Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ կը շարունակենք ‘շատ պտուղ բերել

Ինչո՞ւ կը շարունակենք ‘շատ պտուղ բերել

«Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ, որպէս զի դուք շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս ըլլաք» (ՅՈՎՀ. 15։8

ԵՐԳԵՐ. 145, 144

1, 2. ա) Յիսուս իր առաքեալներուն ի՞նչ խօսեցաւ իր մահուան նախորդող գիշերը (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է մեր միտքը պահենք, թէ ինչո՛ւ կը քարոզենք։ գ) Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ նախորդող գիշերը, Յիսուս երկար խօսակցութիւն մը ունեցաւ իր առաքեալներուն հետ, որուն ընթացքին զիրենք վստահեցուց որ իրենց հանդէպ խոր սէր ունէր։ Ան նաեւ անոնց պատմեց որթատունկին առակը, ինչպէս որ նկատի առինք նախորդ յօդուածին մէջ։ Այսպիսով, զանոնք քաջալերեց որ շարունակեն ‘շատ պտուղ բերել’, այսինքն՝ շարունակեն Թագաւորութեան պատգամը քարոզել (Յովհ. 15։8

2 Յիսուս իր աշակերտներուն ոչ միայն ըսաւ որ ի՛նչ պէտք է ընեն, հապա նաեւ թէ ինչո՛ւ պէտք է ընեն զայն։ Պատճառներ տուաւ անոնց, թէ ինչո՛ւ պէտք է շարունակեն քարոզել։ Մեզի համար կարեւոր է որ այդ պատճառները մեր միտքը պահենք, որպէսզի կարենանք շարունակել «բոլոր ազգերուն վկայութիւն» տալ (Մատ. 24։13, 14)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք քարոզելու չորս պատճառներ։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք Եհովային կողմէ չորս նուէրներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ շարունակենք պտուղ տալ։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՓԱՌՔ ԿԸ ԲԵՐԵՆՔ

3. ա) Քարոզելու ի՞նչ պատճառ կայ Յովհաննէս 15։8–ին մէջ։ բ) Յիսուսի առակին մէջի խաղողը ի՞նչ կը ներկայացնէ, եւ այս բաղդատութիւնը ինչո՞ւ տեղին է։

3 Քարոզելու ամէնէն կարեւոր պատճառն է՝ Եհովային փառք բերել եւ իր անունը սրբացնել (կարդա՛ Յովհաննէս 15։1, 8)։ Յիշէ թէ Յիսուս իր Հայրը նմանցուց մշակի, կամ պարտիզպանի, որ խաղող կը մշակէ։ Ան ինքզինք նմանցուց որթատունկի, իսկ իր հետեւորդները՝ ճիւղերու (Յովհ. 15։5)։ Ուրեմն առակին մէջ խաղողը կը ներկայացնէ այն պտուղը, որ Յիսուսին աշակերտները կ’արտադրեն, այսինքն՝ իրենց քարոզչութիւնը։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Իմ Հայրս կը փառաւորուի՝ երբ դուք շատ պտուղ բերէք» (ԱԾ)։ Ճիշդ ինչպէս որ լաւ խաղող արտադրող որթատունկը պատիւ կը բերէ մշակին, մենք ալ փառք ու պատիւ կը բերենք Եհովային, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ Թագաւորութեան պատգամը քարոզենք (Մատ. 25։20-23

4. ա) Ինչպէ՞ս կը սրբացնենք Աստուծոյ անունը։ բ) Ի՞նչ կը զգաս գիտնալով որ առանձնաշնորհում ունիս որ Աստուծոյ անունը սրբացնես։

4 Ինչպէ՞ս կը սրբացնենք Աստուծոյ անունը երբ կը քարոզենք։ Չենք կրնար Աստուծոյ անունը աւելի սուրբ դարձնել, քանի որ արդէն բացարձակ առումով սուրբ է։ Բայց նկատի առ թէ Եսայի մարգարէն ինչ ըսաւ. «Միայն զօրքերու Տէրը փառաւորեցէք [«սուրբ նկատեցէք», ՆԱ]» (Եսա. 8։13)։ Աստուծոյ անունը կը սրբացնենք՝ զայն որեւէ ուրիշ անունէ աւելի բարձր նկատելով եւ ուրիշներուն օգնելով որ հասկնան թէ ատիկա սուրբ է (Մատ. 6։9)։ Օրինակ, երբ ուրիշներուն կը սորվեցնենք ճշմարտութիւնը Եհովային հոյակապ յատկութիւններուն մասին եւ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին մասին, անոնց կ’օգնենք որ տեսնեն թէ բոլոր այն գէշ բաները, որ Սատանան խօսած է Եհովային մասին, սուտ են (Ծն. 3։1-5)։ Աստուծոյ անունը կը սրբացնենք նաեւ երբ մարդոց կ’օգնենք, որ գիտնան թէ Եհովան արժանի է «փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու» (Յայտ. 4։10բ)։ Ռուն անունով 16 տարիէ ի վեր ռահվիրայ եղող եղբայր մը կ’ըսէ. «Երախտապարտ կը զգամ գիտնալով որ առիթը ունիմ, որ տիեզերքի Ստեղծիչին համար վկայութիւն տամ։ Ասիկա կը ձգէ որ ուզեմ շարունակել քարոզել»։

ԵՀՈՎԱՆ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ

5. ա) Քարոզելու ի՞նչ պատճառ նշուած է Յովհաննէս 15։9, 10–ին մէջ։ բ) Յիսուս իր աշակերտներուն ինչպէ՞ս օգնեց հասկնալու, թէ տոկալու պէտք պիտի ունենային։

5 Կարդա՛ Յովհաննէս 15։9, 10։ Թագաւորութեան պատգամը քարոզելու երկրորդ պատճառը այն է, թէ սրտանց կը սիրենք Եհովան եւ Յիսուսը (Մար. 12։30. Յովհ. 14։15)։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ ‘իր սիրոյն մէջ հաստատ կենան’։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան գիտէր, որ իր հետեւորդները տոկալու պէտք պիտի ունենային, որպէսզի կարենային ապրիլ որպէս իսկական քրիստոնեաներ։ Իրականութեան մէջ, Յովհաննէս 15։4-10–ին մէջ կը տեսնենք, թէ Յիսուս բազմաթիւ անգամներ գործածեց «կենալ» բառը, որպէսզի իր աշակերտներուն օգնէր հասկնալու, թէ տոկալու պէտք պիտի ունենային։

6. Ինչպէ՞ս կը ցուցնենք որ կ’ուզենք Քրիստոսին սիրոյն մէջ հաստատ կենալ։

6 Ինչպէ՞ս կը ցուցնենք որ կ’ուզենք Քրիստոսին սիրոյն մէջ հաստատ կենալ եւ իր հաճութիւնը ունենալ։ Իրեն հնազանդելով։ Յիսուսին խնդրածը բան մըն է, որ ինք անձամբ ըրաւ։ Ան ըսաւ. «Ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ»։ Ան մեզի օրինակ ձգեց (Յովհ. 13։15

7. Ի՞նչ կապ կայ հնազանդութեան եւ սիրոյ միջեւ։

7 Յիսուս յստակացուց որ հնազանդութիւնը կապ ունի սիրոյ հետ, երբ ըսաւ. «Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը» (Յովհ. 14։21)։ Յիսուսին պատուէրները իր Հօրմէն կու գան։ Ուրեմն, երբ Յիսուսին պատուէրին հնազանդելով կը քարոզենք, նաեւ կը ցուցնենք որ Եհովան կը սիրենք (Մատ. 17։5. Յովհ. 8։28)։ Իսկ երբ Եհովային եւ Յիսուսին ցուցնենք, որ զիրենք կը սիրենք, իրենք ալ մեզ իրենց սիրոյն մէջ կը պահեն։

ՄԱՐԴՈՑ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԿՈՒ ՏԱՆՔ

8, 9. ա) Քարոզելու ուրիշ ի՞նչ պատճառ կայ։ բ) Եզեկիէլ 3։18, 19–ին եւ 18։23–ին մէջ Եհովային խօսքերը ինչպէ՞ս մեզ կը մղեն քարոզելու։

8 Քարոզելու երրորդ պատճառը այն է, որ կ’ուզենք մարդոց զգուշացում տալ Եհովային գալիք օրուան նկատմամբ։ Սուրբ Գիրքին մէջ, Նոյ նկարագրուած է որպէս «քարոզիչ» (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։5)։ Ըստ երեւոյթին, Նոյ Ջրհեղեղէն առաջ մարդոց քարոզած ատեն, զանոնք կը զգուշացնէր գալիք կործանումէն։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Նկատէ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ. «Ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան ուշադրութիւն չդարձուցին», ՆԱ]՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։38, 39)։ Թէեւ մարդիկ մտիկ չըրին Նոյին, բայց ան հաւատարմօրէն քարոզելով զգուշացում տուաւ անոնց, ինչպէս որ Եհովան ըսած էր։

9 Ներկայիս, Թագաւորութեան պատգամը կը քարոզենք մարդոց, որպէսզի անոնց առիթ տանք որ գիտնան, թէ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՛նչ է։ Իրապէս կը փափաքինք որ մարդիկ պատգամը մտիկ ընեն ու ‘ապրին’, ինչպէս որ Եհովան կը փափաքի (Եզեկ. 18։23)։ Երբ տունէ տուն եւ հանրային տեղեր կը քարոզենք, մեր կրցածին չափ շատ մարդոց զգուշացում կու տանք, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի գայ եւ այս չար աշխարհը կործանէ (Եզեկ. 3։18, 19. Դան. 2։44. Յայտ. 14։6, 7

ՄԱՐԴԻԿԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ

10. ա) Մատթէոս 22։39–ին մէջ, քարոզելու ի՞նչ պատճառ կայ։ բ) Պատմէ թէ Պօղոսը եւ Շիղան ինչպէ՛ս օգնեցին բանտապետի մը։

10 Քարոզելու չորրորդ պատճառը այն է, թէ մարդիկը կը սիրենք (Մատ. 22։39)։ Այս սէրը մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք քարոզել, քանի որ գիտենք թէ մարդոց կեցուածքը կրնայ փոխուիլ, երբ իրենց պայմանները փոխուին։ Նկատի առ թէ Պօղոսին եւ Շիղային ի՛նչ պատահեցաւ։ Փիլիպպէ քաղաքին մէջ, հակառակորդները զանոնք բանտը նետեցին։ Ետքը՝ կէս գիշերին, երկրաշարժ մը եղաւ եւ բանտին դռները բացուեցան։ Բանտապետը վախցաւ որ բանտարկեալները փախած ըլլան, եւ քիչ մնաց որ անձնասպան ըլլար։ Բայց Պօղոս բարձր ձայնով ըսաւ. «Դուն քու անձիդ վնաս մը մի՛ ըներ»։ Բանտապետը հարցուց. «Ի՞նչ պէտք է ընեմ, որ փրկուիմ»։ Պօղոս եւ Շիղա ըսին. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսին ու պիտի փրկուիք դուն եւ քու տունդ» (Գործք 16։25-34

Կ’ուզենք քարոզել քանի որ Եհովան, Յիսուսը եւ մարդիկը կը սիրենք (տե՛ս պարբերութիւն 5, 10)

11, 12. ա) Բանտապետին պատմութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ քարոզչութեան մասին։ բ) Կ’ուզենք պատրաստ ըլլալ ի՞նչ ընելու։

11 Բանտապետին պատմութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ քարոզչութեան գործին մասին։ Նկատէ թէ երկրաշարժէն ետքն էր որ բանտապետին կեցուածքը փոխուեցաւ եւ օգնութիւն խնդրեց։ Նմանապէս այսօր, ոմանք որ Սուրբ Գիրքին պատգամը չեն ընդունիր, թերեւս իրենց կեցուածքը փոխեն եւ օգնութիւն փնտռեն, երբ ցաւալի դէպք մը պատահի իրենց կեանքին մէջ։ Օրինակ, թաղամասին մէջ ոմանք թերեւս ցնցուած են, քանի որ յանկարծ իրենց գործը կորսնցուցին կամ ամուսնալուծուեցան։ Ուրիշներ թերեւս շատ տխուր են, քանի որ լուրջ հիւանդութեան մը բռնուած են կամ սիրելի մը կորսնցուցած են։ Երբ այսպիսի բաներ պատահին, ոմանք կը սկսին մտածել կեանքի իմաստին մասին, ինչ որ առաջ չէին ըներ։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ հարցնեն. ‘Ի՞նչ պէտք է ընեմ որ փրկուիմ’։ Անոնք թերեւս առաջին անգամ ըլլալով ականջ տան մեր յոյսի պատգամին։

