Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 34

Նշանակումդ փոխուելով՝ ինչպէ՞ս կրնաս նորին վարժուիլ

Նշանակումդ փոխուելով՝ ինչպէ՞ս կրնաս նորին վարժուիլ

«Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք» (ԵԲ. 6։10

ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-3. Ո՞ր կարգ մը պատճառներով լիաժամ ծառաներու նշանակումը կրնայ փոխուիլ։

ՌԱՊԸՐԹ ու Մէրի–Ճօ կ’ըսեն. «Միսիոնարական նշանակումին մէջ հոյակապ 21 տարիներ անցընելէ ետք, երկուքիս ծնողները՝ չորսն ալ, անկարող դարձան։ Մենք իրենց հոգ տանելով ուրախ էինք։ Բայց եւ այնպէս, տխուր էինք որ մեր շատ սիրած վայրը ձգեցինք»։

2 Ուիլիամ ու Թերրի կ’ըսեն. «Երբ իմացանք որ մեր վատառողջութեան պատճառով պիտի չկարենանք մեր նշանակումին վերադառնալ, լացինք։ Օտար երկրի մէջ Եհովայի ծառայելու մեր երազը ջուրը ինկաւ»։

3 Ալեքսէյ կ’ըսէ. «Մենք գիտէինք որ կառավարութիւնը կ’ուզէր մասնաճիւղը գոցել, ուր կը ծառայէի։ Ասով հանդերձ, ցնցուեցանք երբ իրապէս գոցուեցաւ եւ ստիպուեցանք Բեթէլը ձգել»։

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ պիտի պատասխանուին։

4 Ասկէ զատ, բազմաթիւ լիաժամ ծառաներ, մէջը ըլլալով բեթէլականներ, նոր նշանակումներ ստացան *։ Այս հաւատարիմ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար դիւրին չէ իրենց շա՜տ սիրած նշանակումը ձգել։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ այս փոփոխութեան վարժուին։ Այս ուղղութեամբ ի՞նչ դեր կրնաս խաղալ։ Այս հարցումներուն պատասխանները կրնան բոլորիս օգնել, երբ մեր կեանքին մէջ որեւէ փոփոխութիւն տեղի ունենայ։

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԵՏ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ

Լիաժամ ծառաներու համար նշանակում մը ձգելը ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ (տե՛ս պարբերութիւն 5) *

5. Երբ նշանակում մը փոխուի, ինչպէ՞ս կ’ազդուինք։

5 Երբ Բեթէլին մէջ կը ծառայենք կամ ուրիշ կերպով լիաժամ ծառայութեան կը մասնակցինք, շրջանակին եւ նոյնիսկ վայրին հանդէպ կապուածութիւն մը կը զարգացնենք։ Անոր համար, մեր սիրտը կտոր–կտոր կ’ըլլայ երբ կը ստիպուինք մեր նշանակումը ձգել։ Կը կարօտնանք եղբայրներն ու քոյրերը, եւ անոնց համար կը մտահոգուինք, եթէ հալածանքի պատճառաւ ստիպուեցանք փոխադրուիլ (Մատ. 10։23. Բ. Կոր. 11։28, 29)։ Ասկէ զատ, նոր նշանակում մը ստանալը կամ նոյնիսկ տուն վերադառնալը յաճախ կը պահանջէ նոր մշակոյթի վարժուիլ։ Ռապըրթ ու Մէրի–Ճօ կ’ըսեն. «Որովհետեւ մեր ապրած երկրէն դուրս երկար ժամանակ ծառայեցինք, երբ վերադարձանք, մեր մշակոյթը եւ նոյնիսկ մայրենի լեզուով քարոզելը՝ մեզի օտար հնչեցին»։ Ոմանց առջեւ յանկարծ նոր ծախսերու դուռ կը բացուի, երբ իրենց նշանակումը կը փոխուի։ Անոնք թերեւս շփոթին, անապահով զգան եւ վհատին։ Ի՞նչ բաներ կրնան օգնել։

Շատ կարեւոր է որ Եհովային մօտենանք եւ իրեն վստահինք (տե՛ս պարբերութիւն 6-7) *

6. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային մօտիկ մնալ։

6 Եհովային մօտիկ մնացի՛ր (Յակ. 4։8)։ Ինչպէ՞ս։ Իրեն վստահելով որպէս «աղօթքի լսող» (Սաղ. 65։2Սաղմոս 62։8–ը կ’ըսէ. «Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք»։ Եհովան կրնայ «աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք» (Եփ. 3։20)։ Եհովան մեր մասնայատուկ խնդրանքները պարզապէս տալէն աւելին կ’ընէ։ Ան կրնայ մեր խնդիրը լուծել այնպիսի կերպով մը, որ բնա՛ւ մեր մտքին ծայրէն չ’անցնիր։

7. ա) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ Եհովային մօտիկ մնանք։ բ) Եբրայեցիս 6։10-12–ի համաձայն, եթէ շարունակենք հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

7 Եհովայի մօտիկ մնալու համար, Սուրբ Գիրքը ամէն օր կարդա՛ եւ անոր վրայ խոկա՛։ Նախկին միսիոնար մը կ’ըսէ. «Ընտանեկան պաշտամունքի եւ ժողովներու պատրաստութեան կանոնաւոր յայտագիր ունեցիր, ինչպէս որ նախկին նշանակումիդ մէջ ունէիր»։ Նաեւ, նոր ժողովքիդ մէջ, լիովին մասնակցէ բարի լուրի քարոզչութեան։ Եհովան կը յիշէ անոնք, որոնք կը շարունակեն հաւատարմօրէն իրեն ծառայել, նոյնիսկ եթէ առաջուան պէս չեն կրնար ծառայել (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։10-12

8. Ա. Յովհաննէս 2։15-17–ն ինչպէ՞ս կրնայ օգնել որ կեանքդ պարզ պահես։

8 Կեանքդ պարզ պահէ։ Թոյլ մի՛ տար որ Սատանայի աշխարհին մտահոգութիւնները հոգեւոր գործունէութիւնդ «խեղդեն» (Մատ. 13։22)։ Մտիկ մի՛ ըներ աշխարհասէր մարդոց, բարեկամներու կամ ազգականներու, որոնք կը քաջալերեն Սատանայի դրութեան մէջ նիւթական ապահովութիւն փնտռել (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 2։15-17)։ Եհովային վստահէ, որ կը խոստանայ մեր հոգեւոր, զգացական եւ նիւթական բոլոր պէտքերը գոհացնել «պէտք եղած ատեն» (Եբ. 4։16. 13։5, 6

9. Առակաց 22։3, 7–ի համաձայն, ինչո՞ւ կարեւոր է որ անհարկի պարտքեր չդիզենք, եւ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ իմաստուն որոշումներ առնենք։

9 Անհարկի պարտքեր մի՛ ըներ (կարդա՛ Առակաց 22։3, 7Տեղէ–տեղ փոխադրուիլը կրնայ շատ ծախսի նայիլ եւ դիւրին կ’ըլլայ պարտքեր դիզելը։ Կարելի եղածին չափ քիչ պարտք ընելու համար, ուշադիր եղիր որ վարկաքարտով չգնես բաներ, որոնց իրապէս պէտք չունիս։ Ի մտի ունեցիր որ երբ զգացական ճնշումի տակ ըլլանք, օրինակ՝ երբ հիւանդ սիրելիներու հոգ կը տանինք, դժուար կ’ըլլայ որոշել որքա՛ն գումար պարտքի առնել։ Այսպիսի պարագաներու, յիշէ որ ‘աղօթքն ու աղաչանքը’ կրնան օգնել որ իմաստուն որոշումներ առնես։ Աղօթքներուդ առ ի պատասխան, Եհովան կու տայ այն խաղաղութիւնը, որ ‘սիրտդ ու միտքդ պիտի պահպանէ’, օգնելով որ հանդարտ մտքով խորապէս մտածես (Փլպ. 4։6, 7. Ա. Պետ. 5։7

