Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 2

Ժողովքին մէջ Եհովան գովէ

Ժողովքին մէջ Եհովան գովէ

«Ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ» (ՍԱՂ. 22։22

ԵՐԳ 104 Գովաբանե՛նք Եահը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Դաւիթ Եհովայի հանդէպ ի՞նչ կը զգար, եւ իր այդ զգացումը զինք մղեց ի՞նչ ընելու։

ԴԱՒԻԹ թագաւոր գրեց. «Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը» (Սաղ. 145։3)։ Ան Եհովան կը սիրէր, ինչ որ զինք մղեց Եհովան գովելու ժողովքին մէջ (Սաղ. 22։22. 40։5)։ Անկասկած դուն ալ Եհովան կը սիրես եւ կը համաձայնիս Դաւիթի խօսքին. «Ո՛վ Տէր, մեր հօրը Իսրայէլին Աստուածը, յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ես» (Ա. Մն. 29։10-13

2. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան գովել։ բ) Ոմանք դժուարութիւն ունին ի՞նչ ընելու, եւ ի՞նչ բան աչքէ պիտի անցընենք։

2 Ներկայիս, կերպերէն մէկը՝ որով Եհովան կը գովենք, ժողովներուն ընթացքին պատասխան տալն է։ Սակայն մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք ասիկա ընելու դժուարութիւն ունին։ Անոնք կ’ուզե՛ն ժողովներուն մէջ մասնակցութիւն բերել, բայց կը վախնան։ Ինչպէ՞ս կրնան այդ վախը յաղթահարել։ Եւ ի՞նչ գործնական առաջարկներ կրնան բոլորիս օգնել, որ քաջալերական պատասխաններ տանք։ Այս հարցումներուն պատասխանելէ առաջ, աչքէ անցընենք թէ ի՛նչ չորս հիմնական պատճառներով ժողովներուն մէջ պատասխան կու տանք։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԿՈՒ ՏԱՆՔ

3-5. ա) Ինչպէս Եբրայեցիս 13։15–ին մէջ բացատրուած է, ժողովներուն մէջ ինչո՞ւ պատասխան կու տանք։ բ) Պայմա՞ն է որ բոլորս նոյն տեսակի պատասխաններ տանք. բացատրէ։

3 Եհովան բոլորիս առանձնաշնորհում տուած է, որ զինք գովենք (Սաղ. 119։108)։ Ժողովներուն մէջ մեր պատասխանները մաս կը կազմեն մեր գովաբանութեան զոհին, եւ ուրիշը չի կրնար մեր տեղը այդ զոհը մատուցանել (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։15Արդեօք Եհովան իւրաքանչիւրէն կը պահանջէ նո՞յն զոհը, կամ պատասխանը։ Ո՛չ։

4 Եհովան գիտէ թէ ամէն մէկս ունինք տարբեր կարողութիւններ ու պարագաներ, եւ խորապէս կ’արժեւորէ այն զոհերը որ կրնանք իրեն մատուցանել։ Մտածէ այն զոհերուն մասին, որոնք Եհովան իսրայէլացիներէն ընդունեց։ Կարգ մը իսրայէլացիներ կրնային ոչխար կամ այծ ընծայել։ Բայց աղքատ իսրայէլացին կրնար ընծայել «երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ»։ Իսկ եթէ իսրայէլացի մը չէր կրնար նոյնիսկ այդ երկու թռչունները ընծայել, Եհովան կ’ընդունէր քիչ մը «բարձրորակ ալիւր» (Ղեւ. 5։7, 11, ՆԱ)։ Հակառակ անոր որ ալիւրը աւելի աժան էր, Եհովան դեռ կ’արժեւորէր այդ զոհը, այնքան ատեն որ «բարձրորակ ալիւր» էր։