12 Ուրեմն, եթէ հաւատարմօրէն շարունակենք քարոզել, պատրաստ պիտի ըլլանք մարդիկը մխիթարելու, երբ իրենք պատրաստ ըլլան մեր ըսածը ընդունելու (Եսա. 61։1)։ Շարլոթ, որ 38 տարիէ ի վեր լիաժամ կը ծառայէ, կ’ըսէ. «Այսօր, մարդիկ կորսուած են։ Անոնց պէտք է առիթ տրուի բարի լուրը լսելու»։ Էյվար անունով քոյր մը, որ 34 տարիէ ի վեր ռահվիրայ է, կ’ըսէ. «Այսօր մարդիկ որեւէ ժամանակէ աւելի զգացական գետնի վրայ յոգնած են։ Ի՛րապէս կ’ուզեմ անոնց օգնել, եւ այս փափաքս զիս կը մղէ որ քարոզեմ»։ Յստակ է թէ մարդոց հանդէպ սէրը հոյակապ պատճառ մըն է, որ շարունակենք քարոզել։

ՄԵԶԻ ՕԳՆՈՂ ՆՈՒԷՐՆԵՐ

13, 14. ա) Յովհաննէս 15։11–ին մէջ ո՞ր նուէրը նշուած է։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսին ուրախութիւնը ունենալ։ գ) Ուրախութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր ծառայութեան։

13 Յիսուսի մահուան նախորդող գիշերը, ան նաեւ իր առաքեալներուն խօսեցաւ քանի մը նուէրներու մասին, որոնք իրենց պիտի օգնէին որ շարունակեն պտուղ տալ։ Այդ նուէրները ի՞նչ են եւ ինչպէ՞ս կրնան այսօր մեզի օգնել։

14 Ուրախութիւն։ Քարոզելը մեզի համար բե՞ռ է։ Անշուշտ ո՛չ։ Որթատունկին առակը պատմելէ ետք, Յիսուս ըսաւ որ երբ քարոզենք, իր ուրախութիւնը պիտի ունենանք (կարդա՛ Յովհաննէս 15։11)։ Ինչպէ՞ս։ Յիշէ թէ Յիսուս իր առակին մէջ ինքզինք նմանցուց որթատունկի, իսկ իր աշակերտները՝ ճիւղերու։ Այնքան ատեն որ ճիւղերը կապուած են որթատունկին, իրենց պէտք եղած սնունդն ու ջուրը կը ստանան։ Նոյն կերպով, այնքան ատեն որ Յիսուսին հետ միութեան մէջ ենք եւ ուշադրութեամբ կը հետեւինք իր քայլերուն, պիտի ունենանք իր ուրախութիւնը, որ կու գայ Աստուծոյ կամքը կատարելէն (Յովհ. 4։34. 17։13. Ա. Պետ. 2։21)։ Հաննէ, որ աւելի քան 40 տարիէ ի վեր ռահվիրայ քոյր մըն է, կ’ըսէ. «Այն ուրախութիւնը որ միշտ կը զգամ ծառայութենէն ետք, ոյժ կու տայ ինծի որ շարունակեմ Եհովային ծառայել»։ Ուրախութիւնը մեզի զօրութիւն պիտի տայ, որ շարունակենք քարոզել նոյնիսկ ամէնէն դժուար թաղամասերուն մէջ (Մատ. 5։10-12

15. ա) Յովհաննէս 14։27–ին մէջ ի՞նչ նուէր նշուած է։ բ) Խաղաղութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ շարունակենք պտուղ տալ։

15 Խաղաղութիւն (կարդա՛ Յովհաննէս 14։27)։ Յիսուս իր մահուան նախորդող գիշերը իր առաքեալներուն ըսաւ. «Ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի»։ Յիսուսին խաղաղութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի, որ շարունակենք քարոզել։ Երբ կը շարունակենք քարոզել, խաղաղ կը զգանք, քանի որ գիտենք որ Եհովան եւ Յիսուսը կ’ուրախացնենք (Սաղ. 149։4. Հռով. 5։3, 4. Կող. 3։15)։ Ուլֆ, որ 45 տարիէ ի վեր լիաժամ կը ծառայէ, կ’ըսէ. «Քարոզելը կը յոգնեցնէ զիս, բայց իսկական գոհունակութիւն եւ իմաստ կու տայ կեանքիս»։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ մնայուն ներքին խաղաղութիւն կը վայելենք։

16. ա) Յովհաննէս 15։15–ին մէջ ի՞նչ նուէր նշուած է։ բ) Առաքեալները ինչպէ՞ս կրնային Յիսուսին բարեկամը մնալ։

