Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած մօտ օրէն մարդոց չարչարանքին վերջ պիտի դնէ

Աստուած մօտ օրէն մարդոց չարչարանքին վերջ պիտի դնէ

«Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես եւ զրկանքի համար քեզի պիտի կանչեմ ու պիտի չազատես» (Ամբակում 1։2, 3)։ Այս խօսքը ըսաւ Ամբակում անունով բարի մարդ մը, որուն Աստուած կը հաճէր։ Բայց արդեօք իր այս աղաչանքը ցոյց կու տա՞յ, որ հաւատքի պակաս ունէր։ Անշուշտ ոչ։ Աստուած Ամբակումին վստահեցուց, որ չարչարանքին վերջ դնելու ժամանակը որոշած էր (Ամբակում 2։2, 3

Երբ դուն կամ մտերիմներէդ մէկը չարչարուի, դիւրին է եզրակացնես որ Աստուած շա՛տ դանդաղ է եւ մինչեւ հիմա պէտք էր որ արդէ՛ն գործի անցած ըլլար։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը չ’ուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետրոս 3։9

ԱՍՏՈՒԱԾ Ե՞ՐԲ ԳՈՐԾԻ ՊԻՏԻ ԱՆՑՆԻ

Մօտ օրէն։ Յիսուս ըսաւ որ որոշ սերունդ մը ականատես պիտի ըլլար յատուկ դէպքերու եւ պայմաններու, որոնք յստակ պիտի դարձնէին, թէ մարդիկ «աշխարհիս» վերջին օրերուն մէջ կ’ապրին (Մատթէոս 24։3-42)։ Այսօր, Յիսուսի այդ մարգարէութեան կատարումը կը տեսնենք. ինչ որ ցոյց կու տայ, որ Աստուած մօտ օրէն պիտի միջամտէ եւ մարդ արարածին վերաբերող խնդիրներուն վերջ դնէ *։

Բայց Աստուած ինչպէ՞ս մեր չարչարանքին վերջ պիտի դնէ։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան ցոյց տուաւ որ Աստուած զօրութիւնը ունի մարդոց չարչարանքը մեղմացնելու։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

Բնական աղէտներ։ Օր մը, երբ Յիսուս եւ իր առաքեալները նաւով կը փոխադրուէին, մեծ փոթորիկ մը ելաւ եւ քիչ մնաց որ նաւը ընկղմէր։ Բայց Յիսուս ցոյց տուաւ որ բնութիւնը իր եւ իր Հօր հակակշռին տակ է (Կողոսացիս 1։15, 16)։ Յիսուս հովին պարզապէս ըսաւ՝ «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր» եւ «հովը դադրեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ» (Մարկոս 4։35-39

Հիւանդութիւն։ Ամէն մարդ գիտէր որ Յիսուս կարողութիւնը ունէր բժշկելու կոյրերը, կաղերը, բորոտները եւ ամէն տեսակ հիւանդութիւն ունեցողները։ Ան «բոլոր հիւանդները բժշկեց» (Մատթէոս 4։23, 24. 8։16. 11։2-5

Ուտելիքի պակաս։ Յիսուս իր աստուածատուր զօրութիւնը գործածեց, որ քիչ քանակով ուտելիքները շատցնէ։ Գրուած է որ Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին երկու անգամ հազարաւորներ կերակրեց (Մատթէոս 14։14-21. 15։32-38

Մահ։ Գրուած է թէ Յիսուս երեք անհատներու յարութիւն տուաւ եւ թէ անոնցմէ մէկը չորս օրէ ի վեր մահացած էր։ Ասիկա յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ Եհովա Աստուած զօրութիւնը ունի մահուան վերջ դնելու (Մարկոս 5։35-42. Ղուկաս 7։11-16. Յովհաննէս 11։3-44

^ պարբ. 5 Վերջին օրերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին 32–րդ դասը։ Այս գիրքը հրատարակուած է Եհովայի վկաներուն կողմէ եւ կարելի է ձրիաբար զայն բեռնել www.pr418.com/hyw կայքէն։