Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարտութիւնը սորվեցնենք

Ճշմարտութիւնը սորվեցնենք

«Ո՛վ Տէր. . . քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է» (ՍԱՂ. 119։159, 160

ԵՐԳԵՐ. 34, 145

1, 2. ա) Ի՞նչը ամէնէն կարեւոր գործն էր Յիսուսի կեանքին մէջ, եւ ինչո՞ւ։ բ) Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ յաջողինք որպէս «Աստուծոյ գործակից»ներ։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ ատաղձագործ էր եւ ուսուցիչ էր (Մար. 6։3. Յովհ. 13։13)։ Ան այս երկուքին մէջ ալ վարպետ էր։ Որպէս ատաղձագործ, ան սորվեցաւ ինչպէ՛ս իր գործիքները գործածել, որպէսզի փայտով գործնական ապրանքներ շինէ։ Որպէս ուսուցիչ, ան Սուրբ Գրութիւններուն իր խորունկ գիտութիւնը վարպետութեամբ գործածեց, որ պարզ ժողովուրդին օգնէ հասկնալու Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները (Մատ. 7։28. Ղուկ. 24։32, 45)։ Երբ 30 տարեկան եղաւ, մէկ կողմ դրաւ իր ատաղձագործութեան գործիքները եւ սկսաւ ծառայել, քանի որ գիտէր թէ ասիկա ամէնէն կարեւոր գործն է։ Ան ըսաւ որ պատճառներէն մէկը, որ Աստուած զինք երկիր ղրկեց, այն է որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզէ (Մատ. 20։28. Ղուկ. 3։23. 4։44)։ Յիսուս ծառայութիւնը իր կեանքին առանցքը դարձուց եւ ուզեց որ ուրիշներն ալ նոյնը ընեն (Մատ. 9։35-38

2 Մեր մեծամասնութիւնը ատաղձագործ չէ, բայց բոլորս կը քարոզենք եւ բարի լուրը կը սորվեցնենք։ Այս գործը այնքան կարեւոր է որ Աստուած ալ պարփակուած է, եւ կը կոչուինք «Աստուծոյ գործակից»ներ (Ա. Կոր. 3։9. Բ. Կոր. 6։4)։ Կը համաձայնինք որ ‘Աստուծոյ խօսքին սկիզբը ճշմարտութիւն է’ (Սաղ. 119։159, 160)։ Այս պատճառով, կ’ուզենք վստահ ըլլալ որ ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ կը բացատրենք’ (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։15)։ Շարունակ կը ջանանք աւելի ատակ ըլլալ Սուրբ Գիրքը գործածելուն մէջ, որ գլխաւոր գործիքն է, որով կը սորվեցնենք Եհովային, Յիսուսին եւ Թագաւորութեան մասին։ Եհովայի կազմակերպութիւնը ուրիշ գործիքներ ալ տուած է, որպէսզի մեզի օգնէ ծառայութեան մէջ յաջող ըլլալու։ Պէտք է այս գործիքներն ալ լաւ ճանչնանք։ Անոնք մեր Ուսուցանելու գործիքներու տուփին մէջն են։

3. ա) Ինչի՞ն վրայ պէտք է կեդրոնանանք մեր ծառայութեան մէջ։ բ) Ըստ Գործք 13։48–ին, որո՞նք պէտք է փնտռենք։

3 Թերեւս մտածես թէ գործիքներու տուփը ինչո՞ւ կոչուած է՝ «Ուսուցանելու գործիքներու տուփ», եւ ոչ թէ՝ «Քարոզելու գործիքներու տուփ»։ Պատճառը այն է, որ «քարոզել» կը նշանակէ՝ պատգամ մը տալ, բայց «ուսուցանել» կը նշանակէ՝ այդ պատգամը հասցնել անհատին մտքին ու սրտին, որպէսզի իր սորվածը գործադրէ։ Վկայելու մնացած կարճ ժամանակուան մէջ պէտք է կեդրոնանանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու եւ ճշմարտութիւնը մարդոց սորվեցնելու վրայ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ պէտք է նախանձախնդրութեամբ փնտռենք բոլոր անոնք, որոնք ‘յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած են’ (ՆԱ), եւ անոնց օգնենք որ սկսին Եհովային ծառայել (կարդա՛ Գործք 13։44-48

4. Ինչպէ՞ս կրնանք գտնել «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» անհատները։

4 Ինչպէ՞ս կրնանք գտնել «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» անհատները։ Ինչպէս որ էր պարագան առաջին դարուն, քարոզելը միակ ձեւն է որ զանոնք գտնենք։ Ուրեմն պէտք է Յիսուսին ըսածը ընենք. փնտռենք թէ ո՛վ է արժանաւորը (Մատ. 10։11)։ Անշուշտ, եթէ մարդիկ անկեղծ չեն, հպարտ են կամ հոգեւոր բաներով չեն հետաքրքրուած, չենք ակնկալեր որ բարի լուրին ընդառաջեն։ Մենք կը փնտռենք անկեղծ եւ խոնարհ անհատները, որոնք ճշմարտութեան ծարաւ ունին։ Այս փնտռտուքը կը նմանի Յիսուսի ըրածին երբ ատաղձագործ էր։ Նախ պէտք էր յարմար փայտը փնտռէր՝ կահկարասի, դուռ, լուծ կամ ուրիշ բաներ շինելու համար։ Ետքը, իր գործիքներու տուփը կը բերէր եւ իր ձիրքերը գործածելով կը շինէր առարկան։ Ներկայիս, մենք ալ նախ պէտք է անկեղծ անհատները փնտռենք, եւ ետքը մեր գործիքներն ու ձիրքերը գործածելով օգնենք անոնց որ Յիսուսին աշակերտը դառնան (Մատ. 28։19, 20

5. Ի՞նչ պէտք է գիտնանք մեր Ուսուցանելու գործիքներու տուփին գործիքներուն մասին. օրինակով մը բացատրէ (տե՛ս բացման նկարները)։

5 Գործիքներու տուփի մը մէջ ամէն մէկ գործիք իր մասնայատուկ գործածութիւնը ունի։ Օրինակ, մտածէ ատաղձագործութեան այն գործիքներուն մասին, որոնք Յիսուս կը գործածէր *։ Ան գործիքներու պէտք ունէր՝ փայտը չափելու եւ ատոր վրայ նշան դնելու համար. փայտը կտրելու, ծակելու եւ ատոր ձեւ տալու համար. եւ փայտի կտորները հաւասարեցնելու, շիտակ կեցնելու եւ հեծցնելու համար։ Նմանապէս, մեր Ուսուցանելու գործիքներու տուփին ամէն մէկ գործիքը իր մասնայատուկ գործածութիւնը ունի։ Ուրեմն, տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք այս կարեւոր գործիքները գործածել։

ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ՝ ՅԱՅՏՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ Ո՛Վ ԸԼԼԱԼԸ

6, 7. ա) Ինչպէ՞ս գործածած ես կայքի քարտերը։ բ) Ժողովի հրաւիրագիրը ի՞նչ երկու նպատակներու կը ծառայէ։

6 Կայքի քարտեր։ Ասոնք պզտիկ գործիքներ են, բայց շատ ազդու են որ մենք մեզ ներկայացնենք մարդոց եւ զանոնք մեր կայքին ուղղենք, ուր կրնան ա՛լ աւելի գիտնալ մեր մասին եւ նոյնիսկ ուսումնասիրութիւն մը խնդրել։ Մինչեւ հիմա, աւելի քան 400,000 ուսումնասիրութիւններ խնդրուած են jw.org կայքին միջոցաւ, եւ ամէն օր հարիւրաւոր ուսումնասիրութիւններ կը խնդրուին։ Կրնաս քովդ քանի մը քարտ ձգել, որպէսզի առիթները օգտագործես մարդոց վկայելու առօրեայ գործունէութիւններուդ ընթացքին։

7 Հրաւիրագիրներ։ Ինչ որ կը կոչենք «ժողովի հրաւիրագիր» երկու նպատակի կը ծառայէ։ Հրաւիրագիրը կ’ըսէ. «Քեզ կը հրաւիրենք Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու Եհովայի վկաներուն հետ»։ Ետքը կ’ըսէ որ կրնաս ասիկա ընել «մեր հանրային ժողովներուն մէջ» կամ «Վկայի մը օգնութեամբ»։ Ուրեմն, այս գործիքը ոչ միայն մարդոց կը յայտնէ մեր ո՛վ ըլլալը, հապա նաեւ կը հրաւիրէ անոնք, որոնք իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից են, Սուրբ Գիրքը սերտելու մեզի հետ (Մատ. 5։3)։ Անշուշտ, մարդիկ կրնան մեր ժողովներուն ներկայ գտնուիլ, նոյնիսկ եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն չընդունին։ Երբ ներկայ գտնուին, պիտի տեսնեն թէ որքա՜ն կրնան սորվիլ Սուրբ Գիրքին մասին։

8. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ մարդիկ գոնէ մէկ անգամ ժողովի գան. օրինակ մը տուր։

8 Կարեւոր է որ շարունակենք մարդիկը հրաւիրել որ գոնէ մէկ անգամ ժողովի գան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ գան, պիտի տեսնեն որ Եհովայի վկաները Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն եւ մարդոց կ’օգնեն որ Աստուած ճանչնան, մինչ սուտ կրօնքները ասոնք չեն ըներ (Եսա. 65։13)։ Տարիներ առաջ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ամուսնացած զոյգ մը՝ Ռէյը եւ Լինտան, ասոր անդրադարձան։ Անոնք որոշեցին որ պէտք է սկսին եկեղեցի երթալ։ Անոնք Աստուծոյ կը հաւատային եւ ուզեցին աւելին գիտնալ իրեն մասին։ Սկսան իրենց քաղաքին մէջ եղող բոլոր եկեղեցիները երթալ մէկ առ մէկ։ Անոնք համաձայնեցան որ այն եկեղեցին, որուն մաս պիտի կազմէին, պէտք էր երկու պահանջներ գոհացնէր։ Առաջին, իրենք պէտք էր բան մը սորվէին եկեղեցիին մէջ, եւ երկրորդ՝ եկեղեցիին անդամներուն հագուածքը պէտք էր յարմար ըլլար Աստուծոյ ծառայողներուն հագուածքին։ Իրենց հետ քանի մը տարի առաւ որ քաղաքին ամէն մէկ եկեղեցին երթան, բայց շատ յուսախաբ էին։ Անոնք ո՛չ մէկ բան սորված էին, իսկ եկեղեցի գացողները անպատշաճ հագուստներ կը հագուէին։ Երբ իրենց ցանկին վրայ եղող վերջին եկեղեցիէն դուրս ելան, Լինտան գործի գնաց, իսկ Ռէյը՝ տուն։ Մինչ ինքնաշարժով տուն կ’երթար, Թագաւորութեան սրահի մը քովէն անցաւ եւ ինքն իրեն ըսաւ. ‘Մէկ հատ մտնեմ նայիմ որ հոն ի՛նչ կ’ընեն’։ Անշուշտ, ատիկա ամէնէն աղուոր փորձառութիւնն էր իրեն համար։ Թագաւորութեան սրահին մէջ ամէն անհատ ազնիւ ու ընկերային էր եւ շատ պատշաճ հագուստներ հագուած էր։ Ռէյը առաջին շարքը նստաւ եւ ի՛նչ որ լսեց՝ հաւնեցաւ։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Պօղոս առաքեալին ըսածը անհատի մը մասին, որ առաջին անգամ ըլլալով ժողովի կ’երթայ ու կ’ըսէ. «Աստուած ձեր մէջ է» (Ա. Կոր. 14։23-25)։ Ռէյ սկսաւ ամէն կիրակի ժողովի երթալ, եւ ետքը ամէն միջշաբաթային ժողովի ալ գնաց։ Լինտան ալ սկսաւ ժողովներու երթալ։ Եւ թէեւ իրենց 70–ական տարիքին մէջն էին, Սուրբ Գիրքը սերտեցին եւ մկրտուեցան։

ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ՝ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

9, 10. ա) Թերթիկներուն գործածութիւնը ինչո՞ւ դիւրին է։ բ) Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք գործածել Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը թերթիկը։

9 Թերթիկներ։ Մեր գործիքներու տուփին մէջ ունինք ութ թերթիկներ, որոնց միջոցաւ դիւրութեամբ կրնանք խօսակցութիւններ սկսիլ։ Ատոնք 2013–ին սկսան հրատարակուիլ, եւ ատկէ ի վեր շուրջ հինգ միլիառ օրինակներ տպուած են։ Այս թերթիկները բոլորն ալ նոյն ձեւը ունին։ Մէյ մը որ սորվիս ատոնցմէ մէկը գործածել, կրնաս բոլո՛րն ալ գործածել։ Ինչպէ՞ս կրնաս թերթիկ մը գործածելով խօսակցութիւն մը սկսիլ մէկու մը հետ։

