Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնա՛ս սատանայական ծուղակէ մը պաշտպանուիլ

Կրնա՛ս սատանայական ծուղակէ մը պաշտպանուիլ

ՄԻՆՉ իսրայէլացիները կը պատրաստուէին Յորդանան գետը կտրելով Աւետեաց երկիրը մտնելու, իրենց քով այցելուներ եկան։ Անոնք օտար կիներ էին, որոնք տղամարդիկը խնճոյքի հրաւիրեցին։ Ասիկա կրնար նոր բարեկամներ գտնելու, պարելու եւ համով ճաշ ուտելու բացառիկ ու հրապուրիչ առիթ մը թուիլ։ Թէեւ այդ կիներուն աւանդութիւնները եւ բարոյականութիւնը տարբեր էին Աստուծոյ Օրէնքին մէջ իսրայէլացիներուն տրուած ուղղութիւններէն, բայց ոմանք թերեւս մտածեցին. «Մենք գիտենք թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ. զգոյշ պիտի ըլլանք»։

Ի՞նչ պատահեցաւ։ Ներշնչեալ գրութիւնը կ’ըսէ. «Ժողովուրդը Մովաբի աղջիկներուն հետ սկսաւ պոռնկութիւն ընել»։ Իրականութեան մէջ, կիները ուզեցին որ իսրայէլացի տղամարդիկը չաստուածներու երկրպագութիւն ընեն։ Եւ իրենց նպատակին հասա՛ն։ Զարմանալի չէ, որ «Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ» (Թւ. 25։1-3

Հազարաւոր իսրայէլացիներ Աստուծոյ Օրէնքը կտրեցին երկու կերպերով. կուռքերու երկրպագութիւն ըրին եւ սեռային անբարոյութիւն գործեցին։ Անոնք մեռան իրենց անհնազանդութեան համար (Ել. 20։4, 5, 14. Բ. Օր. 13։6-9)։ Բայց իրողութիւն մը կայ որ ողբերգական այս պատմութիւնը աւելի ցաւալի կը դարձնէ. ժամանակը։ Եթէ անոնք Աստուծոյ Օրէնքը չբեկանէին, կա՛րճ ժամանակ մը ետք, Յորդանան գետը պիտի կտրէին եւ մտնէին Աւետեաց երկիրը (Թւ. 25։5, 9

Այս դէպքերուն նկատմամբ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան» (Ա. Կոր. 10։7-11)։ Անկասկած, Սատանան ուրախ էր որ իսրայէլացիներէն ոմանք լուրջ մեղք մը գործեցին եւ անոնց չթոյլատրուեցաւ Աւետեաց երկիրը մտնել։ Մեր կողմէ իմաստութիւն կ’ըլլայ, եթէ այս ազդարարութիւնը լուրջի առնենք, գիտնալով որ Սատանան շա՛տ կը ցանկայ մեզի թոյլ չտալ որ Աստուծոյ նոր աշխարհը մտնենք։

ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԾՈՒՂԱԿ ՄԸ

Սատանան կ’ուզէ քրիստոնեաներուն վնաս հասցնել եւ ատոր համար կը գործածէ մեթոտներ, որոնք շատերու հետ յաջողած են։ Ինչպէս նախապէս նշեցինք, ան իսրայէլացիներուն առջեւ դրաւ սեռային անբարոյութիւնը։ Ներկայիս, անբարոյութիւնը տակաւին վտանգաւոր ծուղակ մըն է։ Իսկ պոռնկագրութիւնը զօրաւոր կերպ մըն է, որուն միջոցաւ կրնանք անբարոյութեան ծուղակին մէջ իյնալ։

Այսօր մէկը կրնայ պոռնկագրութիւն դիտել, առանց որ ուրիշները գիտնան։ Տասնամեակներ առաջ, պոռնկագրութիւն դիտելու համար, անհատը պէտք էր որոշ սինեմաներ երթար, ուր անբարոյ ֆիլմեր կը ցուցադրուէին, կամ այցելէր այն խանութները, որոնք պոռնկագրական նիւթեր կը ծախէին։ Մարդիկ դիւրին–դիւրին այդպիսի տեղեր չէին երթար, քանի որ կ’ամչնային ու կը վախնային որ ուրիշներ զիրենք տեսնեն։ Սակայն հիմա, համացանց գործածող անհատը կրնայ պոռնկագրութիւն դիտել գործատեղը կամ նոյնիսկ շարուած ինքնաշարժին մէջ։ Եւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ, տղամարդ մը կամ կին մը կրնայ իր տա՛ն մէջ պոռնկագրութիւն դիտել։

Ասիկա ամէնը չէ։ Դիւրակիր սարքերը պոռնկագրութիւն դիտելը աւելի դիւրինցուցած են։ Մարդիկ կրնան անբարոյ պատկերներ դիտել իրենց սմարթֆոններուն եւ թապլեթներուն մէջ, մինչ փողոցին մէջ կը քալեն կամ տեղ մը կ’երթան պասով կամ շոգեկառքով։

Որովհետեւ պոռնկագրութիւն դիտելը եւ ատիկա ուրիշներէն գաղտնի պահելը աւելի դիւրին դարձած է, այժմ պոռնկագրութիւնը աննախընթաց կերպով մարդոց կը վնասէ։ Անհամար դիտողներ իրենց ամուսնութիւնը կը վտանգեն ու իրենց ինքնայարգանքը եւ խիղճը կը տկարացնեն։ Աւելի գէշը, անոնք Աստուծոյ հետ իրենց բարեկամութիւնը կը խաթարեն։ Իրապէս, պոռնկագրութիւնը զգացական խոր վէրքեր կը պատճառէ, որոնք ժամանակի ընթացքին դանդաղօրէն կը բուժուին, բայց երկարատեւ սպիներ կը ձգեն։

Սակայն պէտք է գիտնանք որ Եհովան այս սատանայական ծուղակէն պաշտպանուելու կերպեր կու տայ։ Եթէ կ’ուզենք Եհովայի պաշտպանութիւնը ունենալ, պէտք է իրեն լիովին հնազանդինք, ինչ որ իսրայէլացիները չըրին (Ել. 19։5) Պէտք է ընդունինք որ Աստուած կ’ատէ պոռնկագրութիւնը։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՊԷՍ ԱՏԷ՛ ԶԱՅՆ

Ասոր վրայ խոկա՛. իսրայէլին տրուած օրէնքները շատ տարբեր էին ժամանակակից ժողովուրդներու օրէնքներէն։ Օրէնքները կարծես թէ պատ մը դրած էին իսրայէլ ազգին եւ շրջակայ ժողովուրդներուն միջեւ, որպէսզի իսրայէլացիները անոնց պիղծ սովորութիւնները չընդօրինակէին (Բ. Օր. 4։6-8)։ Այդ օրէնքները շատ կարեւոր ճշմարտութիւն մը յայտնեցին. Եհովան կ’ատէ սեռային անբարոյութիւնը։

Շրջակայ ժողովուրդներուն անբարոյ արարքները թուելով, Եհովան իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Մի՛ ընէք այնպէս. . . ինչպէս Քանանի երկրին մէջ կ’ընեն, ուր ձեզ պիտի տանիմ. . . Այն երկրին պղծուելովը՝ անոր անզգամութիւնը պիտի պատժեմ»։ Իսրայէլի սուրբ Աստուծոյ համար, քանանացիներուն ապրելակերպը ա՛յնքան պիղծ եւ գարշելի էր, որ անոնց երկիրը անմաքուր եւ ապականուած նկատեց (Ղեւ. 18։3, 25

Թէեւ Եհովան քանանացիները պատժեց, բայց մնացած ազգերը շարունակեցին սեռային անբարոյութիւն ընել։ Աւելի քան 1500 տարի ետք, Պօղոս առաքեալ նկարագրեց այն ազգերը, որոնց մէջ քրիստոնեաները կ’ապրէին, որպէս «անզգայ»։ Անոնք «ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան տուին, ամէն կերպ պղծութիւն գործելու» (Եփ. 4։17-19)։ Այսօր ալ շատեր անբարոյ կեանք կը վարեն եւ ատով հպարտ են։ Բայց ճշմարիտ քրիստոնեաները իրենց կրցածին չափ հեռու կը կենան անբարոյ մարդոց արարքները դիտելէ։

Պոռնկագրութիւնը Աստուած կ’անարգէ։ Ան մարդ արարածը իր պատկերով ստեղծեց եւ տուաւ պատշաճութեան զգացումը։ Ան իմաստութեամբ օրէնքներ սահմանեց սեռային յարաբերութեան շուրջ։ Իր նպատակին մէջ կար, որ ատիկա հաճոյք պատճառէր ամուսնացած զոյգին (Ծն. 1։26-28. Առ. 5։18, 19)։ Ատոր հակառակը, պոռնկագրութիւն արտադրող կամ քաջալերող անհատները բոլորովին կ’անտեսեն Աստուծոյ բարոյական չափանիշները։ Այո, պոռնկագրութիւնը յառաջ մղողները կ’արհամարհեն Եհովան, եւ ինք զանոնք պիտի դատէ (Հռով. 1։24-27

Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին, որոնք դիտմամբ պոռնկագրական նիւթեր կը կարդան կամ կը դիտեն։ Ոմանք թերեւս կարծեն թէ անվնաս զբաղում մըն է։ Բայց իրականութեան մէջ, թիկունք կը կանգնին անոնց, որոնք կ’անտեսեն Եհովայի չափանիշները։ Հաւանաբար այդ նպատակը չունէին, երբ սկսան պոռնկագրութիւն դիտել։ Սակայն յստակ է որ Աստուծոյ երկրպագուները պէտք է խորապէս ատեն պոռնկագրութիւնը։ Աստուածաշունչը կը քաջալերէ. «Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք» (Սաղ. 97։10

Նոյնիսկ անոնք, որոնք չեն ուզեր պոռնկագրութիւն դիտել, դժուարութիւն կ’ունենան։ Ինչո՞ւ։ Մենք անկատար ենք եւ թերեւս ստիպուած ըլլանք պայքարիլ, որպէսզի սեռային անմաքուր ցանկութիւններու դէմ դնենք։ Ասկէ զատ, մեր խաբեբայ սիրտը կրնայ փորձել մեզ համոզել, թէ պոռնկագրութիւն դիտելը սխալ չէ (Եր. 17։9)։ Բայց շատեր, որոնք քրիստոնեայ դարձած են, այս պայքարին մէջ յաղթած են։ Ասիկա գիտնալը կրնայ քեզ քաջալերել, եթէ նոյն խնդիրը ունիս։ Նկատէ թէ Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել, որ այս սատանայական ծուղակէն խուսափիս։

ՄԻ՛ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՐ ԱՆԲԱՐՈՅ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Ինչպէս որ տեսանք, շատ մը իսրայէլացիներ ձգեցին որ իրենց սխալ ցանկութիւնները զարգանան, մինչեւ որ ըրին բան մը, որ սարսափելի հետեւանքներ ունեցաւ։ Մեզի հետ նոյնը կրնայ պատահիլ։ Յակոբոս աշակերտ նկարագրեց այդ վտանգը. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի» (Յակ. 1։14, 15)։ Եթէ անհատը թոյլ տայ որ իր սրտին մէջ անբարոյ ցանկութիւն մը զարգանայ, ժամանակի ընթացքին ան շատ հաւանաբար մեղք պիտի գործէ։ Ուրեմն պէտք է մեր մտքէն անբարոյ մտածումները վռնտենք։

Եթէ նկատես թէ միտքիդ մէջ անդադար անբարոյ բաներ կը դառնան, անմիջապէս ատոր նկատմամբ բան մը ըրէ։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ քու ձեռքդ կամ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. . . Եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա եւ քեզմէ ձգէ» (Մատ. 18։8, 9) Անշուշտ, Յիսուս ըսել չուզեց որ պէտք է բառացիօրէն մեր մարմինի անդամներուն վնասենք։ Ան պարզապէս այդ օրինակով ուզեց հասկցնել որ պէտք է գիտնանք, թէ ինչը պատճառ կը դառնայ որ սխալ բաներ մտածենք, եւ ետքը արագօրէն պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք։ Այս խրատը ինչպէ՞ս կրնանք պոռնկագրութեան առնչութեամբ կիրարկել։

Եթէ պոռնկագրական նիւթերու հանդիպիս, մի՛ մտածեր՝ ‘Պիտի չազդուիմ’։ Անմիջապէս ուրի՛շ տեղ նայէ։ Հեռատեսիլը մէկ կտոր մարէ՛։ Համակարգիչդ կամ դիւրակիր սարքդ շուտով գոցէ՛։ Վերակեդրոնացիր մաքուր բանի մը վրայ։ Ասիկա ընելը կրնայ քեզի օգնել, որ մտածումներդ զսպես, փոխանակ թոյլ տալու որ սխալ ցանկութիւնները քեզ ղեկավարեն։

ԵԹԷ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԴԻՏԱԾԴ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՅԻՇԵՍ

Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ պոռնկագրութիւն դիտելը դադրեցուցած ես, բայց ատեն–ատեն դիտածդ միտքդ կու գայ։ Պոռնկագրական նկարները կամ պատմութիւնները միտքին մէջ երկար ժամանակ կը մնան։ Անոնք կրնան միտքիդ մէջ յանկարծ փայլիլ եւ մղել որ ուզես անմաքուր բան մը ընել, ինչպէս՝ գիջութիւն։ Ուրեմն, նախապատրաստուէ այսպիսի յիշատակներու դէմ դնելու։

Վճռէ՛ մտածել եւ վարուիլ, ինչպէս որ Աստուած կ’ուզէ որ ընես։ Պօղոս առաքեալին պէս եղիր, որ պատրաստ էր ‘իր մարմինը ճնշելու ու նուաճելու’ (Ա. Կոր. 9։27)։ Մի՛ ձգեր որ անմաքուր ցանկութիւններուն գերի դառնաս։ Հռովմայեցիս 12։2–ը կը քաջալերէ. «Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ Յիշէ՛. Աստուծոյ կամքին համաձայն մտածելը եւ վարուիլը աւելի մեծ գոհունակութիւն կը բերէ, քան՝ մեղաւոր հակումներուն հնազանդիլը։

Աստուծոյ կամքին համաձայն մտածելը եւ վարուիլը աւելի մեծ գոհունակութիւն կը բերէ, քան՝ մեղաւոր հակումներուն հնազանդիլը

Ջանա՛ որոշ համարներ գոց սորվիլ։ Ետքը, երբ միտքդ պիղծ բաներ գան, դուն քեզ ստիպէ որ մտածես այդ համարներուն մասին։ Օրինակ, Սաղմոս 119։37, Եսայի 52։11, Մատթէոս 5։28, Եփեսացիս 5։3, Կողոսացիս 3։5 եւ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։4-8 պիտի օգնեն, որ պոռնկագրութիւնը նկատես ինչպէս որ Եհովան կը նկատէ եւ հասկնաս թէ ի՛նչ կ’ակնկալէ քեզմէ։

Իսկ ի՞նչ պէտք է ընես, երբ պոռնկագրութիւն դիտելու ցանկութեան կամ անբարոյ երեւակայութեան այլեւս չես կրնար դէմ դնել։ Ուշի–ուշով ընդօրինակէ՛ մեր Տիպարը՝ Յիսուսը (Ա. Պետ. 2։21)։ Յիսուսի մկրտութենէն ետք, Սատանան շարունակ զինք փորձեց։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։ Շարունակ անոր դէմ դրաւ։ Ետեւ–ետեւի համարներ մէջբերելով, մերժեց անոր առաջարկները։ Ի վերջոյ, Յիսուս ըսաւ. «Ետիս գնա, Սատանա՛յ», եւ Սատանան իրմէ հեռացաւ։ Ինչպէս որ Յիսուս բնա՛ւ ետ չկեցաւ Սատանային դէմ պայքարելէ, դուն ալ պէտք չէ յանձնուիս (Մատ. 4։1-11)։ Սատանան եւ իր աշխարհը շարունակ պիտի ջանան միտքդ լեցնել անբարոյ գաղափարներով, բայց տեղի մի՛ տար։ Կրնա՛ս պոռնկագրութեան դէմ յաղթանակ տանիլ։ Եհովային օգնութեամբ կրնա՛ս թշնամիդ նուաճել։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՂՕԹԷ՛ ԵՒ ՀՆԱԶԱՆԴԷ՛

Շարունակէ Եհովային աղօթել եւ իրմէ օգնութիւն խնդրել։ Պօղոս գրեց. «Ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փլպ. 4։6, 7)։ Աստուծոյ տուած միտքի խաղաղութիւնը կ’օգնէ քեզի, որ սխալ բան մը ընելու ցանկութեան դէմ դնես։ Եթէ Եհովային մօտենաս, ‘անիկա քեզի պիտի մօտենայ’ (Յակ. 4։8

Որեւէ վտանգէ լաւագոյն պաշտպանութիւնն է՝ տիեզերքի Գերիշխանին հետ ամուր փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Յիսուս ըսաւ. «Այս աշխարհի իշխանը [Սատանան] կու գայ. բայց ո՛չ մէկ հեղինակութիւն ունի իմ վրաս» (Յովհ. 14։30, ԱԾ)։ Ան ինչո՞ւ այդ վստահութիւնը ունէր։ Ան նախապէս բացատրած էր. «Զիս ղրկողը ինծի հետ է. Հայրը զիս մինակ չթողուց, վասն զի ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ» (Յովհ. 8։29)։ Մինչ կը ջանաս ամէն մարզի մէջ Եհովան հաճեցնել, դուն ալ կրնաս վստահ ըլլալ որ ան բնա՛ւ քեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ։ Պոռնկագրութեան ծուղակէն խուսափէ՛ եւ Սատանան պիտի չկարենայ մնայուն կերպով հեղինակութիւն ունենալ քու վրադ։