Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 28

Արգիլումի տակ, շարունակէ Եհովան պաշտել

Արգիլումի տակ, շարունակէ Եհովան պաշտել

«Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ» (ԳՈՐԾՔ 4։19, 20

ԵՐԳ 32 Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք, եթէ մեր պաշտամունքը արգիլուի։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

ԱՒԵԼԻ քան 223,000 հրատարակիչներ, 2018–ին կ’ապրէին երկիրներու մէջ, ուր մեր հոգեւոր գործունէութիւնները արգիլուած կամ խստօրէն սահմանափակուած էին։ Ասիկա զարմանալի չէ։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, ճշմարիտ քրիստոնեաները կ’ակնկալեն որ հալածուին (Բ. Տիմ. 3։12)։ Ո՛ւր որ ալ ապրինք, կառավարութիւնները կրնան յանկարծ մեզ արգիլել որ մեր սիրալիր Աստուածը՝ Եհովան, պաշտենք։

2 Եթէ ապրած երկրիդ կառավարութիւնը որոշէ Եհովայի պաշտամունքը արգիլել, թերեւս հարց տաս. ‘Հալածանք կը կրենք, քանի որ Աստուծոյ հաճութի՞ւնը կորսնցուցած ենք։ Արգիլումը վերջ պիտի դնէ՞ Եհովային մատուցած մեր պաշտամունքին։ Արդեօք պէ՞տք է փոխադրուիմ երկիր մը, ուր կրնամ ազատօրէն Աստուած պաշտել’։ Այս յօդուածին մէջ այս հարցումները պիտի քննարկենք։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք շարունակել Եհովան պաշտել, երբ մեր գործունէութիւնը արգիլուած է, եւ ի՛նչ ծուղակներու մէջ պէտք չէ իյնանք։

ՀԱԼԱԾԱՆՔԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ՞ ԹԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՃՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ ԵՆՔ

3. Բ. Կորնթացիս 11։23-27–ի համաձայն, Պօղոս ի՞նչ հալածանք կրեց, եւ իր օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

3 Եթէ կառավարութիւնը մեր պաշտամունքը արգիլէ, կրնայ ըլլալ որ եզրակացնենք, թէ Աստուծոյ օրհնութիւնը չունինք։ Բայց յիշէ, որ հալածանք կրելը չի նշանակեր որ Եհովան մեզմով ուրախ չէ։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ վստահաբար Աստուծոյ հաճութիւնը ունէր։ Ան 14 ներշնչեալ նամակներ գրելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ, եւ հեթանոսներուն առաքեալ էր։ Ասով հանդերձ բիրտ հալածանք կրեց (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 11։23-27)։ Պօղոս առաքեալի փորձառութենէն կը սորվինք, որ Եհովան թոյլ կու տայ որ իր հաւատարիմ ծառաները հալածուին։

4. Ինչո՞ւ աշխարհը մեզ կ’ատէ։

4 Յիսուս բացատրեց, թէ ինչո՛ւ հակառակութիւն կը դիմագրաւենք։ Ան ըսաւ որ պիտի ատուինք, քանի որ աշխարհին մէկ մասը չենք (Յովհ. 15։18, 19)։ Հալածանքը նշան մը չէ որ Եհովային օրհնութիւնը չունինք, հապա կը յայտնէ որ ճիշդը կ’ընենք։

ԱՐԳԻԼՈՒՄԸ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԴՆԷ՞ ՄԵՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻՆ

5. Մարդիկ կրնա՞ն վերջ դնել Եհովայի պաշտամունքին. բացատրէ։

5 Մարդ արարածը չի կրնար լիովին դադրեցնել Ամենակալ Աստուծոյ՝ Եհովային պաշտամունքը։ Շատեր փորձած են եւ չեն յաջողած։ Նկատի առ թէ ինչ պատահեցաւ Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին։ Այդ ատեն, բազմաթիւ կառավարութիւններ Աստուծոյ ժողովուրդը խստօրէն հալածեցին։ Եհովայի վկաներու գործունէութիւնը արգիլուեցաւ ոչ միայն նացի կուսակցութեան կողմէ Գերմանիոյ մէջ, հապա նաեւ Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ ուրիշ երկիրներու կառավարութիւններուն կողմէ։ Արդի՞ւնքը։ 1939–ին, երբ պատերազմը սկսաւ, աշխարհի տարածքին 72,475 հրատարակիչներ կային։ Իսկ 1945–ին, երբ պատերազմը վերջացաւ, տեղեկագրութիւնները ցոյց տուին թէ Եհովայի օրհնութեամբ 156,299 հրատարակիչներ կային։ Հրատարակիչներուն թիւը կրկնապատկուա՛ծ էր։

