Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներքին խաղաղութիւնդ պահէ երբ պարագաներդ փոխուին

Ներքին խաղաղութիւնդ պահէ երբ պարագաներդ փոխուին

«Իմ անձս հանդարտեցուցի ու հանգստացուցի» (ՍԱՂ. 131։2

ԵՐԳԵՐ. 135, 154

1, 2. ա) Կեանքին մէջ անակնկալ փոփոխութիւնները ինչպէ՞ս կրնան ազդել մեզի (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Ըստ 131–րդ սաղմոսին, ո՞ր կեցուածքը կրնայ մեզի օգնել մեր ներքին խաղաղութիւնը պահպանելու։

ԵՐԲ Լոյտը եւ Ալեքսանտրան տեղեկացան որ դաշտ վերանշանակուեցան, սկիզբը նեղուեցան։ Անոնք աւելի քան 25 տարի ծառայած էին Բեթէլին մէջ։ Լոյտ կ’ըսէ. «Չէի երեւակայեր որ Բեթէլի ծառայութենէն զատ ուրիշ բան մը կ’ընեմ։ Մտքով ըմբռնեցի՛ փոփոխութեան պատճառները, բայց յաջորդ շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին, շատ անգամ կը զգայի որ մերժուած էի»։ Ան մէյ մը դրական զգացումներ կ’ունենար փոփոխութեան հանդէպ, մէյ մըն ալ կորսուած կը զգար։

2 Ատեն–ատեն, մեր կեանքին մէջ անակնկալ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան, որոնք թերեւս շատ մտահոգութիւն եւ սթրես պատճառեն (Առ. 12։25)։ Երբ այդ փոփոխութիւններուն վարժուիլը դժուար ըլլայ, ինչպէ՞ս կրնանք ‘հանդարտեցնել ու հանգստացնել’ մեր անձը (կարդա՛ Սաղմոս 131։1-3)։ Հիմա նկատի առնենք որ, թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս, Եհովայի կարգ մը ծառաները ինչպէ՛ս իրենց ներքին խաղաղութիւնը պահպանեցին, երբ իրենց կեանքը անակնկալօրէն փոխուեցաւ։

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ» ԶԳԱԼ

3. Յովսէփին կեանքը ինչպէ՞ս յանկարծ փոխուեցաւ։

3 Օրինակ, մտածէ Յովսէփին մասին։ Ան Յակոբին նախասիրած տղան էր, եւ այս պատճառով իր եղբայրները իրեն կը նախանձէին։ Երբ ան շուրջ 17 տարեկան էր, զինք որպէս ստրուկ ծախեցին (Ծն. 37։2-4, 23-28)։ Ան Եգիպտոսի մէջ շուրջ 13 տարի տառապեցաւ, սկիզբը որպէս ստրուկ եւ ետքը որպէս բանտարկեալ։ Ան իր սիրելի հօրմէն շատ հեռու էր։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ չյուսահատի եւ բարկութեամբ չլեցուի։

4. ա) Բանտին մէջ, Յովսէփ ինչի՞ վրայ կեդրոնացաւ։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս պատասխանեց Յովսէփի աղօթքներուն։

4 Մինչ բանտին մէջ էր, Յովսէփ կեդրոնացած ըլլալու էր այն բանին վրայ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օգնէր իրեն (Ծն. 39։21. Սաղ. 105։17-19)։ Թերեւս ան նաեւ մտածեց այն մարգարէական երազներուն մասին, որոնք տեսած էր երբ աւելի պզտիկ էր, եւ ատոնք զինք վստահեցուցին որ Եհովան իրեն հետ էր (Ծն. 37։5-11)։ Ան հաւանաբար քանի՜ անգամներ Եհովային աղօթեց եւ իր սիրտը բացաւ իրեն (Սաղ. 145։18)։ Եհովան պատասխանեց իր աղօթքներուն, զինք վստահեցնելով որ իրեն հետ պիտի ըլլար իր բոլոր նեղութիւններուն մէջ (Գործք 7։9, 10) *։

5. «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» ինչպէ՞ս մեզ կը զօրացնէ որ շարունակենք Եհովային ծառայել։

5 Մեր պարագաները որքա՛ն ալ դժուար ըլլան, կրնանք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» ունենալ, որ մեր միտքը կը պաշտպանէ եւ մեզ կը հանդարտեցնէ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Երբ մտահոգ եւ իրար անցած կը զգանք, «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» կրնայ մեզ զօրացնել, որ շարունակենք Եհովային ծառայել եւ չյանձնուինք։ Նկատի առնենք թէ ներկայիս ասիկա ինչպէ՛ս պատահած է կարգ մը եղբայրներու եւ քոյրերու։

ԵՀՈՎԱՅԷՆ ԽՆԴՐԷ ՈՐ ՆԵՐՔԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԴ ՎԵՐԱԳՏՆԵՍ

6, 7. Մասնայատուկ բաներու մասին աղօթելը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել որ մեր ներքին խաղաղութիւնը վերագտնենք. օրինակ մը տուր։

6 Երբ Ռայըն եւ Ժիւլիէթ տեղեկացան, թէ որպէս ժամանակաւոր մասնաւոր ռահվիրաներ իրենց նշանակումը վերջ գտաւ, ընկճուեցան։ Ռայըն կ’ըսէ. «Շուտով Եհովային աղօթեցինք, գիտնալով որ ասիկա յատուկ առիթ մըն էր, որ ցուցնէինք թէ Եհովային կը վստահինք։ Մեր ժողովքին մէջ շատ մը նորեկներ կային, եւ այս պատճառով Եհովային աղօթեցինք որ մեզի օգնէ հաւատքի շատ լաւ օրինակ դառնալու»։

7 Եհովան ինչպէ՞ս պատասխանեց անոնց աղօթքին։ Ռայըն կը պատմէ. «Հազիւ որ աղօթեցինք, այն ժխտական զգացումները եւ մտահոգութիւնները, որ սկիզբը ունէինք, շուտով անհետացան։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը սկսաւ մեր սրտերն ու մտքերը պահպանել։ Անդրադարձանք որ եթէ ճիշդ կեցուածքը ունենանք, Եհովան պիտի շարունակէ մեզ գործածել»։

8-10. ա) Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի երբ մտահոգ ըլլանք։ բ) Եհովան թերեւս ինչպէ՞ս հակազդէ, երբ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած մնանք։

8 Աստուծոյ սուրբ հոգին ոչ միայն կը հանգչեցնէ մեզ, հապա նաեւ կրնայ մեր ուշադրութեան յանձնել համարներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն հոգեւոր բաները առաջին տեղը պահելու (կարդա՛ Յովհաննէս 14։26, 27)։ Նկատի առ ամուսնացած զոյգ մը՝ Ֆիլիփ եւ Մէրի, որոնք Բեթէլին մէջ գրեթէ 25 տարի ծառայեցին։ Բեթէլէն ելլելէ ետք, չորս ամսուան մէջ կորսնցուցին իրենց մայրերը եւ ազգական մը, եւ սկսան հոգ տանիլ Մէրիին հօր, որ մտաթուլութիւն (dementia) ունէր։

9 Ֆիլիփ կ’ըսէ. «Կը կարծէի որ որոշ չափով գլուխ կ’ելլէի վիճակիս հետ։ Բայց բան մը պակաս էր։ Անգամ մը, Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան յօդուածի մը մէջ Կողոսացիս 1։11–ը աչքիս զարկաւ։ Համարէն անդրադարձայ, թէ ճիշդ է որ կը տոկայի, բայց պէտք էր համբերութեամբ եւ ուրախութեամբ տոկայի։ Այս համարը ինծի յիշեցուց որ ուրախութիւնս կախեալ չէ պարագաներէս, հապա՝ Աստուծոյ հոգիին ազդեցութենէն»։

10 Որովհետեւ Ֆիլիփը եւ Մէրին կեդրոնացած մնացին Եհովայի ծառայութեան վրայ, ան շատ մը կերպերով օրհնեց զանոնք։ Բեթէլէն ելլելէն շատ չանցած, անոնք Աստուածաշունչի յառաջդիմող աշակերտներ ունեցան, որոնք ուզեցին շաբաթը մէկ անգամէ աւելի սերտել։ Մէրին կ’ըսէ. «Անոնք մեզի ուրախութիւն տուին։ Եհովան այս կերպով մեզի կը հասկցնէր որ ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ»։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՌԻԹ ՏՈՒՐ ՈՐ ՔԵԶ ՕՐՀՆԷ

Ինչպէ՞ս կրնանք Յովսէփը ընդօրինակել, ի՛նչ ալ պատահի մեր կեանքին մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 11-13)

11, 12. ա) Յովսէփ ինչպէ՞ս առիթ տուաւ որ Եհովան զինք օրհնէ։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս վարձատրեց Յովսէփը։

11 Երբ մեր կեանքը յանկարծ փոխուի, դիւրութեամբ կրնանք թոյլ տալ որ ապագային նկատմամբ մտահոգութիւնները մեր ձեռքերը–ոտքերը կապեն։ Ասիկա կրնար Յովսէփին պատահիլ, բայց ան որոշեց իր լաւագոյնը ընել իր վիճակին մէջ, եւ այսպիսով Եհովային առիթ տուաւ որ զինք օրհնէ։ Հակառակ որ բանտին մէջ էր, Յովսէփ շատ ջանք թափեց որ բանտապետին տուած բոլոր գործերը ընէ, ճիշդ ինչպէս որ կ’ընէր Պետափրէսին քով (Ծն. 39։21-23

