Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւոր անձ ըլլալ

Ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւոր անձ ըլլալ

«Թող որ. . . Աստուծոյ շնորհիւ դուք այն նոյն մտածելակերպը ունենաք, որ Քրիստոս Յիսուս ունէր» (ՀՌՈՎ. 15։5, ՆԱ

ԵՐԳԵՐ. 84, 5

1, 2. ա) Կարգ մը եղբայրներ եւ քոյրեր ինչպէ՞ս օգտուած են հոգեւոր մտայնութենէն։ բ) Ի՞նչ կարեւոր հարցումներ պիտի քննենք այս յօդուածին մէջ։

ՔԱՆԱՏԱՅԻ մէջ քոյր մը կ’ըսէ. «Հոգեւոր անձ ըլլալը ձգած է որ աւելի ուրախ ըլլամ եւ գլուխ ելլեմ առօրեայ խնդիրներուն հետ»։ Պրազիլի մէջ եղբայր մը, որ 23 տարիէ ի վեր ամուսնացած է, կ’ըսէ որ հոգեւոր մտայնութիւն ունենալը օգնած է, որ ինք եւ իր կինը ուրախ ամուսնութիւն մը ունենան։ Իսկ Ֆիլիփիններուն մէջ եղբայր մը կ’ըսէ. «Հոգեւոր անձ ըլլալը թոյլ տուած է որ մտքի խաղաղութիւն ունենամ եւ աւելի լաւ վարուիմ տարբեր ենթահող ունեցող եղբայրներուն հետ»։

2 Ինչպէս կ’երեւի՝ շատ կ’օգտուինք երբ հոգեւոր մտայնութիւն ունենանք։ Թերեւս մենք մեզի հարցնենք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ աճիլ որպէս հոգեւոր անձ եւ ատոր օգուտները քաղել’։ Բայց նախ պէտք է յստակօրէն հասկնանք, թէ Սուրբ Գիրքը ինչ կ’ըսէ հոգեւոր անձերուն մասին, որոնք սուրբ հոգիով կ’առաջնորդուին եւ Եհովային պէս կը մտածեն։ Այս յօդուածին մէջ պիտի պատասխանենք երեք գլխաւոր հարցումներու. 1) Ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւոր անձ ըլլալ։ 2) Ի՞նչ օրինակներ պիտի օգնեն մեզի որ հոգեւորապէս յառաջդիմենք։ 3) Ինչպէ՞ս «Քրիստոսին միտքը» ունենալու մեր ջանքերը պիտի օգնեն, որ հոգեւոր անձ ըլլանք։

Ո՞Վ Է ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՆՁԸ

3. Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ շնչաւոր անձին եւ հոգեւոր անձին միջեւ եղած տարբերութիւնը։

3 Պօղոս առաքեալ կ’օգնէ որ հասկնանք, թէ «հոգեւոր» անձը եւ «շնչաւոր» կամ մարմնաւոր անձը ինչով իրարմէ տարբեր են (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 2։14-16)։ «Շնչաւոր» անձը «Աստուծոյ Հոգիին բաները չ’ընդունիր, վասն զի անոնք իրեն յիմարութիւն են ու չի կրնար գիտնալ»։ Անդին, «հոգեւոր» անձը «ամէն բան կը քննէ» եւ «Քրիստոսին միտքը» ունի։ Պօղոս կը քաջալերէ մեզ, որ հոգեւոր անձ ըլլանք։ Ուրիշ ի՞նչ տարբերութիւններ կան «հոգեւոր» անձին եւ «շնչաւոր» անձին միջեւ։

4, 5. Ինչպէ՞ս կը նկարագրես մարմնաւոր անձը։

4 Նախ նկատի առնենք մարմնաւոր անձի մտայնութիւնը։ Ան ունի աշխարհի կեցուածքը, որ կը կեդրոնանայ մարմնի ցանկութիւններուն վրայ։ Պօղոս այս կեցուածքը կը նկարագրէ որպէս ‘այն ոգին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ’ (Եփ. 2։2)։ Այս ոգին կը մղէ մարդոց մեծամասնութիւնը, որ իրենց շրջապատի մարդիկը ընդօրինակեն։ Անոնք պարզապէս կ’ընեն ինչ որ իրենց ճիշդ կը թուի, անտեսելով Աստուծոյ չափանիշները։ Մարմնաւոր անձը յաճախ չափէ դուրս հետաքրքրուած է իր համբաւով ու նիւթական բաներ ձեռք ձգելով, եւ կը կարծէ որ իր իրաւունքները որեւէ բանէ աւելի կարեւոր են։

5 Մարմնաւոր անձը նաեւ տարուած է «մարմնին գործերը» կատարելով (Գաղ. 5։19-21)։ Այսպիսի անհատներ ուրիշ բաներ ալ կ’ընեն, ինչպէս Պօղոս նշեց կորնթացիներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ։ Անոնք անհամաձայնութիւններու ատեն կողմ կը բռնեն, կը փորձեն մարդիկը բաժնել, կը քաջալերեն ըմբոստութիւնը, իրարու դէմ դատ կը բանան, չեն յարգեր գլխաւորութիւնը, եւ կ’ապրին ուտել–խմելու համար։ Մարմնաւոր անձը դիւրաւ տեղի կու տայ, երբ փորձուի սխալ բան մը ընել (Առ. 7։21, 22)։ Յուդա ըսաւ որ մարմնաւոր անհատները կրնան նոյնիսկ Եհովայի հոգին կորսնցնել (Յդ. 18, 19

6. Ինչպէ՞ս կը նկարագրես հոգեւոր անձը։

6 Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ‘հոգեւոր մարդ’ ըլլալ։ Մարմնաւոր անձին հակառակը, հոգեւոր անձը խորապէս հոգ կը տանի Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան։ Ան կը ջանայ «Աստուծոյ նմանող» ըլլալ (Եփ. 5։1)։ Ան ջանք կ’ընէ, որ սորվի Եհովայի մտածելակերպը եւ հարցերը դիտէ Եհովայի անկիւնէն։ Աստուած իրեն համար իրակա՛ն է։ Ան Եհովայի չափանիշները կը յարգէ իր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ (Սաղ. 119։33. 143։10)։ Հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անձը «մարմնին գործերը» կատարելու տեղ, կը ջանայ «հոգիին պտուղը» ցուցաբերել (Գաղ. 5։22, 23)։ «Հոգեւոր մտայնութիւն» արտայայտութիւնը աւելի յստակացնելու համար, նկատի առնենք հետեւեալ բաղդատութիւնը. հմուտ վաճառականին մասին կ’ըսեն, որ ‘գործի մարդ է’։ Նմանապէս, ան որ իրապէս հետաքրքրուած է Աստուծոյ պաշտամունքով, կը կոչուի ‘հոգեւոր մարդ’։

7. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անձերուն մասին։

7 Յիսուս ըսաւ, որ հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անձերը ուրախ են։ Մատթէոս 5։3–ը կը նշէ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն [«Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն», ՆԱ], վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է»։ Հռովմայեցիս 8։6–ը ցոյց կու տայ, որ մեր կեանքը կախեալ է Եհովայի պէս մտածելէն, ըսելով. «Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն»։ Ուստի, կեդրոնանալով հոգեւոր բաներու վրայ, հիմա իսկ Աստուծոյ եւ մեր անձին հետ խաղաղութիւն կ’ունենանք, ինչպէս նաեւ՝ յաւիտեան ապրելու յոյսը։

8. Ինչո՞ւ ջանք պէտք է թափենք որ հոգեւոր մարդ ըլլանք եւ մնանք այդպէս։

8 Բայց այսօր մենք կ’ապրինք վտանգաւոր միջավայրի մը մէջ։ Որովհետեւ շրջապատուած ենք մարմնաւոր մտածելակերպ ունեցող մարդոցմով, պէտք է շատ ջանք թափենք որ հոգեւոր մարդ ըլլանք եւ մնանք այդպէս։ Եթէ անհատը կորսնցնէ իր հոգեւորութիւնը, բարոյական պարապութիւն կը ստեղծէ, եւ այս աշխարհի ապականած «օդ» կրնայ շուտով լեցնել այդ պարապութիւնը։ Ի՞նչը կ’օգնէ, որ այդ մէկը մեզի չպատահի։ Ինչպէ՞ս կրնանք հոգեւորապէս աճիլ։

ՍՈՐՎԻՆՔ ԼԱՒ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԷ

9. ա) Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել հոգեւորապէս աճելու։ բ) Որո՞նց օրինակները պիտի քննենք։

