Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ինչպէ՞ս սիրել Աստուած եւ մեր ընկերը

Ինչպէ՞ս սիրել Աստուած եւ մեր ընկերը

Ճիշդ է որ քրիստոնեաներէն չէ պահանջուած որ Մովսիսական օրէնքը պահեն, բայց այդ Օրէնքին երկու մեծագոյն պատուիրանները,– Աստուած եւ ընկերը սիրել,– ամփոփ կերպով ցոյց կու տան թէ Աստուած մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ (Մատ. 22։37-39)։ Այս տեսակ սէր մեր ծնողքէն չենք ժառանգեր, հապա պէտք է որ մշակենք։ Ինչպէ՞ս։ Մշակելու կարեւոր կերպ մըն է՝ Սուրբ Գիրքը ամէն օր կարդալ։ Երբ Սուրբ Գիրքէն Աստուծոյ անձնաւորութեան տարբեր երեսակները նկատի առնենք, «Տէրոջը վայելչութիւնը» կը տեսնենք (Սաղ. 27։4)։ Այսպէս, ա՛լ աւելի Եհովան կը սիրենք եւ ա՛լ աւելի իրեն պէս կը մտածենք։ Ասիկա մեզ կը մղէ որ իր պատուիրանները պահենք, մէջը ըլլալով ուրիշներուն հանդէպ անձնազոհ սէր ունենալու պատուիրանը (Յովհ. 13։34, 35. Ա. Յովհ. 5։3)։ Նկատի առնենք երեք կերպեր, որոնցմով կրնանք Սուրբ Գիրքի ընթերցանութիւնը աւելի հաճելի դարձնել։

  • Երեւակայութիւնդ եւ զգայարանքներդ գործածէ։ Երեւակայէ որ դուն հոն ես։ Ի՞նչ կը տեսնես, կը լսես կամ կը հոտոտաս։ Դէպքին մէջի անձնաւորութիւնները արդեօք ի՞նչ կը զգան։

  • Սերտելու տարբեր մօտեցումներ փորձէ։ Առաջարկներ. կրնաս բարձրաձայն կարդալ, կամ Աստուածաշունչի ձայնագրութեան մտիկ ընել, կամ որոշ անձնաւորութեան մը կամ նիւթի մը մասին կարդալ, փոխանակ գլուխները կարգաւ կարդալու։ Օրինակ, կրնաս Ուղեցոյց գրքոյկին 4–րդ կամ 16–րդ մասին օգնութեամբ կարդալ Յիսուսին մասին։ Կամ կրնաս կարդալ այն գլուխը որմէ առնուած է օրուան համարը։ Կամ ալ կրնաս Աստուածաշունչի գրքերը կարդալ ժամանակագրական շարքով։

  • Կարդա՛ հասկնալու նպատակով։ Ամէն օր նոյնիսկ միայն մէկ գլուխ կարդալը, հասկնալը եւ անոր վրայ խոկալը շա՜տ աւելի լաւ է, քան՝ կարդալու սիրոյն շատ մը գլուխներ ծածկելը։ Դէպքին վայրն ու ժամանակաշրջանը նկատի առ։ Մանրամասնութիւնները վերլուծէ։ Քարտէսները եւ լուսանցքի համարները գործածէ։ Եթէ կրնաս, նոյնքա՛ն ժամանակ յատկացուր խոկալու որքա՛ն կարդալու։