5 Մեր ազնիւ Աստուածը այսօր նոյն կերպով կը զգայ։ Երբ պատասխաններ տանք, ան չ’ակնկալեր որ Ապօղոսին չափ ճարտասան կամ Պօղոսին չափ համոզիչ ըլլանք (Գործք 18։24. 26։28)։ Ան պարզապէս կ’ուզէ որ ըստ մեր կարողութեան՝ լաւագոյն կերպով պատասխանենք։ Յիշէ՛ այն որբեւայրին, որ երկու լումայ ընծայեց։ Ան Եհովայի աչքին թանկագին էր, քանի որ ի՛ր լաւագոյնը տուաւ (Ղուկ. 21։1-4

Երբ պատասխան տանք, թէ՛ մենք կ’օգտուինք եւ թէ մեզի մտիկ ընողները (տե՛ս պարբերութիւն 6-7) *

6. ա) Եբրայեցիս 10։24, 25–ի համաձայն, մեր լսած պատասխանները ինչպէ՞ս կրնան մեզի ազդել։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ որ կը գնահատես քեզ քաջալերող պատասխանները։

6 Մեր պատասխաններով իրար կը քաջալերենք (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Բոլորս կը սիրենք ժողովներուն մէջ տեսակաւոր պատասխաններ լսել։ Կ’ուրախանանք երբ երեխայ մը անկեղծօրէն եւ պարզ բառերով կ’արտայայտուի։ Կը քաջալերուինք երբ անհատ մը խանդավառօրէն կը խօսի ճշմարտութեան մը մասին, որ վերջերս սորվեցաւ։ Եւ կը հիանանք անոնց վրայ, որոնք «համարձակութիւն» կը հաւաքեն պատասխան տալու, հակառակ անոր որ ամչկոտ են կամ մեր լեզուն նոր կը սորվին (Ա. Թես. 2։2)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ անոնց ջանքերը կը գնահատենք։ Կրնանք ժողովէն ետք իրենց ըսել, որ շնորհակալ ենք իրենց քաջալերական պատասխաններուն համար։ Իսկ ուրիշ կերպ մը այն է, որ մենք ալ պատասխանենք։ Այսպէս, ժողովներուն մէջ ոչ միայն ուրիշները մեզ կը քաջալերեն, հապա մենք ալ զիրենք կը քաջալերենք (Հռով. 1։11, 12

7. Երբ պատասխան տանք, ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

7 Մեր պատասխաններով մե՛նք կ’օգտուինք (Եսա. 48։17)։ Ինչպէ՞ս։ Առաջին, եթէ մեր միտքը դնենք որ պատասխան տանք, կը մղուինք ժողովին նիւթը լաւ պատրաստելու։ Եւ երբ նիւթը լաւ պատրաստենք, Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ կը հասկնանք։ Իսկ որքա՛ն խոր հասկացողութիւն ունենանք, այնքան աւելի լաւ կրնանք գործադրել մեր սորվածը։ Երկրորդ, ժողովը աւելի հաճելի կը գտնենք, քանի որ քննարկութեան կը մասնակցինք։ Երրորդ, որովհետեւ ջանք կը թափենք որ պատասխան տանք, ընդհանրապէս ժողովը վերջանալէն երկար ժամանակ ետք դեռ կը յիշենք այն կէտերը, որոնց մասին խօսեցանք։

8-9. ա) Ինչպէս որ Մաղաքիա 3։16–ը կը յայտնէ, քու կարծիքովդ Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ պատասխաններ կու տանք։ բ) Ոմանք թերեւս տակաւին կը վախնան ի՞նչ ընելու։

8 Մեր հաւատքին մասին խօսելով Եհովան կը հաճեցնենք։ Վստահ ենք, որ Եհովան մեզի մտիկ կ’ընէ եւ շատ կը գնահատէ մեր ջանքերը, որ ժողովներուն մէջ պատասխանենք (կարդա՛ Մաղաքիա 3։16)։ Երբ կը ջանանք զինք հաճեցնել, ան իր գնահատանքը ցոյց կու տայ՝ մեզ օրհնելով (Մաղ. 3։10

9 Յստակ է որ ժողովներուն մէջ պատասխան տալու կարեւոր պատճառներ ունինք։ Բայց թերեւս ոմանք տակաւին կը վախնան իրենց ձեռքը բարձրացնելու։ Եթէ այդպէս կը զգաս, մի՛ վհատիր։ Նկատի առնենք սուրբգրային սկզբունքներ, քանի մը օրինակներ եւ կարգ մը գործնական առաջարկներ, որոնք կրնան բոլորիս օգնել, որ աւելի պատասխաններ տանք ժողովներուն մէջ։

ՎԱԽԻՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ

10. ա) Մեզմէ շատեր ի՞նչ վախ ունին։ բ) Պատասխանելու վախը ի՞նչ բանի նշան կրնայ ըլլալ։

10 Ստամոքսդ կը պրկուի՞ ամէն անգամ որ մտածես ձեռքդ բարձրացնել։ Եթէ պարագադ այդ է, մինակ չես։ Իրականութեան մէջ, մեր մեծամասնութիւնը պատասխանելու ատեն որոշ չափով ջղագրգիռ կ’ըլլայ։ Այս զգացումին հետ գլուխ ելլելու համար, նա՛խ պէտք է գիտնաս թէ ինչո՛ւ կը վախնաս։ Արդեօք կը վախնաս որ ըսելիքդ մոռնա՞ս կամ սխա՞լ պատասխան տաս։ Կամ կը վախնաս որ պատասխանդ միւսներուն պատասխանին չափ աղուոր չըլլա՞յ։ Այս վախերը լաւ նշան են, քանի որ ցոյց կու տան որ խոնարհ ես եւ ուրիշները քեզմէ լաւ կը սեպես։ Եհովան այսպիսի խոնարհութիւն կը սիրէ (Սաղ. 138։6. Փլպ. 2։3)։ Բայց նաեւ կ’ուզէ որ ժողովներուն մէջ զինք գովես եւ եղբայրներդ ու քոյրերդ քաջալերես (Ա. Թես. 5։11)։ Ան քեզ կը սիրէ եւ քեզի պէտք եղած քաջութիւնը պիտի տայ։

11. Աստուածաշունչէն ի՞նչ յիշեցումներ կրնան մեզի օգնել։

11 Նկատի առ Աստուածաշունչէն կարգ մը յիշեցումներ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ բոլո՛րս սխալներ կ’ընենք մեր ըսածով եւ խօսելու կերպով (Յակ. 3։2)։ Եհովան մեզմէ կատարելութիւն չ’ակնկալեր, ոչ ալ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կ’ակնկալեն (Սաղ. 103։12-14)։ Անոնք մեր հոգեւոր ընտանիքն են ու մեզ կը սիրեն (Մար. 10։29, 30. Յովհ. 13։35)։ Անոնք կը հասկնան, որ երբեմն մեր պատասխանները շատ ճիշդ չեն ըլլար։

