Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք»

«Երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք»

«Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ» (ՅՈՎՀ. 4։34

ԵՐԳԵՐ. 95, 70

1. Այս աշխարհի անձնասէր հոգին ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր խոնարհութեան։

ԻՆՉՈ՞Ւ համար Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորվածները գործադրելը դիւրին չէ։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ ճիշդը ընելու համար խոնարհութեան պէտք ունինք, եւ խոնարհ մնալը դժուար է այս «վերջին օրեր»ուն մէջ, քանի որ մեր շուրջինները «անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ. . . անժուժկալ» են (Բ. Տիմ. 3։1-3)։ Որպէս Աստուծոյ ծառաներ, գիտե՛նք որ այս վարքը սխալ է, բայց ատեններ թերեւս նախանձինք՝ տեսնելով այսպիսի մարդոց յաջողութիւնը (Սաղ. 37։1. 73։3)։ Թերեւս նոյնիսկ մտածենք. ‘Իրապէս կ’արժէ՞ որ առաջ ուրիշին շահը փնտռեմ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մարդոց յարգանքը կորսնցնեմ եթէ խոնարհութեամբ վարուիմ’ (Ղուկ. 9։48)։ Եթէ ձգենք որ այս աշխարհի անձնասէր հոգին մեզի ազդէ, կրնանք վնասել այն լաւ փոխյարաբերութիւններուն, որ եղբայրներուն հետ ունինք, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն համար դժուար կ’ըլլայ, որ զատորոշեն թէ ճշմարիտ քրիստոնեաներ ենք։ Բայց երբ Աստուծոյ խոնարհ ծառաներուն մասին սերտենք եւ զանոնք ընդօրինակենք, օգուտներ պիտի քաղենք։

2. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն։

2 Անցեալին, ի՞նչը օգնեց Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն, որ իր բարեկամը ըլլան։ Ինչպէ՞ս զինք հաճեցուցին։ Ուրկէ՞ գտան այն ուժը, որ իր կամքը կատարեն։ Երբ անոնց մասին կարդանք ու խոկանք, հոգեւորապէս կը սնուցանուինք։

ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴԸ ՄԻԱՅՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԷ

3, 4. ա) Եհովան ինչպէ՞ս կը խրատէ ու կը մարզէ մեզ։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ հոգեւոր սնունդը միայն գիտութիւն առնել չէ։

3 Մենք շատ մը լաւ խրատներ եւ մարզում կը ստանանք Սուրբ Գիրքէն, մեր հրատարակութիւններէն, մեր կայքէն, JW Հեռատեսիլի կայանէն եւ մեր ժողովներէն ու համաժողովներէն։ Բայց ըստ Յովհաննէս 4։34–ի մէջ գրուած Յիսուսի խօսքին, հոգեւոր սնունդը միայն գիտութիւն չի պարփակեր։ Ատիկա ուրիշ ի՞նչ կը պարփակէ։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ»։

4 Յիսուսին համար հոգեւոր սնունդը կը պարփակէր՝ Աստուծոյ կամքը ընել։ Ասիկա ի՞նչ առումով կերակուրի պէս է։ Սննդարար կերակուրը կը սնուցանէ մեր մարմինը եւ գոհունակութիւն կու տայ մեզի։ Աստուծոյ կամքը ընելն ալ մեզ լաւ կը զգացնէ եւ կը սնուցանէ մեր հաւատքը։ Օրինակ, պատահա՞ծ է որ յոգնած զգալով գացած ես ծառայութեան ժողովի, բայց ծառայութենէն ետք՝ թարմացած եւ աշխոյժ վերադարձած ես տուն։

5. Ինչո՞ւ կ’արժէ ջանք թափել որ իմաստութիւն ունենանք։

5 Իմաստութեամբ վարուած կ’ըլլանք, երբ կ’ընե՛նք ինչ որ Եհովան մեզմէ կը խնդրէ (Սաղ. 107։43)։ Ինչո՞ւ կ’արժէ ջանք թափել իմաստութիւն ունենալու համար։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ. «Քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ. . . Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան» (Առ. 3։13-18)։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք» (Յովհ. 13։17)։ Յիսուսին աշակերտները ուրախ պիտի մնային այնքա՛ն ատեն որ կը շարունակէին իր պատուիրածները ընել։ Յիսուսի սորվեցուցածներուն եւ օրինակին հետեւիլը իրենց ապրելակերպը դարձաւ։

6. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք մեր սորվածները գործադրել։

6 Ներկայիս, մենք ալ պէտք է շարունակենք մեր սորվածները գործադրել։ Օրինակով մը յստակացնենք. մեքենագործ մը կ’ունենայ գործիքներ, ապրանքներ եւ գիտութիւն։ Անոնցմէ օգտուելու համար պէտք է զանոնք գործածէ։ Թերեւս ան երկար տարիներու փորձառութիւն ունի, բայց որպէսզի վարպետ մեքենագործ մնայ՝ պէտք է շարունակէ իր սորվածները գործադրել։ Նմանապէս, սկիզբը երբ ճշմարտութեան ծանօթացանք՝ ուրախ էինք, քանի որ Սուրբ Գիրքին մէջ մեր կարդացածները գործադրեցինք։ Բայց որպէսզի մնայուն ուրախութիւն վայելենք, պէտք է շարունակենք ամէն օր խոնարհութեամբ գործադրել Եհովայի սորվեցուցածները։

7. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի օգտուինք Սուրբ Գիրքի օրինակներէն։

7 Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք կարգ մը պարագաներ, որոնց մէջ խոնարհ մնալը կրնայ դժուար ըլլալ։ Պիտի տեսնենք թէ անցեալին՝ հաւատարիմ անհատներ ինչպէ՛ս խոնարհ մնացին նման պարագաներու մէջ։ Բայց չի բաւեր միայն կարդալ այս տեղեկութիւնները։ Պէտք է մտածես թէ անձամբ ինչպէ՛ս կրնաս ամէն մէկ կէտը գործադրել, եւ ետքը առանց ձգձգելու՝ գործադրէ՛ զանոնք։

ՀԱՒԱՍԱՐ ԱՉՔՈՎ ՆԱՅԷ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ

8, 9. Գործք 14։7-14–էն ի՞նչ կը սորվինք Պօղոսի խոնարհութեան մասին (տե՛ս բացման նկարը)։

8 Աստուծոյ կամքն է որ ամէն տեսակ «մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։4)։ Ի՞նչ աչքով կը նայիս բոլոր այն մարդոց, որոնք տակաւին ճշմարտութիւնը չեն գիտեր։ Ճիշդ է որ Պօղոս առաքեալ քարոզեց հրեաներուն, որոնք արդէն որոշ գիտութիւն ունէին Աստուծոյ մասին, բայց նաեւ քարոզեց չաստուածներ պաշտողներուն։ Մինչ անոնց կը քարոզէր, իր խոնարհութիւնը փորձի ենթարկուեցաւ։ Ինչպէ՞ս։

9 Պօղոսին առաջին միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին, լիկայոնացիները զինք ու Բառնաբասը հերոսներու տեղ դրին, եւ զանոնք կոչեցին իրենց չաստուածներուն անուններով՝ Դիոս եւ Հերմէս։ Պօղոս եւ Բառնաբաս հպարտութեամբ ուռեցա՞ն։ Անոնք սեպեցի՞ն որ ասիկա առիթ մըն է, որ քիչ մը դադար առնեն այն հալածանքէն, որ կրեցին վերջին երկու քաղաքներուն մէջ։ Անոնք մտածեցի՞ն որ այս պատահածը կրնար դուռ բանալ, որ ա՛լ աւելի մարդիկ լսեն բարի լուրը։ Անշուշտ ո՛չ։ Անոնք շատ նեղացան եւ շուտով իրենց հանդերձները պատռելով պոռացին. «Ինչո՞ւ համար այդ բաները կ’ընէք։ Մենք ալ ձեզի պէս կիրք ունեցող մարդիկ ենք» (Գործք 14։7-14

