Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 6

Ուղղամտութիւնդ պահէ՛

Ուղղամտութիւնդ պահէ՛

«Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ» (ՅՈԲ 27։5

ԵՐԳ 29 Ուղղամտութեամբ քալել

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Այս պարբերութեան մէջի երեք Վկաները ինչպէ՞ս Եհովային հաւատարիմ մնացին։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ հետեւեալ երեք պարագաները, որոնց մէջ կրնան գտնուիլ Եհովայի վկաները։ 1) Պատանի քոյր մը դպրոցին մէջ է, երբ ուսուցիչը բոլոր աշակերտներէն կը խնդրէ, որ որոշ տօնի մը մասնակցին։ Քոյրը գիտէ որ Աստուած այդ տօնին չի հաճիր, ուստի յարգալից կերպով կը մերժէ մասնակցիլ։ 2) Ամչկոտ պատանի մը դռնէ դուռ կը քարոզէ։ Ան կ’անդրադառնայ որ յաջորդ տան մէջ իր դասընկերներէն մէկը կ’ապրի, որ ասկէ առաջ ծաղրած է Եհովայի վկաները։ Բայց եւ այնպէս, պատանին դուռը կը զարնէ։ 3) Եղբայր մը ծանր կ’աշխատի որ իր ընտանիքին ապրուստը ճարէ, եւ օր մը գործատէրը իրմէ կը պահանջէ, որ անպարկեշտ կամ անօրէն բան մը ընէ։ Եղբայրը, գիտնալով հանդերձ որ կրնայ իր գործը կորսնցնել, կը բացատրէ թէ պէտք է պարկեշտ ըլլայ եւ օրէնքին հնազանդի, քանի որ Աստուած իր ծառաներէն ասիկա կը պահանջէ (Հռով. 13։1-4. Եբ. 13։18

2. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք եւ ինչո՞ւ։

2 Այդ երեք անհատներուն մէջ ի՞նչ յատկութիւն կը տեսնես։ Թերեւս մէկէ աւելի, ինչպէս՝ քաջութիւն եւ պարկեշտութիւն։ Բայց շատ ուշագրաւ յատկութիւն մը կայ, որ արժէքաւոր է. ուղղամտութիւնը։ Երեք անհատներն ալ Եհովային հաւատարիմ են։ Իւրաքանչիւրը կը մերժէ Աստուծոյ չափանիշները բեկանել։ Ուղղամտութի՛ւնը զիրենք կը մղէ որ այդ կերպով վարուին։ Եհովան վստահաբար իրենցմով հպարտ կը զգայ, քանի որ այդ յատկութիւնը կը ցուցաբերեն։ Մենք ալ կ’ուզենք որ մեր երկնաւոր Հայրը մեզմով հպարտ զգայ։ Ուստի քննարկենք այս հարցումները. ի՞նչ է ուղղամտութիւնը։ Ինչո՞ւ ուղղամտութեան պէտք ունինք։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք աւելի վճռական ըլլալ, որ ուղղամիտ մնանք այս դժուար ժամանակներուն մէջ։

Ի՞ՆՉ Է ՈՒՂՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ

3. ա) Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս ուղղամտութիւն ցոյց կու տան։ բ) Ի՞նչ օրինակներ կ’օգնեն որ հասկնանք, թէ ուղղամտութիւնը ինչ կը նշանակէ։

3 Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս ուղղամտութիւն ցոյց կու տան։ Եհովան ամբողջ սրտով սիրելով եւ, առ ի արդիւնք, միշտ ընելով ինչ որ զինք կը հաճեցնէ։ Նկատի առ թէ «ուղղամտութիւն» բառը ինչպէ՛ս կը գործածուի Սուրբ Գիրքին մէջ։ «Ուղղամտութիւն» թարգմանուած եբրայերէն բառը կը նշանակէ՝ լիակատար, ամբողջական, անթերի կամ անարատ։ Օրինակ, իսրայէլացիները Եհովային անասնական զոհեր կը մատուցանէին, եւ Օրէնքը կ’ըսէր որ անասունները պէտք էր անարատ ըլլային (Ղեւ. 22։21, 22) *։ Աստուծոյ ժողովուրդին չէր արտօնուած մատուցանել անասուն մը, որուն մէկ ոտքը, ականջը կամ աչքը պակաս էր, կամ ալ հիւանդ էր։ Եհովային համար կարեւոր էր որ անասունը ամբողջական, անթերի կամ անարատ ըլլար (Մաղ. 1։6-9)։ Կրնա՛նք հասկնալ թէ Եհովան ինչու անարատութիւն կը փնտռէ։ Օրինակ, երբ պիտի գնենք պտուղ, գիրք կամ գործիք, չենք ուզեր գնել պտուղ մը, որուն մէկ մասը զարնուած է, կամ գիրք մը, որ պատռուած էջեր ունի, կամ ալ գործիք մը, որ պակաս կտորներ ունի։ Կ’ուզենք մեր գնածը ըլլայ ամբողջական կամ անթերի։ Եհովան նոյն բանը կը զգայ, իրեն հանդէպ մեր սիրոյն ու հաւատարմութեան առնչութեամբ։ Մեր սէրն ու հաւատարմութիւնը պէտք է լիակատար ըլլան։

4. ա) Ինչո՞ւ անկատար անձ մը կրնայ ուղղամիտ ըլլալ։ բ) Սաղմոս 103։12-14–ի համաձայն, Եհովան մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։

4 Արդեօք պէ՞տք է մտածենք որ ուղղամիտ ըլլալու համար պէտք է կատարեալ ըլլանք։ Անշուշտ ոչ։ Ի վերջոյ, անկատար ենք եւ շատ սխալներ կ’ընենք։ Նկատի առ երկու պատճառ, թէ ինչո՛ւ պէտք չէ այսպէս մտածենք։ Առաջին, Եհովան չի կեդրոնանար մեր թերութիւններուն վրայ։ Իր Խօսքը մեզի կ’ըսէ. «Եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ» (Սաղ. 130։3)։ Ան գիտէ թէ անկատար ու մեղաւոր մարդիկ ենք, եւ մեզի առատապէս կը ներէ (Սաղ. 86։5)։ Երկրորդ, Եհովան գիտէ մեր սահմանափակումները եւ մեզմէ չ’ակնկալեր ընել բան մը, որ մեր կարողութենէն վեր է (կարդա՛ Սաղմոս 103։12-14)։ Ուստի, ի՞նչ առումով իր աչքին կրնանք ամբողջական, անթերի կամ անարատ ըլլալ։

5. Եհովայի ծառաները ուղղամիտ ըլլալու համար, ինչո՞ւ պէտք է սէր ունենան։

5 Եհովայի ծառաներուն համար, ուղղամիտ ըլլալու գաղտնիքը սէրն է։ Մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր սէրն ու նուիրուածութիւնը պէտք է ամբողջական, անթերի կամ անարատ ըլլան։ Եթէ այդ տեսակ սէր պահպանենք, նոյնիսկ երբ փորձուինք, ուրեմն ուղղամիտ ենք (Ա. Մն. 28։9. Մատ. 22։37)։ Նորէն նկատի առ սկիզբը նշուած երեք Վկաներուն օրինակը։ Անոնք ինչո՞ւ այդպէս կը վարուին։ Պատանուհին կ’ատէ՞ դպրոցին մէջ ուրախ ժամանակ անցընել, կամ պատանին կը փափաքի՞ դրան առջեւ նեղ կացութեան մատնուիլ, կամ հայրը կ’ուզէ՞ իր գործը կորսնցնել։ Անշուշտ ո՛չ։ Անոնք գիտեն թէ Եհովան արդար չափանիշներ ունի, եւ իրենց միտքը կեդրոնացած է իրենց երկնաւոր Հայրը հաճեցնող բաներ ընելու վրայ։ Որովհետեւ զինք կը սիրեն, որոշում մը առնելէ առաջ՝ մի՛շտ իրեն մասին կը մտածեն։ Այսպէս անոնք կը փաստեն որ ուղղամիտ են։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ՈՒՂՂԱՄԻՏ ԸԼԼԱՆՔ

6. ա) Ինչո՞ւ պէտք է ուղղամիտ ըլլաս։ բ) Ադամն ու Եւան ինչպէ՞ս ցոյց տուին որ ուղղամիտ չեն։

