Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կեանքը իսկապէս կ’արժէ ապրիլ

Կեանքը իսկապէս կ’արժէ ապրիլ

Ֆայսալը սրտի մեծ գործողութեան պէտք ունեցաւ իր կնոջ մահէն միայն մէկ տարի ետք։ Ան կ’ըսէ. «Երբ Յոբ գիրքը կը կարդամ, գիտեմ որ Եհովան Յոբին պատմութիւնը արձանագրել տուաւ նպատակի մը համար։ Երբ շատ ընկճուած ենք եւ Սուրբ Գիրքին մէջ կը կարդանք մէկու մը մասին, որ մեզի պէս զգաց, կը մխիթարուինք»։ Ան կ’աւելցնէ. «Դեռ կ’արժէ շարունակել ապրիլ»։

Թարշան երիտասարդուհի էր երբ իր մայրը մեռաւ։ Ան կ’ըսէ. «Որովհետեւ Ստեղծիչս կը ճանչնամ, կեանքս նպատակ ունի եւ ուրախ եմ ու յոյս ունիմ, հակառակ անոր որ շատ խնդիրներով ճնշուած եմ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կրնա՛յ մեզ զօրացնել եւ օգնել որ իւրաքանչիւր օր յաջողութեամբ անցընենք»։

ՆԱԽՈՐԴ յօդուածները ցոյց կու տան, թէ ինչպէս զանազան ցնցիչ պարագաներ կրնան կեանքը անտանելի դարձնել։ Մինչ անձնական խնդիրներուդ կը տոկաս, թերեւս հարց տաս, թէ արդեօք կ’արժէ՛ ապրիլ կամ թէ արդեօք մէկը քեզմով հետաքրքրուա՛ծ է։ Վստահ եղիր որ Աստուած նեղութեանդ ուշադրութիւն կը դարձնէ։ Դուն իրեն համար արժէքաւոր ես։

Սաղմոս 86–ը գրողը Աստուծոյ հանդէպ իր վստահութիւնը յայտնեց՝ ըսելով. «Նեղութեանս օրը քեզի կ’աղաղակեմ, վասն զի դուն ինծի կը պատասխանես» (Սաղմոս 86։7)։ Բայց թերեւս հարց տաս. ‘Աստուած ինչպէ՞ս «նեղութեանս օրը» ինծի պիտի պատասխանէ’։

Թէեւ Աստուած թերեւս խնդիրներդ անմիջապէս չլուծէ, բայց իր Խօսքը՝ Սուրբ Գիրքը, քեզ կը վստահեցնէ որ կրնայ ներքին խաղաղութիւն տալ, որ խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլես։ Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ն կ’ըսէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը. . . պիտի պահպանէ»։ Հաճիս, նկատի առ թէ հետեւեալ համարները ինչպէ՛ս մեզ կը վստահեցնեն որ Աստուած մեզ կը հոգայ։

Աստուած քեզ կը հոգայ

«[Ճնճղուկներէն] մէկն իսկ Աստուծոյ կողմէ մոռցուած չէ։ . . .Դուք բոլոր ճնճղուկներէն աւելի արժէք ունիք Աստուծոյ աչքին» (Ղուկաս 12։6, 7, ՆԹ

ՆԿԱՏԻ ԱՌ. Աստուած կը հոգայ նոյնիսկ աննշան թռչունները։ Մէկ պզտիկ ճնճղուկն իսկ իր ուշադրութենէն չի վրիպիր. եթէ անիկա թանկագին ապրող էակ է, ալ ուր մնաց մարդ արարածը։ Մարդիկ Աստուծոյ երկրային ստեղծագործութեան գլուխ–գործոցն են. իր «պատկերովը» ստեղծուած են եւ կարող են իր վեհ յատկութիւնները մշակելու եւ դրսեւորելու (Ծննդոց 1։26, 27

«Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։ . . .Իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։ . . .Զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս» (Սաղմոս 139։1, 2, 23

ՆԿԱՏԻ ԱՌ. Աստուած քեզ շատ լաւ կը ճանչնայ։ Ան գիտէ քու ամենախոր զգացումներդ ու մտահոգութիւններդ։ Մինչ ուրիշներ թերեւս չհասկնան ճնշիչ պարագադ, Աստուած քեզի համար կը հոգայ եւ կ’ուզէ քեզի օգնել։ Ուրեմն, կ’արժէ՛ ապրիլ։

Կեանքդ իմաստ ունի

«Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս ու իմ աղաղակս թող քեզի հասնի։ . . .Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ, շուտով պատասխան տուր ինծի այն օրը որ քեզի կը կանչեմ։ . . .Տնանկներուն աղօթքին մտիկ պիտի ընէ» (Սաղմոս 102։1, 2, 17

ՆԿԱՏԻ ԱՌ. Կարծես մարդկութեան տառապանքին սկիզբէն իսկ, Աստուած տեղեակ է անոնց թափած իւրաքանչիւր արցունքէն (Սաղմոս 56։8)։ Ան քու արցունքներէդ ալ տեղեակ է։ Ան կը յիշէ բոլոր նեղութիւններդ եւ արցունքներդ, քանի որ արժէքաւոր ես իրեն համար։

«Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ. . . Քեզի կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ’» (Եսայի 41։10, 13

ՆԿԱՏԻ ԱՌ. Աստուած պատրաստ է քեզի օգնելու։ Եթէ իյնաս, ան քեզ պիտի վերցնէ։

Աւելի լաւ ապագայի մը համար յոյս կայ

«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16

ՆԿԱՏԻ ԱՌ. Աստուած քեզ այնքա՛ն կ’արժեւորէ, որ քեզի համար յօժարաբար զոհեց իր Որդին՝ Յիսուսը։ Այս զոհին շնորհիւ յոյս ունիս, որ յաւիտեան ուրախ եւ նպատակալից կեանք մը վայելես *։

Հակառակ անոր որ ներկայիս թերեւս ընկճուած ես եւ կեանքդ անտանելի կը թուի քեզի, Աստուծոյ Խօսքը ուշի–ուշով սերտէ եւ Աստուծոյ խոստացած յոյսին հանդէպ հաւատքդ աւելցուր։ Այսպէս, ուրախ եւ վստահ պիտի ըլլաս որ կ’արժէ՛ ապրիլ

^ Աւելին գիտնալու համար, թէ Յիսուսի զոհէն ինչպէ՛ս կրնաս օգտուիլ, դիտէ Յիշէ Յիսուսի մահը տեսաերիզը www.pr418.com/hyw կայքին մէջ։ Տե՛ս ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ > ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆ։