Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Սկիզբը աղքատ, բայց վերջաւորութեան՝ հարուստ

Սկիզբը աղքատ, բայց վերջաւորութեան՝ հարուստ

Ծնած եմ մէկ սենեակնոց տախտակէ տնակի մը մէջ, Լիպըրթի անունով շատ պզտիկ գիւղաքաղաքի մը մէջ, Ինտիանա, ԱՄՆ։ Երբ ծնայ, ծնողքս արդէն երեք զաւակ ունէր՝ մեծ եղբայրս եւ երկու քոյրերս։ Ետքը, երկու եղբայրներ եւ քոյր մըն ալ ունեցայ։

Տախտակէ տնակը, ուր ծնայ

ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ տարիներուս ընթացքին շատ փոփոխութիւններ չէին ըլլար գիւղաքաղաքին մէջ։ Այդ դպրոցը որ կ’երթայի, առաջին դասարանէն մինչեւ վերջին դասարան նոյն անհատներուն հետ կ’ըլլայիր. եւ նոյնիսկ գիտէիր գիւղաքաղաքին մարդոց մեծամասնութեան անունները, իրենք ալ քուկդ գիտէին։

Եօթը զաւակներէն մէկն էի եւ որպէս պատանի՝ երկրագործութեան մասին շատ բաներ սորվեցայ

Լիպըրթի գիւղաքաղաքին շուրջը պզտիկ ագարակներ կային, իսկ հիմնական բերքը եգիպտացորենն էր։ Երբ ծնայ, հայրս ագարակի մը մէջ կ’աշխատէր։ Դեռ պատանի էի, երբ թրաքթոր քշել սորվեցայ, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշ երկրագործական հմտութիւններ։

Չեմ գիտեր երիտասարդ հայր ունենալը ինչ կը նշանակէ։ Հայրս 56 տարեկան էր երբ ծնայ, իսկ մայրս՝ 35։ Այսուհանդերձ, ան առողջ ու զօրաւոր մարդ էր, որ կը սիրէր ծանր աշխատիլ եւ իր բոլոր զաւակներուն սորվեցուց աշխատասէր ըլլալ։ Ան բնաւ շատ դրամ չշահեցաւ, բայց միշտ ունէինք ապրելու տեղ, հագուելիք հագուստ եւ կուշտ փոր։ Եւ միշտ մեր հետը ժամանակ կ’անցընէր։ Ան 93 տարեկանին մահացաւ, իսկ մայրս՝ 86 տարեկանին։ Անոնք Եհովային ծառաներ չեղան։ Եղբայրներուս–քոյրերուս մէջ միայն պզտիկ եղբայրներէս մէկը Վկայ է. ան 1972–էն ի վեր հաւատարմօրէն կը ծառայէ որպէս երէց։

ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐՍ

Մայրս շատ կրօնասէր էր։ Ամէն կիրակի մեզ կը տանէր մկրտչական եկեղեցին։ Երբ 12 տարեկան էի, առաջին անգամ ըլլալով լսեցի Երրորդութեան մասին։ Հետաքրքիր ըլլալով՝ մօրս հարցուցի. «Յիսուս ինչպէ՞ս կրնայ միեւնոյն ատեն թէ՛ Որդին եւ թէ Հայրը ըլլալ»։ Կը յիշեմ իր պատասխանը. «Տղա՛ս, ատիկա խորհուրդ է. մեր գիտնալիքը չէ»։ Ատիկա իրապէս անհասկնալի էր ինծի համար։ Հակառակ ասոր, 14 տարեկանիս մկրտուեցայ, երե՛ք անգամ սուզուելով տեղական գետակի մը մէջ՝ յանուն Երրորդութեան։

1952. 17 տարեկանիս, զինուորութեան երթալէ առաջ

Երկրորդական վարժարանի մէջ կռփամարտով զբաղող ընկեր մը ունէի, որ զիս համոզեց որ փորձեմ կռփամարտիկ ըլլալ։ Սկսայ մարզուիլ ու անդամ եղայ «Կոլտըն Կլըվզ» կոչուող կռփամարտի կազմակերպութեան մէջ։ Շատ վարպետ չէի եւ քանի մը մրցումէ ետք՝ ձգեցի կռփամարտը։ Ժամանակ մը ետք, զինուորագրուեցայ եւ Գերմանիա ղրկուեցայ։ Մինչ հոն կը ծառայէի, մեծաւորներս զիս ղրկեցին զինուորական ակադեմիա մը, խորհելով որ առաջնորդութիւն առնելու բնածին կարողութիւն ունիմ։ Անոնք կ’ուզէին, որ զինուորական ասպարէզի ետեւէն ըլլամ։ Ես ալ բնաւ զինուորութեան մէջ մնալու փափաք չունէի, եւ պահանջուած երկու տարին ծառայելէ ետք, 1956–ին տուն վերադարձայ։ Բայց շատ չանցած, բոլորովին տարբեր բանակի մը միացայ։

