Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

2012–ի Նահանգային համաժողովը Նիժնիա Ափշային մէջ, Ուքրանիա

Առատ հունձք

Առատ հունձք

ՅԻՍՈՒՍ գուշակեց որ իր հետեւորդները այս վերջին օրերուն առատ հունձք պիտի ունենային (Մատ. 9։37. 24։14)։ Նկատի առ թէ իր խօսքերը ինչ յատուկ կերպով կը կատարուին Զաքարփաթիա նահանգին մէկ շրջանին մէջ, Ուքրանիա։ Այնտեղ միայն մօտակայ երեք քաղաքներու մէջ կան 50 ժողովքներ եւ աւելի քան 5400 հրատարակիչներ *։ Եւ իրապէս, այս քաղաքներուն ընդհանուր բնակչութեան ամէն 4–էն 1–ը Եհովայի վկայ է։

Ատիկա քարոզելու ի՞նչ տեսակ թաղամաս է։ «Հոս մարդիկ կը յարգեն Աստուածաշունչը, կ’արժեւորեն արդարութիւնը, կապուած են իրենց ընտանիքներուն եւ անկեղծօրէն կը ջանան իրարու օգնել», կ’ըսէ Վասիլէ անունով տեղացի եղբայր մը։ Ան կ’աւելցնէ. «Անոնք միշտ չէ որ մեր հաւատալիքներուն կը համաձայնին։ Բայց երբ Աստուածաշունչէն բան մը ցուցնես իրենց, ուշի–ուշով մտիկ կ’ընեն»։

Անշուշտ, մեր եղբայրներն ու քոյրերը ունին կարգ մը անսովոր դժուարութիւններ, քանի որ կը քարոզեն շրջանի մը մէջ, ուր բնակչութեան մէջ Վկաներուն թիւը շատ է։ Օրինակ, ժողովք մը 134 հրատարակիչ ունի, բայց իր թաղամասին մէջ կան միայն 50 տուներ։ Հրատարակիչները ինչպէ՞ս գլուխ կ’ելլեն այս պարագային հետ։

Շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր կը քարոզեն ուր որ հրատարակիչներու աւելի մեծ պէտք կայ։ «Մեր ժողովքի թաղամասին մէջ ամէն մէկ հրատարակիչին կ’իյնայ երկու տուն», կ’ըսէ Եոնաշ անունով 90 տարեկան եղբայր մը։ «Ես հիմա միայն մեր գիւղին մէջ կը քարոզեմ, քանի որ առողջութիւնս վատթարացաւ, բայց անցեալին կը ճամբորդէի չնշանակուած թաղամաս մը, որ 160 քմ. հեռու կը գտնուի, եւ հունգարերէնով կը քարոզէի»։ Հրատարակիչները զոհողութիւններ կ’ընեն, որպէսզի ուրիշ թաղամասերու մէջ քարոզեն։ «Առտու ժամը 4։00–ին կ’արթննայի, որպէսզի շոգեկառքը չփախցնեմ, եւ կը քարոզէի մինչեւ իրիկուան ժամը 6։00–ը, որ շոգեկառքին վերադառնալու ժամն էր։ Այդպէս կ’ընէի շաբաթը երկու–երեք անգամ», կ’ըսէ Եոնաշ։ Արդեօք ան կը կարծէ՞ թէ իր ջանքերը պարապի էին։ Ո՛չ, ան կ’ըսէ. «Մե՜ծ ուրախութիւն գտայ այդ ծառայութեան մէջ։ Ինծի համար հաճելի էր օգնել ընտանիքի մը, որ կ’ապրէր ուր որ ժողովք չկար, որպէսզի ճշմարտութիւնը գիտնան»։

Անշուշտ, այս շրջանի ժողովքներուն մէջ ո՛չ բոլորը կարելիութիւն ունին երկար հեռաւորութիւններ կտրելու։ Բայց բոլորը՝ մէջը ըլլալով տարեց հրատարակիչները, ջանք կ’ընեն, որ լիովին ծածկեն իրենց ժողովքին թաղամասը։ Այսպիսով, 2017–ին, Յիշատակատօնին ներկայ եղաւ այս երեք քաղաքներուն բնակչութեան կէսը, ինչ որ հրատարակիչներուն թիւին գրեթէ երկու անգամն էր։ Անկասկած, ո՛ւր որ ալ ծառայենք, միշտ շատ ընելիք կայ Տէրոջը գործին մէջ (Ա. Կոր. 15։58

^ պարբ. 2 Այդ քաղաքներն են՝ Հլիպոքի Փոթիք, Սերետնիէ Վոտիանէ եւ Նիժնիա Ափշա։