Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երեւոյթին համեմատ մի՛ դատեր

Երեւոյթին համեմատ մի՛ դատեր

«Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք» (ՅՈՎՀ. 7։24

ԵՐԳԵՐ. 129, 125

1. Եսային ի՞նչ մարգարէացաւ Յիսուսին մասին, եւ ասիկա ինչո՞ւ քաջալերական է։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ մասին Եսայիին տուած մարգարէութիւնը կը քաջալերէ եւ յոյս կու տայ մեզի։ Ան մարգարէացաւ թէ Յիսուս «իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ», եւ թէ «աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ» (Եսա. 11։3, 4)։ Ասիկա ինչո՞ւ քաջալերական է։ Քանի որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ նախապաշարուած են եւ երեւոյթէն կը դատեն իրար։ Իրապէս պէտք ունինք կատարեալ Դատաւորին՝ Յիսուսին, որ բնա՛ւ մեր երեւոյթին համեմատ պիտի չդատէ մեզ։

2. ա) Յիսուս մեզի ի՞նչ պատուիրեց որ ընենք։ բ) Ի՞նչ պիտի քննարկենք այս յօդուածին մէջ։

2 Ամէն օր, մարդոց մասին կարծիքներ կը կազմենք, բայց չենք կրնար հարիւր առ հարիւր ճիշդ կարծիքներ կազմել, քանի որ Յիսուսին պէս կատարեալ չենք։ Մենք կ’ազդուինք մեր աչքերուն տեսածով։ Սակայն Յիսուս ըսաւ. «Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք» (Յովհ. 7։24)։ Յիսուս կ’ուզէ որ իրեն նմանինք եւ երեւոյթէն չդատենք։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք երեք բաներ, որոնք կրնան մեր կարծիքին ազդել. ցեղը կամ ազգութիւնը, հարստութիւնը եւ տարիքը։ Ամէն մէկ պարագային պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Յիսուսին հնազանդիլ եւ երեւոյթին համեմատ չդատել ուրիշները։

ՑԵՂ ԿԱՄ ԱԶԳՈՒԹԻՒՆ

3, 4. ա) Պետրոս ինչո՞ւ սկսաւ ուրիշ աչքով նայիլ հրեայ չեղողներուն (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Եհովան ի՞նչ նոր ճշմարտութիւն մը սորվեցուց Պետրոսին։

3 Երեւակայէ թէ Պետրոս առաքեալին միտքէն ինչե՛ր կ’անցնէին, երբ խնդրուեցաւ որ Կեսարիա երթայ, Կոռնելիոս անունով հրեայ չեղող մէկու մը տունը (Գործք 10։17-29)։ Պետրոս պզտիկութենէն սորված էր, որ հրեայ չեղողները պիղծ են։ Բայց վերջերս իրեն պատահածները ձգեցին որ տարբեր կերպով մտածէ։ Օրինակ, քիչ առաջ ան Աստուծոյ կողմէ տեսիլք մը տեսաւ (Գործք 10։9-16)։ Տեսիլքին մէջ, ան տեսաւ որ անմաքուր անասուններով լեցուն աման մը իջաւ երկինքէն եւ ետքը ձայն մը ըսաւ. «Ելի՛ր, Պետրոս, մորթէ ու կեր»։ Պետրոս հաստատօրէն մերժեց։ Ապա ձայնը ըսաւ. «Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»։ Պետրոս չհասկցաւ թէ ձայնը ի՛նչ կ’ուզէր ըսել։ Ճիշդ այդ պահուն, Կոռնելիոսին ղրկած մարդիկը հասան։ Սուրբ հոգին Պետրոսը մղեց որ անոնց հետ Կոռնելիոսին տունը երթայ։

4 Եթէ Պետրոս երեւոյթին համեմատ դատէր, բնա՛ւ պիտի չմտնէր Կոռնելիոսին տունը։ Հրեաները երբե՛ք չէին մտներ հրեայ չեղողներուն տունը։ Պետրոս ինչո՞ւ մտաւ։ Հակառակ որ նախապաշարուած էր, ան շատ ազդուեցաւ տեսիլքէն եւ սուրբ հոգիին տուած ուղղութենէն։ Կոռնելիոսին մտիկ ընելէ ետք, ան ըսաւ. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։ Այս նոր հասկացողութիւնը Պետրոսին համար հետաքրքրական էր, եւ բոլոր քրիստոնեաներուն պիտի ազդէր։ Ինչպէ՞ս։