9 Զաւակ մը կը հասուննայ, երբ իր ծնողները դիտէ եւ անոնց լաւ օրինակը ընդօրինակէ։ Նմանապէս, մենք կրնանք հոգեւորապէս աճիլ, եթէ դիտենք եւ ընդօրինակենք հոգեւորապէս զօրաւոր անհատները։ Միւս կողմէ, մարմնաւոր մարդիկը ազդարարական օրինակ կ’ըլլան մեզի համար (Ա. Կոր. 3։1-4)։ Աստուածաշունչին մէջ այս երկու տեսակի օրինակներն ալ կան։ Այժմ նկատի առնենք քանի մը անհատներու դրական օրինակները։ Պիտի խօսինք Յակոբին, Մարիամին եւ Յիսուսին մասին։

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յակոբի օրինակէն (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10. Յակոբ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ հոգեւոր մարդ էր։

10 Նախ, նկատի առնենք Յակոբին օրինակը։ Ինչպէս որ շատերուս պարագան է այսօր, Յակոբին կեանքը դիւրին չէր։ Իր հարազատ եղբայրը՝ Եսաւ, կ’ուզէր զինք մեռցնել։ Իսկ իր խարդախ աները կրկին անգամ կը փորձէր զինք շահագործել։ Բայց ‘մարմնաւոր’ մարդոցմով շրջապատուած ըլլալով հանդերձ, Յակոբ հոգեւոր մարդ էր։ Ան հաւատք ունէր Աբրահամին տրուած խոստումին նկատմամբ, եւ լաւ հոգ տարաւ իր ընտանիքին, որ յատուկ դեր պիտի ունենար Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ (Ծն. 28։10-15)։ Յակոբ չձգեց, որ շուրջը եղող մարդոց մարմնաւոր կեցուածքը պատճառ դառնայ, որ Եհովային խոստումները մոռնայ։ Օրինակ, երբ զգաց թէ իր եղբայրը իրեն կը սպառնայ, Յակոբ Աստուծոյ ըսաւ. «Կ’աղաչեմ քեզի, ազատէ՛ զիս. . . Դուն ըսիր թէ՝ ‘Անշուշտ քեզի բարիք պիտի ընեմ ու քու սերունդդ ծովի աւազին չափ պիտի ընեմ’» (Ծն. 32։6-12)։ Յստակ է որ ան կը հաւատար Եհովայի խոստումներուն, որոնք իրեն եւ իր նախահայրերուն տուած էր, եւ կը փափաքէր վարուիլ Աստուծոյ կամքին եւ նպատակին համաձայն։

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մարիամի օրինակէն (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. Ի՞նչը ցոյց կու տայ, որ Մարիամ հոգեւոր անձ էր։

11 Հիմա քննենք Մարիամի օրինակը։ Ինչո՞ւ Եհովան ընտրեց Մարիամը, որ Յիսուսի մայրը ըլլայ։ Անկասկած քանի որ հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անձ էր։ Նկատի առ թէ ինչ ըսաւ, երբ այցելեց իր ազգականներուն՝ Զաքարիային եւ Եղիսաբէթին (կարդա՛ Ղուկաս 1։46-55)։ Մարիամին խօսքերը կը ցուցնեն, որ խոր սէր ունէր Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ եւ շատ լաւ գիտէր Եբրայերէն Գրութիւնները (Ծն. 30։13. Ա. Թագ. 2։1-10. Մաղ. 3։12)։ Ատկէ զատ, թէեւ ինք եւ Յովսէփ ամուսնացան, բայց սեռային յարաբերութիւն ունենալէ ետ կեցան մինչեւ Յիսուսին ծնունդը։ Այս մէկը ի՞նչ կը յայտնէ։ Երկուքն ալ աւելի հետաքրքրուած էին Եհովայի կամքով, քան իրենց անձնական ցանկութիւնները յագեցնելով (Մատ. 1։25)։ Նաեւ, Մարիամ ուշի–ուշով կը դիտէր, թէ ինչ տեղի կ’ունենար մինչ Յիսուս կը մեծնար, եւ անոր սորվեցուցածները մտիկ ըրաւ։ Ան «այս բոլոր խօսքերը իր սրտին մէջ կը պահէր» (Ղուկ. 2։51)։ Բացայայտ է որ ան շատ հետաքրքրուած էր Մեսիային առնչութեամբ Աստուծոյ նպատակով։ Կրնա՞նք Մարիամը ընդօրինակել եւ միշտ ջանալ Աստուծոյ կամքը առաջին տեղ դնել մեր կեանքին մէջ։

