Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 8

Ինչո՞ւ մեր գնահատանքը արտայայտենք

Ինչո՞ւ մեր գնահատանքը արտայայտենք

«Շնորհակա՛լ եղէք» (ԿՈՂ. 3։15, ԱԾ

ԵՐԳ 2 Շնորհակալ ենք, Տէ՛ր Եհովա

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Սամարացի մը ինչպէ՞ս իր գնահատանքը Յիսուսին յայտնեց, զինք բժշկելուն համար։

ՏԱՍԸ մարդիկ ահռելի պարագայ ունէին։ Անոնք բորոտ էին եւ յոյս չունէին որ պիտի առողջանային։ Բայց օր մը հեռուէն տեսան Յիսուսը՝ Մեծ Ուսուցիչը։ Լսած էին որ ան ամէն տեսակ հիւանդութիւն կը բուժէր, եւ համոզուած էին որ զիրենք ալ կրնայ բժշկել։ Ուստի բարձրաձայն ըսին. «Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի»։ Տասն ալ լիովին բժշկուեցան։ Անկասկած բոլորն ալ երախտապարտ էին Յիսուսի ազնուութեան համար։ Սակայն անոնցմէ մէկը ոչ միայն երախտապարտ զգաց, հապա իր գնահատանքը * Յիսուսին յայտնեց։ Այս սամարացի մարդը մղուեցաւ «մեծ ձայնով» Աստուած փառաւորելու (Ղուկ. 17։12-19

2-3. ա) Ինչո՞ւ թերեւս գնահատանք չյայտնենք։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Սամարացիին պէս, կ’ուզենք մեր գնահատանքը յայտնել անոնց, որոնք ազնիւ կը գտնուին։ Բայց ատեններ կրնանք մոռնալ մեր գնահատութեան զգացումները խօսքով կամ գործով յայտնելու։

3 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է մեր գնահատանքը յայտնել խօսքով ու գործով։ Պիտի սորվինք Աստուածաշունչին մէջ նշուած կարգ մը անձերու օրինակներէն. ոմանք երախտապարտ էին եւ ոմանք՝ ոչ։ Ետքը, պիտի քննարկենք կարգ մը մասնայատուկ կերպեր, որոնցմով կրնանք մեր գնահատանքը արտայայտել։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ՄԵՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ԱՐՏԱՅԱՅՏԵՆՔ

4-5. Ինչո՞ւ մեր գնահատութիւնը պէտք է արտայայտենք։

4 Եհովան գնահատանք արտայայտելու մէջ մեզի օրինակ է։ Ան ինչպէ՞ս իր գնահատանքը կը յայտնէ։ Կերպերէն մէկը այն է, թէ զինք հաճեցնողները կ’օրհնէ (Բ. Թագ. 22։21. Սաղ. 13։6. Մատ. 10։40, 41)։ Եւ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘Աստուծոյ նմանող ըլլանք սիրելի զաւակներու պէս’ (Եփ. 5։1)։ Ուրեմն, գնահատութիւն ցոյց տալու կարեւոր մէկ պատճառը այն է, որ կ’ուզենք Եհովային օրինակին հետեւիլ։

5 Նկատի առ ուրիշներուն մեր գնահատութիւնը արտայայտելու այլ պատճառ մը։ Գնահատութիւնը կը նմանի համեղ ճաշի, որմէ աւելի հաճոյք կ’առնենք երբ ուրիշներուն հետ ուտենք։ Երբ գնահատուած զգանք, ուրախ կ’ըլլանք։ Իսկ երբ մեր գնահատութիւնը արտայայտենք, ուրիշները կ’ուրախացնենք։ Մեր գնահատած անհատը կը գիտնայ, թէ իրապէս կրցած է մեզի օգնել կամ տալ այն ինչ որ պէտք ունէինք։ Առ ի արդիւնք, մեր բարեկամութիւնը կը զօրանայ։

