Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 12

Ուրիշներուն կարեկցէ

Ուրիշներուն կարեկցէ

‘Ամէնքդ կարեկից եղէք’ (Ա. ՊԵՏ. 3։8

ԵՐԳ 121 Զիրար քաջալերենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ա. Պետրոս 3։8–ի համաձայն, ինչո՞ւ հաճոյք կը զգանք շրջապատուելով մարդոցմով, որոնք մեր զգացումներով եւ բարօրութեամբ հետաքրքրուած են։

ՀԱՃՈՅՔ կը զգանք շրջապատուելով մարդոցմով, որոնք մեր զգացումներով եւ բարօրութեամբ հետաքրքրուած են։ Անոնք կը փորձեն ինքզինքնին մեր տեղը դնել, որպէսզի գիտնան թէ ի՛նչ կը մտածենք եւ կը զգանք։ Կը փորձեն հասկնալ թէ ի՛նչ բաներու պէտք ունինք եւ ըստ այնմ ձեռք կու տան. երբեմն նոյնիսկ առաջ որ իրենցմէ օգնութիւն խնդրենք։ Մենք կ’արժեւորենք այն անհատները, որոնք մեզի հանդէպ «կարեկից» * են (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։8

2. Կարեկից ըլլալու համար ինչո՞ւ հարկ կայ որ ջանք թափենք։

2 Քրիստոնեաներ ըլլալով, բոլորս կ’ուզենք կարեկից ըլլալ եւ ուրիշներուն զգացումները հաշուի առնել։ Բայց խօսքին բացը, հարկ կայ որ այդ յատկութեան վրայ աշխատինք։ Ինչո՞ւ։ Նախ, քանի որ անկատար ենք (Հռով. 3։23)։ Հակում ունինք որ գլխաւորաբար մտածենք մեր անձին մասին։ Ուստի պէտք է ջանք թափենք, որ ուրիշներուն մասին մտածենք։ Ասկէ զատ, մեզմէ ոմանք թերեւս կարեկից ըլլալու դժուարութիւն ունին, իրենց դաստիարակութեան կամ կեանքի որոշ պարագաներու պատճառով։ Նաեւ, մեր շուրջի մարդոց կեցուածքները կրնան մեզի ազդել։ Այս վերջին օրերուն, շատեր ուրիշներուն զգացումները հաշուի չեն առներ, հապա «անձնասէր» են (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ կարեկից ըլլալու արգելքները յաղթահարենք։

3. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք ա՛լ աւելի կարեկից ըլլալ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնենք։

3 Եհովա Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելով, կրնանք ա՛լ աւելի կարեկից ըլլալ։ Եհովան սիրոյ Աստուած է եւ ուրիշներով հետաքրքրուելու մէջ լաւագոյն օրինակն է (Ա. Յովհ. 4։8)։ Յիսուս կատարելապէս իր Հօր անձնաւորութիւնը ընդօրինակեց (Յովհ. 14։9)։ Երբ երկրի վրայ էր, ան ցոյց տուաւ թէ մարդ արարածը ինչպէ՛ս կրնայ կարեկցութիւն ցոյց տալ։ Այս յօդուածին մէջ, նա՛խ նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովան եւ Յիսուսը ինչպէ՛ս ուրիշներուն կարեկցած են։ Ետքը, պիտի քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք զիրենք ընդօրինակել։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶԳԱԼՈՒ ԵՀՈՎԱՅԻ ՕՐԻՆԱԿԸ

4. Եսայի 63։7-9–ն ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Եհովան իր ծառաներուն զգացումներով կը հետաքրքրուի։

4 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ Եհովան իր ծառաներուն զգացումներով հետաքրքրուած է։ Օրինակ, տես թէ Եհովան ի՛նչ զգաց, երբ իսրայէլացիները դժուարութիւններէ անցան։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց» (կարդա՛ Եսայի 63։7-9)։ Յետագային, Զաքարիա մարգարէին միջոցաւ Եհովան յայտնեց, որ երբ իր ժողովուրդին հետ գէշ կերպով վարուին, կարծես թէ իրեն հետ է որ գէշ կերպով կը վարուին։ Մարգարէն ըսաւ. «Ձեզի դպչողը անոր աչքին բիբին կը դպչի» (Զաք. 2։8)։ Ի՜նչ զօրաւոր պատկեր մը՝ նկարագրելու Եհովայի հետաքրքրութիւնը իր ժողովուրդին հանդէպ։

