Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Առաջին դարու ժողովարան մը։ Այս գծագրութիւնը պատրաստուած է նկատի առնելով առաջին դարու ժողովարանի մը աւերակները, որոնք յայտնաբերուած են Կամլայի մէջ, որ կը գտնուի Գալիլիայի ծովուն հիւսիս–արեւելքը՝ 10 քմ. հեռաւորութեամբ։ Այս պատկերը գաղափար մը կու տայ, թէ հին ժողովարանը ինչպէս էր

Հրեաներու ժողովարանը ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ։

«ԺՈՂՈՎԱՐԱՆ» կամ սինակոկ բառը ծագում առած է յունարէն բառէ մը, որ կը նշանակէ «ժողով» կամ «միասին ժողվուիլ»։ Այս անունը տեղին է, քանի որ հինէն ի վեր՝ ժողովարանները հրէական շրջանակներու մէջ վայրեր եղած են, ուր մարդիկ կը հաւաքուին կրթութիւն ստանալու եւ պաշտամունք մատուցանելու համար։ Եբրայերէն Գրութիւնները ժողովարաններուն մասին յստակ բան մը չեն յայտներ, բայց Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններէն կը գիտցուի, որ Ք.Ե. առաջին դարուն այդպիսի հաւաքատեղիներ արդէն գոյութիւն ունէին։

Ուսումնականներու մեծամասնութեան կարծիքով, ժողովարանները մէջտեղ եկան, երբ հրեաները Բաբելոն աքսորուած էին։ Համայնագիտարան մը կը բացատրէ. «Աքսորեալները, որոնք Տաճարէն զրկուած էին եւ օտար երկրի մը մէջ էին, իրենց նեղութեան մէջ մխիթարութիւն գտնելու համար, ժամանակ առ ժամանակ կը հաւաքուէին,– շատ հաւանաբար շաբաթ օրը,– եւ միասին Սուրբ Գրութիւնները կը կարդային» (Encyclopaedia Judaica)։ Այնպէս կ’երեւի թէ ազատագրուելէ ետք, հրեաները շարունակեցին հաւաքուիլ աղօթելու եւ Սուրբ Գրութիւնները կարդալու համար, եւ ժողովարաններ հիմնեցին՝ ո՛ւր որ հաստատուեցան։

Ք.Ե. առաջին դարուն, ժողովարանները կրօնական եւ ընկերային կեանքի կեդրոնը դարձած էին հրէական շրջանակներուն մէջ, որոնք տարածուած էին Միջերկրական ծովուն շուրջի երկիրներուն մէջ, ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ, եւ անշուշտ Իսրայէլի մէջ։ Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանի փրոֆէսոր Լի Լըվին կ’ըսէ, որ ժողովարաններուն մէջ սերտողութիւն կ’ըլլար, սուրբ ճաշեր կ’ուտուէին, դատավարութիւններ տեղի կ’ունենային, տրուած նուիրատուութիւնները կը պահուէին, եւ քաղաքական ու ընկերային ժողովներ կը գումարուէին։ Փրոֆէսորը նաեւ կ’ըսէ. «Անշուշտ, ամենակարեւորը կրօնական ծառայութիւններն էին»։ Ուրեմն, հասկնալի է թէ Յիսուս ինչո՛ւ յաճախ ժողովարաններ կ’երթար (Մար. 1։21. 6։2. Ղուկ. 4։16)։ Այնտեղ, ներկաներուն կը սորվեցնէր, կը յորդորէր եւ կը քաջալերէր։ Քրիստոնէական ժողովքը հաստատուելէն ետք, Պօղոս առաքեալն ալ շատ քարոզեց ժողովարաններու մէջ։ Հոգեւոր նիւթերով հետաքրքրուած անհատները կը սիրէին ժողովարան երթալ։ Ուստի, հազիւ որ Պօղոս քաղաք մը մտնէր, սովորաբար նա՛խ ժողովարանը կ’երթար եւ այդտեղ կը քարոզէր (Գործք 17։1, 2. 18։4