10 Թերեւս ուզես գործածել Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը թերթիկը։ Անհատին ցուցուր կողքին հարցումը եւ ըսէ. «Օր մը օրանց մտածա՞ծ էք, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Ի՞նչ կը կարծէք. արդեօք. . . »։ Ետքը, հարցուր թէ երեք պատասխաններէն ո՛ր մէկը կ’ընտրէ։ Առանց ըսելու թէ իր պատասխանը ճիշդ է կամ սխալ, բաց ներսի «Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ» բաժինը եւ կարդա՛ նշուած համարները՝ Դանիէլ 2։44 եւ Եսայի 9։6։ Խօսակցութեան վերջաւորութեան բաց վերջին էջը, եւ կարդա՛ «Մտածելու համար» բաժինին հարցումը՝ «Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ»։ Այսպիսով, յաջորդ խօսակցութեան հիմը դրած կ’ըլլաս։ Յաջորդ անգամին, կրնաս նշել Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկին 7–րդ դասը։ Այս գրքոյկը ուսումնասիրութիւններ սկսելու մեր գործիքներէն մէկն է։

ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԹՆՑՆՈՂ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ

11. ա) Մեր պարբերաթերթերը ի՞նչ բանի համար ծրագրուած են։ բ) Ի՞նչ պէտք է գիտնանք ատոնց մասին։

11 Պարբերաթերթեր։ Դիտարան–ը եւ Զարթի՛ր–ը աշխարհին մէջ ամէնէն շատ տպուող եւ թարգմանուող պարբերաթերթերն են։ Եւ քանի որ բազմաթիւ երկիրներէ մարդիկ կը կարդան այս պարբերաթերթերը, կողքին նիւթերը այնպէս մը ծրագրուած են, որ որեւէ շրջանէ եղող մարդոց ուշադրութիւնը գրաւեն։ Զանոնք պէտք է գործածենք, որ անհատին հետաքրքրութիւնը արթնցնենք այն բաներուն շուրջ, որոնք իրապէս կարեւոր են կեանքին մէջ։ Բայց նախ պէտք է գիտնանք, թէ ո՛ր տեսակ մարդոց համար ծրագրուած են։

12. ա) Զարթի՛ր–ը որո՞նց համար ծրագրուած է, եւ ի՞նչ է իր նպատակը։ բ) Վերջերս ի՞նչ լաւ փորձառութիւններ ունեցած ես այս գործիքը գործածելով։

12 Զարթի՛ր–ը ծրագրուած է այն անհատներուն համար, որոնք Սուրբ Գիրքին մասին շատ քիչ գիտեն, կամ ոչինչ գիտեն։ Անոնք թերեւս ո՛չ մէկ բան գիտեն քրիստոնէական ուսուցումներուն մասին, թերեւս կրօնքներուն չեն վստահիր, կամ թերեւս չեն գիտեր որ Սուրբ Գիրքը կրնայ գործնական կերպով իրենց օգնել։ Զարթի՛ր–ին գլխաւոր նպատակներէն մէկն է՝ ընթերցողը համոզել որ Աստուած գոյութիւն ունի (Հռով. 1։20. Եբ. 11։6)։ Նաեւ կը ջանայ ընթերցողին օգնել, որ հաւատայ թէ Սուրբ Գիրքը իրապէս «Աստուծոյ խօսք»ն է (Ա. Թես. 2։13)։ 2018–ի երեք թիւերուն բնաբաններն են՝ «Երջանկութեան ճամբան» «Յաջող ընտանիք ունենալու 12 գաղտնիքներ» եւ «Օգնութիւն սգաւորներուն»։

13. ա) Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութիւնը որո՞նց համար ծրագրուած է։ բ) Վերջերս ի՞նչ փորձառութիւններ ունեցած ես այս գործիքը գործածելով։

