Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թշնամիիդ ո՛վ ըլլալը գիտցիր

Թշնամիիդ ո՛վ ըլլալը գիտցիր

«[Սատանային] խորհուրդները գիտենք» (Բ. ԿՈՐ. 2։11

ԵՐԳԵՐ. 133, 27

1. Եդեմին մէջ, Եհովան ի՞նչ տեղեկութիւն տուաւ մեր թշնամիին մասին։

ԱԴԱՄ անկասկած գիտէր որ օձերը չեն խօսիր։ Ուրեմն, ան գիտցած ըլլալու էր որ օձին միջոցաւ Եւային հետ խօսողը հոգեղէն արարած մըն էր (Ծն. 3։1-6)։ Ադամն ու Եւան գրեթէ բան մը չէին գիտեր այս հոգեղէն արարածին մասին։ Հակառակ ասոր, Ադամ որոշեց այս օտարին միանալով իր կռնակը դարձնել իր սիրալիր երկնաւոր Հօր (Ա. Տիմ. 2։14)։ Եհովան անմիջապէս սկսաւ տեղեկութիւններ տալ այս թշնամիին մասին, եւ խոստացաւ որ ան ի վերջոյ պիտի բնաջնջուէր։ Բայց Եհովան նաեւ զգուշացում տուաւ որ մինչ այդ, այս հոգեղէն արարածը պիտի հակառակէր բոլոր անոնց, որոնք Աստուած կը սիրեն (Ծն. 3։15

2, 3. Հաւանաբար ինչո՞ւ Սատանային մասին շատ մանրամասնութիւններ չեն տրուած Մեսիային գալէն առաջ։

2 Եհովան մեզի բնա՛ւ չէ ըսած, թէ իրեն դէմ ըմբոստացող հրեշտակին անձնական անունը ի՛նչ է *։ Եւ նոյնիսկ այդ թշնամիին նկարագրական անունը չյայտնեց, մինչեւ որ 2500 տարի անցաւ այդ ըմբոստութեան վրայ (Յոբ 1։6)։ Իրականութեան մէջ, Եբրայերէն Գրութիւններուն բնագիրին մէջ միայն երեք գիրքեր՝ Ա. Մնացորդաց, Յոբ եւ Զաքարիա, կը նշեն Սատանայ տիտղոսը, որ կը նշանակէ «Հակառակորդ»։ Ինչո՞ւ համար մեր թշնամիին մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ տրուեցան Մեսիային գալէն առաջ։

3 Եհովան Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ շատ մանրամասնութիւններ չտուաւ Սատանային եւ իր ըրածներուն մասին, հաւանաբար որպէսզի անտեղի կարեւորութիւն չտայ իրեն։ Ի վերջոյ, Եբրայերէն Գրութիւններուն նպատակն էր՝ մարդոց օգնել որ գիտնան թէ Մեսիան ո՛վ է եւ անոր հետեւին (Ղուկ. 24։44. Գաղ. 3։24)։ Երբ Մեսիան եկաւ, Եհովան զինք եւ իր աշակերտները գործածեց, որ շատ աւելի տեղեկութիւններ յայտնէ Սատանային եւ իրեն միացող հրեշտակներուն մասին *։ Ասիկա տեղին է, քանի որ Եհովան Յիսուսը եւ օծեալները պիտի գործածէ, որպէսզի Սատանան եւ իր հետեւորդները կործանէ (Հռով. 16։20. Յայտ. 17։14. 20։9, 10

4. Ինչո՞ւ պէտք չէ չափէ դուրս վախնանք Սատանայէն։

4 Պետրոս առաքեալ Բանսարկու Սատանան կը նկարագրէ որպէս «մռնչող առիւծ», իսկ Յովհաննէս զինք կը կոչէ «օձ» եւ «վիշապ» (Ա. Պետ. 5։8. Յայտ. 12։9)։ Բայց պէտք չկայ չափէ դուրս վախնալու Սատանայէն, քանի որ իր զօրութիւնը սահման ունի (կարդա՛ Յակոբոս 4։7)։ Մենք Եհովային, Յիսուսին եւ հաւատարիմ հրեշտակներուն պաշտպանութիւնը ունինք։ Իրենց օգնութեամբ կրնանք մեր թշնամիին դէմ դնել։ Սակայն պէտք է երեք կարեւոր հարցումներու պատասխանները գիտնանք. Սատանան ո՞ր աստիճան ազդեցութիւն ունի, ինչպէ՞ս կը ջանայ ուրիշներուն ազդել եւ ի՞նչ են այն բաները որ չի կրնար ընել։ Պատասխանենք այս հարցումներուն եւ տեսնենք թէ ի՛նչ դասեր կրնանք սորվիլ։

ՍԱՏԱՆԱՆ Ո՞Ր ԱՍՏԻՃԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ

5, 6. Մարդկային կառավարութիւնները ինչո՞ւ չեն կրնար ընել այն փոփոխութիւնները, որոնց ամէնէն շատ պէտք ունի մարդկութիւնը։

5 Բազմաթիւ հրեշտակներ Սատանային միանալով ըմբոստացան Աստուծոյ դէմ։ Օրինակ, Ջրհեղեղէն առաջ, Սատանան կարգ մը հրեշտակներ մղեց որ անբարոյ յարաբերութիւններ ունենան կիներու հետ։ Ասիկա Սուրբ Գիրքին մէջ այլաբանական կերպով նկարագրուած է, թէ վիշապը երկինքի աստղերուն մէկ երրորդ մասը իր կողմը քաշած է (Ծն. 6։1-4. Յդ. 6. Յայտ. 12։3, 4)։ Երբ այդ հրեշտակները ձգեցին Աստուծոյ ընտանիքը, ինքզինքնին Սատանային իշխանութեան տակ դրին։ Անոնք կազմակերպուած են։ Սատանան իր անտեսանելի կառավարութիւնը հիմնած է, ընդօրինակելով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Ան ինքզինք թագաւոր ըրած է, իսկ դեւերուն հեղինակութիւն տուած է եւ զիրենք կառավարութիւններու բաժնած է, որպէսզի աշխարհին վրայ իշխեն (Եփ. 6։12

6 Սատանան իր կազմակերպութիւնը կը գործածէ, որ բոլոր մարդկային կառավարութիւններուն վրայ իշխէ։ Ասիկա գիտենք, քանի որ Յիսուսին ցուցուց «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները» եւ ըսաւ. «Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ. վասն զի ինծի յանձնուած է եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ զանիկա» (Ղուկ. 4։5, 6)։ Հակառակ Սատանային գէշ ազդեցութեան, շատ մը կառավարութիւններ լաւ բաներ կ’ընեն իրենց հպատակներուն համար, եւ կարգ մը կառավարիչներ անկեղծօրէն կ’ուզեն մարդոց օգնել։ Բայց ո՛չ մէկ մարդկային կառավարութիւն կամ կառավարիչ կրնայ ընել այն փոփոխութիւնները, որոնց ամէնէն շատ պէտք ունի մարդկութիւնը (Սաղ. 146։3, 4. Յայտ. 12։12

7. Սատանան ինչպէ՞ս կառավարութիւններէն զատ նաեւ կը գործածէ սուտ կրօնքը եւ առեւտրական աշխարհը (տե՛ս բացման նկարը)։

7 Սատանան եւ դեւերը նաեւ սուտ կրօնքը եւ առեւտրական աշխարհը կը գործածեն, որ ‘բոլոր աշխարհ մոլորեցնեն’ (Յայտ. 12։9)։ Սատանան սուտ կրօնքին միջոցաւ սուտեր կը տարածէ Եհովային մասին, եւ նոյնիսկ ջանացած է Աստուծոյ անունը մոռցնել տալ կարելի եղածին չափ շատ մարդոց (Եր. 23։26, 27)։ Ասոր արդիւնքը եղած է, որ անկեղծ անհատներ կը պաշտեն դեւերը, կարծելով որ Աստուած կը պաշտեն (Ա. Կոր. 10։20. Բ. Կոր. 11։13-15)։ Սատանան նաեւ առեւտրական աշխարհը գործածելով սուտեր կը տարածէ, ինչպէս այն սուտը, թէ դրամը եւ ստացուածքները ուրախութիւն կու տան (Առ. 18։11)։ Անոնք որոնք այս սուտին կը հաւատան, իրենց կեանքը կ’անցընեն «մամոնային» ծառայելով, փոխանակ Աստուծոյ ծառայելու (Մատ. 6։24)։ Ի վերջոյ, նիւթական բաներու հանդէպ սէրը կրնայ խեղդել Աստուծոյ հանդէպ անոնց ունեցած սէրը (Մատ. 13։22. Ա. Յովհ. 2։15, 16

8, 9. ա) Ի՞նչ երկու դասեր կը սորվինք Ադամէն, Եւայէն եւ ըմբոստ հրեշտակներէն։ բ) Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք գիտնալով թէ Սատանան ո՛ր աստիճան ազդեցութիւն ունի։

