կրնար զինք յիշել եւ յարուցանել։

16. Հրեշտակ մը ի՞նչ քաջալերութիւն տուաւ Դանիէլին։

16 Մտածէ ուրիշ հաւատարիմ մարդու մը մասին՝ Դանիէլը։ Ան իր ամբողջ կեանքին մէջ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայեց եւ Եհովան իրեն օգնեց։ Անգամ մը, հրեշտակ մը Դանիէլը կոչեց «սիրելի» եւ իրեն ըսաւ, որ ‘խաղաղութիւն ունենայ եւ ուժովնայ’ (Դան. 9։22, 23. 10։11, 18, 19

17, 18. Եհովան ի՞նչ խոստացաւ Դանիէլին։

17 Դանիէլ գրեթէ 100 տարեկան էր եւ իր կեանքին վերջաւորութեան կը հասնէր։ Ան թերեւս կը մտածէր թէ իրեն ինչ պիտի ըլլար ապագային։ Արդեօք Դանիէլ դարձեալ պիտի ապրէ՞ր։ Անշո՛ւշտ։ Դանիէլ գիրքին վերջաւորութեան գրուած է, թէ Աստուած ի՛նչ խոստացաւ իրեն. «Դուն գնա՛ մինչեւ վախճանը, վասն զի պիտի հանգչիս» (Դան. 12։13)։ Ծեր Դանիէլը գիտէր որ մեռելները կը հանգչին եւ թէ ‘խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ գերեզմանին մէջ’, ուր մօտ ատենէն պիտի երթար (Ժող. 9։10)։ Բայց ասանկով պիտի չվերջանար ամէն բան. Եհովան իր ապագային նկատմամբ հոյակապ խոստում մը տուաւ իրեն։

18 Եհովային հրեշտակը իրեն ըսաւ. «Օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս»։ Դանիէլ չէր գիտեր թէ ասիկա ճիշդ երբ պիտի պատահէր։ Ան հասկցաւ որ պիտի մեռնէր ու հանգչէր։ Բայց երբ լսեց այս խոստումը՝ «քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս», հասկցաւ որ յարութիւն պիտի առնէ ապագային։ Ասիկա տեղի պիտի ունենար իր մահէն երկար ժամանակ ետք՝ «օրերուն վերջը»։

Կրնաս Մարթային պէս վստահ ըլլալ որ յարութիւնը պիտի պատահի (տե՛ս պարբերութիւն 19, 20)

19, 20. ա) Մինչեւ հիմա մեր նկատի առած կէտերը ի՞նչ կապ ունին Մարթային ըսածին հետ։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

19 Մարթան լաւ պատճառներ ունէր հաւատալու, որ իր հաւատարիմ եղբայրը՝ Ղազարոս, «յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն» պիտի առնէ։ Քրիստոնեաներուն հաւատքը պէտք է զօրանայ, երբ տեսնեն թէ Եհովան ի՛նչ խոստում տուաւ Դանիէլին եւ թէ Մարթան ի՛նչ մեծ համոզում ունէր։ Պիտի ըլլա՛յ յարութիւն։

20 Տեսանք թէ իսկական յարութիւններ պատահած են անցեալին։ Ասոնք կը փաստեն որ մեռելները կրնա՛ն դարձեալ ապրիլ։ Նաեւ տեսանք թէ Աստուծոյ ծառայող հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները կ’ակնկալէին, որ ապագային յարութիւն պիտի ըլլայ։ Բայց փաստ կա՞յ որ յարութիւն կրնայ պատահիլ, ատոր նկատմամբ խօսք տրուելէն երկա՜ր տարիներ ետք։ Եթէ ա՛յո, ասիկա ա՛լ աւելի պատճառ կու տայ մեզի, որ սպասենք յարութեան ժամանակին։ Ատիկա ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Այս կէտերը նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։