Եհովան կարեկից գտնուելով՝ իսրայէլացիները եգիպտական ստրկութենէն ազատագրեց (տե՛ս պարբերութիւն 5)

5. Օրինակ մը տուր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս գործի կը լծուի իր տառապող ծառաներուն օգնելու համար։

5 Եհովան ոչ միայն իր տառապող ծառաներուն հանդէպ կարեկցութիւն կը զգայ, հապա նաեւ գործի կը լծուի անոնց օգնելու համար։ Օրինակ, երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսի մէջ իբրեւ ստրուկներ կը չարչարուէին, Եհովան հասկցաւ անոնց ցաւը եւ մղուեցաւ զիրենք հանգստացնելու։ Մովսէսին ըսաւ. «Արդարեւ. . . ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ. . . անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ եւ զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու. . . եկայ» (Ել. 3։7, 8)։ Որովհետեւ Եհովան իր ժողովուրդին կը կարեկցէր, զիրենք ստրկութենէ ազատեց։ Դարեր ետք, Աւետեաց երկրին մէջ, իսրայէլացիներուն թշնամիները իրենց վրայ յարձակումներ ըրին։ Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց։ «Անոնց նեղութիւն տուողներուն ու չարչարողներուն երեսէն անոնց հեծութիւններուն համար Տէրը կը խղճար»։ Անգամ մը եւս, կարեկցութենէ մղուած՝ Եհովան իր ժողովուրդին օգնեց, դատաւորներ ղրկելով որ զիրենք թշնամիներէն փրկեն (Դատ. 2։16, 18

6. Օրինակ մը տուր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս հաշուի առաւ անհատի մը զգացումները, որ սխալ մտածում ունէր։

6 Եհովան իր ծառաներուն զգացումները հաշուի կ’առնէ, նոյնիսկ երբ անոնց մտածածը ճիշդ չէ։ Նկատի առ Յովնանի պարագան։ Աստուած զինք ղրկեց, որ նինուէցիներուն դատաստանական պատգամ տայ։ Երբ զղջացին, Աստուած որոշեց զիրենք չբնաջնջել։ Սակայն Յովնան այդ որոշումով չուրախացաւ։ Ան «խիստ վշտացաւ ու նեղուեցաւ», քանի որ իր տուած մարգարէութիւնը չկատարուեցաւ։ Բայց Եհովան համբերութեամբ իրեն օգնեց որ իր կեցուածքը ճշդէ (Յովն. 3։10–4։11)։ Ժամանակի ընթացքին, Եհովան նոյնիսկ զինք գործածեց որ այս փորձառութիւնը գրէ մեր օգտին համար (Հռով. 15։4) *։

7. Իր ժողովուրդին հետ Եհովայի գործառնութիւնները ի՞նչ կը վստահեցնեն։

7 Իր ժողովուրդին հետ Եհովայի գործառնութիւնները մեզ կը վստահեցնեն, որ իր ծառաներուն կը կարեկցի։ Ան մեր իւրաքանչիւրին ցաւն ու տառապանքը կը տեսնէ։ ‘Մարդոց որդիներուն սիրտը կը ճանչնայ’ (Բ. Մն. 6։30)։ Ան կը հասկնայ մեր մտածումները, խոր զգացումները եւ սահմանափակումները։ Եւ իր Խօսքը կը նշէ. «Ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք» (Ա. Կոր. 10։13)։ Ի՜նչ մխիթարիչ խոստում մը։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶԳԱԼՈՒ ՅԻՍՈՒՍԻ ՕՐԻՆԱԿԸ

8-10. Ի՞նչ ազդակներ հաւանաբար օգնեցին որ Յիսուս ուրիշներով հետաքրքրուի։

8 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ուրիշներով շատ հետաքրքրուած էր։ Առնուազն երեք ազդակներ օգնեցին որ Յիսուս ուրիշներով հետաքրքրուի։ Առաջին, ինչպէս նախապէս նշեցինք, Յիսուս կատարեալ կերպով արտացոլեց իր երկնաւոր Հօր անձնաւորութիւնը։ Իր Հօր պէս, Յիսուս մարդիկը կը սիրէր։ Ստեղծագործութեան ատեն, թէեւ Յիսուս ուրախացաւ բոլոր այն բաներով որ ըրաւ, բայց մասնաւորաբար իր «զուարճութիւնը մարդոց որդիներուն հետ էր» (Առ. 8։31)։ Սէրը զինք մղեց, որ ուրիշներուն զգացումները հաշուի առնէ։

9 Երկրորդ, Եհովային պէս, Յիսուս կրնար սրտերը կարդալ։ Ան կրնար գիտնալ մարդոց շարժառիթներն ու զգացումները (Մատ. 9։4. Յովհ. 13։10, 11)։ Ուստի երբ Յիսուս նկատէր որ մարդոց սիրտը կոտրած էր, անոնց հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը զինք կը մղէր մխիթարելու զանոնք (Եսա. 61։1, 2. Ղուկ. 4։17-21

10 Երրորդ, Յիսուս անձամբ ունեցաւ կարգ մը դժուարութիւններ, որոնք իր շուրջի մարդիկը ունէին։ Օրինակ, այնպէս կ’երեւի որ ան աղքատ ընտանիքի մէջ մեծցաւ։ Իր հայրագիրին՝ Յովսէփին, հետ աշխատելով սորվեցաւ ծանր գործ ընել (Մատ. 13։55. Մար. 6։3)։ Ասկէ զատ, այնպէս կ’երեւի որ Յովսէփ մեռաւ Յիսուսի ծառայութիւնը սկսելէն ժամանակ մը առաջ։ Ուստի Յիսուս վստահաբար զգաց սիրելի մը կորսնցնելու ցաւը։ Նաեւ, ան գիտէր թէ ի՛նչ ըսել է ապրիլ ընտանիքի մը մէջ, որուն անդամները իրարմէ տարբեր հաւատալիքներ ունին (Յովհ. 7։5)։ Այսպիսի պարագաներ Յիսուսին օգնած ըլլալու էին, որ սովորական մարդոց խնդիրներն ու զգացումները հասկնար։

Բազմութենէն հեռու, Յիսուս խուլ մարդու մը կարեկցելով՝ զինք կը բուժէ (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. Մարդոց հանդէպ Յիսուսի հետաքրքրութիւնը մասնաւորաբար ե՞րբ յայտնի էր. բացատրէ (տե՛ս կողքին նկարը)։

11 Հրաշքներ ընելու ատեն յայտնի էր, թէ Յիսուս իրապէս մարդոցմով հետաքրքրուած էր։ Ան հրաշքներ չըրաւ պարզապէս առ ի պարտականութիւն։ Ան ‘խղճաց’ անոնց վրայ, որոնք կը չարչարուէին (Մատ. 20։29-34. Մար. 1։40-42)։ Օրինակ, երեւակայէ թէ Յիսուս ի՛նչ զգաց, երբ խուլ մարդ մը բազմութենէն հեռացուց եւ բուժեց, կամ երբ այրիի մը միակ զաւակին յարութիւն տուաւ (Մար. 7։32-35. Ղուկ. 7։12-15)։ Յիսուս այդ անհատներուն հետ զգաց եւ ուզե՛ց անոնց օգնել։

12. Յովհաննէս 11։32-35–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ Յիսուսին կարեկցութիւնը Մարթային ու Մարիամին հանդէպ։

12 Յիսուս Մարթային ու Մարիամին կարեկցեցաւ։ Տեսնելով անոնց վիշտը իրենց եղբօր մահուան համար, «Յիսուս լացաւ» (կարդա՛ Յովհաննէս 11։32-35)։ Ան չլացաւ պարզապէս քանի որ այլեւս պիտի չկարենար իր մտերիմ բարեկամին ընկերակցութիւնը վայելել։ Ի վերջոյ, ան գիտէր թէ Ղազարոսին յարութիւն պիտի տար։ Յիսուս լացաւ, քանի որ իր մտերիմ բարեկամներուն վիշտը հասկցաւ եւ յուզուեցաւ։

13. Ինչո՞ւ կը քաջալերուինք գիտնալով որ Յիսուս մարդոց կը կարեկցի։

13 Շատ կը քաջալերուինք գիտնալով որ Յիսուս մարդոց կը կարեկցէր։ Անշուշտ մենք իրեն պէս կատարեալ չենք։ Սակայն, զինք կը սիրենք, քանի որ ուրիշներուն հետ կարեկցութեամբ վարուեցաւ (Ա. Պետ. 1։8)։ Կը քաջալերուինք գիտնալով, թէ ան այժմ կ’իշխէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Մօտ ատենէն, ան ամէն տառապանք պիտի վերացնէ։ Ան լաւագոյն կերպով կրնայ մարդկութեան օգնել, որ Սատանայի իշխանութեան յառաջ բերած վէրքերէն ապաքինի, քանի որ ինք իբրեւ մարդ ամէն տեսակ չարչարանքի տոկաց։ Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն է ունենալ Կառավարիչ մը, որ կրնայ «մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ» (Եբ. 2։17, 18. 4։15, 16

ԵՀՈՎԱՅԻ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԻ ՕՐԻՆԱԿԻՆ ՀԵՏԵՒԷ

14. Եփեսացիս 5։1, 2–ի խօսքերուն ի տես, կը մղուինք ի՞նչ ընելու։

14 Եհովայի եւ Յիսուսի օրինակը նկատի առնելով կը մղուինք ա՛լ աւելի կարեկից ըլլալու (կարդա՛ Եփեսացիս 5։1, 2)։ Ճիշդ է որ չենք կրնար սրտերը կարդալ, բայց կրնանք ջանք թափել ուրիշներուն զգացումները եւ պէտքերը հասկնալու (Բ. Կոր. 11։29)։ Աշխարհի անձնասէր մարդոց հակառակը, կը ջանանք այս յորդորը գործադրել. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փլպ. 2։4

(Տե՛ս պարբերութիւն 15-19) *

15. Մասնաւորաբար որո՞նք պէտք է կարեկցութիւն ցոյց տան։

15 Մասնաւորաբար երէցները պէտք է կարեկցութիւն ցոյց տան։ Անոնք գիտեն թէ իրենց հոգատարութեան վստահուած ոչխարներուն համար հաշիւ պիտի տան (Եբ. 13։17)։ Հաւատակիցներուն օգնելու համար, երէցները պէտք է հասկացող ըլլան։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնան կարեկցութիւն դրսեւորել։

16. Կարեկից երէցը ի՞նչ կ’ընէ, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

16 Կարեկից երէցը ժամանակ կ’անցընէ հաւատակիցներուն հետ։ Հարցումներ կը հարցնէ եւ յետոյ ուշադրութեամբ ու համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ։ Ասիկա յատկապէս կարեւոր է, երբ անգին ոչխարներէն մէկը կ’ուզէ իր սիրտը պարպել, բայց դժուարութիւն կը գտնէ ինքզինք արտայայտելու (Առ. 20։5)։ Կամաւ իր ժամանակէն տալով, երէցը իր եղբայրներուն հետ վստահութեան, բարեկամութեան եւ սիրոյ ամուր կապ կը հաստատէ (Գործք 20։37

17. Բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր ամէնէն շատ ի՞նչ կ’արժեւորեն երէցներուն մէջ. օրինակ մը տուր։

17 Եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր կ’ըսեն, որ երէցներուն մէջ ամէնէն շատ կ’արժեւորեն իրենց կարեկցութիւնը։ Ինչո՞ւ։ «Բանի մը շուրջ իրենց հետ խօսիլը աւելի դիւրին կ’ըլլայ, քանի որ գիտես թէ քեզ պիտի հասկնան», կ’ըսէ Ատըլէյտ։ Ան կ’աւելցնէ. «Իրենց հետ խօսած ատենդ, իրենց հակազդեցութենէն կրնաս զգալ իրենց կարեկցութիւնը»։ Եղբայր մը գնահատանքով կը յիշէ. «Երէցի մը աչքերուն մէջ արցունքներ տեսայ, մինչ իրեն կը պատմէի պարագայիս մասին։ Այդ տեսարանը բնա՛ւ պիտի չմոռնամ» (Հռով. 12։15

18. Ինչպէ՞ս կրնանք կարեկցութիւն մշակել։

18 Անշուշտ, միայն երէցները չեն որ պէտք է կարեկից ըլլան։ Բոլորս կրնանք այս յատկութիւնը մշակել։ Ինչպէ՞ս։ Փորձէ հասկնալ թէ ընտանիքիդ անդամները եւ հաւատակիցները ի՛նչ դժուարութիւններէ կ’անցնին։ Հետաքրքրուէ ժողովքի պատանիներով, հիւանդներով, տարեցներով եւ սգաւորներով։ Հարցուր թէ ինչպէ՛ս են։ Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէ, մինչ կ’արտայայտուին։ Ցոյց տուր, թէ իրապէս կը հասկնաս իրենց կացութիւնը։ Առաջարկէ օգնել որեւէ կերպով որ կրնաս։ Երբ այսպէս ընենք, անկեղծ սէր ցոյց կու տանք (Ա. Յովհ. 3։18

19. Ուրիշներուն օգնելու ատեն, ինչո՞ւ պէտք է դիւրաթեք ըլլանք։

19 Ուրիշներուն օգնելու ատեն, պէտք է դիւրաթեք ըլլանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ տարբեր կերպերով դժուարութեան կը հակազդեն։ Ոմանք կ’ուզե՛ն խօսիլ, մինչ ուրիշներ աւելի վերապահ են։ Ուստի, թէեւ կ’ուզենք օգտակար ըլլալ, բայց պէտք չէ չափազանց անձնական հարցումներ հարցնելով՝ դիմացինը նեղ կացութեան մատնենք (Ա. Թես. 4։11)։ Իսկ երբ ոմանք արտայայտուին, թերեւս իրենց բոլոր ըսածներուն չհամաձայնինք։ Բայց պէտք է գիտակցինք որ իրենք այսպէս կը զգան։ Թող որ արագ ըլլանք լսելու մէջ եւ դանդաղ՝ խօսելու մէջ (Մատ. 7։1. Յակ. 1։19

20. Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

20 Կարեկցութիւն պէտք է ցոյց տանք թէ՛ ժողովքին մէջ եւ թէ դաշտի ծառայութեան մէջ։ Անոր համար յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք կարեկից ըլլալ աշակերտելու գործին մէջ։

ԵՐԳ 77 Ներողամիտ ըլլանք

^ պարբ. 5 Եհովան եւ Յիսուսը ուրիշներուն զգացումներով հետաքրքրուած են։ Յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ իրենց օրինակէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ։ Նաեւ պիտի քննարկենք, թէ ինչո՛ւ պէտք է կարեկից ըլլանք եւ ինչպէ՛ս կրնանք կարեկցիլ։

^ պարբ. 1 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Կարեկից» ըլլալ կը նշանակէ՝ ջանալ ուրիշներու զգացումները հասկնալ եւ անոնց պէս զգալ (Հռով. 12։15

^ պարբ. 6 Եհովան նաեւ կարեկցութիւն ցոյց տուաւ հաւատարիմ անհատներու հանդէպ, որոնք վհատած էին կամ վախի մէջ էին, ինչպէս՝ Աննա (Ա. Թագ. 1։10-20), Եղիա (Գ. Թագ. 19։1-18), եւ Աբդեմելէք (Եր. 38։7-13. 39։15-18

^ պարբ. 65 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովները շատ առիթներ կը ստեղծեն ջերմ ընկերակցութեան համար։ Կը տեսնենք՝ 1) երէց մը ազնուօրէն կը խօսի պզտիկ հրատարակիչի մը եւ անոր մօր հետ, 2) հայր մը եւ իր աղջիկը տարեց քրոջ մը կ’օգնեն, որ ինքնաշարժին հասնի, եւ 3) երկու երէցներ ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընեն քրոջ մը, որ ուղղութիւն կը խնդրէ։