10. Պօղոս եւ Բառնաբաս ինչո՞ւ ինքզինքնին լիկայոնացիներէն գերադաս չզգացին։

10 Երբ Պօղոսն ու Բառնաբասը ըսին որ անոնց պէս մարդ են, ըսել չուզեցին որ իրենց ըրած պաշտամունքը եւ հեթանոսներուն ըրած պաշտամունքը նոյնն են։ Հապա՝ ըսել ուզեցին որ իրենք ալ անկատար են։ Սակայն, չէ՞ որ անոնք Աստուծոյ կողմէ ղրկուած միսիոնարներ էին (Գործք 13։2)։ Չէ՞ որ սուրբ հոգիով օծուած էին եւ հիանալի յոյս մը ունէին։ Բայց ասիկա պատճառ չէր որ ինքզինքնին գերադաս զգային։ Անոնք գիտէին որ լիկայոնացիներն ալ կրնան երկնային յոյսը ունենալ, եթէ բարի լուրը ընդունին։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսին պէս խոնարհ ըլլալ երբ կը քարոզենք։

11 Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսին պէս խոնարհութեամբ վարուիլ։ Կերպերէն մէկն է, որ բնա՛ւ չենք ակնկալեր կամ չենք ընդունիր որ մեզի փառք գայ այն բաներուն համար, որոնք Եհովայի՛ն ուժովը կ’ընենք։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Ի՞նչ աչքով կը նայիմ այն մարդոց, որոնց կը քարոզեմ։ Նախապաշարուա՞ծ եմ որոշ մարդոց հանդէպ, ինչպէս որ միջավայրիս մէջ սովորական է’։ Աշխարհի չորս կողմը, Եհովայի վկաները կը ջանան փնտռել անհատներ, որոնք բարի լուրը մտիկ պիտի ընեն։ Ոմանք նոյնիսկ ջանք կը թափեն որ սորվին այն մարդոց լեզուն եւ սովորութիւնները, որոնց ուրիշներ ցած աչքով կը նային։ Բայց այդ Վկաները բնա՛ւ չեն զգար որ անոնցմէ աւելի լաւ են։ Հապա՝ իւրաքանչիւր անհատ իւրայատուկ նկատելով՝ կը ջանան կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնել Թագաւորութեան պատգամը ընդունելու։

ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒԴ ՄԷՋ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆԸ ՆՇԷ

12. Եպափրաս ինչպէ՞ս ցուցուց որ իրապէս ուրիշներով հետաքրքրուած էր։

12 Մեր խոնարհութիւնը ցոյց տալու ուրիշ կերպ մըն է՝ աղօթել մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որոնք արդէն ‘մեզի հետ նոյն պատուական հաւատքին հասած են’ (Բ. Պետ. 1։1)։ Եպափրաս այդպէս ըրաւ։ Սուրբ Գիրքը զինք միայն երեք անգամ կը նշէ։ Երբ Պօղոս Հռոմի մէջ տնային կալանքի ենթարկուած էր, Կողոսայի քրիստոնեաներուն գրեց թէ Եպափրաս ‘ամէն ատեն աղօթքի մէջ իրենց համար կը ջանար’ (Կող. 4։12)։ Ան լաւ գիտէր եղբայրները եւ խորապէս հետաքրքրուած էր անոնցմով։ Ճիշդ է որ ան Պօղոսին «գերութեան ընկեր»ն էր, այսինքն՝ անձնական խնդիրներ ունէր, բայց ուրիշներուն հոգեւոր պէտքերով ալ հետաքրքրուած էր (Փլմ. 23)։ Ան նաեւ բան մը ըրաւ, որպէսզի անոնց օգնէր։ Իր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար աղօթեց։ Մենք ալ նոյնը կրնանք ընել, նոյնիսկ անոնց անունը նշելով։ Այսպիսի աղօթքներ շատ ազդեցութիւն ունին (Բ. Կոր. 1։11. Յակ. 5։16

