Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յակոբ Եսաւին անդրանկութեան իրաւունքը առնելո՞վ Մեսիային նախահայրը եղաւ

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Մեսիային նախահայրերուն շարքը կապուա՞ծ էր անդրանկութեան իրաւունքին հետ։

Ատեններ այս իմաստով բացատրութիւններ տուած ենք։ Ասիկա համաձայն կ’երեւէր Եբրայեցիս 12։16–ին հետ, որ կ’ըսէ թէ Եսաւ ‘սուրբ բաները չգնահատեց’ (ՆԱ) եւ «կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց» Յակոբին։ Ասիկա այն տպաւորութիւնը տուաւ, որ երբ Յակոբ «անդրանկութեան» իրաւունքը ձեռք ձգեց, նաեւ Մեսիային նախահայրերէն մէկը ըլլալու առիթը ունեցաւ (Մատ. 1։2, 16. Ղուկ. 3։23, 34

Բայց Սուրբ Գիրքին կարգ մը պատմութիւնները կը ցուցնեն, թէ անհատ մը պէտք չունէր անդրանիկ ըլլալու, որպէսզի Մեսիային նախահայրը ըլլար։ Նկատի առ կարգ մը փաստեր։

Յակոբ (Իսրայէլ) Լիային միջոցաւ ունեցաւ իր անդրանիկ տղան՝ Ռուբէնը։ Ետքը, իր սիրելի կնոջմէն՝ Ռաքէլէն ունեցաւ իր առաջին տղան՝ Յովսէփը։ Երբ Ռուբէն յանցանք մը գործեց, անդրանկութեան իրաւունքը Յովսէփին անցաւ (Ծն. 29։31-35. 30։22-25. 35։22-26. 49։22-26. Ա. Մն. 5։1, 2)։ Բայց ո՛չ Ռուբէնը Մեսիային նախահայրը եղաւ, ոչ ալ Յովսէփը։ Յուդան էր որ նախահայր եղաւ, որ Յակոբին չորրորդ տղան էր Լիայէն (Ծն. 49։10

Ղուկաս 3։32–ին մէջ նշուած են Մեսիային նախահայրերէն հինգը։ Այնպէս կ’երեւի թէ անոնցմէ ամէն մէկը անդրանիկ էր։ Բոոսին տղան Ովբէդն էր, իսկ Ովբէդին տղան Յեսսէն էր (Հթ. 4։17, 20-22. Ա. Մն. 2։10-12

Անդին, Յեսսէին տղան Դաւիթը անդրանիկ չէր, հապա՝ ութերորդ տղան էր, բայց եւ այնպէս Մեսիային նախահայրը եղաւ (Ա. Թագ. 16։10, 11. 17։12. Մատ. 1։5, 6)։ Նմանապէս, յաջորդ նախահայրը Սողոմոնն էր, հակառակ որ Դաւիթին անդրանիկը չէր (Բ. Թագ. 3։2-5

Ասիկա ըսել չէ որ անդրանիկ ըլլալը կարեւորութիւն չունէր։ Անդրանիկ զաւակը պատուուած դիրք ունէր, եւ ընդհանրապէս ընտանիքին գլուխը կ’ըլլար, երբ հայրը մեռնէր։ Նաեւ, ժառանգէն երկու բաժին կ’իյնար անդրանիկ զաւակին (Ծն. 43։33. Բ. Օր. 21։17. Յես. 17։1

Բայց անդրանկութեան իրաւունքը կրնար մէկէն միւսին փոխանցուիլ։ Օրինակ, երբ Աբրահամ Իսմայէլը հեռացուց ընտանիքէն, Իսահակին փոխանցեց անդրանկութեան իրաւունքը (Ծն. 21։14-21. 22։2)։ Կամ ինչպէս որ նշեցինք, Ռուբէնին անդրանկութեան իրաւունքը փոխանցուեցաւ Յովսէփին։

Հիմա Եբրայեցիս 12։16–ի խօսքը դարձեալ նկատի առնենք. «Չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ կամ անսուրբ [«սուրբ բաները չգնահատող», ՆԱ]՝ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց»։ Հոս, կէտը ի՞նչ էր։

Պօղոս առաքեալ չէր խօսեր Մեսիային նախահայրերուն մասին։ Ան մէկ–երկու նախադասութիւն առաջ քրիստոնեաներուն ըսած էր. «Շիտակ ճամբաներ փնտռեցէ՛ք ձեր ոտքերուն»։ Այսպիսով, անոնք ‘Աստուծոյ շնորհքէն ետ պիտի չմնային’, ինչ որ կրնար պատահիլ, եթէ սեռային անբարոյութիւն գործէին (Եբ. 12։12-16)։ Այդ պարագային, անոնք Եսաւին պիտի նմանէին։ Ան ‘սուրբ բաները չգնահատեց’, եւ բառացիօրէն կեդրոնացաւ ոչ–հոգեւոր բաներու վրայ։

Եսաւ կ’ապրէր նահապետներուն ժամանակ, եւ թերեւս նոյնիսկ ատեններ առանձնաշնորհում ունէր որ զոհեր մատուցանէր, որպէս իր ընտանիքին քահանան (Ծն. 8։20, 21. 12։7, 8. Յոբ 1։4, 5)։ Բայց քանի որ ան հոգեւոր մտայնութիւն չունէր, այսպիսի առանձնաշնորհումներէ վազ անցաւ պնակ մը ապուրի համար։ Թերեւս ան չէր ուզեր որ իր վրայ գար այն չարչարանքը, որ մարգարէացուած էր թէ Աբրահամի սերունդին վրայ պիտի գար (Ծն. 15։13)։ Ան նաեւ ցուցուց որ ոչ–հոգեւոր բաներով հետաքրքրուած էր, երբ երկու հեթանոս կին առաւ եւ իր ծնողքը նեղացուց (Ծն. 26։34, 35)։ Ան շա՜տ տարբեր էր իր եղբօրմէն, որ ջանք թափեց որ ճշմարիտ Աստուածը պաշտող կին մը առնէ (Ծն. 28։6, 7. 29։10-12, 18

Ուրեմն, ի՞նչ կրնանք ըսել Մեսիային նախահայրերուն մասին։ Ո՛չ բոլորը անդրանիկ զաւակ էին։ Հրեաները ասիկա գիտէին եւ ընդունած էին, ինչպէս որ խոստովանեցան թէ Քրիստոսը պիտի գար Դաւիթէն, որ Յեսսէին վերջին տղան էր (Մատ. 22։42, 43