Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 20

Չարաշահութեան զոհ գացողները մխիթարել

Չարաշահութեան զոհ գացողները մխիթարել

«Ամէն մխիթարութեան Աստուածը. . . մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ» (Բ. ԿՈՐ. 1։3, 4

ԵՐԳ 88 Երեխաները Աստուծմէ վստահուած գանձեր են

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ մարդը մխիթարուելու բնական կարիք եւ մխիթարելու կարողութիւն ունի։ բ) Կարգ մը երեխաներ ինչպէ՞ս կը վնասուին։

ՄԱՐԴ արարածը մխիթարուելու բնական կարիք եւ մխիթարելու հրաշալի կարողութիւն ունի։ Օրինակ, երբ երեխայ մը խաղցած ատեն իյնայ եւ ծունկը վիրաւորէ, լալով կը վազէ իր մօր կամ հօր քով։ Ճիշդ է որ ծնողքը չեն կրնար վէրքը բուժել, բայց կրնան զաւակը մխիթարել։ Թերեւս իրեն հարցնեն թէ ի՛նչ եղաւ, արցունքները սրբեն, մեղմ խօսքերով ու փաթթուկով մը զինք հանդարտեցնեն, դեղ դնեն կամ վէրքը գոցեն։ Քիչ ետք, երեխան լալէ կը դադրի եւ նոյնիսկ կը շարունակէ խաղալ։ Իսկ ժամանակի ընթացքին, ծունկին վէրքը կը բուժուի։

2 Բայց երբեմն երեխաները շա՜տ աւելի գէշ կերպերով կը վնասուին։ Ոմանք սեռային գետնի վրայ կը չարաշահուին՝ կա՛մ մէկ անգամ, կամ ալ տարիներով։ Երկու պարագային ալ, չարաշահութիւնը զգացական խոր սպիներ կը ձգէ։ Կարգ մը պարագաներու, չարաշահողը կը բռնուի ու կը պատժուի, իսկ երբեմն ալ բնա՛ւ պատիժ չի ստանար։ Բայց նոյնիսկ եթէ ան անմիջապէս պատժուի, չարաշահուած երեխային տառապանքը կը շարունակուի մինչեւ չափահասութիւն։

3. Ինչպէս Բ. Կորնթացիս 1։3, 4–ին մէջ նշուած է, Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ, եւ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Եթէ ժողովքին մէջ եղբայր մը կամ քոյր մը երեխայ եղած ատեն չարաշահուած է եւ տակաւին կը տանջուի, ի՞նչը կրնայ իրեն օգնել (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։ Յստակ է թէ Եհովան կ’ուզէ՛ որ իր հօտին ոչխարները պէտք եղած սէրն ու մխիթարութիւնը ստանան։ Ուրեմն, նկատի առնենք այս երեք հարցումները. 1) Ինչո՞ւ չարաշահութեան զոհ գացողները մխիթարուելու պէտք ունին։ 2) Որո՞նք կրնան զիրենք մխիթարել։ 3) Ինչպէ՞ս կրնանք գործնական կերպերով մխիթարել։

ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՈՂԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԽԻԹԱՐՈՒԵԼՈՒ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ

4-5. ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է գիտակցիլ, թէ երեխաները չափահասներէն տարբեր են։ բ) Ուրիշներուն վստահելու նկատմամբ, չարաշահութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ երեխային։

4 Կարգ մը չափահասներ, որոնք երեխաներու չարաշահութեան զոհ գացած են, թերեւս տակաւին մխիթարուելու պէտք ունին, հակառակ անոր որ տարինե՜ր անցած են։ Ինչո՞ւ։ Ասիկա հասկնալու համար, պէտք է գիտակցինք, թէ երեխաները չափահասներէն շա՜տ տարբեր են։ Գէշ վերաբերմունքը որոշ կերպով չափահասին կ’ազդէ, բայց երեխային՝ բոլորովին տարբեր կերպով, ինչպէս հետեւեալ կէտերը ցոյց կու տան։

5 Երեխաները պէտք ունին մօտիկ ըլլալու եւ վստահելու անոնց, որոնք զիրենք կը մեծցնեն եւ հոգ կը տանին։ Այսպիսով անոնք ապահով կը զգան եւ կը սորվին զիրենք սիրող անհատներուն վստահիլ։ Ցաւօք սրտի, չարաշահութիւնը շատ յաճախ տան մէջ կ’ըլլայ եւ չարաշահողը ընդհանրապէս ընտանիքի մէկ անդամը կամ մօտիկ բարեկամ մըն է։ Երբ երեխան չարաշահուի այսպիսի անձի մը կողմէ, որուն կը վստահի, կրնայ դժուարութիւն ունենալ ուրիշներուն վստահելու, նոյնիսկ տարիներ ետք։

6. Սեռային չարաշահութիւնը ինչո՞ւ անողորմ եւ վնասակար է։

6 Երեխաները կարողութիւն չունին իրենք զիրենք պաշտպանելու։ Սեռային չարաշահութիւնը անողորմ եւ վնասակար է։ Երեխաները մեծ վնաս կը կրեն, երբ ստիպմամբ սեռային արարքներ կ’ընեն, առաջ որ ֆիզիքապէս, զգացականօրէն կամ մտայնօրէն պատրաստ ըլլան սեռային յարաբերութեան ամուսնութեան մէջ։ Չարաշահութեան պատճառով երեխան կրնայ սեռի նկատմամբ սխալ տեսակէտ զարգացնել, անարժէք զգալ եւ ուրիշներուն կասկածով նայիլ։

7. ա) Ինչո՞ւ դիւրին է որ մէկը երեխայ մը խաբէ եւ յետոյ չարաշահէ։ բ) Չարաշահողը ի՞նչ սուտեր կը սորվեցնէ, իսկ արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

7 Երեխաները տակաւին լիովին չեն սորված ինչպէ՛ս մտածել, վերլուծել եւ տեսնել վտանգը ու անկէ խուսափիլ (Ա. Կոր. 13։11)։ Անոր համար շատ դիւրին է որ մէկը զանոնք խաբէ եւ յետոյ չարաշահէ։ Չարաշահողը երեխային վտանգաւոր սուտեր կը սորվեցնէ։ Օրինակ, ան կ’ըսէ թէ երեխա՛ն մեղադրելի է, չարաշահութիւնը պէտք է գաղտնի պահուի, մէկու մը հոգը պիտի չըլլայ եթէ երեխան եղածին մասին պատմէ, կամ ալ թէ այս սեռային արարքները անկեղծ սիրոյ բնական արտայայտութիւններ են։ Երեխան միայն տարինե՜ր ետք կ’անդրադառնայ, թէ այս բոլորը սուտ էին։ Ան ինքզինք սիրոյ կամ մխիթարութեան անարժան կը նկատէ։

8. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կրնայ մխիթարել վնասուողները։

8 Ուրեմն զարմանալի չէ որ սեռային չարաշահութիւնը կրնայ մնայուն վնասներ պատճառել։ Ատիկա որքա՜ն անգութ ոճիր մըն է։ Այսքան տարածուած արարք մը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ մենք կ’ապրինք վերջին օրերուն մէջ, երբ շատեր «անգութ» են եւ երբ «չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան» (Բ. Տիմ. 3։1-5, 13)։ Սատանային հնարքները սարսափելի են, եւ ցաւալի է երբ մարդիկ անոր ուզածը կ’ընեն։ Սակայն, Եհովան Սատանայէն կամ անոր ուզածը ընողներէն շա՜տ աւելի զօրաւոր է։ Ան միշտ տեղեակ է Սատանային մեթոտներէն։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան գիտէ թէ մենք որքա՜ն կը չարչարուինք, եւ մեզի պէտք եղած մխիթարութիւնը կրնայ տալ։ Մեզի համար օրհնութիւն է ծառայել ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյ, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք’ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Եհովան որո՞նց միջոցաւ մխիթարութիւն կու տայ։

ՈՐՈ՞ՆՔ ԿՐՆԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԼ

9. Սաղմոս 27։10–ի մէջ նշուած Դաւիթ թագաւորին խօսքերուն համաձայն, Եհովան ի՞նչ կ’ընէ։

9 Մօտիկ անհատներու կողմէ չարաշահուողները կամ անոնք, որոնց ծնողքը չէ ուզած զիրենք պաշտպանել չարաշահութենէ, յատկապէս մխիթարուելու պէտք ունին։ Սաղմոսերգու Դաւիթ գիտէր, որ Եհովան ամէնէն վստահելի մխիթարիչն է (կարդա՛ Սաղմոս 27։10)։ Դաւիթ կը հաւատար, որ Եհովան ընտանիքին կողմէ մերժուածներուն Հայրը կը դառնայ։ Ինչպէ՞ս։ Իր հաւատարիմ ծառաները գործածելով։ Մեր հաւատակիցները մեր հոգեւոր ընտանիքն են։ Օրինակ, Եհովան պաշտողներուն համար Յիսուս ըսաւ, թէ անոնք իր եղբայրները, քոյրերը եւ մայրն են (Մատ. 12։48-50

10. Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս նկարագրեց իր գործը որպէս երէց։

10 Օրինակով մը տես թէ ինչպէ՛ս ժողովքին անդամները կրնան ընտանիքի պէս ըլլալ մէկու մը համար։ Պօղոս առաքեալ աշխատասէր եւ հաւատարիմ երէց էր։ Ան լաւ օրինակ էր, եւ Աստուծմէ ներշնչուելով գրեց, որ զինք ընդօրինակեն, ինչպէս ինք Քրիստոսը կ’ընդօրինակէր (Ա. Կոր. 11։1)։ Տե՛ս թէ Պօղոս անգամ մը ինչպէ՛ս նկարագրեց իր գործը որպէս երէց. ‘Մենք համեստ եղանք ձեր մէջ, ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ’ (Ա. Թես. 2։7, 8)։ Այսօր ալ երէցները կրնան մեղմ եւ ազնիւ խօսքեր գործածել, մինչ Աստուածաշունչով կը մխիթարեն օգնութեան կարիք ունեցողները։

Հասուն քրիստոնեայ քոյրերը ընդհանրապէս շատ լաւ կրնան մխիթարել (տե՛ս պարբերութիւն 11) *

11. Ի՞նչը ցոյց կու տայ, թէ միայն երէցները չեն որ կրնան մխիթարութիւն տալ։

11 Միայն երէցնե՞րը կրնան մխիթարել չարաշահութեան զոհ գացողները։ Ո՛չ։ Բոլորս պատասխանատուութիւն ունինք ‘մէկզմէկ մխիթարելու’ (Ա. Թես. 4։17)։ Հասուն քրիստոնեայ քոյրերը կրնան մասնաւորաբար քաջալերել մխիթարութեան պէտք ունեցող քոյրերը։ Տեղին ըլլալով, Եհովա Աստուած ինքզինք նմանցուց մօր մը, որ իր զաւակը կը մխիթարէ (Եսա. 66։13)։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ կիներ, որոնք նեղութեան մէջ եղողները մխիթարեցին (Յոբ 42։11)։ Եհովան որքա՜ն կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ թէ քրիստոնեայ կիներ կը մխիթարեն հաւատակից քոյրեր, որոնք զգացական ցաւէ կը տառապին։ Կարգ մը պարագաներու, երէցները առանձնաբար կը հարցնեն հասուն քրոջ մը, թէ արդեօք կրնա՛յ օգտակար դառնալ տառապող քրոջ մը *։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՄԽԻԹԱՐԵԼ

12. Ի՞նչ բան պէտք չէ ընենք։

12 Անշուշտ ուշադիր կ’ըլլանք, որ չհարցնենք բաներ, որոնց մասին հաւատակիցը չ’ուզեր խօսիլ (Ա. Թես. 4։11)։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոր օգնել։ Նկատի առնենք մխիթարելու հինգ աստուածաշնչական կերպեր։

13. Ինչպէս որ Գ. Թագաւորաց 19։5-8–ը կը նշէ, հրեշտակը ի՞նչ ըրաւ Եղիային համար, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

13 Գործնական օգնութիւն առաջարկէ։ Երբ Եղիա մարգարէն կը փախչէր անոնցմէ, որոնք կ’ուզէին զինք մեռցնել, ա՛յնքան վհատեցաւ որ ուզեց մեռնիլ։ Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց, որ իրեն այցելէ։ Հրեշտակը շատ գործնական կերպով օգնեց։ Ան Եղիային տաք ճաշ տուաւ եւ ազնուօրէն ըսաւ որ զայն ուտէ (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 19։5-8)։ Այս դէպքէն կը սորվինք, որ երբեմն մեր կողմէ գործնական պարզ արարք մը կրնայ շատ օգտակար ըլլալ։ Թերեւս ճաշ մը պատրաստենք, կամ պզտիկ նուէր մը տանք կամ քաջալերական երկտող մը ուղարկենք, ինչ որ պիտի ձգէ որ վհատած եղբայրը կամ քոյրը զգայ որ զինք կը սիրենք եւ իրմով հետաքրքրուած ենք։ Այսպիսի կերպերով կրնանք անհատին օգնել, եթէ մեզի համար դիւրին չէ անձնական կամ զգայուն նիւթի մը մասին ուրիշին հետ խօսիլ։

14. Եղիայի պատմութենէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։

14 Վշտացած անհատներուն ապահով եւ հանգիստ զգալ տուր։ Եղիայի պատմութենէն ուրիշ կարեւոր դաս մը կը քաղենք։ Եհովան հրաշալիօրէն մարգարէին օգնեց, որ հեռաւոր Քորեբ լեռը հասնի։ Թերեւս Եղիան ապահով զգաց այդ հեռաւոր վայրին մէջ, ուր անցեալին Եհովան իր ժողովուրդին հետ ուխտ ըրած էր։ Թերեւս ան զգաց որ վերջապէս հեռու էր այն մարդոցմէն, որոնք կ’ուզէին զինք մեռցնել։ Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Եթէ կ’ուզենք չարաշահուած անհատները մխիթարել, թերեւս նա՛խ պէտք է իրենց օգնենք որ ապահով զգան։ Օրինակ, երէցները պէտք է ի մտի ունենան, թէ վշտացած քոյր մը կրնայ տան հանդարտ մթնոլորտին մէջ աւելի ապահով ու հանգիստ զգալ, քան Թագաւորութեան սրահին մէջ։ Իսկ ուրիշ քոյր մը թերեւս Թագաւորութեան սրահը նախընտրէ։

Կրնանք բուժիչ ազդեցութիւն ունենալ՝ համբերութեամբ մտիկ ընելով, ջերմեռանդօրէն աղօթելով եւ մխիթարական խօսքեր ըսելով (տե՛ս պարբերութիւն 15-20) *

15. Մէկը ինչպէ՞ս լաւ մտիկ ընող կ’ըլլայ։

15 Լաւ մտիկ ընող եղիր։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը խրատէ. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու. . . մէջ» (Յակ. 1։19)։ Մենք լաւ մտիկ ընողնե՞ր ենք։ Թերեւս մտածենք, թէ լաւ մտիկ ընելը կը նշանակէ պարզապէս անհատին նայիլ առանց բառ մը ըսելու։ Բայց լաւ մտիկ ընելը աւելին կը պարփակէ։ Օրինակ, երբ Եղիան վերջապէս Եհովային ըսաւ թէ որքա՜ն վատ կը զգար, ան ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ։ Եհովան նկատեց թէ Եղիան կը վախնար, մինակ կը զգար եւ կը կարծէր թէ իր ամբողջ աշխատանքը ապարդիւն էր։ Եհովան սիրալիրօրէն իրեն օգնեց, որ այդ բոլոր զգացումները յաղթահարէ։ Այսպէս ցոյց տուաւ, թէ Եղիային իրապէս մտիկ ըրած էր (Գ. Թագ. 19։9-11, 15-18

16. Մտիկ ընելու ատեն ինչպէ՞ս կրնանք կարեկցութիւն ցոյց տալ։

16 Մտիկ ընելու ատեն ինչպէ՞ս կրնանք կարեկցութիւն ցոյց տալ, ինչ որ սիրոյ արտայայտութիւն է։ Ատեն–ատեն քանի մը փափկանկատ եւ ջերմ խօսքեր ըսելով կրնանք մեր զգացումները յայտնել։ Կրնաս ըսել. «Շա՜տ կը ցաւիմ որ ատանկ բան մը քեզի պատահած է։ Ոեւէ երեխայի հետ այդպէս պէտք չէ վարուիլ»։ Թերեւս մէկ–երկու հարցում հարցնես, վստահ ըլլալու համար, թէ անոր ըսածները կը հասկնաս։ Կրնաս հարցնել. «Կրնա՞ս ինծի օգնել որ հասկնամ, թէ ինչ ըսել կ’ուզես» կամ «Երբ այդպէս ըսիր, հասկցայ որ. . . ։ Արդեօք ճիշդ հասկցա՞յ»։ Երբ այսպիսի սիրալիր արտայայտութիւններ գործածես, անհատը վստահ կ’ըլլայ որ իրապէս իրեն մտիկ կ’ընես եւ կը ջանաս զինք հասկնալ (Ա. Կոր. 13։4, 7

17. Ինչո՞ւ պէտք է համբերատար եւ ‘խօսելու մէջ ծանր’ ըլլանք։

17 Բայց ուշադիր եղիր, որ ‘խօսելու մէջ ծանր’ ըլլաս։ Մի՛ ընդհատեր՝ խրատ տալու կամ անհատին մտածելակերպը սրբագրելու համար։ Եւ համբերատար եղիր։ Երբ Եղիան ի վերջոյ իր սիրտը պարպեց Եհովային առջեւ, վշտացած ըլլալով դառն խօսքեր ըսաւ։ Ետքը, երբ Եհովան Եղիային հաւատքը զօրացուց, ան նորէն իր զգացումները արտայայտեց նոյն բառերը գործածելով (Գ. Թագ. 19։9, 10, 13, 14)։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ Երբեմն վշտացած անհատը պէտք կ’ունենայ մէկ անգամէ աւելի իր սիրտը պարպելու։ Եհովային պէս, կ’ուզենք համբերութեամբ մտիկ ընել։ Փոխանակ լուծումներ առաջարկելու, անհատին կարեկցութիւն ցոյց կու տանք (Ա. Պետ. 3։8

18. Ինչո՞ւ տառապող անհատին հետ աղօթելը կրնայ զինք մխիթարել։

18 Ջերմեռանդօրէն աղօթէ տառապողին հետ։ Ընկճուած անհատները թերեւս զգան որ աղօթելու կարող չեն։ Անհատը թերեւս զգայ որ արժանի չէ Եհովային մօտենալու։ Այսպիսի անհատ մը մխիթարելու համար, կրնանք իրեն հետ աղօթել, իր անունը նշելով։ Աղօթքին մէջ կրնանք Եհովային արտայայտել, թէ մենք եւ ժողովքը որքա՜ն կը սիրենք ընկճուած անհատը։ Կրնանք Եհովայէն խնդրել որ իր այս թանկագին ոչխարը հանգստացնէ եւ մխիթարէ։ Անհատը կրնայ շա՜տ մխիթարուիլ այսպիսի աղօթքներով (Յակ. 5։16

19. Ինչպէ՞ս կրնանք պատրաստուիլ մէկը մխիթարելու։

19 Մխիթարական բառեր զատէ։ Մտածէ խօսելէ առաջ։ Չմտածուած խօսքերը կրնան վիրաւորական ըլլալ, մինչդեռ ազնիւ խօսքերը բուժիչ են (Առ. 12։18)։ Անոր համար, աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ որ ազնիւ, մխիթարական եւ հանգստացուցիչ խօսքեր գտնես։ Մի՛ մոռնար, որ ամէնէն զօրաւոր եւ օգտակար խօսքերը Եհովային արտայայտութիւններն են (Եբ. 4։12

20. Չարաշահուած անհատներէն ոմանք ի՞նչ համոզում ունին, եւ ի՞նչ բան կ’ուզենք իրենց յիշեցնել։

20 Անցեալի չարաշահութեան պատճառով ոմանք համոզուած են, որ իրենք անմաքուր, անարժէք, չսիրուած եւ չսիրուելիք են։ Ի՜նչ ահռելի սուտ։ Ուստի, Աստուածաշունչին միջոցաւ իրենց յիշեցուր թէ Եհովան որքա՜ն կը սիրէ զիրենք (տե՛ս « Աստուածաշունչէն մխիթարութիւն» շրջանակը)։ Յիշէ թէ հրեշտակ մը ազնուօրէն Դանիէլ մարգարէն զօրացուց, երբ ան տկար եւ յուսահատ կը զգար։ Եհովան ուզեց որ այդ սիրելի մարդը գիտնար թէ որքա՜ն արժէքաւոր էր (Դան. 10։2, 11, 19)։ Նոյնպէս, մեր վշտացած եղբայրներն ու քոյրերը Եհովային համար շատ արժէքաւոր են։

21. Բոլոր անզեղջ չարագործներուն ի՞նչ կը սպասէ, բայց մինչ այդ բոլորս ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

21 Երբ ուրիշները մխիթարենք, իրենց կ’օգնենք որ յիշեն, թէ Եհովան զիրենք կը սիրէ։ Եւ բնա՛ւ պէտք չէ մոռնանք, թէ Եհովան արդարութեան Աստուած է։ Ան չարաշահուած իւրաքանչիւր անհատ գիտէ, ինչպէս նաեւ չզղջացող չարագործները անպատիժ պիտի չձգէ (Թւ. 14։18)։ Մինչ այդ, ամէն ջանք ընենք, որ չարաշահուած անհատներուն հանդէպ սէր ցոյց տանք։ Ասկէ զատ, որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ, թէ Եհովան վերջնականապէս պիտի բուժէ բոլոր անոնք, որոնք Սատանային եւ անոր աշխարհին կողմէ վնասուած են։ Մօտ ատենէն, այս ցաւալի բաները անոնց միտքը բնա՛ւ պիտի չգան (Եսա. 65։17

ԵՐԳ 73 Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք

^ պարբ. 5 Անոնք՝ որոնք մանկութեան ատեն սեռային գետնի վրայ չարաշահուած են, նոյնիսկ տարիներ ետք հետեւանքները կը կրեն։ Յօդուածը մեզի պիտի օգնէ պատճառները հասկնալու։ Եւ պիտի տեսնենք, թէ որո՛նք կրնան այսպիսի անհատներ մխիթարել։ Ետքը, պիտի քննարկենք զանոնք մխիթարելու կարգ մը գործնական կերպեր։

^ պարբ. 11 Չարաշահուած անհատը ինք կ’որոշէ մասնագէտ բժիշկի մը դիմել կամ ոչ։

^ պարբ. 77 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հասուն քոյր մը կը մխիթարէ զգացական ցաւէ տառապող քոյր մը։

^ պարբ. 79 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երկու երէցներ վշտացած քրոջ կ’այցելեն։ Ան հասուն քոյրը հրաւիրած է որ ներկայ ըլլայ։