1954-1956. Երկու տարի ԱՄՆ–ի բանակին մէջ ծառայեցի

ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ ՄԸ

Ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ, սխալ գաղափար ունէի թէ տղամարդը ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ։ Ֆիլմերէն եւ շուրջի մարդոցմէ ազդուած էի եւ կը կարծէի որ Աստուածաշունչի մասին խօսող տղամարդիկը կտրիճ չէին։ Բայց սկսայ կարգ մը բաներ գիտնալ, որոնք լման կեանքս փոխեցին։ Օր մը, մինչ քաղաքին մէջ կարմիր շքեղ ինքնաշարժս կը քշէի, երկու երիտասարդուհիներ ձեռքով նշան ըրին, որ իրենց քովը երթամ։ Կը ճանչնայի զանոնք. մեծ քրոջս ամուսինին պզտիկ քոյրերն էին։ Սա երկու աղջիկները Եհովայի վկայ էին։ Նախապէս ինծի Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը տուած էին, բայց Դիտարան–ը հասկնալը ինծի համար քիչ մը դժուար էր։ Այս անգամ զիս հրաւիրեցին, որ իրենց տան մէջ ներկայ ըլլամ Ժողովքի գիրքի ուսումնասիրութեան, որ Աստուածաշունչը քննարկելու պզտիկ ժողով մըն էր։ Իրենց ըսի որ կը մտածեմ։ «Կը խոստանա՞ս»՝ ժպտելով հարցուցին։ «Կը խոստանամ»՝ ըսի։

Զղջացի այդ խոստումին համար, բայց չէի կրնար ատկէ վազ անցնիլ։ Այդ իրիկուն գացի ժողովին։ Ամէնէն շատը տպաւորուեցայ պզտիկներով։ Չէի կրնար հաւատալ որ որքան շատ բան գիտէին Սուրբ Գիրքին մասին։ Թէեւ ամէն կիրակի մօրս հետ եկեղեցի գացած էի, բայց տակաւին շատ քիչ բան գիտէի Աստուածաշունչին մասին։ Ուստի որոշեցի աւելին գիտնալ։ Ընդունեցի Աստուածաշունչը սերտել։ Առաջին բաներէն որ սորվեցայ այն էր, որ Ամենակալ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Տարիներ առաջ, երբ մօրս հարցուցի Եհովայի վկաներուն մասին, պարզապէս ըսաւ. «Անոնք Եհովա անունով ծեր մարդ մը կը պաշտեն»։ Բայց հիմա կը զգայի որ աչքերս կը բացուէի՛ն։

Արագօրէն յառաջդիմեցի, քանի որ վստահ էի որ ճշմարտութիւնը գտայ։ Այդ առաջին ժողովէն ինը ամիս ետք մկրտուեցայ՝ մարտ 1957–ին։ Կեցուածքս փոխուեցաւ։ Շատ ուրախ եմ որ գիտցայ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ իսկական տղամարդ ըլլալու մասին։ Յիսուս կատարեալ մարդ էր. ոեւէ մէկէ աւելի ոյժ ու զօրութիւն ունէր։ Հակառակ ասոր բնաւ կռիւներու չմասնակցեցաւ, հապա «անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ», ճիշդ ինչպէս որ մարգարէացուած էր (Եսա. 53։2, 7)։ Սորվեցայ որ Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդը պէտք է «հեզահոգի ըլլայ ամենուն» (Բ. Տիմ. 2։24

Յաջորդ տարի՝ 1958–ին, ռահվիրայութեան սկսայ։ Բայց շատ չանցած, կարճ ժամանակի համար ռահվիրայութիւնս կեցուցի։ Ի՞նչն էր պատճառը։ Որոշեցի ամուսնանալ Կլորիային հետ, որ այն երկու երիտասարդուհիներէն մէկն էր, որոնք զիս գրքի ուսումնասիրութեան հրաւիրեցին։ Բնաւ չեմ զղջացած այս որոշումիս համար։ Ան թէ՛ այն ատեն գոհար մըն էր, թէ ալ հիմա՛։ Ինծի համար աւելի թանկ է՝ քան ամէնէն թանկ ադամանդը, եւ որքա՜ն ուրախ եմ որ հետը ամուսնացայ։ Հիմա քիչ մը ինք թող պատմէ իր մասին.

