Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 44

Վերջը գալէն առաջ՝ զօրաւոր բարեկամութիւններ կերտէ

Վերջը գալէն առաջ՝ զօրաւոր բարեկամութիւններ կերտէ

«Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ» (ԱՌ. 17։17

ԵՐԳ 53 Միաբանութեամբ համագործակցինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

«Մեծ նեղութեան» ընթացքին, լաւ բարեկամներու պէտք պիտի ունենանք (տե՛ս պարբերութիւն 2) *

1-2. Ա. Պետրոս 4։7, 8–ի համաձայն, ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ դժուար պարագաներու տոկանք։

ՄԻՆՉ «վերջին օրեր»ը իրենց աւարտին հասնելու վրայ են, կրնանք խիստ նեղութիւններ ունենալ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Օրինակ, արեւմտեան Ափրիկէի մէկ երկրին մէջ, ընտրարշաւէ մը ետք խռովութիւն ու խուժանային բռնութիւն եղաւ։ Աւելի քան վեց ամիս, մեր եղբայրներն ու քոյրերը ազատօրէն չէին կրնար երթալ–գալ, քանի որ կռիւի գօտիին մէջ կ’ապրէին։ Ի՞նչը իրենց օգնեց որ այս դժուարութիւններուն դիմանան։ Ոմանք աւելի ապահով շրջանի մէջ եղբայրներու տունը մնացին։ Եղբայր մը ըսաւ. «Ասանկ ատեն, ուրախ էի որ բարեկամներով շրջապատուած էի։ Կրցանք իրար քաջալերել»։

2 Երբ «մեծ նեղութիւնը» սկսի, ուրախ պիտի ըլլանք որ մեզի հետ կան մեզ սիրող լաւ բարեկամներ (Յայտ. 7։14)։ Ուստի, անհրաժեշտ է որ հիմա բարեկամութեան զօրաւոր կապեր հաստատենք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։7, 8)։ Շա՜տ բան կրնանք սորվիլ Երեմիայի փորձառութենէն, որուն բարեկամները օգնեցին որ Երուսաղէմի կործանումին նախորդող ժամանակաշրջանին վերապրի *։ Ինչպէ՞ս կրնանք Երեմիան ընդօրինակել։

ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՕՐԻՆԱԿԷՆ ՍՈՐՎԷ՛

3. ա) Ի՞նչը կրնար պատճառ դառնալ որ Երեմիան մեկուսանար։ բ) Երեմիան իր քարտուղարին՝ Բարուքին ի՞նչ յայտնեց, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

3 Առնուազն 40 տարի, Երեմիան անհաւատարիմ մարդոց մէջ ապրեցաւ։ Անոնց մէջ կային իր ծննդավայրէն՝ Անաթովթէն եղող դրացիներ եւ հաւանաբար ազգականներ (Եր. 11։21. 12։6)։ Սակայն ան չմեկուսացաւ։ Իր զգացումները արտայայտեց իր հաւատարիմ քարտուղարին՝ Բարուքին, եւ Բարուք զանոնք արձանագրեց, ատոր համար այսօր գիտենք Երեմիայի զգացումները (Եր. 8։21. 9։1. 20։14-18. 45։1)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Կրնանք երեւակայել, թէ մինչ Բարուք կը գրէր Երեմիայի պատմութիւնը, որ իրադարձութիւններով լեցուն էր, երկուքը իրարու հանդէպ խոր սէր ու յարգանք զարգացուցին (Եր. 20։1, 2. 26։7-11

4. Եհովան Երեմիային ըսաւ որ ի՞նչ ընէ, եւ այս նշանակումը ինչպէ՞ս Երեմիային ու Բարուքին բարեկամութիւնը զօրացուց։

4 Երկար տարիներ Երեմիան համարձակօրէն իսրայէլացիները զգուշացուց Երուսաղէմի վրայ գալիք բաներէն (Եր. 25։3)։ Եհովան անգամ մը եւս փորձելով որ ժողովուրդը զղջումի մղէ, Երեմիային ըսաւ որ Իր ազդարարութիւնները գալարի մը վրայ արձանագրէ (Եր. 36։1-4)։ Մինչ Երեմիան եւ Բարուքը միասին աշխատեցան իրենց աստուածատուր նշանակումը կատարելու համար,– հաւանաբար քանի մը ամիս,– անկասկած հաւատք զօրացնող խօսակցութիւններ ունեցան։

5. Բարուք ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ Երեմիային լաւ բարեկամ մըն է։

5 Երբ ժամանակը եկաւ որ գալարին բովանդակութիւնը յայտարարուի, Երեմիան իր բարեկամին՝ Բարուքին ապաւինեցաւ, որ պատգամը ժողովուրդին հաղորդէ (Եր. 36։5, 6)։ Բարուք այս վտանգաւոր նշանակումը քաջաբար կատարեց։ Կրնա՞ս երեւակայել, թէ Երեմիան որքա՜ն գոհ ըլլալու էր, երբ Բարուք տաճարին գաւիթը գնաց եւ իրմէ խնդրուածը կատարեց (Եր. 36։8-10)։ Յուդայի իշխանները Բարուքին ըրածին մասին լսեցին, եւ զինք կանչեցին որպէսզի գալարը իրենց ալ կարդայ (Եր. 36։14, 15)։ Անոնք որոշեցին Երեմիայի խօսքերը Յովակիմ թագաւորին իմացնել։ Սակայն, նկատառու գտնուելով Բարուքին ըսին. «Գնա՛, պահուըտեցէք թէ՛ դուն եւ թէ՛ Երեմիան եւ ուր ըլլալնիդ մարդ թող չգիտնայ» (Եր. 36։16-19)։ Ի՜նչ լաւ խրատ։

6. Երեմիան եւ Բարուքը ինչպէ՞ս հակազդեցին հակառակութեան։

6 Յովակիմ թագաւորը Երեմիայի գրած խօսքերը լսելով այնքա՛ն բարկացաւ, որ գալարը այրեց եւ հրամայեց, որ Երեմիան ու Բարուքը ձերբակալեն։ Սակայն, Երեմիան չվախցաւ։ Ան Բարուքին ուրիշ գալար մը տուաւ ու դարձեալ իրեն ըսաւ Եհովայի պատգամը։ Այսպէս, Բարուք «Յուդայի Յովակիմ թագաւորին կրակով այրած գրքին բոլոր խօսքերը գրեց» (Եր. 36։26-28, 32

7. Հաւանաբար ի՞նչ պատահեցաւ, մինչ Երեմիան եւ Բարուքը միասին աշխատեցան։

7 Մարդիկ, որոնք միասին դժուար պարագայէ մը կ’անցնին, յաճախ մտերիմ բարեկամութիւն կը հաստատեն։ Ուստի կրնանք երեւակայել, որ Երեմիան եւ Բարուքը որքա՜ն աւելի իրարու յատկութիւնները գնահատեցին, մինչ երկրորդ գալարը պատրաստեցին։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս երկու հաւատարիմ տղամարդոց օրինակէն օգտուիլ։

ՍՐՏԲԱՑ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

8. Ի՞նչը թերեւս արգելք ըլլայ որ մտերիմ բարեկամներ ունենանք, բայց ինչո՞ւ պէտք չէ յանձնուինք։

8 Թերեւս դժուարութիւն ունենանք ուրիշներուն մեր սիրտը բանալու, քանի որ անցեալին մէկը մեզ վիրաւորած է (Առ. 18։19, 24)։ Կամ, թերեւս կը զգանք որ մտերիմ բարեկամութիւններ մշակելու համար ժամանակ ու կորով չունինք։ Սակայն պէտք չէ յանձնուինք։ Եթէ կ’ուզենք որ մեր եղբայրները գալիք դժուար ժամանակներուն մեզի թիկունք կանգնին, պէտք է սորվինք հիմա իրենց ազատօրէն հաղորդել մեր մտածումներն ու զգացումները (Ա. Պետ. 1։22

9. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ իր բարեկամներուն կը վստահէր։ բ) Սրտբաց հաղորդակցութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ բարեկամութիւնը զօրացնելու. օրինակ մը տուր։