10. Ինչպէ՞ս կրնանք նոր բարեկամներ ունենալ։

10 Լաւ փոխյարաբերութիւններ հաստատէ։ Զգացումներդ ու դիմագրաւած դժուարութիւններդ պատմէ մտերիմ բարեկամներու, մանաւանդ անոնց՝ որոնք նոյնանման պարագաներէ անցած են։ Այդպէս ընելով, զգացական գետնի վրայ աւելի լաւ պիտի զգաս (Ժող. 4։9, 10)։ Նախկին նշանակումիդ մէջ ունեցած բարեկամներդ տակաւին բարեկամներդ են։ Իսկ ներկայ նշանակումիդ մէջ, հարկ է որ նոր բարեկամներ ունենաս։ Ատոր համար, բարեկամական ու ազնիւ եղիր։ Եհովայի ծառայութեան մէջ ունեցած լաւ փորձառութիւններդ ուրախութեամբ պատմէ։ Ժողովքին մէջ ոմանք թերեւս չհասկնան թէ ինչո՛ւ լիաժամ ծառայութիւնը ա՛յսքան կը սիրես, բայց ուրիշներ թերեւս օրինակովդ տպաւորուին եւ քեզի լաւ բարեկամներ դառնան։ Սակայն, ուշադիր եղիր որ անտեղի ուշադրութիւն չհրաւիրես իրագործումներուդ վրայ, եւ մի՛ կեդրոնանար ժխտական զգացումներուդ վրայ։

11. Ինչպէ՞ս կրնաս ամուսնութիւնդ ուրախ պահել։

11 Եթէ ստիպուեցար նշանակումդ ձգել՝ կողակիցիդ վատառողջութեան պատճառաւ, զինք մի՛ մեղադրեր։ Միւս կողմէ, եթէ հիւանդը դուն էիր, յանցաւոր մի՛ զգար, մտածելով որ կողակիցդ յուսախաբ ըրիր։ Յիշէ որ դուք «մէկ մարմին» էք, եւ Եհովային առջեւ խոստացաք իրարու հոգ տանիլ ամէն պարագայի ներքեւ (Մատ. 19։5, 6)։ Եթէ նշանակումդ ձգեցիր չծրագրուած յղութեան պատճառաւ, պզտիկիդ միշտ գիտցուր որ ինք քեզի համար նախկին նշանակումէդ աւելի կարեւոր է։ Զինք բնաւ մի՛ մեղադրեր, ըսելով որ իր պատճառով ստիպուեցար նշանակումդ ձգել։ Փոխարէն, պզտիկիդ յաճախ ըսէ որ զինք Աստուծոյ կողմէ «պարգեւ» կը նկատես (Սաղ. 127։3-5)։ Միեւնոյն ատեն, իրեն պատմէ այն աղուոր փորձառութիւններուդ մասին, որոնք նշանակումիդ մէջ ունեցար։ Ասիկա կրնայ զաւակդ մղել, որ քեզի պէս Եհովային լիաժամ ծառայէ։

ՈՒՐԻՇՆԵՐ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ

12. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք լիաժամ ծառաներուն օգնել, որ իրենց նշանակումին մէջ մնան։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել որ իրենց նոր կացութեան վարժուին։

12 Գովելի է որ շատ մը ժողովքներ եւ անհատներ, ամէն բան կ’ընեն լիաժամ ծառաներուն թիկունք կանգնելու, որպէսզի իրենց նշանակումին մէջ մնան։ Անոնք ասիկա կ’ընեն, զիրենք քաջալերելով որ շարունակեն իրենց գործունէութիւնը, դրամական կամ այլ նիւթական օգնութիւններ տալով, կամ իրենցմէ հեռու ապրող ծնողքին հոգ տանելով (Գաղ. 6։2)։ Եթէ լիաժամ ծառաներ նոր նշանակում ստանալով քու ժողովքիդ գան, մի՛ մտածեր որ անոնց նշանակումին փոփոխութիւնը ցոյց կու տայ, թէ լաւ չաշխատեցան կամ սխալ բան մը ըրին *։ Անոնց ձեռք տուր, որ նոր կացութեան դիւրաւ վարժուին։ Ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթէ եւ զիրենք գովէ այն բոլոր բաներուն համար որ անցեալին ըրին, նոյնիսկ եթէ վատառողջութեան պատճառով ներկայիս չեն կրնար շատ բան ընել։ Զանոնք ճանչցիր։ Իրենց գիտութենէն, մարզումէն եւ փորձառութենէն օգտուէ։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք նոր նշանակում ստացողներուն օգնել։