5. ա) Եհովան կ’ուզէ որ բոլոր քրիստոնեաները ի՞նչ հասկնան։ բ) Ի՞նչ զգացումներ թերեւս տակաւին ունենանք, նոյնիսկ եթէ ճշմարտութիւնը գիտենք։

5 Եհովան Պետրոսը գործածեց որ բոլոր քրիստոնեաներուն օգնէ, որ հասկնան թէ Ինք անաչառ է։ Եհովային քով կարեւորութիւն չունի թէ ի՛նչ է մեր ցեղը, ազգը կամ լեզուն։ Ոեւէ մէկը որ Աստուծմէ կը վախնայ եւ արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է (Գաղ. 3։26-28. Յայտ. 7։9, 10)։ Անկասկած, արդէն գիտես ասիկա։ Բայց եթէ մեծցած ես երկրի մը կամ ընտանիքի մը մէջ, ուր նախապաշարում ունենալը սովորական է, կրնայ ըլլալ որ տակաւին մէջդ նախապաշարումի հետքեր մնացած են, հակառակ որ թերեւս դուն քեզ կը սեպես որ անաչառ ես։ Նոյնիսկ Պետրոս յետագային աչառութեամբ վարուեցաւ,– ինք որ ուրիշներուն օգնած էր հասկնալու թէ Աստուած անաչառ է (Գաղ. 2։11-14)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսին հնազանդիլ եւ երեւոյթէն չդատել ուրիշները։

6. ա) Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ նախապաշարումը վերցնենք մեր սրտէն։ բ) Երէցի մը տուած տեղեկագրութիւնը ի՞նչ յայտնեց իր մասին։

6 Որպէսզի գիտնանք թէ նախապաշարումի որեւէ զգացում ունի՛նք կամ ոչ, պէտք է մենք մեզ քննենք Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ (Սաղ. 119։105)։ Նաեւ կրնանք բարեկամի մը հարցնել, թէ արդեօք նախապաշարումի հետքեր տեսա՞ծ է մեր մէջ, նոյնիսկ եթէ կը զգանք որ նախապաշարուած չենք (Գաղ. 2։11, 14)։ Թերեւս այդ զգացումները այնքա՛ն սովորական դարձած են մեզի համար, որ չենք զգար թէ նախապաշարուած ենք։ Ասիկա պատահեցաւ երէցի մը։ Ան մասնաճիւղին տեղեկագրութիւն մը գրեց՝ լիաժամ ծառայութեան մէջ եղող զոյգի մը մասին։ Ամուսինը կը պատկանէր էթնիկ խումբի մը, որ ցած աչքով կը դիտուէր մարդոց կողմէ։ Ըստ երեւոյթին, երէցը չէր գիտակցեր որ ինքն ալ նախապաշարուած էր այդ էթնիկ խումբին հանդէպ։ Ան տեղեկագրութեան մէջ շատ լաւ բաներ նշեց ամուսինին մասին, սակայն վերջաւորութեան ըսաւ. «Թէեւ ան [այս ազգութենէն] է, բայց իր վարուելակերպը եւ ապրելակերպը կ’օգնեն ուրիշներուն, որ հասկնան թէ [այս ազգութենէն] եղողները պայման չէ որ աղտոտ ըլլան եւ ցած մակարդակի կեանք մը ունենան, ինչ որ կը բնորոշէ [այս ազգութենէն] շատերը»։ Ուրեմն, որքա՛ն ալ պատասխանատուութիւն ունենանք, պէտք է մեր անձը ուշադրութեամբ քննենք եւ ընդունինք ուրիշին օգնութիւնը, որպէսզի տեսնենք մեր սրտին մէջ մնացած նախապաշարումի հետքերը։ Ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել։

7. Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ լայն կը բանանք մեր սիրտը։

