Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 13

Ծառայութեան մէջ կարեկցէ

Ծառայութեան մէջ կարեկցէ

«Խղճաց անոնց վրայ. . . եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց» (ՄԱՐ. 6։34

ԵՐԳ 96 Արժանաւորները փնտռենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Յիսուսի մասին ի՞նչ բան գիտնալը սրտապնդիչ է. բացատրէ՛։

ՍՐՏԱՊՆԴԻՉ է գիտնալ, որ Յիսուս կարողութիւնը ունի անկատար մարդոց դժուարութիւնները հասկնալու։ Երբ ան երկրի վրայ էր, կրցաւ ‘խնդացողներուն հետ խնդալ եւ լացողներուն հետ լալ’ (Հռով. 12։15)։ Օրինակ, երբ իր 70 աշակերտները * քարոզելու իրենց նշանակումը յաջողապէս կատարելով ուրախ վերադարձան, Յիսուս «Հոգիով ուրախացաւ» (Ղուկ. 10։17-21)։ Միւս կողմէ, երբ ան տեսաւ, թէ Ղազարոսին մահը ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցաւ անոր սիրելիներուն վրայ, «իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ» (Յովհ. 11։33

2. Ի՞նչը Յիսուսին օգնեց, որ մարդոց կարեկցի։

2 Ի՞նչը Յիսուսին օգնեց, որ կատարեալ ըլլալով հանդերձ, անկատար մարդոց ողորմի եւ կարեկցի։ Գլխաւորաբար՝ իր սէրը մարդոց հանդէպ։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, ‘անոր զուարճութիւնը մարդոց որդիներուն հետ էր’ (Առ. 8։31)։ Իր սէրը զինք մղեց, որ լաւ ճանչնայ մարդոց մտածելակերպը։ Յովհաննէս առաքեալ կը բացատրէ. «Ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդուն ներսիդին» (Յովհ. 2։25)։ Յիսուս ուրիշներուն հանդէպ քնքուշ զգացումներ ունէր։ Մարդիկ ասիկա կը զգային, հետեւաբար մտիկ կ’ընէին Թագաւորութեան պատգամը։ Մենք ալ մարդոց հանդէպ որքա՛ն աւելի ջերմ զգացումներ ունենանք, այնքա՛ն աւելի պիտի կարենանք իրենց օգնել, երբ կը քարոզենք (Բ. Տիմ. 4։5

3-4. ա) Եթէ կարեկից ըլլանք, մեր ծառայութիւնը ինչպէ՞ս պիտի նկատենք։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։

3 Պօղոս առաքեալ գիտէր, որ պարտաւոր էր քարոզել. մենք ալ գիտենք (Ա. Կոր. 9։16)։ Սակայն եթէ կարեկից ենք, մեր ծառայութիւնը ոչ միայն պարտականութիւն պիտի սեպենք, հապա մարդոց զգացումներով պիտի հետաքրքրուինք եւ պիտի ուզենք իրենց օգնել։ Գիտենք որ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Ուստի, երբ մարդոց օգնելու փափաք ունենալով քարոզենք, ծառայութեան մէջ աւելի ուրախութիւն պիտի գտնենք։

4 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք կարեկից ըլլալ ծառայութեան մէջ։ Նա՛խ պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ մարդոց հանդէպ Յիսուսի կարեկցութենէն։ Ետքը, պիտի քննարկենք զինք ընդօրինակելու չորս կերպեր (Ա. Պետ. 2։21

ՅԻՍՈՒՍ ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԻՒՆ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Յիսուս կարեկցութենէ մղուած՝ մխիթարական պատգամ քարոզեց (տե՛ս պարբերութիւն 5-6)

5-6. ա) Յիսուս որո՞նց կարեկցեցաւ։ բ) Յիսուս ինչո՞ւ խղճաց այն մարդոց վրայ, որոնց քարոզեց, ինչպէս որ մարգարէացուած էր Եսայի 61։1, 2–ին մէջ։

5 Օրինակ մը առնենք, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս կարեկցութիւն ցոյց տուաւ։ Առիթով մը, ան եւ իր աշակերտները շատ յոգնած էին, քանի որ առանց դադարի բարի լուրը քարոզած էին. նոյնիսկ «հաց ուտելու ալ ժամանակ» չէին ունեցած։ Անոր համար Յիսուս իր աշակերտները «առանձին անապատ մը» տարաւ, որ ‘քիչ մը հանգչին’։ Սակայն մեծ բազմութիւն մը իրենցմէ առաջ այդ վայրը վազեց։ Երբ Յիսուս հասաւ եւ զիրենք տեսաւ, ի՞նչ զգաց եւ ի՞նչ ըրաւ։ Ան «խղճաց * անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց» (Մար. 6։30-34

