Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կ’ազդէ ապագայիդ

Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կ’ազդէ ապագայիդ

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ գիշերով կը քալես մութ ճամբու մը մէջ։ Թէեւ արեւը շատոնց մայր մտած է, բայց կորսուած չես զգար, քանի որ գրպանի զօրաւոր ելեկտրական լապտեր մը ունիս ձեռքիդ մէջ։ Եթէ զայն դէպի վար ուղղես, յստակօրէն կը տեսնես թէ ճիշդ առջեւդ ի՛նչ կայ։ Իսկ եթէ զայն դէպի առջեւ ուղղես, ատոր լոյսով կրնաս հեռուները տեսնել։

Սուրբ Գիրքը ձեւով մը կը նմանի այս լապտերին։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածներուն մէջ տեսանք, Աստուծոյ Խօսքը կրնայ մեզի օգնել ‘ճիշդ մեր առջեւը’ եղած բաներուն հետ գլուխ ելլելու, այսինքն՝ այն ամէնօրեայ խնդիրները որ բոլորս կ’ունենանք այս անկայուն աշխարհին մէջ։ Բայց Սուրբ Գիրքը միայն այս ձեւով չ’օգներ։ Ատիկա նաեւ կը ցուցնէ ‘հեռուները’՝ ապագան, մեզի օգնելով որ քալենք ճամբու մը մէջ, որ մեզ պիտի հասցնէ մնայուն ուրախութեան եւ գոհունակութեան (Սաղմոս 119։105)։ Ինչպէ՞ս։

Տեսնենք թէ Սուրբ Գիրքը ո՛ր երկու կերպերով յոյս կու տայ ապագային նկատմամբ. 1 կ’օգնէ որ նպատակ ունենանք մեր կեանքին մէջ, եւ 2 մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք յաւիտենական բարեկամութիւն ունենալ Ստեղծիչին հետ։

1 ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆՊԱՏԱԿ ՈՒՆԵՆԱԼ

Սուրբ Գիրքին մէջ վստահելի խրատներ կան, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել։ Բայց անիկա պարզապէս ինքնօգնութեան գիրք մը չէ։ Ան մեզի կը սորվեցնէ որ մեր անձնական հետաքրքրութիւններուն եւ հոգերուն վրայ չկեդրոնանանք, հապա՝ նայինք թէ ի՛նչ աւելի կարեւոր հարցեր կան։ Միայն այն ատեն է որ մեր կեանքը կրնայ իսկական իմաստ ունենալ։

Օրինակ, նկատի առ Սուրբ Գիրքին այս սկզբունքը. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Պատահա՞ծ է որ դրամի պէտք ունեցող անձի մը օգնած ես։ Եղա՞ծ է պարագայ մը, ուր բարեկամդ իր սիրտը բացած է քեզի եւ դուն ալ լրջօրէն մտիկ ըրած ես իրեն։ Վստահաբար ուրախացար մէկու մը օգնելով որ աւելի լաւ զգայ։

Ամէնէն շատ ուրախ կ’ըլլանք, երբ դիմացինին կու տանք առանց փոխարէնը բան մը ակնկալելու։ Հեղինակ մը ըսաւ. «Անկարելի է որ դիմացինին տաս եւ փոխարէնը տուածէդ աւելին չառնես, պայմանաւ որ տաս՝ առանց բան մը ակնկալելու»։ Երբ ուրիշներուն համար զոհողութիւններ ընենք,– մանաւանդ անոնց համար՝ որոնք կարողութիւն չունին փոխարէնը բան մը ընելու,– իրապէս բան մը կը շահինք։ Մեր դերը խաղցած կ’ըլլանք աւելի կարեւոր բաներու մէջ, ձեռք–ձեռքի գործելով Ստեղծիչին հետ, որ այսպիսի ազնիւ արարքներ կը սեպէ որ իրեն տրուած պարտք մըն է (Առակաց 19։17)։ Իր քով շատ մեծ արժէք ունի երբ օգնենք պէտք ունեցողներուն, եւ կը խոստանայ որ փոխարէնը մեզի պիտի տայ յաւիտենական կեանք, դրախտային երկրի մը վրայ։ Ասիկա ի՜նչ գեղեցիկ յոյս մըն է (Սաղմոս 37։29. Ղուկաս 14։12-14) *։

