Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան «ամէն» ըսելդ կ’արժեւորէ

Եհովան «ամէն» ըսելդ կ’արժեւորէ

ԵՀՈՎԱՆ մեր պաշտամունքը կ’արժեւորէ։ Իր ծառաներուն ‘մտիկ կ’ընէ ու կը լսէ’ եւ զինք փառաբանելու նոյնիսկ ամէնէն պզտիկ արարքը իր աչքէն չի վրիպիր (Մաղ. 3։16)։ Օրինակ, նկատի առ բառ մը, որ միշտ կը գործածենք. «ամէն»։ Արդեօք Եհովան այս պարզ բառը կ’արժեւորէ՞։ Այո՛։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Քննենք, թէ այս բառը ի՛նչ կը նշանակէ եւ Սուրբ Գիրքին մէջ ինչպէ՛ս գործածուած է։

«ԲՈԼՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ‘ԱՄԷՆ’ ԹՈՂ ԸՍԷ»

«Ամէն»ը եբրայերէն բառ մըն է, որ կը նշանակէ «Եղիցի», «Այնպէ՛ս ըլլայ», եւ որ կարելի է նաեւ թարգմանել՝ «իսկապէս», «ստուգապէս», «ճշմարտապէս» եւ «իրաւամբ»։ Անոր եբրայերէն արմատը կը նշանակէ «հաւատարիմ ըլլալ», «վստահելի ըլլալ»։ Երբեմն կը գործածուէր օրինական հարցերու մէջ։ Երդում ընելէ ետք, անձ մը «ամէն» կ’ըսէր հաստատելու համար, թէ իր ըսածը ճշգրիտ է եւ թէ պատասխանատու է իր ըսածին համար (Թւ. 5։22)։ Հանրութեան առջեւ «ամէն» ըսելով՝ անհատը իր խօսքին տէրը ըլլալու աւելի մեծ շարժառիթ կ’ունենար (Նէ. 5։13

Բ. Օրինաց 27–րդ գլուխին մէջ «ամէն» բառին գործածութեան տպաւորիչ օրինակ մը կը տեսնենք։ Իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտնելէ ետք, պէտք էր ժողվուէին Գեբաղ լերան եւ Գարիզին լերան միջեւ, Օրէնքին ընթերցանութիւնը մտիկ ընելու համար։ Անոնք միայն լսողներ պիտի չըլլային, հապա նաեւ պիտի յայտնէին որ զայն ընդունած են։ Ասիկա ըրին «Ամէն» պատասխանելով, երբ անհնազանդութեան հետեւանքները կարդացուեցան (Բ. Օր. 27։15-26)։ Երեւակայէ թէ ի՜նչ բարձր ձայն ելաւ, երբ տասնեակ հազարաւոր տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ պատասխանեցին (Յես. 8։30-35)։ Այդ իսրայէլացիները վստահաբար այդ օրը իրենց ըսած խօսքերը բնա՛ւ չմոռցան։ Եւ անոնք իրենց խոստումը պահեցին, քանի որ կը կարդանք. «Յեսուի բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր գործերը գիտցող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Իսրայէլ Տէրոջը ծառայութիւն ըրաւ» (Յես. 24։31

Յիսուսն ալ «ամէն» բառը գործածեց՝ ըսուած խօսքին ճշմարիտ ըլլալը հաստատելու, բայց այս մէկը յատուկ կերպով ըրաւ։ Փոխանակ զայն գործածելու ըսուած բանի մը առ ի պատասխան, ան իր խօսքը սկսա՛ւ ըսելով «ամէն» (որ կը թարգմանուի՝ «ճշմարիտ»), որպէսզի ցուցնէ թէ ինչ որ կ’ըսէ, ճշմարիտ է։ Ատեններ կը կրկնէր բառը, ըսելով՝ «ամէն ամէն» (որ կը թարգմանուի՝ «ճշմարտապէս» եւ «ճշմարիտ ճշմարիտ») (Մատ. 5։18. Յովհ. 1։51)։ Այդպիսով, իր ունկնդիրները վստահեցուց, որ իր խօսքերը բացարձակ ճշմարտութիւն էին։ Յիսուս կրնար այսպիսի վստահութեամբ խօսիլ, քանի որ հեղինակութիւն ստացած էր, որ Աստուծոյ բոլոր խոստումները կատարէ (Բ. Կոր. 1։20. Յայտ. 3։14

«ԲՈԼՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ‘ԱՄԷՆ’ ԸՍԵԼՈՎ՝ ՏԷՐԸ ՕՐՀՆԵՑԻՆ»

Իսրայէլացիները նաեւ «ամէն» գործածեցին Եհովային աղօթելու եւ զինք փառաբանելու ատեն (Նէ. 8։6. Սաղ. 41։13)։ Աղօթքէն ետք, մտիկ ընողները այդ բառը ըսելով՝ ցոյց կու տային, որ համաձայն են աղօթքին մէջ ըսուածներուն։ Այսպէս, բոլոր ներկաները կրնային մասնակցիլ, հոգեւոր առիթը ճոխացնելով։ Այսպէս եղաւ, երբ Դաւիթ թագաւորը ուխտի տապանակը փոխադրեց Երուսաղէմ։ Այդ առթիւ, Դաւիթի գրած յուզիչ աղօթքը երգուեցաւ, ինչպէս նկարագրուած է Ա. Մնացորդաց 16։8-36–ի մէջ։ Ներկաները ա՛յնքան ազդուեցան աղօթքին խօսքերէն, որ «բոլոր ժողովուրդը ‘Ամէն’ ըսելով՝ Տէրը օրհնեցին»։ Այո, անոնց միացեալ պատասխանը աւելցուց այդ օրուան ուրախութիւնը։

Առաջին դարու քրիստոնեաները Եհովան փառաբանելու ատեն, նոյնպէս «ամէն» գործածեցին։ Սուրբ Գիրքի գրողները յաճախ զայն պարփակեցին իրենց նամակներուն մէջ (Հռով. 1։25. 16։27. Ա. Պետ. 4։11)։ Իսկ Յայտնութիւն գիրքին մէջ նոյնիսկ նկարագրուած են հոգեղէն արարածներ, որոնք երկինքին մէջ Եհովան կը փառաբանեն, ըսելով՝ «Ամէ՛ն, Ալէլուիա՜» (Յայտ. 19։1, 4)։ Նախկին քրիստոնեաները սովորաբար իրենց ժողովներուն մէջ աղօթելէ ետք «ամէն» կ’ըսէին (Ա. Կոր. 14։16)։ Սակայն այդ բառը առանց մտածելու պէտք չէր ըսէին։

«ԱՄԷՆ» ԸՍԵԼԴ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Եհովայի ծառաներուն կողմէ բառին գործածութիւնը քննելէ ետք, կրնանք տեսնել թէ ինչո՛ւ աղօթքի վերջաւորութեան «ամէն» ըսելը այդքան մեծ իմաստ ունի։ Երբ մեր անձնական աղօթքները փակենք «ամէն» ըսելով, ցոյց կու տանք որ իրապէ՛ս ըսել կ’ուզենք ինչ որ ըսինք։ Իսկ հանրային աղօթքին «ամէն» պատասխանելով, նոյնիսկ լռելեայն, կը ցուցնենք թէ համաձայն ենք ըսուածին։ Նկատէ յաւելեալ պատճառներ թէ ինչո՛ւ «ամէն» ըսելը կարեւոր է։

Ցոյց կու տայ, որ լուրջ կեցուածք ունինք մեր պաշտամունքին մէջ։ Մենք Եհովան կը պաշտենք աղօթքին ընթացքին՝ ոչ միայն վերջաւորութեան «ամէն» ըսելով, հապա նաեւ աղօթքին լաւ ուշադրութիւն ընծայելով։ Անկեղծօրէն «ամէն» ըսելու մեր փափաքը կ’օգնէ, որ ճիշդ կեցուածք ունենանք եւ աղօթքին վրայ կեդրոնացած մնանք։

Մեզ կը միացնէ որպէս հաւատակիցներ։ Հանրային աղօթքի ընթացքին, ժողովքի բոլոր անդամները նոյն պատգամը մտիկ ընելով կը միանան (Գործք 1։14. 12։5)։ Երբ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ միաձայն կը պատասխանենք, ա՛լ աւելի միացած կ’ըլլանք։ Երբ միասնաբար «ամէն» կ’ըսենք՝ ըլլայ լսելի կերպով կամ լռելեայն, մեր աղօթքը կրնայ Եհովան մղել մեր խնդրանքը կատարելու։

«Ամէն» ըսելով Եհովան կը փառաբանենք

Եհովան կը փառաբանենք։ Եհովան կը նկատէ ամէն բան որ կ’ընենք մեր պաշտամունքին մէջ, որքան ալ չնչին երեւի (Ղուկ. 21։2, 3)։ Ան կը տեսնէ մեր շարժառիթը եւ թէ ի՛նչ կայ մեր սիրտին մէջ։ Նոյնիսկ եթէ ժողովի յայտագիրը հեռաձայնով մտիկ կ’ընես, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան պիտի նկատէ խոնարհաբար «ամէն» ըսելդ։ Այսպէս, ժողովքի անդամներուն հետ Եհովան կը փառաբանես։

Թերեւս թուի թէ մեր «ամէն»ը շատ արժէքաւոր չէ, բայց պէտք չէ այդպէս մտածենք։ Ըստ Սուրբ Գիրքի համայնագիտարանի մը, «այս մէկ բառը գործածելով» Աստուծոյ ծառաները կրնան արտայայտել «իրենց սրտին մէջ եղած վստահութիւնը, զօրաւոր հաւանութիւնը եւ վառ յոյսը»։ Թող որ մեր ըսած իւրաքանչիւր «ամէն»ը Եհովան հաճեցնէ (Սաղ. 19։14