12-13. Նէեմիայի եւ Յովնանի օրինակներէն ի՞նչ կը սորվինք։

12 Մտածէ սուրբգրային կարգ մը օրինակներու մասին, որոնք կրնան քեզի օգնել վախերդ յաղթահարելու։ Յիշէ՛ Նէեմիան։ Ան կը ծառայէր զօրաւոր թագաւորի մը պալատին մէջ։ Նէեմիան տրտմած էր, քանի որ լսած էր որ Երուսաղէմի պարիսպներն ու դռները աւերակ էին (Նէ. 1։1-4)։ Երեւակայէ ինչպէ՛ս իր ստամոքսը պրկուեցաւ, երբ թագաւորը հարցուց թէ ինչո՛ւ տրտմած էր։ Նէեմիան անմիջապէս աղօթեց եւ յետոյ իր խնդրանքը ներկայացուց։ Արդիւնքը այն էր, որ թագաւորը շատ օգտակար դարձաւ Աստուծոյ ժողովուրդին (Նէ. 2։1-8)։ Մտածէ՛ նաեւ Յովնանի մասին։ Երբ Եհովան իրմէ խնդրեց որ Նինուէի բնակիչներուն խօսի, Յովնան այնքա՛ն վախցաւ, որ հակառակ ուղղութեամբ փախաւ (Յովն. 1։1-3)։ Բայց Եհովայի օգնութեամբ, Յովնան իր նշանակումը կատարեց։ Եւ իր ըսած խօսքերը շատ օգտակար դարձան նինուէցիներուն (Յովն. 3։5-10)։ Նէեմիայէն կը սորվինք, թէ որքա՛ն կարեւոր է որ պատասխանելէ առաջ աղօթենք։ Իսկ Յովնանէն կը սորվինք, թէ Եհովան կրնայ մեզի օգնել որ իրեն ծառայենք, որքա՛ն ալ մեծ վախեր ունենանք։ Իրականութեան մէջ, բնա՛ւ պիտի չհանդիպինք ժողովքի մը, որ այնքա՛ն վախնալիք ըլլայ որքան նինուէցիները։

13 Ի՞նչ գործնական առաջարկներ կրնան քեզի օգնել, որ քաջալերական պատասխաններ տաս։ Նկատի առնենք անոնցմէ ոմանք։

14. Ինչո՞ւ պէտք է ժողովներուն համար լաւ պատրաստուինք, եւ ե՞րբ կրնանք նիւթերը պատրաստել։

14 Իւրաքանչիւր ժողովի համար պատրաստուէ։ Երբ առաջուընէ ծրագրես եւ ժողովի նիւթերը լաւ պատրաստես, աւելի ինքնավստահ պիտի զգաս պատասխանելու (Առ. 21։5)։ Անշուշտ իւրաքանչիւրս տարբեր յայտագիրներ կը դնենք ժողովները պատրաստելու։ Օրինակ, Էլոուիզը, որ 80–ական տարիքի մէջ եղող այրի մըն է, Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը կը պատրաստէ շաբթուան սկիզբը։ Ան կ’ըսէ. «Ժողովներէն աւելի հաճոյք կ’առնեմ, երբ առաջուընէ սերտեմ»։ Ճոյը, որ լման ժամով կ’աշխատի, շաբաթ օրերը ժամանակ կը տրամադրէ որ Դիտարան–ը սերտէ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ նիւթը ժողովէն քիչ մը առաջ պատրաստեմ, աւելի դիւրին կը յիշեմ»։ Իսկ Այքը՝ բազմազբաղ երէց մը որ նաեւ ռահվիրայ է, կ’ըսէ. «Ինծի համար գործնական է շաբթուան ընթացքին սերտողութեան կարճ պահեր ունենալ, փոխանակ մէկ երկար պահ տրամադրելու»։

15. Ժողովի մը համար ինչպէ՞ս կրնաս լաւ պատրաստուիլ։

15 Ինչպէ՞ս կրնաս ժողովներուն համար լաւ պատրաստուիլ։ Նա՛խ Եհովայէն սուրբ հոգին խնդրէ (Ղուկ. 11։13. Ա. Յովհ. 5։14)։ Քանի մը վայրկեան տրամադրէ դասին վրայ աչք մը նետելու։ Վերլուծէ վերնագիրը, ենթավերնագիրները, նկարները եւ ուսուցումի տուփերը։ Ետքը պարբերութիւնները մէկ առ մէկ սերտէ, եւ փորձէ բոլոր նշուած համարները կարդալ։ Տեղեկութիւններուն վրայ խոկա՛ եւ ուշադրութիւն դարձուր այն կէտերուն, որոնք կ’ուզես նշել պատասխանիդ մէջ։ Նիւթը որքա՛ն լաւ պատրաստես, այնքա՛ն աւելի պիտի օգտուիս եւ պատասխանելը աւելի դիւրին պիտի գտնես (Բ. Կոր. 9։6

