Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովան որոշումս առատապէս օրհնեց

Եհովան որոշումս առատապէս օրհնեց

Արեւը սկսած էր ծագիլ, երբ մեզի նշանակուած թաղամասին վերջին տուներուն դռներուն տակէն թերթիկներ ներս հրեցինք։ Տարին 1939–ն էր։ Կէսգիշերին արթննալով, մէկ ժամնոց ճամբայ կտրած էինք դէպի Ճափլին, որ Միսուրիի հարաւ–արեւմուտքը գտնուող պզտիկ քաղաք մըն է (ԱՄՆ)։ Երբ լուռումունջ վերջացուցինք մեր ծառայութիւնը, ինքնաշարժին մէջ լեցուեցանք եւ գացինք այն տեղը, ուր միւս խումբերն ալ պիտի հաւաքուէին, եւ սպասեցինք մինչեւ որ գան։ Բայց թերեւս հարցնես թէ ինչո՛ւ արեւածագէն առաջ ծառայութեան գացինք եւ այդքան շուտ ձգեցինք թաղամասը։ Քիչ ետք պիտի պատմեմ։

ԾՆԱԾ եմ 1934–ին։ Ծնողքս՝ Ֆրէտ եւ Էտնա, արդէն 20 տարիէ ի վեր Աստուածաշունչի Աշակերտներ (Եհովայի վկաներ) էին։ Շնորհակալ եմ անոնցմէ որ ինծի սորվեցուցին Եհովան սիրել։ Ընտանիքս Փարսընզ կ’ապրէր, որ Քանսասի հարաւ–արեւելքը գտնուող գիւղաքաղաք մըն է։ Այդտեղի ժողովքին կը պատկանէինք, որ մեծաւ մասամբ օծեալ քրիստոնեաներէ կազմուած էր։ Որպէս ընտանիք՝ ժողովներուն ներկայ գտնուելու եւ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները մարդոց քարոզելու լաւ ռութին ունէինք։ Շաբաթ կէսօրէ ետք սովորաբար փողոցի քարոզչութիւն կ’ընէինք, ինչ որ հիմա կը կոչուի հանրային վկայութիւն։ Ատեններ կը յոգնէինք, բայց ծառայութենէն ետք հայրս միշտ մեզի պաղպաղակ կը գնէր։

Մեր պզտիկ ժողովքը մեծ թաղամաս ունէր, որ կը պարփակէր քանի մը գիւղաքաղաքներ եւ բազմաթիւ ագարակներ։ Երբ կ’այցելէինք ագարակապաններուն, շատ անգամ մեր հրատարակութիւններուն փոխարէն կը ստանայինք բանջարեղէններ, թարմ հաւկիթներ (ուղղակի հաւբոյնէն բերուած) կամ նոյնիսկ հաւեր։ Որովհետեւ շատ դրամ չունէինք եւ հայրս կանխաւ կը վճարէր հրատարակութիւններուն գինը, այդ կերակուրները մեր պակասը կը գոցէին։

ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱՒՆԵՐ

Ծնողքս ձեռք ձգեցին ֆոնոկրաֆ մը, որպէսզի քարոզչութեան մէջ գործածեն։ Շատ պզտիկ էի եւ չէի կրնար զայն գործածել, բայց կը սիրէի հօրս եւ մօրս օգնել, մինչ եղբայր Ռատըրֆորտին դասախօսութիւններու ձայնագրութիւնները կ’աշխատցնէին վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ատեն։

Հօրս եւ մօրս հետ, մեր ինքնաշարժին քով

Հայրս մեր «1936 Ֆորտ» տիպի ինքնաշարժը վերածեց բարձրախօսով օժտուած ինքնաշարժի։ Ատիկա շատ ազդու միջոց մըն էր Թագաւորութեան պատգամը տարածելու համար։ Սովորաբար, նախ կը դնէինք երաժշտութիւն, որպէսզի մարդոց ուշադրութիւնը գրաւէինք, եւ ետքը աստուածաշնչական դասախօսութեան մը ձայնագրութիւնը կ’աշխատցնէինք։ Ձայնագրութիւնը վերջանալէ ետք, հրատարակութիւններ կու տայինք հետաքրքրուած մարդոց։

Քանսասի Չեռիվել գիւղաքաղաքին մէջ ոստիկանութիւնը հօրս ըսաւ, որ թոյլատրուած չէ ձայնագրութիւններ աշխատցնել գիւղաքաղաքին զբօսայգիին մէջ, ուր շատեր կիրակի օրերը կու գային հանգչելու, բայց զբօսայգիէն դուրս թոյլատրուած է։ Հայրս, առանց առարկելու, ինքնաշարժը կեցուց զբօսայգիին ճիշդ դիմացը եղող փողոցին մէջ, որպէսզի պատգամը հասնէր զբօսայգիին մարդոց ականջին, եւ ետքը շարունակեց յայտագիրը։ Միշտ հետաքրքրական էր հօրս եւ մեծ եղբօրս՝ Ճերիին հետ ըլլալը այդ առիթներուն։

1930–ականներուն վերջաւորութեան, յատուկ արշաւներ ըրինք այն թաղամասերուն մէջ, ուր մարդիկ շատ կը հակառակէին։ Ինչպէս որ սկիզբը նշեցի, կէսգիշերին կ’արթննայինք, եւ առանց ձայն հանելու թերթիկներ կամ գրքոյկներ կը դնէինք մարդոց տուներուն դռներուն տակը։ Ետքը, բոլորս կը հաւաքուէինք քաղաքէն դուրս տեղ մը, որ տեսնէինք թէ ոստիկանութիւնը մեզմէ մէկը ձերբակալա՛ծ էր կամ ոչ։

Ծառայութեան ուրիշ հետաքրքրական տեսակ մըն էր՝ տեղեկատուական արշաւը։ Մեր կուրծքին եւ կռնակին վրայ կախուած պաստառներով՝ մէկ շարքի վրայ իրարու ետեւէ կը քալէինք քաղաքին մէջ։ Կը յիշեմ, անգամ մը եղբայրները եկան մեր գիւղաքաղաքը, եւ իրենց կրած պաստառներուն վրայ գրուած էր՝ «Կրօնքը որոգայթ մը եւ խաբէութիւն է»։ Անոնք մեր տունին առջեւէն սկսելով, գիւղաքաղաքին մէջ մօտ 1,6 քմ. քալեցին, ապա վերադարձան մեր տունը։ Անոնք որեւէ հակառակութեան չհանդիպեցան, եւ շատեր հետաքրքիր էին գիտնալու թէ ի՛նչ կ’ըլլար։

ՊԶՏԻԿՈՒԹԵԱՆՍ ԱՏԵՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐ

Ընտանիքս յաճախ Թեքսաս կը ճամբորդէր, որ համաժողովներու ներկայ գտնուէր։ Հայրս երկաթուղիի ընկերութեան մէջ կ’աշխատէր, եւ այս պատճառով կրնայինք ձրիաբար ճամբորդել համաժողովներու համար եւ մեր ազգականները տեսնելու համար։ Մօրս մեծ եղբայրը՝ Ֆրէտ Ուիզմար եւ անոր կինը՝ Եուլելի, կ’ապրէին Թեմփըլի մէջ, Թեքսաս։ 1900–ականներուն սկիզբը՝ երբ պատանի էր, Ֆրէտ քեռին ծանօթացաւ ճշմարտութեան, մկրտուեցաւ եւ իր սորվածը քոյրերուն պատմեց, որոնցմէ մէկը մայրս էր։ Կեդրոնական Թեքսասի մէջ եղբայրները լաւ կը ճանչնային Ֆրէտ քեռին, քանի որ ատեն մը գօտիի ծառայ էր (այժմ կը կոչուի շրջանային տեսուչ)։ Ան ազնիւ եւ ուրախ մարդ էր, որուն հետ ըլլալը միշտ հաճելի էր։ Ճշմարտութեան հանդէպ նախանձախնդիր էր եւ անշուշտ ինծի դրականօրէն ազդեց պատանեկութեանս ընթացքին։

1941–ին, ընտանեօք շոգեկառքով ճամբորդեցինք մեծ համաժողովի մը համար Սենթ Լուիսի մէջ, Միսուրի։ Բոլոր երեխաները հրաւիրուեցան միասին նստելու բեմին մօտ իրենց յատկացուած բաժինը, որպէսզի մտիկ ընեն եղբայր Ռատըրֆորտին դասախօսութիւնը՝ «Թագաւորին երեխաները»։ Դասախօսութեան վերջաւորութեան, աւելի քան 15,000 երեխաները անակնկալ նուէր մը ստացան. եղբայր Ռատըրֆորտ եւ իր օգնականները ամէն մէկուն յանձնեցին Երեխաներ վերնագիրով նոր գիրքը։

1943–ի ապրիլին, «Գործի լծուելու կոչ» բնաբանով համաժողովին ներկայ գտնուեցանք Գոֆիվիլին մէջ, Քանսաս։ Յայտարարուեցաւ, որ բոլոր ժողովքները նոր դպրոց մը պիտի ունենային՝ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը։ Նաեւ ստացանք 52 դասեր բովանդակող գրքոյկ մը, որ դպրոցին մէջ պիտի գործածուէր։ Այդ համաժողովը ինծի համար ուրիշ պատճառով մըն ալ յատուկ էր, քանի որ ես եւ քանի մը անհատներ մկրտուեցանք մօտակայ ագարակի մը աւազանին պաղ ջուրին մէջ։ Նոյն տարին, առաջին աշակերտական բաժինս ներկայացուցի։

ՓԱՓԱՔՍ՝ ԲԵԹԷԼԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

1951–ին, աւարտեցի երկրորդական վարժարանը եւ պէտք էր ապագայիս վերաբերեալ որոշումներ առնէի։ Սրտանց կը փափաքէի Բեթէլին մէջ ծառայել, ուր Ճերին նախապէս ծառայած էր, ուստի դիմումնագիրը լեցուցի։ Շատ չանցած, դիմումնագիրս ընդունուեցաւ եւ զիս հրաւիրեցին, որ 10 մարտ 1952–ին Բեթէլի ծառայութեան սկսիմ։ Այս որոշումս իրապէս շատ լաւ որոշում մըն էր, քանի որ ինծի օգնած է որ աւելի լիովին ծառայեմ Աստուծոյ։

Կ’ուզէի տպարանին մէջ աշխատիլ, որպէսզի բաժին բերէի պարբերաթերթերու եւ այլ հրատարակութիւններու տպագրութեան մէջ։ Բայց այս փափաքս բնա՛ւ չիրականացաւ. զիս նշանակեցին ծառայելու որպէս սպասեակ, եւ ապա՝ խոհանոցին մէջ։ Հաճոյքով կ’ընէի այդ գործը եւ շատ մը բաներ սորվեցայ։ Որովհետեւ հերթափոխով կ’աշխատէինք, օրուան ընթացքին ազատ ժամեր կ’ունենայի։ Ուստի, յաճախ Բեթէլին մեծ գրադարանը կ’երթայի եւ անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընէի։ Ասիկա օգնեց որ հոգեւորապէս աճիմ եւ հաւատքս զօրացնեմ։ Նաեւ ա՛լ աւելի վճռեցի՝ կրցածիս չափ երկար ժամանակ Բեթէլին մէջ Եհովային ծառայել։ Ճերին 1949–ին Բեթէլէն ելած էր եւ Բադրիշիային հետ ամուսնացած էր։ Անոնք Բեթէլին մօտ կ’ապրէին, եւ միշտ ինծի օգտակար կը դառնային ու կը քաջալերէին՝ Բեթէլի ծառայութեանս առաջին տարիներուն։

Բեթէլ մտնելէս շատ չանցած, եղբայրները սկսան նայիլ թէ բեթէլականներէն որո՛նք կրնան աւելցուիլ Բեթէլի դասախօսներու ցանկին վրայ։ Տարուան ընթացքին, այդ դասախօսները կը նշանակուէին այցելելու ժողովքներ, որոնք Պրուքլինէն շատ–շատ 322 քմ. հեռու էին, որպէսզի հանրային դասախօսութիւն մը ներկայացնէին եւ ժողովքին հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցէին։ Ես ընտրուած եղբայրներէն մէկն էի։ Շատ ջղագրգիռ էի, երբ սկսայ այցելել ժողովքներու եւ ներկայացնել հանրային դասախօսութիւններ, որոնք այդ ժամանակ մէկ ժամ կը տեւէին։ Ընդհանրապէս, շոգեկառքով կ’երթայի ժողովքներուն։ Շատ լաւ կը յիշեմ ինչ որ պատահեցաւ 1954–ի ձմրան մէկ կիրակի օրը՝ կէսօրէ ետք։ Նիւ Եորք վերադարձող շոգեկառքը ելայ, եւ երեկոյեան կանուխ ժամերուն պէտք էր Բեթէլ հասած ըլլայի։ Բայց զօրաւոր ձիւնամրրիկ մը եղաւ, որուն պատճառով շոգեկառքին ելեկտրական շարժիչները մարեցան։ Ատոր համար, Նիւ Եորք Սիթի հասայ երկուշաբթի, առաւօտեան ժամը հինգին։ Ենթագնացքով Պրուքլին գացի եւ Բեթէլ հասնելով, ուղղակի խոհանոց մտայ աշխատելու։ Քիչ մը ուշացած էի, եւ շատ յոգնած էի, քանի որ լման գիշերը արթուն մնացած էի։ Բայց ժողովքներուն ծառայելով եւ նոր եղբայրներու ու քոյրերու ծանօթանալով վայելած ուրախութիւնս շուքի մէջ կը ձգէր այդ անպատեհութիւնները։

WBBR ռատիօկայանի յայտագիր մը ձայնասփռելու կը պատրաստուինք

Բեթէլի ծառայութեանս առաջին տարիներուն ընթացքին սկսայ մասնակցիլ WBBR ռատիօկայանի շաբաթական յայտագիրներէն մէկուն, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը ներկայացնէր։ Այն ատեն սթիւտիոն կը գտնուէր 124 Գոլոմպիա Հայթց շէնքին 2–րդ յարկը։ Եղբայր Ա. Հ. Մէգմիլըն, որ ճանչցուած էր Մէգ անունով եւ երկար տարիներէ ի վեր Բեթէլի ընտանիքի անդամ էր, կանոնաւորաբար այս յայտագիրներուն կը մասնակցէր։ Ան Եհովայի ծառայութեան մէջ տոկալու հոյակապ օրինակ մըն էր նորեկներուս համար։

Այս յայտաթերթիկները կը բաժնէինք, որ WBBR–ին հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցնենք

1958–ին, նշանակումս փոխուեցաւ եւ սկսայ սերտօրէն գործ ունենալ Գաղաադի դպրոցին շրջանաւարտներուն հետ։ Այդ նախանձախնդիր տղամարդոց ու կիներուն կ’օգնէի, որ վիզա առնեն, եւ կը կարգադրէի իրենց ճամբորդութիւնը դէպի նշանակուած երկիրները։ Այդ տարիներուն, օդանաւով ճամբորդելը շատ սուղ էր, եւ այս պատճառով՝ Ափրիկէ եւ Ծայրագոյն Արեւելք նշանակուած շրջանաւարտներուն մեծ մասը բեռնատար նաւերով կը ճամբորդէր։ Տարիներ ետք, երբ թռիչքներուն գիները իջան, միսիոնարներուն մեծամասնութիւնը սկսան օդանաւով ճամբորդել իրենց նշանակումներուն։

Գաղաադի շրջանաւարտութեան յայտագիրէն առաջ, վկայականները կարգի կը դնեմ

ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՃԱՄԲՈՐԴԵԼ

1960–ին՝ Միացեալ Նահանգներէն դէպի Եւրոպա թռիչքներ կը կարգադրէի, 1961–ին տեղի ունենալիք միջազգային համաժողովներուն համար։ Այդ համաժողովներէն մէկուն գացի Համպուրկի մէջ, Գերմանիա։ Համաժողովէն ետք, երեք բեթէլական եղբայրներու հետ միասին ինքնաշարժ մը վարձեցինք եւ Իտալիա գացինք՝ Հռոմի մասնաճիւղը այցելելու։ Ետքը, ճամբորդեցինք Ֆրանսա՝ Փիրենեան լեռները կտրելով, եւ ետքը՝ Սպանիա, ուր քարոզչութեան գործը արգիլումի տակ էր։ Առիթ ունեցանք, որ Պարսելոնայի եղբայրներուն յանձնենք հրատարակութիւններ, որոնք նուէրի պէս փաթթած էինք։ Շա՜տ քաջալերական էր զանոնք տեսնելը։ Այդտեղէն մեկնեցանք Ամսթերտամ, ուր պիտի առնէինք այն օդանաւը, որով պիտի վերադառնայինք Նիւ Եորք։

1962–ին, նշանակումս էր կարգադրութիւններ ընել, որ 1963–ին 583 եղբայրներ ու քոյրեր ներկայ գտնուին աշխարհի չորս կողմը տեղի ունենալիք միջազգային համաժողովներու շարքին։ Համաժողովին բնաբանն էր՝ «Յաւիտենական բարի լուր»։ Պատուիրակները համաժողովներու ներկայ պիտի ըլլային Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Հարաւային Խաղաղական ովկիանոսի շրջանին մէջ, եւ ետքը Հոնոլուլուի մէջ, Հաուայի, եւ ի վերջոյ Բասատենայի մէջ, Քալիֆորնիա։ Անոնք նաեւ ճամբորդութեան ընթացքին պիտի այցելէին Լիբանան եւ Յորդանան, որպէսզի պտըտէին Աստուածաշունչին մէջ նշուած վայրերուն մէջ։ Բեթէլին մեր բաժանմունքը ապահովեց թռիչքներու տոմսերը եւ պանդոկներու վերապահումները եւ ձեռք ձգեց բոլոր անհրաժեշտ վիզաները։

ՆՈՐ ՃԱՄԲՈՐԴԱԿԻՑ ՄԸ

1963–ը ուրիշ պատճառով մըն ալ շատ կարեւոր տարի էր ինծի համար. 29 յունիսին ամուսնացայ Լայլա Ռաճըրզին հետ։ Ան Միսուրիէն էր եւ 1960–ին Բեթէլի ծառայութեան սկսած էր։ Մեր հարսանիքէն մէկ շաբաթ ետք, ես եւ Լայլան համաժողովի շրջապտոյտին մասնակցեցանք եւ այցելեցինք Յունաստան, Եգիպտոս եւ Լիբանան։ Պէյրութէն օդանաւով գացինք Յորդանան։ Եւ քանի որ մեր գործը հոն սահմանափակ էր եւ իշխանութիւնները Եհովայի վկաներուն վիզա չէին տար, չէինք գիտեր թէ մեզի ի՛նչ կը սպասէր երբ հասնէինք։ Որչա՜փ զարմացանք եւ ուրախացանք, երբ օդակայանը տեսանք եղբայրներու ու քոյրերու խումբ մը, որոնք «Բարի՛ եկած էք, Եհովայի վկաներ» գրութիւնով ցուցապաստառ մը ձեռքերնին՝ մեզ դիմաւորեցին։ Ի՜նչ հրաշալի էր մեր աչքերով տեսնել աստուածաշնչական այն վայրերը, ուր Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ ապրեցան, ուր Յիսուս եւ առաքեալները քարոզեցին եւ քրիստոնէութիւնը սկսաւ տարածուիլ «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 13։47

55 տարիէ ի վեր, Լայլան հաւատարիմ ընկերակիցս եղած է մեր բոլոր նշանակումներուն մէջ։ Քանի մը անգամ գացինք Սպանիա եւ Փորթուգալ այն ժամանակները, երբ հոն մեր գործը արգիլումի տակ էր։ Այդտեղի եղբայրներն ու քոյրերը կը քաջալերէինք եւ հրատարակութիւններ ու ուրիշ անհրաժեշտ բաներ կը տանէինք անոնց։ Նոյնիսկ կրցանք Սպանիոյ Քատիզ քաղաքին մէջ բանտարկուած եղբայրներէն ոմանց այցելել։ Սիրտս ուրախութեամբ լեցուեցաւ, երբ կրցայ դասախօսութիւնով մը զանոնք քաջալերել։

Բադրիշիա եւ Ճերի Մոլըհէններուն հետ, մինչ կ’ուղղուինք ներկայ ըլլալու 1969–ի՝ «Խաղաղութիւն երկրի վրայ» բնաբանով համաժողովին

1963–էն սկսեալ առանձնաշնորհումը ունեցած եմ ճամբորդութիւններ կարգադրելու միջազգային համաժողովներու համար՝ Աւստրալիոյ, Ափրիկէի, Բորթօ Ռիքոյի, Եւրոպայի, Ծայրագոյն Արեւելքի, Կեդրոնական Ամերիկայի, Հաուայիի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Նոր Զելանտայի մէջ։ Ես եւ Լայլան միասնաբար բազմաթիւ անմոռանալի համաժողովներու ներկայ եղած ենք՝ մէջը ըլլալով 1989–ի համաժողովը Վարշաւիայի մէջ, Լեհաստան։ Այդ մեծ համաժողովին եկան նաեւ բազմաթիւ ռուս եղբայրներ, որոնց համար առաջին համաժողովն էր։ Ծանօթացանք շատ մը եղբայրներու ու քոյրերու, որոնք իրենց հաւատքին համար տարինե՜ր անցուցած էին Խորհրդային Միութեան բանտերուն մէջ։

Ուրիշ նշանակում մը որ շատ սիրած եմ. աշխարհի չորս կողմը գտնուող Բեթէլի ընտանիքներուն եւ միսիոնարներուն այցելել եւ քաջալերել։ Մասնաճիւղի մեր վերջին այցելութիւնը ըրինք Հարաւային Քորէայի մէջ, եւ կրցանք Սուուոն քաղաքի բանտին մէջ 50 եղբայրներու հանդիպիլ։ Անոնք շատ դրական էին եւ չորս աչքով կը սպասէին որ Եհովային նորէն ազատօրէն ծառայէին։ Անոնց ծանօթանալը շատ քաջալերեց մեզ (Հռով. 1։11, 12

Կ’ՈՒՐԱԽԱՆԱՄ ԱՃՈՒՄԸ ՏԵՍՆԵԼՈՎ

Անձամբ տեսած եմ թէ Եհովան ինչպէ՛ս տարիներու ընթացքին օրհնած է իր ժողովուրդը։ Երբ 1943–ին մկրտուեցայ, մօտ 100,000 հրատարակիչներ կային։ Ներկայիս, աւելի քան 8,000,000 անհատներ Եհովային կը ծառայեն 240 երկիրներու մէջ։ Գաղաադի դպրոցին շրջանաւարտներուն ժրաջան ջանքերը մեծ դեր ունեցած են այս աճումին մէջ։ Ի՜նչ ուրախութիւն եղած է այս միսիոնարներէն շատերուն հետ սերտօրէն աշխատիլը եւ անոնց օգնելը, որ իրենց նշանակումներուն երթան։

Ուրախ եմ, որ երբ պատանի էի, որոշեցի աւելցնել ծառայութիւնս եւ Բեթէլի դիմումնագիր լեցուցի։ Եհովան զիս առատապէս օրհնած է բոլոր այս տարիներուն ընթացքին։ Բեթէլի ծառայութեան բերած ուրախութիւններէն զատ, ես եւ Լայլան նաեւ առանձնաշնորհումը ունեցանք 50 տարիէ աւելի ծառայելու Պրուքլինի շատ մը ժողովքներու հետ, որոնց մէջ բազմաթիւ իսկական բարեկամներ ունեցանք։

Ամէն օր Լայլային օգնութեամբ, կը շարունակեմ Բեթէլին մէջ ծառայել։ Թէեւ այժմ աւելի քան 84 տարեկան եմ, ուրախ եմ որ տակաւին իմաստալից գործ կ’ընեմ՝ մասնաճիւղին թղթակցութեան հոգ տանելով։

Լայլային հետ՝ այսօր

Շատ մեծ ուրախութիւն է Եհովայի հրաշալի կազմակերպութեան մէկ մասը ըլլալ եւ տեսնել թէ ինչպէս Մաղաքիա 3։18–ին խօսքերը ճիշդ են. «Պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը պիտի տեսնէք»։ Ամէն օր կը տեսնենք թէ Սատանային աշխարհը երթալէն կը վատթարանայ եւ մարդիկ յոյս չունին ու շատ ուրախ չեն։ Բայց անոնք որ Եհովան կը սիրեն եւ անոր կը ծառայեն՝ ուրախ են,– նոյնիսկ այս դժուար ժամանակներուն մէջ,– եւ ապագային նկատմամբ հաստատ յոյս ունին։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է մարդոց պատմել բարի լուրին մասին (Մատ. 24։14)։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտ ատենէն այս աշխարհին տեղը դրախտ պիտի հաստատէ։ Մէկ վայրկեան առաջ կ’ուզե՛նք որ այդ օրը գայ։ Այն ատեն Եհովայի հաւատարիմ ծառաները երկրի վրայ ուրախ կեանք պիտի վայելեն յաւիտեան։