13 Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութեան գլխաւոր նպատակն է՝ հոգեւոր բաներ բացատրել անոնց, որոնք որոշ չափով յարգանք ունին Աստուծոյ եւ Սուրբ Գիրքին հանդէպ։ Թերեւս որոշ բաներ գիտեն Սուրբ Գիրքին մասին, բայց ճշգրտօրէն չեն հասկնար անոր ուսուցումները (Հռով. 10։2. Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ 2018–ի երեք թիւերը կը պատասխանեն հետեւեալ հարցումներուն՝ «Սուրբ Գիրքը այսօր գործնակա՞ն է», «Ապագային ի՞նչ պիտի ըլլայ» եւ «Աստուած քեզմով հետաքրքրուա՞ծ է»։

ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՄՂՈՂ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ

14. ա) Մեր Ուսուցանելու գործիքներու տուփին չորս վիտէօները ի՞նչ նպատակի կը ծառայեն։ բ) Ի՞նչ լաւ փորձառութիւններ ունեցած ես այս վիտէօները գործածելով։

14 Վիտէօներ։ Յիսուսի օրերուն, ատաղձագործները միայն ձեռքի գործիքներ կը գործածէին, մինչ մեր օրերուն ելեկտրական գործիքներ ալ կան, ինչպէս՝ սղոցելու, ծակելու, հարթելու եւ գամելու մեքենաներ։ Նմանապէս, տպուած հրատարակութիւններէն զատ, այլեւս գեղեցիկ վիտէօներ ունինք մարդոց ցուցնելու համար։ Անոնցմէ չորսը մեր գործիքներու տուփին մէջն են՝ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ եւ Ո՞վ են Եհովայի վկաները։ Երկու վայրկեանէն պակաս եղող վիտէօները յարմար են առաջին հանդիպումին համար։ Աւելի երկար տեւող վիտէօները կրնան գործածուիլ վերայցելութիւններուն եւ այն անհատներուն հետ, որոնք աւելի ժամանակ ունին։ Այս հիանալի գործիքները կրնան մարդիկը մղել, որ Սուրբ Գիրքը սերտեն եւ մեր ժողովներուն ներկայ ըլլան։

15. Երբ մարդիկ իրենց լեզուով դիտեն մեր վիտէօներէն մէկը, արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ. օրինակներ տուր։

15 Օրինակ, քոյր մը ծանօթացաւ կնոջ մը, որ Միքրոնեզիայէն փոխադրուած էր եւ մայրենի լեզուն եափերէն էր։ Քոյրը եափերէն լեզուով Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել վիտէոն ցուցուց անոր։ Երբ վիտէոն սկսաւ, կինը ըսաւ. «Չեմ հաւատար։ Ասիկա իմ լեզուս է։ Իր առոգանութենէն յայտնի է որ իմ կղզիէս է։ Ան ի՛մ լեզուս կը խօսի»։ Ետքը, կինը ըսաւ որ jw.org կայքին մէջ եափերէնով եղող բոլոր բաները պիտի կարդայ ու դիտէ (համեմատէ՛ Գործք 2։8, 11)։ Ուրիշ փորձառութիւն մըն ալ նկատի առ։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ քոյր մը, ուրիշ երկրի մէջ եղող իր եղբօր տղուն ղրկեց անոր լեզուով նոյն վիտէոյին կապը։ Ան վիտէոն դիտեց եւ իրեն ե–նամակ գրեց, ըսելով. «Ամէնէն շատ ուշադրութիւնս գրաւեց այն մասը, որ չար ոյժ մը կը ղեկավարէ աշխարհը։ Առցանց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրեցի»։ Ան կ’ապրի երկրի մը մէջ, ուր մեր գործը արգիլումի տակ է։

ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ՝ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

16. Բացատրէ ամէն մէկ գրքոյկին նպատակը. ա) Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս, բ) Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր, գ) Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն։