6 Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ իւրաքանչիւրս ուղղամիտ ըլլանք։ Դուն ուղղամտութեան պէտք ունիս, քանի որ Սատանան Եհովային մարտահրաւէր ուղղած է եւ քեզի ալ մարտահրաւէր ուղղած է։ Այդ ըմբոստ հրեշտակը ինքզինք Սատանայ կամ «Հակառակորդ» ըրաւ Եդեմի պարտէզին մէջ։ Ան փորձեց Եհովայի համբաւին վնաս հասցնել, հասկցնելով թէ գէշ, անձնասէր եւ անպարկեշտ Իշխող մըն է։ Ցաւօք սրտի, Ադամն ու Եւան Սատանային կողմը դիրք բռնեցին եւ Եհովային դէմ ըմբոստացան (Ծն. 3։1-6)։ Եդեմի մէջ կեանքը անոնց շա՜տ առիթներ տուած էր, որ Եհովային հանդէպ իրենց սէրը զօրացնէին։ Բայց Սատանային փորձութեան ժամանակ, անոնց սէրը անթերի կամ ամբողջական չէր։ Յետագային, պատասխանուելիք հարցում մը ծագեցաւ. արդեօք մարդիկ սէրէ մղուած՝ Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ կը մնա՞ն։ Ուրիշ խօսքով, մարդիկ կրնա՞ն ուղղամիտ ըլլալ։ Այս հարցումը մէջտեղ եկաւ Յոբի պարագային։

7. Ինչպէս Յոբ 1։8-11–ը կը յայտնէ, Եհովան եւ Սատանան ի՞նչ զգացին Յոբին ուղղամտութեան նկատմամբ։

7 Յոբ ապրեցաւ այն ժամանակ, երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսի մէջ էին։ Ան բացառիկ ուղղամտութիւն ունէր։ Ան մեզի պէս անկատար էր եւ սխալներ կ’ընէր, բայց Եհովան զինք կը սիրէր իր ուղղամտութեան համար։ Այնպէս կ’երեւի որ Սատանան արդէն Եհովան նախատած էր մարդոց ուղղամտութեան հարցով։ Ուստի Եհովան Սատանային ուշադրութեան յանձնեց Յոբը, որուն կեանքի ընթացքը յայտնեց թէ Սատանան ստախօս է։ Սատանան Եհովայէն պահանջեց որ իրեն թոյլ տայ, որ Յոբին ուղղամտութիւնը փորձէ։ Եհովան իր բարեկամին՝ Յոբին կը վստահէր. հետեւաբար թոյլ տուաւ որ Սատանան զինք փորձէ (կարդա՛ Յոբ 1։8-11

8. Սատանան ինչպէ՞ս Յոբին վրայ յարձակեցաւ։

8 Սատանան անգութ է եւ ոճրագործ է։ Ան Յոբը զրկեց իր ամէն ունեցածէն,– հարստութիւնը, ծառաները եւ բարի համբաւը։ Ան յարձակեցաւ Յոբի ընտանիքին վրայ, եւ անոր տասը անգին զաւակները մեռցուց։ Ետքը, ան Յոբին առողջութիւնը խլեց, զինք գլուխէն մինչեւ ոտքին թաթը գէշ պալարներով զարնելով։ Յոբին կինը յուսահատ եւ շատ վշտացած ըլլալով՝ Յոբին ըսաւ որ յանձնուի, Աստուած անիծէ եւ մեռնի։ Յոբ ինք ալ ուզեց մեռնիլ, բայց շարունակեց իր ուղղամտութիւնը պահել։ Ետքը, Սատանան յարձակումի ուրիշ մեթոտ մը գործադրեց։ Ան Յոբին երեք բարեկամները գործածեց։ Անոնք օրերով Յոբին այցելութիւն տուին, բայց զինք չմխիթարեցին։ Փոխարէն, անգթօրէն ճառեր տուին եւ զինք յանդիմանեցին։ Ըսին թէ Աստուա՛ծ էր իր բոլոր նեղութիւններուն պատճառը եւ թէ իր ուղղամտութեամբ չէր հետաքրքրուած։ Անոնք նոյնիսկ հասկցուցին, որ Յոբ չար մարդ մը ըլլալով՝ արժանի էր որ այս բոլոր ցաւալի բաները գլխուն գային (Յոբ 1։13-22. 2։7-11. 15։4, 5. 22։3-6. 25։4-6

9. Հակառակ իր դիմագրաւած փորձութիւններուն, Յոբ ի՞նչ մերժեց ընել։

9 Յոբ ինչպէ՞ս հակազդեց այս բոլոր ցաւալի դէպքերուն։ Ան կատարեալ չէր։ Ան բարկութեամբ սուտ մխիթարիչները յանդիմանեց, եւ ըսաւ բաներ, որոնք յետագային ընդունեց թէ անսանձ խօսակցութիւն էին։ Ան իր արդարութիւնը աւելի պաշտպանեց քան՝ Աստուծոյ արդարութիւնը (Յոբ 6։3. 13։4, 5. 32։2. 34։5)։ Սակայն, նոյնիսկ իր ամէնէն գէշ պահերուն, Յոբ մերժեց Եհովային դէմ ելլել։ Իր կեղծ բարեկամներուն սուտերը չընդունեց։ Ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի, որ ձեզ արդարացնեմ։ Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ» (Յոբ 27։5)։ Այս խօսքերը շատ կարեւոր են, քանի որ կը փաստեն թէ Յոբ վճռած էր ուղղամիտ մնալ, ի՛նչ ալ պատահէր։ Ան մերժեց յանձնուիլ. մենք ալ կրնանք նոյնը ընել։

10. Ինչպէ՞ս պարփակուած ես այն հարցին մէջ, որ Սատանան Յոբին նկատմամբ մէջտեղ հանեց։

10 Սատանան նոյն ամբաստանութիւնները կ’ընէ մեզի դէմ։ Դուն ինչպէ՞ս պարփակուած ես։ Իրականութեան մէջ, ան կ’ըսէ թէ դուն Եհովան իրապէս չես սիրեր, թէ կեանքդ ազատելու համար՝ Եհովային ծառայելէ պիտի դադրիս, եւ թէ ուղղամիտ պիտի չմնաս (Յոբ 2։4, 5. Յայտ. 12։10)։ Ասիկա գիտնալով ի՞նչ կը զգաս։ Կը վիրաւորուիս, չէ՞։ Սակայն մտածէ՛. Եհովան քեզի ա՛յնքան կը վստահի որ քեզի հոյակապ առիթ մը տուած է, թոյլ տալով Սատանային որ ուղղամտութիւնդ փորձէ։ Եհովան վստահ է որ կրնաս ուղղամիտ մնալ եւ փաստել որ Սատանան ստախօս է։ Ան կը խոստանայ այս հարցին մէջ քեզի օգնել (Եբ. 13։6)։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է տիեզերքի Գերիշխանին վստահութիւնը ունենալ։ Ուրեմն, կը տեսնե՞ս ուղղամտութիւնը ինչո՛ւ այսքան կարեւոր է։ Անիկա կը ձգէ որ Սատանային սուտերը հերքենք եւ մեր Հօր բարի անունը վեր բռնենք ու իր իշխելու կերպին թիկունք կանգնինք։ Այս կարեւոր յատկութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք կերտել։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՈՒՂՂԱՄԻՏ ՄՆԱԼ

11. Յոբէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

11 Չարչարանքով լեցուն այս «վերջին օրեր»ուն մէջ, Սատանան մեր վրայ իր յարձակումները աւելցուցած է (Բ. Տիմ. 3։1)։ Այս խաւար ժամանակներուն, ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ զօրացնել որ մեր ուղղամտութիւնը պահենք։ Այս առնչութեամբ կրնանք Յոբէն շատ բան սորվիլ։ Իր փորձութիւնները սկսելէն շա՜տ առաջ, Յոբ արդէն շա՜տ անգամ Եհովայի հանդէպ ուղղամիտ մնացած էր։ Նկատի առ երեք դաս, որոնք Յոբէն կրնանք սորվիլ մենք մեզ զօրացնելու մասին։

Ո՞ր կարգ մը կերպերով կրնանք մենք մեզ զօրացնել, որ ուղղամիտ մնանք (տե՛ս պարբերութիւն 12) *

12. ա) Ինչպէս Յոբ 26։7, 8, 14–ը կը յայտնէ, Յոբ ինչպէ՞ս Եհովայի հանդէպ հիացմունք ու յարգանք զարգացուց։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի հանդէպ մեր ակնածանքը աւելցնել։

12 Յոբին հիացմունքը Եհովայի բոլոր ըրածներուն վրայ, Եհովայի հանդէպ իր սէրը աւելցուց։ Յոբ ժամանակ տրամադրեց Եհովայի ստեղծագործութեան հրաշալիքներուն մասին խոկալու (կարդա՛ Յոբ 26։7, 8, 14)։ Ան սքանչացաւ երբ մտածեց երկրագունդին, երկինքին, ամպերուն եւ որոտումին մասին, բայց միեւնոյն ատեն գիտակցեցաւ, թէ շատ քիչ գիտէր ստեղծագործութեան մասին։ Ան նաեւ մեծապէս արժեւորեց Եհովայի արտայայտութիւնները։ Ան ըսաւ. «Անոր բերնին խօսքերը. . . պահեցի» (Յոբ 23։12)։ Յոբ հիացաւ Եհովային վրայ եւ անոր հանդէպ յարգանքով լեցուեցաւ։ Ան իր Հայրը կը սիրէր եւ կ’ուզէր զինք հաճեցնել։ Այսպիսով Յոբ աւելի վճռական եղաւ ուղղամիտ մնալու։ Պէտք է Յոբին ըրածը ընենք։ Մենք ստեղծագործութեան հրաշալիքներուն մասին շա՜տ աւելի գիտենք քան՝ Յոբի ժամանակակիցները։ Եւ ամբողջ Աստուածաշունչը ունինք, որ մեզի կ’օգնէ Եհովան լաւ ճանչնալու։ Մեր բոլոր սորվածները կրնան օգնել որ մեր սիրտը երախտագիտութեամբ լեցուի։ Այսպէս, Եհովայի հանդէպ մեր յարգանքն ու ակնածանքը մեզ պիտի մղեն, որ զինք սիրենք ու իրեն հնազանդինք եւ խոր փափաք մշակենք մեր ուղղամտութիւնը պահելու (Յոբ 28։28

Ուղղամիտ մնալու համար մենք մեզ կը զօրացնենք՝ պոռնկագրութիւնը մերժելով (տե՛ս պարբերութիւն 13) *

13-14. ա) Յոբ 31։1–ի համաձայն, Յոբ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ հնազանդ էր։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Յոբի օրինակին հետեւիլ։

13 Յոբ ուղղամիտ մնալու համար ինքզինք զօրացուց՝ ամէն բանի մէջ հնազանդ ըլլալով։ Ան գիտէր որ ուղղամիտ ըլլալու համար, պէտք է Եհովային հնազանդի։ Իրականութեան մէջ, ամէն անգամ որ բանի մը մէջ Եհովային հնազանդ կ’ըլլանք, ուղղամիտ մնալու մեր վճռականութիւնը կը զօրանայ։ Յոբ շատ ջանք թափեց որ իր առօրեայ կեանքին մէջ Աստուծոյ հնազանդի։ Օրինակ, ան ուշադիր էր թէ կիներուն հետ ինչպէ՛ս պէտք է վարուի (կարդա՛ Յոբ 31։1)։ Ամուսնացած ըլլալով, ան գիտէր թէ պատշաճ չէ որ ռոմանթիկ գետնի վրայ ուշադրութիւն դարձնէ իր կնոջմէն զատ ուրիշ ոեւէ կնոջ։ Այսօր կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ շարունակ մեզ կը փորձէ սեռային գետնի վրայ։ Յոբին պէս պիտի մերժե՞նք անպատշաճ ուշադրութիւն դարձնել մէկու մը, որուն հետ չենք ամուսնացած։ Ասկէ զատ, պիտի մերժե՞նք լկտի կամ պոռնկագրական նկարներ դիտել, ո՛ւր որ ալ գտնուին (Մատ. 5։28)։ Եթէ ամէն օր այս մարզին մէջ ինքնազսպում ունենանք, մենք մեզ պիտի զօրացնենք որ ուղղամիտ մնանք։

Ուղղամիտ մնալու համար մենք մեզ կը զօրացնենք՝ նիւթական բաներու շուրջ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալով (տե՛ս պարբերութիւն 14) *

14 Յոբ նաեւ հնազանդութիւն ցոյց տուաւ՝ նիւթական բաներու շուրջ Եհովայի տեսակէտը ունենալով։ Ան հասկցաւ որ եթէ իր վստահութիւնը դնէր իր ստացուածքին վրայ, շատ լուրջ մեղք մը գործած պիտի ըլլար եւ պատիժի պիտի արժանանար (Յոբ 31։24, 25, 28)։ Ներկայ աշխարհը շա՜տ նիւթապաշտ է։ Եթէ դրամի եւ ստացուածքներու նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մշակենք, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ ընենք, աւելի վճռական պիտի դառնանք ուղղամիտ մնալու (Առ. 30։8, 9. Մատ. 6։19-21

Ուղղամիտ մնալու համար մենք մեզ կը զօրացնենք՝ մեր յոյսը վառ պահելով (տե՛ս պարբերութիւն 15) *

15. ա) Ինչպիսի՞ վարձատրութիւն ակնկալելը Յոբին օգնեց որ ուղղամիտ մնայ։ բ) Ինչո՞ւ օգտակար է մեր մտքին մէջ վառ պահել աստուածատուր յոյսը։

15 Յոբ իր ուղղամտութիւնը պահեց, կեդրոնանալով այն յոյսին վրայ, թէ Աստուած զինք պիտի վարձատրէր։ Ան կը հաւատար որ Աստուած իր ուղղամտութեամբ իրապէս հետաքրքրուած է (Յոբ 31։6)։ Հակառակ իր փորձութիւններուն, Յոբ վստահ էր որ Եհովան ի վերջոյ զինք պիտի վարձատրէր։ Անկասկած այդ վստահութիւնը իրեն օգնեց, որ իր ուղղամտութիւնը ամուր բռնէ։ Եհովան ա՛յնքան ուրախացաւ Յոբի ուղղամտութիւնը տեսնելով, որ զինք առատապէս վարձատրեց երբ դեռ անկատար էր (Յոբ 42։12-17. Յակ. 5։11)։ Ապագային, ան աւելի մեծ վարձատրութիւններ պիտի ստանայ։ Դուն ալ զօրաւոր յոյս ունի՞ս, որ Եհովան ուղղամտութեանդ համար քեզ պիտի վարձատրէ։ Աստուած չէ փոխուած (Մաղ. 3։6)։ Երբ յիշենք որ ան մեր ուղղամտութիւնը կ’արժեւորէ, կրնանք գեղեցիկ ապագայ մը ունենալու մեր յոյսը վառ պահել մեր սրտին մէջ (Ա. Թես. 5։8, 9

16. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

16 Ուրեմն, վճռէ՛ միշտ ուղղամիտ մնալ։ Երբեմն թերեւս զգաս որ միայն դուն ուղղամտութիւնդ կը պահես. բայց բնա՛ւ առանձին պիտի չըլլաս։ Պիտի ըլլաս միլիոնաւոր ուղղամիտներէն, որոնք աշխարհի չորս կողմը կը գտնուին։ Նաեւ պիտի միանաս այն հաւատքի տէր տղամարդոց եւ կիներուն, որոնք անցեալին ուղղամիտ մնացին, նոյնիսկ երբ սպաննուելու սպառնալիքին առջեւ գտնուեցան (Եբ. 11։36-38. 12։1)։ Թող որ բոլորս վճռենք ուղղամիտ մնալ Յոբին պէս, որ ըսաւ. «Իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ»։ Եւ թող որ մեր ուղղամտութիւնը Եհովան փառաւորէ յաւիտեա՛ն։

ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք

^ պարբ. 5 Ի՞նչ է ուղղամտութիւնը։ Եհովան ինչո՞ւ իր ծառաներուն մէջ այդ յատկութիւնը կ’արժեւորէ։ Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ուղղամիտ ըլլանք։ Յօդուածը մեզի պիտի օգնէ, որ տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս կը պատասխանէ այդ հարցումներուն։ Նաեւ, յստակօրէն պիտի բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մենք մեզ զօրացնել, որ ամէն օր ուղղամիտ մնանք։ Այսպէս ընելով մեծ օրհնութիւններ պիտի վայելենք։

^ պարբ. 3 Անասունի նկատմամբ «անարատ» թարգմանուած եբրայերէն բառը կապ ունի «ուղղամտութիւն» թարգմանուած բառին հետ, որ մարդոց համար կը գործածուի։

^ պարբ. 50 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Կը տեսնենք Յոբը որպէս երիտասարդ հայր, որ իր զաւակներէն ոմանց կը սորվեցնէ Եհովայի ստեղծագործութեան հրաշալիքներուն մասին։

^ պարբ. 52 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը կը մերժէ պոռնկագրութիւն դիտել իր գործընկերներուն հետ։

^ պարբ. 54 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը դէմ կը դնէ մեծ եւ սուղ հեռատեսիլ գնելու ճնշումին, քանի որ հեռատեսիլին պէտք չունի, ոչ ալ կրնայ գնել։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը ժամանակ կը տրամադրէ՝ աղօթքով խոկալու Դրախտի յոյսին մասին։