6. Գնահատանքի խօսքերուն եւ ոսկիէ խնձորին միջեւ ի՞նչ նմանութիւններ կան։

6 Մեր գնահատանքի արտայայտութիւնները արժէքաւոր են։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի» (Առ. 25։11)։ Երեւակայէ թէ ոսկիէ շինուած խնձոր մը, որ փորագրուած արծաթէ ամանի մէջ դրուած է, որքա՜ն գեղեցիկ տեսք կրնայ ունենալ եւ արժէքաւոր ըլլալ։ Ի՞նչ պիտի զգայիր, եթէ այդ տեսակ նուէր մը ստանայիր։ Իրականութեան մէջ, ուրիշներուն ըսած գնահատական խօսքերդ նոյնքան արժէքաւոր կրնան ըլլալ։ Եւ ոսկիէ շինուած խնձոր մը շատ երկար ժամանակ կը դիմանայ։ Նոյնպէս, այն անհատը, որուն գնահատանքի խօսքեր կ’ըսես, թերեւս մինչեւ իր կեանքին վերջը ըսածդ յիշէ եւ մեծապէս արժեւորէ։

ԱՆՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ԱՐՏԱՅԱՅՏԵՑԻՆ

7. Դաւիթ, ըստ Սաղմոս 69։30–ի, եւ ուրիշ սաղմոսերգուներ, իրենց գնահատութիւնը ինչպէ՞ս արտայայտեցին։

7 Անցեալին, Աստուծոյ ծառաներէն շատեր գնահատութիւն ցոյց տուին։ Անոնցմէ մէկը Դաւիթն էր (կարդա՛ Սաղմոս 69։30)։ Ան մաքուր պաշտամունքը խորապէս արժեւորեց, ինչպէս որ իր արարքները ցոյց կու տան։ Ան իր հարստութենէն մեծ մաս մը տրամադրեց տաճարին շինարարութեան։ Ասափի սերունդէն եղողները իրենց գնահատութիւնը արտայայտեցին՝ սաղմոսներ կամ փառաբանութեան երգեր յօրինելով։ Երգի մը մէջ, անոնք Եհովայէն շնորհակալ եղան եւ անոր «հրաշքներ»ուն հանդէպ իրենց հիացմունքը յայտնեցին (Սաղ. 75։1)։ Յստակ է որ Դաւիթ եւ Ասափի սերունդը ուզեցին Եհովային ցոյց տալ, թէ որքա՜ն կը գնահատէին այն բոլոր օրհնութիւնները, որոնք իրենց տուած էր։ Կրնա՞ս մտածել թէ ի՛նչ կերպերով կրնաս այդ սաղմոսերգուները ընդօրինակել։

Հռովմայեցիս նամակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ գնահատանք արտայայտելու մասին (տե՛ս պարբերութիւն 8-9) *

8-9. Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս իր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ իր գնահատութիւնը արտայայտեց, եւ անկասկած արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

8 Պօղոս առաքեալ իր եղբայրներն ու քոյրերը կը գնահատէր, եւ ասիկա ցոյց տուաւ իր ըսածներով իրենց մասին։ Ան աղօթքով միշտ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէր անոնց համար։ Ան նաեւ անոնց գրելով ցոյց տուաւ որ զիրենք կը գնահատէր։ Հռովմայեցիս 16։1-15–ի մէջ, Պօղոս նշեց 27 հաւատակիցներու անունները։ Ան յատկապէս յիշեց, թէ իր անձին համար Պրիսկէ եւ Ակիւղաս «իրենց պարանոցները տուին», այսինքն իրենց կեանքը վտանգեցին։ Ան Փիբէն նկարագրեց որպէս ‘շատերու խնամք տանող’, մէջը ըլլալով ինք։ Ան գովեց այդ սիրելի եւ աշխատասէր եղբայրներն ու քոյրերը։