6 Նկատէ թէ Յիսուս ինչո՛ւ խղճաց կամ կարեկցեցաւ այդ մարդոց։ Անոնք «հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին»։ Թերեւս Յիսուս տեսաւ, որ անոնցմէ ոմանք աղքատ էին եւ երկար ժամեր կ’աշխատէին, որպէսզի կարենան իրենց ընտանիքին ապրուստը ճարել։ Ուրիշներ թերեւս կը սգային սիրելիի մը մահուան համար։ Յիսուս շատ հաւանաբար անոնց պարագաները կը հասկնար։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ քննարկեցինք, ի՛նք այդ խնդիրներէն ոմանք դիմագրաւած էր։ Յիսուս ուրիշներով հետաքրքրուած էր, եւ մղուեցաւ զիրենք մխիթարելու (կարդա՛ Եսայի 61։1, 2

7. Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։

7 Յիսուսի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։ Յիսուսին պէս, մենք ալ շրջապատուած ենք մարդոցմով, որոնք «հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» են։ Անոնք խնդիրներու մէջ խեղդուած են, եւ շատ պէտք ունին որ լսեն Թագաւորութեան պատգամը (Յայտ. 14։6)։ Ուստի մեր Տէրը ընդօրինակելով, բարի լուրը կը քարոզենք, քանի որ ‘կը խղճանք աղքատին ու տնանկին’ (Սաղ. 72։13)։ Մենք մարդոց հետ կը զգանք, եւ կ’ուզենք բան մը ընել, որ անոնց օգնենք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԻՒՆ ՑՈՅՑ ՏԱԼ

Իւրաքանչիւր անհատի պէտքերը նկատի առ (տե՛ս պարբերութիւն 8-9)

8. Ծառայութեան մէջ կարեկցութիւն ցոյց տալու կերպերէն մէկը ի՞նչ է. օրինակ մը տուր։

8 Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ կարեկցինք անոնց՝ որոնց կը քարոզենք։ Պէտք է մեր անձը իրենց տեղը դնենք եւ իրենց հետ վարուինք այնպէս՝ ինչպէս կ’ուզենք որ մեզի հետ վարուին (Մատ. 7։12) *։ Քննարկենք ատիկա ընելու չորս մասնայատուկ կերպեր։ Առաջին, նկատի առ իւրաքանչիւր անհատի կարիքները։ Բարի լուրը քարոզած ատեն մեր դերը կը նմանի բժիշկի մը դերին։ Լաւ բժիշկը հաշուի կ’առնէ իւրաքանչիւր հիւանդի պէտքերը։ Ան հարցումներ կը հարցնէ եւ ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ, մինչ հիւանդը կը նկարագրէ իր վիճակը կամ ախտանշանները։ Քան թէ շուտով հիւանդին դեղագիր մը տայ, բժիշկը յաւելեալ քննութիւններ կ’ընէ հիւանդութիւնը բնորոշելու համար, եւ ետքը յարմար դարմանումը կու տայ։ Նոյնպէս մենք, ծառայութեան մէջ խօսակցութիւն սկսելու համար, պէտք չէ բոլորին հետ նոյն մեթոտը գործածենք, հապա պէտք է հաշուի առնենք իւրաքանչիւր անհատի պարագաները եւ տեսակէտները։

9. Ի՞նչ բաներ պէտք չէ ենթադրենք. բացատրէ։

9 Երբ ծառայութեան մէջ մէկու մը կը հանդիպիս, մի՛ ենթադրեր որ գիտես թէ ի՛նչ են իր պարագաները կամ թէ ինչի՛ կը հաւատայ եւ ինչո՛ւ ատոր կը հաւատայ (Առ. 18։13)։ Փոխարէնը, փափկանկատ հարցումներ հարցուր, անհատին եւ իր հաւատալիքներուն մասին բան մը գիտնալու համար (Առ. 20։5)։ Եթէ յարմար է, հարցուր անոր գործին, ընտանիքին, կեանքի փորձառութեան եւ տեսակէտներուն մասին։ Ուրիշներուն հարցումներ հարցնելով, կը գիտնանք թէ իրապէս ի՛նչ բաներու պէտք ունին։ Եւ մէյ մը որ գիտնանք, կրնանք անոնց մասնայատուկ պէտքերը հաշուի առնել եւ ըստ այնմ օգնել, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ (համեմատէ՛ Ա. Կորնթացիս 9։19-23