6. Մեզ վախցնելու փոխարէն, հալածանքը ի՞նչ կրնայ ընել. օրինակ մը տուր։

6 Հալածանքը՝ մեզ վախցնելու փոխարէն, կրնայ մղել որ ա՛լ աւելի Եհովայի ծառայենք։ Օրինակ, երեխայ ունեցող զոյգ մը կ’ապրէր երկրի մը մէջ, ուր կառավարութիւնը որոշեց մեր պաշտամունքը արգիլել։ Փոխանակ վախնալու եւ իրենց ծառայութիւնը թեթեւցնելու, անոնք կանոնաւոր ռահվիրաներ եղան։ Կինը այդ նպատակին համար նոյնիսկ իր լաւ վճարուած գործը ձգեց։ Ամուսինը անդրադարձաւ որ արգիլումը պատճառ դարձաւ, որ շատեր Եհովայի վկաներով հետաքրքրուին։ Առ ի արդիւնք, իրեն համար աւելի դիւրին եղաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Արգիլումը ուրիշ լաւ արդիւնք մըն ալ տուաւ։ Երէց մը ըսաւ որ շատեր, որոնք Եհովային ծառայելէ դադրած էին, սկսան ժողովներու յաճախել եւ գործունեայ դարձան։

7. ա) Ղեւտացւոց 26։36, 37–էն ի՞նչ կը սորվինք։ բ) Արգիլումի տակ, ի՞նչ պիտի ընես։

7 Երբ մեր թշնամիները մեր պաշտամունքը կ’արգիլեն, անոնք կ’ուզեն որ վախնանք Եհովային ծառայելու։ Արգիլումէն զատ, կրնայ ըլլալ որ սուտ պատմութիւններ տարածեն, պաշտօնեաներ ղրկեն որ մեր տուները խուզարկեն, մեզ դատարան քաշեն կամ նոյնիսկ մեզմէ ոմանք բանտարկեն։ Անոնք կը յուսան որ սարսափինք, քանի որ կրցան մեզմէ ոմանք բանտը նետել։ Եթէ ձգենք որ մեր սրտին մէջ վախ արթնցնեն, թերեւս մե՛նք սկսինք մեր պաշտամունքը «արգիլել», այսինքն՝ մեր հոգեւոր գործունէութիւնները թեթեւցնել կամ նոյնիսկ դադրեցնել։ Մենք պիտի չուզենք այն վիճակը ունենալ, որ նկարագրուած է Ղեւտացւոց 26։36, 37–ին մէջ (կարդա՛)։ Վախին թոյլ պիտի չտանք, որ մեր ձեռքը–ոտքը կապէ։ Մենք լիովին Եհովային կը վստահինք եւ կը մերժենք խուճապի մատնուիլ (Սաղ. 27։1)։ Աղօթքով Եհովայէն կը խնդրենք որ մեզ առաջնորդէ։ Գիտենք որ իր օգնութեամբ, նոյնիսկ ամէնէն զօրաւոր կառավարութիւնը պիտի չկարենայ արգելք ըլլալ, որ հաւատարմօրէն մեր Աստուածը պաշտենք (Եբ. 13։6

ՈՒՐԻՇ ԵՐԿԻՐ ՄԸ ՊԷ՞ՏՔ Է ՓՈԽԱԴՐՈՒԻՄ

8-9. ա) Իւրաքանչիւր ընտանիքի գլուխ կամ անհատ ի՞նչ անձնական որոշում պէտք է կայացնէ։ բ) Ի՞նչը անհատին պիտի օգնէ որ իմաստուն որոշում առնէ։