12. ա) Յիսուս ի՞նչ կերպերով իր Հայրը ընդօրինակեց։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել (տե՛ս բացման նկարը)։

12 Ցարդ ապրած մարդոց մէջ, հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող մարդու ամենալաւ օրինակը Յիսուսն է։ Իր ամբողջ կեանքին ու ծառայութեան ընթացքին ցոյց տուաւ, որ կ’ուզէր իր Հայրը ընդօրինակել։ Ան Եհովային պէս կը մտածէր, կը զգար եւ կը վարուէր։ Ան Աստուծոյ կամքին եւ չափանիշներուն համաձայն ապրեցաւ (Յովհ. 8։29. 14։9. 15։10)։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէս կը նկարագրուի Եհովային կարեկցութիւնը Եսայի գիրքին մէջ, եւ բաղդատէ Յիսուսին զգացումներուն հետ, ինչպէս որ Մարկոս նշեց (կարդա՛ Եսայի 63։9. Մարկոս 6։34)։ Մենք ալ Յիսուսին պէս պատրա՞ստ ենք օգնութեան պէտք ունեցող մարդոց կարեկցելու։ Նաեւ, իրեն պէս կը կեդրոնանա՞նք բարի լուրը քարոզելու եւ ուսուցանելու վրայ (Ղուկ. 4։44)։ Հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող մարդիկը գթասիրտ են եւ կը ջանան ուրիշներուն օգտակար ըլլալ։

13, 14. ա) Ի՞նչ կը սորվինք անոնցմէ, որոնք ներկայիս հոգեւոր մտայնութիւն ունին։ բ) Օրինակ մը տուր։

13 Այսօր, հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող շատ եղբայրներ եւ քոյրեր կան, որոնք կը ջանան Քրիստոսը ընդօրինակել։ Թերեւս նկատած ես անոնց նախանձախնդրութիւնը ծառայութեան մէջ, հիւրասիրութիւնը, կարեկցութիւնը կամ ուրիշ լաւ յատկութիւններ։ Անոնք ալ մեզի պէս պայքար մղած են տկարութիւններու եւ անկատարութիւններու դէմ, մինչ կը զարգացնէին այդ աստուածային յատկութիւնները։ Պրազիլի մէջ Ռէյչըլ անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Որովհետեւ կը սիրէի աշխարհի նորաձեւութեան հետեւիլ, հագուելակերպս համեստ չէր։ Բայց ճշմարտութիւնը սորվիլը զիս մղեց, որ հարկ եղած ջանքը թափեմ, որպէսզի հոգեւոր անձ ըլլամ։ Դիւրին չէր փոփոխութիւններ ընելը, բայց աւելի ուրախ անձ դարձայ եւ կեանքս իսկական նպատակ ունեցաւ»։

14 Ֆիլիփիններէն Ռէյլին անունով քոյր մը տարբեր դժուարութիւն ունեցած է։ Ճշմարտութեան մէջ ըլլալով հանդերձ՝ ան կեդրոնացաւ բարձրագոյն ուսում եւ լաւ գործ ունենալու վրայ։ Ժամանակի ընթացքին, իր հոգեւոր նպատակակէտերը անկարեւոր դարձան։ Ան կ’ըսէ. «Սկսայ անդրադառնալ, որ պակաս բան մը կար կեանքիս մէջ. բան մը, որ շատ աւելի կարեւոր էր, քան գործս»։ Ռէյլին փոխեց իր մտածելակերպը, եւ Եհովային ծառայելը դարձուց իր կեանքին ամենակարեւոր բանը։ Այժմ կը վստահի Մատթէոս 6։33, 34–ի մէջ նշուած խոստումին, եւ կ’ըսէ. «Ստոյգ գիտեմ, որ Եհովան ինծի հոգ պիտի տանի»։ Հաւանաբար գիտես եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք նոյն կեցուածքը ունին։ Երբ կը տեսնենք թէ ինչպէս Քրիստոսը կ’ընդօրինակեն, կ’ուզենք անոնց հաւատարիմ օրինակին հետեւիլ (Ա. Կոր. 11։1. Բ. Թես. 3։7

«ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՄԻՏՔԸ» ՈՒՆԵՆԱՆՔ

15, 16. ա) Քրիստոսին պէս ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ տալ որ «Քրիստոսին միտքը» ազդէ մեզի։

15 Ինչպէ՞ս կրնանք Քրիստոսը ընդօրինակել։ Ա. Կորնթացիս 2։16–ը կը բացատրէ, որ պէտք է «Քրիստոսին միտքը» ունենանք։ Իսկ Հռովմայեցիս 15։5–ը (ՆԱ) մեզի կը յիշեցնէ, որ ունենանք «այն նոյն մտածելակերպը. . . որ Քրիստոս Յիսուս ունէր»։ Ուրեմն Յիսուսին պէս ըլլալու համար, պէտք է սորվինք իրեն պէս մտածել, զգալ եւ վարուիլ։ Ան ամէն բանէ աւելի կ’արժեւորէր իր փոխյարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ։ Ուստի, Յիսուսին նմանելով Եհովային աւելի կը մօտենանք։ Ասոր համար շատ կարեւոր է, որ սորվինք Յիսուսին պէս մտածել։

16 Ինչպէ՞ս կրնանք այդ մէկը ընել։ Յիսուսի աշակերտները տեսան իր հրաշքները, լսեցին իր քարոզները, դիտեցին թէ ինչպէս կը վարուէր ամէն տեսակի մարդոց հետ եւ Աստուծոյ սկզբունքները կը գործադրէր։ Անոնք ըսին. «Մենք վկայ ենք այն ամէն բաներուն որոնք ըրաւ» (Գործք 10։39)։ Բայց մենք անձնապէս չենք կրնար զինք դիտել։ Ատոր համար Եհովան սիրալիր կերպով Աւետարանները տուաւ, որպէսզի Յիսուսին անձնաւորութիւնը կենդանի ըլլայ մեր միտքին մէջ։ Երբ կը կարդանք չորս Աւետարանները եւ ատոնց վրայ կը խոկանք, կը սորվինք Յիսուսի մտածելակերպին մասին։ Այսպիսով կրնանք ‘իր շաւիղներուն հետեւիլ’ եւ իր ‘մտքով զինուիլ’ (Ա. Պետ. 2։21. 4։1

17. Ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք, եթէ Քրիստոսին պէս մտածենք։

17 Ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք, եթէ սորվինք Քրիստոսին պէս մտածել։ Ճիշդ ինչպէս որ սննդարար կերակուրը կը զօրացնէ մարմինը, մեր միտքը Քրիստոսի մտածումով լեցնելը կը զօրացնէ մեր հոգեւորութիւնը։ Աստիճանաբար պիտի գիտնանք թէ Յիսուս ի՛նչ պիտի ընէր որեւէ պարագայի ներքեւ։ Այսպէս պիտի կարենանք իմաստուն որոշումներ առնել, որոնք Աստուած կը հաճեցնեն եւ մեր խիղճը մաքուր կը պահեն։ Չե՞ս կարծեր, որ ասոնք լաւ պատճառներ են, որպէսզի ‘մեր վրայ հագնինք Տէր Յիսուս Քրիստոսը’ (Հռով. 13։14

18. Այս յօդուածէն ի՞նչ սորվեցար հոգեւոր անձ ըլլալու մասին։

18 Այս յօդուածը մեզի օգնեց հասկնալու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հոգեւոր անձ ըլլալ։ Նաեւ, տեսանք որ կրնանք սորվիլ հոգեւոր անհատներու լաւ օրինակներէն։ Ասկէ զատ, գիտցանք թէ ինչպէս «Քրիստոսին միտքը» ունենալը կ’օգնէ որ հոգեւորապէս աճինք։ Բայց դեռ շատ բաներ կրնանք սորվիլ։ Օրինակ, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ հոգեւորապէս զօրաւոր ենք կամ ոչ։ Ի՞նչ կրնանք ընել որ մեր հոգեւորութիւնը աւելի զօրացնենք։ Եւ ինչպէ՞ս մեր հոգեւորութիւնը մեր առօրեայ կեանքին կ’ազդէ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումներուն կը պատասխանէ։