9 Յիսուս ցոյց տուաւ որ իր բարեկամներուն կը վստահէր, անոնց հետ բացէ ի բաց խօսելով (Յովհ. 15։15)։ Կրնանք զինք ընդօրինակել՝ մեր բարեկամներուն պատմելով մեր ուրախութիւնները, մտահոգութիւնները եւ յուսախաբութիւնները։ Ուշի–ուշով մտիկ ըրէ, երբ մէկը քեզի հետ կը խօսի, եւ թերեւս անդրադառնաս որ նոյնանման մտածումներ, զգացումներ եւ նպատակակէտեր ունիք։ Նկատի առ Սինտիին օրինակը, որ 29 տարեկան քոյր մըն է։ Ան բարեկամացաւ Մարի–Լուիզ անունով ռահվիրայ քրոջ մը հետ, որ 67 տարեկան է։ Անոնք ամէն հինգշաբթի առտու միասին կը քարոզեն եւ ազատօրէն կը խօսակցին զանազան նիւթերու մասին։ Սինտին կ’ըսէ. «Հաճոյք կ’առնեմ խորունկ խօսակցութիւններ ունենալով բարեկամներու հետ, քանի որ ասիկա ինծի կ’օգնէ, որ զիրենք աւելի լաւ ճանչնամ ու հասկնամ»։ Երբ անվերապահ հաղորդակցութիւն կայ, բարեկամութիւնը կը ծաղկի։ Սինտիին պէս, եթէ նախաձեռնութիւնը առնես ուրիշներու հետ ջերմ ու անկեղծ զրոյց ունենալու, բարեկամութիւններդ պիտի զօրանան (Առ. 27։9

ՄԻԱՍԻՆ ԱՇԽԱՏԵՑԷՔ

Լաւ բարեկամները միասին կը ծառայեն (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10. Առակաց 27։17–ի համաձայն, երբ հաւատակիցներու հետ կ’աշխատինք, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

10 Ինչպէս որ էր Երեմիային եւ Բարուքին պարագան, երբ հաւատակիցներու հետ կ’աշխատինք եւ իրենց լաւ յատկութիւնները կը նկատենք, իրենցմէ կը սորվինք եւ իրենց աւելի կը մօտենանք (կարդա՛ Առակաց 27։17)։ Օրինակ, ի՞նչ կը զգաս, երբ ծառայութեան մէջ տեսնես որ բարեկամդ իր հաւատքը համարձակօրէն կը պաշտպանէ կամ Եհովային ու անոր նպատակներուն մասին խոր համոզումով կը խօսի։ Շատ հաւանաբար կը զգաս որ իրեն հետ կապդ աւելի զօրացաւ։

11-12. Օրինակ մը տուր, թէ ինչպէ՛ս միասնաբար քարոզելը կրնայ օգնել մեր բարեկամութիւնները ամրացնելու։

11 Նկատի առ երկու փորձառութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս միասին ծառայելը անհատներուն կ’օգնէ որ իրարու մօտիկ զգան։ Էտըլինան, որ 23 տարեկան քոյր մըն է, իր ընկերուհիէն՝ Քանտիսէն խնդրեց, որ միասին քարոզեն հազուադէպ–աշխատցուած թաղամասի մը մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Ուզեցինք մեր նախանձախնդրութիւնը աւելցնել ծառայութեան մէջ եւ անկէ ա՛լ աւելի հաճոյք առնել։ Երկուքս ալ պէտք ունէինք քաջալերութեան, որպէսզի շարունակէինք Եհովային մեր լաւագոյնը տալ»։ Իրարու հետ աշխատելով ինչպէ՞ս օգտուեցան։ Էտըլինան կ’ըսէ. «Իւրաքանչիւր օրուան վերջաւորութեան կը քննարկէինք, թէ մեր խօսակցութիւններէն ի՛նչ բան մեր սրտին դպաւ, եւ ինչպէ՛ս Եհովային առաջնորդութիւնը զգացինք մեր ծառայութեան մէջ։ Երկուքս ալ հաճոյք կ’առնէինք այս խոր զրոյցներէն եւ ատոնց շնորհիւ կրցանք աւելի լաւ ճանչնալ իրար»։

12 Լէյլան եւ Մարիանան՝ Ֆրանսայէն եղող երկու ամուրի քոյրեր, հինգ շաբաթ քարոզելու գացին Պանկի, Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան մայրաքաղաքը։ Լէյլան կը պատմէ. «Ես ու Մարիանան դժուարութիւններ ունեցանք, բայց լաւ հաղորդակցութիւնը եւ անկեղծ սէրը օգնեցին որ մեր բարեկամութիւնը ամրանայ։ Մարիանային ճկունութիւնը, տեղացիներուն հանդէպ իր սէրը եւ նախանձախնդրօրէն ծառայելը տեսնելով, աւելի հիացայ իրմով»։ Այս օգուտները վայելելու համար, հարկ չկայ որ ուրիշ երկիր փոխադրուիս։ Ամէն անգամ որ թաղամասիդ մէջ եղբօր մը կամ քրոջ մը հետ ծառայես, առիթը կ’ունենաս զինք աւելի լաւ ճանչնալու եւ ձեր բարեկամական կապը զօրացնելու։