«Ունէի 16 եղբայրներ եւ քոյրեր։ Մայրս հաւատարիմ Վկայ մըն էր. մահացաւ երբ 14 տարեկան էի։ Այդ ժամանակ հայրս Աստուածաշունչը սերտելու սկսաւ։ Քանի որ մայրս չկար, հայրս դպրոցի տնօրէնին հետ համաձայնեցաւ, որ ես եւ մեծ քոյրս տարբեր օրերուն դպրոց երթանք. այդ ժամանակ քոյրս երկրորդական վարժարանի վերջին դասարանն էր։ Այսպէս ամէն մէկը իր կարգին տունը կը մնար, պզտիկներուն հոգ կը տանէր եւ ընթրիքը կը պատրաստէր առաջ որ մեր հայրը գործէն վերադառնար։ Այսպէս ըրինք մինչեւ որ քոյրս աւարտեց դպրոցը։ Մեզի հետ երկու Վկայ ընտանիքներ Սուրբ Գիրքը սերտեցին եւ մեզմէ 11–ը Եհովայի վկայ եղան։ Սիրով ծառայութեան կ’երթայի, հակառակ անոր որ շատ ամչկոտ էի։ Ամուսինս տարիներու ընթացքին շատ օգնած է, որ ատոր հետ գլուխ ելլեմ»։

Ես եւ Կլորիան ամուսնացանք փետրուար 1959–ին։ Միասին ռահվիրայութիւն ընելը կը վայելէինք։ Այդ տարուան յուլիսին Բեթէլի դիմումնագիր լեցուցինք, քանի որ շատ կը փափաքէինք կեդրոնատեղիին մէջ ծառայել։ Սայմըն Քրէյքըր, որ այն ատեն Բեթէլի մէջ կը ծառայէր, մեր դիմումնագիրները տեսնելէ ետք՝ խօսեցաւ մեզի հետ։ Ան ըսաւ որ ամուսնացած զոյգերը Բեթէլ չեն ընդունուիր։ Այսուհանդերձ, մեր այս փափաքը զօրաւոր պահեցինք եւ երկար տարիներ ետք կատարուեցաւ։

Կեդրոնատեղիին նամակ գրեցինք եւ խնդրեցինք մեզ ղրկել ո՛ւր որ հրատարակիչներու աւելի մեծ պէտք կայ։ Մեզի միայն մէկ ընտրանք տուին՝ Փայն Պլաֆ, Արքանսաս։ Այդ ժամանակ Փայն Պլաֆին մէջ միայն երկու ժողովքներ կային՝ մէկուն հրատարակիչները ճերմակամորթ էին, իսկ միւսինը՝ սեւամորթ։ Մեզ ղրկեցին սեւամորթներուն ժողովքին, որ միայն 14 հրատարակիչ ունէր։

ԵՐԲ ՑԵՂԵՐԸ ԶԱՏ–ԶԱՏ ԿԸ ԺՈՂՎՈՒԷԻՆ

Թերեւս հարց տաք թէ ինչո՛ւ սեւամորթ եւ ճերմակամորթ հրատարակիչները զատ–զատ կը ժողվուէին։ Այդ ժամանակ ուրիշ ընտրութիւն չունէինք։ Կային օրէնքներ որոնք տարբեր ցեղերէ մարդիկը կ’արգիլէին մէկտեղ ժողվուելէ հանրային վայրերուն մէջ, մէջը ըլլալով՝ պաշտամունքի վայրերը։ Նաեւ վայրագութեան լուրջ վտանգը կար։ Շատ մը տեղեր եղբայրները կը վախնային որ իրենց Թագաւորութեան սրահը կործանուէր, եթէ երկու տարբեր ցեղերը պաշտամունքի համար մէկտեղ հաւաքուէին։ Այսպիսի բաներ իրապէս պատահեցան։ Եթէ սեւամորթ Վկաները ճերմակամորթներու շրջանի մը մէջ դռնէ դուռ ծառայէին, կը ձերբակալուէին եւ հաւանաբար կը ծեծուէին։ Ատոր համար, որպէսզի քարոզչութեան գործը չկենայ, օրէնքներուն կը հնազանդէինք՝ յուսալով որ վիճակները բարելաւուին։

Մեր ծառայութիւնը իր դժուարութիւնները ունէր։ Մինչ սեւամորթներու թաղամասի մը մէջ կը ծառայէինք, ատեններ անգիտակցաբար ճերմակամորթ ընտանիքի մը դուռը կը զարնէինք։ Արագ մը պէտք էր որոշէինք՝ կա՛մ աստուածաշնչական կարճ ներկայացում մը ընել, կամ ալ՝ ներողամտութիւն խնդրել որ սխալմամբ դուռը զարկինք, ապա յաջորդ դուռը կը զարնէինք։ Այդ ժամանակներուն, կարգ մը տեղեր պարագան այսպէս էր։

Անշուշտ, որպէս ռահվիրաներ, պէտք էր աշխատէինք, որպէսզի մեր ապրուստը ճարէինք։ Մեր ըրած գործերուն մեծամասնութեան օրական վարձքը երեք տոլար էր։ Կլորիան քանի մը ընտանիքներու տան գործերը կ’ընէր։ Տեղ մը, ինծի թոյլ կու տային օգնել իրեն, որպէսզի գործը կէս ժամանակէն վերջացնէր։ Մեզի կէսօրուայ ճաշ կու տային. զայն կ’ուտէինք մեկնելէ առաջ։ Ամէն շաբաթ, Կլորիան ընտանիքի մը քով արդուկ կ’ընէր, իսկ ես պարտէզին հոգ կը տանէի, պատուհանները կը լուայի եւ ուրիշ գործեր կ’ընէի։ Ճերմակամորթ ընտանիքի մը տան պատուհաններն ալ կը լուայինք. Կլորիան ներսէն կը լուար, իսկ ես՝ դուրսէն։ Քանի որ գործը ամբողջ օրը կ’առնէր, մեզի կէսօրուայ ճաշ կու տային։ Կլորիան տան մէջ կը ճաշէր՝ բայց ընտանիքէն հեռու, իսկ ես՝ դուրսը՝ կառատունին մէջ։ Հոգ չէր. շատ լաւ կերակուր էր։ Ազնիւ ընտանիք մըն էր. պարզապէս այդ ժամանակուան ‘կղպուած’ մտայնութիւնը ունէր։ Կը յիշեմ որ օր մը վառելանիւթի կայանը կեցանք, որպէսզի մեր ինքնաշարժը վառելանիւթով լեցնենք։ Լեցնելէ ետք, սպասարկողին հարցուցի եթէ Կլորիան կրնայ բաղնիքը գործածել։ Ինծի ծուռ–ծուռ նայելով ըսաւ. «Ո՛չ, կղպուած է»։

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԱԶՆԻՒ ԱՐԱՐՔՆԵՐ

Միւս կողմէ, եղբայրներուն հետ հոյակապ ժամանակներ անցուցինք եւ շա՜տ կը սիրէինք մեր ծառայութիւնը։ Երբ Փայն Պլաֆ փոխադրուեցանք, եղբօր մը տունը ապրեցանք որ այն ժամանակ ժողովքին ծառան էր։ Իր կինը տակաւին ճշմարտութեան մէջ չէր, եւ Կլորիան սկսաւ հետը Աստուածաշունչը սերտել։ Ես ալ սկսայ սերտել անոնց աղջկան եւ իր ամուսինին հետ։ Մայրն ու աղջիկը որոշեցին Եհովային ծառայել եւ մկրտուեցան։