8 Եթէ ապրած երկրիդ կառավարութիւնը մեր պաշտամունքը արգիլէ, թերեւս մտածես թէ արդեօք պէ՞տք է փոխադրուիս երկիր մը, ուր կրնաս ազատօրէն Եհովայի ծառայել։ Ասիկա անձնական որոշում մըն է, որ մէ՛կը չի կրնար քու տեղդ առնել։ Որոշելէ առաջ, կրնաս սերտել թէ առաջին դարու քրիստոնեաները ի՛նչ ըրին, երբ հալածանք կրեցին։ Թշնամիները Ստեփանոսը մինչեւ մահ քարկոծելէ ետք, Երուսաղէմի մէջ գտնուող աշակերտները ցրուեցան Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ ու գացին նոյնիսկ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք (Մատ. 10։23. Գործք 8։1. 11։19)։ Սակայն, հալածանքի ուրիշ ալիքէ մը ետք, Պօղոս առաքեալ որոշեց չհեռանալ այն շրջաններէն, ուր քարոզչութեան դէմ հակառակութիւն կար։ Ան իր ապահովութիւնը վտանգեց՝ բարի լուրը տարածելու եւ եղբայրները զօրացնելու համար այն քաղաքներուն մէջ, ուր խիստ հալածանք կար (Գործք 14։18-22

9 Այս պատմութիւններէն ի՞նչ կը սորվինք։ Իւրաքանչիւր ընտանիքի գլուխ փոխադրուելու մասին պէտք է անձնական որոշում կայացնէ։ Որոշելէ առաջ, ան պէտք է աղօթէ եւ լրջօրէն մտածէ իր ընտանիքին պարագաներուն մասին եւ թէ փոխադրուիլը ի՛նչ դրական ու ի՛նչ ժխտական ազդեցութիւններ պիտի ունենայ իրենց վրայ։ Այս առնչութեամբ, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է ‘իր բեռը կրէ’ (Գաղ. 6։5)։ Եւ պէտք չէ դատենք ուրիշները իրենց առած որոշումներուն համար։

ԱՐԳԻԼՈՒՄԻ ՏԱԿ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՇՏԵՆՔ

10. Մասնաճիւղը եւ երէցները ի՞նչ ուղղութիւններ պիտի տան։

10 Արգիլումի տակ, ինչպէ՞ս կրնաս շարունակել Եհովան պաշտել։ Մասնաճիւղը ժողովքիդ երէցներուն ուղղութիւններ եւ գործնական առաջարկներ պիտի տայ, օրինակ՝ ինչպէ՛ս հոգեւոր սնունդ ստանալ, ինչպէ՛ս ժողովներ ունենալ եւ ինչպէ՛ս բարի լուրը քարոզել։ Եթէ մասնաճիւղը չի կրնար երէցներուն հետ կապ պահել, այն ատեն երէցները քեզի եւ ժողովքի բոլոր անդամներուն պիտի օգնեն որ շարունակէք Եհովան պաշտել։ Անոնք Սուրբ Գիրքին եւ մեր քրիստոնէական հրատարակութիւններուն համաձայն ուղղութիւններ պիտի տան (Մատ. 28։19, 20. Գործք 5։29. Եբ. 10։24, 25

11. Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ որ հոգեւոր սնունդ պիտի ունենաս, եւ ի՞նչ կրնաս ընել որ Սուրբ Գիրքդ եւ հրատարակութիւններդ պահպանես։

11 Եհովան խոստացած է որ իր ծառաները հոգեւորապէս լաւ պիտի կերակրուին (Եսա. 65։13, 14. Ղուկ. 12։42-44)։ Ուրեմն կրնաս վստահ ըլլալ, որ իր կազմակերպութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որ քեզի պէտք եղած հոգեւոր քաջալերութիւնը տայ։ Իսկ դո՛ւն ի՞նչ կրնաս ընել։ Արգիլումի ընթացքին, գտիր լաւ տեղ մը, ուր կրնաս Սուրբ Գիրքդ եւ ուրիշ հոգեւոր սնունդ պահել։ Ուշադիր եղիր որ այսպիսի արժէքաւոր նիւթեր,– ըլլան տպուած կամ ելեկտրոնային,– չդնես տեղ մը, ուր դիւրաւ կրնան յայտնաբերուիլ։ Մեզմէ ամէն մէկը պէտք է գործնական քայլեր առնէ, որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնայ։

Եհովայի օգնութեամբ, կրնա՛նք պաշտամունքի համար անվախօրէն ժողվուիլ (տե՛ս պարբերութիւն 12) *

12. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան ժողովները կազմակերպել այնպէս մը, որ մարդիկ չնկատեն թէ ի՛նչ կ’ընենք։

12 Լաւ, մեր ժողովներո՛ւն ի՞նչ պիտի պատահի։ Երէցները ժողովքային հանդիպումները պիտի կարգադրեն այնպէս մը, որ հակառակողները զանոնք չնկատեն։ Անոնք թերեւս կարգադրեն, որ պզտիկ խումբերով հաւաքուիք, եւ յաճախ փոխեն ժողովներու ժամերն ու վայրերը։ Կրնաս բոլոր եղբայրներուն ապահովութեան նպաստել՝ ցած ձայնով խօսելով երբ ժողովի վայրը կը մտնես կամ անկէ կ’ելլես։ Թերեւս նաեւ հարկ ըլլայ որ անպաշտօն կերպով հագուիս, ուշադրութիւն չհրաւիրելու համար։

Նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը մեր գործունէութիւնը արգիլէ, մենք քարոզելէ պիտի չդադրինք (տե՛ս պարբերութիւն 13) *

13. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ մեր եղբայրներէն նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ։

13 Գալով քարոզչութեան, պարագաները շրջանէ շրջան պիտի տարբերին։ Բայց մենք Եհովան կը սիրենք եւ մեզի համար հաճոյք է ուրիշներուն պատմել Թագաւորութեան մասին, ուստի կերպ մը պիտի գտնենք քարոզելու (Ղուկ. 8։1. Գործք 4։29)։ Պատմաբանուհի Էմիլի Պ. Պէրըն նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ Եհովայի վկաներու քարոզչութեան մասին ըսաւ. «Երբ պետութիւնը հաւատացեալներուն ըսաւ, որ չեն կրնար իրենց հաւատքը ուրիշներուն քարոզել, Վկաները սկսան խօսակցիլ իրենց դրացիներուն, գործընկերներուն եւ բարեկամներուն հետ։ Երբ այս գործունէութեան պատճառով տաժանակրութեան ճամբարներ տարուեցան, հոն Վկաները բանտարկեալներուն քարոզեցին»։ Հակառակ արգիլումին, Խորհրդային Միութեան մէջ մեր եղբայրները քարոզելէ չդադրեցան։ Եթէ օր մը քու ապրած երկրիդ մէջ քարոզչութիւնը արգիլուի, դո՛ւն ալ անոնց նման վճռէ շարունակել քարոզել։

ԾՈՒՂԱԿՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՑՄԷ ՊԷՏՔ Է ԶԳՈՒՇԱՆԱՍ

Պէտք է գիտնանք ե՛րբ լուռ կենալ (տե՛ս պարբերութիւն 14) *

14. Սաղմոս 39։1–ը ի՞նչ ծուղակէ մեզ կը զգուշացնէ։

14 Ուշադիր եղիր թէ ուրիշներուն ի՛նչ տեղեկութիւն կու տաս։ Արգիլումին ընթացքին, պէտք է գիտնանք թէ ե՛րբ «լռելու ժամանակ»ն է (Ժող. 3։7)։ Պէտք է կարգ մը կարեւոր տեղեկութիւններ գաղտնի պահենք, ինչպէս՝ եղբայրներուն ու քոյրերուն անունները, ժողովքային հանդիպումներուն վայրերը, քարոզչութեան մեթոտները եւ հոգեւոր սնունդ ստանալու միջոցները։ Այս տեղեկութիւնները իշխանութիւններուն պիտի չյայտնենք, ոչ ալ զանոնք պիտի նշենք մեր բարեկամներուն կամ ազգականներուն, որոնք կ’ապրին նոյն երկրին մէջ կամ ուրիշ երկիրներու մէջ, ըլլա՛ն Վկաներ կամ ոչ։ Եթէ այս ծուղակին մէջ իյնանք, մեր եղբայրներուն ապահովութիւնը կը վտանգենք (կարդա՛ Սաղմոս 39։1