ԴՐԱԿԱՆ ԿՈՂՄԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԻՐ ԵՒ ՆԵՐՈՂ ԵՂԻՐ

13. Ի՞նչ դժուարութիւն թերեւս դիմագրաւենք, երբ մեր բարեկամներուն հետ մօտէն կ’աշխատինք։

13 Երբեմն, երբ բարեկամներու հետ մօտէն կ’աշխատինք, կը տեսնենք ոչ միայն իրենց զօրաւոր կողմերը, հապա նաեւ տկարութիւնները։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ անոնց մօտիկ մնանք, թէեւ մեզի հանդէպ սխալին։ Դառնանք Երեմիայի օրինակին։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ ուրիշներուն լաւ կողմերը տեսնէ եւ անոնց թերութիւնները անտեսէ։

14. Երեմիան Եհովային մասին ի՞նչ գիտէր, եւ ասիկա իրեն ինչպէ՞ս օգնեց։

14 Երեմիան իր անունը կրող գիրքը գրեց, եւ հաւանաբար գրեց նաեւ Գ. եւ Դ. Թագաւորաց գիրքերը։ Անկասկած այդ նշանակումին շնորհիւ, ան մասնաւորաբար նկատեց անկատար մարդոց հանդէպ Եհովայի ողորմութիւնը։ Օրինակ, ան գիտէր թէ երբ Աքաաբ թագաւորը իր սխալ արարքներուն համար զղջաց, Եհովան զինք խնայեց իր կեանքի ընթացքին իր ամբողջ ընտանիքին բնաջնջուիլը տեսնելէ (Գ. Թագ. 21։27-29)։ Նոյնպէս, Երեմիան գիտէր որ Մանասէն Աքաաբի ըրածներէն աւելի գէշ բաներ ըրաւ, Եհովային սիրտը նեղացնելով։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան Մանասէին ներեց, քանի որ ան զղջաց (Դ. Թագ. 21։16, 17. Բ. Մն. 33։10-13)։ Այդ պատմութիւնները հաւանաբար Երեմիային օգնեցին, որ Աստուծոյ համբերութիւնն ու ողորմութիւնը ընդօրինակէ, իր սերտ բարեկամներուն հանդէպ համբերատար եւ ողորմած գտնուելով (Սաղ. 103։8, 9

15. Երեմիան ինչպէ՞ս Եհովայի համբերութիւնը ընդօրինակեց, երբ Բարուք շեղեցաւ։

15 Նկատէ թէ Երեմիան Բարուքին հետ ինչպէ՛ս վարուեցաւ, երբ ան ժամանակ մը իր նշանակումէն շեղեցաւ։ Փոխանակ շուտով իր բարեկամէն վազ անցնելու, Երեմիան անոր օգնեց՝ Աստուծոյ ազնիւ բայց անկեղծ պատգամը հաղորդելով իրեն (Եր. 45։1-5)։ Այս դէպքէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։

Լաւ բարեկամները դիւրաւ իրարու կը ներեն (տե՛ս պարբերութիւն 16)

16. Ինչպէս որ Առակաց 17։9–ն ցոյց կու տայ, ի՞նչ պէտք է ընենք մեր բարեկամութիւնները պահպանելու համար։

16 Իրականութիւնը այն է, որ չենք կրնար մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն կատարելութիւն ակնկալել։ Ուստի, մէյ մը որ մտերիմ բարեկամութիւններ զարգացնենք, պէտք է շատ ջանք թափենք, որ բարեկամական նոր կապերը պահպանենք։ Եթէ մեր բարեկամները սխալ մը ընեն, թերեւս հարկ ըլլայ որ իրենց ազնուօրէն բայց անկեղծօրէն խրատ տանք՝ Աստուածաշունչին հիման վրայ (Սաղ. 141։5)։ Իսկ եթէ մեզ վիրաւորեն, հարկ է որ իրենց ներենք։ Մէյ մը որ իրենց ներենք, պէտք է ջանանք իրենց ըրածին նիւթը յետագային չբանալ (կարդա՛ Առակաց 17։9)։ Որքա՜ն կարեւոր է որ այս դժուար ժամանակներուն կեդրոնանանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն զօրաւոր կողմերուն վրայ եւ ոչ թէ տկարութիւններուն վրայ։ Այդպէս ընելով, իրենց հետ մեր կապը կը զօրանայ։ Յիշենք որ մեծ նեղութեան ընթացքին պէտք պիտի ունենանք մտերիմ բարեկամներու։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԷՐ ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ

17. Երեմիան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ նեղութեան ժամանակ իսկական բարեկամ է։

17 Երեմիա մարգարէն ցոյց տուաւ թէ նեղութեան ժամանակ իսկական բարեկամ է։ Օրինակ, երբ պալատական Աբդեմելէք Երեմիայի կեանքը ազատեց ցեխոտ գուբէն, ան վախցաւ որ իշխանները իրեն վնաս հասցնեն։ Երբ Երեմիան ասիկա գիտցաւ, լուռ չմնաց, յուսալով որ իր բարեկամը ճար մը գտնէ։ Թէեւ Երեմիան բանտարկուած էր, իր ձեռքէն եկածը ըրաւ, Եհովայի մխիթարական խոստումը տալով Աբդեմելէքին (Եր. 38։7-13. 39։15-18

Լաւ բարեկամները նեղութեան մէջ եղող հաւատակիցներուն կ’օգնեն (տե՛ս պարբերութիւն 18)

18. Առակաց 17։17–ի համաձայն, երբ բարեկամ մը դժուարութենէ մը կ’անցնի, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։

18 Ներկայիս մեր եղբայրներն ու քոյրերը զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Օրինակ, շատեր բնական կամ մարդակերտ աղէտներէ կը տառապին։ Երբ այսպիսի բան պատահի, մեզմէ ոմանք կրնան իրենց տուները ընդունիլ այս եղբայրները։ Ուրիշներ թերեւս կարելիութիւնը ունին դրամական օգնութիւն մատուցանելու։ Բայց բոլորս կրնանք Եհովայէն խնդրել որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնէ։ Եթէ իմանանք որ հաւատակից մը ընկճուած է, թերեւս չգիտնանք ի՛նչ ըսել կամ ընել։ Բայց բոլորս կրնանք օգնել։ Օրինակ, կրնանք ժամանակ տրամադրել որ անոր հետ ըլլանք։ Կրնանք իր խօսած ատեն կարեկցութեամբ մտիկ ընել։ Եւ կրնանք մեր նախասիրած մխիթարական համարը իրեն հետ բաժնել (Եսա. 50։4)։ Ամենակարեւոր բանը այն է, որ բարեկամներուդ հետ ըլլաս երբ քեզի պէտք ունենան (կարդա՛ Առակաց 17։17

19. Հիմա զօրաւոր բարեկամութիւններ հաստատելը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ ապագային։

19 Պէտք է վճռենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւններ կերտել ու պահպանել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր թշնամիները պիտի ջանան սուտերու եւ սխալ տեղեկութիւններու միջոցաւ մեզ իրարմէ բաժնել։ Անոնք պիտի փորձեն մեզ իրարու դէմ հանել։ Բայց իրենց ջանքերը ապարդիւն պիտի ըլլան։ Պիտի չյաջողին մեր սիրոյ կապը խզել։ Ո՛չ մէկ ձեւով պիտի կարենան մեր հաստատած բարեկամութիւնները քանդել։ Այդ բարեկամութիւնները պիտի գոյատեւեն ոչ միայն մինչեւ այս աշխարհին վերջը, հապա յաւիտեա՛ն։

ԵՐԳ 107 Եկէ՛ք, Եհովայի լեռը ելլենք

^ պարբ. 5 Մինչ վերջը կը մօտենայ, բոլորս պէտք է հաւատակիցներու հետ մեր փոխյարաբերութիւնները զօրացնենք։ Յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Երեմիայի փորձառութենէն։ Նաեւ պիտի քննարկենք, թէ հիմա մտերիմ բարեկամութիւններ մշակելը ինչպէ՛ս մեզի պիտի օգնէ դժուար ժամանակներուն։

^ պարբ. 2 Երեմիա գրքին մէջի դէպքերը ժամանակագրական կարգով չեն ներկայացուած։

^ պարբ. 57 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Այս պատկերը ցոյց կու տայ, թէ ապագային՝ «մեծ նեղութեան» ընթացքին ի՛նչ կրնայ պատահիլ։ Քանի մը եղբայրներ ու քոյրեր վերնայարկի մը մէջ պահուըտած են։ Անոնք այդ դժուար պահուն իրարու ընկերակցութեամբ կը մխիթարուին։ Յաջորդ երեք պատկերները ցոյց կու տան, թէ նոյն եղբայրներն ու քոյրերը զօրաւոր բարեկամութիւններ հաստատած էին մեծ նեղութիւնը սկսելէն առաջ։