7 Եթէ մեր սիրտը լայն բանանք, սէրը պիտի գրաւէ նախապաշարումին տեղը (Բ. Կոր. 6։11-13)։ Սովորութիւն ունի՞ս որ միայն քու ցեղիդ կամ ազգիդ պատկանող կամ լեզուդ խօսող անհատներուն ընկերակցիս։ Եթէ ա՛յո, ջանա՛ ուրիշներու հետ ալ ժամանակ անցընել։ Կրնաս ուրիշ ենթահողերու պատկանող անձերու հետ ծառայութեան ելլել, կամ ալ զանոնք տունդ հրաւիրել ճաշելու կամ ժամանակ անցընելու համար (Գործք 16։14, 15)։ Այսպիսով, սրտիդ մէջ այնքա՛ն սէր պիտի լեցնես, որ նախապաշարումին տեղ պիտի չմնայ։ Հիմա նկատի առնենք թէ ուրիշ ո՛ր մարզին մէջ թերեւս երեւոյթէն դատենք ուրիշները։

ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆ

8. Ղեւտացւոց 19։15–ը ի՞նչ պարագայ կը նշէ։

8 Թերեւս ուրիշներու մասին կարծիք կազմենք՝ անոնց նիւթական վիճակին հիման վրայ։ Ղեւտացւոց 19։15–ը կ’ըսէ. «Աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը [«հարուստը», ՆԱ] մի՛ շողոքորթէք. ձեր դրացին արդարութիւնով դատեցէ՛ք»։

9. Սողոմոն ի՞նչ ցաւալի իրողութիւն մը ըսաւ, եւ ատիկա ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։

9 Մէկու մը դրամական վիճակը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր տեսակէտին։ Սուրբ հոգին Սողոմոնը մղեց որ այս ցաւալի իրողութիւնը գրէ. «Աղքատը մինչեւ անգամ իր ընկերին ատելի է, բայց հարուստին բարեկամները շատ են» (Առ. 14։20)։ Այս առակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնայ ըլլալ որ փափաքինք բարեկամանալ հարուստ եղբայրներուն հետ, եւ ոչ թէ աղքատ եղբայրներուն հետ։ Ինչո՞ւ շատ վտանգաւոր է ուրիշներուն արժէք տալ՝ անոնց ունեցածներուն կամ չունեցածներուն հիման վրայ։

10. Յակոբոս քրիստոնեաները ի՞նչ խնդիրէ զգուշացուց։

10 Եթէ մեր եղբայրներուն նիւթական վիճակին հիման վրայ դատենք զիրենք, ժողովքին մէջ բաժանումներ կը յառաջացնենք։ Ասիկա առաջին դարու կարգ մը ժողովքներու մէջ պատահեցաւ, եւ Յակոբոս աշակերտ այդ քրիստոնեաները զգուշացուց ատկէ (կարդա՛ Յակոբոս 2։1-4)։ Պէտք չէ ձգենք որ մեր ժողովքին մէջ բաժանումներ ըլլան։ Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի եղբայրներուն մասին կարծիք չկազմենք՝ անոնց նիւթական վիճակին հիման վրայ։

11. Մէկու մը նիւթական վիճակը կ’ազդէ՞ Եհովային հետ իր ունեցած փոխյարաբերութեան. բացատրէ։

11 Պէտք է Եհովայի՛ն աչքով նայինք մեր եղբայրներուն։ Ան անհատը արժէքաւոր կը նկատէ ոչ թէ քանի որ հարուստ է կամ քանի որ աղքատ է։ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը ո՛չ մէկ կապ ունի մեր ունեցածներուն կամ չունեցածներուն հետ։ Ճիշդ է որ Յիսուս ըսաւ որ «հարուստը դժուարաւ պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը», բայց չըսաւ որ անոր մտնելը անկարելի է (Մատ. 19։23)։ Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի աղքատներուդ, վասն զի ձերն է Աստուծոյ թագաւորութիւնը» (Ղուկ. 6։20)։ Բայց ասիկա չնշանակեց որ բոլոր աղքատները Յիսուսին մտիկ պիտի ընէին եւ յատուկ օրհնութիւններ ստանային։ Բազմաթիւ աղքատներ Յիսուսին չհետեւեցան։ Կէտը այն է, որ չենք կրնար դատել թէ մէկը ինչպիսի՛ փոխյարաբերութիւն ունի Եհովային հետ, հիմնուելով իր ունեցած նիւթական բաներուն վրայ։

12. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ ցուցմունքներ կու տայ թէ՛ հարուստներուն եւ թէ աղքատներուն։

12 Ունինք թէ՛ հարուստ եղբայրներ եւ թէ աղքատ եղբայրներ, որոնք բոլորն ալ Եհովան կը սիրեն ու լման սրտով իրեն կը ծառայեն։ Սուրբ Գիրքը հարուստներուն կ’ըսէ, որ «անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ» (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։17-19)։ Միեւնոյն ատեն, Աստուծոյ Խօսքը բոլոր քրիստոնեաները կը զգուշացնէ, որ դրամը չսիրեն,– ըլլա՛ն հարուստ կամ աղքատ (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Եթէ Եհովային աչքով նայինք մեր եղբայրներուն, զանոնք պիտի չդատենք իրենց ունեցածներուն կամ չունեցածներուն հիման վրայ։ Հիմա նկատի առնենք թէ արդեօք կրնա՞նք ուրիշները դատել իրենց տարիքի՛ն հիման վրայ։

ՏԱՐԻՔ

13. Սուրբ Գիրքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ տարիքով մեծերուն հետ յարգանքով վարուելու մասին։

13 Սուրբ Գիրքը շատ անգամ նշած է, որ պէտք է տարիքոտները յարգենք։ Ղեւտացւոց 19։32–ը կ’ըսէ. «Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելի՛ր եւ ծերը պատուէ՝ ու քու Աստուծմէդ վախցի՛ր»։ Առակաց 16։31–ը նմանապէս կ’ըսէ, որ «մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի»։ Իսկ Պօղոս խնդրեց Տիմոթէոսէն, որ տարիքով մեծերը խստօրէն չքննադատէ, հապա՝ զանոնք «հօր մը» տեղ դնէ (Ա. Տիմ. 5։1, 2)։ Թէեւ Տիմոթէոս որոշ չափով հեղինակութիւն ունէր անոնց վրայ, բայց պէտք էր անոնց հետ կարեկցութեամբ եւ յարգանքով վարուէր։

14. Ե՞րբ պէտք կ’ըլլայ որ սրբագրենք անհատ մը, որ տարիքով մեզմէ մեծ է։

14 Բայց ի՞նչ ընել, եթէ տարիքով մեծ մէկը դիտմամբ մեղք կը գործէ կամ Եհովային հաճելի չեղող բան մը կը քաջալերէ։ Եհովան աչք չի գոցեր դիտմամբ մեղք գործողին, նոյնիսկ եթէ տարիքով մեծ է ու յարգուած է։ Նկատէ Եսայի 65։20–ի մէջ եղող սկզբունքը. «Հարիւր տարեկան մեղաւորը անէծքի պիտի հանդիպի»։ Նման սկզբունք մը կը գտնենք Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ (Եզեկ. 9։5-7)։ Ասոր համար, ամէնէն կարեւորը այն է, որ յարգենք «Հինաւուրց»ը՝ Եհովան (Դան. 7։9, 10, 13, 14)։ Այսպիսով, պիտի չքաշուինք պէտք եղած սրբագրութիւնը տալու անհատին, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր տարիքը (Գաղ. 6։1

Երիտասարդ եղբայրները կը յարգե՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15. Երիտասարդ եղբայրները յարգելու մասին ի՞նչ կը սորվինք Պօղոսէն։

15 Ի՞նչ կրնանք ըսել երիտասարդ եղբայրներուն մասին։ Անոնք յարգուելու արժանի չե՞ն։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին գրեց. «Չըլլայ որ մէկը քու երիտասարդութիւնդ անարգէ, հապա դուն օրինակ եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով եւ մաքրութեամբ» (Ա. Տիմ. 4։12)։ Երբ Պօղոս այս խօսքը գրեց, Տիմոթէոս հաւանաբար իր 30–ական տարիքին սկիզբն էր, բայց Պօղոս իրեն ծանր պատասխանատուութիւններ տուած էր։ Դասը ի՞նչ է։ Պէտք չէ երիտասարդները դատենք իրենց տարիքին հիման վրայ։ Լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք թէ նոյնիսկ Յիսուս իր 30–ական տարիքին սկիզբն էր, երբ իր ամբողջ ծառայութիւնը կատարեց։

