Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 47

Դասեր, որոնք Ղեւտացւոց գիրքէն կը քաղենք

Դասեր, որոնք Ղեւտացւոց գիրքէն կը քաղենք

«Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» (Բ. ՏԻՄ. 3։16

ԵՐԳ 37 Սուրբ Գրութիւնները Աստուծմէ ներշնչուած են

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Ներկայիս քրիստոնեաները ինչո՞ւ Ղեւտացւոց գիրքով պէտք է հետաքրքրուին։

ՊՕՂՈՍ առաքեալ իր երիտասարդ բարեկամին՝ Տիմոթէոսին յիշեցուց, որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» (Բ. Տիմ. 3։16)։ Աստուածաշունչին մաս կը կազմէ Ղեւտացւոց գիրքը։ Զայն ինչպէ՞ս կը նկատես։ Ոմանց համար անիկա բազմաթիւ օրէնքներու ցանկ է, որոնք մեր օրերուն գործնական չեն։ Սակայն ճշմարիտ քրիստոնեաները տարբեր կարծիք ունին։

2 Ղեւտացւոց գիրքը գրուեցաւ շուրջ 3500 տարի առաջ, եւ Եհովան զայն պահպանեց «որ սորվինք» (Հռով. 15։4)։ Որովհետեւ անիկա Եհովայի մտածումներուն մասին գաղափար կու տայ, պէտք է զայն քննելով հետաքրքրուինք։ Իրականութեան մէջ, այս ներշնչեալ գիրքէն կրնանք շա՜տ դասեր սորվիլ։ Անոնցմէ չորսը նկատի առնենք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՃՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ՈՒՆԵՆԱՆՔ

3. Ամէն տարի Քաւութեան օրը ինչո՞ւ զոհեր կը մատուցանուէին։

3 Առաջին դասը. մեր զոհերը ընդունուելու համար, պէտք է Եհովայի հաճութիւնը ունենանք։ Ամէն տարի Քաւութեան օրը, իսրայէլ ազգը կը հաւաքուէր եւ քահանայապետը անասնական զոհեր կը մատուցանէր։ Այդ զոհերը իսրայէլացիներուն կը յիշեցնէին, որ մեղքերէ մաքրուելու կարիք ունէին։ Բայց քահանայապետը Սրբութիւն սրբութեանցին մէջ զոհերուն արիւնը ներկայացնելէ առաջ, պէտք էր կատարէր ուրիշ բան մը, որ իրականութեան մէջ աւելի կարեւոր էր, քան ազգին մեղքերուն ներուիլը։

(տե՛ս պարբերութիւն 4) *

4. Ինչպէս որ նշուած է Ղեւտացւոց 16։12, 13–ին մէջ, քահանայապետը Քաւութեան օրը ի՞նչ կ’ընէր, երբ առաջին անգամ Սրբութիւն սրբութեանցը կը մտնէր (տե՛ս կողքին նկարը)։

4 Կարդա՛ Ղեւտացւոց 16։12, 13։ Պատկերացուր թէ Քաւութեան օրը ինչ կը պատահէր։ Քահանայապետը այդ օրը երեք անգամ կը մտնէր խորանի Սրբութիւն սրբութեանցը։ Առաջին անգամին, ան իր մէկ ձեռքով կը բռնէր անուշահոտ խունկով լեցուն աման մը, իսկ միւս ձեռքով՝ կրակի կայծերով լեցուած ոսկիէ բուրվառ մը *։ Ան Սրբութիւն սրբութեանցը անջատող վարագոյրին առջեւ կանգ կ’առնէր, ապա խոր յարգանքով ներս կը մտնէր եւ ուխտին տապանակին առջեւ կը կենար։ Այլաբանական առումով, ան Եհովա Աստուծո՛յ առջեւ կը կենար։ Ետքը, անուշահոտ խունկը զգուշութեամբ կը թափէր կրակի կայծերուն վրայ, եւ սենեակը կը լեցուէր անուշ հոտով *։ Աւելի ուշ, ան նորէն Սրբութիւն սրբութեանցը կը մտնէր մեղքի պատարագներուն արիւնով։ Նկատէ թէ քահանայապետը խունկը կը վառէր մեղքի պատարագներուն արիւնը ներկայացնելէ առաջ։

5. Քաւութեան օրը խունկի գործածութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

5 Քաւութեան օրը խունկի գործածութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուներուն ընդունելի աղօթքները խունկի կը նմանին (Սաղ. 141։2. Յայտ. 5։8)։ Յիշէ թէ քահանայապետը մեծ յարգանքով խունկը բերաւ Եհովայի ներկայութեան։ Նոյնպէս, երբ աղօթքով Եհովայի կը մօտենանք, ասիկա խոր յարգանքով կ’ընենք։ Մենք շատ շնորհակալ ենք, որ տիեզերքի Ստեղծիչը թոյլ կու տայ որ իրեն մօտենանք, ինչպէս զաւակ մը իր հօր կը մօտենայ (Յակ. 4։8)։ Ան մեզ կ’ընդունի իբրեւ իր բարեկամները (Սաղ. 25։14)։ Մենք այս առանձնաշնորհումը այնքան կ’արժեւորենք, որ բնա՛ւ չենք ուզեր զինք յուսախաբ ընել։

6. Յիսուսի մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն իրողութենէն, որ քահանայապետը պէտք էր խունկը վառէր զոհերը մատուցանելէ առաջ։

6 Միտքդ բեր որ քահանայապետը պէտք էր խունկը վառէր զոհերը մատուցանելէ առաջ։ Այդպիսով ան վստահ կ’ըլլար, որ Աստուծոյ հաճութիւնը պիտի ունենար, երբ զոհերը մատուցանէր։ Ասիկա մեզի բան մը կը սորվեցնէ Յիսուսին մասին։ Երկրի վրայ եղած ատեն, ան իր կեանքը որպէս զոհ տալէ առաջ, պէտք էր կարեւոր բան մը ընէր,– աւելի՛ կարեւոր բան մը, քան մարդկութեան փրկութիւն տալ։ Ի՞նչ էր ատիկա։ Ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին պէտք էր ուղղամիտ եւ հաւատարիմ ըլլար, որպէսզի Եհովան իր զոհը ընդունէր։ Այդպէս, Յիսուս պիտի փաստէր, թէ Եհովային կերպով գործելը ապրելու ճիշդ կերպն է։ Ան ցոյց պիտի տար թէ իր Հօր գերիշխանութիւնը իրաւացի է եւ իշխելու կերպը արդար է։

7. Ինչո՞ւ երկրի վրայ Յիսուսի ամբողջ կեանքի ընթացքը իր Հայրը հաճեցուց։

7 Յիսուս իր ամբողջ կեանքի ընթացքին Եհովայի արդար չափանիշներուն կատարելապէս հնազանդեցաւ։ Ո՛չ մէկ փորձութիւն,– նոյնիսկ գալիք տանջալից մահը,– կրնար իր Հօր իշխելու կերպը պաշտպանելու իր փափաքը տկարացնել (Փլպ. 2։8)։ Երբ ան դժուար պարագաներ դիմագրաւեց, «սաստիկ գոչումով ու արցունքով» աղօթեց (Եբ. 5։7)։ Իր ջերմեռանդ աղօթքները ցոյց տուին, թէ Եհովային հաւատարիմ էր, եւ օգնեցին որ աւելի՛ վճռէ հնազանդ մնալ։ Եհովայի համար, Յիսուսի աղօթքները անուշահոտ խունկի բոյրին կը նմանէին։ Յիսուսի ամբողջ կեանքի ընթացքը իր Հայրը խորապէս հաճեցուց եւ Հօր գերիշխանութիւնը ջատագովեց։

8. Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի կեանքի ընթացքը ընդօրինակել։

8 Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ մեր լաւագոյնը ընելով, որ Եհովայի հնազանդինք եւ հաւատարիմ մնանք։ Երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, ջերմեռանդօրէն Եհովայի կ’աղօթենք որ մեզի օգնէ, քանի որ կ’ուզենք զինք հաճեցնել։ Այսպիսի կերպերով ցոյց կու տանք, որ Եհովայի իշխելու կերպին թիկունք կը կանգնինք։ Կը գիտակցինք, որ Եհովան մեր աղօթքները պիտի չընդունի, եթէ իր ատած բաները ընենք։ Սակայն, եթէ իր չափանիշներուն համաձայն ապրինք, կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր ջերմեռանդ աղօթքները անուշահոտ խունկ պիտի նկատէ։ Նաեւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր ուղղամտութիւնը եւ հնազանդութիւնը զինք կը հաճեցնեն (Առ. 27։11

ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵՆԷ ՈՒ ՍԷՐԷ ՄՂՈՒԱԾ ԿԸ ԾԱՌԱՅԵՆՔ

(տե՛ս պարբերութիւն 9) *

9. Խաղաղութեան զոհերը ինչո՞ւ կը մատուցանուէին։

9 Երկրորդ դասը. Եհովայի կը ծառայենք, քանի որ իրեն երախտապարտ ենք։ Այս կէտին առնչութեամբ, քննարկենք խաղաղութեան զոհերը, որոնք Իսրայէլի մէջ ճշմարիտ պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասը կը կազմէին *։ Ղեւտացւոց գիրքը կը նշէ, թէ իսրայէլացի մը կրնար խաղաղութեան զոհ մատուցանել «շնորհակալութեան համար» (Ղեւ. 7։11-13, 16-18)։ Ան այս զոհը կը մատուցանէր ոչ թէ ստիպմամբ, հապա իր կամքովը։ Ուստի ատիկա անհատին կողմէ կամաւոր ընծայ էր, ինչ որ Եհովայի հանդէպ իր սէրը ցոյց կու տար։ Ան, իր ընտանիքը եւ քահանաները զոհուած անասունին միսը կ’ուտէին։ Բայց զոհէն որոշ մասեր միայն Եհովային կը մատուցանուէին։ Ո՞ր մասերը։

(տե՛ս պարբերութիւն 10) *

10. Ի՞նչ նմանութիւն կայ Ղեւտացւոց 3։6, 12, 14-16–ին մէջ նկարագրուած խաղաղութեան զոհերուն եւ Եհովայի մատուցած Յիսուսի ծառայութեան միջեւ։

10 Երրորդ դասը. սէրէ մղուած մեր լաւագոյնը Եհովային կու տանք։ Եհովան ճարպը անասունին ամենալաւ մասը կը նկատէր։ Ասկէ զատ, ան ըսաւ որ անասունին երիկամունքներն ու լեարդը յատուկ արժէք ունէին (կարդա՛ Ղեւտացւոց 3։6, 12, 14-16)։ Ուստի ան մասնաւորաբար կը հաճէր, երբ իսրայէլացի մը այդ մասերը եւ ճարպը կամաւորաբար կը մատուցանէր իրեն։ Այսպիսի ընծայ բերող իսրայէլացին ցոյց կու տար, թէ կ’ուզէր լաւագոյնը տալ Աստուծոյ։ Նոյնպէս, Յիսուս կամաւ իր լաւագոյնը տուաւ Եհովային՝ սէրէ մղուած եւ սրտանց իրեն ծառայելով (Յովհ. 14։31)։ Յիսուս Աստուծոյ կամքը կատարելով հաճոյք կը զգար. ան խորապէս կը սիրէր Աստուծոյ օրէնքը (Սաղ. 40։8)։ Եհովան որքա՜ն հաճած ըլլալու էր, տեսնելով Յիսուսի յօժարակամ ծառայութիւնը իրեն։

Մեր լաւագոյնը Եհովային կու տանք, քանի որ զինք կը սիրենք (տե՛ս պարբերութիւն 11-12) *

11. Մեր ծառայութիւնը ինչպէ՞ս կը նմանի խաղաղութեան զոհերուն, եւ ատիկա ինչպէ՞ս կրնայ մեզ մխիթարել։

11 Եհովայի մատուցած մեր ծառայութիւնը կը նմանի խաղաղութեան զոհերուն, քանի որ այդպիսով ցոյց կու տանք իրեն հանդէպ մեր զգացումները։ Մեր լաւագոյնը կու տանք Եհովային, քանի որ ամբողջ սրտով զինք կը սիրենք։ Ան որքա՜ն կը հաճի, տեսնելով թէ միլիոնաւոր յօժարակամ երկրպագուներ իրեն կը ծառայեն, զինք ու իր ճամբաները խորապէս սիրելով։ Ան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ ոչ միայն մեր արարքները, հապա նաեւ մեր մղումները. ասիկա կրնայ մեզ շատ մխիթարել։ Օրինակ, եթէ տարեց ես եւ այլեւս չես կրնար Եհովայի ծառայութեան մէջ շատ բան ընել, վստահ եղիր որ ան կը հասկնայ սահմանափակումներդ։ Թերեւս զգաս որ իրեն մատուցանելիք քիչ բան ունիս, բայց ան կը տեսնէ խոր սէրդ, որ քեզ կը մղէ ընելու ի՛նչ որ կրնաս։ Ան հաճոյքով կ’ընդունի ձեռքէդ եկածը, որ է լաւագոյնդ։

12. Եհովան ի՞նչ կը զգար խաղաղութեան զոհերուն նկատմամբ, եւ ատիկա ինչպէ՞ս մեզ կը քաջալերէ։

12 Խաղաղութեան զոհերէն ի՞նչ կը սորվինք։ Մինչ կրակը կը սպառէր անասունին լաւագոյն մասերը, ծուխը վեր կը բարձրանար եւ Եհովան կը հաճէր։ Ուստի վստահ եղիր որ Եհովան կը հաճի քու յօժարակամ եւ սրտագին ծառայութեանդ (Կող. 3։23)։ Երեւակայէ անոր հաճութեան ժպիտը։ Ան պիտի յիշէ եւ յաւիտեան պիտի արժեւորէ այն բոլոր ջանքերը,– ըլլան պզտիկ թէ մեծ,– որոնք սիրալիրօրէն կը թափես իր ծառայութեան մէջ (Մատ. 6։20. Եբ. 6։10

ԵՀՈՎԱՆ Կ’ՕՐՀՆԷ ԻՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ

13. Ղեւտացւոց 9։23, 24–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ քահանայութեան կը հաճէր։

13 Չորրորդ դասը. Եհովան իր կազմակերպութեան երկրային մասը կ’օրհնէ։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Ք.Ա. 1512–ին, երբ խորանը Սինա լերան լանջին կանգնուեցաւ (Ել. 40։17)։ Մովսէս արարողութիւն մը կատարեց, որով Ահարոն ու իր որդիները քահանաներ նշանակուեցան։ Իսրայէլ ազգը հաւաքուեցաւ, որպէսզի տեսնեն թէ ինչպէ՛ս քահանաները առաջին անգամ ըլլալով անասնական զոհեր կը մատուցանեն (Ղեւ. 9։1-5)։ Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ նոր նշանակուած քահանայութեան կը հաճէր։ Մինչ Ահարոն ու Մովսէս ժողովուրդը կ’օրհնէին, Եհովան կրակ ղրկեց, որպէսզի զոհասեղանին վրայ զոհին մնացեալ մասը ամբողջութեամբ սպառէ (կարդա՛ Ղեւտացւոց 9։23, 24

