Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշգրիտ մարգարէութեան լուռ վկայ մը

Ճշգրիտ մարգարէութեան լուռ վկայ մը

ԱՇԽԱՐՀԻ ՉՈՐՍ ԿՈՂՄԷՆ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԱՅՑԵԼԵՆ ԻՏԱԼԻՈՅ ՀՌՈՄ ՔԱՂԱՔԻՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ԳՏՆՈՒՈՂ ՅԱՂԹԱԿԱՄԱՐԸ, ՈՐ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ՏԻՏՈՍԸ՝ ՀՌՈՄԻ ԱՄԷՆԷՆ ՇԱՏ ՍԻՐՈՒԱԾ ԿԱՅՍՐԵՐԷՆ ՄԷԿԸ։

Տիտոսի յաղթակամարին վրայ երկու քանդակներ կան, որոնք հանրածանօթ պատմական դէպք մը կը նկարագրեն։ Բայց քիչեր են որ գիտեն թէ հիանալի կապ մը կայ ատոր եւ Սուրբ Գիրքին միջեւ։ Տիտոսի յաղթակամարը առանց բառ մը ըսելու կը վկայէ, որ Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւնը ճշգրիտ է։

ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔ ՄԸ

Ք.Ե. առաջին դարուն սկիզբը, Հռոմէական կայսրութիւնը կը տարածուէր Բրիտանիայէն եւ Գաղիայէն (հիմա Ֆրանսա) մինչեւ Եգիպտոս։ Ամբողջ այդ տարածքը կայունութիւն կը վայելէր ու կը զարգանար, բայց անհանդարտ Հրէաստանը միշտ նեղութիւն կը պատճառէր Հռոմին։

Encyclopedia of Ancient Rome կ’ըսէ. «Հռոմէական կայսրութեան մէջ Հրէաստանը այն քիչ շրջաններէն էր, ուր ատելութիւն կար Հռոմին եւ տեղացիներուն միջեւ։ Հրեաները դժգոհ էին իրենց վրայ օտար իշխողներէն, որոնք ո՛չ մէկ կերպով հետաքրքրուած էին իրենց աւանդութիւններով, իսկ հռոմայեցիները բնա՛ւ չէին հանդուրժեր հրեաներուն յամառութիւնը»։ Բազմաթիւ հրեաներ կը յուսային որ քաղաքական մեսիա մը զիրենք պիտի ազատէ եւ Իսրայէլը վերադարձնէ իր առաջուան փառաւոր վիճակին։ Բայց Ք.Ե. 33–ին, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ որ Երուսաղէմը մեծ կործանումի մը առջեւ է։

Յիսուս ըսաւ. «Օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ» (Ղուկաս 19։43, 44

Յիսուսին խօսքը իր աշակերտներուն գլուխը դարձուց։ Երկու օր ետք, անոնցմէ մէկը Երուսաղէմի տաճարին նայելով ըսաւ. «Վա՛րդապետ, նայէ ի՛նչպէս քարեր են եւ ի՛նչ կերպ շէնքեր»։ Կ’ըսուի թէ տաճարին կարգ մը քարերը ունէին աւելի քան 11 մ. երկարութիւն, 5 մ. լայնք եւ 3 մ. բարձրութիւն։ Իսկ Յիսուս պատասխանեց. «Այդ բաները որոնք կը տեսնէք, օրեր պիտի գան երբ քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ որ չքակուի» (Մարկոս 13։1. Ղուկաս 21։6

Յիսուս աւելցուց. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ» (Ղուկաս 21։20, 21)։ Յիսուսին խօսքերը իրականացա՞ն։

ՔԱՂԱՔԻ ՄԸ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

33 տարի անցաւ եւ տակաւին վիճակը նոյնն էր. Հրէաստանը կ’ատէր հռոմէական իշխանութեան տակ ըլլալը։ Բայց Ք.Ե. 66–ին, երբ հռոմայեցի կուսակալ Գասսիոս Փլորոս տաճարին գանձատունէն դրամ գողցաւ, հրեաները շատ ջղայնացան եւ այլեւս չէին կրնար հանդուրժել։ Շատ չանցած, հրեայ կռուողները Երուսաղէմ խուժեցին, տեղական հռոմէական պահակազօրքը սպաննեցին եւ յայտարարեցին որ այլեւս անկախ են Հռոմէն։

