Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովային ի՞նչ ընծայ կրնանք տալ

Եհովային ի՞նչ ընծայ կրնանք տալ

ԱՆԳԱՄ մը Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Այս հիմնական ճշմարտութիւնը կը կիրարկուի Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան։ Ինչո՞ւ։ Եհովան մեզի տուած է շատ մը նուէրներ, որոնք մեզ կ’ուրախացնեն, բայց աւելի մեծ ուրախութիւն կ’ունենանք, երբ Եհովային ընծայ մը տանք։ Եհովային ի՞նչ ընծայ կրնանք տալ։ Առակաց 3։9–ն կ’ըսէ. «Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ»։ Մեր «ստացուածքը» կը պարփակէ՝ մեր ժամանակը, ձիրքերը, կորովը եւ նիւթական միջոցները։ Երբ այդպիսի բաներ կ’օգտագործենք, որ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղենք, Եհովային ընծայ տուած կ’ըլլանք։ Ասիկա ընելը մեզի շատ ուրախութիւն կը բերէ։

Գալով մեր նիւթական միջոցներուն, ի՞նչը պիտի օգնէ որ Եհովային ընծայ տալը չանտեսենք։ Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն յանձնարարեց, որ գումար մը ‘իրենց քով դիզեն’ որպէս նուիրատուութիւն (Ա. Կոր. 16։2)։ Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ կ’ուզես աւելի տեղեկութիւններ ունենալ նուիրատուութիւն ընելու մեթոտներուն մասին, որոնք մատչելի են քու ապրած տեղդ։ Տե՛ս վարի շրջանակը։

Ամէն երկիրի մէջ չէ որ կարելի է առցանց նուիրատուութիւն ընել։ Բայց նուիրատուութիւններու վերաբերեալ կայքէջին մէջ ներկայացուած են այլ կերպեր, որոնցմով կարելի է նուիրատուութիւն ընել։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, այդ կայքէջին մէջ կը գտնուի ֆայլ մը, որ նուիրատուութիւններու մասին յաճախ ուղղուած հարցումներու կը պատասխանէ։