13 Սկիզբը, նոր նշանակում ստացողները օգնութեանդ պէտք կ’ունենան, որպէսզի ապահովեն բնակարան, փոխադրամիջոց, գործ եւ այլ անհրաժեշտութիւններ։ Անոնք նաեւ պէտք կ’ունենան առօրեայ հարցերու շուրջ որոշ տեղեկութիւններ գիտնալու, ինչպէս՝ տուրքեր վճարելը եւ ապահովագրութիւն ունենալը։ Բայց ամէնէն կարեւոր բանը այն է, որ ջանաս իրենց պարագաները հասկնալ։ Թերեւս անոնք կամ իրենց ընտանիքի մէկ անդամը առողջապահական խնդիրներ ունին։ Թերեւս սիրելիի մը մահուան համար կը սգան *։ Ասկէ զատ, նոյնիսկ եթէ չարտայայտուին, թերեւս տխուր են, քանի որ կորսնցուցին նախկին հոգեւոր ընտանիքին ընկերակցութիւնը։ Ժամանակ կ’առնէ որ այսպիսի խառնաշփոթ զգացումներու հետ գլուխ ելլեն։

14. Քրոջ մը նոր ժողովքին հրատարակիչները ինչպէ՞ս օգնեցին որ իր նոր նշանակումին վարժուի։

14 Մինչ այդ, եթէ իրենց հետ քարոզես եւ օրինակովդ զիրենք քաջալերես, կրնաս օգնել որ նոր պայմաններուն վարժուին։ Քոյր մը, որ տարիներով օտար երկրի մէջ կը ծառայէր, կ’ըսէ. «Նախկին նշանակումիս մէջ, ամէն օր Աստուածաշունչի դասեր կը վարէի։ Իսկ նոր նշանակումիս մէջ, ծառայութեան ընթացքին դժուարաւ առիթ կը բացուէր Սուրբ Գիրքէն համար մը կարդալու կամ վիտէօ մը ցոյց տալու։ Բայց հրատարակիչները զիս տարին իրենց վերայցելութիւններուն եւ դասերուն։ Տեսնելով նախանձախնդիր ու քաջ եղբայրներուն եւ քոյրերուն յառաջդիմական դասեր վարելը, մղուեցայ թաղամասին աւելի դրական աչքով նայելու։ Սորվեցայ ինչպէ՛ս նոր թաղամասին մէջ խօսակցութիւններ սկսիլ։ Այս բոլորը ինծի օգնեցին որ ուրախութիւնս վերագտնեմ»։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԼԱՒԱԳՈՅՆԴ ԸՆԵԼ

Նոր ժողովքի թաղամասին մէջ, ծառայութիւնդ ընդարձակելու կերպեր փնտռէ (տե՛ս պարբերութիւն 15-16) *

15. Ինչպէ՞ս կրնաս նոր նշանակումիդ մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել։

15 Կրնա՛ս նոր նշանակումիդ մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել։ Նշանակումի փոփոխութիւնը մի՛ սեպեր քու կողմէդ ձախողութիւն կամ ետքայլ։ Մտածէ թէ Եհովան ներկայիս ի՛նչ կերպերով քեզի կ’օգնէ, եւ շարունակէ քարոզել։ Առաջին դարու հաւատարիմ քրիստոնեաներուն օրինակին հետեւէ։ Անոնք ո՛ւր որ ալ ըլլային, «խօսքը կը քարոզէին» (Գործք 8։1, 4Երբ յարատեւ քարոզես, լաւ արդիւնքներ մէջտեղ կու գան։ Օրինակ, երկրէ մը վռնտուած ռահվիրաներ փոխադրուեցան մօտակայ երկիր մը, ուր եւս իրենց լեզուով քարոզելու մեծ կարիք կար։ Միայն քանի մը ամսուան մէջ, նոր խումբեր կազմուեցան։

16. Ինչպէ՞ս կրնաս նոր նշանակումիդ մէջ ուրախութիւն գտնել։

16 «Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է» (Նէ. 8։10)։ Մենք պէտք է ուրախանանք գլխաւորաբար Եհովայով եւ ոչ թէ մեր նշանակումով, նոյնիսկ եթէ զայն շատ կը սիրենք։ Ուստի, շարունակէ Եհովային հետ քալել եւ իրեն դիմել իմաստութեան, առաջնորդութեան եւ աջակցութեան համար։ Յիշէ որ նախկին նշանակումդ սիրեցիր, քանի որ լաւագոյնդ ըրիր մարդոց օգնելու։ Նոր նշանակումիդ մէջ ալ լաւագոյնդ ըրէ եւ պիտի տեսնես թէ ինչպէ՛ս Եհովան քեզի պիտի օգնէ, որ զայն ալ սիրես (Ժող. 7։10

