Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլորս մէկ ըլլանք՝ ինչպէս Եհովան եւ Յիսուսը մէկ են

Բոլորս մէկ ըլլանք՝ ինչպէս Եհովան եւ Յիսուսը մէկ են

‘Կը խնդրեմ որ բոլորն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դուն՝ Հա՛յր, միութեան մէջ ես ինծի հետ’ (ՅՈՎՀ. 17։20, 21, ՆԱ

ԵՐԳԵՐ. 107, 122

1, 2. ա) Առաքեալներուն հետ իր վերջին աղօթքին մէջ Յիսուս ի՞նչ խնդրեց։ բ) Յիսուս հաւանաբար ինչո՞ւ կարեւորութիւն տուաւ միութեան նիւթին։

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ հետ իր վերջին ընթրիքին, Յիսուս կարեւորութիւն տուաւ միութեան նիւթին։ Երբ անոնց հետ կ’աղօթէր, արտայայտուեցաւ թէ կ’ուզէր որ իր աշակերտները մէկ կամ միացած ըլլան, ճիշդ ինչպէս որ ինք եւ իր Հայրը միացած են (կարդա՛ Յովհաննէս 17։20, 21)։ Անոնց միութիւնը յստակօրէն պիտի փաստէր որ Եհովան ղրկած էր Յիսուսը։ Սէրը պիտի ըլլար այն նշանը, թէ Յիսուսին իսկական աշակերտները որոնք են, եւ այդ սէրը զանոնք աւելի պիտի միացնէր իրարու (Յովհ. 13։34, 35

2 Հասկնալի է թէ այդ գիշեր Յիսուս ինչո՛ւ խօսեցաւ միութեան մասին։ Ան նկատած էր թէ իր առաքեալները շատ միացած չէին։ Օրինակ, անոնք վիճեցան թէ «իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի», ինչպէս որ ատկէ առաջ ալ վիճած էին (Ղուկ. 22։24-27. Մար. 9։32, 33)։ Ուրիշ առիթով, Յակոբոս եւ Յովհաննէս Յիսուսէն խնդրած էին որ իր Թագաւորութեան մէջ իրենց կարեւոր տեղեր տայ. մէկը իր աջ կողմը եւ միւսը ձախ կողմը (Մար. 10։35-40

3. ա) Թերեւս ի՞նչ բաներ արգելք եղան, որ Յիսուսին աշակերտները միացած ըլլան։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Բարձր դիրքի հասնելու փափաքը միակ պատճառը չէր, որ Քրիստոսին աշակերտները միացած չըլլային։ Այդ օրերուն մարդիկը իրարմէ բաժնուած էին ատելութեան եւ նախապաշարումին պատճառով։ Աշակերտները պէտք էր այդ զգացումները մէկ կողմ դնէին։ Այժմ նկատի պիտի առնենք հետեւեալ հարցումները. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ նախապաշարումին նկատմամբ, ան ինչպէ՞ս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ մարդոց միջեւ զատողութիւն չդնեն ու իրապէս միացած ըլլան, եւ իր սորվեցուցածները ինչպէ՞ս պիտի օգնեն մեզի որ միացած մնանք։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԵՒ ԻՐ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄ

4. Յիսուս ինչպէ՞ս նախապաշարումի ենթակայ եղաւ։

4 Նոյնիսկ Յիսուս նախապաշարումի ենթակայ եղաւ։ Երբ Փիլիպպոս Նաթանայէլին ըսաւ որ Մեսիան գտած էր, Նաթանայէլ պատասխանեց. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ» (Յովհ. 1։46)։ Ըստ երեւոյթին, ան գիտէր թէ Մեսիան Բեթլեհէմին մէջ պիտի ծնէր, ինչպէս որ Միքիա 5։2–ի մարգարէութիւնը կ’ըսէր։ Ան հաւանաբար մտածեց որ Նազարէթին պէս աննշան քաղաք մը չի կրնար Մեսիային ծննդավայրը ըլլալ։ Ասկէ զատ, Հրէաստանի երեւելի մարդիկը ցած աչքով կը նայէին Յիսուսին, քանի որ Գալիլիայէն էր (Յովհ. 7։52)։ Հրէաստանի բնակիչներէն շատերու կարծիքով, գալիլիացիներէն մարդ չէր ելլեր։ Ուրիշ հրեաներ փորձեցին Յիսուսը վիրաւորել, զինք սամարացի կոչելով (Յովհ. 8։48)։ Սամարացիները էթնիկ եւ կրօնական գետնի վրայ տարբեր էին հրեաներէն։ Թէ՛ Հրէաստանի բնակիչները եւ թէ գալիլիացիները չէին յարգեր սամարացիները եւ կ’անտեսէին զանոնք (Յովհ. 4։9

5. Յիսուսին հետեւորդները ի՞նչ նախապաշարումի զոհ գացին։

5 Հրեայ կրօնականները իրենց ձեռքէն եկածին չափ անարգեցին Յիսուսին հետեւորդներն ալ։ Փարիսեցիները զանոնք կոչեցին՝ «նզովուած» (Յովհ. 7։47-49)։ Անոնք անարժէք եւ հասարակ կը սեպէին բոլոր անոնք, որոնք հրէական կրօնական դպրոցներուն մէջ չէին ուսանած կամ իրենց սովորութիւնները չէին պահեր (Գործք 4։13)։ Յիսուս եւ իր աշակերտները նախապաշարումի զոհ գացին, քանի որ իրենց շուրջինները հպարտ կը զգային իրենց կրօնքով, դիրքով եւ ազգով։ Աշակերտներն ալ նախապաշարումով կը նայէին ուրիշներուն։ Անոնք պէտք էր իրենց մտածելակերպը փոխէին, որպէսզի միացած մնային։

6. Օրինակներ տուր թէ նախապաշարումը ինչպէ՛ս կրնայ ազդել մեզի։

6 Ներկայիս, նախապաշարումով շրջապատուած ենք։ Թերեւս ուրիշներ նախապաշարուած են մեզի հանդէպ, կամ ալ մենք՝ ուրիշներու հանդէպ։ Աւստրալիոյ մէջ ռահվիրայ քոյր մը կը բացատրէ. «Որքա՛ն աւելի կեդրոնանայի բնիկ ժողովուրդին հանդէպ եղած անարդարութեան վրայ,– թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս,– այնքան աւելի կ’ատէի ճերմակամորթները։ Ատելութիւնս ա՛լ աւելի կ’աւելնար երբ մարդիկ գէշ կերպով կը վարուէին ինծի հետ»։ Քանատայէն եղբայր մը կը խոստովանի որ նախապէս ինչպէ՛ս կը զգար. «Համոզուած էի որ ֆրանսախօս ժողովուրդը անգլիախօս ժողովուրդէն գերադաս է, եւ կ’ատէի անգլերէն խօսողները»։

7. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ նախապաշարումին նկատմամբ։

7 Նախապաշարումը կրնայ արմատացած ըլլալ անձին մէջ, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուսի օրերուն էր։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ ատոր նկատմամբ։ Առաջին, ան բնա՛ւ չնախապաշարուեցաւ եւ զատողութիւն չդրաւ մարդոց միջեւ։ Քարոզեց հարուստին ու աղքատին, փարիսեցիին ու սամարացիին, եւ նոյնիսկ մաքսաւորներուն ու մեղաւորներուն։ Երկրորդ, Յիսուս թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով ցուցուց իր աշակերտներուն, որ պէտք չէ վերապահ ըլլան ուրիշներուն հանդէպ, ոչ ալ նախապաշարուած ըլլան։

