Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկայնմտութիւն. յոյս ունենալով տոկալ

Երկայնմտութիւն. յոյս ունենալով տոկալ

ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ կեանքը շատ դժուար եղած է այս «վերջին օրեր»ուն մէջ, որեւէ ժամանակէ աւելի երկայնմտութեան պէտք ունինք (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Մեր շուրջի մարդոցմէ շատեր անձնասէր, անհաշտ եւ անժուժկալ են։ Այսպիսի յատկութիւններ ունեցողները ընդհանրապէս երկայնամտութիւն եւ համբերութիւն չեն ունենար։ Այս պատճառով, պէտք է մենք մեզի հարցնենք. ‘Շուրջիններուս պէս ե՞ս ալ երկայնմտութիւն չունիմ։ Ի՞նչ կը նշանակէ իրապէս երկայնամիտ ըլլալ։ Ի՞նչ կրնամ ընել, որպէսզի երկայնմտութիւնը միշտ անձնաւորութեանս մէկ մասը ըլլայ’։

ԵՐԿԱՅՆՄՏՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է

Սուրբ Գիրքին մէջ գործածուած «երկայնմտութիւն» բառը միայն ըսել չէ՝ խնդիրներուն դիմանալ։ Երկայնամիտ անձը կը տոկայ՝ նպատակ մը ունենալով, այսինքն՝ յոյս ունենալով որ վիճակը պիտի լաւանայ։ Ան միայն իր պէտքերուն մասին չի մտածեր, հապա՝ ուրիշներուն լաւութիւնն ալ կը փնտռէ, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք զինք կը նեղացնեն կամ կը վիրաւորեն։ Ան կը շարունակէ յոյս ունենալ, որ իրենց փոխյարաբերութիւնը պիտի բարելաւուի։ Ուրեմն, զարմանալի չէ որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ երկայնմտութիւնը սէրէն կը ծագի (Ա. Կոր. 13։4) *։ Երկայնմտութիւնը նաեւ հոգիին պտուղին մէկ երեսակն է (Գաղ. 5։22, 23)։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի իրապէս երկայնամիտ ըլլանք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԵՐԿԱՅՆԱՄԻՏ ԸԼԼԱԼ

Երկայնամիտ ըլլալու համար պէտք է աղօթքով խնդրենք սուրբ հոգին, որ Եհովան կու տայ իրեն վստահողներուն եւ ապաւինողներուն (Ղուկ. 11։13)։ Ճիշդ է որ սուրբ հոգին շատ զօրաւոր է, բայց մենք ալ պէտք է մեզի ինկածը ընենք եւ մեր աղօթքներուն համաձայն գործենք (Սաղ. 86։10, 11)։ Ասիկա կը նշանակէ որ պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք, որ ամէն օր երկայնմտութեամբ վարուինք եւ զայն մեր անձնաւորութեան մէկ մասը դարձնենք։ Բայց ատեններ թերեւս ձախողինք։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել։

Պէտք է Յիսուսի կատարեալ օրինակը սերտենք եւ ընդօրինակենք։ Երբ Պօղոս առաքեալ խօսեցաւ նոր անձնաւորութեան մասին, որ կը պարփակէ «երկայնմտութիւն», մեզ քաջալերեց՝ ըսելով. «Ձեր սիրտերուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող թագաւորէ» (Կող. 3։10, 12, 15, ՆԹ)։ Որպէսզի այդ խաղաղութիւնը մեր սրտերուն մէջ «թագաւորէ», պէտք է Յիսուսի օրինակին հետեւինք, լման վստահ ըլլալով որ Աստուած իր որոշած ժամանակին պիտի շտկէ մեզ մտահոգող հարցերը։ Եթէ այս վստահութիւնը ունինք, մեր համբերութիւնը պիտի չհատնի, ի՛նչ ալ պատահի մեր շուրջը (Յովհ. 14։27. 16։33

Բոլորս մէկ վայրկեան առաջ կ’ուզենք նոր աշխարհը տեսնել, բայց երբ կը խոկանք թէ Եհովան որքա՜ն երկայնամիտ եղած է մեզի հանդէպ, կը սորվինք աւելի երկայնամիտ ըլլալ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Տէրը չ’ուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։ Ուրեմն, երբ մտածենք մեզի հանդէպ Եհովային ցոյց տուած երկայնամտութեան մասին, մենք ալ աւելի երկայնամիտ պիտի ըլլանք ուրիշներու հանդէպ (Հռով. 2։4)։ Հիմա տեսնենք թէ ո՛ր պարագաներուն երկայնմտութեան պէտք կ’ունենանք։

Ե՞ՐԲ ԵՐԿԱՅՆՄՏՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔ Կ’ՈՒՆԵՆԱՆՔ

Մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ շատ պարագաներ կան, ուր երկայնմտութեան պէտք կ’ունենանք։ Օրինակ, երբ կը կարծես որ ըսելիք կարեւոր բան մը ունիս, պէտք է համբերես, որպէսզի դիմացինին խօսքը չկտրես (Յակ. 1։19)։ Երկայնմտութեան պէտք կ’ունենաս նաեւ երբ մէկու մը բնաւորութենէն ջղագրգիռ կ’ըլլաս։ Փոխանակ չափէ դուրս հակազդելու, լաւ կ’ըլլայ որ յիշես թէ Եհովան եւ Յիսուս ինչպէ՛ս կը հակազդեն մեր տկարութիւններուն։ Անոնք չեն կեդրոնանար մեր պզտիկ սխալներուն վրայ։ Ընդհակառակը, անոնք մեր լաւ յատկութիւնները կը տեսնեն եւ համբերութեամբ կը սպասեն որ բարելաւուինք (Ա. Տիմ. 1։16. Ա. Պետ. 3։12

Նաեւ երկայնմտութեան պէտք կ’ունենանք, երբ մէկը մեզի ըսէ որ սխալ բան մը ըսինք կամ ըրինք։ Թերեւս շուտով առնուինք եւ սկսինք մենք մեզ պաշտպանել։ Բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ պէտք է ուրիշ կերպով հակազդենք. «Երկայնամիտ ոգին հպարտ ոգիէն աղէկ է։ Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի» (Ժող. 7։8, 9)։ Ուրեմն, նոյնիսկ եթէ դիմացինին ըսածը լման սխալ է, պէտք է երկայնամիտ ըլլանք եւ լաւ մտածենք առաջ որ խօսինք։ Յիսուս ճիշդ ասիկա ըրաւ երբ ուրիշներ ծաղր ըրին զինք (Մատ. 11։19

Ծնողները պէտք է երկայնամիտ ըլլան մանաւանդ երբ իրենց զաւակներուն պիտի օգնեն, որ սխալ կեցուածքները կամ ցանկութիւնները շտկեն։ Նկատի առ Մաթիասին օրինակը, որ Սկանտինավիոյ Բեթէլին մէջ կը ծառայէ։ Երբ ան պատանի էր, իր դասընկերները միշտ զինք ծաղր կ’ընէին իր հաւատալիքներուն համար։ Սկիզբը, իր ծնողքը ասկէ տեղեակ չէր։ Բայց ետքը, անոնք նկատեցին որ ան սկսաւ կասկածներ ունենալ իր հաւատալիքներուն վրայ։ Մաթիասին հայրը՝ Եիլիս, կ’ըսէ. «Ես ու կինս պէտք էր շատ երկայնամիտ ըլլայինք այս պարագային մէջ»։ Մաթիաս այսպիսի հարցումներ կը հարցնէր. «Ո՞վ է Աստուած։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Խօսքը չէ։ Ինչպէ՞ս գիտենք որ Աստուա՛ծ է մեզմէ այսինչ կամ այնինչ բանը ուզողը»։ Ան նաեւ իր հօր կը հարցնէր. «Ճի՞շդ է որ մէկը զիս դատէ պարզապէս քանի որ ձեզի պէս չեմ հաւատար»։

Եիլիս կը բացատրէ. «Ատեններ, Մաթիաս ջղայնութեամբ կը հարցնէր իր հարցումները։ Անոր ջղայնութիւնը ինծի կամ կնոջս դէմ չէր, հապա՝ ճշմարտութեա՛ն դէմ, քանի որ իր կարծիքով՝ ատիկա շատ կը դժուարացնէր իր կեանքը»։ Եիլիս ինչպէ՞ս օգնեց իր տղուն։ «Տղուս հետ ժամերով կը նստէինք ու կը խօսէինք։ Ընդհանրապէս իրեն մտիկ կ’ընէի եւ հարցումներ կը հարցնէի, որպէսզի լաւ հասկնամ իր զգացումներն ու կարծիքները։ Ատեններ իրեն բացատրութիւն մը կու տայի եւ կը խնդրէի, որ քանի մը օր մտածէ ատոր մասին, որպէսզի ետքը շարունակենք խօսակցութիւնը։ Ատեններ ալ իրեն կ’ըսէի որ քանի մը օր կ’ուզեմ որ իր ըսածին վրայ մտածեմ։ Այս կանոնաւոր խօսակցութիւնները ձգեցին, որ Մաթիաս սկսի հասկնալ փրկանքին իմաստը, եւ թէ Աստուած մեզ կը սիրէ ու իրաւունքը ունի մեր վրայ իշխելու։ Ասիկա ժամանակ առաւ եւ շատ անգամ դժուար էր, բայց կամաց–կամաց Եհովային հանդէպ իր սէրը աճեցաւ։ Ես ու կինս շատ ուրախ ենք որ մեր երկայնմտութիւնը եւ ջանքերը պարապի չգացին։ Կրցա՛նք մեր տղուն պատանեկութեան շրջանին իրեն օգնել եւ իր սիրտին հասնիլ»։

Եիլիս եւ իր կինը վստահ էին որ Եհովան իրենց պիտի օգնէր, մինչ համբերութեամբ կ’օգնէին իրենց տղուն։ Եիլիս կ’ըսէ. «Շատ անգամ Մաթիասին կ’ըսէի թէ քանի որ զինք շատ կը սիրենք, մեր ամբողջ սրտով կ’աղօթենք որ Եհովան իրեն օգնէ որ հասկնայ»։ Այս ծնողքը որքա՜ն ուրախ է որ երկայնամիտ գտնուեցաւ եւ չյանձնուեցաւ։

Նաեւ երկայնմտութեան պէտք կ’ունենանք, երբ հոգ կը տանինք ընտանիքի անդամի մը կամ բարեկամի մը, որ երկարատեւ հիւանդութիւն մը ունի։ Նկատի առ Էլենին * օրինակը, որ նոյնպէս կ’ապրի Սկանտինավիոյ մէջ։

Շուրջ ութ տարի առաջ, Էլենին ամուսինը երկու անգամ կաթուած ունեցաւ, որոնց պատճառով անոր ուղեղը վնասուեցաւ եւ այլեւս չի կրնար կարեկցութիւն, ուրախութիւն կամ տխրութիւն զգալ։ Այս պարագան շատ դժուար է Էլենին համար։ Ան կ’ըսէ. «Շա՜տ համբերած եմ, եւ շա՜տ աղօթած եմ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Զիս ամէնէն շատ մխիթարող համարը Փիլիպպեցիս 4։13–ն է, որ կ’ըսէ. ‘Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց’»։ Եհովային տուած զօրութեան եւ օգնութեան շնորհիւ, Էլեն երկայնմտութեամբ կը տոկայ (Սաղ. 62։5, 6

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԵՐԿԱՅՆՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

Անշուշտ, Եհովան երկայնամիտ ըլլալու լաւագոյն օրինակն է (Բ. Պետ. 3։15)։ Սուրբ Գիրքին մէջ շատ պատմութիւններ կան, որոնք Եհովային երկայնմտութիւնը կը ցուցնեն (Նէ. 9։30. Եսա. 30։18)։ Կը յիշե՞ս թէ Եհովան ինչպէ՛ս հակազդեց, երբ Աբրահամ շատ մը հարցումներ հարցուց Սոդոմի կործանումին մասին։ Նախ, Եհովան չմիջամտեց մինչ Աբրահամ կը խօսէր։ Ան համբերութեամբ մտիկ ըրաւ Աբրահամին հարցումները եւ մտահոգութիւնները։ Ետքը, Եհովան կրկնեց Աբրահամին մտահոգութիւնները, եւ այսպիսով փաստեց որ իրեն մտիկ ըրած էր։ Եհովան զինք վստահեցուց որ Սոդոմը պիտի չկործանէ եթէ նոյնիսկ միայն տասը արդարներ հոն գտնուին (Ծն. 18։22-33)։ Եհովան միշտ համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ եւ չափէ դուրս չի հակազդեր։

Երկայնմտութիւնը կարեւոր մէկ մասն է նոր անձնաւորութեան, որ բոլոր քրիստոնեաները պէտք է հագուին։ Եթէ մեր լաւագոյնը ընենք որ իրապէս երկայնամիտ ըլլանք, մեր հոգատար եւ երկայնամիտ երկնաւոր Հայրը պատուած կ’ըլլանք եւ կը սեպուինք այն անհատներէն, որոնք ‘հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները կը ժառանգեն’ (Եբ. 6։10-12

^ պարբ. 4 Սիրոյ մասին խօսեցանք այս յօդուածաշարքին առաջին յօդուածին մէջ։

^ պարբ. 15 Անունը փոխուած է։