13. Ինչպէ՞ս կրնաս Եպափրասը ընդօրինակել երբ կ’աղօթես։

13 Մտածէ այն անհատներուն մասին, որոնց անունը նշելով կրնաս աղօթել։ Շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր կ’աղօթեն իրենց ժողովքին պատկանող այն անհատներուն կամ ընտանիքներուն համար, որոնք ծանր պատասխանատուութիւններ շալկած են, կամ դժուար որոշումի կամ փորձութեան առջեւ են։ Շատեր կ’աղօթեն այն անձերուն համար, որոնց անունները նշուած են jw.org կայքին մէջ՝ «Իրենց հաւատքին համար բանտարկուած Եհովայի վկաներ» յօդուածին մէջ (նայէ՛ NEWSROOM > LEGAL DEVELOPMENTS)։ Նաեւ կրնաս աղօթել այն անհատներուն համար, որոնք սիրելի մը կորսնցուցած են, որոնք վերջերս աղէտէ մը կամ պատերազմէ մը վերապրած են կամ որոնք դրամական նեղութիւն ունին։ Յստակ է թէ բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր կան, որոնք մեր աղօթքներուն պէտք ունին։ Երբ այսպիսի անձերու համար աղօթենք, կը փաստենք որ միայն մեր անձնական շահը չենք փնտռեր, հապա՝ ուրիշներունն ալ (Փլպ. 2։4)։ Եհովան այսպիսի աղօթքներ կը լսէ։

‘ԱՐԱԳ ԵՂԻՐ ԼՍԵԼՈՒ ՄԷՋ’

14. Եհովան ինչպէ՞ս լաւագոյն օրինակն է մտիկ ընելու մէջ։

14 Նաեւ, դիմացինին մտիկ ընելու մեր պատրաստակամութիւնը յայտնի կ’ընէ թէ որքանո՛վ խոնարհ ենք։ Յակոբոս 1։19–ն կ’ըսէ թէ պէտք է ‘արագ ըլլանք լսելու մէջ’։ Եհովան այս մարզին մէջ լաւագոյն օրինակն է (Ծն. 18։32. Յես. 10։14)։ Նկատի առ թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Ելից 32։11-14–ի մէջ գրուած խօսակցութենէն (կարդա՛)։ Թէեւ Եհովան Մովսէսի կարծիքին պէտք չունէր, բայց անոր առիթ տուաւ որ իր զգացումները արտայայտէ։ Ո՞ր մարդ արարածը պատրաստ կ’ըլլայ երկար ժամանակ մտիկ ընելու մէկու մը, որ նախապէս սխալ կերպով մտածած էր, եւ ետքը անոր ըսածը կ’ընէ։ Սակայն Եհովան համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով իրեն կ’աղօթեն։

15. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան ընդօրինակել։

15 Դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ Եհովան այնքա՛ն խոնարհ է, որ պատրաստ է մարդոց մտիկ ընելու, ինչպէս մտիկ ըրաւ Աբրահամին, Ռաքէլին, Մովսէսին, Յեսուին, Մանուէին, Եղիային եւ Եզեկիային, պէտք չէ՞ ես ալ ջանամ նոյնը ընել։ Կրնա՞մ աւելի պատուել բոլոր եղբայրներս, անոնց գաղափարները մտիկ ընելով եւ գործադրելով եթէ կարելիութիւն կայ։ Ժողովքիս մէջ կամ ընտանիքիս մէջ կա՞յ անդամ մը, որուն պէտք է աւելի ուշադրութիւն դարձնեմ։ Իրեն համար ի՞նչ պիտի ընեմ’ (Ծն. 30։6. Դատ. 13։9. Գ. Թագ. 17։22. Բ. Մն. 30։20

«ԹԵՐԵՒՍ ՏԷՐԸ ԻՄ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆՍ ՆԱՅԻ»

Դաւիթ ըսաւ. «Թողուցէ՛ք զանիկա»։ Դո՛ւն ի՞նչ կ’ընէիր (տե՛ս պարբերութիւն 16, 17)

16. Դաւիթ ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ Սեմէի զինք ջղագրգռեց։