8 Առնուազն երկու կարեւոր դասեր կը սորվինք Ադամէն, Եւայէն եւ ըմբոստ հրեշտակներէն։ Առաջին, միայն երկու կողմ կայ՝ Եհովային կողմը եւ Սատանային կողմը, եւ մենք մէկ կողմը պէտք է զատենք (Մատ. 7։13)։ Երկրորդ, Սատանային միացողները միայն սահմանափակ օգուտներ կը ստանան։ Օրինակ, Ադամն ու Եւան առիթ ունեցան որ անձամբ որոշեն թէ ի՛նչն է ճիշդը եւ ի՛նչն է սխալը, իսկ դեւերը որոշ չափով իշխանութիւն ունեցան մարդկային կառավարութիւններուն վրայ (Ծն. 3։22)։ Բայց Սատանային կողմը ըլլալուն օգուտները իսկական չեն, եւ վնասները միշտ շատ աւելի են (Յոբ 21։7-17. Գաղ. 6։7, 8

9 Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք գիտնալով թէ Սատանան ո՛ր աստիճան ազդեցութիւն ունի։ Ատիկա մեզի կ’օգնէ որ ճիշդ աչքով նայինք կառավարութիւններուն եւ մեզ կը մղէ որ քարոզենք։ Գիտենք թէ Եհովան կ’ուզէ որ կառավարութիւնները յարգենք (Ա. Պետ. 2։17)։ Ան նաեւ մեզմէ կ’ակնկալէ որ ատոնց օրէնքներուն հնազանդինք, այնքան ատեն որ իր չափանիշներուն հակառակ չեն (Հռով. 13։1-4)։ Բայց նաեւ գիտենք որ պէտք է չէզոք մնանք եւ թիկունք չկանգնինք որեւէ կուսակցութեան կամ մարդկային կառավարիչի (Յովհ. 17։15, 16. 18։36)։ Իսկ քանի որ կը տեսնենք թէ Սատանան կը ջանայ Եհովային անունը մոռցնել տալ եւ Իր մասին սուտեր տարածել, մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որ մեր Աստուծոյն մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնենք ուրիշներուն։ Հպարտ ենք որ իր անունը կը կրենք եւ կը գործածենք, գիտնալով որ զինք սիրելը աւելի արժէքաւոր է քան՝ դրամ կամ ստացուածքներ սիրելը (Եսա. 43։10. Ա. Տիմ. 6։6-10

ՍԱՏԱՆԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԱԶԴԵԼ

10-12. ա) Սատանան թերեւս ինչպէ՞ս ծուղակը ձգեց կարգ մը հրեշտակներ։ բ) Ի՞նչ դաս կը սորվինք այդ հրեշտակներէն։

10 Սատանան յաջող մեթոտներ կը գործածէ, որպէսզի մարդոց ազդէ։ Օրինակ, որպէսզի իր ուզածը ընել տայ անոնց, ան ատեններ կը գործածէ խայծեր կամ ծուղակներ, իսկ ուրիշ ատեններ ալ կը փորձէ վախցնել զանոնք։

11 Նկատի առ թէ Սատանան որքա՜ն յաջող էր խայծեր գործածելու մէջ, որպէսզի մեծ թիւով հրեշտակներ ծուղակը ձգէր։ Որոշ ժամանակ մը զանոնք սերտած ըլլալու էր, որպէսզի գիտնար թէ ի՛նչ բանով կրնար զանոնք իր կողմը քաշել։ Կարգ մը հրեշտակներ ծուղակը ինկան եւ անբարոյ յարաբերութիւններ ունեցան կիներու հետ։ Անոնք զաւակներ ունեցան, որոնք վայրագօրէն մարդոց վրայ տիրեցին (Ծն. 6։1-4)։ Թերեւս Սատանան ոչ միայն անբարոյութիւնը գործածեց, որ հրեշտակները ծուղակը ձգէ, հապա նաեւ անոնց խոստացաւ որ բոլոր մարդոց վրայ պիտի իշխեն։ Կրնայ ըլլալ որ իր նպատակն էր արգելք ըլլալ ‘կնոջ սերունդին’ գալուն (Ծն. 3։15)։ Բայց Եհովան թոյլ չտուաւ որ Սատանան յաջողի։ Ան Ջրհեղեղը բերելով ջուրը ձգեց Սատանային եւ դեւերուն ծրագիրները։

Սատանային խայծերն են՝ անբարոյութիւն, անպատշաճ հպարտութիւն եւ գերբնական ուժեր (տե՛ս պարբերութիւն 12, 13)

12 Ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ Բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ անբարոյութեան եւ հպարտութեան վտանգը։ Սատանային միացող հրեշտակները շա՜տ երկար տարիներ անցուցած էին Աստուծոյ հետ։ Հակառակ այսքան լաւ միջավայրի մէջ ըլլալուն, հրեշտակներէն շատեր թոյլ տուին որ սխալ ցանկութիւններ արմատ կապեն իրենց սրտին մէջ։ Պէտք է միշտ յիշենք թէ նոյնիսկ մեր հոգեւորապէս մաքուր միջավայրին մէջ, անմաքուր ցանկութիւնները կրնան արմատ կապել, չնայած թէ քանի տարի է որ Եհովային կը ծառայենք (Ա. Կոր. 10։12)։ Այս պատճառով, պէտք է շարունակ քննենք մեր սիրտը եւ մերժենք անբարոյ մտածումներն ու անպատշաճ հպարտութիւնը (Գաղ. 5։26. կարդա՛ Կողոսացիս 3։5

13. Սատանան ուրիշ ի՞նչ յաջող ծուղակ կը գործածէ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ատոր մէջ չիյնալ։

13 Սատանան նաեւ որպէս ծուղակ կը գործածէ՝ գերբնական ուժերուն հանդէպ անհատին հետաքրքրութիւնը։ Ներկայիս, ան կը ջանայ սուտ կրօնքը եւ ժամանցը գործածելով մարդոց հետաքրքրութիւնը արթնցնել դեւերուն հանդէպ։ Ֆիլմերը, ելեկտրոնային խաղերը եւ ուրիշ ժամանցներ հետաքրքրական կերպով կը ներկայացնեն ոգեհարցութիւնը։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս ծուղակին մէջ չիյնալ։ Չենք կրնար ակնկալել, որ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը մեզի ցանկ մը տայ, ըսելով որ ի՛նչ են լաւ եւ գէշ ժամանցները։ Ամէն մէկս պէտք է իր խիղճը մարզէ, որպէսզի Եհովային սկզբունքներուն համաձայն որոշումներ առնէ (Եբ. 5։14)։ Եւ եթէ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը «առանց կեղծաւորութեան» է, իմաստուն որոշումներ պիտի առնենք (Հռով. 12։9)։ Մենք մեզի կրնանք հարցնել. ‘Կը հետեւի՞մ այն սկզբունքներուն, որ ուրիշներուն կ’ըսեմ որ հետեւին։ Աստուածաշունչի աշակերտներս կամ անոնք՝ որոնց կը վերայցելեմ, ի՞նչ պիտի մտածեն, եթէ տեսնեն թէ ի՛նչ ժամանց կ’ընտրեմ’։ Որքան աւելի մեր խօսքերն ու գործերը իրարու համաձայն ըլլան, այնքան աւելի քիչ հաւանականութիւն կ’ըլլայ, որ Սատանային ծուղակներուն մէջ իյնանք (Ա. Յովհ. 3։18

Սատանան կը փորձէ մեզ վախցնել, գործածելով կառավարութեան կողմէ արգիլում, դասընկերներու կողմէ ճնշում եւ ընտանիքին կողմէ հակառակութիւն (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Սատանան թերեւս ինչպէ՞ս փորձէ վախցնել մեզ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք գլուխ ելլել։

14 Սատանան նաեւ կը փորձէ մեզ վախցնել, որպէսզի անհաւատարիմ ըլլանք Եհովային։ Օրինակ, ան կրնայ կառավարութիւնները մղել, որ մեր քարոզչութիւնը արգիլեն։ Ան կրնայ մեր դասընկերները կամ գործակիցները մղել, որ մեզ ծաղր ընեն, քանի որ Սուրբ Գիրքին բարոյական չափանիշներուն կը հետեւինք (Ա. Պետ. 4։4)։ Ան նոյնիսկ կրնայ մեր ընտանիքին անդամները մղել, որ մեզի արգելք ըլլան որ ժողովի երթանք, հակառակ որ իրենց նպատակը գէշ չ’ըլլար (Մատ. 10։36)։ Այս պարագաներուն ի՞նչ կրնանք ընել։ Նախ, պէտք է այսպիսի ուղղակի յարձակումներ ակնկալենք, քանի որ Սատանան մեզի դէմ կը պատերազմի (Յայտ. 2։10. 12։17)։ Ետքը, պէտք է յիշենք որ բուն հարցը ի՛նչ է. Սատանան կ’ըսէ որ մենք Եհովային կը ծառայենք միայն երբ դիւրին է, իսկ երբ պայմանները դժուարանան, մեր կռնակը կը դարձնենք Եհովային (Յոբ 1։9-11. 2։4, 5)։ Եւ պէտք է միշտ Եհովայէն զօրութիւն խնդրենք։ Միտքդ պահէ որ Եհովան բնա՛ւ մեզ երեսէ պիտի չձգէ (Եբ. 13։5

ՍԱՏԱՆԱՆ Ի՞ՆՉ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸՆԵԼ

15. Սատանան կրնա՞յ մեզ ստիպել, որ մեր չուզած բանը ընենք. բացատրէ։

15 Սատանան չի կրնար մարդիկը ստիպել, որ իրենց չուզած բանը ընեն (Յակ. 1։14)։ Շատեր նոյնիսկ չեն անդրադառնար որ Սատանային կողմն են։ Բայց ճշմարտութիւնը սորվելէ ետք, ամէն մէկը պէտք է որոշէ, թէ որո՛ւն կողմը պիտի ըլլայ. Եհովայի՞ն թէ ոչ Սատանային (Գործք 3։17. 17։30)։ Եթէ վճռած ենք Աստուծոյ հնազանդիլ, Սատանան չի կրնար մեզ անհաւատարիմ դարձնել (Յոբ 2։3. 27։5

16, 17. ա) Սատանան եւ դեւերը ուրիշ ի՞նչ չեն կրնար ընել։ բ) Ինչո՞ւ պէտք չունինք վախնալու, որ լսելի կերպով Եհովային աղօթենք։

16 Ուրիշ բաներ ալ կան, որ Սատանան եւ դեւերը չեն կրնար ընել։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքին մէջ ո՛չ մէկ տեղ կ’ըսէ, թէ անոնք կրնան մեր միտքը կամ սիրտը կարդալ։ Միայն Եհովան եւ Յիսուսը կրնան ասիկա ընել (Ա. Թագ. 16։7. Մար. 2։8)։ Բայց պէ՞տք է վախնանք որ եթէ խօսինք կամ լսելի կերպով աղօթենք, Սատանան կամ դեւերը կրնան մեր ըսածը լսել եւ զայն մեզի դէմ գործածել։ Պատասխանը «ո՛չ» է։ Ինչո՞ւ։ Այս կէտին մասին մտածէ. մենք չենք վախնար Եհովային ծառայութեան մէջ լաւ բաներ ընելու, պարզապէս քանի որ Սատանան կրնայ տեսնել մեզ։ Նմանապէս, պէտք չէ վախնանք լսելի կերպով աղօթելու, պարզապէս քանի որ Սատանան կրնայ լսել մեզ։ Սուրբ Գիրքը շատ անգամներ կը խօսի Աստուծոյ ծառաներուն մասին, որոնք լսելի կերպով աղօթեցին, եւ բնաւ չէ գրուած որ անոնք վախցան որ Սատանան լսէ զիրենք (Գ. Թագ. 8։22, 23. Յովհ. 11։41, 42. Գործք 4։23, 24)։ Եթէ մեր լաւագոյնը ընենք, որ Եհովային կամքին համաձայն խօսինք եւ գործենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան թոյլ պիտի չտայ, որ Սատանան մնայուն կերպով մեզի վնասէ (կարդա՛ Սաղմոս 34։7

17 Պէ՛տք է մեր թշնամիին ո՛վ ըլլալը գիտնանք, բայց պէտք չունինք իրմէ վախնալու։ Նոյնիսկ մեր անկատար վիճակին մէջ կրնա՛նք Եհովային օգնութեամբ յաղթել Սատանային (Ա. Յովհ. 2։14)։ Եթէ իրեն հակառակ կենանք, պիտի փախչի մեզմէ (Յակ. 4։7. Ա. Պետ. 5։9)։ Այնպէս կ’երեւի թէ ներկայիս Սատանան մասնաւորաբար պատանիներուն վրայ կը յարձակի։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնան անոր դէմ դնել։ Ասիկա նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

^ պարբ. 2 Սուրբ Գիրքին մէջ կարգ մը հրեշտակներու անունները նշուած են (Դատ. 13։18. Դան. 8։16, 17. Ղուկ. 1։19. Յայտ. 12։7)։ Եթէ Եհովան ամէն մէկ աստղի անուն տուած է (Սաղ. 147։4), ուրեմն տրամաբանական է եզրակացնել, որ իր բոլո՛ր հրեշտակներուն ալ անուններ տուած է, մէջը ըլլալով անիկա որ Սատանայ եղաւ։

^ պարբ. 3 Բնագիրին մէջ, «Սատանայ» տիտղոսը 18 անգամ նշուած է Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, իսկ աւելի քան 30 անգամ՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։