Ամէնէն կարեւորը, Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, որ երբ ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան պաշտենք, իսկական նպատակ կը գտնենք մեր կեանքին մէջ։ Իր Խօսքը մեզ կը քաջալերէ որ իրեն փառք ու պատիւ տանք եւ հնազանդինք (Ժողովող 12։13. Յայտնութիւն 4։10բ)։ Այսպիսով, լաւ կերպով ազդած կ’ըլլանք մեր Ստեղծիչին, ինչ որ հիանալի բան մըն է։ Ան մեզ կը քաջալերէ, ըսելով. «Իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր» (Առակաց 27։11)։ Պահ մը մտածէ. երբ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ իմաստուն որոշումներ կ’առնենք, մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը կ’ուրախացնենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեզմով հետաքրքրուած է եւ կ’ուզէ որ իր առաջնորդութեան հետեւելով օգուտներ քաղենք (Եսայի 48։17, 18)։ Իսկապէս, տիեզերքի Գերիշխանը պաշտելը եւ զինք ուրախացնելը ամենամեծ նպատակն է, որ մեր կեանքին մէջ կրնանք ունենալ։

2 ՍՏԵՂԾԻՉԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԴԱՌՆԱԼ

Սուրբ Գիրքը նաեւ մեզի կը սորվեցնէ, որ մեր Ստեղծիչին բարեկամը դառնանք։ Ան կ’ըսէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։ Ատեններ թերեւս կասկածինք որ իրապէս կրնանք Ամենակարող Ստեղծիչին բարեկամը ըլլալ։ Բայց Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ, որ եթէ Աստուած փնտռենք՝ ‘պիտի գտնենք զինք’, քանի որ «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։27)։ Եթէ Սուրբ Գիրքին խրատին հնազանդելով Աստուծոյ բարեկամը ըլլանք, շատ գործնական քայլ մը առած կ’ըլլանք։ Ինչպէ՞ս։

Մտածէ. մենք որքան ալ փորձենք, չենք կրնար մեր ուժով ազատիլ ամենամեծ թշնամիէն՝ մահէն (Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Բայց Աստուած յաւիտենական է։ Ան բնա՛ւ պիտի չմեռնի եւ կ’ուզէ որ իր բարեկամներն ալ յաւիտեան ապրին։ Սուրբ Գիրքին հետեւեալ պարզ եւ գեղեցիկ խօսքը կը ցուցնէ, թէ Եհովան ի՛նչ կը փափաքի անոնց որ զինք կը փնտռեն. «Ձեր սիրտը յաւիտեան պիտի ապրի» (Սաղմոս 22։26

Ինչպէ՞ս կրնաս այսպիսի յաւիտենական բարեկամութիւն մը ունենալ Աստուծոյ հետ։ Շարունակէ իր Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ իր մասին սորվիլ (Յովհաննէս 17։3. Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Իրմէ օգնութիւն խնդրէ որ իր Խօսքը հասկնաս։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ, որ եթէ Աստուծմէ անկեղծօրէն իմաստութիւն ‘խնդրենք’, մեզի պիտի տայ (Յակոբոս 1։5) *։ Ի վերջոյ, ջանք թափէ որ սորվածդ գործադրես, թոյլ տալով Աստուծոյ Խօսքին որ ըլլայ թէ՛ ‘ոտքերուդ ճրագ’ եւ թէ ‘շաւիղներուդ լոյս’, հիմա եւ յաւիտեան (Սաղմոս 119։105

^ պարբ. 8 Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար Աստուծոյ այն խոստումին մասին, որ յաւիտենական կեանք պիտի տայ Դրախտին մէջ, տե՛ս Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գիրքին 3–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 13 Եհովայի վկաները կրնան Սուրբ Գիրքը ձրիօրէն սերտել հետդ։ Ասիկա կրնայ քեզի օգնել, որ աւելի լաւ հասկնաս Սուրբ Գիրքը։ Այս ուսումնասիրութեան մասին գաղափար մը առնելու համար, տե՛ս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ վիտէոն www.pr418.com/hy-latn կայքին մէջ (տե՛ս՝ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՏԵՍԱԵՐԻԶՆԵՐ)։

Աստուած յաւիտենական է եւ կ’ուզէ որ իր բարեկամներն ալ յաւիտեան ապրին