16. Ի՞նչ գործիքներ քեզի մատչելի են եւ ատոնք ինչպէ՞ս կը գործածես։

16 Եթէ կարելիութիւնը ունիս, գիտցած լեզուովդ մատչելի եղող ելեկտրոնային գործիքները գործածէ։ Եհովան իր կազմակերպութեան միջոցաւ ելեկտրոնային գործիքներ տրամադրած է, մեզի օգնելու որ ժողովներուն համար պատրաստուինք։ JW Library®–ին միջոցաւ կրնանք ուսումնասիրական հրատարակութիւնները բեռնել դիւրակիր սարքի մը մէջ։ Ետքը, կրնանք նիւթը սերտել,– կամ առնուազն զայն կարդալ կամ մտիկ ընել,– որեւէ ժամանակ եւ որեւէ տեղ։ Ոմանք այս գործիքով կը սերտեն, երբ գործատեղը կամ դպրոցը ճաշի դադար կ’առնեն, կամ երբ փոխադրամիջոց կը գործածեն։ Դիտարանի գրադարան–ը եւ Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ–ը կը դիւրացնեն փնտռտուք ընելը մեր ուզած կէտին մասին։

Ժողովին նիւթերը պատրաստելու համար, ե՞րբ ժամանակ կը տրամադրես (տե՛ս պարբերութիւն 14-16) *

17. ա) Ինչո՞ւ լաւ է որ քանի մը պատասխան պատրաստենք։ բ) Ի՞նչ սորվեցար Եհովային ընկերը եղիր. Պատասխանդ պատրաստէ վիտէոյէն։

17 Եթէ կարելի է, քանի մը պատասխան պատրաստէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ թերեւս քեզի պատասխանելու առիթ չտրուի ամէն անգամ որ ձեռքդ բարձրացնես։ Ուրիշներ ալ իրենց ձեռքը պիտի բարձրացնեն եւ վարիչը թերեւս անոնցմէ մէկը ընտրէ։ Իսկ ժողովը որոշուած ժամանակին վերջացնելու համար, վարիչը կը սահմանափակէ իւրաքանչիւր կէտին համար տրուած պատասխաններուն թիւը։ Ուստի մի՛ վիրաւորուիր կամ մի՛ վհատիր, եթէ դասին սկիզբը պատասխանելու առիթ չտրուի քեզի։ Եթէ քանի մը պատասխան պատրաստես, աւելի առիթ պիտի ունենաս քննարկութեան մասնակցելու։ Թերեւս պատրաստած պատասխաններէդ մէկը ըլլայ՝ համար մը կարդալ։ Բայց եթէ կրնաս, պատասխան մըն ալ պատրաստէ քու բառերովդ *։

18. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ կարճ պատասխաններ տանք։

18 Կարճ պատասխաններ տուր։ Ընդհանրապէս շատ քաջալերական կ’ըլլան կարճ եւ պարզ պատասխանները։ Ուստի նպատակ դիր պատասխաններդ կարճ պահել։ Փորձէ 30 երկվայրկեանուան մէջ պատասխանել (Առ. 10։19. 15։23)։ Եթէ տարիներէ ի վեր ժողովներուն մէջ կը պատասխանես, կարեւոր դեր մը ունիս. կարճ պատասխաններ տալով ժողովքին օրինակ ըլլալ։ Եթէ պատասխանդ քանի մը վայրկեան տեւէ եւ շատ բարդ ըլլայ, ուրիշներ թերեւս վհատին, մտածելով որ բնա՛ւ պիտի չկարենան քու մակարդակիդ հասնիլ պատասխանելու մէջ։ Ասկէ զատ, կարճ պատասխաններ տալը առիթ կու տայ, որ աւելի՛ անհատներ ժողովին մասնակցին։ Մանաւանդ երբ հարցումի մը պատասխանը նա՛խ քեզի տրուի, պատասխանդ պարզ պահէ եւ միայն հիմնական կէտը ծածկէ։ Մի՛ փորձեր պարբերութեան բոլոր կէտերը նշել։ Պարբերութեան գլխաւոր գաղափարը քննարկուելէ ետք, կրնաս երկրորդական կէտերու մասին խօսիլ (տե՛ս « Ինչի՞ մասին կրնամ խօսիլ» շրջանակը)։

