Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլոր իրողութիւնները գիտե՞ս

Բոլոր իրողութիւնները գիտե՞ս

«Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն» (ԱՌ. 18։13

ԵՐԳԵՐ. 43, 116

1, 2. ա) Ի՞նչ կարեւոր կարողութիւն մը պէտք է զարգացնենք, եւ ինչո՞ւ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ԲՈԼՈՐՍ պէտք է զարգացնենք այն կարողութիւնը, որ մեր ստացած տեղեկութիւնները քննենք ու զննենք եւ ճիշդ եզրակացութիւններու հասնինք (Առ. 3։21-23. 8։4, 5)։ Եթէ այս կարողութիւնը չզարգացնենք, Սատանան եւ իր աշխարհը շատ դիւրութեամբ պիտի կարենան մեր մտածումները պղտորել (Եփ. 5։6. Կող. 2։8)։ Անշուշտ, ճիշդ եզրակացութիւններու կը հասնինք միայն եթէ բոլոր իրողութիւնները գիտենք։ Առակաց 18։13–ը կ’ըսէ. «Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն»։

2 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք որ ինչո՛ւ կրնայ դժուար ըլլալ բոլոր իրողութիւնները գիտնալ եւ ճիշդ եզրակացութիւններու հասնիլ։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք սուրբգրային սկզբունքներ եւ օրինակներ, որոնք կրնան մեզի օգնել տեղեկութիւնները ճիշդ կերպով քննելու։

«ԱՄԷՆ ԽՕՍՔԻ» ՄԻ՛ ՀԱՒԱՏԱՐ

3. Ինչո՞ւ պէտք է Առակաց 14։15–ի սկզբունքը գործադրենք (տե՛ս բացման նկարը)։

3 Ներկայիս, լեփլեցուն տեղեկութիւններ կը հասնին մեզի ամէն տեղէ, ըլլա՛յ համացանցէն, հեռատեսիլէն կամ ուրիշ լրատուամիջոցներէ։ Նաեւ թերեւս բազմաթիւ ե–նամակներ, կարճ հաղորդագրութիւններ եւ տեղեկագրութիւններ ստանանք մեր բարեկամներէն։ Թերեւս մեր բարեկամները լաւ նպատակ ունին, բայց կան ուրիշ անհատներ, որոնք դիտմա՛մբ սխալ տեղեկութիւններ կը տարածեն կամ իրողութիւնները կը պղտորեն։ Ուրեմն, պէտք է ուշադիր ըլլանք եւ քննենք մեր լսածները։ Սուրբ Գիրքին ո՞ր սկզբունքը կրնայ մեզի օգնել։ Առակաց 14։15–ը կ’ըսէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ»։

4. ա) Փիլիպպեցիս 4։8, 9–ն ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ մեր կարդալիքները զատենք։ բ) Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ ճշգրիտ տեղեկութիւններ ունենանք (նաեւ տե՛ս « Կարգ մը կարգադրութիւններ, որոնք մեզի կ’օգնեն իրողութիւնները գիտնալու» շրջանակը)։

4 Լաւ որոշումներ առնելու համար պէտք ունինք վստահելի իրողութիւններու։ Ուրեմն պէտք է շատ ուշադրութեամբ ընտրենք մեր կարդալիքները (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։8, 9)։ Պէտք չէ մեր ժամանակը վատնենք՝ լուրերու անվստահելի կայքեր աչքէ անցընելով կամ տարաձայնութիւններ տարածող ե–նամակներ կարդալով։ Մասնաւորաբար կարեւոր է որ հաւատուրացներուն կայքերէն հեռու մնանք, քանի որ անոնց միակ նպատակն է՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատքը տկարացնել եւ ճշմարտութիւնը պղտորել։ Վստահելի չեղող տեղեկութիւնները կը ձգեն որ տկար որոշումներ առնենք։ Բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ, որ սխալ տեղեկութիւնները կրնան զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ մտքիդ եւ սրտիդ վրայ (Ա. Տիմ. 6։20, 21

