Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

Հանրային դասախօսութիւններ՝ որոնք բարի լուրը տարածեցին Իրլանտային մէջ

Հանրային դասախօսութիւններ՝ որոնք բարի լուրը տարածեցին Իրլանտային մէջ

ՄԻՆՉ շոգենաւը Պելֆասթ Լաք նեղուցը կը կտրէր, ճամբորդները կը դիտէին առտուան արեւին շողերով ծածկուած կանանչ բլուրները։ Մայիս 1910–ն էր։ Խումբին մէջ կար Չարլզ Թ. Ռասըլ, որ հինգերորդ անգամն էր որ Իրլանտա կը ճամբորդէր։ Եղբայր Ռասըլին առջեւ երեւցան երկու հսկայ մարդատար շոգենաւեր՝ Թայթէնիք եւ Օլեմփիք, որոնք տակաւին կը կառուցուէին *։ Նաւարանին մօտ շուրջ տասներկու Աստուածաշունչի Աշակերտներ կը սպասէին իր հասնելուն։

Ատկէ 20 տարի առաջ, եղբայր Ռասըլ որոշած էր Միացեալ Նահանգներէն դուրս այցելութիւններ տալ, մտածելով որ ատիկա լաւագոյն կերպն էր որ բարի լուրը տարածուէր աշխարհի չորս կողմը։ Յուլիս 1891–ին, իր առաջին շրջագայութիւնը սկսաւ ճամբորդելով դէպի Իրլանտա։ Մինչ Սիթի աֆ Շիքակօ նաւով կը մօտենար Քուինզթաունի ափին, տեսաւ ինչպէս արեւը մայր կը մտնէր, եւ թերեւս յիշեց իր ծնողքին նկարագրութիւնը իրենց հայրենիքին մասին։ Մինչ եղբայր Ռասըլ եւ իր ճամբորդակիցները կ’անցնէին կոկիկ գիւղաքաղաքներու եւ գեղեցիկ գիւղերու մէջէն, սկսան անդրադառնալ որ այդ շրջանը «հնձուելու պատրաստ» դաշտ մըն էր։

Եղբայր Ռասըլ եօթը անգամ Իրլանտան այցելեց։ Ակներեւաբար, իր առաջին այցելութիւնը շատերու ուշադրութիւնը գրաւած էր, ինչ որ ձգեց որ իր յետագայ այցելութիւններուն՝ հարիւրաւորներ,– եւ երբեմն հազարաւորներ,– գան իրեն մտիկ ընելու։ Մայիս 1903–ին՝ իր երկրորդ այցելութեան, արդէն իսկ լրագիրները կը ծանուցանէին հանրային ժողովները Պելֆասթի եւ Տապլինի մէջ։ Ռասըլ պատմեց որ «ունկնդիրները շատ ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէին» «Երդումով եղած խոստումը» նիւթը, որ Աբրահամի հաւատքին եւ մարդկութեան ապագայ օրհնութիւններուն մասին էր։

Որովհետեւ շատեր հետաքրքրուած էին, Ռասըլ Եւրոպայի մէջ իր երրորդ շրջագայութեան ատեն ալ այցելեց Իրլանտան։ Հինգ եղբայրներ զինք դիմաւորեցին, երբ իջաւ Պելֆասթի նաւահանգիստը, 1908–ի ապրիլ ամսուան մէկ առաւօտուն։ Այդ երեկոյեան, շուրջ 300 հետաքրքրուած անհատներ ներկայ եղան «Սատանային կայսրութեան անկումը» խորագրով հանրային դասախօսութեան։ Անոնց մէջ կար առարկող մը, որուն հետ Ռասըլը շուտով կրցաւ գլուխ ելլել՝ գործածելով Սուրբ Գրութիւնները։ Իսկ Տապլինի մէջ աւելի վճռակամ հակառակորդ մը՝ պրն. ՕՔանըր, որ «Երիտասարդ տղամարդոց քրիստոնէական միութեան» քարտուղարն էր, փորձեց Աստուածաշունչի Աշակերտներուն դէմ հանել 1000–էն աւելի եղող ունկնդիրները։ Ի՞նչ պատահեցաւ։

Ժամանակով ետեւ երթանք եւ պատկերացնենք թէ ինչ կրնայ պատահած ըլլալ այդ ժողովին ընթացքին։ Մարդ մը, որ կը փափաքի Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գիտնալ, կ’որոշէ ներկայ գտնուիլ հանրային դասախօսութեան մը, որուն ծանուցումը տեսած է Տը Այրիշ Թայմզ լրագիրին մէջ։ Ան դժուարութեամբ տեղ կը գտնէ լեփլեցուն հանդիսասրահին մէջ։ Ան ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ մօրուքաւոր եւ ճերմակ մազերով դասախօսին, որ սեւ ու երկար վերարկու մը հագած է։ Դասախօսը շարժուձեւերով խօսած ատեն՝ բեմին վրայ ազատօրէն կը քալէ, տրամաբանօրէն մէկ համարը միւսին կապելով եւ օգնելով որ մարդը հասկնայ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը։ Նոյնիսկ առանց ձայնային սարքերու, դասախօսին ձայնը կը հասնի հանդիսասրահին ամէն մէկ անկիւնը, ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը իր վրայ պահելով մէկուկէս ժամ։ Ետքը, հարց պատասխանի նիստին ընթացքին, ՕՔանըրը եւ իր ընկերակիցները հարցումներով կը յարձակին Ռասըլին վրայ, բայց ան վարպետութեամբ պատգամը կը պաշտպանէ՝ Սուրբ Գիրքը գործածելով։ Ունկնդիրները ծափահարութեամբ կը ցուցնեն իրենց հաւանութիւնը։ Երբ լարուածութիւնը կ’անցնի, հետաքրքրուած անհատը կը մօտենայ եղբայրներուն, որպէսզի աւելին գիտնայ։ Ըստ ականատեսներու, շատեր այսպէս գիտցան ճշմարտութիւնը։

Մայիս 1909–ին, եղբայր Ռասըլ Նիւ Եորքէն ճամբայ ելաւ Մաւրիտանիա նաւով, որպէսզի իր չորրորդ այցելութիւնը կատարէ։ Իրեն հետ տարաւ սղագրող մը՝ եղբայր Հընթսինկըր, որպէսզի Դիտարան–ի յօդուածներ գրի առնէր, մինչ ովկիանոսը կը կտրէին։ Պելֆասթին մէջ, եղբայր Ռասըլին հանրային դասախօսութեան ներկայ եղան 450 ունկնդիրներ, որոնցմէ գրեթէ 100–ը ոտքի մնացին, քանի որ տեղ չկար։

Եղբայր Չ. Թ. Ռասըլը Լուսիթանիա նաւին վրայ

Յօդուածին սկիզբը նշուած հինգերորդ ճամբորդութեան ատեն, նման հարց–պատասխանի նիստ մը տեղի ունեցաւ։ Տապլինին մէջ դասախօսութիւն տալէ ետք, Ռասըլ Սուրբ Գիրքէն պատասխանեց ՕՔանըրին հետ եկած անուանի աստուածաբանի մը հարցումներուն, ինչ որ ուրախացուց ունկնդիրները։ Յաջորդ օրը, ճամբորդները նամակ փոխադրող արագընթաց նաւով մեկնեցան Լիվըրփուլ, եւ ետքը հռչակաւոր Լուսիթանիա նաւով ուղղուեցան Նիւ Եորք *։

Տը Այրիշ Թայմզ լրագիրին մէջ ծանուցանուած հանրային դասախօսութիւն մը, 20 մայիս 1910

1911–ին՝ Ռասըլին վեցերորդ եւ եօթներորդ այցելութիւններուն ժամանակ ալ հանրային դասախօսութիւնները ծանուցանուեցան։ Գարնան, Պելֆասթին մէջ, 20 Աստուածաշունչի Աշակերտներ դիմաւորեցին 2000 հոգի, որոնք «Անդէնական» խորագրով դասախօսութիւնը մտիկ ըրին։ Տապլինի մէջ ալ ՕՔանըրը կրօնական մը բերաւ, որպէսզի Ռասըլին հարցումներ հարցնէ։ Լսելով Ռասըլին սուրբգրային պատասխանները, ունկնդիրները ծափահարեցին։ Նոյն տարուան աշնան, Ռասըլ ուրիշ գիւղաքաղաքներ ալ այցելեց, ուր շատեր ներկայ եղան դասախօսութիւններուն։ ՕՔանըրը եւ 100 կռուազաններ նորէն փորձեցին խանգարել Տապլինի ժողովը, բայց ունկնդիրները խանդավառութեամբ ցուցուցին որ դասախօսին հետ համաձայն էին։

Թէեւ այդ ժամանակ գլխաւորաբար եղբայր Ռասըլ կու տար հանրային դասախօսութիւնները, բայց գիտէր որ Աստուծոյ գործը մէկ անձէ կախեալ չէ։ Ան ըսաւ. «Ասիկա մարդ արարածի գործ չէ. Աստուծո՛յ գործն է»։ Ծանուցանուած հանրային դասախօսութիւնները,– որ յետագային հիմը կազմեցին Հանրային ժողովներուն,– հոյակապ առիթներ էին Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները ներկայացնելու։ Արդիւնքը ի՞նչ էր։ Հանրային դասախօսութիւնները օգնեցին որ բարի լուրը տարածուի, եւ ժողովքներ հաստատուեցան Իրլանտայի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ (Բրիտանիոյ մեր արխիւէն

^ պարբ. 3 Երկու տարի չանցած՝ Թայթէնիք ընկղմեցաւ։

^ պարբ. 9 Մայիս 1915–ին, Իրլանտայի հարաւային ափին մօտ Լուսիթանիա–ին վրայ թորփիլ արձակուեցաւ։