9 Պօղոս գիտակից էր, որ եղբայրներն ու քոյրերը անկատար էին, բայց իր նամակին վերջաւորութեան, նախընտրեց կեդրոնանալ անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Երեւակայէ թէ այդ եղբայրներն ու քոյրերը որքա՜ն քաջալերուած ըլլալու էին, երբ Պօղոսին գրածները բարձրաձայն կարդացուեցան ժողովքին։ Առ ի արդիւնք, Պօղոսին հետ իրենց բարեկամական կապը անկասկած աւելի զօրացաւ։ Արդեօք կանոնաւորաբար գնահատութիւն կը յայտնե՞ս ժողովքիդ անդամներուն ըսած լաւ խօսքերուն եւ ըրած լաւ բաներուն համար։

10. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն կերպէն, որով Յիսուս իր հետեւորդներուն հանդէպ գնահատանք ցոյց տուաւ։

10 Փոքր Ասիոյ կարգ մը ժողովքներու ուղղած իր պատգամներուն մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըրածներուն համար գնահատանք արտայայտեց։ Օրինակ, ան Թիւատիրի ժողովքին ուղղած իր պատգամը սկսաւ այս խօսքերով. «Գիտեմ քու գործերդ եւ սէրդ ու ծառայութիւնդ եւ քու հաւատքդ ու համբերութիւնդ եւ թէ քու վերջին գործերդ առաջիններէն շատ են» (Յայտ. 2։19)։ Յիսուս ոչ միայն նշեց անոնց գործունէութեան աճումը, հապա նաեւ զիրենք գովեց իրենց բարի գործերուն ետին գտնուող լաւ յատկութիւններուն համար։ Ճիշդ է որ Յիսուս անհրաժեշտ տեսաւ Թիւատիրի ժողովքին մէջ ոմանց խրատ տալու, բայց ասով հանդերձ իր պատգամը սկսաւ եւ աւարտեց քաջալերական խօսքերով (Յայտ. 2։25-28)։ Մտածէ թէ Յիսուս՝ որպէս բոլոր ժողովքներուն գլուխը, որքա՜ն մեծ հեղինակութիւն ունի։ Ան ստիպուած չէ մեզի շնորհակալութիւն յայտնել այն գործին համար, որ իրեն համար կ’ընենք։ Հակառակ ասոր, ան կ’ուզէ՛ գնահատանք արտայայտել։ Երէցներուն ի՜նչ բացառիկ օրինակ է։

ԱՆՈՆՔ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ՑՈՅՑ ՉՏՈՒԻՆ

11. Եբրայեցիս 12։16–ի համաձայն, Եսաւ սուրբ բաներու նկատմամբ ի՞նչ կեցուածք ունէր։

11 Ցաւօք սրտի, Աստուածաշունչին մէջ նշուած անձերէն ոմանք գնահատանք ցոյց չտուին։ Օրինակ, թէեւ Եսաւին ծնողքը Եհովան կը սիրէին ու կը յարգէին, բայց ան սուրբ բաները չգնահատեց (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։16) *։ Անոր անշնորհակալ կեցուածքը ինչպէ՞ս յայտնի եղաւ։ Ան իր ծննդեան իրաւունքը ծախեց իր կրտսեր եղբօր՝ Յակոբին, պարզապէս մէկ աման ոսպէ ապուրի համար (Ծն. 25։30-34)։ Յետագային, Եսաւ դառնօրէն զղջաց իր առած որոշումին համար։ Բայց իր ունեցածին համար երախտապարտ չէր եղած, ուստի պատճառ չունէր գանգատելու երբ ծննդեան իրաւունքի օրհնութիւնը չստացաւ։

12-13. Իսրայէլացիները ինչպէ՞ս ապերախտութիւն ցոյց տուին, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

12 Իսրայէլացիները գնահատութիւն ցոյց տալու բազմաթիւ պատճառներ ունէին։ Անոնք ստրկութենէ ազատեցան, Եհովան Եգիպտոսի վրայ Տասը պատուհասները բերելէ ետք։ Ետքը, զիրենք փրկեց՝ ամբողջ եգիպտական բանակը Կարմիր ծովուն մէջ կործանելով։ Անոնք ա՛յնքան երախտապարտ էին, որ յաղթանակի երգ մը երգելով Եհովան փառաբանեցին։ Բայց արդեօք երախտապարտ մնացի՞ն։

13 Երբ անոնք նոր դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցան, շուտով մոռցան այն բոլոր լաւ բաները, որոնք Եհովան իրենց համար ըրած էր։ Այն ատեն յայտնի եղաւ որ գնահատանք չունին (Սաղ. 106։7)։ Ինչպէ՞ս։ «Իսրայէլի որդիները անապատին մէջ Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին», իրականութեան մէջ՝ Եհովային դէմ (Ել. 16։2, 8)։ Ան յուսախաբ եղաւ տեսնելով իր ժողովուրդին ապերախտութիւնը։ Յետագային, ան ըսաւ որ իսրայէլացիներուն այդ ամբողջ սերունդը անապատին մէջ պիտի ոչնչանար, բացի Յեսուէն եւ Քաղէբէն (Թւ. 14։22-24. 26։65)։ Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք այս գէշ օրինակներուն չհետեւիլ եւ լաւ օրինակներուն հետեւիլ։

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ ԱՅՍՕՐ

14-15. ա) Կողակիցները ինչպէ՞ս կրնան իրարու հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տալ։ բ) Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ գնահատութիւն արտայայտեն։

14 Ընտանիքին մէջ։ Ամբողջ ընտանիքը կ’օգտուի, երբ իւրաքանչիւր անդամ գնահատանք արտայայտէ։ Կողակիցները որքա՛ն աւելի գնահատանք յայտնեն իրարու, այնքա՛ն աւելի իրարու կը մօտենան, եւ աւելի դիւրին կ’ըլլայ իրարու յանցանքները ներել։ Իր կինը արժեւորող ամուսինը ոչ միայն կը նկատէ անոր ըսած եւ ըրած լաւ բաները, հապա նաեւ «զանիկա կը գովէ» (Առ. 31։10, 28)։ Իսկ իմաստուն կինը իր ամուսինին կը գիտցնէ, թէ յատկապէս ի՛նչ բան կ’արժեւորէ իր մէջ։

15 Ծնողնե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք ձեր զաւակներուն սորվեցնել, որ գնահատանք արտայայտեն։ Յիշեցէք որ ձեր զաւակները պիտի ընդօրինակեն ինչ որ կ’ըսէք ու կ’ընէք։ Ուրեմն, լաւ օրինակ եղէք՝ շնորհակալութիւն յայտնելով երբ զաւակները ձեզի համար բան մը կ’ընեն։ Ասկէ զատ, անոնց սորվեցուցէք որ շնորհակալութիւն յայտնեն, երբ մարդիկ իրենց համար բաներ կ’ընեն։ Անոնց օգնեցէք որ հասկնան, թէ գնահատութիւն յայտնելը սրտէն կը բխի եւ թէ իրենց խօսքերը կրնան շատ լաւ ազդեցութիւն ունենալ ուրիշներուն վրայ։ Օրինակ, Գլատի անունով երիտասարդ կին մը կ’ըսէ. «32 տարեկանին մայրս մէկ անգամէն երեք զաւակով մինակ մնաց եւ պէտք էր որ ինք մեզ մեծցնէր։ Երբ ես 32 տարեկան եղայ, մտածեցի թէ այդ տարիքին կեանքը որքա՜ն դժուար ըլլալու էր մօրս համար։ Ուստի իրեն ըսի, թէ որքա՜ն կ’արժեւորեմ իր բոլոր զոհողութիւնները, որ ըրաւ զիս եւ եղբայրներս մեծցնելու համար։ Ան վերջերս ինծի ըսաւ, թէ խօսքերս տակաւին թանկարժէք են իրեն համար, եւ թէ յաճախ ատոնց մասին կը մտածէ եւ օրուան ընթացքին լաւ տրամադրութիւն կ’ունենայ»։

Զաւակներուդ սորվեցուր որ իրենց գնահատանքը արտայայտեն (տե՛ս պարբերութիւն 15) *

16. Օրինակով մը ցոյց տուր, թէ երբ մեր գնահատութիւնը արտայայտենք, ինչպէ՛ս ուրիշները կրնան քաջալերուիլ։

16 Ժողովքին մէջ։ Երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր գնահատանքը արտայայտենք, զիրենք կը քաջալերենք։ Օրինակ, Խորխէն, որ 28 տարեկան երէց մըն է, լուրջ հիւանդութիւն ունեցաւ։ Մէկ ամիս չկրցաւ ժողովներու երթալ։ Եւ նոյնիսկ երբ սկսաւ ժողովներու ներկայ գտնուիլ, չէր կրնար բաժիններ տալ։ Խորխէն կը խոստովանի. «Անարժէք զգացի, քանի որ սահմանափակումներ ունէի եւ չէի կրնար ժողովքային պատասխանատուութիւններուն հոգ տանիլ։ Բայց օր մը ժողովէն ետք, եղբայր մը ինծի ըսաւ. ‘Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել որ ընտանիքիս շատ աղուոր օրինակ մըն ես։ Չես կրնար երեւակայել, թէ որքա՜ն օգտուած ենք տուած բաժիններէդ անցեալ տարիներուն ընթացքին։ Ատոնք մեզի օգնած են, որ հոգեւորապէս զօրանանք’։ Այնքան ազդուեցայ որ աչքերս արցունքով լեցուեցան։ Իրապէս պէտք ունէի որ լսեմ այսպիսի խօսքեր»։

17. Կողոսացիս 3։15–ի յորդորին համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տալ իր առատաձեռնութեան համար։

17 Առատաձեռն Աստուծոյ։ Եհովան մեզի առատ հոգեւոր սնունդ տուած է։ Օրինակ, օգտակար խրատներ կը ստանանք մեր ժողովներուն, պարբերաթերթերուն եւ կայքերուն միջոցաւ։ Արդեօք դասախօսութիւն մը լսելէ, յօդուած մը կարդալէ կամ JW Հեռատեսիլի կայանէն յայտագիր մը դիտելէ ետք, դուն քեզի ըսա՞ծ ես. ‘Ճիշդ ասոր պէտք ունէի’։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ Եհովային (կարդա՛ Կողոսացիս 3։15)։ Կերպերէն մէկը այն է, որ մեր աղօթքներուն մէջ տեւական շնորհակալութիւն յայտնենք այս բարի պարգեւներուն համար (Յակ. 1։17

Թագաւորութեան սրահի մաքրութեան մասնակցիլը հոյակապ կերպ մըն է մեր գնահատանքը յայտնելու (տե՛ս պարբերութիւն 18)

18. Ի՞նչ կերպերով Թագաւորութեան սրահին համար կրնանք գնահատութիւն ցոյց տալ։

18 Եհովայի հանդէպ գնահատանք ցոյց կու տանք նաեւ, երբ մեր պաշտամունքին վայրը մաքուր ու կոկիկ կը պահենք։ Մենք կանոնաւորաբար կը մասնակցինք Թագաւորութեան սրահին մաքրութեան եւ նորոգման, իսկ ելեկտրոնային սարքերը աշխատցնող եղբայրները ուշադիր կ’ըլլան որ զանոնք լաւ վիճակի մէջ պահեն։ Երբ սրահին լաւ հոգ տանինք, աւելի երկար պիտի դիմանայ եւ աւելի քիչ մեծ նորոգման պէտք պիտի ունենայ։ Այդ կերպով աւելի դրամ պիտի ունենանք՝ աշխարհի տարածքին ուրիշ Թագաւորութեան սրահներ շինելու եւ նորոգելու։