15. Սատանան ի՞նչ պիտի ջանայ ընել մեզի, եւ ինչպէ՞ս կրնանք իր ծուղակին մէջ չիյնալ։

15 Մի՛ ձգեր որ պզտիկ խնդիրներ բաժանում պատճառեն։ Սատանան գիտէ թէ բաժնուած տունը չի կրնար կենալ (Մար. 3։24, 25)։ Ան տեւական պիտի ջանայ մեր մէջ բաժանումներ պատճառել։ Այսպիսով, ան կը յուսայ որ սկսինք իրարու դէմ կռուիլ փոխանակ իրեն դէմ կռուելու։

16. Քոյր Կէրթրուտ Փոցինկըրը ի՞նչ լաւ օրինակ ձգեց։

16 Նոյնիսկ հասուն քրիստոնեաները պէտք է զգոյշ ըլլան, որ այս ծուղակին մէջ չիյնան։ Նկատի առ երկու օծեալ քոյրերու օրինակը. Կէրթրուտ Փոցինկըր եւ Էլֆրիտէ Լօր։ Անոնք ուրիշ քոյրերու հետ բանտարկուեցան նացի համակեդրոնացման ճամբարի մը մէջ։ Կէրթրուտ սկսաւ Էլֆրիտէին նախանձիլ, երբ ան քաջալերական նիւթեր ներկայացուց միւս քոյրերուն։ Ետքը, Կէրթրուտ ամօթ զգաց եւ Եհովային աղաչեց որ իրեն օգնէ։ Ան գրեց. «Պէտք է սորվինք ընդունիլ, երբ ուրիշներ մեզմէ աւելի կարողութիւններ կամ պատասխանատուութիւններ ունին»։ Ան իր նախանձը ինչպէ՞ս յաղթահարեց։ Կէրթրուտ կեդրոնացաւ Էլֆրիտէի լաւ յատկութիւններուն եւ մարդամօտ անձնաւորութեան վրայ։ Այսպիսով, ան դարձեալ Էլֆրիտէին հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունեցաւ։ Երկուքն ալ համակեդրոնացման ճամբարէն վերապրեցան եւ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայեցին մինչեւ իրենց երկրային ընթացքին աւարտը։ Եթէ ծանր աշխատինք որ մեր եղբայրներուն հետ մեր խնդիրները լուծենք, որեւէ բանի թոյլ պիտի չտանք որ մեզ բաժնէ (Կող. 3։13, 14

17. Ինչո՞ւ միշտ պէտք է կազմակերպութեան տուած ուղղութեան հետեւինք։

17 Միշտ ուղղութեան հետեւէ։ Եթէ վստահելի եւ պատասխանատու եղբայրներուն ուղղութեան հետեւինք, խնդիրներէ հեռու պիտի մնանք (Ա. Պետ. 5։5)։ Օրինակ, երկրի մը մէջ, ուր մեր գործունէութիւնը արգիլուած է, պատասխանատու եղբայրները հրատարակիչներուն ուղղութիւն տուին, որ ծառայութեան ատեն հրատարակութիւններ չբաշխեն։ Սակայն, ռահվիրայ եղբայր մը՝ սեպելով թէ ինք աւելի լաւ գիտէ, հրատարակութիւններ բաշխեց։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Անպաշտօն վկայութիւնը վերջացնելէ քիչ ետք, ան եւ ուրիշ եղբայրներ ոստիկանութեան կողմէ հարցաքննուեցան։ Այնպէս կ’երեւի որ ոստիկանները զիրենք հետապնդած էին, եւ կրցած էին բաշխուած հրատարակութիւնները հաւաքել։ Այս փորձառութենէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Պէտք է ուղղութեան հետեւինք նոյնիսկ եթէ ատոր համամիտ չենք։ Եհովան միշտ մեզ կ’օրհնէ, երբ կը համագործակցինք այն եղբայրներուն հետ, որոնք նշանակուած են մեր մէջ առաջնորդութիւն առնելու (Եբ. 13։7, 17

18. Ինչո՞ւ պէտք չէ անհարկի կանոններ դնենք։

18 Անհարկի կանոններ մի՛ դներ։ Եթէ երէցները անհարկի կանոններ դնեն, ուրիշները պիտի ծանրաբեռնեն։ Եղբայր Եուրայ Քամինսքի պատմեց թէ նախկին Չեխոսլաւաքիայի մէջ արգիլումի ընթացքին ի՛նչ պատահեցաւ. «Երէցներէն շատեր ձերբակալուելէ ետք, կարգ մը երէցներ, որոնք շարունակեցին ժողովքներուն եւ շրջաններուն մէջ առաջնորդութիւն առնել, սկսան վարուելակերպի նկատմամբ հրատարակիչներուն կանոններ դնել, նշելով թէ ի՛նչ պէտք է ընեն եւ ի՛նչ պէտք չէ ընեն»։ Եհովան մեզի հեղինակութիւն չէ տուած որ ուրիշներուն տեղ անձնական որոշումներ առնենք։ Մէկը՝ որ անհարկի կանոններ կը դնէ իր եղբայրներուն, կը փորձէ անոնց հաւատքին վրայ տիրապետել (Բ. Կոր. 1։23)։ Եւ ասիկա զիրենք պաշտպանելու ճիշդ կերպը չէ։

ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՇՏԵԼԷ ԲՆԱՒ ՄԻ՛ ԴԱԴՐԻՐ

19. Բ. Մնացորդաց 32։7, 8–ի համաձայն, ինչո՞ւ կրնանք քաջ ըլլալ՝ հակառակ Սատանայի ջանքերուն։

19 Մեր գլխաւոր հակառակորդը՝ Սատանան, պիտի շարունակէ ջանալ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները հալածել (Ա. Պետ. 5։8. Յայտ. 2։10)։ Ան եւ իր գործակալները պիտի ջանան Եհովայի մատուցած մեր պաշտամունքը արգիլել։ Սակայն, մենք վախի տեղի պիտի չտանք եւ Եհովայի ծառայելէ բնա՛ւ պիտի չդադրինք (Բ. Օր. 7։21)։ Եհովան մեզի հետ է, եւ պիտի շարունակէ մեզի աջակցիլ նոյնիսկ եթէ մեր գործունէութիւնը արգիլուի (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 32։7, 8

20. Ի՞նչ վճռած ես ընել։

20 Թող որ առաջին դարու մեր եղբայրներուն վճռականութիւնը ունենանք, որոնք իրենց օրուան հեղինակութիւններուն ըսին. «Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է, որ Աստուծմէ աւելի ձեզի մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք։ Վասն զի մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ» (Գործք 4։19, 20

ԵՐԳ 137 Մեզի համարձակութիւն տուր

^ պարբ. 5 Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ կառավարութիւնը Եհովայի պաշտամունքը արգիլէ։ Յօդուածը գործնական թելադրութիւններ պիտի տայ, թէ ի՛նչ կրնանք ընել եւ ի՛նչ պէտք չէ ընենք, որպէսզի Եհովայի ծառայելէ բնա՛ւ չդադրինք։

^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Բոլոր նկարները ցոյց կու տան Վկաներ, որոնք կը ծառայեն երկիրներու մէջ, ուր մեր գործունէութիւնը սահմանափակուած է։ Այս նկարին մէջ, պզտիկ խումբ մը ժողովի համար կը հաւաքուի եղբօր մը մթերասենեակին մէջ։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը (ձախին), որ բարեկամական խօսակցութիւն կ’ունենայ կնոջ մը հետ, առիթ կը փնտռէ որ հոգեւոր նիւթեր քննարկէ։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը, որ կը հարցաքննուի, կը մերժէ իր ժողովքին մասին տեղեկութիւններ տալ։