Երեւակայէ թէ այն անհատը, որուն կը վկայես, ի՛նչ տեսակ կեանք ունի (տե՛ս պարբերութիւն 10-11)

10-11. Բ. Կորնթացիս 4։7, 8–ի համաձայն, կարեկցութիւն ցոյց տալու երկրորդ կերպը ի՞նչ է. օրինակ մը տուր։

10 Երկրորդ, փորձէ երեւակայել թէ ի՛նչ տեսակ կեանք մը ունին։ Մենք ձեւով մը կրնա՛նք անոնց պարագան հասկնալ։ Ի վերջոյ, անկատար ըլլալով՝ մենք ալ կ’անցնինք համանման խնդիրներէ (Ա. Կոր. 10։13)։ Գիտենք թէ ներկայ աշխարհին մէջ կեանքը դժուար է. եւ մենք կը տոկանք միայն Եհովայի՛ օգնութեամբ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 4։7, 8)։ Պահ մը մտածէ անոնց մասին, որոնք Եհովայի հետ մտերիմ բարեկամութիւն չունին։ Անոնց համար ներկայ կեանքը որքա՜ն դժուար ըլլալու է։ Յիսուսին պէս, անոնց կը խղճանք, եւ կ’ուզենք «բարութեան աւետիս» տալ (Եսա. 52։7

11 Նկատի առ Սերկէյ անունով եղբօր մը օրինակը։ Ճշմարտութիւնը սերտելէ առաջ, Սերկէյ շատ ամչկոտ էր եւ արտայայտուելու դժուարութիւն ունէր։ Ժամանակի ընթացքին, ան ընդունեց Աստուածաշունչը սերտել։ Սերկէյ կ’ըսէ. «Մինչ Աստուածաշունչը կը սերտէի, տեղեկացայ թէ քրիստոնեաները պարտաւոր են իրենց հաւատքին մասին ուրիշներուն խօսիլ։ Իմ կարծիքովս, ես բնա՛ւ կարողութիւնը չունէի ատիկա ընելու»։ Բայց Սերկէյ մտածեց անոնց մասին, որոնք տակաւին ճշմարտութիւնը չէին լսած, եւ երեւակայեց թէ անոնց կեանքը որքա՜ն դժուար ըլլալու էր, քանի որ Եհովան չէին ճանչնար։ Ան կ’ըսէ. «Ինչ որ կը սորվէի զիս շատ կ’ուրախացնէր եւ ներքին խաղաղութիւն կու տար, եւ գիտէի որ ուրիշներ ալ պէտք ունին այս ճշմարտութիւնները գիտնալու»։ Մինչ Սերկէյի կարեկցութիւնը աւելցաւ, քարոզելու իր քաջութիւնն ալ աւելցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Զարմացայ երբ նկատեցի, թէ Աստուածաշունչի մասին ուրիշներուն խօսիլը, իրականութեան մէջ ինքնավստահութիւնս աւելցուց։ Նաեւ, այս նոր հաւատալիքներուն մասին ուրիշներուն պատմելը հաւատքս զօրացուց» *։

Ոմանց հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կրնայ ժամանակ առնել (տե՛ս պարբերութիւն 12-13)

12-13. Ինչո՞ւ պէտք է համբերենք անոնց, որոնց կը սորվեցնենք. օրինակով մը բացատրէ։

12 Երրորդ, համբերէ անոնց՝ որոնց կը սորվեցնես։ Յիշէ որ անոնք թերեւս բնա՛ւ չեն մտածած Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններէն ոմանց մասին, որոնք մենք անձամբ շատ լաւ գիտենք։ Ասկէ զատ, ոմանք շա՜տ կը սիրեն իրենց հաւատալիքները։ Անոնք թերեւս զգան որ իրենց կրօնքը զիրենք կը միացնէ իրենց ընտանիքին, մշակոյթին եւ շրջանակին։ Անոնց ինչպէ՞ս կրնանք օգնել։

13 Նկատի առ այս օրինակը. ի՞նչ կ’ընեն երբ վատ վիճակի մէջ եղող հին կամուրջին տեղ նոր կամուրջ մը շինելու կարիքը ըլլայ։ Յաճախ, նոր կամուրջը կը շինուի, մինչ հին կամուրջը դեռ կը գործածուի։ Երբ նոր կամուրջին շինութիւնը ամբողջանայ, հինը կրնան քանդել։ Նոյնպէս, եթէ կ’ուզենք որ մարդիկ իրենց շա՜տ սիրած «հին» հաւատալիքները լքեն, նա՛խ պէտք է իրենց օգնենք որ «նոր» ճշմարտութիւնները ճանչնան եւ սիրեն։ Միայն այն ատեն անոնք պիտի կարենան իրենց նախկին հաւատալիքները լքել։ Ժամանակի կը կարօտի մարդոց օգնելը, որ այս տեսակ փոփոխութիւններ ընեն (Հռով. 12։2

14-15. Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել անոնց, որոնք երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսին մասին շատ քիչ կամ ոչինչ գիտեն. օրինակ մը տուր։

14 Եթէ ծառայութեան մէջ մարդոց հանդէպ համբերատար ենք, չենք ակնկալեր որ սուրբգրային ճշմարտութիւնը առաջին վայրկեանէն իսկ հասկնան կամ ընդունին։ Փոխարէնը, կարեկցութիւնը մեզ կը մղէ անոնց օգնելու, որ Սուրբ Գրութիւններուն շուրջ տրամաբանեն, եւ ասիկա ժամանակ կ’առնէ։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնանք մէկու մը օգնել հասկնալու դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ Ոմանք այս ուսուցումին մասին շատ քիչ գիտեն կամ բնա՛ւ չեն գիտեր։ Անոնք թերեւս կը հաւատան, որ մահը ամէն բանի վերջ կը դնէ։ Կամ ալ թերեւս կը հաւատան, որ բոլոր բարի մարդիկը երկինք կ’երթան։ Ի՞նչ կրնանք ընել։

15 Եղբայր մը հետեւեալ կերպով մարդոց կ’օգնէ, որ հասկնան դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ Նա՛խ կը կարդայ Ծննդոց 1։28–ը։ Ետքը, տանտիրոջ կը հարցնէ, թէ Աստուած ուզեց որ մարդիկ ո՛ւր ապրին եւ ի՛նչ տեսակ պարագաներու ներքեւ։ Մարդոց մեծամասնութիւնը կը պատասխանէ. «Երկրի վրայ, լաւ պայմաններու ներքեւ»։ Ետքը, եղբայրը կը կարդայ Եսայի 55։11–ը եւ կը հարցնէ, թէ արդեօք Աստուծոյ նպատակը փոխուա՞ծ է։ Յաճախ տանտէրը «ո՛չ» կ’ըսէ։ Ետքը, եղբայրը կը կարդայ Սաղմոս 37։10, 11–ը եւ կը հարցնէ, որ մարդկութեան ապագան ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Սուրբ Գիրքը այս կերպով գործածելով, ան քանի մը անհատներու օգնած է, որ հասկնան թէ Աստուած դեռ կ’ուզէ որ բարի մարդիկը յաւիտեան ապրին Դրախտի մէջ երկրի վրայ։

Ազնիւ արարք մը, ինչպէս՝ քաջալերական նամակ մը ուղարկել, կրնայ շատ լաւ արդիւնք տալ (տե՛ս պարբերութիւն 16-17)

16-17. Առակաց 3։27–ն ի մտի ունենալով, ո՞ր կարգ մը գործնական կերպերով կրնանք կարեկցութիւն ցոյց տալ. օրինակ մը տուր։

16 Չորրորդ, կարեկցութիւն ցոյց տալու գործնական կերպեր փնտռէ։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ անյարմար ատեն տանտիրոջ մը դուռը զարկինք։ Կրնանք ներողութիւն խնդրել եւ առաջարկել որ աւելի յարմար ատեն մը վերադառնանք։ Կրնանք ձեռք տալ, եթէ տանտէր մը օգնութեան պէտք ունի, որպէսզի պզտիկ պարտականութիւն մը կատարէ, կամ օգնել՝ եթէ տունէն դուրս չի կրնար ելլել, հիւանդ կամ տարեց ըլլալուն պատճառով, եւ պէտք ունի որ դուրսը իրեն համար որոշ գործ մը կատարուի (կարդա՛ Առակաց 3։27

17 Քոյր մը անկարեւոր թուող ազնիւ արարք մը ընելով լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեց։ Կարեկցութենէ մղուած, ան նամակ մը գրեց ընտանիքի մը, որ իրենց նորածին զաւակը կորսնցուցած էին։ Ան մխիթարիչ համարներ նշեց։ Նամակը ընտանիքին ինչպէ՞ս ազդեց։ Սգացող մայրը գրեց. «Երէկ շատ ընկճուած էի։ Չես կրնար երեւակայել, թէ նամակդ որքա՜ն օգտակար դարձաւ մեզի։ Շատ երախտապարտ եմ նամակիդ համար, որ մեզ մեծապէս մխիթարեց։ Երէկ զայն առնուազն 20 անգամ կարդացի։ Խօսքերդ իրապէս շատ ազնիւ եւ քաջալերական էին։ Մեր սրտին խորքէն քեզի շնորհակալութիւն կը յայտնենք»։ Անկասկած լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգենք, երբ մեր անձը կը դնենք տառապող անհատներուն տեղը եւ բան մը կ’ընենք որ անոնց օգնենք։

ԴՈՒՆ ՔԵԶՄԷ ՉԱՓԷՆ ԱՒԵԼԻ ՄԻ՛ ԱԿՆԿԱԼԵՐ

18. Ա. Կորնթացիս 3։6, 7–ի համաձայն, մեր ծառայութեան նկատմամբ ի՞նչ պէտք է յիշենք եւ ինչո՞ւ։

18 Անշուշտ կ’ուզենք ծառայութեան մէջ մեր դերը հաւասարակշռուած կերպով դիտել։ Մենք կրնանք դեր խաղալ ուրիշներուն օգնելու մէջ, որ Աստուծոյ մասին սորվին, բայց ամենակարեւոր դերը չենք խաղար (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 3։6, 7)։ Եհովան ի՛նք մարդիկը իրեն կը քաշէ (Յովհ. 6։44)։ Ի վերջոյ, անհատի մը սրտի վիճակը կ’որոշէ եթէ բարի լուրը պիտի ընդունի կամ ոչ (Մատ. 13։4-8)։ Յիշէ որ մարդոց մեծամասնութիւնը Յիսուսի պատգամը չընդունեց, հակառակ անոր որ մեծագոյն Ուսուցիչն էր։ Ուրեմն, պէտք չէ վհատինք, եթէ շատեր մեր պատգամը մտիկ չընեն։

19. Ծառայութեան մէջ կարեկից ըլլալով ի՞նչ օգուտներ ձեռք կը ձգենք։

19 Ծառայութեան մէջ կարեկից ըլլալով լաւ արդիւնքներ ձեռք պիտի ձգենք։ Քարոզչութենէն աւելի՛ հաճոյք պիտի առնենք։ Տալով աւելի ուրախութիւն պիտի գտնենք։ Եւ «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» անհատներուն պիտի դիւրացնենք բարի լուրը ընդունիլը (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Ուրեմն, «քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն» (Գաղ. 6։10)։ Այսպէս, մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ՝ փառք բերելով շա՜տ ուրախ պիտի ըլլանք (Մատ. 5։16

ԵՐԳ 44 Ուրախութեամբ մասնակցինք հունձքի գործին

^ պարբ. 5 Պիտի քննարկենք, թէ ինչո՛ւ երբ կարեկից ըլլանք, ծառայութեան մէջ աւելի ուրախ կ’ըլլանք եւ յաճախ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգենք։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսի օրինակէն, եւ պիտի տեսնենք չորս կերպեր կարեկից ըլլալու անոնց հանդէպ, որոնց կը հանդիպինք ծառայութեան մէջ։

^ պարբ. 1 Կարգ մը Աստուածաշունչեր, ինչպէս՝ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ը, եւ յունարէն հին ձեռագիրներ կ’ըսեն, թէ Յիսուս 72 աշակերտ ղրկեց։ Բայց բազմաթիւ ձեռագիրներ թիկունք կը կանգնին 70 թիւին։

^ պարբ. 5 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Սուրբ Գիրքին մէջ, խղճալ կը նշանակէ ջերմ զգացումներ ունենալ մէկու մը հանդէպ, որ կը տառապի կամ իրեն հանդէպ գէշ վերաբերմունք ցուցաբերուած է։ Երբ անհատ մը այդպէս զգայ, կը մղուի ձեռքէն եկածը ընելու, որ մարդոց օգնէ։

^ պարբ. 8 Տե՛ս «Ծառայութեան մէջ Ոսկի կանոնին հետեւէ» խորագրով յօդուածը, որ կը գտնուի Դիտարան–ի 15 մայիս 2014 թիւին մէջ։

^ պարբ. 11 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 օգոստոս 2011 թիւը, էջ 21-22 (անգլերէն)։