Ճերմակամորթներուն ժողովքին մէջ ունէինք շատ սիրելի ընկերներ։ Մեզ ընթրիքի կը հրաւիրէին, բայց միայն մթննալէն ետք կրնայինք իրենց քով երթալ։ Քու Քլուքս Քլան (ՔՔՔ) կազմակերպութիւնը, որ մարդիկը կը մղէ ցեղապաշտութեան եւ վայրագութեան, այն ատեն շատ գործունեայ էր։ Կը յիշեմ թէ ինչպէս Հէլլոուինի գիշեր մը տեսայ տղամարդ մը, որ իր տունին առջեւ նստած էր եւ հպարտութեամբ հագած էր ՔՔՔ–ի անդամներուն բնորոշ ճերմակ հագուստը եւ դիմակը։ Սակայն այդպիսի բաներ պատճառ չեղան, որ եղբայրները ազնիւ արարքներ չընեն։ Անգամ մը, դրամի պէտք ունէինք, որպէսզի համաժողովի երթանք, եւ եղբայր մը համաձայնեցաւ մեր «1950 Ֆորտ» տիպի ինքնաշարժը գնել, որպէսզի կարենայինք ճամբորդութեան ծախսը գոցել։ Ամիս մը ետք, արեւուն տակ քալելով դռնէ դուռ ծառայելէ եւ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ վարելէ ետք, յոգնած տուն վերադարձանք։ Որքա՜ն զարմացանք, երբ տան առջեւ տեսանք մեր ինքնաշարժը։ Անոր առջեւի ապակիին վրայ գրութիւն մը կար, որ կ’ըսէր. «Ձեր ինքնաշարժը կը վերադարձնեմ որպէս նուէր։ Ձեր եղբայրը»։

Ուրիշ ազնիւ արարք մը շատ ազդեց ինծի։ 1962–ին հրաւիրուեցայ Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցը Սաութ Լէնսինկին մէջ, Նիւ Եորք։ Ատիկա մէկ ամսուան մարզում մըն էր այն եղբայրներուն, որոնք ժողովքներուն, շրջաններուն եւ մարզերուն վրայ կը վերահսկէին։ Երբ հրաւէրը ստացայ, գործ չունէի եւ շատ քիչ դրամ ունէի։ Բայց Փայն Պլաֆին մէջ հեռաձայնի ընկերութիւն մը գործի համար տեսակցութիւն ունեցած էր հետս։ Եթէ զիս ընդունէին, հոն աշխատող առաջին սեւամորթը պիտի ըլլայի։ Վերջապէս ինծի լուր տուին, որ ընդունուեցայ։ Ի՞նչ պիտի ընէի։ Նիւ Եորք ճամբորդելու դրամ չունէի։ Լրջօրէն մտածեցի որ պէտք է գործի սկսիմ եւ դպրոցը չերթամ։ Երբ կը պատրաստուէի հրաւէրը մերժելու նամակը գրելու, անմոռանալի բան մը պատահեցաւ։

Օր մը, մեր ժողովքէն քոյր մը, որուն ամուսինը ճշմարտութեան մէջ չէր, առտու կանուխ մեր դուռը զարկաւ եւ պահարան մը տուաւ։ Ատոր մէջ լեցուն դրամ կար։ Ինք եւ իր զաւակներէն ոմանք շատ կանուխ կ’արթննային, որպէսզի դաշտերը երթային՝ բամպակը խոտերէն զատելու։ Ասիկա կ’ընէին որպէսզի Նիւ Եորք երթալուս համար բաւարար դրամ շահէին։ Քոյրը ըսաւ. «Գնա՛ դպրոց ու կրցածիդ չափ շատ բան սորվէ։ Վերադարձիր եւ մեզի ալ սորվեցուր»։ Հեռաձայնի ընկերութեան հարցուցի եթէ կրնամ գործի սկսիլ որոշուած թուականէն հինգ շաբաթ ետք։ Պատասխանը յստակ «ո՛չ» էր, բայց ատիկա ինծի համար կարեւոր չէր։ Արդէն որոշումս առած էի։ Որքա՜ն ուրախ եմ որ այդ գործով չզբաղեցայ։

Կլորիան այսպէս կը յիշէ Փայն Պլաֆին մէջ մեր անցուցած ժամանակը. «Թաղամասին սիրահարուեցայ։ 15–էն 20 ուսումնասիրութիւն ունէի։ Առտուները կ’երթայինք դռնէ դուռ ծառայութեան, իսկ օրուան մնացած մասը ուսումնասիրութիւններ վարելով կ’անցընէինք, ատեններ մինչեւ իրիկուան ժամը 11–ը։ Ծառայութիւնը շատ հաճելի էր։ Պատրաստ էի այդ ծառայութեան մէջ մնալու. շատ ուրախ կ’ըլլայի։ Պէտք է խոստովանիմ որ շատ չէի ուզեր նշանակումս փոխել եւ շրջանային գործին սկսիլ, բայց Եհովան ուրիշ բան մը ունէր իր մտքին մէջ»։ Վստահաբար ունէր։

ՇՐՋԱԳԱՅԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸ

Մինչ Փայն Պլաֆին մէջ կը ծառայէինք, մասնաւոր ռահվիրաներու դիմումնագիր լեցուցինք։ Մեծ յոյս ունէինք որ պիտի նշանակուէինք, քանի որ մեր նահանգային տեսուչը ըսած էր, որ Թեքսասի մէջ օգնութեան պէտք ունեցող ժողովք մը կար, եւ ան կ’ուզէր որ հոն ծառայէինք որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Այս գաղափարը գրաւիչ էր մեզի համար։ Պատասխանին սպասեցինք ու սպասեցինք, բայց նամակատուփը շարունակ պարապ կը գտնէինք։ Ի վերջոյ, օր մը նամակ ստացանք. մեզ նշանակեցին շրջագայական գործին։ Ատիկա յունուար 1965–ին էր։ Միեւնոյն ատեն եղբայր Լէոն Ուիվըր, որ այժմ Միացեալ Նահանգներու Մասնաճիւղի յանձնախումբին համակարգողն է, նշանակուեցաւ որպէս շրջանային տեսուչ։

Ջիղերուս վրայ էի, որ շրջանային տեսուչ պիտի ըլլայի։ Ատկէ մէկ տարի առաջ, նահանգային տեսուչ Ճէյմս Է. Թոմսըն Կրտսերը որակումներս քննած էր։ Ազնուօրէն ինծի բացատրած էր թէ ո՛ր մարզերուն մէջ պէտք է բարելաւուիմ, ուշադրութեանս յանձնելով այն հմտութիւնները, որոնց լաւ շրջանային տեսուչ մը պէտք ունի։ Շրջանային գործին մէջ ըլլալէս շատ չէր անցած, երբ անդրադարձայ թէ որքա՜ն այդ խրատին պէտք ունէի։ Նշանակուելէս ետք, եղբայր Թոմսըն առաջին նահանգային տեսուչն էր, որուն հետ ծառայեցի։ Շատ բան սորվեցայ այդ հաւատարիմ եղբօրմէն։

Շատ կը գնահատեմ հաւատարիմ հոգեւոր եղբայրներու կողմէ ստացած օգնութիւնս

Այդ օրերուն, շրջանային տեսուչը քիչ մարզում կը ստանար։ Մէկ շաբաթ դիտեցի թէ ինչպէս շրջանային տեսուչը ժողովքի մը այցելեց։ Ետքը, ի՛նքը մէկ շաբաթ դիտեց, թէ ինչպէս ես այցելեցի ուրիշ ժողովքի մը։ Ան ցուցմունքներ եւ ուղղութիւններ տուաւ։ Բայց ատկէ ետք, զատ–զատ այցելեցինք ժողովքներուն։ Կը յիշեմ թէ ինչպէս Կլորիային ըսի. «Հիմա ատե՞նն է, որ զիս առանձին ձգէ»։ Բայց ժամանակի ընթացքին, կարեւոր բանի մը անդրադարձայ. միշտ պիտի ըլլան լաւ եղբայրներ, որոնք կրնան քեզի օգնել, միայն եթէ ձգես որ քեզի օգնեն։ Մինչեւ հիմա շատ կը գնահատեմ այն օգնութիւնը, որ ստացայ փորձառու եղբայրներէ, ինչպէս՝ Ճ. Ռ. Պրաուն, որ այն ատեն շրջագայող տեսուչ էր, եւ Ֆրէտ Ռըսք, որ Բեթէլին մէջ կը ծառայէր։