17. Մեր ներկայ նշանակումին մասին ի՞նչ պէտք է յիշենք։

17 Պէտք չէ մոռնանք որ մենք յաւիտեան Եհովային պիտի ծառայենք, իսկ մեր ներկայ նշանակումը ժամանակաւոր է։ Նոր աշխարհին մէջ, բոլորիս նշանակումը թերեւս փոխուի։ Նախապէս նշուած Ալեքսէյը կը հաւատայ, որ իր ներկայ փորձառութիւնները իրեն կ’օգնեն նախապատրաստուելու այդ ապագայ փոփոխութիւններուն։ «Եհովան եւ նոր աշխարհը միշտ իրական եղած են ինծի համար, բայց ձեւով մը կը թուէին քիչ մը հեռու», կ’ըսէ Ալեքսէյ։ «Այժմ Եհովան կը տեսնեմ աչքերուս առջեւ, իսկ նոր աշխարհը՝ որպէս յաջորդ կայանը ճամբորդութեանս մէջ» (Գործք 2։25)։ Մեր նշանակումը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, շարունակե՛նք Եհովայի հետ քալել։ Ան բնա՛ւ մեզ պիտի չլքէ, հապա պիտի օգնէ որ իր ծառայութեան մէջ ուրախութիւն գտնենք,– ո՛ւր որ ալ ըլլայ ատիկա (Եսա. 41։13

ԵՐԳ 121 Զիրար քաջալերենք

^ պարբ. 5 Երբեմն հարկ կ’ըլլայ որ լիաժամ ծառայութեան մէջ եղող եղբայրներ ու քոյրեր իրենց նշանակումը ձգեն, կամ թերեւս նոր նշանակում կը ստանան։ Յօդուածը պիտի քննարկէ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ թէ ի՛նչ բան կրնայ դիւրացնել որ իրենց նոր պարագաներուն վարժուին։ Նաեւ պիտի քննարկէ թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս կրնան զիրենք քաջալերել եւ օգնել։ Ասկէ զատ, նկատի պիտի առնենք սկզբունքներ, որոնք կրնան բոլորիս օգնել, երբ փոփոխութիւններու առջեւ գտնուինք։

^ պարբ. 4 Նոյնպէս, որոշ տարիք մը թեւակոխելէ ետք, շատ մը պատասխանատու եղբայրներ իրենց պատասխանատուութիւնները յանձնած են տարիքով աւելի պզտիկ եղբայրներու։ Տե՛ս «Ո՛վ տարիքոտ քրիստոնեաներ, Եհովան ձեր հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ» յօդուածը Դիտարան–ի սեպտեմբեր 2018 թիւին մէջ, եւ «Ներքին խաղաղութիւնդ պահէ երբ պարագաներդ փոխուին» յօդուածը Դիտարան–ի հոկտեմբեր 2018 թիւին մէջ։

^ պարբ. 12 Լիաժամ ծառաներուն նախկին ժողովքին երէցները կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է ծանօթացնելու նամակ մը գրեն, որպէսզի փոխադրուողները առանց ուշանալու շարունակեն ծառայել որպէս ռահվիրայ, երէց կամ օգնական ծառայ։

^ պարբ. 13 Տե՛ս «Օգնութիւն սգաւորներուն» յօդուածաշարքը, Զարթի՛ր–ի 2018–ի թիւ 3–ին մէջ։

^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Զոյգ մը, որ օտար երկրի մը մէջ իր միսիոնարական ծառայութիւնը կը ստիպուի ձգել, լալով հրաժեշտ կու տայ ժողովքին։

^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տուն վերադառնալով, նոյն զոյգը յարատեւ Եհովային կ’աղօթէ, որ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մէջ իրենց օգնէ։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եհովայի օգնութեամբ, զոյգը դարձեալ լիաժամ ծառաներ կ’ըլլան։ Միսիոնարութեան ընթացքին իրենց սորված լեզուական հմտութիւնները կը գործածեն, որպէսզի նոր ժողովքի թաղամասին մէջ բարի լուրը քարոզեն գաղթականներու։