16, 17. ա) Երէցները ինչպէ՞ս կ’որոշեն, որ եղբայր մը օգնական ծառայ կամ երէց նշանակուելու որակեա՛լ է կամ ոչ։ բ) Անձնական կարծիքները կամ տեղական սովորութիւնները ինչպէ՞ս կրնան հակասել Սուրբ Գիրքին ըսածներուն։

16 Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, մարդիկ ցած աչքով կը նային երիտասարդներուն։ Այս պատճառով, թերեւս կարգ մը երէցներ չյանձնարարեն որակեալ երիտասարդ եղբայրները, որ ծառայեն որպէս օգնական ծառայ կամ երէց։ Բայց լաւ կ’ըլլայ որ բոլոր երէցները յիշեն, թէ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր, թէ մէկը պէտք է որոշ տարիքի մը հասած ըլլայ, որպէսզի նշանակուի օգնական ծառայ կամ երէց (Ա. Տիմ. 3։1-10, 12, 13. Տիտ. 1։5-9)։ Եթէ երէց մը իր մշակոյթին համաձայն կանոն մը դնէ այս կէտին շուրջ, Աստուծոյ Խօսքին հետեւած չ’ըլլար։ Երէցները պէտք չէ երիտասարդ եղբայրները դատեն՝ իրենց անձնական կարծիքներուն կամ տեղական սովորութիւններուն հիման վրայ, հապա՝ Աստուծոյ Խօսքին չափանիշներուն հիման վրայ (Բ. Տիմ. 3։16, 17

17 Եթէ երէցները Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն հետեւելու տեղ իրենց մշակոյթին հետեւին, կրնայ ըլլալ որ արգելք ըլլան որ որակեալ եղբայրները նշանակուին որպէս օգնական ծառայ կամ երէց։ Երկրի մը մէջ, օգնական ծառայ մը ծանր պատասխանատուութիւններ շալկած էր։ Թէեւ երէցները համաձայն էին, որ ան երէց ըլլալու սուրբգրային որակումները ունէր, բայց չյանձնարարեցին զինք։ Տարիքոտ երէցներ ըսին որ ան երիտասարդ ըլլալով՝ երէցի երեւոյթ չունէր։ Ցաւօք սրտի, այդ եղբայրը երէց չնշանակուեցաւ, պարզապէս իր երեւոյթին պատճառով։ Այնպէս կը թուի թէ աշխարհի շատ մը շրջաններուն մէջ, այս մտայնութիւնը տիրական է։ Որքա՜ն կարեւոր է որ հետեւինք Սուրբ Գիրքին, փոխանակ՝ մեր անձնական կարծիքներուն կամ տեղական սովորութիւններուն։ Միայն այն ատեն է որ Յիսուսին հնազանդած կ’ըլլանք եւ երեւոյթէն դատած չենք ըլլար։

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՏԵՆՔ

18, 19. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ Եհովային աչքով նայինք մեր եղբայրներուն։

18 Թէեւ անկատար ենք, բայց կրնանք սորվիլ անաչառ կերպով նայիլ ուրիշներուն, ինչպէս որ Եհովան կը նայի (Գործք 10։34, 35)։ Սակայն ասիկա ընելու համար պէտք է միշտ ջանք թափենք եւ ականջ տանք Սուրբ Գիրքին յիշեցումներուն։ Զանոնք գործադրելով կը հնազանդինք Յիսուսի պատուէրին, որ ‘աչքի երեւցածին պէս դատաստան չընենք’ (Յովհ. 7։24

19 Մօտ ատենէն, Յիսուս Քրիստոս պիտի դատէ բոլոր մարդիկը ո՛չ թէ իր տեսածին կամ լսածին հիման վրայ, հապա Եհովային արդար չափանիշներուն հիման վրայ (Եսա. 11։3, 4)։ Ատիկա ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլայ։