Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 7

Հեզութիւն մշակէ՛ եւ Եհովան հաճեցուր

Հեզութիւն մշակէ՛ եւ Եհովան հաճեցուր

«Տէ՛րը փնտռեցէք, ո՛վ երկրի բոլոր հեզերը. . . հեզութի՛ւն փնտռեցէք» (ՍՈՓ. 2։3, ԱԾ

ԵՐԳ 95 ‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք, թէ Եհովան բարի է’

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Մովսէս ինչպէ՞ս կը նկարագրուի, եւ ի՞նչ բաներ ըրաւ։ բ) Հեզութիւն մշակելու ի՞նչ շարժառիթ ունինք։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Մովսէսին համար կ’ըսէ, որ «շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի» (Թւ. 12։3)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ տկար անձնաւորութիւն ունէր, անվճռական էր, եւ կը վախնար հաստատ մնալու, երբ ուրիշներ իրեն հակառակէին։ Կարգ մը մարդիկ հեզ անձը այսպէս կը նկարագրեն. բայց ասիկա բնա՛ւ ճիշդ չէ։ Մովսէս զօրաւոր, վճռական եւ քաջ ծառայ մըն էր Աստուծոյ։ Եհովայի օգնութեամբ, ան Եգիպտոսի հզօր կառավարիչին կրկին անգամ ներկայացաւ, մօտ 3,000,000 մարդիկ անապատին մէջ առաջնորդեց եւ իսրայէլ ազգին օգնեց թշնամիներուն յաղթելու։

2 Մենք Մովսէսին ունեցած նոյն դժուարութիւնները չունինք, բայց ամէն օր կը հանդիպինք մարդոց կամ կը դիմագրաւենք պարագաներ, որոնք հեզ ըլլալը կը դժուարացնեն։ Սակայն հեզութիւն մշակելու զօրաւոր շարժառիթ մը ունինք։ Եհովան կը խոստանայ, որ «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը» (Սաղ. 37։11)։ Արդեօք դուն քեզ կը նկարագրե՞ս որպէս հեզ անձ մը։ Այս ուղղութեամբ ուրիշները ի՞նչ կ’ըսեն քու մասիդ։ Այս կարեւոր հարցումներուն պատասխանելէ առաջ, պէտք է գիտնանք թէ ի՛նչ ըսել է հեզ ըլլալ։

Ի՞ՆՉ Է ՀԵԶՈՒԹԻՒՆԸ

3-4. ա) Հեզութիւնը ինչի՞ կը նմանի։ բ) Եթէ կ’ուզենք հեզ ըլլալ, ի՞նչ երեք յատկութիւններ պէտք է ունենանք, եւ ինչո՞ւ։

3 Հեզութիւնը * կը նմանի գեղեցիկ նկարի մը։ Ինչպէ՞ս։ Ճիշդ ինչպէս որ գեղանկարիչը նկար մը պատրաստելու համար, շարք մը գեղեցիկ գոյներու խառնուրդ կը գործածէ, նոյնպէս մենք հեզ ըլլալու համար, պէտք է կարգ մը գեղեցիկ յատկութիւններ միեւնոյն ատեն դրսեւորենք։ Այս յատկութիւններէն են՝ խոնարհութիւն, հնազանդութիւն եւ ներքին զօրութիւն։ Ինչո՞ւ ճիշդ այս յատկութիւնները պէտք է ցոյց տանք, եթէ կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել։

4 Միայն խոնարհ մարդիկը Աստուծոյ կամքին կը հնազանդին եւ հեզ կ’ըլլան (Մատ. 5։5. Գաղ. 5։23)։ Երբ Աստուծոյ կամքը կ’ընենք, Սատանան կը կատղեցնենք։ Ուստի, թէեւ խոնարհ ենք, շատեր, որոնք Սատանայի աշխարհին կը պատկանին, մեզ կ’ատեն (Յովհ. 15։18, 19)։ Հետեւաբար պէտք է ներքին զօրութիւն ունենանք, որպէսզի Սատանային դէմ դնենք։

5-6. ա) Սատանան ինչո՞ւ հեզ մարդիկը կ’ատէ։ բ) Ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

5 Հեզ անձին հակառակն է այն անձը, որ հպարտ է, իր բարկութիւնը չի զսպեր եւ Եհովային չի հնազանդիր։ Սատանան ճիշդ ա՛յս նկարագիրը ունի։ Անոր համար զարմանալի չէ որ հեզ մարդիկը կ’ատէ. անոնք իրենց լաւ յատկութիւններով իր չար ըլլալը մէջտեղ կը հանեն եւ կը փաստեն որ ստախօս է,– բան մը որ բնա՛ւ Սատանային հաշւոյն չի գար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան ի՛նչ ալ ըսէ կամ ընէ, չի կրնար հեզ մարդիկը արգիլել որ Եհովային ծառայեն (Յոբ 2։3-5

6 Ե՞րբ թերեւս դժուար ըլլայ որ հեզ ըլլանք։ Եւ ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք հեզութիւն մշակել։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, նկատի առնենք երեք օրինակ. Մովսէս, Բաբելոնի մէջ երեք եբրայեցի գերիները եւ Յիսուս։

Ե՞ՐԲ ԴԺՈՒԱՐ Է ՀԵԶ ԸԼԼԱԼ

7-8. Մովսէս ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ ուրիշներ իրեն հետ անյարգալից կերպով վարուեցան։

7 Երբ հեղինակութիւն ունինք։ Հեղինակութիւն ունեցողներուն համար կրնայ հեզ մնալը դժուար ըլլալ, մանաւանդ երբ իրենց պատասխանատուութեան տակ եղող անձ մը իրենց հետ անյարգալից կերպով վարուի կամ ըսէ որ իրենց առած որոշումները լաւ չեն։ Այդպիսի պարագայէ մը անցա՞ծ ես։ Եթէ ընտանիքի անդամ մը քեզի հետ այդ կերպով վարուէր, ի՞նչ պիտի ընէիր։ Տե՛ս թէ Մովսէս այս տեսակ պարագայի մէջ ինչպէ՛ս վարուեցաւ։

8 Եհովան Մովսէսը իսրայէլ ազգին առաջնորդ նշանակեց եւ իրեն պատիւ տուաւ, որ ազգին համար օրէնքները գրի առնէ։ Կասկած չկար որ Եհովան Մովսէսին հետ էր։ Այսուհանդերձ, Մովսէսի քոյրն ու եղբայրը իրեն դէմ խօսեցան, քննադատելով օտար կնոջ հետ ամուսնանալը։ Մովսէսին դիրքը ունեցող կարգ մը տղամարդիկ թերեւս բարկանային եւ փորձէին վրէժ առնել. բայց Մովսէս այդպէս չըրաւ։ Ան դիւրաւ չնեղուեցաւ։ Նոյնիսկ Եհովային աղաչեց որ Մարիամին տրուած պատիժը վերցնէ (Թւ. 12։1-13)։ Մովսէս ինչո՞ւ այդպէս հակազդեց։

Մովսէս Եհովային աղաչեց որ Մարիամին տրուած պատիժը վերցնէ (տե՛ս պարբերութիւն 8)

9-10. ա) Եհովան Մովսէսին օգնեց ի՞նչ հասկնալու։ բ) Ընտանիքներու գլուխները եւ երէցները Մովսէսէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։

9 Մովսէս առիթ տուած էր որ Եհովան զինք մարզէր։ Մօտ 40 տարի առաջ, Եգիպտոսի արքայական ընտանիքին մէկ անդամը եղած ատեն, ան հեզ չէր։ Իրականութեան մէջ, ան ա՛յնքան դիւրագրգիռ դարձաւ, որ մեռցուց մարդ մը, որ իր կարծիքով անարդար կերպով կը վարուէր։ Մովսէս ենթադրած էր, որ Եհովան համաձայն պիտի գտնուի իր ըրածին։ Եհովան 40 տարի տրամադրեց Մովսէսին օգնելու, որ հասկնայ թէ իսրայէլացիները առաջնորդելու համար քաջ ըլլալը բաւարար չէ. պէտք է հեզ ըլլայ։ Եւ հեզ ըլլալու համար, պէտք է նաեւ խոնարհ, հնազանդ եւ մեղմ ըլլայ։ Ան այդ դասը շատ լաւ սորվեցաւ եւ հոյակապ վերակացու մը դարձաւ (Ել. 2։11, 12. Գործք 7։21-30, 36

10 Այսօր լաւ կ’ըլլայ որ ընտանիքներու գլուխները եւ երէցները Մովսէսը ընդօրինակեն։ Երբ մէկը ձեզի հետ յարգանքով չվարուի, դիւրաւ մի՛ նեղուիք։ Խոնարհութեամբ ընդունեցէք ձեր սխալները (Ժող. 7։9, 20)։ Խնդիրները ինչպէ՛ս լուծելու նկատմամբ, Եհովային հնազանդելով իր ուղղութեան հետեւեցէք։ Եւ միշտ մեղմ պատասխան տուէք (Առ. 15։1)։ Ընտանիքներու գլուխները եւ երէցները, որոնք այդպէս կ’ընեն, Եհովան կը հաճեցնեն, խաղաղութիւնը կը պահեն եւ հեզ ըլլալու մէջ օրինակ կը հանդիսանան։

11-13. Երեք եբրայեցիները ի՞նչ օրինակ եղան մեզի։

11 Երբ կը հալածուինք։ Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, մարդկային կառավարիչներ Եհովայի ժողովուրդը հալածած են։ Անոնք թերեւս ըսեն որ որոշ «ոճիրներ» գործած ենք, բայց անոնց բարկութեան բուն պատճառը այն է, որ կ’ընտրենք ‘առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ, քան թէ՝ մարդոց’ (Գործք 5։29)։ Թերեւս մեզ ծաղր ընեն, բանտարկեն կամ նոյնիսկ ծեծեն։ Սակայն Եհովայի օգնութեամբ, վրէժ պիտի չառնենք եւ հանդարտ պիտի մնանք։

12 Տե՛ս թէ երեք աքսորեալ եբրայեցիներ՝ Անանիա, Միսայէլ եւ Ազարիա, ի՜նչ լաւ օրինակ եղան մեզի *։ Բաբելոնի թագաւորը իրենց հրամայեց, որ ոսկիէ մեծ արձանի առջեւ երկրպագութիւն ընեն։ Անոնք թագաւորին մեղմօրէն բացատրեցին, թէ ինչո՛ւ արձանը չեն պաշտեր։ Անոնք Աստուծոյ հնազանդ մնացին, հակառակ անոր որ թագաւորը սպառնաց զիրենք այրել բորբոքած կրակի հնոցի մը մէջ։ Եհովան որոշեց այդ տղամարդիկը անմիջապէս ազատել, բայց անոնք չենթադրեցին այս մէկը, հապա պատրաստ էին ընդունելու ի՛նչ որ ալ Եհովան թոյլատրէր (Դան. 3։1, 8-28)։ Անոնք փաստեցին որ հեզերը իրապէս քաջ են. ո՛չ մէկ թագաւոր, ո՛չ մէկ սպառնալիք եւ ո՛չ մէկ պատիժ կրնան արգելք ըլլալ, որ միա՛յն Եհովան պաշտենք (Ել. 20։4, 5

13 Երբ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը փորձուի, ինչպէ՞ս կրնանք երեք եբրայեցիները ընդօրինակել։ Խոնարհաբար Եհովային կը վստահինք, որ մեզի հոգ տանի (Սաղ. 118։6, 7)։ Մեղմութեամբ եւ յարգալից կերպով կը պատասխանենք անոնց, որոնք մեզի դէմ ամբաստանութիւններ կ’ընեն (Ա. Պետ. 3։15)։ Եւ կը մերժենք ընել որեւէ բան, որ մեր սիրալիր Հօր հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը վտանգէ։

Երբ ուրիշներ մեզի հակառակին, յարգալից կերպով կը պատասխանենք (տե՛ս պարբերութիւն 13)

14-15. ա) Երբ ճնշումի տակ ըլլանք, ի՞նչ կրնայ պատահիլ։ բ) Եսայի 53։7, 10–ի համաձայն, ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Յիսուս՝ ճնշումի տակ հեզ մնալու ամէնէն ուշագրաւ օրինակն է։

