Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան կը ճանչնա՞ս Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին պէս

Եհովան կը ճանչնա՞ս Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին պէս

«Չար մարդիկ իրաւունքը չեն հասկնար, բայց Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան» (ԱՌ. 28։5

ԵՐԳԵՐ. 43, 133

1-3. ա) Ի՞նչը պիտի օգնէ մեզի որ այս վերջին օրերուն ընթացքին հաւատարիմ մնանք Աստուծոյ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ՉԱՐ մարդիկը կը շարունակեն «խոտի պէս բուսնիլ», մինչ վերջին օրերը վերջ գտնելու վրայ են (Սաղ. 92։7)։ Ասոր համար, չենք զարմանար որ շատեր կ’անտեսեն Աստուծոյ չափանիշները։ Այս մթնոլորտին մէջ ինչպէ՞ս կրնանք «չարութիւն գիտնալու կողմէ տղայ» ըլլալ, բայց «մտքով՝ չափահաս» (Ա. Կոր. 14։20

2 Պատասխանը կը գտնենք գլխաւոր համարին մէջ, որ կ’ըսէ. «Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան», այսինքն՝ ամէն բան որ անհրաժեշտ է, որպէսզի Եհովան հաճեցնեն (Առ. 28։5Առակաց 2։7, 9–ն ալ մեզի կը սորվեցնէ, թէ Եհովան «ուղիղներուն համար փրկութիւն [«գործնական իմաստութիւն», ՆԱ] կը պահէ»։ Այս պատճառով, ուղիղները կրնան «արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ ամէն աղէկ ճամբայ» հասկնալ։

3 Նոյ, Դանիէլ եւ Յոբ ունէին այդ իմաստութիւնը (Եզեկ. 14։14)։ Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդն ալ զայն ունի։ Իսկ դո՛ւն, աստուածային իմաստութիւն ունի՞ս։ Պէտք է լաւ ճանչնաս Եհովան, որպէսզի ‘հասկնաս ամէն բան’ որ քեզի անհրաժեշտ է, զինք հաճեցնելու համար։ Այս պատճառով, այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ 1) Նոյ, Դանիէլ եւ Յոբ ինչպէ՛ս Աստուած ճանչցան, 2) այդ գիտութիւնը ի՛նչ օգուտներ բերաւ իրենց, եւ 3) ինչպէ՛ս կրնանք իրենց հաւատքը ունենալ։

ՆՈՅ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ՔԱԼԵՑ ՉԱՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ՄԷՋ

4. ա) Նոյ ինչպէ՞ս ճանչցաւ Եհովան։ բ) Աստուած լաւ ճանչնալը ինչպէ՞ս օգնեց Նոյին։

4 Նոյ ինչպէ՞ս ճանչցաւ Եհովան։ Մարդկութեան պատմութեան սկիզբէն ի վեր մարդիկ Աստուծոյ մասին սորված են երեք գլխաւոր կերպերով. իր ստեղծագործութիւնը դիտելով, աստուածավախ մարդոցմէ եւ վայելելով Աստուծոյ հնազանդելուն օրհնութիւնները (Եսա. 48։18)։ Ստեղծագործութիւնը դիտելով, Նոյ կրնար թէ՛ տեսնել Աստուծոյ գոյութեան փաստերը, թէ ալ գիտնալ իր անտեսանելի յատկութիւնները, ինչպէս՝ իր «մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը» (Հռով. 1։20)։ Այսպիսով, Նոյ Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունեցաւ։

5. Նոյ ինչպէ՞ս գիտցաւ թէ Աստուծոյ նպատակը ի՛նչ է մարդկութեան նկատմամբ։

5 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «հաւատքը լսելէն է» (Հռով. 10։17)։ Նոյ ինչպէ՞ս լսեց Եհովային մասին։ Անկասկած, շատ բաներ սորվեցաւ իր ազգականներէն։ Օրինակի համար, իր հայրը՝ Ղամէք, հաւատք ունէր եւ Ադամին մեռնելէն առաջ ծնած էր (տե՛ս բացման նկարը)։ Նաեւ կային Նոյին մեծ հայրը՝ Մաթուսաղան եւ իր մեծ–հօր մեծ հայրը՝ Յարեդը, որ Նոյին ծնելէն 366 տարի ետք մեռաւ (Ղուկ. 3։36, 37) *։ Նոյ հաւանաբար այս անհատներէն եւ անոնց կիներէն սորվեցաւ, որ Եհովան մարդիկը ստեղծեց, եւ թէ Ան կ’ուզէր որ անոնք պզտիկներ բերեն ու երկիրը լեցնեն եւ իրեն ծառայեն։ Նոյ նաեւ տեղեկացած ըլլալու էր Եդեմին մէջ պատահած ըմբոստութեան մասին, որուն արդիւնքները կրնար իր աչքով տեսնել (Ծն. 1։28. 3։16-19, 24)։ Նոյին սորվածները իր սիրտին դպան եւ զինք մղեցին որ Աստուծոյ ծառայէ (Ծն. 6։9

6, 7. Ո՞ր յոյսը զօրացուց Նոյին հաւատքը։

6 Յոյսը կը զօրացնէ հաւատքը։ Երեւակայէ թէ Նոյին հաւատքը ինչպէ՛ս զօրացաւ, երբ գիտցաւ որ իր անուան մէջ կայ յոյսի գաղափարը, քանի որ կը նշանակէ՝ «հանգստութիւն» կամ մխիթարութիւն (Ծն. 5։29, ստորանիշ)։ Աստուած մղեց Ղամէքը որ Նոյին մասին ըսէ. «Ասիկա մեզ պիտի հանգստացնէ. . . մեր ձեռքերուն աշխատութենէն, որ Տէրոջը անիծած երկրին պատճառով կը կրենք»։ Նոյ յոյս ունէր որ Աստուած վիճակները պիտի լաւացնէր։ Աբէլին եւ Ենովքին նման, ան կը հաւատար որ որոշ «սերունդ» մը պիտի ճզմէ օձին գլուխը (Ծն. 3։15

7 Թէեւ Նոյ թերեւս լման կերպով չհասկցաւ Ծննդոց 3։15–ին մէջ գրուած Աստուծոյ խոստումը, բայց ըմբռնեց որ այդ մարգարէութիւնը ապագային նկատմամբ յոյս կու տար։ Ենովք այսպիսի պատգամ մը քարոզած էր, ըսելով որ Եհովան չարերը պիտի կործանէր (Յդ. 14, 15)։ Ենովքին պատգամը,– որուն վերջին կատարումը տեղի պիտի ունենայ Արմագեդոնին,– վստահաբար զօրացուց Նոյին հաւատքն ու յոյսը։

8. Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւնը ինչպէ՞ս պաշտպանեց Նոյը։

8 Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւնը ի՞նչ օգուտներ բերաւ Նոյին։ Ճշգրիտ գիտութիւնը ձգեց որ Նոյ հաւատք եւ իմաստութիւն ունենայ։ Ասիկա զինք պաշտպանեց մանաւանդ հոգեւոր վնասներէ։ Օրինակ, որովհետեւ կ’ուզէր Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, չընկերակցեցաւ անաստուած եւ Եհովան մերժող անհատներու։ Ան չխաբուեցաւ եւ չտպաւորուեցաւ երկիր իջած հրեշտակներուն գերմարդկային կարողութիւններով։ Անդին, անհաւատ մարդիկը թերեւս նոյնիսկ փորձեցին զիրենք պաշտել (Ծն. 6։1-4, 9)։ Նոյ նաեւ գիտէր որ Եհովան պատուիրած էր, որ մարդի՛կ պզտիկ բերեն եւ երկիրը լեցնեն (Ծն. 1։27, 28)։ Ասոր համար, երբ դեւերը կիներ առին եւ պզտիկ ունեցան, Նոյ գիտէր որ ասիկա անբնական եւ սխալ էր։ Այս իրողութիւնը աւելի յստակ դարձաւ, երբ այդ պզտիկները բոլոր միւս պզտիկներէն աւելի հսկայ եւ զօրաւոր դարձան։ Ի վերջոյ, Աստուած Նոյին ըսաւ որ ջրհեղեղ պիտի բերէր եւ բոլոր չարերը կործանէր։ Որովհետեւ Նոյ այդ զգուշացումին հաւատաց, տապանը շինեց եւ իր ընտանիքը փրկեց (Եբ. 11։7

9, 10. Ինչպէ՞ս կրնանք Նոյին հաւատքը ունենալ։

9 Ինչպէ՞ս կրնանք Նոյին հաւատքը ունենալ։ Կարեւոր է որ լաւ սերտենք Աստուծոյ Խօսքը, սիրենք մեր սորվածները եւ ձգենք որ այդ գիտութիւնը մեզ ձեւաւորէ եւ առաջնորդէ (Ա. Պետ. 1։13-15)։ Հաւատքը եւ աստուածային իմաստութիւնը մեզ պիտի պաշտպանեն Սատանային խորամանկ մեթոտներէն եւ աշխարհին չար ազդեցութենէն (Բ. Կոր. 2։11)։ Շատեր կը սիրեն բռնութիւնն ու անբարոյութիւնը, եւ իրենց սխալ ցանկութիւններուն կը հետեւին (Ա. Յովհ. 2։15, 16)։ Աշխարհին այս հոգին կրնայ նոյնիսկ հոգեւորապէս տկար եղողները մղել որ անտեսեն, թէ չար աշխարհին վերջը մօտ է։ Մի՛ մոռնար որ երբ Յիսուս մեր ժամանակը բաղդատեց Նոյին ժամանակին հետ, բռնութեան եւ անբարոյութեան մասին չխօսեցաւ, հապա՝ հոգեւոր անտարբերութեան վտանգներուն մասին (կարդա՛ Մատթէոս 24։36-39

10 Դուն քեզի հարցուր. ‘Ապրելակերպս կը ցուցնէ՞ որ իրապէս կը ճանչնամ Եհովան։ Հաւատքս զիս կը մղէ՞ որ Եհովային աչքին ճիշդ եղածը ընեմ եւ ուրիշներուն ալ սորվեցնեմ Եհովային կամքը ընել’։ Այս հարցումներուն տուած պատասխաններդ կը ցուցնեն, որ Նոյին պէս Աստուծոյ հետ կը քալես կամ ոչ։

ԴԱՆԻԷԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԵԹԱՆՈՍ ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ ՄԷՋ

11. ա) Եհովային հանդէպ պատանի Դանիէլին սէրը ի՞նչ կը ցուցնէ իր ծնողքին մասին։ բ) Դանիէլին ո՞ր յատկութիւնները կ’ուզես ունենալ։

11 Դանիէլ ինչպէ՞ս ճանչցաւ Եհովան։ Ըստ երեւոյթին, Դանիէլին ծնողքը իրեն սորվեցուցին սիրել Եհովան եւ Իր Խօսքը։ Այդ սէրը Դանիէլին սրտին մէջ մնաց իր ամբողջ կեանքին տեւողութեան։ Նոյնիսկ երբ ծեր էր, Սուրբ Գրութիւնները խորապէս կը սերտէր (Դան. 9։1, 2Դանիէլ 9։3-19–ին մէջ արձանագրուած իր անկեղծ եւ խոնարհութեամբ ըսուած աղօթքը գեղեցիկ կերպով կը ցուցնէ, որ շատ լաւ կը ճանչնար Եհովան եւ թէ Ան ինչե՜ր ըրած էր իսրայէլացիներուն համար։ Այդ աղօթքը կարդա՛ ու ատոր վրայ խոկա՛, եւ դուն քեզի հարցուր. ‘Այս աղօթքը ինծի ի՞նչ կը սորվեցնէ Դանիէլին մասին’։

12-14. ա) Դանիէլ ի՞նչ կերպերով ցուցուց որ աստուածային իմաստութիւն ունէր։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս օրհնեց Դանիէլին քաջութիւնն ու հաւատարմութիւնը։