16 Բարեկամութիւն։ Երբ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ, որ կ’ուզէր իրենց ուրախութիւնը «լման ըլլայ», անոնց բացատրեց որ ինչո՛ւ կարեւոր է որ անձնազոհ սէր ցուցնեն (Յովհ. 15։11-13)։ Ետքը, ան ըսաւ. «Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի»։ Յիսուսին բարեկամը ըլլալը ի՜նչ արժէքաւոր նուէր մըն է։ Բայց առաքեալները ի՞նչ պէտք էր ընէին, որպէսզի իր բարեկամը մնային։ Անոնք պէտք էր ‘երթային’ եւ շարունակէին ‘պտուղ բերել’ (կարդա՛ Յովհաննէս 15։14-16)։ Ուրիշ խօսքով, անոնք պէտք էր շարունակէին քարոզել։ Շուրջ երկու տարի առաջ, Յիսուս իր առաքեալներուն ըսած էր. «Երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’» (Մատ. 10։7)։ Այս պատճառով, այդ վերջին գիշերը, Յիսուս զանոնք քաջալերեց որ տոկան քարոզչութեան գործին մէջ (Մատ. 24։13. Մար. 3։14)։ Անշուշտ, իր ըսածը ընելը դիւրին չէր, բայց անոնք կրնայի՛ն յաջողիլ եւ իր բարեկամները մնալ։ Ինչպէ՞ս։ Ուրիշ նուէրի մը օգնութեամբ։

17, 18. ա) Յովհաննէս 15։16–ին մէջ ի՞նչ նուէր նշուած է։ բ) Այդ նուէրը ինչպէ՞ս օգնեց Յիսուսին աշակերտներուն։ գ) Ո՞ր նուէրները մեզ կը զօրացնեն այսօր։

17 Պատասխանուած աղօթքներ։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ անունովս ինչ որ Հօրմէս խնդրէք, ձեզի [պիտի] տայ» (Յովհ. 15։16)։ Այս խոստումը որքա՜ն զօրացուցած ըլլալու էր առաքեալները *։ Անոնք տակաւին լման չէին ըմբռնած, որ Յիսուս մօտ ատենէն պիտի մեռնէր։ Բայց իր մահէն ետք, անոնք երեսէ ձգուած պիտի չըլլային։ Եհովան պատրաստ էր անոնց աղօթքներուն պատասխանելու եւ անոնց օգնելու քարոզչութեան գործին մէջ։ Այդպէս ալ ըրաւ։ Յիսուսին մահուան վրայ շատ չանցած, առաքեալները քաջութիւն խնդրեցին Եհովայէն, եւ ան պատասխանեց իրենց աղօթքներուն (Գործք 4։29, 31

Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կը պատասխանէ, երբ աղօթքով իրմէ օգնութիւն խնդրենք (տե՛ս պարբերութիւն 18)

18 Մեր պարագան ալ նոյնն է։ Մինչ կը շարունակենք պտուղ տալ, Յիսուսին բարեկամութիւնը կը վայելենք։ Եւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան պատրաստ է մեր աղօթքներուն պատասխանելու եւ մեզի օգնելու, երբ քարոզչութեան գործին մէջ դժուարութիւններ կ’ունենանք (Փլպ. 4։13)։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ Եհովան մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ եւ թէ Յիսուս մեր բարեկամն է։ Եհովային տուած այս նուէրները մեզ կը զօրացնեն, որ շարունակենք պտուղ տալ (Յակ. 1։17

19. ա) Ինչո՞ւ կը շարունակենք քարոզել։ բ) Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ տուած գործը լմնցնենք։

19 Այս յօդուածին մէջ նկատի առինք չորս պատճառներ, որ շարունակենք քարոզել՝ Եհովային փառք բերել ու իր անունը սրբացնել, Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ մեր սէրը ցուցնել, մարդոց զգուշացում տալ եւ մարդոց հանդէպ մեր սէրը ցուցնել։ Նաեւ նկատի առինք չորս նուէրներ՝ ուրախութիւն, խաղաղութիւն, բարեկամութիւն եւ պատասխանուած աղօթքներ։ Այս նուէրները մեզ կը զօրացնեն որ լմնցնենք Եհովային տուած գործը։ Եհովան որքա՜ն կ’ուրախանայ երբ կը տեսնէ, թէ սրտանց ջանք կը թափենք որ շարունակենք ‘շատ պտուղ բերել’։

^ պարբ. 17 Առաքեալներուն հետ իր խօսակցութեան ատեն, Յիսուս քանի մը անգամ շեշտեց, որ Եհովան իրենց աղօթքներուն պիտի պատասխանէր (Յովհ. 14։13. 15։7, 16. 16։23