ՍԷՐ ԵՒ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ

8. Ո՞ր կարեւոր սկզբունքը կը կազմէ մեր միութեան հիմը. բացատրէ՛։

8 Յիսուս կարեւոր սկզբունք մը սորվեցուց, որ մեր միութեան հիմն է։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք ամէնքդ եղբայր էք» (կարդա՛ Մատթէոս 23։8, 9)։ Նախ, «եղբայր» ենք այն առումով որ բոլորս Ադամէն եկած ենք (Գործք 17։26)։ Նաեւ, Յիսուս բացատրեց թէ իր աշակերտները եղբայր–քոյր են, քանի որ Եհովան ընդունած են որպէս իրենց երկնաւոր Հայրը (Մատ. 12։50)։ Ասկէ զատ, անոնք բոլորն ալ հոգեւոր մեծ ընտանիքի մը անդամները դարձած են եւ սիրով ու հաւատքով միացած են։ Ուստի առաքեալները իրենց նամակներուն մէջ հաւատակիցները կը կոչէին եղբայրներ–քոյրեր (Հռով. 1։13. Ա. Պետ. 2։17. Ա. Յովհ. 3։13) *։

9, 10. ա) Հրեաները ինչո՞ւ պատճառ չունէին որ իրենց ազգով հպարտ զգային։ բ) Յիսուս ինչպէ՞ս սորվեցուց որ սխալ է ցած աչքով նայիլ ուրիշ ազգի պատկանող մարդոց (տե՛ս բացման նկարը)։

9 Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ, որ պէտք է եղբայր–քոյրի աչքով նային իրարու, շեշտեց որ պէտք է խոնարհ ըլլան (կարդա՛ Մատթէոս 23։11, 12)։ Ինչպէս որ տեսանք, ատեններ հպարտութիւնը պատճառ եղաւ որ առաքեալները բաժնուած ըլլան։ Նաեւ, մարդիկ հպարտ էին իրենց ազգով։ Բազմաթիւ հրեաներ կը հաւատային որ ուրիշներէն աւելի լաւ են, քանի որ Աբրահամին սերունդէն են։ Բայց Յովհաննէս Մկրտիչ անոնց ըսաւ. «Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել» (Ղուկ. 3։8

10 Յիսուս սորվեցուց թէ սխալ է որ մէկը իր ազգով հպարտ ըլլայ։ Ան ասիկա յստակացուց երբ դպիր մը իրեն հարցուց. «Իմ ընկերս ո՞վ է»։ Յիսուս առակ մը պատմեց սամարացիի մը մասին, որ ազնուութեամբ հոգ տարաւ հրեայ ճամբորդի մը, որ գողերէն ծեծ կերած էր։ Թէեւ հրեաներ անցած էին մարդուն քովէն, բայց չէին օգնած։ Անդին, սամարացին մեղքցաւ եւ օգնեց։ Յիսուս եզրափակեց դպիրին ըսելով, որ սամարացիին պէս ըլլայ (Ղուկ. 10։25-37)։ Ան ցուցուց որ սամարացին կրնայ հրեաներուն սորվեցնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ընկերը սիրել։

11. ա) Աշակերտները ինչո՞ւ պէտք էր զատողութիւն չդնէին մարդոց միջեւ։ բ) Յիսուս այս ուղղութեամբ ինչպէ՞ս օգնեց աշակերտներուն։

11 Յիսուս աշակերտներուն ըսաւ որ քարոզեն «բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Ասիկա ընելու համար, անոնք պէտք էր մէկ կողմ դնէին իրենց հպարտութիւնը եւ նախապաշարումը։ Յիսուս արդէն զիրենք պատրաստած էր այս մեծ նշանակումին համար, անոնց խօսելով օտարներուն ունեցած լաւ յատկութիւններուն մասին։ Օրինակ, ան գոված էր օտար հարիւրապետ մը իր ունեցած հոյակապ հաւատքին համար (Մատ. 8։5-10)։ Իսկ Նազարէթին մէջ, Յիսուս բացատրած էր թէ Եհովան ինչպէ՛ս օգնած էր օտարներուն, ինչպէս՝ Սարեփթայէն եղող փիւնիկեցի որբեւայրին եւ ասորի բորոտ Նէեմանը (Ղուկ. 4։25-27)։ Յիսուս ոչ միայն քարոզեց սամարացի կնոջ մը, հապա նաեւ երկու օր անցուց սամարական քաղաքի մը մէջ, քանի որ այդտեղի մարդիկը հետաքրքրուած էին իր պատգամով (Յովհ. 4։21-24, 40

ԱՌԱՋԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՊԱՅՔԱՐԸ

12, 13. ա) Առաքեալները ինչպէ՞ս հակազդեցին երբ Յիսուս սամարացի կնոջ մը հետ խօսեցաւ (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք որ Յակոբոս եւ Յովհաննէս ամբողջովին չըմբռնեցին Յիսուսին սորվեցուցածը։

12 Առաքեալներուն համար դիւրին չէր նախապաշարումը մէկ կողմ դնել։ Անոնք զարմացան երբ Յիսուս յօժարաբար կը սորվեցնէր սամարացի կնոջ (Յովհ. 4։9, 27)։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս քանի որ հրեայ կրօնական առաջնորդները հանրապէս կիներու հետ չէին խօսեր, եւ վստահաբար պիտի չխօսէին սամարացի կնոջ մը հետ, որ լաւ անուն չունէր։ Առաքեալները Յիսուսին ըսին որ ուտէ, բայց կերակուրը իրեն համար երկրորդական էր։ Իր Հօր կամքն էր որ քարոզէ, նոյնիսկ սամարացի կնոջ, եւ ասիկա կերակուրի պէս էր իրեն համար (Յովհ. 4։31-34

13 Յակոբոս եւ Յովհաննէս չըմբռնեցին այս կարեւոր դասը։ Երբ աշակերտները Յիսուսին հետ Սամարիայէն կ’անցնէին, իրիկունը պառկելու տեղ փնտռեցին սամարական գիւղի մը մէջ։ Բայց սամարացիները մերժեցին։ Յակոբոս եւ Յովհաննէս այնքա՛ն ջղայնացան, որ առաջարկեցին երկինքէն կրակ իջեցնել եւ ամբողջ գիւղը կործանել։ Յիսուս խստութեամբ յանդիմանեց զանոնք (Ղուկ. 9։51-56)։ Անոնք այսքան պիտի ջղայնանայի՞ն, եթէ այս դէպքը պատահէր իրենց ապրած տեղը՝ Գալիլիա։ Հաւանաբար նախապաշարումը կատղեցուց զիրենք։ Կրնայ ըլլալ որ Յովհաննէս ամօթ զգաց իր այս հակազդեցութենէն, երբ յետագային սամարացիներուն քարոզեց եւ անոնցմէ շատեր մտիկ ըրին իրեն (Գործք 8։14, 25

14. Նախապաշարումի պատճառով ելած հարց մը ինչպէ՞ս լուծուեցաւ։

14 Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէէն շատ չանցած, հարց ելաւ որ ժողովքին մէջ զատողութիւն կար։ Երբ եղբայրները ուտելիք կը բաժնէին որբեւայրիներուն, յունախօս որբեւայրիները կ’անտեսուէին (Գործք 6։1)։ Կրնայ ըլլալ որ լեզուի նկատմամբ նախապաշարումը պատճառ դարձաւ այս հարցին։ Առաքեալները շուտով հարցը լուծեցին։ Անոնք եօթը որակեալ եղբայրներ ընտրեցին, որ արդարութեամբ բաժնեն ուտելիքը։ Բոլոր այդ եղբայրները յունական անուն ունէին, ինչ որ մխիթարած ըլլալու էր անտեսուած որբեւայրիները։

15. Պետրոս ինչպէ՞ս սորվեցաւ անաչառ ըլլալ բոլորին հանդէպ (տե՛ս բացման նկարը)։

15 Ք.Ե. 36–ին, Յիսուսին աշակերտները սկսան քարոզել ամէն ազգէ մարդոց։ Ատկէ առաջ, Պետրոս սովորաբար կ’ընկերակցէր միայն հրեաներուն։ Բայց երբ Աստուած յստակ դարձուց որ քրիստոնեաները աչառութիւն պէտք չէ ընեն, ան քարոզեց Կոռնելիոսին, որ հռոմայեցի զինուոր մըն էր (կարդա՛ Գործք 10։28, 34, 35)։ Ատկէ ետք, Պետրոս ժամանակ անցուց ու կերաւ հրեայ չեղող քրիստոնեաներուն հետ։ Բայց տարիներ ետք՝ Անտիոքի մէջ, ան չուզեց ուտել հրեայ չեղող քրիստոնեաներուն հետ (Գաղ. 2։11-14)։ Պօղոս խրատեց Պետրոսը եւ ան ընդունեց խրատը։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Երբ Պետրոս իր առաջին նամակը գրեց Փոքր Ասիոյ քրիստոնեաներուն, թէ՛ հրեայ եւ թէ ոչ–հրեայ, արտայայտուեցաւ թէ որքա՜ն կարեւոր է որ «ամբողջ» եղբայրութիւնը սիրենք (Ա. Պետ. 1։1. 2։17, ՆԱ

16. Առաջին քրիստոնեաները ի՞նչ բանով ճանչցուեցան։

16 Յստակ է որ առաքեալները Յիսուսի օրինակէն սորվեցան, որ սիրեն «ամէն տեսակ մարդիկ» (Յովհ. 12։32, ՆԱ. Ա. Տիմ. 4։10, ՆԱ)։ Անոնք իրենց մտածելակերպը փոխեցին, հակառակ որ ժամանակ առաւ։ Առաջին քրիստոնեաները ճանչցուեցան իրարու հանդէպ իրենց ունեցած սիրով։ Շուրջ 200 թուականին, Տերտուղիանոս հեղինակը գրեց ինչ որ ուրիշներ կ’ըսէին քրիստոնեաներուն մասին. «Անոնք իրար կը սիրեն. . . անոնք պատրաստ են նոյնիսկ մեռնելու իրարու համար»։ Անոնք նոր անձնաւորութիւնը հագնելով՝ սորվեցան հաւասար աչքով նայիլ բոլորին, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան կը նայի (Կող. 3։10, 11

17. Ինչպէ՞ս կրնանք նախապաշարումը մեր սրտէն արմատախիլ ընել. օրինակներ տուր։

17 Թերեւս մեզի հետ ալ ժամանակ առնէ, որ նախապաշարումը մեր սրտէն արմատախիլ ընենք։ Ֆրանսայի մէջ քոյր մը կը բացատրէ. «Եհովան ինծի սորվեցուցած է ի՛նչ ըսել է սիրել, ի՛նչ ըսել է համագործակցիլ, ի՛նչ ըսել է ամէն տեսակ մարդիկ սիրել։ Բայց մինչեւ հիմա կը պայքարիմ նախապաշարումին դէմ, եւ ասիկա ատեններ դժուար է։ Այս պատճառով, միշտ կ’աղօթեմ»։ Սպանիայի մէջ քոյր մը կը նշէ. «Ատեններ, կը պայքարիմ որ որոշ էթնիկ խումբի մը հանդէպ ատելութիւն չունենամ, եւ ընդհանրապէս կը յաջողիմ։ Բայց գիտեմ որ պէտք է շարունակե՛մ պայքարիլ։ Շնորհակալ եմ Եհովայէն որ ինծի տուած է՝ միացած ընտանիքի մը պատկանելու ուրախութիւնը»։ Ամէն մէկս կրնայ անկեղծօրէն իր անձը քննել, թէ արդեօք ինք ալ նախապաշարումի որոշ զգացումներ ունի՞։

ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄԸ ԵՒ ՍԷՐԸ

18, 19. ա) Ի՞նչ պատճառ կայ որ ամէն տեսակ անձ ընդունինք։ բ) Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք ասիկա ընել։

18 Լաւ կ’ըլլայ որ մտքերնիս բերենք, որ բոլորս ժամանակին «օտարացած» էինք, այսինքն՝ Աստուծմէ հեռու էինք (Եփ. 2։12)։ Բայց Աստուած «սիրոյ կապերով» մեզ քաշեց իրեն (Ով. 11։4. Յովհ. 6։44)։ Քրիստոս ալ մեզ ընդունեց. կարծես թէ դուռը բացաւ որ Աստուծոյ ընտանիքին մէկ մասը ըլլանք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։7)։ Ուրեմն, քանի որ Յիսուս քաղցրօրէն մեզ ընդունած է մեր անկատար վիճակին մէջ, պէտք չէ մեր միտքէն անցնի ոեւէ մէկը մերժել։

Եհովայի ծառաները միացած են եւ իրար կը սիրեն, քանի որ «վերին իմաստութիւնը» կը փնտռեն (տե՛ս պարբերութիւն 19)

19 Մինչ այս աշխարհին վերջին կը մօտենանք, բաժանումները, նախապաշարումը եւ ատելութիւնը պիտի շատնան (Գաղ. 5։19-21. Բ. Տիմ. 3։13)։ Բայց մենք որ Եհովային ծառաներն ենք, «վերին իմաստութիւնը» կը փնտռենք, որ մեզի կ’օգնէ անկողմնակալ եւ խաղաղարար ըլլալու (Յակ. 3։17, 18)։ Կ’ուրախանանք երբ ուրիշ երկիրներէ եղող անձերու հետ բարեկամութիւններ կը հաստատենք, անոնց մշակոյթը կ’ընդունինք եւ թերեւս նոյնիսկ անոնց լեզուն կը սորվինք։ Երբ այսպէս կը վարուինք, կը վայելենք «գետի պէս» եղող խաղաղութիւն եւ «ծովուն ալիքներուն պէս» եղող արդարութիւն (Եսա. 48։17, 18

20. Ի՞նչ կը պատահի երբ սէրը կը փոխէ մեր մտածելակերպը եւ զգացումները։

20 Երբ Աւստրալիայէն եղող քոյրը Սուրբ Գիրքը սերտեց, տեսաւ թէ ինչպէ՛ս նախապաշարումի եւ ատելութեան զօրաւոր զգացումները կամաց–կամաց անհետացան։ Սէրը փոխեց իր մտածելակերպը եւ զգացումները։ Քանատացի եղբայրը կ’ըսէ որ այլեւս կը գիտակցի, թէ ընդհանրապէս մարդիկ իրար չճանչնալուն պատճառաւ է որ իրար կ’ատեն, եւ թէ «մարդոց յատկութիւնները կախեալ չեն իրենց ծնած տեղէն»։ Ան նոյնիսկ անգլիախօս քրոջ մը հետ ամուսնացաւ։ Այս օրինակները կը փաստեն, որ սէրը կը յաղթէ նախապաշարումին։ Սէրը մեզ կը միացնէ ամուր կապով մը (Կող. 3։14

^ պարբ. 8 «Եղբայրներ» բառը կրնայ պարփակել ժողովքին քոյրերը։ Պօղոս իր նամակը գրեց Հռոմի «եղբայրներ»ուն, եւ ասիկա վստահաբար պարփակեց քոյրերը, քանի որ կարգ մը քոյրերու անունները յիշեց (Հռով. 16։3, 6, 12Դիտարան–ը ‘եղբայրներ եւ քոյրեր’ կը կոչէ ժողովքին անդամները։