16 Խոնարհութիւնը նաեւ մեզի կ’օգնէ, որ ինքնազսպում ունենանք երբ մէկը մեզ ջղագրգռէ (Եփ. 4։2)։ Հոյակապ օրինակ մը կը գտնենք Բ. Թագաւորաց 16։5-13–ին մէջ (կարդա՛)։ Սաւուղ թագաւորին մէկ ազգականը՝ Սեմէի, անարգեց եւ քար նետեց Դաւիթին եւ անոր ծառաներուն վրայ։ Դաւիթ համբերութեամբ տարաւ անոր անարգանքները, հակառակ որ կրնար զինք կեցնել։ Ան ինչպէ՞ս կրցաւ ինքնազսպում ունենալ։ Ասոր պատասխանը կ’առնենք 3–րդ սաղմոսին մէջ։

17. ա) Ի՞նչը օգնեց Դաւիթին որ ինքնազսպում ունենայ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Դաւիթը ընդօրինակել։

17 3–րդ սաղմոսին մակագրութիւնը կը ցուցնէ, թէ Դաւիթ զայն գրեց «իր որդիին Աբիսողոմին երեսէն փախած ժամանակը»։ Ատիկա այն ժամանակն էր, երբ Սեմէին յարձակեցաւ Դաւիթին վրայ, բայց Դաւիթ հանդարտ մնաց։ Ինչպէ՞ս։ Սաղմոս 3։4–ին մէջ Դաւիթ վստահութեամբ կ’ըսէ. «Իմ ձայնովս Տէրոջը կանչեցի ու իր սուրբ լեռնէն ինծի պատասխանեց»։ Մենք ալ կրնանք աղօթել, երբ մէկը մեզ ջղայնացնէ։ Եհովան իր սուրբ հոգին պիտի տայ, ինչ որ կրնայ մեզի օգնել որ տոկանք։ Կրնա՞ս աւելի ինքնազսպում ունենալ կամ աւելի ներողամիտ գտնուիլ, երբ մէկը քեզ ջղայնացնէ։ Այն վստահութիւնը ունի՞ս, որ Եհովան կը տեսնէ նեղութիւնդ եւ պիտի օգնէ ու օրհնէ քեզ։

«ԱՄԷՆ ԲԱՆԻՆ ԳԼՈՒԽԸ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆ Է»

18. Ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք, եթէ շարունակենք Եհովային ցուցմունքներուն հետեւիլ։

18 Երբ ընենք ինչ որ գիտենք որ ճիշդ է, իմաստուն պիտի ըլլանք եւ Եհովան պիտի օրհնէ մեզ։ Զարմանալի չէ որ Առակաց 4։7–ն կ’ըսէ, թէ «ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է»։ Ճիշդ է որ իմաստութիւնը հիմնուած է գիտութեան վրայ, բայց ատիկա միայն ըսել չէ՝ իրողութիւնները գիտնալ ու հասկնալ։ Իմաստութիւնը կը պարփակէ մեր որոշումները։ Նոյնիսկ մրջիւնները իմաստութիւն ցոյց կու տան, իրենց ուտելիքը ամառուընէ պատրաստելով (Առ. 30։24, 25)։ Քրիստոս, որ «Աստուծոյ իմաստութիւնն է», միշտ իր Հօր հաճած բաները կ’ընէ (Ա. Կոր. 1։24. Յովհ. 8։29)։ Աստուած մեզ պիտի վարձատրէ, երբ մենք ալ իմաստութեամբ վարուինք, ընելով ինչ որ գիտենք որ ճիշդ է եւ խոնարհ մնալով (կարդա՛ Մատթէոս 7։21-23)։ Ուրեմն, ժողովքին մէջ խոնարհութեամբ Եհովային ծառայէ։ Այսպիսով, պիտի օգնես որ ժողովքը ըլլայ վայր մը, ուր ուրիշներ ալ պիտի ուզեն խոնարհութեամբ Եհովային ծառայել։ Ճիշդը ընելը ժամանակ կ’առնէ եւ համբերութիւն կ’ուզէ, բայց կը ցուցնէ որ խոնարհ ենք։ Խոնարհութիւնը երջանկութեան կ’առաջնորդէ, թէ՛ հիմա եւ թէ յաւիտեան։