12 Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւնը ի՞նչ օգուտներ բերաւ Դանիէլին։ Հաւատարիմ հրեայի մը համար դիւրին չէր Աստուծոյ ծառայել հեթանոս Բաբելոնին մէջ։ Օրինակ, Եհովան հրեաներուն ըսաւ. «Այն քաղաքին խաղաղութիւնը փնտռեցէ՛ք, ուր ձեզ քշել տուեր եմ» (Եր. 29։7)։ Բայց անոնց նաեւ պատուիրած էր, որ միայն զի՛նք ամբողջ սրտով պաշտեն (Ել. 34։14)։ Դանիէլ ինչպէ՞ս կրցաւ այս երկու պատուէրներուն ալ հնազանդիլ։ Աստուածային իմաստութիւնը իրեն օգնեց որ ըմբռնէ, թէ նա՛խ պէտք էր Եհովային հնազանդէր, եւ ետքը՝ մարդկային կառավարիչներուն։ Դարեր ետք, Յիսուս նոյն սկզբունքը սորվեցուց (Ղուկ. 20։25

13 Նկատի առ թէ Դանիէլ ի՛նչ ըրաւ, երբ օրէնք մը ելաւ որ 30 օրուան ընթացքին, ո՛չ մէկը կրնար աղօթել ոեւէ աստուծոյ կամ մարդու, բայց միայն թագաւորին (կարդա՛ Դանիէլ 6։7-10)։ Ան կրնար պատճառաբանութիւններ ընել, ըսելով. ‘Ամէնը 30 օր է’։ Բայց Դանիէլ չուզեց թոյլ տալ որ մարդկային օրէնք մը աւելի կարեւոր ըլլայ իրեն համար, քան՝ Աստուծոյ ծառայելը։ Անշուշտ, ան կրնար գաղտնօրէն աղօթել։ Բայց գիտէր որ բազմաթիւ մարդիկ տեսած էին, որ ինք սովորութիւն ունէր ամէն օր աղօթել։ Ասոր համար, ան որոշեց որ նոյնիսկ պիտի չտայ այն տպաւորութիւնը, որ այլեւս Եհովան չէր պաշտեր, հակառակ որ ասիկա իր կեանքը վտանգի տակ դրաւ։

14 Եհովան օրհնեց Դանիէլին քաջութիւնն ու հաւատարմութիւնը։ Ան հրաշքով մը ազատեց Դանիէլը առիւծներուն բերանէն։ Այսպիսով, Մարա–Պարսկական կայսրութեան չորս կողմը մարդիկ լսեցին Եհովային մասին (Դան. 6։25-27

15. Ինչպէ՞ս կրնանք Դանիէլին հաւատքը ունենալ։

15 Ինչպէ՞ս կրնանք Դանիէլին հաւատքը ունենալ։ Որպէսզի զօրաւոր հաւատք ունենանք, չի բաւեր որ միայն Աստուծոյ Խօսքը կարդանք։ Պէտք է զայն ‘հասկնանք’ (Մատ. 13։23, ԱԾ)։ Կ’ուզենք գիտնալ որ Եհովա՛ն ինչ կը մտածէ հարցերուն շուրջ։ Ասոր համար, պէտք է մեր կարդացածին վրայ խոկանք։ Նաեւ շատ կարեւոր է որ կանոնաւորաբար աղօթենք, մանաւանդ երբ դժուարութիւններու առջեւ ըլլանք։ Երբ հաւատքով խնդրենք իմաստութիւն ու զօրութիւն, Եհովան զանոնք առատապէս պիտի տայ մեզի (Յակ. 1։5

ՅՈԲ ՄԻՇՏ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԵՑԱՒ

16, 17. Յոբ ինչպէ՞ս ճանչցաւ Աստուած։

16 Յոբ ինչպէ՞ս ճանչցաւ Եհովան։ Ան իսրայէլացի չէր, բայց հեռու ազգական էր Աբրահամին, Իսահակին եւ Յակոբին, որոնց Աստուած սորվեցուցած էր Իր մասին եւ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին մասին։ Յոբ ձեւով մը սորվեցաւ այդ թանկագին ճշմարտութիւններէն շատերուն մասին (Յոբ 23։12)։ Ան Եհովային ըսաւ. «Քու մասիդ ականջով լսեր էի» (Յոբ 42։5)։ Եհովան ալ անձամբ ըսաւ, որ Յոբ ճիշդ բաներ կը խօսէր Իր մասին (Յոբ 42։7, 8

Մեր հաւատքը կը զօրանայ, երբ Աստուծոյ յատկութիւնները կը տեսնենք ստեղծագործութեան մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 17)

17 Յոբ նաեւ ստեղծագործութիւնը դիտելով սորված էր Աստուծոյ յատկութիւններուն մասին (Յոբ 12։7-9, 13)։ Ետքը, թէ՛ Եղիուս եւ թէ Եհովան ստեղծագործութենէն օրինակներ բերելով յիշեցուցին իրեն, որ մարդ արարածը բան մը չէ, բաղդատած Աստուծոյ հետ (Յոբ 37։14. 38։1-4)։ Եհովային խօսքերը Յոբին սրտին դպան, եւ ան խոնարհութեամբ Աստուծոյ ըսաւ. «Գիտեմ որ ամէն բանի կարող ես ու քու դիտաւորութիւնդ բնաւ պարապ չ’ելլեր։ . . .Հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ» (Յոբ 42։2, 6

18, 19. Յոբ ինչպէ՞ս ցուցուց որ իրապէս կը ճանչնար Եհովան։

18 Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւնը ի՞նչ օգուտներ բերաւ Յոբին։ Յոբ շատ լաւ կը հասկնար Աստուծոյ սկզբունքները։ Ան իրապէս կը ճանչնար Եհովան, եւ ասիկա զինք մղեց որ ճիշդ կերպով վարուի։ Օրինակ, Յոբ գիտէր թէ չէր կրնար ըսել որ Աստուած կը սիրէ, եթէ լաւ չէր վարուեր ուրիշներուն հետ (Յոբ 6։14)։ Ան ինքզինք չտեսաւ ուրիշներուն վրայ, հապա անոնց հետ վարուեցաւ որպէս իր ընտանիքին անդամները, ըլլա՛ն հարուստ թէ աղքատ։ Ան ըսաւ. «Չէ՞ որ զիս որովայնի մէջ ստեղծողը զանոնք ալ ստեղծեց» (Յոբ 31։13-22)։ Յստակ է թէ անցեալին իր ունեցած հարստութիւնն ու հեղինակութիւնը չէին ձգած որ հպարտանայ եւ ցած աչքով նայի ուրիշներուն։ Ի՜նչ մեծ տարբերութիւն կայ իր եւ հիմակուան հարուստներուն ու հեղինակութիւն ունեցողներուն միջեւ։

19 Յոբ չէր ուզեր որ որեւէ բան, մէջը ըլլալով նիւթական բաներ, Եհովայէն աւելի կարեւոր ըլլայ իրեն համար։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի «վերը բնակող Աստուածը» ուրացած չըլլայ (կարդա՛ Յոբ 31։24-28)։ Իր աչքին, ամուսնութիւնը սուրբ կապ մըն էր տղամարդու մը եւ կնոջ մը միջեւ։ Ան նոյնիսկ ուխտ ըրաւ իր աչքերուն հետ, որ անբարոյ կերպով չնայի կոյսի մը (Յոբ 31։1)։ Ասիկա շատ տպաւորիչ է, քանի որ Յոբ կ’ապրէր այն ժամանակ, երբ Եհովան թոյլ տուած էր, որ տղամարդիկը մէկէ աւելի կին առնեն։ Ուրեմն, եթէ Յոբ ուզէր, կրնար երկրորդ կին ունենալ։ Բայց ան գիտէր որ Եհովային հաստատած առաջին ամուսնութիւնը, մէկ տղամարդու եւ մէկ կնոջ միջեւ էր։ Ըստ երեւոյթին, Յոբ այդ կարգադրութիւնը օրէնք նկատեց (Ծն. 2։18, 24) *։ Շուրջ 1600 տարի ետք, Յիսուս սորվեցուց նոյն սկզբունքը, թէ սեռային յարաբերութիւնը եւ ամուսնութիւնը պէտք է մէկ ամուսինի եւ մէկ կնոջ միջեւ ըլլան (Մատ. 5։28. 19։4, 5