12 Օր մը, Յովսէփին նշանակում տրուեցաւ, որ հոգ տանի երկու բանտարկեալներու, որոնք նախապէս փարաւոնին պալատին մէջ բարձր դիրքեր ունէին։ Յովսէփին ազնուութիւնը ձգեց որ անոնք իրեն հետ հանգիստ զգան եւ իրեն պատմեն իրենց մտահոգութիւնները եւ այն տարօրինակ երազները, որ գիշերը տեսած էին (Ծն. 40։5-8)։ Յովսէփ այդ ժամանակ չէր գիտեր որ այդ խօսակցութիւնը լաւ արդիւնքի պիտի հասցնէր զինք։ Թէեւ երկու տարի ալ բանտը մնաց, բայց ի վերջոյ ազատ արձակուեցաւ, եւ նոյն օրը՝ փարաւոնէն ետք ամէնէն կարեւոր անձնաւորութիւնը դարձաւ Եգիպտոսի մէջ (Ծն. 41։1, 14-16, 39-41

13. Ինչպէ՞ս կրնանք առիթ տալ որ Եհովան մեզ օրհնէ, ի՛նչ ալ ըլլան մեր պարագաները։

13 Մենք ալ Յովսէփին պէս կրնանք ունենալ պարագայ մը, որ չենք կրնար փոխել։ Եթէ համբերենք եւ մեր լաւագոյնը ընենք, Եհովային առիթ կու տանք որ մեզ օրհնէ (Սաղ. 37։5)։ Ճիշդ է որ ատեններ թերեւս ‘տագնապինք’, բայց բնա՛ւ «յուսահատ» վիճակի մէջ պիտի չձգուինք (Բ. Կոր. 4։8)։ Եհովան մեզի հետ պիտի ըլլայ, մանաւանդ եթէ ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնանք։

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆԴ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ՄՆԱ՛

14-16. Փիլիպպոս ինչպէ՞ս կեդրոնացած մնաց ծառայութեան վրայ, հակառակ որ իր պարագաները փոխուեցան։

14 Աւետարանիչ Փիլիպպոսը ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնաց, հակառակ որ իր պարագաները փոխուեցան։ Ատեն մը, ան նոր նշանակում մը կը կատարէր Երուսաղէմի մէջ (Գործք 6։1-6)։ Ետքը, ամէն բան փոխուեցաւ։ Ստեփանոսին սպաննուելէն ետք, քրիստոնեաներուն դէմ ծանր հալածանք սկսաւ *։ Երբ քրիստոնեաները Երուսաղէմէն փախան, Փիլիպպոս չուզեց ձեռքերը ծալած նստիլ։ Ան գնաց քարոզելու Սամարիա քաղաքին մէջ, ուր մարդիկ բարի լուրը լսելու պէտք ունէին (Մատ. 10։5. Գործք 8։1, 5

15 Փիլիպպոս պատրաստ էր երթալու ո՛ւր որ Աստուծոյ սուրբ հոգին ուղղէր զինք։ Այսպիսով, Եհովան զինք գործածեց որ նոր թաղամասեր բանայ։ Ան նախապաշարուած չէր եւ իր այս կեցուածքը թարմացուցիչ էր սամարացիներուն համար, որոնք վարժուած էին որ հրեաները ցած աչքով նային իրենց։ Զարմանալի չէ որ ժողովուրդը «միաբան» մտիկ ըրաւ իրեն (Գործք 8։6-9ա

16 Ետքը, սուրբ հոգին Փիլիպպոսը ուղղեց որ երթայ քարոզելու Ազովտոսի եւ Կեսարիոյ մէջ, ուր շատ հեթանոսներ կային (Գործք 8։39, 40)։ Յետագային, Փիլիպպոսին կեանքը նորէն փոխուեցաւ։ Ան հաստատուեցաւ եւ ընտանիք կազմեց։ Փիլիպպոս ամէն պարագայի մէջ կեդրոնացած մնաց իր ծառայութեան վրայ, եւ Եհովան շարունակեց օրհնել զինք եւ իր ընտանիքը (Գործք 21։8, 9

17, 18. Ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի, երբ մեր կեանքը փոխուի։

17 Բազմաթիւ լիաժամ ծառայողներ կ’ըսեն, որ ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնալը օգնած է որ հաւասարակշռուած մնան, հակառակ փոփոխութիւններուն։ Երբ Հարաւային Ափրիկէէն եղող զոյգ մը՝ Ազպըռն եւ Փըլայթ, Բեթէլէն ելան, կարծեցին որ շուտով կիսաժամ գործ եւ տուն պիտի գտնեն։ Ազպըռն կ’ըսէ. «Ցաւօք սրտի, մեր յուսացածին չափ շուտ գործ չգտանք»։ Իր կինը՝ Փըլայթ կ’ըսէ. «Երեք ամիս գործ չգտանք։ Մէկ կողմ դրուած դրամ ալ չունէինք։ Իրապէ՛ս դժուար պարագայ էր»։