16 Գրքոյկներ։ Ինչպէ՞ս կրնաս ճշմարտութիւնը սորվեցնել մէկու մը, որ լաւ չի կարդար կամ իր լեզուով սուրբգրային հրատարակութիւն մը չկայ։ Կրնաս գործածել Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը *։ Ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար շատ լաւ գործիք մըն է՝ Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկը։ Կրնաս անհատին ցուցնել ետեւի կողքին 14 նիւթերը, եւ խնդրել որ ըսէ թէ ո՛ր մէկը ամէնէն շատ կը հետաքրքրէ զինք։ Ետքը, այդ դասով սկսէ ուսումնասիրութիւնը։ Ասիկա փորձա՞ծ ես վերայցելութիւններուդ ատեն։ Մեր գործիքներու տուփին երրորդ գրքոյկն է՝ Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն։ Ատիկա ծրագրուած է որ Աստուածաշունչի աշակերտներուն սորվեցնէ կազմակերպութեան մասին։ Գիտնալու համար թէ ինչպէ՛ս կրնաս զայն գործածել ամէն մէկ ուսումնասիրութեան ատեն, տե՛ս Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. Ժողովի տետր–ի մարտ 2017 թիւը։

17. ա) Ուսումնասիրութեան ամէն մէկ գիրքը ի՞նչ մասնայատուկ նպատակ ունի։ բ) Բոլոր մկրտուող անձերը պէտք ունին ի՞նչ ընելու, եւ ինչո՞ւ։

17 Գիրքեր։ Մէյ մը որ գրքոյկով սկսար ուսումնասիրութիւն մը, որեւէ ատեն կրնաս անցնիլ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գիրքին։ Այս գործիքը կրնայ անհատին օգնել, որ Սուրբ Գիրքին հիմնական ուսուցումներուն մասին աւելին գիտնայ։ Եթէ այս գիրքը ամբողջութեամբ սերտուի եւ աշակերտը կը շարունակէ յառաջդիմել, իրեն հետ ուսումնասիրէ «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» * գիրքը։ Այս գործիքը աշակերտին պիտի սորվեցնէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրել ամէնօրեայ կեանքին մէջ։ Միտքդ պահէ որ նոյնիսկ երբ նորեկները մկրտուին, տակաւին պէտք ունին իրենց ուսումնասիրութիւնը շարունակելու մինչեւ որ այս երկու գիրքերը վերջացնեն։ Ասիկա իրենց պիտի օգնէ, որ հաստատ հիմ մը ունենան ճշմարտութեան մէջ (կարդա՛ Կողոսացիս 2։6, 7

18. ա) Ա. Տիմոթէոս 4։16–ը մեզ կը քաջալերէ ի՞նչ ընելու որպէս ճշմարտութիւնը սորվեցնողներ, եւ ատոր արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ բ) Մինչ Ուսուցանելու գործիքներու տուփը կը գործածենք, մեր նպատակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

18 Որպէս Եհովայի վկաներ, պատասխանատուութիւն ունինք սորվեցնելու «աւետարանին ճշմարտութեան խօսք»ը, որ կրնայ մարդիկը առաջնորդել յաւիտենական կեանքի (Կող. 1։5. կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։16)։ Այս պատճառով, մեզի տրուած է Ուսուցանելու գործիքներու տուփը, որուն մէջ կան մեզի պէտք եղածները (տե՛ս « Ուսուցանելու գործիքներու տուփ» շրջանակը)։ Թող որ այս գործիքները լաւագոյն կերպով գործածենք։ Մեզմէ ամէն մէկը կրնայ որոշել գործիքներու տուփին ո՛ր հրատարակութիւնը գործածել եւ ե՛րբ։ Բայց յիշէ թէ մեր նպատակը չէ պարզապէս հրատարակութիւններ բաժնել, ո՛չ ալ պէտք է հրատարակութիւն մը տանք մէկու մը, որ հետաքրքրուած չէ։ Մեր նպատակն է՝ օգնել հոգեւոր ծարաւ ունեցող եւ անկեղծ ու խոնարհ մարդոց, որ Յիսուսին աշակերտը դառնան,– այսինքն՝ օգնել «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» մարդոց (Գործք 13։48, ՆԱ. Մատ. 28։19, 20

^ պարբ. 5 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 օգոստոս 2010 թիւին մէջ, «Հիւսնը» յօդուածը եւ «Հիւսնին գործիքներու տուփը» շրջանակը (անգլերէն)։

^ պարբ. 16 Եթէ անհատը կարդալ չի գիտեր, կրնայ հետեւիլ՝ գործածելով Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը, որ մեծաւ մասամբ նկարներ է։

^ պարբ. 17 Երբ Ինչպէ՞ս կրնանք մնալ Աստուծոյ սիրոյն մէջ գիրքը արեւմտահայերէնով մատչելի ըլլայ, զայն պէտք է գործածես։