5. Իսրայէլացիները ի՞նչ սխալ տեղեկութիւն լսեցին, եւ ասիկա ինչպէ՞ս իրենց ազդեց։

5 Սխալ պատմութիւններու հաւատալը ցաւալի արդիւնքներ կրնայ ունենալ։ Օրինակ, նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Մովսէսին ժամանակ, երբ Աւետեաց երկիր ղրկուող 12 լրտեսներէն 10–ն ժխտական տեղեկութիւններ տուին (Թւ. 13։26-34)։ Անոնք իրենց տեսածները մեծցուցին եւ Եհովայի ժողովուրդին սիրտը թուլցուցին (Թւ. 14։1-4)։ Ժողովուրդը ինչո՞ւ յուսահատեցաւ։ Թերեւս անոնք մտածեցին թէ քանի որ լրտեսներուն մեծամասնութիւնը ժխտական բաներ ըսաւ, ուրեմն անոնց ըսածը պէ՛տք է ճիշդ ըլլայ։ Անոնք չուզեցին մտիկ ընել միւս երկու վստահելի լրտեսներուն ըսած լաւ բաները (Թւ. 14։6-10)։ Անոնք նախընտրեցին ժխտական տեղեկութիւնները մտիկ ընել, փոխանակ իրողութիւնները հասկնալու եւ Եհովային վստահելու։ Ի՜նչ անմտութիւն։

6. Ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք, երբ Եհովայի ժողովուրդին մասին ցնցիչ պատմութիւններ լսենք։

6 Մասնաւորաբար ուշադիր պէտք է ըլլանք, երբ Եհովայի ժողովուրդին մասին տեղեկութիւններ կը հասնին մեր ականջին։ Բնաւ մի՛ մոռնար որ Սատանան չարախօսութիւն կ’ընէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն դէմ (Յայտ. 12։10)։ Յիսուս ըսաւ որ հակառակորդները «սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր» պիտի խօսէին մեր վրայ (Մատ. 5։11)։ Եթէ այս զգուշացումը լուրջի առնենք, պիտի չզարմանանք երբ Եհովայի ժողովուրդին մասին ցնցիչ պատմութիւններ լսենք։

7. Ի՞նչ բաներ պէտք է նկատի առնենք առաջ որ ե–նամակներ կամ կարճ հաղորդագրութիւններ ղրկենք։

7 Կը սիրե՞ս ե–նամակներ եւ կարճ հաղորդագրութիւններ ղրկել բարեկամներուդ։ Երբ հետաքրքրական լուր մը տեսնես հեռատեսիլին մէջ կամ յատուկ փորձառութիւն մը լսես, կը զգա՞ս որ լրագրող մըն ես, որ կ’ուզէ զայն շուտով ուրիշներուն պատմել։ Բայց առաջ որ ե–նամակ մը կամ կարճ հաղորդագրութիւն մը ղրկես, դուն քեզի հարցուր. ‘Վստա՞հ եմ որ այս պատմութիւնը ճիշդ է։ Իրողութիւնները գիտե՞մ’։ Եթէ վստահ չես, կրնաս պատճառ ըլլալ որ սուտեր տարածուին եղբայրներուն մէջ։ Ուրեմն, եթէ կասկած ունիս, «Ջնջել» կոճակը սեղմէ, եւ ոչ թէ՝ «Ղրկել» կոճակը։

8. ա) Կարգ մը երկիրներու մէջ հակառակորդները ի՞նչ ըրած են։ բ) Թերեւս ինչպէ՞ս առանց գիտնալու օգնենք հակառակորդներուն։

8 Ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ, թէ ինչո՛ւ վտանգաւոր է առանց մտածելու ե–նամակներ եւ կարճ հաղորդագրութիւններ ղրկել։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեր գործը սահմանափակուած է կամ արգելքի տակ է։ Այսպիսի երկիրներու մէջ, մեր հակառակորդները դիտմամբ այնպիսի պատմութիւններ կը տարածեն, որ վախնանք կամ իրարու չվստահինք։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ։ Գաղտնի ոստիկանութիւնը, որ կը կոչուէր՝ Քը.Կէ.Պէ., տարաձայնութիւններ տարածեց, թէ կարգ մը պատասխանատու եղբայրներ դաւաճանած էին Եհովայի ժողովուրդին *։ Ցաւօք սրտի, շատեր այդ սուտ պատմութիւններուն հաւատացին եւ Եհովային կազմակերպութիւնը ձգեցին։ Յետագային, անոնցմէ շատեր վերադարձան, բայց ուրիշներ՝ ո՛չ։ Անոնք ձգեցին որ այդ սուտ պատմութիւնները կործանեն իրենց հաւատքը (Ա. Տիմ. 1։19)։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի այսպիսի ցաւալի բան մը մեզի չպատահի։ Ժխտական կամ չփաստուած պատմութիւններ մի՛ տարածեր։ Միամիտ մի՛ ըլլար։ Փաստէ որ լսածներդ իրողութիւններ են։

ԿԷՍԿԱՏԱՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

9. Ուրիշ ի՞նչ բան կը դժուարացնէ ճիշդ եզրակացութիւններու հասնիլը։

9 Ատեններ կը լսենք պատմութիւններ, որոնց միայն մէկ մասը ճիշդ է։ Կան ուրիշ պատմութիւններ, որոնք բոլոր իրողութիւնները չեն յայտներ։ Ասոնք կը դժուարացնեն ճիշդ եզրակացութիւններու հասնիլը։ Այն պատմութիւնը, որուն միայն 10 առ հարիւրը ճիշդ է, 100 առ հարիւր անվստահելի է։ Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի չխաբուինք այսպիսի պատմութիւններով (Եփ. 4։14

10. Իսրայէլացիները ինչպէ՞ս քիչ մնաց որ պատերազմէին իրենց եղբայրներուն դէմ, բայց ի՞նչը օգնեց որ չպատերազմին։

10 Նկատի առ թէ Յեսուի օրերուն ի՛նչ պատահեցաւ Յորդանան գետին արեւմտեան կողմը ապրող իսրայէլացիներուն (Յես. 22։9-34)։ Անոնք լսեցին որ Յորդանան գետին արեւելեան կողմը ապրող իսրայէլացիները (Ռուբէնի ցեղը, Գադի ցեղը եւ Մանասէին կէս ցեղը) մեծ զոհասեղան մը շինած էին գետին մօտ։ Պատմութեան այս մասը ճիշդ էր, բայց պատմութիւնը միայն ասիկա չէր։ Այս տեղեկութիւնը ձգեց որ արեւմտեան կողմը ապրող իսրայէլացիները կարծեն, որ իրենց եղբայրները ըմբոստացած էին Եհովային դէմ։ Այս պատճառով, անոնք հաւաքուեցան, որպէսզի անոնց դէմ պատերազմին (կարդա՛ Յեսու 22։9-12)։ Բայց առաջ որ յարձակին, վստահելի մարդիկ ղրկեցին, որպէսզի բոլոր իրողութիւնները գիտնան։ Անոնք ի՞նչ գիտցան։ Արեւելեան կողմը եղող իսրայէլացիները զոհասեղանը չէին շինած չաստուածներու զոհ մատուցանելու համար։ Անոնք որպէս յիշատա՛կ շինած էին զայն, որպէսզի ապագային բոլորը գիտնային, որ իրենք ալ Եհովային հաւատարիմ ծառաներն էին։ Արեւմտեան կողմը գտնուող իսրայէլացիները ուրախացած ըլլալու էին, որ չջարդեցին իրենց եղբայրները, հապա ժամանակ տրամադրեցին որ բոլոր իրողութիւնները գիտնային։

11. ա) Մեմփիբոսթէն ինչպէ՞ս անարդարութիւն կրեց։ բ) Դաւիթ ինչպէ՞ս արդարութեամբ կրնար վարուիլ Մեմփիբոսթէին հետ։

11 Թերեւս օր մը անձամբ մենք ալ անարդարութիւն կրենք, երբ մարդիկ պատմութիւններ տարածեն մեր մասին, որոնց մէկ մասը սխալ է կամ ալ պակաս տեղեկութիւններ ունին։ Տես թէ ի՛նչ պատահեցաւ Մեմփիբոսթէին։ Դաւիթ թագաւոր առատաձեռն գտնուեցաւ իրեն հանդէպ, իրեն վերադարձնելով իր մեծ հօր՝ Սաւուղին, բոլոր արտերը (Բ. Թագ. 9։6, 7)։ Բայց յետագային, Դաւիթ ժխտական բան մը լսեց Մեմփիբոսթէին մասին։ Առանց փաստելու որ տեղեկութիւնը ճիշդ է, Դաւիթ Մեմփիբոսթէին ձեռքէն առաւ բոլոր ունեցածը (Բ. Թագ. 16։1-4)։ Ժամանակ մը ետք, երբ Դաւիթ խօսեցաւ իրեն հետ, անդրադարձաւ որ սխալ ըրած էր, եւ Մեմփիբոսթէին վերադարձուց արտերուն մէկ մասը (Բ. Թագ. 19։24-29)։ Բայց այս անարդարութիւնը կրնա՛ր տեղի չունենալ, եթէ Դաւիթ ժամանակ տրամադրէր, որ բոլոր իրողութիւնները գիտնար, փոխանակ իր ականջին հասած մէկ տեղեկութեան հիման վրայ որոշում առնելու։

12, 13. ա) Յիսուս ի՞նչ ըրաւ երբ մարդիկ սուտեր խօսեցան իր մասին։ բ) Ի՞նչ կրնանք ընել երբ մէկը սուտ մը խօսի մեր մասին։