Ցեղապաշտութիւնը գլուխը առած գացած էր այդ օրերուն։ Անգամ մը, ՔՔՔ–ն թափօր մը կազմակերպած էր Թենըսիի մէկ գիւղաքաղաքին մէջ, ուր մենք կ’այցելէինք։ Կը յիշեմ, ուրիշ անգամ մը մեր ծառայութեան խումբը դադար առաւ ֆասթ ֆուտի ճաշարանի մը մէջ։ Երբ բաղնիք գացի, նկատեցի որ ետեւէս եկաւ ջղայնացած երեւոյթով եւ ցեղապաշտական թաթուներով մարդ մը։ Բայց հսկայ ճերմակամորթ եղբայր մը, որ թէ՛ ինձմէ եւ թէ այդ անհատէն հասակաւոր էր, մեր ետեւէն եկաւ։ «Ամէն ինչ օքէ՞յ է, եղբայր Հըրտ», հարցուց ինծի։ Մարդը արագօրէն ձգեց–գնաց՝ առանց բաղնիքը գործածելու։ Տարիներու ընթացքին, անդրադարձած եմ որ նախապաշարումը մորթի գոյնին պատճառով չ’ըլլար, հապա՝ մեղքին պատճառով. ադամական մեղքը, որ բոլորս ժառանգած ենք։ Եւ գիտցայ, որ եղբայրը եղբայր է՝ չնայած թէ իր գոյնը ի՛նչ է, եւ եթէ պէտք ըլլայ՝ քեզի համար պիտի մեռնի։

ՀԱՐՈՒՍՏ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Մենք անցուցինք 12 տարի շրջանային գործին մէջ եւ 21 տարի նահանգային գործին մէջ։ Ճոխ տարիներ էին՝ օրհնութիւններով եւ քաջալերական փորձառութիւններով լեցուն։ Բայց ուրիշ օրհնութիւն մըն ալ գալու վրայ էր։ Օգոստոս 1997–ին, մեր վաղեմի երազը կատարուեցաւ։ Հրաւիրուեցանք Միացեալ Նահանգներու Բեթէլին մէջ ծառայելու, մեր առաջին դիմումնագիրէն մօտ 38 տարի ետք։ Յաջորդ ամիսը Բեթէլի ծառայութեան սկսանք։ Կարծեցի որ պատասխանատու եղբայրները կ’ուզէին որ ժամանակաւորապէս օգնեմ, բայց այդպէս չեղաւ։

Կլորիան գոհար էր, երբ ամուսնացանք, եւ այսօր ալ գոհար է

Սկիզբը զիս նշանակեցին Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ։ Այդ փորձառութիւնը ինծի շատ բան սորվեցուց։ Հոն ծառայող եղբայրները զգայուն եւ դժուար հարցերու վերաբերեալ շատ հարցումներ կը ստանան երէցներու մարմիններէն եւ շրջանային տեսուչներէն։ Կը գնահատեմ, որ եղբայրները երկայնմտութեամբ օգնեցին եւ մարզեցին զիս։ Բայց կը զգամ որ եթէ նորէն հոն նշանակուիմ, դեռ սորվելիք շատ բան ունիմ։

Ես եւ Կլորիան կը սիրենք Բեթէլին կեանքը։ Մենք միշտ կանուխ արթնցող եղած ենք, եւ այս սովորութիւնը շատ կ’օգնէ Բեթէլին մէջ։ Շուրջ մէկ տարի ետք, սկսայ որպէս Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի Ծառայութեան յանձնախումբի օգնական ծառայել։ Իսկ 1999–ին, նշանակուեցայ որպէս Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը։ Այս նշանակումին մէջ շատ բաներ սորվեցայ, բայց սորվածներէս ամէնէն կարեւորը այն է, որ քրիստոնէական ժողովքին գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է, եւ ոչ թէ ոեւէ մարդ։

1999–էն ի վեր առանձնաշնորհում ունիմ որպէս Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը

Այժմ, յետադարձ ակնարկ մը նետելով, ատեններ Ամովս մարգարէին պէս կը զգամ։ Եհովան նկատեց այդ խոնարհ հովիւը, որուն գործն էր ծակել մոլաթուզ, որ աղքատներու կերակուր էր։ Ան Ամովսը մարգարէ նշանակեց, ինչ որ հոգեւոր ճոխ նշանակում մըն էր (Ամս. 7։14, 15)։ Նմանապէս, Եհովան զիս նկատեց, ես որ Լիպըրթիի աղքատ երկրագործի մը որդին եմ, եւ վրաս անհամար ճոխ օրհնութիւններ թափեց (Առ. 10։22)։ Վստահութեամբ կրնամ ըսել, որ թէեւ սկիզբը նիւթապէս աղքատ էի, բայց վերջաւորութեան՝ հոգեւորապէս հարուստ եղայ, երեւակայածէս շա՜տ աւելի։