19. Վարիչը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, բայց ի՞նչ պէտք է ընես։

19 Վարիչը տեղեակ պահէ, թէ ո՛ր պարբերութեան կ’ուզես պատասխանել։ Ասիկա պէտք է ընես ժողովը սկսելէն շատ առաջ։ Երբ այդ պարբերութիւնը քննարկելու ժամանակը գայ, ձեռքդ անմիջապէս վեր բարձրացուր, որպէսզի եղբայրը կարենայ տեսնել։

20. Ժողովը ինչպէ՞ս կը նմանի ճաշի մը, որ բարեկամներու հետ կ’ուտենք։

20 Ժողովները կը նմանին ճաշի մը, որ բարեկամներուդ հետ կ’ուտես։ Սեպէ որ կարգ մը եղբայրներ քեզ ճաշի հրաւիրեցին եւ խնդրեցին որ պարզ ուտելիք մը պատրաստես։ Ինչպէ՞ս կը հակազդէիր։ Թերեւս քիչ մը ջղագրգիռ ըլլայիր, բայց լաւագոյնդ կ’ընէիր պատրաստելու համար բան մը, որ ամէն մարդ պիտի սիրէր։ Եհովան՝ մեր Հիւրընկալը, ժողովներուն մէջ բարիքներով լեցուն սեղան մը պատրաստած է (Սաղ. 23։5. Մատ. 24։45)։ Եւ կ’ուրախանայ երբ բերենք պարզ նուէր մը, բան մը որ մեր լաւագոյնն է։ Ուրեմն, լաւ պատրաստուէ եւ կարելի եղածին չափ շատ մասնակցէ։ Այսպէս, ոչ միայն Եհովայի սեղանէն սնունդ պիտի առնես, հապա նաեւ պիտի բերես նուէր մը, որ ամբողջ ժողովքը պիտի վայելէ։

ԵՐԳ 138 Անունդ Եհովա է

^ պարբ. 5 Սաղմոսերգու Դաւիթին պէս, բոլորս Եհովան կը սիրենք եւ զինք գովելով հաճոյք կը զգանք։ Մասնաւոր առիթ կ’ունենանք որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը յայտնենք, երբ պաշտամունքի համար կը հաւաքուինք մեր ժողովքին հետ։ Սակայն, մեզմէ ոմանք դժուարութիւն ունին ժողովներուն մէջ պատասխան տալու։ Եթէ այդ դժուարութիւնը ունիս, այս յօդուածը քեզի պիտի օգնէ, որ հասկնաս թէ ճիշդ ի՛նչ բաներէ կը վախնաս եւ այդ վախերը յաղթահարես։

^ պարբ. 17 jw.org/hyw կայքին մէջ, դիտէ Եհովային ընկերը եղիր. Պատասխանդ պատրաստէ վիտէոն։ Նայէ՛ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՏԵՍԱԵՐԻԶՆԵՐ > ԵՐԵԽԱՆԵՐ։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ժողովքի անդամներ ուրախութեամբ կը մասնակցին Դիտարան–ի քննարկութեան։

^ պարբ. 65 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ժողովքի անդամները, որոնք առաջին նկարին մէջ կը մասնակցին Դիտարան–ի քննարկութեան։ Հակառակ անոր որ ամէն մէկը տարբեր պարագաներ ունի, իւրաքանչիւրը ժամանակ կը տրամադրէ դասը պատրաստելու։