12 Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ մէկը քու մասիդ սուտեր տարածէ։ Ասիկա պատահեցաւ թէ՛ Յիսուսին եւ թէ Յովհաննէս Մկրտիչին (կարդա՛ Մատթէոս 11։18, 19)։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։ Իր ամբողջ ժամանակն ու կորովը չվատնեց ինքզինք պաշտպանելով, հապա՝ մարդիկը քաջալերեց որ իրողութիւններուն նային, թէ ինք ի՛նչ կ’ընէր եւ ի՛նչ կը սորվեցնէր։ Յիսուս ըսաւ. «Իմաստութիւնը կ’արդարանայ իր գործերով» (Մատ. 11։19, ՆԱ

13 Արժէքաւոր դաս մը կը սորվինք Յիսուսէն։ Ատեններ, թերեւս մարդիկ անարդար կամ քննադատական բաներ ըսեն մեր մասին։ Հաւանաբար ուզենք բան մը ընել, որ մեր անունին հասած վնասը վերցնենք։ Ի՞նչ կրնանք ընել։ Եթէ մէկը սուտ մը խօսի մեր մասին, կրնանք այնպէս մը ապրիլ, որ բոլորը տեսնեն թէ ըսուածը սուտ է։ Ինչպէս որ Յիսուսին օրինակէն կը սորվինք, մեր քրիստոնէական վարքը կրնայ ջնջել սխալ տեղեկութիւնները եւ սուտերը։

ՔՈՒ ԱՆՁԻԴ ՇԱՏ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻ՞Ս

14, 15. Ինչո՞ւ պէտք չէ մեր իմաստութեան վստահինք։

14 Տեսանք թէ ինչպէ՛ս դժուար է վստահելի իրողութիւններ ձեռք ձգելը։ Ուրիշ դժուարութիւն մըն ալ կայ. մեր անկատարութիւնը։ Թերեւս երկա՜ր տարիներէ ի վեր Եհովային կը ծառայենք։ Հաւանաբար մտային կարողութիւն եւ իմաստութիւն զարգացուցած ենք։ Թերեւս ուրիշները կը յարգեն մեզ՝ մեր լաւ դատողութեան համար։ Բայց այս բոլորը կրնա՞ն թակարդ ըլլալ։

15 Ա՛յո. մեր իմաստութեան չափէ դուրս վստահիլը կրնայ թակարդ դառնալ։ Այս պարագային, մեր զգացումներն ու անձնական կարծիքները կրնան իշխել մեր մտածումներուն վրայ։ Թերեւս սկսինք հաւատալ որ մէկ նայուածքով կրնանք պարագան հասկնալ, նոյնիսկ եթէ բոլոր իրողութիւնները չենք գիտեր։ Ասիկա շա՜տ վտանգաւոր է։ Սուրբ Գիրքը մեզի յստակօրէն զգուշացում կու տայ, որ մեր իմաստութեան չվստահինք (Առ. 3։5, 6. 28։26

16. Այս երեւակայական օրինակին մէջ, ի՞նչ պատահեցաւ ճաշարանին մէջ եւ Թոմ ի՞նչ մտածեց։

16 Օրինակ, երեւակայէ որ իրիկուն մը, Թոմ անունով փորձառու երէց մը ճաշարան կ’երթայ եւ հոն կը տեսնէ որ ուրիշ երէց մը՝ Ճոն՝ նստած է կնոջ մը հետ, որ իր կինը չէ։ Թոմ կը տեսնէ որ անոնք շատ ուրախ ժամանակ կ’անցընեն. կը խնդան, կը խօսին եւ փաթթուկ կ’ընեն։ Ան երթալէն աւելի կը մտահոգուի եւ կը սկսի մտածել. ‘Ճոն եւ իր կինը պիտի ամուսնալուծուի՞ն։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ կնոջ, ի՞նչ պիտի ըլլայ զաւակներուն’։ Ան ասկէ առաջ այսպիսի պարագաներ տեսած է։ Եթէ Թոմին տեղը ըլլայիր, ի՞նչ կը զգայիր։

17. Այս օրինակին մէջ, Թոմ ի՞նչ տեղեկացաւ, եւ ասիկա ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։

17 Բայց վայրկեան մը։ Թէեւ Թոմ շուտով եզրակացուց որ Ճոն անհաւատարիմ կը գտնուէր իր կնոջ հանդէպ, բայց արդեօք ան բոլոր իրողութիւնները գիտէ՞ր։ Այդ գիշեր, Թոմ կը հեռաձայնէ Ճոնին եւ կը տեղեկանայ, թէ այդ կինը Ճոնին քոյրն է, որ հեռու տեղէ եկած է։ Անոնք երկա՜ր տարիներէ ի վեր իրար չեն տեսած։ Եւ քանի որ քոյրը միայն քանի մը ժամ պիտի կենար, անոնք հազիւ ճաշ մը ուտելու չափ ժամանակ ունէին։ Իսկ Ճոնին կինը գալու յարմարութիւն չունէր։ Թոմ երկա՜ր շունչ մը առաւ։ Լաւ է որ ան իր սխալ եզրակացութիւնները չէր պատմած մէկու մը։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ Որքա՛ն ալ փորձառութիւն ունենանք Եհովայի ծառայութեան մէջ, տակաւին պէ՛տք է բոլոր իրողութիւնները գիտնանք, որպէսզի ճիշդ եզրակացութեան հասնինք։

18. Ի՞նչը կրնայ պատճառ դառնալ որ հաւատանք եղբօր մը մասին ըսուած գէշ բանի մը։

18 Նաեւ, եթէ անհամաձայնութիւններ ունինք եղբօր մը կամ քրոջ մը հետ, դժուար կ’ըլլայ որ հարցերը ճիշդ կերպով քննենք ու ճիշդ եզրակացութեան հասնինք։ Երբ միշտ կեդրոնանանք անհամաձայնութիւններուն վրայ, թերեւս սկսինք կասկած ունենալ անոր շարժառիթներուն վրայ։ Ետքը, եթէ ժխտական բան մը լսենք անոր մասին, շուտով պիտի ուզենք հաւատալ, հակառակ որ փաստ չկայ։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եթէ թոյլ տանք որ ժխտական զգացումներ ունենանք մեր եղբայրներուն հանդէպ, ասիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ սխալ եզրակացութիւններու հասնինք, որոնք իրողութիւններու վրայ հիմնուած չեն (Ա. Տիմ. 6։4, 5)։ Պէտք չէ թոյլ տանք որ գէշ զգացումները, ինչպէս՝ նախանձը, արմատ կապեն մեր սրտին մէջ։ Բնա՛ւ չմոռնանք որ Եհովան կ’ուզէ, որ մեր եղբայրները սիրենք եւ անոնց սրտանց ներենք (կարդա՛ Եփեսացիս 4։2, 32

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ՄԵԶ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԵՆ

19, 20. ա) Սուրբ Գիրքին ո՞ր սկզբունքները պիտի օգնեն մեզի որ ճիշդ եզրակացութիւններու հասնինք։ բ) Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

19 Ներկայիս, շատ դժուար է վստահելի իրողութիւններ գիտնալը եւ զանոնք ճիշդ կերպով քննելն ու ճիշդ եզրակացութիւններու հասնիլը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ լեցուն տեղեկութիւններ կան, որոնք կէսկատար են կամ ատոնց մէկ մասը սխալ է, ե՛ւ մենք անկատար ենք։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել։ Պէտք է Սուրբ Գիրքին սկզբունքները գիտնանք եւ գործադրենք։ Անոնցմէ մէկն է, որ իրողութիւնները չլսած պատասխան տալը յիմարութիւն ու նախատինք է (Առ. 18։13)։ Ուրիշ սկզբունք մը մեզ կը քաջալերէ, որ մեր լսածին չհաւատանք, առանց փաստելու թէ ճիշդ է (Առ. 14։15)։ Իսկ ուրիշ սկզբունք մը կ’ըսէ թէ պէտք չէ մեր իմաստութեան վստահինք, որքա՛ն ալ փորձառութիւն ունենանք Եհովայի ծառայութեան մէջ (Առ. 3։5, 6)։ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները մեզ պիտի պաշտպանեն, մեզի օգնելով որ մեր ստացած տեղեկութիւնները ճիշդ կերպով քննենք, ճիշդ եզրակացութիւններու հասնինք եւ իմաստուն որոշումներ առնենք։

20 Բայց ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ որ ինչո՛ւ դժուար է հարցի մը իրականութիւնը գիտնալ։ Որպէս մարդ արարած, մենք շուտով հարցերը կը դատենք երեւոյթին հիման վրայ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ո՛ր մարզերուն մէջ թերեւս այս սխալը ընենք եւ թէ ի՛նչը կրնայ օգնել որ չսխալինք։

^ պարբ. 8 Տե՛ս 2004–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ը, էջ 111-112, եւ 2008–ի Տարեգիրք–ը, էջ 133-135 (անգլերէն)։