14. Ահարոնական քահանայութիւնը ի՞նչ կը ներկայացնէր։

14 Այդ վախազդու տեսարանը ի՞նչ իրագործեց։ Ատով Եհովան յայտնեց, թէ ահարոնական քահանայութեան լիովին թիկունք կը կանգնէր։ Երբ իսրայէլացիները տեսան Եհովայի աջակցութեան այս յստակ ապացոյցը, հասկցան թէ իրե՛նք ալ պէտք է քահանաներուն լիովին թիկունք կանգնին։ Ասիկա մեզի հետ կապ ունի՞։ Այո՛, քանի որ ահարոնական քահանայութիւնը կը ներկայացնէր շա՜տ աւելի կարեւոր քահանայութիւն մը։ Քրիստոսը մեծագոյն Քահանայապետն է եւ իրեն հետ երկինքին մէջ պիտի ծառայեն 144,000 քահանաներ եւ թագաւորներ (Եբ. 4։14. 8։3-5. 10։1

Եհովան իր կազմակերպութիւնը կ’օրհնէ ու կ’առաջնորդէ։ Եւ մենք անոր սրտանց թիկունք կը կանգնինք (տե՛ս պարբերութիւն 15-17) *

15-16. Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուած է, թէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կը հաճի։

15 1919–ին, Յիսուս օծեալ եղբայրներու պզտիկ խումբ մը նշանակեց որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ Այդ ծառան քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէ եւ Քրիստոսի հետեւորդներուն ‘ատենին կերակուր’ կու տայ (Մատ. 24։45)։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային նկատմամբ Աստուծոյ հաճութեան յստակ ապացոյցներ կը տեսնե՞նք։

16 Սատանան եւ իր աշխարհը ամէն բան ըրած են, որ հաւատարիմ ծառային գործը դժուարացնեն, նոյնիսկ անկարելի դարձնեն։ Հակառակ երկու համաշխարհային պատերազմներուն, անողորմ հալածանքին, աշխարհապարփակ տնտեսական տագնապներուն եւ անարդար վերաբերմունքին, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան շարունակած է հոգեւոր սնունդ հայթայթել Քրիստոսի հետեւորդներուն։ Մտածէ թէ ներկայիս որքա՜ն առատ հոգեւոր սնունդ ունինք, որ մատչելի է ձրիաբար եւ աւելի քան 900 լեզուներով։ Ասիկա աստուածային աջակցութեան անուրանալի ապացոյց է։ Քարոզչութիւնն ալ Եհովայի օրհնութեան ապացոյց է։ Բարի լուրը իրապէս «բովանդակ աշխարհի մէջ» կը քարոզուի (Մատ. 24։14)։ Կասկած չի վերցներ, որ ներկայիս Եհովան իր կազմակերպութիւնը կ’առաջնորդէ եւ առատապէս կ’օրհնէ։

17. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի կազմակերպութեան աջակցիլ։

17 Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Երախտապա՞րտ եմ որ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին կ’ընկերակցիմ’։ Մովսէսի ժամանակ Եհովան իր ղրկած կրակին միջոցաւ ցոյց տուաւ, թէ իր նշանակած անհատներուն կը հաճէր։ Նոյնպէս, ան մեզի յստակ ապացոյց տուած է, թէ ներկայիս իր կազմակերպութիւնը կը գործածէ։ Իրապէս շա՜տ պատճառներ ունինք երախտապարտ ըլլալու (Ա. Թես. 5։18)։ Ինչպէ՞ս կրնանք թիկունք կանգնիլ Եհովայի կազմակերպութեան։ Մեր հրատարակութիւններուն, ժողովներուն եւ համաժողովներուն միջոցաւ մեզի տրուած աստուածաշնչական ուղղութիւնը գործադրելով, ինչպէս նաեւ՝ կարելի եղածին չափ լիովին մասնակցելով քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին (Ա. Կոր. 15։58

18. Ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Վճռե՛նք գործադրել այն դասերը, որոնք Ղեւտացւոց գիրքէն սորվեցանք։ Կ’ուզենք Եհովայի հաճութիւնը ունենալ, որպէսզի մեր զոհերը ընդունուին։ Եհովայի կը ծառայենք, քանի որ իրեն երախտապարտ ենք։ Կը շարունակենք մեր լաւագոյնը Եհովային տալ, քանի որ զինք ամբողջ սրտով կը սիրենք։ Եւ սրտանց թիկունք կը կանգնինք այն կազմակերպութեան, որ ներկայիս կը գործածէ։ Ասոնք ընելով կրնանք Եհովային ցոյց տալ, թէ շատ կ’արժեւորենք որպէս իր Վկաները ծառայելու առանձնաշնորհումը։

ԵՐԳ 114 Աստուածաշունչը գանձ է

^ պարբ. 5 Ղեւտացւոց գիրքը կը բովանդակէ օրէնքներ, որոնք Եհովան հին իսրայէլ ազգին տուաւ։ Ճիշդ է որ մենք՝ քրիստոնեաներս, այդ օրէնքներուն ներքեւ չենք, սակայն տակաւին կրնանք անոնցմէ օգտուիլ։ Յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք արժէքաւոր դասեր, որոնք Ղեւտացւոց գիրքէն կը քաղենք։

^ պարբ. 4 Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ին մէջ, Ղեւտացւոց 16։12, 13–ը կ’ըսէ, թէ քահանայապետը իր երկու ձեռքերով խունկը առած կը մտնէր Սրբութիւն սրբութեանց։ Բայց եբրայերէն բնագրին համաձայն, ան երկու ափ անուշահոտ խունկ կ’առնէր, եւ յստակ է որ ամանի մը մէջ կը դնէր։

^ պարբ. 4 Խորանին մէջ վառուած խունկը սուրբ կը նկատուէր, եւ Իսրայէլի մէջ կը գործածուէր միայն Եհովայի պաշտամունքին համար (Ել. 30։34-38)։ Արձանագրութիւն մը չկայ, թէ առաջին դարու քրիստոնեաները կրօնական նպատակներու համար խունկ կը վառէին։

^ պարբ. 9 Խաղաղութեան զոհերուն մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, հատոր Բ., էջ 526 (անգլերէն), եւ Դիտարան–ի 1 յունուար 2012–ի թիւը, էջ 22, պարբերութիւն 11։

^ պարբ. 55 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քաւութեան օրը, իսրայէլացի քահանայապետը Սրբութիւն սրբութեանցը կը մտնէր խունկով եւ կրակի կայծերով, որպէսզի սենեակը անուշ հոտով լեցնէր։ Ետքը, ան նորէն կը մտնէր Սրբութիւն սրբութեանցը մեղքի պատարագներու արիւնով։

^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Իսրայէլացի մը քահանային ոչխար կը յանձնէ որպէս խաղաղութեան զոհ, իր ընտանիքին երախտագիտութիւնը Եհովային արտայայտելու համար։

^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին, Եհովայի հանդէպ իր խոր սէրը ցոյց տուաւ՝ անոր պատուէրները պահելով եւ իր հետեւորդներուն ալ օգնելով որ զանոնք պահեն։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տարեց քոյր մը, հակառակ առողջապահական սահմանափակումներուն, իր լաւագոյնը Եհովային կու տայ՝ նամակագրութեամբ վկայելով։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Փետրուար 2019–ին, Կառավարիչ մարմինի անդամ Կէրիթ Լօշ, երախտապարտ եւ խանդավառ ունկնդիրներու ծանուցանեց վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութեան լոյս տեսնելը գերմաներէնով։ Ներկայիս Գերմանիոյ մէջ հրատարակիչներ, ինչպէս այս երկու քոյրերը, ուրախութեամբ կը գործածեն այս Աստուածաշունչը իրենց ծառայութեան մէջ։