19. Ի՞նչ սորվեցար շրջանային տեսուչի մը եւ անոր կնոջ փորձառութենէն։

19 Անոնց՝ որոնք ծանր կ’աշխատին մեզի համար։ Երբ մեր գնահատանքը արտայայտենք, մեր խօսքերը կրնան անձի մը օգնել, որ իր ունեցած դժուարութիւնները տարբեր տեսանկիւնէ դիտէ։ Նկատի առ շրջանային տեսուչի մը եւ անոր կնոջ փորձառութիւնը։ Ձմեռնային օր մը երկար ժամեր ծառայելէ ետք, անոնք իրենց իջած տունը շա՜տ յոգնած վերադարձան։ Ա՛յնքան ցուրտ էր, որ կինը իր ձմեռնային պատմուճանով քնացաւ։ Առաւօտուն իր ամուսինին ըսաւ, որ շրջագայական գործը շարունակելու անկարող կը զգայ։ Նոյն օրը՝ շատ չանցած, մասնաճիւղէն նամակ մը հասաւ, որ իրեն ուղղուած էր։ Նամակը ջերմօրէն զինք գովեց իր ծառայութեան եւ համբերատարութեան համար։ Նաեւ նշեց որ իսկապէս դժուար է ամէն շաբաթ տունէ տուն փոխադրուիլը։ Քրոջ ամուսինը կ’ըսէ. «Ան ա՛յնքան ոգեւորուեցաւ այդ գովասանքէն, որ անկէ ետք անգամ մըն ալ չխօսեցաւ շրջագայական գործը ձգելուն մասին։ Իրականութեան մէջ, քանի մը անգամ ի՛նք զիս քաջալերեց որ շարունակեմ, երբ կը մտածէի հրաժարիլ»։ Այս զոյգը շրջագայական գործին մէջ մնաց գրեթէ 40 տարի։

20. Ամէն օր ի՞նչ պէտք է ջանանք ընել եւ ինչո՞ւ։

20 Թող որ ամէն օր ջանանք մեր ըսածով ու ըրածով ցոյց տալ թէ շնորհակալ ենք։ Մեր սրտագին խօսքերը կամ գործերը կրնան ըլլալ այն ինչ որ ուրիշ անհատ մը պէտք ունի, որ այս անշնորհակալ աշխարհին մէջ օր մը եւս դիմանայ։ Եւ մեր շնորհակալական խօսքերը պիտի հաստատեն բարեկամական կապեր, որոնք կրնան յաւիտեան մնալ։ Ամէնէն կարեւորը, ընդօրինակած պիտի ըլլանք մեր առատաձեռն եւ գնահատող Հայրը՝ Եհովան։

ԵՐԳ 148 Քու անգին Որդիդ տուիր

^ պարբ. 5 Գնահատանք ցոյց տալու նկատմամբ ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եհովայէն, Յիսուսէն եւ սամարացի բորոտէ մը։ Յօդուածը նկատի պիտի առնէ այդ օրինակները եւ աւելին։ Պիտի քննարկենք թէ ինչո՛ւ շատ կարեւոր է որ մեր գնահատութիւնը արտայայտենք եւ պիտի բացատրենք ասիկա ընելու կարգ մը մասնայատուկ կերպեր։

^ պարբ. 1 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Ուրիշը կամ բան մը գնահատել կը նշանակէ՝ այդ անհատին կամ բանին արժէքը գիտնալ կամ ընդունիլ։ Այս բառը կրնայ ակնարկել շնորհակալութեան սրտագին զգացումներու։

^ պարբ. 11 Եբրայեցիս 12։16, ՆԹ. «Չըլլայ որ մէկը Աստուծոյ անհաւատարիմ կամ անոր պարգեւները արհամարհող ըլլայ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց»։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Պօղոսին նամակը կը կարդացուի Հռոմի ժողովքին. Ակիւղաս, Պրիսկէ, Փիբէ եւ ուրիշներ կ’ուրախանան լսելով իրենց անունները։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մայր մը իր աղջկան կ’օգնէ, որ իր գնահատանքը արտայայտէ տարեց քրոջ մը՝ անոր լաւ օրինակին համար։