Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 27

Հիմակուընէ հալածանքին պատրաստուէ

Հիմակուընէ հալածանքին պատրաստուէ

«Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն» (Բ. ՏԻՄ. 3։12

ԵՐԳ 154 Շարունակենք տոկալ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչո՞ւ պէտք է հալածանքին պատրաստուինք։

ԻՐ ԵՐԿՐԱՅԻՆ կեանքին վերջին գիշերը, Տէր Յիսուս ըսաւ որ բոլոր անոնք՝ որոնք կ’որոշեն իր աշակերտները ըլլալ, պիտի ատուին (Յովհ. 17։14)։ Մինչեւ այսօր, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները հալածուած են անոնց կողմէ, որոնք ճշմարիտ պաշտամունքին կը հակառակին (Բ. Տիմ. 3։12)։ Եւ մինչ այս աշխարհին վերջը կը մօտենայ, կ’ակնկալենք որ մեր թշնամիները ա՛լ աւելի մեզ ատեն (Մատ. 24։9

2-3. ա) Վախը ինչո՞ւ վտանգաւոր բան մըն է։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Ինչպէ՞ս կրնանք հալածանքին հիմակուընէ պատրաստուիլ։ Հարկ չկայ երեւակայելու ամէն ինչ որ կրնայ պատահիլ մեզի։ Եթէ երեւակայենք, վախն ու մտահոգութիւնը կրնան մեզ պատել։ Եւ ասիկա կրնայ պատճառ դառնալ որ ա՛յնքան սարսափինք, որ Եհովային ծառայելէ դադրինք նոյնիսկ իսկական խնդիր մը չծագած (Առ. 12։25. 17։22)։ Այո, վախը զօրաւոր զէնք մըն է, որ մեր «հակառակորդը, Սատանան» մեզի դէմ կը գործածէ (Ա. Պետ. 5։8, 9)։ Ի՞նչ կրնանք ընել որ մենք մեզ հիմակուընէ զօրացնենք։

3 Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը զօրացնել եւ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է որ ատիկա հիմակուընէ ընենք։ Նաեւ պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի քաջ ըլլալ եւ ի՛նչ կրնանք ընել, երբ մարդիկ մեզ ատեն։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ ՈՐ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԴ ԶՕՐԱՑՆԵՍ

4. Եբրայեցիս 13։5, 6–ի համաձայն, ի՞նչ բանի պէտք է համոզուինք, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

4 Համոզուէ թէ Եհովան քեզ կը սիրէ եւ թէ քեզ բնա՛ւ պիտի չլքէ (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5, 6Տարիներ առաջ, Դիտարանը նշեց. «Ան որ Աստուած շատ լաւ կը ճանչնայ, իրեն լիովին պիտի վստահի երբ հալածանք ըլլայ»։ Այդ խօսքը որքա՜ն ճիշդ է։ Հալածանքին տոկալու համար, պէտք է Եհովան սիրենք ու իրեն կատարելապէս վստահինք, բնա՛ւ չկասկածելով որ մեզ կը սիրէ (Մատ. 22։36-38. Յակ. 5։11

5. Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ Եհովային սէրը զգաս։

5 Աստուածաշունչը օրական կարդա՛, Եհովային մօտենալու նպատակով (Յակ. 4։8)։ Կարդալու ատեն, կեդրոնացիր Եհովայի յատկութիւններուն վրայ, ինչպէս՝ սէր, ողորմութիւն եւ ազնուութիւն։ Ջանա՛ քեզի հանդէպ իր սէրն ու գուրգուրանքը զգալ՝ իր ըսածներուն եւ ըրածներուն ընդմէջէն (Ել. 34։6)։ Ոմանք դժուարութիւն ունին հաւատալու որ Աստուած զիրենք կը սիրէ, քանի որ մէ՛կը իրենց սէր ցոյց չէ տուած։ Եթէ այդպէս կը զգաս, ամէն օր գրի առ թէ Եհովան ի՛նչ կերպերով քեզի հանդէպ գթառատ եւ ազնիւ գտնուած է (Սաղ. 78։38, 39. Հռով. 8։32)։ Փորձառութիւններդ վերյիշելով եւ Աստուծոյ Խօսքէն կարդացածիդ վրայ խոկալով, շատ հաւանաբար պիտի կարենաս նոթագրել բազմաթիւ բաներ, որոնք Եհովան քեզի համար ըրած է։ Ո՛րքան Եհովային ըրածները գնահատես, ա՛յնքան իրեն հետ զօրաւոր բարեկամութիւն պիտի մշակես (Սաղ. 116։1, 2

6. Սաղմոս 94։17-19–ի խօսքերուն համաձայն, սրտագին աղօթք ընելով ինչպէ՞ս կ’օգտուիս։

6 Կանոնաւորաբար աղօթէ։ Երեւակայէ թէ տղեկ մը նստած է իր սիրելի հօր գիրկը։ Ան ա՛յնքան ապահով կը զգայ, որ ազատօրէն իր հօր կը պատմէ ամէն ինչ որ այդ օրը իրեն պատահեցաւ. թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ։ Դուն ալ Եհովային հետ նոյնպիսի փոխյարաբերութիւն մը կրնաս ունենալ, եթէ ամէն օր սրտագին աղօթքով իրեն մօտենաս (կարդա՛ Սաղմոս 94։17-19)։ Մինչ կ’աղօթես, «սիրտդ ջուրի պէս թափէ» եւ սիրալիր Հօրդ խօսէ բոլոր վախերուդ ու մտահոգութիւններուդ մասին (Ող. 2։19)։ Արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Պիտի զգաս այն ինչ որ Սուրբ Գիրքը կը կոչէ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փլպ. 4։6, 7)։ Ո՛րքան աւելի այսպէս աղօթես, ա՛յնքան աւելի Եհովային մօտիկ պիտի զգաս (Հռով. 8։38, 39

Քաջ կ’ըլլանք երբ Եհովային եւ իր Թագաւորութեան հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենանք

Սթէնլի Ճոնզ իր հաւատքը զօրացուց՝ համոզուած ըլլալով որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրական է (տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Ինչո՞ւ պէտք է համոզուած ըլլաս որ Թագաւորութեան մասին Աստուծոյ խոստումները պիտի կատարուին։

7 Համոզուէ որ Աստուծոյ Թագաւորութեան օրհնութիւնները պիտի իրականանան (Թւ. 23։19)։ Եթէ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ հաւատքդ տկար է, Սատանային եւ անոր գործակալներուն համար դիւրին պիտի ըլլայ քեզ վախցնել (Առ. 24։10. Եբ. 2։15)։ Ինչպէ՞ս կրնաս հիմակուընէ Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ հաւատքդ զօրացնել։ Ծրագրէ սերտել Թագաւորութեան նկատմամբ Աստուծոյ խոստումներուն մասին եւ քննել թէ ինչո՛ւ կրնաս վստահ ըլլալ որ ատոնք պիտի կատարուին։ Այդպէս ընելով ինչպէ՞ս պիտի օգտուիս։ Նկատի առ Սթէնլի Ճոնզի օրինակը, որ իր հաւատքին համար եօթը տարի բանտարկուեցաւ *։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ հաւատարմօրէն տոկայ։ Ան ըսաւ. «Հաւատքս զօրաւոր էր, քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր ընելիք բաներուն մասին գիտէի, եւ անոր նկատմամբ վայրկեան մը իսկ կասկած չունէի։ Ատոր համար մէ՛կը չէր կրնար զիս մղել որ Եհովան լքեմ»։ Եթէ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենաս, իրեն աւելի պիտի մօտենաս եւ վախին պատճառաւ տեղի պիտի չտաս (Առ. 3։25, 26

8. Մենք մեր մասին ի՞նչ կը գիտնանք, երբ կը քննենք ժողովներու հանդէպ մեր կեցուածքը. բացատրէ։

8 Քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուէ։ Ժողովները մեզի կ’օգնեն որ Եհովային մօտենանք։ Ժողովներու ներկայ գտնուելու հանդէպ մեր կեցուածքը ցոյց կու տայ, թէ ապագային ո՛րքան լաւ պիտի դիմանանք հալածանքին (Եբ. 10։24, 25)։ Ինչո՞ւ։ Եթէ հիմա թոյլ տանք որ պզտիկ խոչընդոտներու համար բացակայինք, ապագային ի՞նչ պիտի ընենք, երբ հարկ ըլլայ որ մեր կեանքը վտանգենք, որպէսզի հաւատակիցներու հետ ժողովի ներկայ ըլլանք։ Միւս կողմէ, եթէ հիմա վճռած ենք ժողով մը չփախցնել, վազ պիտի չանցնինք, երբ հակառակորդները ջանան արգելք ըլլալ որ միասին հաւաքուինք։ Հի՛մա է ժամանակը որ մեր ժողովները սիրենք։ Երբ սրտանց ուզենք ներկայ գտնուիլ, ո՛չ հակառակութիւնը, ոչ ալ կառավարական արգիլումը մեզ ետ պիտի պահեն Աստուծոյ հնազանդելէ (Գործք 5։29

Հիմակուընէ համարներ եւ Թագաւորութեան երգեր գոց սորվիլը կրնայ քեզ զօրացնել հալածանքին ատեն (տե՛ս պարբերութիւն 9) *

9. Համարներ գոց սորվիլը ինչո՞ւ լաւ կերպ մըն է հալածանքին պատրաստուելու։

9 Նախասիրած համարներդ գոց սորվէ (Մատ. 13։52)։ Թերեւս շատ լաւ յիշողութիւն չունիս, բայց Եհովան կրնայ սուրբ հոգիին միջոցաւ այդ համարները միտքդ բերել (Յովհ. 14։26)։ Տես թէ եղբայր մը, որ Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ բանտարկուեցաւ եւ առանձին դրուեցաւ, ի՛նչ ըսաւ. «Շա՜տ ուրախ էի, որ մինչեւ այն ատեն հարիւրաւոր համարներ գոց սորված էի։ Այդ պաս–պարապ օրերը լեցուցի զանազան համարներու եւ աստուածաշնչական նիւթերու վրայ խոկալով»։ Այդ համարները մեր եղբօր օգնեցին, որ Եհովային մօտիկ մնայ եւ հաւատարմօրէն տոկայ։

(Տե՛ս պարբերութիւն 10) *

10. Ինչո՞ւ պէտք է կարգ մը երգեր գոց սորվինք։

10 Եհովան փառաբանող մեր երգերը գոց սորվէ ու երգէ։ Երբ Պօղոսն ու Շիղան Փիլիպպէի մէջ բանտարկուեցան, անոնք երգեցին հոգեւոր երգեր, որոնք գոց գիտէին (Գործք 16։25)։ Նոյնպէս, երբ նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ մեր եղբայրները Սիպերիա աքսորուեցան, իրենք զիրենք ինչպէ՞ս զօրացուցին։ Քոյր Մարիյա Ֆետուն նշեց. «Երգարանէն մեր գիտցած բոլոր երգերը երգեցինք»։ Ան ըսաւ որ այդ երգերը զիրենք քաջալերեցին եւ օգնեցին, որ Եհովային աւելի մօտիկ զգան։ Դուն ալ կը զգա՞ս որ կը զօրանաս, երբ նախասիրած հոգեւոր երգերդ կ’երգես։ Ուրեմն, հիմակուընէ գոց սորվէ այդ երգերը (տե՛ս « Ինծի քաջութիւն տուր» շրջանակը)։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ ՈՐ ԱՒԵԼԻ ՔԱՋ ԸԼԼԱՍ

11-12. ա) Ա. Թագաւորաց 17։37, 45-47–ի համաձայն, Դաւիթ ինչո՞ւ քաջ էր։ բ) Դաւիթի օրինակէն ի՞նչ կարեւոր դաս մը կը սորվինք։

11 Հալածանքին տոկալու համար քաջութեան պէտք ունիս։ Եթէ կը զգաս որ քաջ չես, ի՞նչ կրնաս ընել։ Յիշէ՛ թէ իսկական քաջութիւնը կախեալ չէ կազմուածքէդ, զօրութենէդ կամ կարողութենէդ։ Նկատի առ պատանի Դաւիթին օրինակը։ Հսկայ Գողիաթին հետ բաղդատած, Դաւիթ աւելի փոքր ու տկար էր եւ լաւ չէր զինուած. նոյնիսկ սուր չունէր։ Բայց եւ այնպէս, շատ քաջ էր։ Ան խիզախօրէն վազեց այդ մեծամիտ հսկային դէմ կռուելու։

12 Դաւիթ ինչո՞ւ այդքան քաջ էր։ Ան խորապէս համոզուած էր որ Եհովան իրեն հետ էր (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 17։37, 45-47)։ Ան չտեսաւ որ Գողիաթ իրմէ շա՜տ մեծ էր, հապա տեսաւ թէ Գողիաթ շա՜տ թզուկ էր՝ Եհովային հետ բաղդատած։ Այս պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք։ Քաջութիւն պիտի ունենանք, եթէ վստահ ըլլանք որ Եհովան մեզի հետ է եւ թէ մեր հակառակորդները ոչինչ են՝ Ամենակալ Աստուծոյ հետ բաղդատած (Բ. Մն. 20։15. Սաղ. 16։8)։ Ինչպէ՞ս կրնանք քաջութիւն մշակել՝ հալածանքը չեկած։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր քաջութիւնը աւելցնել. բացատրէ։

13 Կրնանք հիմակուընէ մեր քաջութիւնը աւելցնել՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ քարոզելով կը սորվինք Եհովային վստահիլ եւ յաղթահարել մարդոց հանդէպ վախը (Առ. 29։25)։ Ինչպէս որ մարզանք ընելով մեր մկանները կը զօրանան, նոյնպէս աւելի քաջ կը դառնանք, երբ կը քարոզենք տունէ տուն, անպաշտօն կերպով, հանրային վայրերու մէջ եւ առեւտրական թաղամասերու մէջ։ Եթէ հի՛մա քաջութիւն հաւաքենք քարոզելու, պիտի կարենանք շարունակել քարոզել, նոյնիսկ եթէ մեր գործունէութիւնը արգիլուի (Ա. Թես. 2։1, 2

Նենսի Եուըն մերժեց բարի լուրը քարոզելէ դադրիլ (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14-15. Ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ Նենսի Եուընէն եւ Վալենդինա Կարնովսքաիայէն։

14 Շատ բան կը սորվինք երկու հաւատարիմ քոյրերէ, որոնք շա՜տ քաջ էին։ Նենսի Եուընի հասակը միայն 1,5 մեթր էր, բայց բա՛ն մը զինք չէր կրնար վախցնել *։ Ան մերժեց Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելէ դադրիլ։ Առ ի արդիւնք, աւելի քան 20 տարի բանտարկուեցաւ Չինաստանի մէջ։ Զինք հարցաքննողները ըսին, թէ ան «ամէնէն յամառ անձն» էր իրենց երկրին մէջ։

Վալենդինա Կարնովսքաիա համոզուած էր որ Եհովան իրեն հետ էր (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15 Նոյնպէս, Վալենդինա Կարնովսքաիան նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ երեք տարբեր առիթներով բանտարկուեցաւ՝ ընդամէնը 21 տարի *։ Ինչո՞ւ։ Ան ա՛յնքան վճռած էր շարունակել քարոզել, որ կոչուեցաւ՝ «շատ վտանգաւոր ոճրագործ»։ Այս երկու հաւատարիմ կիները ինչո՞ւ այսքան քաջ էին։ Անոնք համոզուած էին, որ Եհովան իրենց հետ էր։

16. Ի՞նչն է իսկական քաջութեան գաղտնիքը։

16 Ինչպէս որ քննարկեցինք, քաջութիւն կերտելու համար պէտք չէ կեդրոնանանք մեր զօրութիւններուն ու կարողութիւններուն վրայ, հապա պէտք է հաւատանք որ Եհովան մեզի հետ է եւ մեզի համար կը պատերազմի (Բ. Օր. 1։29, 30. Զաք. 4։6)։ Ատիկա է իսկական քաջութեան գաղտնիքը։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ ԵՐԲ ՄԱՐԴԻԿ ՔԵԶ Կ’ԱՏԵՆ

17-18. Ըստ Յովհաննէս 15։18-21–ի, Յիսուս մեզ ի՞նչ բանէ զգուշացուց. բացատրէ։

17 Մենք կ’ուզե՛նք որ ուրիշներ մեզ յարգեն, բայց պէտք չէ մտածենք որ անարժէք ենք, եթէ մարդիկ մեզ չեն սիրեր։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն ու երբ ձեզ իրենց ընկերութենէն մերժեն ու նախատեն եւ ձեր վրայով գէշ անուն հանեն Որդի մարդոյ պատճառով» (Ղուկ. 6։22)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։

18 Յիսուս ըսել չէր ուզեր որ քրիստոնեաները ատուելէ պիտի ախորժէին, հապա ան մեր ուշադրութեան յանձնեց թէ մեզի ի՛նչ պիտի պատահէր։ Մենք աշխարհին մաս չենք կազմեր։ Կ’ապրինք Յիսուսին սորվեցուցածներուն համաձայն եւ կը քարոզենք այն նոյն պատգամը, որ ինք քարոզեց։ Առ ի արդիւնք, աշխարհը մեզ կ’ատէ (կարդա՛ Յովհաննէս 15։18-21)։ Մենք կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել։ Եթէ մարդիկ մեզ կ’ատեն, քանի որ մեր Հայրը կը սիրենք, ատիկա իրենց խնդիրն է։

19. Ինչպէ՞ս կրնանք առաքեալներուն օրինակին հետեւիլ։

19 Բնաւ թոյլ մի՛ տար որ մարդոց ըսածը կամ ըրածը պատճառ դառնայ, որ ամչնաս որ Եհովայի վկայ ես (Միք. 4։5)։ Կրնանք սորվիլ ինչպէ՛ս մարդոց հանդէպ վախը յաղթահարել, նկատի առնելով թէ առաքեալները ի՛նչ ըրին Երուսաղէմի մէջ, Յիսուսի մահէն անմիջապէս ետք։ Անոնք գիտէին թէ հրեայ կրօնական առաջնորդները զիրենք կ’ատէին (Գործք 5։17, 18, 27, 28)։ Բայց եւ այնպէս, շարունակեցին ամէն օր տաճար երթալ եւ հանրութեան ցուցնել թէ իրենք Յիսուսին աշակերտներն են (Գործք 5։42)։ Անոնք թոյլ չտուին որ վախը զիրենք անդամալոյծ դարձնէ։ Մենք ալ կրնանք մարդոց հանդէպ վախը յաղթահարել, կանոնաւորաբար եւ հանրապէս գիտցնելով թէ Եհովայի վկաներ ենք, ըլլայ գործատեղը, դպրոցը կամ մեր միջավայրին մէջ (Գործք 4։29. Հռով. 1։16

20. Առաքեալները ինչո՞ւ ուրախ էին, հակառակ անոր որ ատուած էին։

20 Առաքեալները ինչո՞ւ ուրախ էին։ Անոնք գիտէին, թէ ինչո՛ւ ատուած էին, եւ պատիւ սեպեցին անարգուիլ Եհովայի կամքը կատարելուն համար (Ղուկ. 6։23. Գործք 5։41)։ Պետրոս առաքեալ յետագային գրեց. «Եթէ արդարութեան համար չարչարուիք ալ՝ երանելի էք» (Ա. Պետ. 2։19-21. 3։14)։ Երբ հասկնանք թէ ճիշդը ընելուն համար է որ կ’ատուինք, բնա՛ւ պիտի չձգենք որ մարդոց ատելութիւնը մեզ կեցնէ Եհովային ծառայելէ։

ՀԻՄԱԿՈՒԸՆԷ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵԼՈՎ ՊԻՏԻ ՕԳՏՈՒԻՍ

21-22. ա) Ի՞նչ որոշած ես ընել հալածանքին պատրաստուելու համար։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

21 Չենք գիտեր ե՛րբ հալածանք պիտի դիմագրաւենք կամ ե՛րբ կառավարութիւն մը պիտի արգիլէ մեր գործունէութիւնը։ Սակայն, գիտենք որ կրնանք հիմակուընէ պատրաստուիլ՝ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնելով, մեր քաջութիւնը աւելցնելով եւ սորվելով չազդուիլ մարդոց ատելութենէն։ Հիմակուընէ պատրաստուիլը մեզի պիտի օգնէ, որ շարունակենք Եհովային ծառայել ապագային։

22 Բայց ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ մեր պաշտամունքը արգիլուի։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք սկզբունքներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն որ շարունակենք Եհովային ծառայել, նոյնիսկ երբ մեր գործունէութիւնը արգիլումի տակ ըլլայ։

ԵՐԳ 81 «Մեր հաւատքը աւելցուր»

^ պարբ. 5 Մենք չենք ուզեր որ ատուինք։ Բայց ուշ կամ կանուխ, բոլո՛րս հալածանք պիտի դիմագրաւենք։ Յօդուածը մեզի պիտի օգնէ որ քաջութեամբ հալածանքին տոկանք։

^ պարբ. 7 Տե՛ս Դիտարան–ի 15 դեկտեմբեր 1965 թիւը, էջ 756-767 (անգլերէն)։

^ պարբ. 14 Տե՛ս Դիտարան–ի 15 յուլիս 1979 թիւը, էջ 4-7 (անգլերէն)։

^ պարբ. 15 Տես 2008–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ը, էջ 191-192 (անգլերէն), եւ Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2009 թիւը, էջ 17, պարբ. 10-11։

^ պարբ. 67 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ընտանեկան պաշտամունքի ատեն, ծնողները քարտեր կը գործածեն իրենց զաւակներուն օգնելու, որ համարներ գոց սորվին։

^ պարբ. 70 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մինչ ընտանիքը ինքնաշարժով ժողովի կ’ուղղուի, Թագաւորութեան երգերը կը սորվի։