Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Ինչո՞ւ արտօնուած չէ անձնական կայքէջի կամ ընկերային ցանցերու մէջ դնել Եհովայի վկաներուն հրատարակութիւնները։

Ոմանք կը կարծեն թէ կրնան ուրիշ կայքերու կամ ընկերային ցանցերու մէջ դնել մեր աստուածաշնչական նիւթերը, քանի որ ձրի են։ Սակայն ատիկա կը խախտէ մեր կայքերուն «Օգտագործման պայմաններ»ը * եւ լուրջ խնդիրներ պատճառած է։ Ինչպէս յստակօրէն նշուած է այդ Պայմաններուն մէջ, ո՛չ մէկը իրաւունք ունի «այս կայքէն զետեղել պատկերներ, ելեկտրոնային հրատարակութիւններ, վաճառանիշներ, երաժշտութիւն, լուսանկարներ, տեսաերիզներ կամ յօդուածներ համացանցին վրայ (որեւէ կայք, ֆայլերու փոխանակման կայք, տեսաերիզներու փոխանակման կայք կամ ընկերային ցանց)»։ Ինչո՞ւ համար է այս սահմանափակումը։

Ո՛չ մէկը իրաւունք ունի ուրիշ կայքէջերու մէջ դնել մեր հրատարակութիւնները, քանի որ իրենց հեղինակային իրաւունքները պաշտպանուած են

Մեր կայքերուն մէջ գտնուող բոլոր նիւթերուն հեղինակային իրաւունքները պաշտպանուած են։ Հաւատուրացներ եւ ուրիշ հակառակորդներ մեր հրատարակութիւնները իրենց կայքերուն մէջ գործածելով կը փորձեն Եհովայի վկաներուն եւ ուրիշներու ուշադրութիւնը ուղղել իրենց կայքերուն։ Այդպիսի կայքերու նպատակն է՝ կասկածներ ցանել ընթերցողներուն միտքին մէջ (Սաղ. 26։4. Առ. 22։5)։ Ոմանք մեր հրատարակութիւններուն պարունակութիւնը կամ jw.org պատկերանիշը գործածած են ծանուցումներու մէջ, վաճառուող ապրանքներու վրայ կամ դիւրակիր սարքերու էփերու մէջ։ Բայց քանի որ իշխանութիւններէն ստացած ենք օրինական պաշտպանութիւն, որպէսզի ո՛չ մէկը կարենայ մեր հրատարակութիւնները եւ վաճառանիշները ընդօրինակել կամ գործածել, օրինական հիմ ունինք որ արգիլենք ատոնց սխալ գործածութիւնը (Առ. 27։12)։ Եթէ գիտակցաբար թոյլ տանք որ անհատներ, նոյնիսկ մեր եղբայրները, մեր թուային նիւթերը դնեն ուրիշ կայքերու մէջ կամ jw.org պատկերանիշը գործածեն ապրանք վաճառելու նպատակով, կրնայ ըլլալ որ դատարանները մեզի չօգնեն կեցնելու հակառակորդներուն եւ առեւտրական ընկերութիւններուն ըրածները։

Մեր հրատարակութիւնները jw.org-էն զատ ուրիշ որեւէ կայքէ բեռնելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ Եհովան հոգեւոր սնունդ հայթայթելու պատասխանատուութիւնը տուած է միայն «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին (Մատ. 24։45)։ Այդ «ծառան» հոգեւոր սնունդ կը հրապարակէ միայն իր պաշտօնական կայքերուն մէջ՝ www.pr418.com, tv.pr418.com, եւ wol.pr418.com։ Եւ դիւրակիր սարքերու համար ունինք միայն երեք պաշտօնական էփ՝ JW Language®, JW Library®, եւ JW Library Sign Language®։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ատոնք չեն պարփակեր գովազդներ, ոչ ալ ապականուած են Սատանային աշխարհին կողմէ։ Եթէ հոգեւոր սնունդը ուրիշ աղբիւրի մը միջոցաւ մեզի հասնի, ատիկա կրնայ փոխուած կամ ապականուած ըլլալ (Սաղ. 18։26. 19։8

Մեր հրատարակութիւնները դնելը այնպիսի կայքէջերու մէջ, ուր մարդիկ կրնան մեկնաբանութիւններ գրել, թոյլ կու տայ որ հաւատուրացները եւ ուրիշներ կասկածներ ցանեն Եհովայի կազմակերպութեան մասին։ Ասիկա ձգած է որ կարգ մը եղբայրներ մասնակցին առցանց վէճերու, եւ այսպիսով Եհովային անուան ա՛լ աւելի անարգանք բերած են։ Առցանց քննարկութիւններու ֆորումները յարմար տեղը չեն, որ ‘խրատենք հակառակ կեցողները’ (Բ. Տիմ. 2։23-25. Ա. Տիմ. 6։3-5)։ Նաեւ նկատուած է, որ կեղծ կայքէջեր կամ ընկերային ցանցի կեղծ հաշիւներ ստեղծուած են՝ կազմակերպութեան, Կառավարիչ մարմինին եւ ատոր իւրաքանչիւր անդամին անունով։ Բայց Կառավարիչ մարմինին ո՛չ մէկ անդամը ունի անձնական կայքէջ կամ կը գործածէ որեւէ ընկերային ցանց։

jw.org կայքը մարդոց ուշադրութեան յանձնելը կ’օգնէ որ բարի լուրը տարածուի (Մատ. 24։14)։ Ծառայութեան մէջ մեր գործածելիք թուային գործիքները շարունակաբար կը բարելաւուին։ Կ’ուզենք որ ամէն մարդ օգտուի ատոնցմէ։ Ուրեմն կրնաք ե–նամակով մէկու մը ղրկել հրատարակութեան մը ելեկտրոնային օրինակը կամ jw.org կայքին մէջ գտնուող նիւթի մը կապը։ Հետաքրքրուած անհատները ուղղելով դէպի մեր պաշտօնական կայքերը, կը ձգենք որ կապ պահեն հոգեւոր սնունդի միակ ճշմարիտ աղբիւրին՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հետ։

^ պարբ. 1 «Օգտագործման պայմաններ»ուն կապը կը գտնուի jw.org կայքին գլխաւոր էջին վարը, իսկ սահմանափակումները կը կիրարկուին մեր կայքերուն մէջ գտնուող որեւէ բանի։