Գրեթէ երեք ամիս ետք, Սեսդիոս Գաղիոս աւելի քան 30,000 զինուորներով յարձակեցաւ Երուսաղէմին վրայ, որպէսզի ըմբոստութիւնը կեցնէ։ Հռոմայեցիները շուտով քաղաքը մտան եւ տաճարին պարիսպին տակը փորեցին։ Ետքը, անոնք առանց յայտնի պատճառի քաշուեցան։ Հրեայ ըմբոստները ուրախացան եւ շուտով սկսան զանոնք հալածել։ Երբ քրիստոնեաները տեսան որ կռուող երկու կողմերն ալ քաղաքէն հեռացան, Յորդանան գետէն անդին եղող լեռները փախան, ինչպէս որ Յիսուս ըսած էր որ ընեն (Մատթէոս 24։15, 16

Յաջորդ տարի, Հռոմ դարձեալ յարձակեցաւ Հրէաստանին վրայ. այս անգամ Վեսպասիանոս զօրավարին եւ անոր տղուն՝ Տիտոսին առաջնորդութեամբ։ Բայց Ք.Ե. 68–ին, Ներոն կայսրը մահացաւ եւ շատ չանցած՝ Վեսպասիանոս Հռոմ վերադարձաւ, որպէսզի կայսր ըլլայ։ Իսկ Տիտոս շուրջ 60,000 զինուորներով շարունակեց Հրէաստանի վրայ յարձակիլ։

Ք.Ե. 70–ի յունիսին, Տիտոս իր զինուորներուն հրամայեց որ կտրեն գիւղադաշտերուն ծառերը։ Ետքը, զանոնք սրածայր ցիցերու վերածեցին ու քով–քովի կանգնեցնելով պատ մը շինեցին՝ 7 քմ. երկարութեամբ Երուսաղէմի շուրջ։ Սեպտեմբերին, հռոմայեցիները արդէն իսկ կողոպտած ու այրած էին քաղաքն ու տաճարը, եւ քար–քարի վրայ չէին ձգած, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս շատոնց ըսած էր (Ղուկաս 19։43, 44)։ Տեղեկագրութեան մը համաձայն, մօտ 500,000 անհատներ մահացան Երուսաղէմին եւ երկրին մնացեալ շրջաններուն մէջ։

ՀՍԿԱՅ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ

Ք.Ե. 71–ին, Տիտոս Իտալիա վերադարձաւ, եւ Հռոմի բնակիչները հիանալի կերպով ընդունեցին զինք եւ ամբողջ քաղաքը տօնեց յաղթանակը։ Այդ տօնակատարութիւնը մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած ամէնէն մեծ տօնակատարութիւններէն էր։

Ժողովուրդը հիացաւ մինչ մեծ հարստութիւն մը ցուցադրուեցաւ Հռոմի թաղերուն մէջ։ Անոնք մեծ հաճոյքով դիտեցին գրաւուած նաւակները, Երուսաղէմի տաճարէն առնուած ապրանքները եւ շարժող թատերաբեմերը, որոնց վրայ դերասանները ներկայացուցին պատերազմին դէպքերը։

Ք.Ե. 79–ին, Տիտոս իր հօր՝ Վեսպասիանոսին յաջորդեց եւ կայսր եղաւ։ Բայց միայն երկու տարի ետք, Տիտոս անակնկալօրէն մահացաւ։ Իր եղբայրը՝ Դոմետիանոս, գահը ժառանգեց եւ շուտով յաղթակամար մը շինեց զինք պատուելու համար։

ՅԱՂԹԱԿԱՄԱՐԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ

Տիտոսի յաղթակամարը Հռոմի մէջ

Ներկայիս, ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ կ’այցելեն Հռոմի հրապարակը եւ շատ կը սիրեն այդտեղ գտնուող Տիտոսի յաղթակամարը։ Կարգ մը մարդոց համար, ատիկա արուեստի հոյակապ եւ հսկայ գործ մըն է, ուրիշներու համար՝ հռոմէական իշխանութեան հանդէպ արտայայտուած յարգանքն է, իսկ ոմանց համար՝ ատիկա կործանած Երուսաղէմին եւ ատոր տաճարին յուշարձանն է։

Բայց Սուրբ Գիրքի մանրամասնութիւններուն ուշադրութիւն դարձնողներուն համար, Տիտոսի յաղթակամարը ա՛լ աւելի մեծ իմաստ մը ունի։ Ատիկա լռութեամբ կը վկայէ, որ Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւնները վստահելի ու ճշգրիտ են, եւ թէ Աստուծոյ կողմէ տրուած են (Բ. Պետրոս 1։19-21