20. Եհովային եւ իր չափանիշներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ ընկերներն ու ժամանցը ճիշդ կերպով զատենք։

20 Ինչպէ՞ս կրնանք Յոբին հաւատքը ունենալ։ Դարձեալ կ’ըսենք, պէտք է ճշգրիտ գիտութիւն առնենք Եհովային մասին, եւ ձգենք որ այդ գիտութիւնը մեզ ուղղէ ամէն բանի մէջ։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Եհովան ‘կ’ատէ բռնութիւն սիրողը’, եւ թէ պէտք չէ ժամանակ անցընենք «խարդախ մարդոց հետ» (կարդա՛ Սաղմոս 11։5. 26։4)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Այս համարները ինծի ի՞նչ կ’ըսեն Եհովային մտածելակերպին մասին։ Ատոր հիման վրայ, ի՞նչ պէտք է ըլլան ամէնէն կարեւոր բաները կեանքիս մէջ, ինչպէ՞ս պէտք է գործածեմ համացանցը, որո՞նք ընկերներս կրնան ըլլալ եւ ի՞նչ ժամանց կրնամ զատել’։ Պատասխաններդ կ’օգնեն որ տեսնես, թէ որքա՛ն լաւ կը ճանչնաս Եհովան։ Չենք ուզեր որ այս չար աշխարհը մեզի ազդէ։ Ուրեմն պէտք է մեր «զգայարանքները» մարզենք, որպէսզի ոչ միայն կարենանք զանազանել ճիշդը սխալէն, հապա նաեւ՝ իմաստուն բաները իմաստուն չեղողներէն (Եբ. 5։14. Եփ. 5։15

21. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ ‘հասկնանք ամէն բան’ որ անհրաժեշտ է Եհովան հաճեցնելու համար։

21 Քանի որ Նոյ, Դանիէլ եւ Յոբ իրենց ամէն կարելին ըրին որ Եհովան լաւ ճանչնան, ան իրենց օգնեց որ ‘հասկնան ամէն բան’ որ անհրաժեշտ էր զինք հաճեցնելու համար։ Անոնց օրինակը կը փաստէ թէ Եհովային կամքին համաձայն վարուիլը կը ձգէ որ մէկը յաջող կեանք ունենայ (Սաղ. 1։1-3)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին պէս լաւ կը ճանչնա՞մ Եհովան’։ Իրականութեան մէջ, ներկայիս մենք աւելի լաւ կրնանք ճանչնալ Եհովան, քանի որ իր մասին շատ աւելի տեղեկութիւններ տուած է մեզի (Առ. 4։18)։ Ուրեմն, Սուրբ Գիրքը խորապէս սերտէ՛, ատոր վրայ խոկա՛ եւ աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ՛։ Այսպիսով, շատ մօտիկ պիտի ըլլաս երկնաւոր Հօրդ, ինչպէս նաեւ՝ խորատեսութեամբ եւ աստուածային իմաստութեամբ պիտի վարուիս այս չար աշխարհին մէջ (Առ. 2։4-7

^ պարբ. 5 Նոյին մեծ–հօր հայրը՝ Ենովք, Նոյին պէս «Աստուծոյ հետ քալեց»։ Բայց «Աստուած առաւ զանիկա» Նոյին ծնելէն շուրջ 69 տարի առաջ (Ծն. 5։23, 24

^ պարբ. 19 Նոյ նոյնը ըրաւ։ Ան միայն մէկ կին ունէր, հակառակ որ մարդիկ սկսան մէկէ աւելի կիներ առնել Ադամին ու Եւային ըմբոստութենէն քիչ ետք (Ծն. 4։19