14 Երբ ճնշումի տակ ենք։ Բոլորս ճնշուած կը զգանք զանազան պատճառներով։ Թերեւս ճնշուած զգացած ենք դպրոցը՝ գրաւոր ընելէ առաջ, կամ գործատեղը՝ մասնայատուկ աշխատանք մը կատարելէ առաջ։ Կամ թերեւս կը ճնշուինք, երբ պարզապէս մտածենք վիրահատութեան մը կամ բժշկական քննութիւններու մասին, որոնց պիտի ենթարկուինք։ Երբ ճնշումի տակ ենք, հեզ ըլլալը դժուար է. այն բաները որ ընդհանրապէս մեզ չեն նեղացներ, թերեւս սկսին մեզ դիւրագրգիռ դարձնել։ Առ ի արդիւնք, մեր խօսքերը կրնան վիրաւորական դառնալ, իսկ մեր ձայնին թոնը՝ չոր։ Եթէ այսպիսի վիճակ ունեցած ես, Յիսուսի օրինակը նկատի առ։

15 Իր երկրային կեանքին վերջին ամիսներուն ընթացքին, Յիսուս խիստ ճնշումի տակ էր։ Ան գիտէր թէ շատ պիտի չարչարուէր եւ թէ մահապատիժի պիտի ենթարկուէր (Յովհ. 3։14, 15. Գաղ. 3։13)։ Մեռնելէ քանի մը ամիս առաջ, ան ըսաւ որ տագնապի մէջ է (Ղուկ. 12։50)։ Իսկ իր մահէն միայն քանի մը օր առաջ ըսաւ՝ ‘խռոված եմ’։ Կը տեսնենք թէ որքա՜ն խոնարհ է եւ Աստուծոյ հնազանդ է, երբ իր զգացումները արտայայտելով աղօթեց. «Հա՛յր, զիս ազատէ այս ժամէն. բայց ես եկայ այս ժամուան համար։ Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ» (Յովհ. 12։27, 28)։ Երբ ժամանակը հասաւ, Յիսուս քաջաբար ինքզինք Աստուծոյ թշնամիներուն յանձնեց, որոնք զինք մահապատիժի ենթարկեցին չափազանց ցաւալի եւ նուաստացուցիչ կերպով։ Հակառակ իր դիմագրաւած ճնշումին եւ չարչարանքին, ան հեզութեամբ Աստուծոյ կամքը ըրաւ։ Վստահութեամբ կրնանք ըսել, թէ Յիսուս՝ ճնշումի տակ հեզ մնալու ամէնէն ուշագրաւ օրինակն է (կարդա՛ Եսայի 53։7, 10

Յիսուս հեզութեան մեծագոյն օրինակն է (տե՛ս պարբերութիւն 16-17) *

16-17. ա) Յիսուսի բարեկամները իր հեզ ըլլալը ինչպէ՞ս դժուարացուցին։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։

16 Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին գիշերը, իր մտերիմ բարեկամները իր հեզ ըլլալը դժուարացուցին։ Երեւակայէ թէ Յիսուս որքա՛ն ճնշուած կը զգար այդ գիշեր։ Արդեօք մինչեւ մահ լիովին հաւատարիմ պիտի մնա՞ր։ Միլիառաւոր մարդոց կեանքը իրմէ կախեալ էր (Հռով. 5։18, 19)։ Եւ աւելի կարեւորը, իր արարքները պիտի ազդէին իր Հօր համբաւին (Յոբ 2։4)։ Եւ հիմա, վերջին ընթրիքին ընթացքին, առաքեալներուն մէջ ‘վէճ մը եղաւ’՝ «թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի»։ Յիսուս կրկին անգամ այս նիւթին նկատմամբ իր բարեկամները սրբագրած էր,– եւ նոյնիսկ նոյն գիշերը։ Ուշադրութեան արժանի է, որ Յիսուս չբարկացաւ, հապա հանդարտ մնաց։ Ան ազնուօրէն բայց հաստատ կերպով դարձեալ բացատրեց, թէ ի՛նչ կեցուածք պէտք է ունենան։ Ետքը, զիրենք գովեց, քանի որ իրեն հաւատարմօրէն կառչած էին (Ղուկ. 22։24-28. Յովհ. 13։1-5, 12-15

17 Ինչպէ՞ս կը հակազդէիր, եթէ նման բան մը քեզի պատահէր։ Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել եւ հանդարտ մնալ, նոյնիսկ երբ ճնշումի տակ ենք։ Յօժարաբար հնազանդինք ‘իրարու համբերելու’ Եհովայի պատուէրին (Կող. 3։13)։ Այս պատուէրին պիտի հնազանդինք, եթէ յիշենք թէ բոլո՛րս կ’ըսենք եւ կ’ընենք բաներ, որոնք ուրիշները կը ջղայնացնեն (Առ. 12։18. Յակ. 3։2, 5)։ Եւ ջանանք ուրիշները գովել իրենց լաւ յատկութիւններուն համար (Եփ. 4։29

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՈՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՀԵԶՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵԼ

18. Եհովան ինչպէ՞ս հեզ մարդոց կ’օգնէ որ լաւ որոշումներ առնեն, բայց ի՞նչ պէտք է ընեն։

18 Աւելի լաւ որոշումներ պիտի առնենք։ Երբ դժուար ընտրութիւններու առջեւ գտնուինք, Եհովան մեզի պիտի օգնէ, որ լաւ որոշումներ առնենք,– միայն եթէ հեզ ենք։ Ան կը խոստանայ որ «հեզերուն խնդրանքը» պիտի լսէ (Սաղ. 10։17, ՆԱ)։ Եւ աւելին ալ պիտի ընէ։ Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ. «Իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ» (Սաղ. 25։9)։ Եհովան կ’առաջնորդէ՝ Սուրբ Գիրքին եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին պատրաստած հրատարակութիւններուն *, վիտէօներուն եւ ժողովներուն միջոցաւ (Մատ. 24։45-47)։ Պէտք է Եհովային օգնութիւնը ընդունինք։ Ինչպէ՞ս։ Խոնարհ ըլլալով ու գիտակցելով թէ օգնութեան պէտք ունինք, Եհովային հայթայթած նիւթերը սերտելով եւ մեր սորվածը սրտանց գործադրելով։

19-21. Մովսէս ի՞նչ սխալ ըրաւ Կադէսի մէջ, եւ ասկէ ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։

19 Աւելի քիչ սխալներ պիտի ընենք։ Նորէն մտածէ Մովսէսին մասին։ Ան տասնեակ տարիներ հեզ մնաց եւ Եհովան հաճեցուց։ Բայց իսրայէլացիները անապատին մէջ շուրջ 40 տարի թափառելէ ետք, Մովսէս հեզութիւն ցոյց տալուն մէջ թերացաւ։ Իր քոյրը, որ Եգիպտոսի մէջ շատ հաւանաբար օգնեց իր կեանքը փրկուելու, դեռ նոր մեռած էր եւ Կադէսի մէջ թաղուած էր։ Եւ հիմա իսրայէլացիները անգամ մը եւս կ’ըսէին թէ իրենց լաւ հոգ չէր տարուեր։ Այս անգամ «Մովսէսին հետ վիճեցան» ջուր չըլլալուն պատճառով։ Հակառակ այն բոլոր հրաշքներուն որ Եհովան Մովսէսին միջոցաւ ըրած էր եւ հակառակ անոր որ Մովսէս այսքան երկար ժամանակ ժողովուրդը անձնուիրաբար առաջնորդած էր, անոնք գանգատեցան։ Գանգատեցան ոչ միայն ջուր չըլլալուն համար, հապա նաեւ՝ Մովսէսին դէմ,– կարծես թէ իրենց ծարաւ ըլլալը ի՛ր յանցանքն էր (Թւ. 20։1-5, 9-11

20 Բարկութեան մէջ, Մովսէս իր հեզ կեցուածքը կորսնցուց։ Փոխանակ հաւատքով ժայռին խօսելու, ինչպէս որ Եհովան պատուիրած էր, դառնօրէն ժողովուրդին հետ խօսեցաւ, եւ ըսաւ որ հրաշք մը պիտի գործէր։ Ետքը, ժայռին երկու անգամ զարկաւ եւ առատօրէն ջուր ելաւ։ Հպարտութիւնն ու բարկութիւնը պատճառ դարձան որ լուրջ սխալ մը գործէ (Սաղ. 106։32, 33)։ Ժամանակաւորապէս հեզութիւն չունենալով, անոր թոյլ չտրուեցաւ, որ Աւետեաց երկիրը մտնէ (Թւ. 20։12

21 Այս դէպքէն շատ կարեւոր դասեր կը սորվինք։ Նախ, պէտք է մի՛շտ աշխատինք մեր հեզ կեցուածքը պահպանելու համար։ Եթէ ատեն մը չջանանք հեզ ըլլալ, հպարտութիւնը ետ ի յայտ պիտի գայ եւ ձգէ որ անմտօրէն խօսինք ու վարուինք։ Երկրորդ, ճնշուածութիւնը կրնայ մեզ տկարացնել, անոր համար պէտք է լրջօրէն ջանանք հեզ ըլլալ, նոյնիսկ երբ ճնշումի տակ ենք։

22-23. ա) Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք հեզութիւն մշակել։ բ) Սոփոնիա 2։3–ի խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ։

22 Պաշտպանուած պիտի ըլլանք։ Շուտով Եհովան չար մարդիկը պիտի բնաջնջէ եւ երկրի վրայ միայն հեզերը պիտի մնան։ Այդ ժամանակ երկիրը իրապէս խաղաղ վայր մը պիտի ըլլայ (Սաղ. 37։10, 11)։ Դուն այդ հեզ մարդոց մէջ պիտի ըլլա՞ս։ Կրնա՛ս ըլլալ, եթէ ընդառաջես Եհովայի այս ջերմ հրաւէրին, որ Սոփոնիա մարգարէն արձանագրեց. «Տէ՛րը փնտռեցէք, ո՛վ երկրի բոլոր հեզերը, դո՛ւք՝ որ անոր դատավճիռը կը գործադրէք։ Արդարութի՛ւն փնտռեցէք, հեզութի՛ւն փնտռեցէք. թերեւս Տէրոջ բարկութեան օրը պատսպարուիք» (Սոփ. 2։3, ԱԾ

23 Սոփոնիա 2։3–ը ինչո՞ւ կ’ըսէ. «Թերեւս Տէրոջ բարկութեան օրը պատսպարուիք»։ Այս խօսքը չի նշանակեր որ Եհովան կարող չէ պաշտպանել անոնք, որոնք կ’ուզեն զինք հաճեցնել եւ որոնց հանդէպ սէր ունի. հապա կը նշանակէ, որ պէտք է բան մը ընենք, որպէսզի պաշտպանուինք։ Մենք կարելիութիւնը ունինք «Տէրոջը բարկութեան օրը» ողջ մնալու եւ յաւիտեան ապրելու, եթէ հի՛մա ջանք թափենք որ հեզութիւն մշակենք եւ Եհովան հաճեցնենք։

ԵՐԳ 82 Քրիստոսին պէս հեզ ըլլանք

^ պարբ. 5 Մեզմէ ո՛չ մէկը հեզ ծնած է, հապա պէտք է որ հեզութիւնը մշակենք։ Թերեւս զգանք որ դիւրին է հեզ ըլլալ խաղաղասէր մարդոց հետ, բայց դժուար է հեզ մնալ, երբ հպարտ մարդոց հետ գործ կ’ունենանք։ Յօդուածը պիտի խօսի կարգ մը դժուարութիւններու մասին, որոնք պէտք է յաղթահարենք, որպէսզի մշակենք հեզութիւն, որ շատ գեղեցիկ յատկութիւն մըն է։

^ պարբ. 3 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Հեզութիւն։ Հեզ մարդիկը ազնիւ են ուրիշներու հետ եւ մեղմ են, նոյնիսկ երբ բան մը զիրենք ջղայնացնէ։ Խոնարհութիւն։ Խոնարհ մարդիկը հպարտ կամ ինքնահաւան չեն. անոնք ուրիշները իրենցմէ աւելի լաւ կը նկատեն։ Երբ խօսքը Եհովայի մասին է, խոնարհութիւնը կը նշանակէ թէ ան սիրալիր կերպով եւ ողորմութեամբ կը վարուի անոնց հետ, որոնք իրմէ աւելի ստորադաս են։

^ պարբ. 12 Բաբելոնացիները այս երեք եբրայեցիներուն տուին հետեւեալ անունները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով (Դան. 1։7

^ պարբ. 18 Օրինակ, տե՛ս «Աստուած պատուող որոշումներ կայացուր» յօդուածը, հրատարակուած՝ Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2011 թիւին մէջ։

^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս հանդարտ կը մնայ եւ մեղմօրէն իր աշակերտները կը սրբագրէ, երբ կը վիճին թէ ո՛վ աւելի մեծ է։