18 Ի՞նչը օգնեց որ գլուխ ելլեն այս ճնշիչ պարագային հետ։ Ազպըռն կ’ըսէ. «Ժողովքին հետ քարոզելը մեզի շատ օգնեց որ դրական մնանք եւ մեր միտքը ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնայ։ Որոշեցինք մեր ժամանակը ծառայութեամբ լեցնել, փոխանակ տունը նստելու ու հոգ ընելու։ Ասիկա շատ ուրախութիւն տուաւ մեզի։ Իսկ ամէն տեղ գործ փնտռելէ ետք, ի վերջոյ գտանք»։

ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍՊԱՍԷ

19-21. ա) Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ մեր ներքին խաղաղութիւնը պահենք։ բ) Ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք եթէ փոփոխութիւններուն համակերպինք։

19 Ինչպէս որ մինչեւ հիմա տեսանք, եթէ մեր լաւագոյնը ընենք եւ վստահութեամբ Եհովային սպասենք, մեր ներքին խաղաղութիւնը պիտի պահպանենք (կարդա՛ Միքիա 7։7)։ Թերեւս նոյնիսկ ժամանակի ընթացքին անդրադառնանք, որ փոփոխութեան համակերպիլը՝ Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը զօրացուց։ Փըլայթ իր փորձառութեան նկատմամբ կ’ըսէ. «Դաշտ վերանշանակուիլը ինծի սորվեցուցած է, թէ իրապէս ի՛նչ է Եհովային ապաւինիլը, նոյնիսկ երբ ամէն բան ուզածիս պէս չ’ընթանար։ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնս ամրացած է»։

20 Նախապէս նշուած Մէրին, տակաւին իր հօր հոգ կը տանի մինչ ռահվիրայութիւն կ’ընէ։ Ան կ’ըսէ. «Սորված եմ որ երբ մտահոգ ըլլամ, պէտք է կենամ, աղօթեմ եւ ապա հանդարտիմ։ Հարցերը Եհովային ձեռքերուն մէջ ձգելը ամէնէն մեծ դասն է որ սորված եմ, եւ ապագային ատոր շատ պէտք պիտի ըլլայ»։

21 Լոյտը եւ Ալեքսանտրան կը խոստովանին որ իրենց պարագաներուն փոխուիլը, իրենց հաւատքը փորձի տակ դրաւ այնպիսի կերպերով, որ չէին երեւակայած։ Բայց անոնք կ’ըսեն. «Հաւատքի փորձերը կը ցուցնեն որ արդեօք մեր հաւատքը իսկակա՞ն է եւ զօրութիւնը ունի՞ մեզ ոտքի վրայ պահելու եւ մխիթարելու, երբ դժուարութիւններ ունենանք։ Հաւատքի փորձերը մեզ աւելի լաւ անձեր կը դարձնեն»։

Անակնկալ փոփոխութիւնները կրնան չակնկալուած օրհնութիւններ բերել (տե՛ս պարբերութիւն 19-21)

22. Եթէ մեր լաւագոյնը ընենք մեր պարագաներուն մէջ, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

22 Այս դրութեան մէջ մեր կեանքը կրնայ յանկարծ փոխուիլ։ Թերեւս Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր նշանակումը փոխուի, առողջապահական խնդիրներ ունենանք կամ նոր ընտանեկան պատասխանատուութիւններ շալկենք։ Բայց ի՛նչ ալ պատահի, վստահ եղիր որ Եհովան քեզմով հետաքրքրուած է եւ յարմար ժամանակին քեզի պիտի օգնէ (Եբ. 4։16. Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Մինչ այդ, լաւագոյնդ ըրէ ունեցած պարագայիդ մէջ։ Երկնաւոր Հօրդ՝ Եհովային աղօթէ եւ դուն քեզ իր ձեռքերուն մէջ ձգէ։ Այսպիսով, դուն ալ պիտի կարենաս ներքին խաղաղութիւնդ պահպանել, երբ պարագաներդ անակնկալօրէն փոխուին։

^ պարբ. 4 Բանտէն ելլելէն ժամանակ մը ետք, Յովսէփ ըսաւ որ Եհովան իրեն որդի մը տուաւ եւ այդպիսով մխիթարեց զինք։ Ան իր անդրանիկ որդին կոչեց Մանասէ, քանի որ ‘Աստուած իրեն մոռցուց իր բոլոր վիշտերը’ (Ծն. 41։51, ստորանիշ)։

^ պարբ. 14 Տե՛ս «Գիտէի՞ր» յօդուածը այս թիւին մէջ։